Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա. ՃՇԴՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ
      
       Անմիջապէս կը սահմանեմ գրագէտ, ողբերգական եւ կացութիւն բառերը։ Ու ասիկա՝ ամէն թիւրիմացութիւն ի յառաջագունէ չէզոքացնելու համար նախ։ Ու յետոյ՝ հաստատելու համար նաեւ ճշդորոշութիւն մը՝ որ անխախտ պայմանն է իմ մշտատեւօրէն որոնած թափանցկութեանս. ու այս վերջինը՝ պայմանը ըմբռնելիութեան՝ որուն համար մարդը կը խօսի, կը գրէ ու կ’ապրի եւ որ իր ընկերային հանգամանքին հիմն իսկ է։
       Գրագէտ կը կոչեմ այն մարդը, որ իր սեփական բնութեան մէջ, ինչպէս մէջը ոեւէ մարդկային էակի մը բնութեան` կը զգայ, կը գտնէ ու կը ճանչնայ, այլ հիմնական իրականութիւններու կարգին, մարդկային հիմնական իրականութիւն ՄԸ եւս եւ կ’ընդունի, որ արուեստը միայն կարող է զայն արտայայտելու, մարդեղնացնելու եւ արժէւորելու։ Աւելին. կը հաւատայ՝ թէ զայն արժէւորելու գործունէութիւնը կոչում մըն է։ Ու վերջապէս, ան յանձն կ’առնէ այս կոչումը եւ իր այս յանձնառումովն իսկ՝ զայն կ’ընէ իր ճակատագիրը։ Գրագէտին համար ո՛չ միայն իր մշակած գրականութիւնը, այլ ամբողջ գրականութիւնը որուն մաս կը կազմէ ինք, իր գոյութեան պատճառն է։ Ու է՛ նաեւ իր գիտակցութիւնը։ Ու իր անգիտակցութիւնը նաեւ: Որովհետեւ, ամե՛ն գիտակցութիւն անգիտակցութիւն մը կ’ենթադրէ։ Այս ճշմարտութեան հակառակը ուրիշ ճշմարտութիւն մը չէ։
       Ողբերգական կը կոչեմ ձախողութեան մը գիտակցութիւնը։ Աւելի յստակօրէն խօսելով. - Ողբերգական կը կոչեմ այն ցաւախռով գիտակցութիւնը, որ սեւեռաբիբ աչքի մը պէս բացուած է, մեծ անկարողութեամբ մը կաշկանդուած մարդուն մէջ, եւ որով անիկա ականատես ու անզօր վկան կ’ըլլայ, մարդուն համար իսկ էական արժէքի մը քայքայումին, փոշիացումին ու կորուստին։ Մարդկային էակին կեանքը միայն ողբերգական է ու առանց գիտակցութեան՝ ճշմարիտ կեանք մը գոյութիւն չունի, ուստի նաեւ ողբերգութիւն։
       Կացութիւն կը կոչեմ այն կապը որ հայ գրագէտը, իբրեւ հայ-գրագէտ ու իբրեւ հայ-մարդ կը կապէ հայ-մարդուն եւ հայ-մարդոց։ Կը կապէ ամբո՛ղջ հայ ժողովուրդին ու իր գոյութեան ներկայ իրականութեան։ Կը կապէ զայն աշխարհին՝ այս գոյութեան ընդմէջէն։
       Հոս անհրաժեշտ է ընել նաեւ հետեւեալ զատորոշումը. - Մեր մէջ, տարիներէ ի վեր կը խօսուի ու կը գրուի հայ գրագէտին կեանքին «ողբերգութեան» մասին ու առաւել կամ նուազ յստակութեամբ այս «ողբերգութիւնը» ծանօթ է հայ-մարդոց։ Ա՛րդ, ինչ որ ցարդ հայ գրագէտին ողբերգութիւնը կը նկատուի՝ չէ այն ողբերգութիւնը որուն մասին ես կը խօսիմ։ Աւելին. -Անիկա ո՛չ ողբերգութիւն մըն է ու ոչ ալ ողբերգական ըստ իս։ Պարագան նոյնն է այն «ողբերգութեան» համար, որ հայ ժողովուրդին ողբերգութիւնը կը նկատեն մարդիկ, նոյնպէս տարիներէ ի վեր։ Այս «ողբերգութիւնը» հայ գրագէտին ինչպէս հայ ժողովուրդին դժբախտութիւններուն գումարն է միայն եւ պարզապէս, մինչ իրական ողբերգութիւնը, կամ հոս հասկցուած, ընդունուած եւ ներկայացուած ողբերգութիւնը գումար մը չէ այլ ներքնակառոյց եւ ներքնայայտ միութիւն մը։ Ուրեմն, այն բոլոր դժբախտութիւնները որոնք հայ գրագէտին «ողբերգութիւնը» նկատուած են, հայ գրագէտին կողմէ իսկ, ողբերգութիւններ չեն եւ ոչ ալ ողբերգութիւն մը, թէեւ անոնց բարձումը հայ գրագէտին գոյութիւնը նուազ ողբերգական կրնայ ընել ու կ’ընէ։
       Այս բառին եւ այս բառին նման ու հետ գրեթէ բոլոր վերացական բառերուն շփոթ, սխալ եւ անկայուն իմաստներով գործածութիւնը մեր մէջ, արտաքնայայտ նշանն է ժամանակակից հայ միտքին ու նշանը նաեւ այն անգիտութեան, անտարբերութեան եւ անհաւասարակշռութեան, որոնք հիմնական յատկանիշներն են ներկայ հայ-մարդուն։ Աւելին ալ. -Նոյն այս յատկանիշներով կազմուած է ներկայիս այն պղտոր ու ճահճային վիճակը զոր մենք մեր մտաւորական կեանքը կը կոչենք, յաւակնոտութեամբ, ուստի չափազանցութեամբ։ Հայ լեզուին բառերուն իմաստին այս ինքնածին շփոթութիւնը՝ շփոթութիւնն իսկ է հայ-մարդուն զգացումներուն, գաղափարներուն եւ կամքին, շփոթութիւնը, պղտորութիւնն իսկ է հայ-մարդուն էութեան։ Հայ գրողը որ գիտէ իր ըսածը եւ կ’ուզէ որ ընթերցողն ալ գիտնայ իր գիտցածը, հարկադրուած է իր գործածած իւրաքանչիւր բառը սահմանելու։ Այս տողերը գրողը ինքզինքը այս հարկադրանքին լուծին ներքեւ կը գտնէ, ահա՛ քսան տարիէ ի վեր եւ աւելի ու այս իրողութիւնը իր դժբախտութեան առաջինն է։ Ներկայ իրարահասկացողութեան բացակայութիւնը կը սկսի մեր լեզուին մէջ եւ մեր լեզուով։ Ասիկա ալ ուրիշ մէկ դժբախտութիւնն է ե՛ւ մեր լեզուին, ե՛ւ հայ-մարդուն, ուստի նաեւ հայ գրագէտին։ Որովհետեւ, ներկայիս, հայ լեզուն դժբախտ լեզու մըն է, ճիշդ ու ճիշդ նման հայ-մարդուն եւ նման հայ-մարդուն գիտակցութեան։ Թերեւս այս երեք դժբախտութիւնները նոյն եւ միակ դժբախտութիւնն են։ Առնուազն, անոնք անքակտելի, անյետսկոչելի կցորդութիւն մը ունին։
       Հաստատելէ եւ վերլուծելէ առաջ ինչ որ ես հայ գրագէտին ողբերգական կացութիւնը կը կոչեմ, հոս կը յիշատակեմ գլխաւորները միայն այն դժբախտութիւններուն՝ որոնց ցանցին մէջ հայ գրագէտը բռնուած է եւ որոնք զայն կը խորեն, կը սպառեն եւ կը վատնեն։ Այս դժբախտութիւնները կը բաժնեմ երկու մասի. - Առաջին մասը կը կազմեն անոնք, որ դժբախտութիւններն են նաեւ բոլոր հայ-մարդոց, ուստի Արտասահմանի հայ ժողովուրդին ներկայ գոյութեան։ Երկրորդ մասը կազմուած է դժբախտութիւններով՝ որոնք մասնայատուկ են միայն հայ-գրագէտին անոնք դժբախտութիւններ են որովհետեւ տրուած այս հայ-մարդերը գրագէտներ են եւ այս դժբախտութիւնները կը դադրին գոյութիւն ունենալէ այն օրն իսկ ուր գրագէտ հայ-մարդը կը լքէ գրականութիւնը ու կ’ըլլայ հայ-մարդ մը միայն, նման միւս հայ-մարդոց։