ՈՒՐԻՇ
ՈՒՂՂՈՒՄՆԵՐ
«Պայքար»ի
1950ի
բացառիկին
մէջ,
ուր
հրատարակուած
է
Բ.
Եղիայեանի
«Առակը
գրականութեան
մէջ»
ուսումնասիրութիւնը,
կայ
նաեւ
ուրիշ
մը,
բաւական
ընդարձակ
եւ
նուիրուած՝
Վ.
Թէքէեանի
բանաստեղծութեան
«անհատականութեան»։
Զայն
ստորագրած
է
Յ.
Գույումճեան,
Ամերիկահայ
հանրածանօթ
բանաստեղծն
ու
վիպասանը։
Կարելի
չէ
տարակուսիլ
Թէքէեանի
բանաստեղծութեան
հանդէպ
Գույումճեանի
տածած
սիրոյն,
յարգանքին
եւ
հիացումին
վրայ,
որոնք
դրական
արժէքներ
են
անշուշտ
եւ
կը
պատուեն,
ամէ՛ն
բանէ
առաջ,
զինքը։
Բայց
կարելի
չէ
նաեւ
այս
տեսակ
սէրով.
յարգանքով
եւ
հիացումով
բանաստեղծի
մը
կամ
ոեւէ
գրագէտի
մը
գործը
հասկնալ
եւ
կը
տեսնեմ
թէ,
Գույումճեան,
Թէքէեանի
բանաստեղծական
գործին
ամբողջական
տարողութենէն
ոչի՛նչ
հասկցած
է։
Արդ,
այն,
որ
կը
գրէ
գրագէտի
մը
գործին
մասին,
իր
սէրը,
յարգանքն
ու
հիացումը
չէ,
որ
պարտի
ըսել
մեզի,
այլ
ինչ
որ
ինք
կը
տեսնէ,
կը
հասկնայ
այս
գործին
մէջ
ու
իր
հասկնալու
արարքովն
իսկ,
կը
լուսաւորէ
այս
գործը
եւ
մեր
ալ
հասկացողութիւնը։
Քննադատութիւնը,
ի՛նչ
տեսակ
ալ
ըլլայ
անիկա,
թափանցումով,
հասկացողութեամբ
պայմանաւորուած
է։
Ու
աւելի
քան
ոեւէ
մէկը,
քննադատը
պարտի
տեւականօրէն
զգուշանալ
ինքն
իսկ
իրմէ
նախ,
որոնելով,
հետապնդելով,
դարանակալ
սպասելով
ո՛չ
միայն
քննադատուած
առարկային
սխալները,
այլ
ի՛ր
իսկ
սխալները,
եւ
մանաւանդ
ի՛ր
իսկ
սխալելու
հաւանականութիւնները։
Ու
հասկացողութեան
արժէքը՝
հասկցուածին
արժէքն
է
միշտ,
բայց
հասկցուածին
արժէքը՝
երբե՛ք
հասկնալիին
արժէքը.
-
հոս
հասկցուածը
ըլլալով
Գույումճեանի
ուսումնասիրութիւնը
եւ
հասկնալին՝
Թէքէեանի
բանաստեղծութիւնը։
Զուր,
անիմաստ
եւ
յիմար
վատնում
մը
պիտի
ըլլար
ինծի
համար,
այս
ուսումնասիրութեան
մանրամասն…
ուսումնասիրութիւնը
ընել
հոս։
Կը
բաւականանամ
հաստատելով
այս
թիւրիմացութեան
հիմերը
միայն։
Պ.
Գույումճեանի
մեկնման
առաջին
քայլն
իսկ
սխալ
քայլ
մըն
է.
-
Ան
Թէքէեանի
բանաստեղծական
գործը
կը
բաժնէ
երեք
«շրջաններու».
-
Սէր,
Աստուած
եւ
հայրենասիրութիւն։
«Շրջաններու»
այս
բաժանումը
կը
կատարէ
ան
Թէքէեանի
բանաստեղծութիւնը
կազմող
նախանիւթերուն,
այսինքն
զգացումներուն
մէջ։
Արդ,
ով
որ
շրջան
կ’ըսէ,
կ’ըսէ
յեղաշրջութիւն
եւ
ով
որ
յեղաշրջութիւն
կ’ըսէ,
կ’ըսէ
ժամանակ։
Այս
յեղաշրջումը,
եթէ
անիկա
գոյութիւն
ունի,
քննադատը
ստիպուած
է
որոնել
Թէքէեանի
բանաստեղծական
գործին
իւրաքանչիւր
նախանիւթին
մէջ
կամ,
ինչ
որ
նոյնն
է,
կարծեցեալ
այս
«շրջաններէն»
իւրաքանչիւրին
մէջ։
Ու
ասիկա,
որովհետեւ,
նուազ
քան
ուրիշ
ոեւէ
հայ
բանաստեղծի,
Թէքէեանի
մէջ
«շրջաններ»
գոյութիւն
չեն
ունեցած
երբեք,
հակառակ
որ
մեր
բանաստեղծներուն
մէջ
ամենէն
երկար
կեանք
մ’ապրելու
բախտը
ունեցած
է
ան։
Իրենց
կեանքի
կարճ
ընթացքին
մէջ
իսկ,
այս
շրջանները
կան
Վարուժանի
եւ
Չարենցի
մէջ։
Այն
երեք
«շրջանները»,
զորս
Յ.
Գույումճեան
կը
կարծէ
տեսնել,
ու
գտնել
ալ
Թէքէեանի
մէջ,
յաջորդաբար,
եւ
անոնց
յաջորդութեան
մէջ
իսկ
հաստատել
Թէքէեանի
բանաստեղծութեան
զարգացումն
ու
կատարելիութիւնը՝
ահաւոր
խեղաթիւրում
մըն
է։
Թէքէեան,
իր
գիտակցութեան
առաջին
մէկ
օրէն
իր
կեանքին
մինչեւ
վերջին
օրը,
այս
երեք
«շրջանները»
միասնաբար
եւ
տեւականօրէն
ապրած
է։
Անոնք
Թէքէեանի
կեանքին,
սիրտին
ու
միտքին
եւ
իր
բանաստեղծութեան
մէջ
«շրջաններ»
չեն
կազմած,
այլ
ամբողջութիւն
մը
միշտ։
Ապացոյց
-
«Տաղարան»ը,
որ
սիրային
քերթուածներու
շարք
մըն
է,
իր
վերջին
գիրքն
է։
Ապացոյց
-
իր
իւրաքանչիւր
հատորին
այլազան
պարունակութիւնը,
այսինքն
Գույումճեանի
հաստատել
յաւակնած
«շրջաններուն»
միասնաբար
գոյութիւնը։
Նոյնքան
կոշտ
սխալ
մըն
է,
Թէքէեանի
բանաստեղծական
նախանիւթին,
այսինքն
զգացումներուն
«շրջաններու»
այս
յառաջընթաց
բաժանումով
Թէքէեանի
բանաստեղծութեան
զարգացումը
տեսնելու
արարքը.
-
զարգացում
մը,
որ
իր
«կատարելութիւնը»
կը
գտնէ,
ըստ
Գույումճեանի,
«Ներկայ
Հայաստանին»
խեղճ
հնչեակին
մէջ,
որ
շատերէ
գլուխ
գործոց
մը
կը
նկատուի
եւ
որ
բանաստեղծական
ոչինչ
ունի։
Արդ,
այս
վերջին
հաստատումին
մէջ
իսկ
ես
կը
գտնեմ
մեր
ներկայ
միտքին
եւ
հասկացողութեան,
ճաշակին
եւ
դատողութեան
ախտաւոր
թիւրումը,
շեղումը,
խաթարումը։
Մաս
մը
հայմարդոց
համար,
ինչ
որ
կը
յանգի
ներկայ
Հայաստանին,
վերագտնո՜ւմն
է
կատարելութեան։
Այս
հայրենասիրութիւնը,
երբ
նոյնիսկ
անիկա
զերծ
է
քաղաքական
դաւանանքի
մը
որեւէ
մէկ
հետքէն,
ծիծաղելի
է
միայն,
ըստ
իս։
Անշուշտ,
մեր
գրականութիւնը,
ինչպէս
մեր
բոլո՛ր
գործերը
միայն
հայրենասիրութեամբ
եւ
ան
ալ
մեր
ըմբռնա՜ծ
եւ
ունեցա՜ծ
հայրենասիրութեամբ
դատելու
սովորամոլութիւնը
նոր
չէ
մեր
մէջ։
Անիկա
մէկ
դարու
կեանք
ունի։
Անիկա
գրականութեան
մեր
ըմբռնումն
է,
գիտակցութի՜ւնն
է,
աւա՜ղ։
Ըսեմ
նաեւ
թէ,
Յ.
Գույումճեան,
Վ.
Թէքէեանի
բանաստեղծութեան
առաջին
«շրջանը»,
այսինքն
Վ.
Թէքէեանի
սէրը
կը
գտնէ
«ռօմանթիք»
եւ
իբրեւ
ապացոյց
կը
յիշէ
կարգ
մը
քերթուածներ,
եւ
ի
միջի
այլոց,
սքանչելի
«Քու
յիշատակդ
այս
գիշեր»ը։
Կը
խնդրեմ,
որ
Գույումճեան
«ռօմանթիք»
բառին
նշանակութիւնը
բառարանի
մը
մէջ
փնտռելու
յոգնութիւնը
յանձն
առնէ։
Յետոյ,
կը
համարձակիմ
ըսել.
-
մեր
բոլոր
բանաստեղծներն
ալ,
անխտիրօրէն
-
Սիամանթօն
բացառութիւն
է
-
երգած
են
սէրը
եւ
մեր
բոլո՛ր
բանաստեղծներուն
երգած
սէրերուն
մէջ,
ամենէն
նուազ
«ռօմանթիքը»
Թէքէեանի
սէրն
է։
Գույումճեան,
նոյնպէս
ռօմանթիզմ
մը
կը
նշմարէ
Թէքէեանի
բանաստեղծութեան
երկրորդ
«շրջանին»
մէջ։
Ու
աւելին
ըլլալով,
ռօմանթիզմը,
արժէքազրկող
բան
մըն
է,
ըստ
Յ.
Գույումճեանի,
ե՛ւ
Թէքէեանի
բանաստեղծութեան
մէջ
եւ
ամէն
տեղ։
Ու
անշուշտ,
Թէքէեանի
«իրապաշտութիւնը»,
ուստի
վերջնական
արժէքը
կը
գտնէ
Թէքէեանի
բանաստեղծութեան
երրորդ,
այսինքն,
հայրենասիրական
«շրջանին»
մէջ։
Պր.
Գույումճեան,
ինչպէս
«ռօմանթիք»
բառին,
նոյնպէս
իրապաշտ
բառին
նշանակութիւնը
չի
գիտեր։
Թէքէեանի
բանաստեղծութեան
մէջ,
ինչպէս
որեւէ՛
բանաստեղծի
մը,
գրագէտի
մը,
մարդու
մը
գործին
ու
կեանքին
մէջ,
միշտ
որոշ
«ռօմանթիզմ»
մը
գոյութիւն
ունի
եւ
անխուսափելիօրէն,
տրուած
ըլլալով,
որ
մարդկային
բնութեան
հիմնական
մէկ
նկարագիրն
է,
յատկանիշն
է,
իր
մէջ
եւ
իրմէ
դուրս,
ամէն
բան
վիկանացնելու
իր
ձգտումը։
Յետոյ,
Թէքէեանի
«ռօմանթիզմը»
իր
հայրենասիրական
ոտանաւորներուն
մէջ
աւելի
հաստատօրէն
ներկայ
է
քան
իր
սիրային
ոտանաւորներուն
եւ
միւսներուն
մէջ։
Ու
վերջապէս,
պր.
Գույումճեանի
հրատարակած
չորս-հինգ
հատոր
հայրենասիրական
ոտանաւորներուն
մէջ
շատ
աւելի
«ռօմանթիզմ»
մը
կայ
քան
ուրիշ
երիտասարդ
հայ
բանաստեղծներուն
սիրային
ոտանաւորներուն
մէջ։
Ու
ինչպէս
իր
ոտանաւորներուն
արժէքէն
ոչինչ
կը
պակսեցնէ
իր
«ռօմանթիզմը»,
նոյնպէս,
միւսերուն
ոտանաւորներուն
արժէքին
վրայ
ոչինչ
կ’աւելցնէ
անոնց
մէջ
«ռօմանթիզմի»
բացակայութիւնը։
Արժէքը,
այս
«ռօմանթիզմին»
ներկայութենէն
կամ
բացակայութենէն
կախում
չունի։
Եւ
ոչ
ալ
իրապաշտութենէն։
Ու
ասիկա՝
որեւէ
բանաստեղծութեան,
ինչպէս
որեւէ
այլ
գործի
մը
համար։
Հա՞րկ
է
յիշեցնել
Գույումճեանին,
թէ
չարաչար
կը
սխալի
նաեւ,
երբ
սէրն
ու
Աստուած
«ռօմանթիզմի»
աղբիւրներ
կը
կարծէ
ու
հայրենասիրութիւնը,
կամ
ներկայ
Հայաստանը՝
իրապաշտութեան
ակ
մը։
Թող
ներուի
ինծի
ճիշդ
հակառակը
մտածել
-
ինծի,
որ
Սփիւռքի
մէջ
կ’ապրիմ
ու
կը
մտածեմ
թէ,
ամէն
«ռօմանթիզմ»
բացակայութիւն
մը,
հեռաւորութիւն
մը,
անհպելիութիւն
մը
կ’ենթադրէ։