Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

       ***
       Շատերը դեռ ըմբռնած չեն թիւին ուժը եւ կարելիութիւնները։ Ապրիլ ինքզինքին համար, միմիայն ինքզինքին, արժէքդ ճշդել եւ իրականացնել առանձին՝ հետզհետէ աւելի անկարելի կը դառնայ։ Պէտք է միանալ, ուժով, անկեղծ կերպով, առանց վերապահումի, եւ ահա՛ բոլոր ճիգերը, մինչեւ իսկ ամենէն խիզախները, կրնան փորձուիլ եւ կրնան յաջողելու հաւանականութիւններ ունենալ։ Բայց լաւ հասկցուինք. չեմ ըսեր թէ պէտք է մտնել որոշ ընկերութեան մը մէջ հետապնդելու համար անձնական՝ ուրեմն եսասիրական նպատակ մը։
       Խորապէս ապրիլ՝ կը նշանակէ վերագտնել ինչ որ մարդկային է, զգալ հաւաքականին, ներդաշնակին փափաքը, երկարել ձեռք մը որ միշտ պատրաստ է ընկերանալու, օգնելու, վեր բռնելու։ Միանալ՝ կը նշանակէ հանդիպի՛լ, բարեկամութեան եւ ոչ թէ շահու գետնին վրայ։ Անո՛նց համար որ կ’ուզեն գործել, անո՛նց համար որ կարող են պատասխանատուութիւններ ստանձնել, կա՞յ աւելի աղուոր դեր մը քան կազմակերպիչի, ոգեւորիչի դերը։ Օ՛ն, նետուեցէք գործունէութեան մէջ, խմբեցէք ձեր շուրջը բարեկամներ, եւ պիտի տեսնէք թէ ի՛նչպէս կրնայ անիրագործելին դիւրին ըլլալ։
       ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
       Անտիպ