Դ.
ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ
Կը
կրկնեմ.
-
Բոլոր
այս
ներքին
ու
արտաքին
դժբախտութիւնները
կաշկանդումներ
են,
հայ
գրագէտին
էութիւնը
բռնի
անգործութեան,
անկարողութեան
դատապարտող
արգելքներ,
խոչնդոտներ
են։
Իր
ողբերգութիւնը
կը
սկսի
այս
կաշկանդումներէն
անդին
ու
հայ
գրագէտին
անձին
մէջ
իսկ։
Այս
ողբերգութիւնը
իր
ներսէն
իսկ
բխելով,
իր
ներսէն
իսկ
ժայթքելով,
շատրուանի
մը
նման
կը
թափի
ինքն
իր
վրայ։
Յետոյ
անիկա
նոյն
բնութիւնը
ունենալով
հանդերձ,
բոլոր
հայ
գրագէտներուն
մէջ
ալ
նոյն
խորութիւնն
ու
ընդարձակութիւնը,
նոյն
ուժգնութիւնն
ու
առատութիւնը
չունի։
Ու
այս
տարբերութիւնը,
տարբերութիւնն
իսկ
է
անոնց
իւրաքանչիւրին
եւ
բոլորին
գիտակցութիւններուն
ու
ինքնագիտակցութիւններուն։
Եթէ
իրենց
գիտակցութիւններուն
մէջ
ալ
նոյնութիւն
մը
գոյութիւն
ունենար,
այս
գիտակցութիւններուն
արտաքնացումն
ալ,
առարկայացումն
ալ
նոյնութիւն
մը
պիտի
ունենար։
Ու
մեր
գրական
կեանքը
պիտի
չըլլար
ինչ
որ
է
այժմ։
Ու
նաեւ,
մեր
ամբողջ
գոյութիւնը
պիտի
ըլլար
աւելի
իրական
ու
կենդանի,
աւելի
մարդկային
ու
ազգային,
աւելի
բարոյակառոյց
եւ
մտաւորական։
Ու
հայ-մարդը՝
նոյնպէս։
Գիտակցութիւնը,
մարդուն
մէջ
կ’աճի,
կը
զարգանայ,
կը
պայծառակերպուի,
իր
սեփական
գործունէութեամբն
իսկ։
Աւելի
յստակօրէն
խօսելով՝
իր
սեփական
գործունէութեան
մշտատեւօրէն
կեդրոնաձիգ
բեւեռացումովը,
բեւեռացումի
կամքովը։
Արդ,
ներկայ-հայ-մարդը
ինքզինքէն
կը
փախչի
միշտ,
սարսափահար
եւ
յուսակտուր,
ինչպէս
հսկայ
արհաւիրքէ
մը
ոտնակոխուած
վայրէ
մը,
ինչպէս
փախաւ
հրդեհուած,
աւերակ
ու
մահաբոյր
իր
ծննդավայրէն։
Ու
փախչող
մարդուն
հետ
ու
նման,
կը
փախչի
ամէն
բան
իր
շուրջը
եւ
գիտակցութիւնը
կը
ծնի,
կը
սնանի
հաստատուն
բաներէ
եւ
բաներով։
Գիտակցիլ,
արդէն
կը
նշանակէ
կանգ
առնել
–
կանգ
առնելով
մտնել
երկվայրկեանին
մէջ,
յաւիտենականութեան
մէջ
այսինքն։
Ու
ամբողջ
տիեզերքին
մէջ
մարդկային
էակը
միայն
ատակ
է
կանգ
առնելու։
Մնացեալ
ամէն
ինչ
մշտնջենական
փախուստի
մը
մատնուած
է,
սկիզբէն
իսկ։
Ու
մարդը
ո՛չ
միայն
ինք
ատակ
է
կանգ
առնելու,
այլ
կարող
է
նաեւ,
իրեն
հետ
կանգ
առնել
տալու,
տիեզերքը
լեցնող
ու
փախուստի
մը
դատապարտուած
այս
բոլոր
իրերը,
գոնէ
անորոշ
ժամանակի
մը
համար
եւ
ժամանակով։
Ուրեմն
պարզ
է.
-
Հայ-մարդուն
համար,
իր
ինքնակեդրոնախոյս
ներկայ
գոյութեանը
մէջ,
դժուար
է,
եթէ
ո՛չ
անկարելի,
պայծառ
ինքնագիտակցութիւն
մը
ունենալ։
Ու
մեր
հաստատութիւններն
ու
կազմակերպութիւնները,
ամէ՛ն
ճիգ
կը
թափեն,
ահաւոր
կուրութեամբ
մը,
զայն
ինքզինքէն
զզուեցնելու
համար։
Ու
այս
ինքնազզուանքը,
իբրեւ
յաւելեալ
անկիւն
մը
բարդուելով
հայ-մարդուն
օտարէն
ստացած
ինքնայուսահատութեան
վրայ,
զայն
կ’ընէ
ինչ
որ
է
ան
իսկապէս
ներկայիս.
-
Ինքնացրումի
ենթարկուած,
դատապարտուած
զօրութիւն
մը։
Նորէն
հայ-գրագէտն
է,
որ
ցաւագինօրէն
ինքզինքին
բախելով,
ինքզինքը
վիրաւորելով
եւ
ինքզինքէն
վիրաւորուելով,
հայ-մարդու
իր
էութեան
կեդրոնը
կ’ուղղուի
միշտ,
գերեզմանային
լռութեան
մը
եւ
ամայութեան
մը
մէջէն
ու
միշտ
առանձինն,
ամփոփուելով
ինքն
իր
մէջ,
կծկուելով
ինքն
իր
վրայ
ու
դիմադրելով՝
բոլոր
արտաքին
եւ
ներքին
սադրանքներուն։
Ու
հայ-մարդուն
կեդրոնը,
հայ-մարդուն
էութեան
իրականութիւնն
է
ու
այս
իրականութիւնը՝
հայ
ժողովուրդին
մշակոյթին
պարփակած
մարդկայնութիւնը։
Ու
հայ-մարդուն
գիտակցութիւնը
ծնունդ
կ’առնէ
այս
կեդրոնին
մէջ
միայն
ու
կը
սնանի,
կ’աճի՛,
կը
զօրանայ
այս
կեդրոնին
լոյսերովը,
որոնք
հայ-մարդուն
իսկական
կեանքն
իսկ
են։
Ու
տրուած
ըլլալով
որ
գիտակից
կեանքը
միայն
մարդկային
կեանքն
է
եւ
առանց
գիտակցութեան
ողբերգութիւնը
գոյութիւն
չունի,
ուրեմն,
հայ
գրագէտին
իբրեւ
հայ-մարդ
կրած
ողբերգութիւնն
ալ,
կը
ծնի
նոյն
այս
կեդրոնին
մէջ,
հո՛ս
կը
սնանի
ու
կ’աճի,
քանի
որ
իր
ողբերգութիւնը
իր
գիտակցութիւնն
իսկ
է։
Հայ-մարդ
մը,
կ’ըսեմ
ոեւէ
հայ-մարդ
մը,
հայ
է
ու
մարդ
այն
չափով
միայն,
որով
ան
ինքնակեդրոնաձիգ
ներքին
շարժումի
մը
մէջ
կը
գտնուի։
Ու
իբրեւ
հայ-մարդ
կ’ապրի
այն
չափով
միայն՝
որով
ան
կը
գիտակցի
իր
մէջ
տեղի
ունեցող
այս
շարժումին։
Ու
ողբերգական
այն
չափով
միայն՝
որով
ան
կամենալով
հանդերձ,
ինքզինքը
անկարող
ու
անզօր
կը
գտնէ,
նախ
այս
կեանքը
ապրելու
ու
յետոյ,
այս
կեանքին
պարփակած
արժէքը
իրականացնելու։
Ու
գիտէ
նաեւ՝
թէ
այս
արժէքը
էական
է
ո՛չ
միայն
իրեն
համար,
այլ
մարդուն
համար.
ըսել
կ’ուզեմ,
այս
աշխարհին
վրայ
գտնուած,
գտնուող
եւ
դեռ
գտնուելիք
ոեւէ
մարդկային
էակի
մը
համար։
Ողբերգականը,
մարդկային
կարողական
արժէքի
մը
փճացումն
իսկ
չէ
այլ
այս
փճացումին
անզօր
ու
անօգնական
գիտակցութիւնը։
Այս
պատճառով
է,
որ
անասունը
ողբերգական
չէ
եւ
ոչ
ալ
բնութիւնը,
այլ
մարդը
միայն։
Ու
ասիկա
իր
բնութեան
հիմնական
յատկանիշներէն
մէկն
է։
Բան
մը
ճշմարտապէս
հասկնալու
համար
անհրաժեշտ
է
զայն
տեսնել
իր
ծնունդին
մէջ։
Ու
սուրբը,
իմաստունը,
հերոսը,
արուեստագէտը,
բանաստեղծն
ու
ազատ
մարդը
այն
մարդերն
են,
որ
ամէն
ինչ
կը
տեսնեն
իրենց
ծնունդին
մէջ
իսկ։
Հիմա՛,
որ
ցոյց
տուի
հայ
գրագէտին
ողբերգութեան
ծնունդն
ու
ծննդավայրը,
կրնամ
այս
ողբերգութիւնը
նկարագրել,
նկարագրելով
հայ
գրագէտին,
ուստի
նաեւ
գիտակից
հայ-մարդուն
առանձնայատուկ
եւ
անփոխարինելի
կեանքին
խորհուրդը,
որ
այս
ողբերգութիւնն
իսկ
է։
Այս
խորհուրդը,
որ
հայ-մարդուն
գաղտնիքն
է,
հասարակ
է
բոլոր
հայ-մարդոց։
Պարզ
ու
խոնարհ
հայ-մարդուն
ինչպէս
ազատ-հայ-մարդուն
համար,
հայ
ժողովուրդին
միասնականութիւնը,
ուստի
ամբողջականութիւնը,
ուստի
էութիւնը
իրականն
է,
որովհետեւ
անիկա
իր
մտածումին
յառաջաբանն
ու
վերջաբանն
է,
բարին
է,
որովհետեւ՝
իր
կամեցողութեան
յառաջաբանն
ու
վերջաբանը,
ու
գեղեցիկը՝
որովհետեւ
յառաջաբանն
ու
վերջաբանը
իր
սիրոյն։
Ու
յառաջաբան
եւ
վերջաբան,
հոս
կը
նշանակեն
սկիզբ
եւ
վախճան։
Աւելին.
-
Ներքին,
լռախաղաղ
ու
պարզ
գործողութեամբ
մը,
հայ-մարդուն
մէջ
իրականը
կը
վերածուի
բարիին,
անմիջապէս,
որ
կը
դիմէ
իր
կամքին
ու
կը
հայցէ
անոր
աջակցութիւնը,
կամ
օգնութիւնը,
կամ
միջնորդութիւնը
եւ
որ
յանկարծ
կը
լծէ
զինքը
գործի։
Ու
ան
կը
վերածուի,
կ’այլակերպուի
գեղեցիկին,
երբ
կ’իրականանայ
հայեցական
առարկայի
մը
մէջ,
որ
կը
խռովէ,
կը
ցնցէ
մեր
զգայնութիւնը։
Այս
էութեան
ճշմարտութիւնը
զայն
կը
ներկայացնէ
իր
իմանալիութեան
մէջ,
ըսել
կ’ուզեմ
իր
գաղափարին
մէջ,
ըսել
կ’ուզեմ
իր
կարողականութեան
կամ
կարելիութեան
մէջ
եւ
կը
հաստատէ
զայն՝
կեդրոնին
վրայ
իսկ
հայ-մարդուն
միտքին։
Այսուհանդերձ,
հայ-մարդուն
սէրը
եւ
սէրը
միայն,
հայ
ժողովուրդին
միասնականութիւնը
իբրեւ
էութիւն
մը
կրնայ
դնել,
հաստատել
ու
ճդշել.
էութիւն
մը՝
որմէ
կախում
ունի
իր
սեփական
ու
առանձնայատուկ
էութիւնը
եւ
որուն
գերագահութիւնը
ո՛չ
տրամաբանական
է
եւ
ո՛չ
ալ
ժամանագրական,
այլ
ԲԱՑԱՐՁԱԿ։
Ասիկա
բացարձակին
գերագահութիւնն
է
համեմատաբար
յարաբերականին՝
որ
տրուած
ոեւէ
հայ-մարդն
է
հոս։
Բայց
այս
բացարձակը
որոշապէս
մասնայատուկ
նկարագիր
մը
ունի,
որովհետեւ
հայ-մարդուն
էութիւնը
անջատուած,
զատորոշուած
չէ
հայ-ժողովուրդին
էութենէն ,
ինչպէս
եզր
մը
ուրիշ
եզրէ
մը՝
յարաբերութեան
մը
մէջ
որ
զանոնք
կը
միակցէ
իրարու։
Ընդհակառակը։
Հայ-մարդուն
էութիւնը
պարփակուած
է
հայ
ժողովուրդին
էութեան
մէջ,
այսինքն
միասնականութեան,
ամբողջականութեան
մէջ,
իբրեւ
արտայայտութիւնը
իր
արտայայտածին
իսկ։
Պարզ
ու
խոնարհ
հայ-մարդուն
անգիտակցութեան
մէջ,
ազատ
հայ-մարդուն
գիտակցութեան
մէջ,
հայ
ժողովուրդին
էութիւնը,
ուստի
նաեւ
իր
անձնական
էութիւնը
կը
զգացուին,
կը
բռնուին,
կ’ըմբռնուին
ու
կ’ապրուին
ներքին
եւ
հիմնական
փորձառութեամբ
մը
միայն։
Արդ,
ամէ՛ն
փորձառութիւն
արարք
մը
կ’ենթադրէ
ու
հայ-մարդը,
իր
հայ-մարդու
սեփական
արարքովն
է,
որ
ծնունդ
կու
տայ
այս
փորձառութեան
եւ
այս
փորձառութեան
ծնունդով՝
ծնունդ
այն
ժամանակին
իսկ,
որուն
մէջ
իր
գոյութիւնը
կը
կազմուի։
Այս
արարքով
է,
որ
հայ-մարդը
եւ
աւելի
եւս
հայ
գրագէտը,
կը
չէզոքացնէ
անէութիւնը,
թէեւ
իրեն
կը
թուի՝
թէ
անէութենէն
է
որ
իր
էութիւնը
յառաջ
կու
գայ։
Հայ-մարդուն
այս
արարքը
ստեղծագործ
արարք
մըն
է
եւ
ազատ
մարդը
միայն
կարող
է
ստեղծագործելու։
Անշուշտ,
իր
տրամաբանութեամբն
է,
որ
հայ-մարդը
կ’ըմբռնէ
իր
էութեան
գաղափարը,
բայց
զայն
անմիջականօրէն
կը
զգայ,
կը
հասնի,
կը
թափանցէ
անոր
մէջ,
վերոյիշեալ
հիմնական
փորձառութեան
մէջ
միայն,
որ
իր
բոլոր
այլ
փորձառութիւններուն
ինքնութիւն
մը
կու
տայ,
զանոնք
ընելով
հայ-մարդուն
փորձառութիւնները։
Ու
ասիկա՝
որովհետեւ
այս
հիմնական
փորձառութիւնը
միայն
լիակատարօրէն
կը
զուգադիպի,
կը
համադրի
իր
իսկական
ու
հարազատ
առարկային՝
որ
հայ-մարդն
է,
հայ-մարդուն
էութիւնն
է։
Այս
փորձառութիւնը,
որ
հայ-մարդուն
էութեան
փորձառութիւնն
է,
իր
ինքնաբուխ
ժայթքին
մէջ
իսկ
կը
բռնէ
ու
կը
ներկայացնէ
հայ-մարդուն՝
իր
սեփական
էութիւնը,
ինքզինքը
իբրեւ
էութիւն
բռնելով
եւ
ներկայացնելով։
Այս
փորձառութիւնը
նախ
զգացական
է։
Իր
զգայական
վիճակին
մէջ,
անիկա
բոլոր
հայ-մարդոց
գոյութեան
մասնայատուկ
պայմաններուն
հասարակ
արմատն
է։
Յետոյ,
անիկա
է
նաեւ
մտաւորական
փորձառութիւն
մը
եւ
իր
այս
վիճակին
մէջ,
բոլոր
հայ-մարդոց
տրամաբանական
մտածումին
հասարակ
արմատն
է
անիկա,
առանց
որուն,
նոյն
այս
մտածումը,
տրամախոհական
զուր
խաղի
մը
կը
վերածուի,
ինչպէս
է
ներկայիս։
Երկու
վիճակներուն
մէջ
ալ,
այս
փորձառութիւնը
դէմ
յանդիման
տեսակցութիւն
մըն
է,
աւելի՛ն,
յայտնատեսութիւն
մըն
է,
միշտ
բուռն
ու
անմիջական,
միշտ
ներքնայորդ
ու
միաժայթք,
համահաղոյն
եւ
թարմալիր,
որուն
լոյսին
մէջ
ամբողջ-հայ-մարդը
կ’այլակերպի,
այսինքն
կը
վերածուի
իր
իսկական
բնութեան։
Այս
ներքին
այլակերպութեամբ
վերագտնուած
իսկական
բնութիւնն
է
ինչ
որ
ես
հայ-մարդ
կը
կոչեմ
եւ
ուրիշ
ոչինչ։
Պէտք
է
ընել
նաեւ
հետեւեալ
դիտողութիւնները
–
ըլլայ
զգացական
ու
ըլլայ
մտաւորական,
նոյն
իսկ
այս
երկու
փորձառութիւնները
միասնաբար
–
ինչ
որ
տեղի
կ՛ունենայ
հայ
գրագէտին
ու
աւելի
եւս
բանաստեղծին
մէջ,
որ
միշտ
ազատ
մարդն
է
–
հայ-մարդուն
այս
ներքին
ու
հիմնական
փորձառութիւնը
չսպառեր
հայ-մարդուն
էութիւնը՝
որ
միշտ
այս
փորձառութենէն
աւելին
է։
Յետոյ,
նոյն
այս
փորձառութեան
մէջ
է,
որ
հայ-մարդուն
էութիւնը,
իբրեւ
ի՛ր
իսկ
ապացոյցը,
պարզ
ու
յստակ,
լիակատար
ու
համոզիչ
ներկայութեան
մը
մէջ
կը
յայտնուի
իրեն։
Ու
աւելի
յետոյ,
հայ-մարդուն
էութիւնը
պէտք
չէ
շփոթել
ո՛չ
հայ-մարդուն
իմացականութեան
հետ
եւ
ոչ
ալ
իր
եսին
հետ։
Այսօր,
մեծագոյն
չարիքը
որ
վարակած
է
հայ-մարդը,
հետեւեալն
է.
-
Զգայնութեան,
իմացականութեան,
դատողութեան
ախտաբոյր
մոլորանքով
մը,
հայ-մարդը
իր
եսը
իբրեւ
իր
էութիւնը
կ’ընդունի
ու
կը
ներկայացնէ
ուրիշներու,
որովհետեւ
ան
իր
եսին
մէջ
սահմանափակած
է
ո՛չ
միայն
իր
էութիւնը
այլ
նաեւ
ամբողջ
էութիւնը
հայ
ժողովուրդին։
Ու
ըլլալով
յարաբերապա՜շտ,
որովհետեւ
կորսնցուցած
է
բացարձակին
գիտակցութիւնը,
իրեն
համար
իր
ճղճիմ
յարաբերականութենէն
իսկ
կախում
կ’առնէ
հայ
ժողովուրդին
բացարձակութիւնը։
Ու
մեր
կուսակցութիւններն
ու
ամէ՛ն
կազմակերպութիւն,
մե՜ծ,
հսկա՜յ,
հրէշային
եսեր
են
միայն,
հայ-մարդուն
խեղճ
ու
կրակ
եսին
ախտաւոր
աճումը,
այսինքն։
Ու
ինչ
որ
հայ-մարդուն
հիմնական
ու
սեփական
եւ
ներքին,
մտերիմ
ու
գաղտնակառոյց
փորձառութիւնը
կը
կոչեմ,
հայ-մարդուն
էութեան
կեանքն
է,
զոր
ան
կ’ապրի,
առանց
որեւէ
միջամտութեան
ու
միջնորդութեան։
Հայ-մարդուն
հիմնակեդրոնը,
ուրեմն,
ո՛չ
իր
հայրենիքն
է
եւ
ոչ
ալ
իր
արիւնը,
ո՛չ
իր
հայրենիքին
անկախութիւնն
է
եւ
ոչ
ալ
անոր
ազատագրումը։
Ու
աւելի
նուազ՝
յեղափոխութիւնը,
ազատականութիւնը,
ռամկավարութիւնն
ու
ընկերվարութիւնը։
Հայ-մարդուն
կեդրոնը
հայ-մարդու
իր
սեփական
էութիւնն
է
որ
կախում
ունի
հայ
ժողովուրդին
էութենէն,
այսինքն
միասնականութենէն։
Առանց
այս
հիմնակեդրոնին,
հայ-մարդը
պարապութեան
մը
վրայ,
կամ
շատ-շատ
աւազի
վրայ
կառուցուած
մարդ
մըն
է։
Ու
ասիկա
ճիշդ
է,
եւ
բացարձակօրէն
ճիշդ,
աշխարհի
բոլոր
մարդոց
համար։
Ու
աշխարհի
բոլոր
մարդոց
նման
եւ
աւելի
քան
այս
մարդերը,
հայ-մարդը
դժուարութիւնն
ունի
գիտակցելու
զինքը
ոտքի
բռնող
այս
ճշմարտութեան։
Ու
ասիկա՝
նախ,
որովհետեւ
իր
գոյութեան
պայմանները՝
որ
զինքը
տեւականօրէն
լարուած
պահելով՝
արտաքին
սպառնալիքներու
եւ
վտանգներու
դիմաց,
կը
համագրաւեն
իր
ամբողջ
մարդկային
ուշադրութիւնը
եւ
յետոյ,
որովհետեւ,
այս
էութիւնը,
իսկակառոյց
բարդութիւն
մը
եւ
բազմականութիւն
մը
ունի։
Հայ-մարդը
եւ
աւելի
եւս
ազատ-հայ-մարդը,
տեւականօրէն
դուրս
քաշուած
է
ինքն
իրմէ
ու
նաեւ
դուրս
նետուած,
վտարուա՜ծ,
աքսորած՝
ոչ
միայն
իր
հայրենիքէն
այլ
նաեւ
եւ
մանաւանդ՝
ինքն
իրմէ։
Ու
ամէն
հայ-մարդ
կը
զգայ
հոս
քողազերծուած
բոլոր
այս
իրականութիւնները
եւ
հայ
գրագէտը
աւելի
խորապէս
զգալով,
աւելի
դաժանօրէն
ու
տեւականօրէն
զգալով
զանոնք,
կը
մտածէ,
կը
խորհրդածէ
անոնց
մասին,
ուստի
կը
ճանչնայ
զանոնք։
Աւելին.
-
Հայ
գրագէտը,
գրագէտ
մը
ըլլալով
եւ
մշտատեւօրէն
ինքզինքը
գտնելով
իր
հայ-մարդու
էութեան
ներկայութեան
մէջ,
կը
գիտակցի
ինքզինքը
իբրեւ
հայ-մարդ
մը
իրականացնելու
անհրաժեշտութեան։
Ու
գիտէ
թէ,
այս
իրականացումը
կարելի
է,
իր
սեփական
էութեան
պարփակած
իրականին
ամբողջական
եւ
ապրուած
փորձառութեան
մէջ
միայն
ու
գիտէ
նաեւ
թէ,
այս
ամբողջական
ու
ապրուած
փորձառութիւնը
կարելի
է,
միայն
եւ
միայն
հայ
ժողովուրդին
էութեան
իրականին
հասնելով,
այս
իրականը
բարիին
վերածելով
մերթ
ու
մերթ
ալ
զայն
այլակերպելով
գեղեցիկին։
Այս
սկզբնական
գիտակցութեան
եւ
այս
երկու
գիտուածներուն
կը
յաջորդէ
նոր
գիտակցութիւն
մը
եւս,
որ
իր
ողբերգութեան
ակն
իսկ
է.
-
Հայ
գրագէտը,
աւելի
քան
ոեւէ
ուրիշ
հայ-մարդ
մը,
կը
գիտակցի,
անկեղծօրէն
ամբողջ
եւ
ապրուած
այս
փորձառութեան
անկարելիութեան,
իր
գոյութեան
ներկայ
պայմաններուն
մէջ։
Ու
այս
երկրորդ
գիտակցութիւնն
իսկ
կը
կազմէ
կեդրոնական
կորիզը
իր
անձնաւորութեան։
Ուրեմն,
հայ
գրագէտին
անձին
կեդրոնը,
ներկայիս,
ողբերգական
է։
Արտայայտութեան
սահմանափակումով
մը,
կամ
երանգաւորումով
մը,
պէտք
է
ընդունիլ
եւ
սել
նաեւ.
-
Ամէ՛ն
հայ-մարդու
անձին
կեդրոնը,
ներկայիս,
ողբերգական
է։
Արտայայտութեան
սահմանափակումով
մը,
կամ
երանգաւորումով
մը,
պէտք
է
ընդունիլ
եւ
ըսել
նաեւ.
-
Ամէ՛ն
հայ-մարդու
անձին
կեդրոնը,
ներկայիս,
ողբերգական
է:
Իր
էութեան
սեփական
ճշմարտութիւնն
ու
անկեղծութիւնը
ըլլալու,
այսինքն
ամբողջական
հայ-մարդ
մը
ըլլալու
այս
անկարողութիւնն
է,
տեւական
ձախողութիւնն
է
հայ
գրագէտին
իսկական
ողբերգութիւնը։
Աւելի՛ն.
-
Այս
անկարողութեան
եւ
այս
անկարելիութեան,
այս
ձախողանքին
մէջ
ընդմիշտ
կորսուած
մարդկային
արժէքին
գիտակցութիւնն
է
հայ-մարդուն
բո՛ւն
ողբերգութիւնը
եւ
այս
գիտակցութիւնը,
ոեւէ
հայ-մարդէ
մը
աւելի,
հայ
գրագէտին
մէջ
մե՛ծ,
իրակա՛ն,
յստա՛կ
ու
դաժան
է։
Հայ
գրագէտը,
ինչպէս
հայ
մարդը,
իր
առնականութիւնը
կորսնցուցած
մարդ
մըն
է
կարծես
ու
իր
թշուառութիւնը,
գթութեան
արժանի
ըլլալը
հոս
իսկ
կը
գտնուի։
Որովհետեւ,
այս
անկարողութիւնն
իսկ
է
իր
մինակութիւնը,
որ
առանձնութեան
մը
կը
վերածուի
անմիջապէս
որ
ան
ինքզինքը
կը
գտնէ
հայ
ժողովուրդին
էութեան
ներկայութեան
մէջ։
Ճշմարտութեան
եւ
լիակատար
անկեղծութեան
այս
համադրութիւնը,
զոր
ամէն
մարդկօրէն
արթնցած
եւ
միշտ
գիտակից
հայ-մարդ
ու
մանաւանդ
ամէ՛ն
հայ
գրագէտը
կ’որոնէ
կառուցանել,
բնական
ու
ներքին
պահանջով
մը,
եւ
որ
իր
ամբողջականութիւնն
է,
իր
կեանքին
նպատակն
իսկ
է։
Այս
նպատակին
պարփակած
արժէքին
կորուստը
եւ
այս
կորուստին՝
մարդուն
համար
իսկ
էական
ըլլալուն
գիտակցութիւնը,
հայ
գրագէտին
ճակատագրին
ողբերգութիւնն
է։
Այսօր,
հայ-մարդը
եւ
շատ
աւելի
մեծ
համեմատութեամբ
մը
հայ
գրագէտը,
ինքզինքին
հանդէպ
ԱՆԿԵՂԾ
ըլլալու
անկարողութեան
դատապարտուած
է։
Առանց
անյուսօրէն
ընդդիմամարտութեան
մտնելու
իր
շուրջի
պայմաններուն
դէմ,
ան
իր
ոգեկան,
մտաւորական,
բարոյական
ոյժերը
գործածել
իսկ
չի
կրնար։
Աւելին.
-
Ան
գիտէ
թէ
ինք
իրաւունք
ունի,
ամբո՛ղջ
աշխարհին
դէմ
եւ
իր
իրաւունքին
մէջ
իսկ
կը
ձախողի։
Իր
իրաւունքին
գիտակցութիւնն
է,
որ
իրեն
կու
տայ
անհամբեր
յոյս
եւ
տենչանք,
սպասելու
համբերութի՜ւն
ու
ճիգերու
օղակներ,
որոնք
շղթայի
վերածելու
ո՛չ
խելքը
ունի
եւ
ոչ
ալ
միջոցները
ինք։
Ան
կը
զգայ
իր
մէջ
կարողութիւնն
ու
զօրութիւնը
ինքզինքը
իրականացնելու,
բայց
կը
բախի
ոյժերու՝
որոնք
աւելի
մեծ
են
ու
կը
փշրեն
զինքը։
Հայ
գրագէտը,
ինքնարթուն
հայ-մարդուն
նման
ու
հետ,
կը
զգայ
նաեւ՝
թէ
ինք
օր
մը
չէ
որ
պիտի
մեռնի ,
ինչպէս
կը
մեռնին
աշխարհի
վրայ
մարդերը,
այլ
այսօր
իսկ
կը
մեռնի
ուստի
կը
մեռնի
ամէն
օր
եւ
ինչ
որ
աւելին
է,
ինք
իր
սեփական
աչքերով
կը
տեսնէ
իր
մեռնիլը։
Ու
ինք
չի
կրնար
օգնել
ինքզինքին
եւ
ոչ
ոք
կրնայ
իրեն
օգնել։
Որովհետեւ
ինք
մինակ
մարդ
մըն
է
ու
առանց
մինակութեան՝
ողբերգականը
գոյութիւն
չունի։
Ու
իր
ողբերգութիւնը
զինքը
կը
հաստատէ
իր
եզակիութեան
մէջ,
որ
իր
կեանքին
խորհուրդն
իսկ
է։
Ու
ամէն
խորհուրդ
իւրայատուկ
է
եւ
ինքնածին։
Հայ
գրագէտը
իր
սեփական
կարելիութիւնը
կը
գտնէ
իր
էութեան
մէջ
իսկ։
Աւելին.
-
Այս
կարելիութիւնն
ու
իր
էութիւնը
նոյն
իրականութիւններն
են
իր
մէջ,
որովհետեւ,
իր
կարելիութիւնը
մի՛շտ
կարելիութիւն
մը
կը
մնայ
իր
մէջ,
զայն
իրագործելու
իր
անկարելիութեամբն
իսկ,
ըսել
կ’ուզեմ,
հայ
ժողովուրդին
էութեան
իր
մասնակցութիւնը
բերելու
իր
անկարելիութամբը։
Ու
հայ
գրագէտը
գիտէ՛
եւ
գիտէ
նաեւ
հայ-մարդը,
թէ
իր
սեփական
կարելիութիւնը
միայն
իր
մտածածը
չէ,
իր
մտածել
կրցածը
չէ
այլ
նաեւ
իր
ընել
կրցածը։
Ու
հայ
գրագէտը
կը
ճանչնայ
իր
սեփական
կարելին
ո՛չ
թէ
ենթադրաբար,
այլ
այն
պատասխանատուութեամբն
իսկ
զոր
ան
կ’ստանձնէ
իր
մասնակցութեամբը:
Աւելին.
-
Իր
գիտակցութիւնը
կ’իրագործէ
կարելիին
եւ
տրամադրելիութեան
ներքին
փորձառութիւնը։
Որովհետեւ,
հայ
գրագէտը,
կարելին
կը
ճանչնայ
նաեւ
իր
ամբո՛ղջ
անձին
յոտնկայս
տրամադրելիութեամբը,
զոր
այժմէականացնելու
անկարող
է
ինք։
Հայ
գրագէտը,
իր
ամենէն
խոր
եւ
հարազատ,
իր
ամենէն
մաքուր
ու
մտերիմ
մասին
մէջ,
ինքզինքը
կը
գտնէ
միշտ
ներկայութեան
դէմ
միակ
վախճանի
մը,
միակ
սահմանի
մը,
որ
իրեն
համար
սկզբնական
է
ու
աներկբայ
եւ
որ
աշխարհի
մէջ
իր
մուտքի
դուռն
է,
իր
ներադրումն
է
աշխարհի
մէջ։
Բայց
ո՞ւր
կը
գտնուի
այս
դուռը,
որպէսզի
ան
կարենայ
մտնել
աշխարհին
մէջ՝
ուրկէ
ան
դուրս
վտարուած
է,
անարդարօրէն,
անգոյ
չարիքի
մը
համար
զոր
չէ
գործած
ինք։
Այս
դուռը
իր
մենակեաց
մտածումին
մէջ
չէ
եւ
ոչ
ալ
մտածումը։
Անիկա
չէ
նաեւ
այն
արգելքներուն
ամբողջութեան
մէջ,
որ
զինքը
կը
կասեցնէ
ինքզինքը
իրականացնելու
իր
խոյանքին
մէջ,
իրեն
իսկ
յայտնաբերելով
ինչ
որ
ինք
չէ
եւ
ինչ
որ
ինքն
է։
Եւ
ոչ
իսկ
այն
անձկութեան
մէջ՝
զոր
ինք
կը
զգայ՝
իր
էութեան
այգին
առջեւ,
իր
էութեան
եւ
անէութեան
միջեւ։
Հայ
գրագէտը
կուրութիւնն
ունի
մերթ
իր
մտածումը,
մերթ
իր
անձկութիւնը
ու
յաճախ
ալ
իր
առջեւ
ցցուող
արգելքներուն
ամբողջութիւնը
այս
դուռը
կարծելու,
որովհետեւ
անոնք
անբաժան
են
իր
գիտակցութենէն,
ուստի
իր
կեանքին
ողբերգութենէն,
զոր
ան
միշտ
կը
զգայ,
եւ
բիրտօրէն։
Այս
դուռը,
իր
էութեան
ներքին
փորձառութեան
մէջ
է
միայն
եւ
այս
պատճառով
իսկ՝
միշտ
դրական։
Այս
փորձառութիւնը
իր
սեփական
ինքնաներկայութիւնն
է,
որուն
մէջ
միայն
ան
ունի
իրական
զգացումը
իր
պատասխանատուութեան՝
հանդէպ
ինքզինքին
ու
աշխարհին։
Ու
պատասխանատուութեան
այս
զգացումը
իր
ողբերգութեան
սնունդն
է,
որովհետեւ
այս
պատասխանատուութիւնը,
որ
իր
ծնած
օրէն
իսկ
դրուած
է
իր
ներքին
ուսերուն
վրայ,
այսօր,
իր
ծանրութեան
տակ
կը
ճզմէ
զինքը։
Ու
իր
ձեռքերը
շղթայակապ
են,
ուստի
անկարող՝
ընելու
այն
արարքն
ու
արարքները,
որոնք
անհրաժեշտ
են։
Ու
այս
արարքներուն
չգոյութեան
պատճառով,
ան
միշտ
կը
մնայ
անշարժութեան
մը,
ոչնչութեան
մը
եւ
անէութեան
մը
մէջ։
Այս
անհրաժեշտ
արարքներով
էր,
որ
ան
իր
սեփական
անէութենէն
իր
սեփական
էութեան
պիտի
անցնէր։
Հայ
գրագէտին
բուն
ողբերգութիւնը
այս
անցքին
բացակայութեան
մէջ
իսկ
տեղի
կ’ունենայ։
Որովհետեւ,
այս
անցքէն
անդին
միայն
հայ
գրագէտը
ինզքինքը
պիտի
կարենար
ըլլալ
–
ինքզինքը
պիտի
իրականացուցած
ըլլար։
Ստրուկները
միայն
պատասխանատուութիւններու
կ’ենթարկուին։
Մինչ
ազատ
մարդը
ինք
կը
ստանձնէ
իր
պատասխանատուութիւնները։
Ու
պատասխանատուութիւն,
հոս
կը
նշանակէ
իրականի՛ն,
բարիին
ու
գեղեցիկին
մասնակցութիւն։
Արգելքները
որոնց
կը
բախի
հայ
գրագէտը՝
իր
մասնակցութեան
ազդուութեան
սահմանները
կը
հաստատեն
ու
այս
սահմանները
ծնունդ
կու
տան
իր
անձկութեան,
անդոհին
ու
տառապանքին։
Ու
հայ
գրագէտին,
ինչպէս
հայ-մարդուն
մասնակցութիւնը
ուրիշ
բան
մը
չէ
այլ
այն
գործօն
հաւանութիւնը,
որով
ան
կը
մասնակցի
հայ
ժողովուրդին
էութեան,
ուստի
նաեւ
իր
սեփական
էութեան
ստեղծագործութեան։
Մասնակցութիւնը,
իր
տենչանքի
ձեւին
մէջ,
կը
յայտնաբերէ
ինչ
որ
է
մասնակիցը
եւ
ինչ
որ
կը
պակսի
իրեն,
կը
յայտնաբերէ
իր
յաւակնութիւնն
ու
իր
սահմանափակումը
զայն
արմատացնելով
իր
բնութեան
մէջ,
իբրեւ
կարելիութեան
մը
էութիւնը։
Գիտակից
հայ-մարդուն
մէջ,
մասնակցութիւնը
տենչանք
մը
չէ,
այլ
արարք
մը
միշտ.
պարտաւորութիւն
մը՝
արդէն
իրականացածը
այժմէականացնելու
եւ
ոչ-իրականացածը՝
իրականացնելու։
Հայ
գրագէտը,
մէկ
դարէ
ի
վեր
զգալով,
տեսնելով
ու
շօշափելով
իր
էութեան
կարողականութիւնը,
այսինքն
կարելիութիւնը,
աւելի՛ն.
Ի՛ր
մէջ
եւ
միւս
հայ-մարդոց
մէջ
իսկ
հաստատելով
այս
էութեան
լոկ
կարելիութեան
մը
վերածուած
վիճակը,
ինքզինքը
տեւականօրէն
կը
գտնէ
էութեան
եւ
անէութեան
անդունդին
եզերքը։
Հայ
գրագէտը
մարդ
մըն
է,
որ
կը
բնակի
անդունդի
մը
եզերքը
ու
ամէն
օր,
մերթ
կանգնած
եւ
մերթ
նստած
այս
եզերքին
վրայ,
կը
նայի
անդունդին,
կը
դիտէ
անդունդին
պարապութիւնը
ու
ինչ
որ
կը
սպասէ,
ինչ
որ
կը
յուսայ,
այս
պարապութեան
մէջէն
իսկ
պիտի
գայ
իրեն։
Որովհետեւ,
հայ
գրագէտը,
հայ-մարդուն
նման
եւ
աւելի.
իր
սեփական
ժամանակէն
իսկ
զրկուած
մարդ
մըն
է.
իր
սեփական
ժամանակէն՝
որ
իր
սեփական
պատմականութիւնն
է
ու
այս
պատմականութիւնը,
իր
էութեան
այժմէականացումը,
իրականացումը,
մարդեղնացումը։
Հայ-մարդու
ազատ,
զու
ու
լիայորդ
ԻՐ
ԱՐԱՐՔՈՎՆ
է,
որ
ան
կ՛արտայայտէ
իր
սեփական
էութիւնը
եւ
իր
սեփական
էութեան
արտայայտութիւնը՝
հայ
ժողովուրդին
էութեան,
այսինքն
միասնականութեան,
ամբողջականութեան
ստեղծումին
բերած
իր
մասնակցութիւնն
է
եւ
ուրիշ
ոչինչ։
Ինչ
որ
անդունդ
կոչեցի,
ո՛չ
իր
սեփական
էութիւնն
է
եւ
ոչ
ալ
անէութիւնը,
այլ
մասնակցութենէ
զրկուած,
մասնակցելու
արգիլուած
իր
էութիւնը։
Ու
ասիկա
ալ,
որովհետեւ
հայ-մարդուն
ազատ,
զուտ
ու
լիայորդ
արարքն
է
որ,
իբր
արարք
գործադրուելով,
կը
հաստատէ
իր
սեփական
էութիւնը,
ուստի
էութիւնը
բոլոր
հայ-մարդոց,
ուստի
էութիւնը
հայ
ժողովուրդին։
Ուրեմն,
հայ-մարդուն
պատմականութիւնը,
հայ
ժողովուրդին
էութեան
ստեղծագործումին
բերած
իր
մասնակցութիւնն
է։
Ու
իր
ողբերգութիւնը,
գիտակցութիւնը
այն
արժէքին,
որ
էական
է
իրեն
ու
մարդուն
համար
եւ
որ
կը
փճանայ,
իր
անմասնակից
էութեան
մէջ,
աւազի
մը
մէջ
հոսող
ջուրին
նման,
անօգուտ
ու
զուր,
հոսելով,
աներեւութանալով,
կորսուելով
ընդ
միշտ։
Ու
իր
գոյութեան
իւրաքանչիւր
վայրկեանը,
իւրաքանչիւր
օրը,
իւրաքանչիւր
տարին,
կը
մերժէ,
կը
վանէ,
կը
ջնջէ
բոլոր
միւսները,
զինքն
իսկ
ընելով
անգոյ
ու
իր
գոյութիւնը՝
անգոյութիւն
մը։
Որովհետեւ,
այս
արժէքը
միայն
ատակ
է
ծնունդ
տալու
իր
տեւողութեան,
ու
մարդը,
ինչպէս
ընկերութիւնը,
ինչպէս
ժողովուրդը
եւ
աշխարհն
իսկ,
առանց
իր
սեփական
տեւողութեան
ու
տեւողութեան
զգացումին,
ինքզինքը
չէ
ու
չի
կրնար
ըլլալ։
Ու
իր
անձկութեան,
անհամբերութեան
եւ
տուայտանքին
ակը
տեւողութեան
այս
պակասն
է,
զոր
ան
վէրքի
մը
պէս
կը
կրէ
իր
մէջ
–
գաղտնի,
խորո՛ւնկ
ու
դեռ
չբացուած
վէրքի
մը
պէս։
Ու
ինչ
որ
ինք
իր
հայրենասիրութիւնը
կը
կոչէ,
իր
էութեան
լինելութիւնն
իսկ
է,
ուստի
նաեւ
բոլոր
հայ-մարդոց
էութիւններուն
լինելութիւնը
որ
նոր
ու
տարբեր
գոյութիւն
մը
պիտի
տայ
իրեն
եւ
բոլոր
հայ-մարդոց,
քանդելով
իր
ներկայ
գոյութիւնը,
որ
հարազատ
չէ,
որ
կեղծ
է
ու
սուտ,
որ
իսկապէս
իրը
չէ։
Ու
բոցի
մը
պէս
զինքը
իր
մէջէն
իսկ
այրող
մորմոքը,
զոր
ան
սահմանած
է
մասնայատուկ
բառով
մը
–
կարօտ
–
այս
նոր
ու
բացակայ
գոյութեան
յիշատակն
է,
յոյսն
է,
տենչանքն
է,
սէրն
է։
-
Գոյութիւն
մը՝
որ
իր
անմասնակից
էութեան
հեռանկարն
է,
հեռագծութիւնն
է,
միշտ
իր
մէ՛ջը
եւ
նոյն
ատեն
առջեւը
տարածուած։
Ու
ինչ
որ
ասկէ
ութսուն
տարի
առաջ,
հրաշալի
պատանին,
Պետրոս
Դուրեան
կ’ըսէր
–
Սուրբ
տենչերով
լոկ
ծարաւած
–
հայ-մարդուն
տռամին
յայտնաբերումն
իսկ
է։
Ու
մեր
ամբողջ
գրականութիւնը,
մէկ
դարէ
ի
վեր,
այս
տռամն
է
–
հայ-մարդուն
առանձնայատուկ
տռամին
վկայութիւնն
է։
Բայց
աւելին
կայ
դեռ։
Ասկէ
երեսունը
հինգ
տարիներ
առաջ,
հայ-մարդն
ու
գրագէտը,
հայ
ժողովուրդին
անմասնակից
էութեան
առջեւ
կը
գտնուէին
միայն։
Այս
թուականէն
ասդին,
հայ
գրագէտը,
միշտ
աւելի
յստակօրէն
ու
խորապէս
եւ
թանձրացեալօրէն
քան
հայ-մարդը,
կը
զգայ
ու
կը
հաստատէ
հայ-մարդուն
էութեան,
ուստի
կենսական
միութեան
մահացու
վտանգի
մը
սպառնալիքին
տակ
գտնուիլը
ու
նոյն
ատեն՝
իր
անզօրութիւնը՝
այս
վտանգին
առջեւ։
Ու
ասիկա՝
երկու
հիմնական
պատճառներով,
որոնք
բիրտ
իրականութիւններ
են
այժմ։
Նախ,
հայ-մարդը
զրկուած
է
իր
հայրենիքէն։
Աւելի՛ն.
-
Անիկա
իր
կամքովը
չէ,
որ
հեռացած
է
իր
հայրենիքէն
այլ
զինքը
վտարած
են
անկէ։
Իր
ծննդավայրէն,
հի՜ն
ու
ապագայ
հայրենիքէն՝
ուր
ամէն
ինչ
միշտ
մերձաւորութիւն
մը,
ազգականութիւն
մը
եւ
բարեկամութիւն
մը
կը
պարզէր
ու
պիտի
պարզէր
իր
առջեւ,
որ
զինքը
միշտ
կ’ընդունէր
եւ
պիտի
ընդունէր
մերձաւորի
մը,
ազգականի
մը,
բարեկամի
մը
նման
ու
ինք՝
ինքզինքը
կը
զգար
եւ
պիտի
զգար
ապահով
ու
վստահելի
մթնոլորտի
մը
մէջ։
Մինչ
օտարութեան
մէջ,
ներկայի՛ս,
ան
կը
հանդիպի
ու
կը
բախի,
ամէ՛ն
տեղ,
եւ
իր
կենսական
միութեամբն
իսկ,
թշնամական
մթնոլորտի
մը
եւ
լաւագոյն
պարագային,
անծանօթ
ու
անտարբեր
մարդկային
դէմքերու
եւ
շարժունմներու,
խօսքերու
եւ
արարքներու։
Յետոյ,
այսօր,
հայ-մարդը,
հայ-մարդոց
առջեւ
ու
«հայ
շրջանակներու»
կամ
«ազգային
շրջանականերու»
մէջ
իսկ,
ու
իր
կենսական
միութեամբը
դարձեալ,
ինքզինքը
կը
գտնէ
նոյն
թշնմական
մթնոլորտին
մէջ,
ուստի
նոյն
անվստահութեան,
անապահովութեան
ու
վտանգին
առջեւ։
Ուրեմն
ինքզինքը
կը
գտնէ
անհատապէս
մինակ,
ինչպէս
«օտար
շրջանակներու»
մէջ։
Անշուշտ,
այս
երկու
թշնամանքները
նոյն
բնութիւնը
չունին,
բայց
անոնք
մի՛շտ
թշնամութիւններ
են,
միշտ
վտանգներ
են,
միշտ
սպառնալիքներ
են,
հայ-մարդուն
կենսական
միութեան
դէմ
ուղղուած։
Ու
այս
պատճառով
իսկ,
հայ
գրագէտը
չի՛
կրնար
չէզոք
ըլլալ,
չէզոք
մնալ
մանաւանդ
ներկայիս,
ինչպէս
չէ՛
եղած
ու
մնացած՝
մէկ
դարէ
ի
վեր։
Եւ
ոչ
ալ
«ձեւապաշտ»
մը՝
իբրեւ
գրագէտ։
Ու
գրագէտ
մը,
այսինքն
ազատ
հայ
մարդ
մը
ըլլալուն
իսկ
հետեւանքով,
ան
զինուորագրուած
է
իր
հայ-մարդու
կենսական
միութեան՝
որ
իր
էութիւնն
է
եւ
էութեան
կարողականութիւնը
եւ
որ
կախում
ունի
հայ
ժողովուրդին
էութենէն,
միասնականութենէն,
ամբողջականութենէն։
Հայ
գրագէտին
զինուոր
մը
ու
կամաւոր
զինուոր
մը
ըլլալուն
համար
իսկ,
ան
երբեք
քաղաքականութիւն
չ’ընէր,
այնքան
ատեն,
որ
գրագէտ
կը
մնայ
եւ
իրեն
դէմ
եղած
բոլոր
ամբաստանութիւնները
զրպարտութիւններ
են
միայն։
Այս
զրպարտութեան
ակը
այն
կուրութիւնն
է,
որով
մենք
քաղաքականն
ու
ազգայինը
շփոթած
ենք
միշտ
եւ
միշտ
ալ
կը
շփոթենք
իրարու
հետ։
Ու
ազգային՝
հոս
կը
նշանակէ
մարդկային
նաեւ։
Ճիշդ
է։
Հայ
ժողովուրդը,
մինչեւ
1922,
ամբողջ
աշխարհին
մէջ
հաւաքական
մինակութեամբ
մը
մինակ
եղած
է
ու
մնացած,
բայց
ո՛չ
հայ-մարդը։
Հայ-մարդը
իր
ծննդավայրին
մէջ,
իր
եկեղեցիին
եւ
կրօնքին
մէջ,
իր
մշակոյթին,
իր
լեզուին
ու
աւանդութիւններուն
մէջ,
իր
դարաւոր
հաւատալիքներուն
եւ
բարքերուն
մէջ,
ինքզինքը
միշտ
զգայած
է,
գտած
է,
հաստատած
է
ուրիշ-հայ-մարդոց,
միւս-հայ-մարդոց
ներկայութեան
մէջ։
Ու
այս
ներկայութիւնը,
մի՛շտ
իմանալի,
մի՛շտ
գզալի
եղած
է
իրեն,
նոյն
իսկ
իր
գաղտնակառոյց,
լռակառոյց,
խորակառոյց
մտերմութեան
մէջ,
որովհետեւ
անիկա
իւրաքանչիւր
հայ-մարդու
էութեան
մասնակցութիւնն
իսկ
էր՝
հայ
ժողովուրդին
ընդհանրական
էութեան։
Որովհետեւ
իւրաքանչիւր
հայ-մարդ,
ինքնաբերաբար,
կ’ընդունէր
հայ
ժողովուրդին
էութեան
գերագահութիւնը՝
իր
սեփական
էութեան
վրայ,
գործնականօրէն,
թանձրացեալօրէն։
Հայ-մարդը,
մինչեւ
1922,
անշուշտ
հայ-
անհատ
մըն
էր
օտարին
առջեւ
ու
օտարին
համար,
բայց
անիկա
հայ-մարդ
մըն
էր
հայ-մարդուն
եւ
մարդոց
առջեւ
ու
համար,
ինքն
իր
մէջ
ու
ինքն
իրեն
համար։
Արդ,
այսօր,
անիկա
հայ-անհատ
մը
մնալով
հանդերձ
օտարին
առջեւ
ու
համար,
հայ-անհատ
մը
կը
մնայ,
հայ-անհատի
մը
վերածուած
է
հայուն
առջեւ
ու
համար
ալ,
ինքն
իրեն
առջեւ
ու
համար
ալ։
Ասկէ՝
իր
սարսափայորդ
մինակութիւնը,
որ
զինքը
կը
բաժնէ
ու
կը
զատորոշէ
օտարէն,
ինչպէս
միւս-հայ-անհատէն,
զինքը
բանտարկելով,
չեմ
ըսեր
իր
անհատականութեան,
այլ
անհատի
հանգամանքին
եւ
սահմաններուն
մէջ։
Ու
անիկա
հայ-անհատ
մըն
ալ
չէ
միշտ
այլ
ոեւէ
անհատ
մը,
յաճախ։
Ու
լաւագոյն
պարագային՝
ոեւէ
մարդ
մը։
Արդ,
հայ
գրագէտին
մէջ,
ինչպէս
ամէ՛ն
ինքնագիտակից
ու
ազատ
մարդու՛,
այս
մինակութիւնը
վերածուած
է
առանձնութեան՝
որ
անդր
անհատական
է
միշտ։
Որովհետեւ
մինակութիւնը
անհատն
է,
մակերեսային
ու
առօրեայ
եսն
է,
ժամանակաւոր
բնութիւնն
է,
ինքնանգիտակցութիւնն
է
մինչ
առանձնութիւնը՝
անձը,
խորունկ
եսը,
ոգի՛ն,
ինքնագիտակցութիւնը,
մարդը։
Մինակութիւնը
ժխտական
է
միշտ.
-
Կը
ժխտէ՝
ինչ
որ
ինքը
չէ.
կը
մերժէ՝
ինչ
որ
իրեն
համար
չէ։
Առանձնութիւնը՝
դրական։
Մինակութիւնը
գոցութիւն
մը
եւ
առանձնութիւնը՝
բացութիւն
մը
աշխարհին
ու
մարդոց
առջեւ։
Ամէ՛ն
մարդկային
էակ,
առաւել
կամ
նուազ
չափով
մինակ,
առաւել
կամ
նուազ
չափով
առանձին
ըլլալու
ատակ
է,
իր
մարդկային
հիմնական
բնութեանն
իսկ
բերումովը։
Եւ
ամէ՛ն
վայրկեան։
Ու
քրիստոնէական
խօսքին
ամբողջ
իմաստը
հոս
է.
-
Մարդէն
կախում
ունի
իր
հոգին
կորսնցնելը
կամ
շահիլը։
Մարդը
ամէ՛ն
վայրկեան
պատասխանատու
է
ինքզինքին
համար՝
եւ
ինքզինքին
իսկ,
որովհետեւ
իր
առած
բոլո՛ր
որոշումները
իր
սեփական
ձեռքերովը
կ’առնէ
ու
կ’առնէ
զանոնք
իր
անձին
մէջ,
իր
անձովը,
իր
գիտակցութեամբն
ու
գիտակցութեանը
մէջ,
ուստի
առանձինն
ու
իր
առանձնութեանը
մէջ։
Մարդուն
գիտակցութեանը
համար,
ինքն
իսկ,
վերջին
եւ
կարելի
կեդրոնն
է,
ուր
իր
բացարձակ
առանձնութիւնը
կայ
միայն,
որ
իր
ինքնութիւնն
իսկ
է։
Արդ,
հայ-մարդուն
ինքնութիւնը
երբեք
մինակ
չէ
եւ
չի՛
կրնար
մինակ
ըլլալ,
քանի
որ
ան
իր
ինքնութեամբը
միայն
հայ-մարդ
մըն
է
ու
աշխարհի
վրայ
ուրիշ
հայ-մարդեր
ալ
կան,
ուստի
իր
ինքնութիւնը
հասարակ
է
բոլոր
հայ-մարդոց։
Աւելի՛ն.
-
Իր
ինքնութեան
գիտակցութիւնը
իր
առանձնութիւնն
է
եւ
որքան
որ
հայ-մարդուն
ինքն-ա-գիտակցութիւնը
մե՛ծ
է
ու
յստակ,
կենդանի
է
ու
խորունկ,
նոյնքան
մեծ
է
ու
յստակ,
կենդանի
է
ու
խորունկ՝
իր
առանձնութիւնը։
Ու
հայ-մարդը,
աշխարհի
բոլո՛ր
մարդոց
նման,
իր
ինքնութեամբը,
ուստի
իր
սեփական
առանձնութեամբը
միայն
կրնայ
յարաբերութեան
մէջ
մտնել
միւս-հայ-մարդոց
հետ,
աշխարհին
հետ,
Աստուծոյ
հետ։
Ու
այս
պատճառով
է,
որ
հայ-մարդը,
եւ
մանաւանդ
հայ
գրագէտը,
իր
առանձնութեան
մէջ,
ուստի
ինքնութեան
եւ
ինքնագիտակցութեան
մէջ,
ինքնաբուխ
պահանջը
ունի
ընկերութեան,
համայնքին,
ազգութեան
եւ
մարդկութեան։
Ու
ասիկա
ճիշդ
է
աշխարհի
բոլոր
մարդոց
համար։
Անհատներու
գումարը
կը
կազմէ
ընկերայինը
եւ
ընկերայինը
միշտ
ընդհանրայինն
է
ու
ընդհանրայինին
մէջ՝
մարդը
միշտ
միակ։
Ընդհանրայինը
պատռելով,
անոր
մէջ
թափանցելով
է,
որ
մարդը
կը
հասնի
իր
անձնաւորութեան,
ուստի
իր
հարազատ
ու
անե՛ղծ
կեանքին։
Կրօնքը,
փիլիսոփայութիւնը,
արուեստներն
ու
գրականութիւնը
եւ
բանաստեղծութիւնը
մանաւանդ,
զօրութիւններ
են,
որոնցմով
մարդը
իր
անհատական
սահմանագլուխները
կ’անցնի։
Ներկայիս,
կրօնքին
եւ
գրականութեան
հանդէպ
հայ-մարդոց
ցոյց
տուած
անտարբերութիւնն
ու
թշնամութիւնը,
իրենց
անհատներ
ըլլալնուն
մէջ
իսկ
կը
գտնուին,
իրենց
անհատապաշտութեան
մէջ
իսկ
արմատացած
են
ու
կը
սնանին։
Ու
ապացոյցներն
են
իրենց
միայն
անհատներ
ըլլալնուն
եւ
անհատապաշտութեան։
Հայ
գրագէտին
առանձնութիւնը,
ինչպէս
հայ-մարդունն
ալ,
այն
միակ
բացուածքն
է
ուրկէ
ան
անցք
մը
կը
գտնէ
միւս-հայ-մարդոց,
ուստի
հայ
ժողովուրդին
էութեան
մէջ
թափանցելու
համար։
Առանձնութիւնը,
կը
կրկնեմ,
այսինքն
ինքնագիտակցութիւնը։
Որովհետեւ,
երբ
հայ-մարդը
կ’ընդունի
ինքզինքը
իբրեւ
հայ-մարդ
մը,
ուստի
կ’ընդունի
հայ
ժողովուրդին
հետ
իր
կցորդութիւնը,
կամ,
ինչ
որ
նոյնն
է,
հայ-մարդու
իր
ներկայ
կացութիւնը,
կ’ընդունի
ու
կը
համակերպի
իր
առանձնութեան
եւ
կը
կցուի
հայ
ժողովուրդին
ամբողջականութեան՝
իր
առանձնութեամբը։
Աւելին.
-
Ան
կ’ընդունի
հայ
ժողովուրդին
էութեան
գերիշխանութիւնը
իր
անձնական
էութեան
վրայ։
Կ’ընդունի
ինքզինքը
ըլլալ
եւ
ոչ
թէ
հայ-անհատ
մը։
Կամ
պարզապէս՝
ոեւէ
անհատ
մը
։
Արդ,
հայ-անհատին
մահովն
է,
որ
հայ-մարդը
կը
ծնի։
Ու
հոս
յիշեցէ՛ք.
-
Եթէ
սերմը
չմեռնի…։
Հայ
գրագէտը
հայ-անհատ
մը
չէ
այլ
հայ-մարդ
մը։
Ու
մեր
գրականութեան
մէկ
որոշ
մասը,
ըսել
կ’ուզեմ
ճշմարտապէս
գրական
ու
արժէքաւոր
մասը,
հայ-անհատին
հայ-մարդու
մը
փոխակերպումն
է,
փոխակերպումին
ի
խնդիր
ճիգ
մը,
կանչ
մը
եւ
ձգտում
մը,
աշխատանք
մըն
է։
Մինչ
մեր
կուսակցութիւնները,
ներկայիս
մանաւանդ,
հայ-անհատներու
խմբաւորումներ
են
եւ
մասնաւորաբար
գրականութեան
հանդէպ
բացայայտած
իրենց
թշնամութիւնը՝
անհատին
բնական
թշնամութիւնն
է
մարդուն
հանդէպ։
Ուրեմն,
հայ
գրագէտին
բուն
ողբերգութիւնը,
վերջ
ի
վերջոյ,
ազատ,
հայ-մարդ
մը
ըլլալու
իր
անկարողութիւնն
է,
իր
անզօրութիւնն
է,
ուստի
հայ-անհատ
մը
մնալու
դատապարտուած
իր
ճակատագրին
գիտակցութիւնը։
Աւելի՛ն.
-
Ո՛չ
թէ
միայն
ի՛ր
այլ
բոլոր
հայ-մարդոց
ճակատագրին
գիտակցութիւնը։
Ու
նաեւ
գիտակցութիւնը
այն
արժէքին
կորուստին,
որ
ի՛րն
է
կարողականօրէն
եւ
զոր
մարդ
մը
ըլլալով
միայն
կրնայ
մարդեղնացնել,
այսինքն
կորուստէ
փրկել։
Ու
անհատը
երբեք
ազատ
չէ
եւ
չի՛
կրնար
ըլլալ։
Ազատը
մարդն
է
եւ
մարդը
միայն։
Ու
Արտասահմանի
մէջ,
հայ-մարդը
հայ
գրականութեան
մէջ
միայն
ազատ
է
ու
կրնայ
ինքզինքը
իրագործել
աւելի
քան
իր
որեւէ
ուրիշ
մէկ
գործունէութեան
մէջ
ու
այս
բացարձակ
ճշմարտութիւնն
է
մեր
ներկայ
գրականութեան
ամբողջ
նշանակութիւնը,
տարողութիւնն
ու
արժէքը
եւ
որուն
պէտք
է
գիտակցիլ
ամէ՛ն
բանէ
առաջ։
Ու
զայն
արժեւորել,
գնահատել
իր
այս
հիմնական
արժէքին
մէջ
իսկ։
Այսուհանդերձ,
ո՞րն
է,
ի՞նչ
է,
ներկայիս,
հայ
գրագէտին
«ազատութիւնը»։
Կը
հարցնեմ.
-
Ո՞րն
է,
ի՞նչ
է
մինակ
մարդուն,
կղզիացած
մարդուն
«ազատութիւնը»։
Կղզիի
մը
մէջ
միսմինակ
ապրող
մարդուն
«ազատութիւնը»
կարելի՞
է
ազատութիւն
կոչել։
Այո՜,
եթէ
բան
մը
չընելը,
բան
մը
ընել
չուզելը,
բան
մը
ընել
չկարենալը,
ընելիք
բան
մը
չունենալը
եւ
այս
անշարժութեան
մէջ
շղթայակապ
մնալը
ազատութիւն
է։
Ա՜հ,
այս
երեւակայուած,
երազուած,
անիրական
ու
անգոյ
ազատութիւնը
հայ
գրագէտին,
որ
անհատ
մըն
է
եւ
մինակ՝
իր
գրականութենէն
դուրս։
Արդ,
պէտք
է
գիտնալ
եւ
մէկ
անգամ
ընդմիշտ.
-
Մարդը
ազատ
է
մարդուն
ու
մարդոց
առջեւ
միայն
եւ
այս
ազատութեամբն
իսկ՝
մարդ։
Մարդը
մարդ
է,
մարդ
մը
կ’ըլլայ ,
մարդուն
առջեւ
միայն,
մարդուն
հետ
միայն,
մարդուն
դէմ
միայն։
Ու
մարդը
մարդուն
առջեւն
է,
հետն
է
ու
դէմն
է
իր
առանձնութեամբը
միայն։
Ու
առանձնութիւն
բառը,
մեր
լեզուին
մէջ,
կը
պարփակէ
անձ
բառը
եւ
ասիկա
հրաշալի
է։
Ու
հրաշալի
է
նաեւ
մինակութեան
եւ
առանձնութեան
զատորոշումը
զոր
չունին
ինծի
ծանօթ
օտար
լեզուները։
Պիտի
ըսեմ
աւելին.
-
Հայ
գրագէտին,
ինչպէս
հայ-մարդուն
այս
երեւակայած,
տենչացած
ազատութիւնն
է,
որ
զինքը
գաղափարապաշտ
մը
կ’ընէ
ու
ըրած
է
դարէ
մի
ի
վեր։
Յետոյ,
որովհետեւ
կռթնելով
իր
անմասնակից
էութեան,
ան
միշտ
ինքզինքը
աւելին
կը
գզայ,
կը
գտնէ
քան
իր
գոյութիւնը,
իր
գրականութիւնը
եւ
ինչ
որ
ինքն
է
իրողութեան
մէջ
ու
իր
աչքին
իսկ։
Ու
կը
զգայ
նաեւ՝
որ
իրեն
կը
պակսին
հայրենիքը,
ժամանակը,
ներքին
խաղաղութիւնն
ու
նիւթական
տարրական
միջոցները,
իր
գոյութիւնը
իր
էութեամբն
իսկ
լեցնելու
համար,
այսինքն
ինքզինքը
իրականացնելու
համար։
Ու
ան
միշտ,
եւ
այս
պատճառով
իսկ,
ինքզինքը
կը
գերադասէ
իր
գոյութեան,
իր
գրականութեան։
Ու
այս
գերադասումն
իսկ
զինքը
կ’արգիլափակէ
իր
անհատի
սահմաններուն
մէջ,
ուստի
մինակութեան։
Ու
զինքը
կ’ընէ
դժբախտ,
անոգորելիօրէն
դժբախտ։
Հայ
գրագէտին
գրականութեան
եւ
գոյութեան
միջեւ,
բարոյական
ահաւոր
հակասութիւն
մը
կայ
ինչպէս
հայ
իշխանաւորին
խօսքին
ու
գործին
միջեւ,
գաղափարին
ու
գործելակերպին
միջեւ,
եւ
անոնք
չեն
ամչնար
այս
հակասութենէն։
Ու
բարոյական
այս
հակասութիւնն
է,
որ
մեր
գրական
կեանքը,
ինչպէս
մեր
գոյութիւնը
թունաւորած
է
ներկայիս։
Ու
այս
հակասութիւնը,
հակադրութիւնն
իսկ
է
մինակութեան
եւ
առանձնութեան,
անհատին
ու
անձին։
Աւելի՛ն.
-
Ընդդիմադրութիւնը։
Ու
մեր
առաջին
պարտականութիւնը
այս
հակասութիւնը
քանդելն
է
ու
զայն
քանդելու
սկզբնական
միջոցը՝
տրամախօսութիւնը։
…Հայ
գրագէտը,
որ
կ’ենթադրէ
հայ—մարդը
մինակ
է
աշխարհին
մէջ,
հայ
ժողովուրդին
մէջ,
հայ
մարդոց
առջեւ
ու
նաեւ
առջեւը
միւս
հայ
գրագէտներուն։
Ուրեմն,
իր
կապը
աշխարհին,
հայ
ժողովուրդին,
հայ-մարդոց
եւ
միւս
հայ
գրագէտներուն
հետ՝
ողբերգական
է։
Արդ,
ընդունի՞լ
այս
ողբերգութիւնը
իբրեւ
հիմն
իսկ
հայ
գրագէտին
գոյութեան,
այսինքն
իբրեւ
անլուծելի
խնդիր
մը,
անվերջ
ու
անյոյս
պայքար
մը
իբրեւ։
Ու
ներկայիս
մեզ
բզկտող
բոլոր
խնդիրները
ներմուծե՞լ
մեր
սեփական
ողբերգութեան
մէջ
եւ
հո՛ն
իսկ
որոնել
անոնց
լուծումը։
Այո՛։
Բայց
պայմանով
մը
միայն
–
պայմանով,
որ
հայ
գրագէտին
մինակութիւնը
վերածուի
իր
առանձնութեան.
շէն,
մարդաբնակ
ու
ինքնայորդ
առանձնութեան
մը
որ
հայ
ժողովուրդին
էութեան
ներկայութեամբ
եւ
գերագահութեամբ
միայն
կրնայ
ծնիլ
իր
մէջ
եւ
որով
ան
կը
դադրի
անհատ
մը
ըլլալէ
ու
անձ
մը
կ’ըլլայ,
այսինքն
կը
դադրի
ըլլալէ
ես
մը
միայն
եւ
ստրուկը
իր
եսին
ու
կ’ըլլայ
էակ
մը
–
մարդկային
էակ
մը։
Որովհետեւ,
իր
էաբանական
լոյսին
մէջ
եւ
լոյսով
միայն
ան
կրնայ
լուծել
իր
սեփական
խնդիրները։
Ու
ասիկա՝
որովհետեւ
նախ
այս
խնդիրները
իր
էութենէն
իսկ
ծագում
կ’առնեն,
ու
յետոյ,
որովհետեւ,
հայ-մարդուն
միա՛կ
ճշմարիտ
սեփականութիւնը
իր
էութիւնն
է։
Կ’ըսեմ
էաբանական,
ուստի
էաբանութիւն
ու
բանը
կ’ենթադրէ
լեզուն
եւ
գրականութիւնը
մարդուն
լեզուին
ամենէն
հարազատ
մարդեղնացումն
է։
Արդ,
հայ
լեզուն,
իր
իսկութեանը
մէջ,
էաբանական
լեզու
մըն
է։
Կարդացի՜ք
քիչ
մը
ուշադրութեամբ
մեր
հին
մատենագիրները
եւ
մանաւանդ
Եզնիկն
ու
Կորիւնը
եւ
պիտի
համոզուիք
հոս
մատնանշուած
ճշմարտութեան։
Կարդացի՜ք
մանաւանդ
Նարեկացիի
հօր,
Խոսրով
Անձեւացիի
Սուրբ
Պատարագի
Մեկնութիւնը,
այս
անտեսուած
գիրքն
ու
անտեսուած
հեղինակը,
որ
կը
յիշուին
միայն
Նարեկացիի
պատճառով
եւ
Նարեկացիի
շնորհիւ,
անարդարօրէն։
Ու
հայ-մարդը՝
հայ
լեզուն
է։
Ու
հայ
լեզուն՝
հայ-մարդը։
Որովհետեւ,
հայ-մարդը
է
հայ
լեզուով
միայն։
Հայ-մարդուն
եղծանումին
առաջին
ապացոյցը
ներկայիս
իր
խօսած
ու
գրած
ու
հասկցած
լեզուն
է,
որ
քաղաքական
լեզու
մըն
է
միայն.
-
Եղծանուած,
խաթարուած
իբրեւ
հայ
ու
իբրեւ
մարդ։
Ուշադիր
ընթերցողը
նշմարած
է
անշուշտ,
որ
այս
տողերը
գրողին
լեզուն,
քսան
տարէ
ի
վեր,
էաբանական
լեզու
մըն
է։
Ու
ան
իր
հայութիւնն
ու
իր
մարդկութիւնը,
այսինքն
իր
հայ-մարդ
մը
ըլլալու
իրականութիւնը
իր
լեզուով
կը
հաստատէ,
ամէն
բանէ
առաջ։
Ու
ճիշդ
այս
պատճառով
է,
որ
ան,
«անհասկնալի»
կը
մնայ
իր
հետ
ապրող
հայ-մարդոց՝
որոնց
խօսած
գրած
եւ
կարդացած
ու
հասկցած
լեզուն՝
քաղաքական
լեզու
մըն
է։
Այս
վերջին
դիտողութիւնները
ըրի՝
ըսելու
համար
հետեւեալը,
որ
ժամանման
կայարանն
է
բոլոր
այս
էջերուն,
ինչպէս
այս
տողերը
գրողին
գրած
ու
գրելիք
իւրաքանչիւր
էջին.
եւ
ասիկա՝
իր
գրած
առաջին
էջէն
սկսեալ
մինչեւ
գրելիք
վերջին
էջը։-
Սկզբնական
եւ
վերջնական
միակ
անհրաժեշտութիւնը,
հայ-մարդուն
ինչպէս
ոեւէ
մարդու
մը
համար,
իր
ինքնագիտակցութիւնն
է։
Արդ,
մարդկային
էակին
ինքնագիտակցութիւնը,
իր
աներկբայ
եւ
ներքնագոյ
պահանջովն
իսկ,
կ’որոնէ
հաղորդակցութիւնը,
աւելի՛ն
իսկ,
կ’որոնէ
հաղորդութիւնը
միւս-մարդոց
ինքնագիտակցութիւններուն։
Այսինքն
կ’որոնէ
ձերբազատուիլ
իր
մինակութենէն
ու
ձերբազատուիլ
բայը
իր
մէջ
կը
պարունակէ
ազատուիլ
բայը,
որ
կ’ենթադրէ
ազատութիւնը։
Կրօնքները,
բոլո՛ր
կրօնքները
եւ
բոլոր
կրօնքներուն
մէջ
քրիստոնէութիւնը
սկիզբէն
իսկ
եւ
միշտ
ըմբռնած
են
մարդկային
էութեան
այս
հիմնական,
նախնական,
սկզբնական
ճշմարտութիւնն
ու
իր
արժէքը։
Կրօնքը
«անձնական
հարց»
մը
չէ,
ինչպէս
կ’ըսեն
ռամկապետութիւնները
իրենց
ազատականութիւնն
ու
թոյլատուութեան
ոգին
ցոյց
տալու
պարզամտութեամբ,
այլ
անձնական
եւ
նոյն
ատեն
ընկերային
հարց
մը,
գրականութեան
նման,
որովհետեւ
անոնք
յագուրդ
կու
տան
մարդկային
էականին
այս
հիմնական
պահանջին,
քանդելով
անոր
մինակութեան
սահմանները
եւ
զայն
հաղորդակցութեան
մէջ
դնելով
միւս-մարդոց
հետ
ու
այս
հաղորդակցութեամբ
երեւան
հանելով
իր
եւ
միւս-մարդոց
միջեւ
գոյութիւն
ունեցող
հանգիտութիւնը,
համանմանութիւնը,
ուստի
համայնութիւնը
իրենց
ճակատագիրներուն։
Ու
մարդուն
անտեսանելի
եւ
ոգեկան
ինչքերը,
հացի
մը
պէս
այս
հաղորդակցութեամբ
բաժնուելով,
տրուելով
միւս-մարդոց,
այս
հաղորդակցութեան
մէջ
իսկ
«կ’աճին,
կը
մեծնան,
կը
շատնան»,
բանաստեղծին
հոգիին
նման,
մինչ
մինակութեան
մէջ
անոնք
կը
կռնծին,
կը
չորնան
եղեամին
ներքեւ
ինքնայատուկ
սիրոյ
մը,
զոր
արժանապատուութեան
զգացում
կը
կոչեն
մեր
մէջ,
սխալ
եզրաբանութեամբ
մը։
Միակ
կապը
որով
մինակ
մարդը
կապուած
է
մարդոց
ու
աշխարհին,
թանձր
սնափառութիւն
մըն
է
միշտ,
որ
զինքը
մոխիրի
մը
պէս
կը
ցրուէ
զինքը
շրջապատող
իրերուն
եւ
իրողութիւններուն
վրայ։
Մինչ
սէրը
առանձնութեան
մէջ
իսկ
կը
գտնէ
բոլոր
էակներուն
հետ
հաղորդութեան
մը
ակը,
գտնելով
իր
մէջ
իսկ
ներկայութիւնը
անոնց։
Արդ,
մարդը
իր
լաւագոյն
մասերով
միայն
կրնայ
հաղորդուիլ
միւս-մարդոց
հետ
ու
երբեք
իր
վատ
եւ
եղծանուած
մասերով
ու
իր
լաւագոյն
մասը
իր
էութիւնն
է։
Յետոյ,
մարդը
կը
հաղորդուի
մարդոց
հետ
իր
լեզուին
շնորհիւ
եւ
միջոցով։
Ուրեմն,
իր
էութիւնը
նոյնքան
կարեւոր
է
որքան
իր
լեզուն։
Աւելին.
-
Անհրաժեշտ
է,
որ
այս
լեզուն
էաբանական
լեզու
մը
ըլլայ։
Ու
հոս,
այսինքն
միտքին
աշխարհին
մէջ,
ազատութիւնն
է,
որ
կը
գործէ
ազատութիւնը՝
որ
մասերը
ամբողջին
կը
միակցէ,
որ
ամբողջը
կը
գտնէ,
կը
բռնէ
մասերուն
մէջ
եւ
մասերէն
ալ
անդին։
Ու
այս
գործը
իր
իսկութեան
նուաճումն
է
եւ
որուն
սկզբունքը
սէրն
է
եւ
միայն
սէրը։
Ու
մարդը
իր
մէջ
կը
սիրէ
միայն
ակը
իր
էութեան՝
որ
ակն
է
նաեւ
իր
կեանքին։
Այս
սէրը
տեւական
արարք
մըն
է
իր
մէջ
եւ
այս
արարքը՝
մասնակցութիւնը
իր
ոգեկանութեան,
որ
նոյնն
է
բոլոր
մարդոց
համար։
Ու
հայ-մարդուն
կեանքը
այսօր
իրեն
համար
նշանակութիւն
մը
չունի,
որովհետեւ
այս
ոգեկան
տիեզերքին
մէջ
ինք
չէ
թափանցած
եւ
չէ
գտած
հոն
իր
գոյութեան
մասնայատուկ
տեղը
ու
չէ
նշանադրած
զայն
իր
անձնական
ճակատագիրովը։
Ու
ինչ
որ
անձնական
ճակատագիր
կը
կոչեմ՝
իր
ժամանակաւոր
ճակատագիրը
չէ՝
որ
իր
առժամեայ
եւ
յարափոփոխ
տուեալներով
կազմուած
է
միշտ,
այլ
իր
բարոյական
ճակատագիրը,
որ
նոյն
ատեն
իր
ոգեկան
ճակատագիրն
է։
Այս
տողերը
գրողը
կը
հաւատայ
եւ
միշտ
ալ
հաւատացած
է
հայ-մարդոց
եւ
աւելի
եւս
հայ
գրագէտներուն
ինքնագիտակցութիւններուն
ներքնագոյ
հանգիտութեան
ու
գիտակցութիւններուն
փոխադարձութեան,
ուստի
իրարահաղորդութեան։
Այս
հաղորդակցութիւնը
աւելի
քան
որեւէ
ուրիշ
հաւաքական
գործունէութեան
մը
մէջ,
մեր
գրականութեան
մէջ
միայն
կրնայ
տեղի
ունենալ
ներկայիս՝
պարզ
այն
պատճառով,
որ
գրականութիւնը
միտքը
կ’ենթադրէ
եւ
մարդիկ
իրենց
միտքովը
կրնան
հաղորդուիլ
իրարու
եւ
ոչ
թէ
իրենց
մարմիններովը։
Ու
միտքը՝
ազատութիւն
է
նախ։
Այս
հաղորդութեան,
նոյն
իսկ
այս
հաղորդակցութեան
մէջ
միայն
իւրաքանչիւր
հայ
մարդ
ինքզինքը
կը
գտնէ
աւելի
ազատ
շարժումի
մը
մէջ
ու
աւելի
հարուստ.
Աւելին
–
այս
հաղորդակցութեան
մէջ
աւելի
քան
ուրիշ
որեւէ
տեղ
մը՝
հայ-մարդը
ներկայ
է
ու
թափանցիկ
ինքզինքին,
ներկայ
ու
թափանցիկ
կ’ըլլայ
ինքզինքին
եւ
իր
դիմացինին։
Ու
ինչ
որ
հայ-մարդերը
կը
հաղորդեն
իրարու,
կու
տա՛ն
իրարու՝
մէկը
միւսով
ստանալու
կարողութիւնն
է
այն
բանին
զոր
դեռ
չունին
անոնք
ո՛չ
մէկը
եւ
ոչ
ալ
միւսը։
Այս
սեփական,
ներքին
ու
ոգեկան
փորձառութիւնը
որուն
հիմը
սէրն
է
եւ
զոր
ամէն
մարդ
ամէ՛ն
օր
կրնայ
կատարել
ամէն
հայ-մարդու
հետ
«սիրտը
բաց»
տրամախօսութեան
մը
մէջ,
ուր
գրկու
տարբեր
գիտակցութիւններու
փոխադարձ
հաճութիւնը
նոյն
ճշմարտութեան
ընդգրկումին
մէջ
կը
փոշիացնէ
ու
ոչինչին
հովերուն
կու
տայ
իրենց
մինակութիւնը
եւ
զիրենք
բաժնող
բոլո՛ր
մարմինները։
Ու
այս
ճշմարտութիւնն
ու
իր
առարկան
ո՛րքան
իրական,
կենդանի
ու
ճանչցուած
եւ
սիրուած
ըլլան,
հայ-մարդոց
հաղորդակցութիւնը
նոյնքան
ազատ
ու
կատարեալ
կ’ըլլայ։
Աւելին
-
միա՛կ
ճշմարիտ
եւ
մարդկային
ընկերութիւնը,
նոյն
հարստութեանց,
իւրաքանչիւր
հայ-մարդու
անձնական
կոչումին
մասնակցութեամբը
միայն
կարելի
է
կազմել։
Ու
այս
կոչումներուն
այլազանութիւնը
միայն
կ’ապահովէ
ընկերութեան
զարգացումը
ու
բարգաւաճումը։
Ու
կը
կրկնեմ
–
առանձնութիւնը
սէրը
կ’ենթադրէ
եւ
մինակութիւնը՝
տենչանքը։
Ու
հայ-մարդուն
սէրը
միշտ
կը
փորէ
զայն
եւ
իր
մէջ
կը
ստեղծէ
պարապութիւն
մը
զոր
հայ
ժողովուրդին
ամբողջականութիւնը
միայն
կրնայ
լեցնել
եւ
ոչ
թէ
միայն
հայ-մարդերու
մասնայատուկ
խմբաւորում
մը։
Այս
առանձնութեան
մէջ
բոլոր
հայ-մարդերը
կ’ընդունուին
գրկաբաց
ինչպէս
հայրենիքին
մէջ։
Մարդուն
առանձնութիւնը
իր
հայրենական
տունն
է
մինչ
մինակ
մարդը,
տենչահար
մարդը՝
թափառական
մըն
է
եւ
ամէ՛ն
տեղ
օտար
–
օտա՛ր
նաեւ
ինքզինքին։
Երկու
էակներու
հանդիպումը
միշտ
հանդիպումն
է
իրենց
առանձնութիւններուն,
իրենց
սէրերուն,
իրենց
ինքնագիտակցութիւններուն
եւ
այս
հանդիպումը
այս
առանձնութիւնները,
սէրերը,
ինքնագիտակցութիւնները
կ’ընէ
աւելի
մտերիմ
ու
գաղտնագոյ,
աւելի
խորունկ
եւ
թափանցիկ։
Աւելի
իւրացուած։
Ու
պէտք
է
գիտնալ.
-
աշխարհի
բոլոր
հայ-մարդոց
առանձնութիւններուն,
սէրերուն
եւ
գիտակցութիւններուն
համար
Մէկ
հայ
ժողովուրդ
մը
միայն
կայ,
ուստի
մէկ
հայ
հայրենիք,
մէկ
հայ
մշակոյթ,
մէկ
հայ
գրականութիւն։