Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄԵՐ ԾՆՈՒՆԴԻՆ ԱՌԹԻՒ
       Ահաւասիկ: Սերունդը, որ մենք ենք եւ զոր այլեւս եւ դեռ որոշ ժամանակի մը համար պէտք է միջին սերունդ կոչել, հասած է իր առուգութեան կեդրոնին։ Այս սերունդին կրտսերագոյններէն մէկը որ այս տողերը կը գրէ, արդէն գրեթէ հպած է քառասունին։ Հազիւ քսան, կամ աւելի, կամ պակաս տարիներ ունինք այս աշխարհին վրայ ու անկէ ետք, մենք ալ, իւրաքանչիւրս իր օրին, եւ ամէն մարդու նման. պիտի թողունք այս աշխարհը ու պիտի մեկնինք։ Ինչո՞ւ տանիլ, որո՞ւ տանիլ, ի՞նչպէս տանիլ մեզի հետ, ծրարելով մեր վերջին շունչին մէջ, ինչ որ ունինք եւ որ մերն է, միայն եւ միայն մերը, ամբո՛ղջ տիեզերքին մէջ եւ մինչե՜ւ յաւիտեան։ Յետոյ, այս վերջին տասը տարիներու ընթացքին, գիտակից ու անգիտակից, ներքին ու արտաքին խո՛ւլ աշխատանքով մը, մեր լռութեան, ցասումին, ցաւին, մերժումին ու խզումին մէջ, մեզմէ իւրաքանչիւրին գիտակցութիւնը հաստատութիւն մը, պայծառութիւն մը, կերպարանաւորում մը ստացաւ, այսինքն, մեզմէ իւրաքանչիւրը աւելի ամբողջապէս ինքզինքը եղաւ։ Ու ներկայիս, մեզմէ իւրաքանչիւրը ո՛չ միայն անփոխարինելի բան մը ունի իր մէջ, այլ ինքն ալ իրապէս անփոխարինելի հայ-մարդ մըն է։ Հայ ժողովուրդին տեւողութեան մէջ, մեզմէ իւրաքանչիւրին տեղը ստեղծուած է եւ մեր իւրաքանչիւրէն զատ ո՛չ ոք կրնայ արդարօրէն զայն գրաւել, զայն լեցնել։ Ուստի մէզմէ իւրաքանչիւրը, այս տեւողութեան մէկ անհրաժեշտութիւնն է։ Մեզի՛ կը մնայ այս անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը ունենալ, կառչիլ անոր, զոհել անոր ամէն ինչ, ինչպէս ըրած ենք ցարդ. բայց աւելի մե՛ծ ու կազմակերպուած կամքով մը եւ հաւատքով եւ սէրով։ Աւելի՛ն. - Փոխանակ բանտարկուած մնալու այս անհրաժեշտութեան մէջ, որ մեզի ամլութիւն մը եւ անազդուութիւն մը տուաւ միշտ, թօթափել զայն եւ դուրս ելլել անկէ։ Անոր տիրապետութիւնը մեր սիրտին ու միտքին վրայ, մեզմէ շատերը ըրաւ անիշխանականներ եւ մեզմէ շատերը անիշխանութիւնը շփոթեցին ազատութեան հետ։ Արդ, էականը ազատութիւնն է միշտ մարդուն համար եւ ճշմարիտ ազատութիւնը կը սկսի անիշխանութենէն անդին։ Մեր իւրաքանչիւրին ու բոլորին մարդկային փորձառութիւնը, զոր ցարդ մեզի հետ քաշքշեցինք երկիրէ երկիր, քաղաքէ քաղաք ու տարուէ տարի, ձիւնին վրայ գլորուող առարկայի մը պէս միշտ մեծնալով ու մի՛շտ ծանրանալով, մեր գոյութեան թշուառութեան մէջ իսկ, մեր գոյութեան միակ արժէքն է։ Աշխատանքով մը միայն մենք կրնանք զայն արուեստի գործերու վերածել, այսինքն զայն թողուլ այս աշխարհին եւ այս գործերով մնալ, կենալ բոլոր այն հայմարդոց հետ, որոնք դեռ պիտի գան ինչպէս մեզի հետ են անոնք՝ որ դարերու ընթացքին մեր մշակոյթը կերտեցին։ Անոնց այսօրուան կենդանութիւնը զոր մենք կը զգանք, որ մաս կը կազմէ մեր կենդանութեան, անոնց հաւատքին ու կամքին ու սիրոյն իրականացումներն են միայն։
       Ու ինչպէս որ մեր նախորդներուն ներկայութիւնը մեր մէջն ու մեր շուրջը մեր ձեւն իսկ կու տայ մեզի, իր հիմերուն մէջ, մեր իւրաքանչիւրին եւ մեր բոլորին, աւելին, ինչպէս որ առանձնապէս մեր իւրաքանչիւրին եւ հաւաքաբար մեր բոլորին վրայ աւելնալով, մեր նախորդները մեզ ալ կ’աւելցնեն, ուստի կը փոխեն մեզ մեր մէջն ու մեր շուրջը, նոյնպէս մեր գործը միայն, աւելնալով մեր նախորդներուն մեզի ժառանգ ձգած գործին վրայ, զայն պիտի աւելցնէ, ուստի պիտի փոխէ ինքն իր մէջ, ծառի մը պէս, որ տեղւոյն վրայ իսկ, եւ միշտ ծառ մը ըլլալով, ծառ մը մնալով կը փոխուի յարատեւօրէն։ Ու յառաջատուութեան այս ձեւով է, որ աւանդութիւնը, իր կենդանի տարրերուն մէջ, որոնք հինին կրկնութեամբը չէ, որ առաջ կու գան, այլ նոր եւ տարբեր եւ նոյն ատեն հին ու նոյն շարժումներով, իմաստ մը կը զգենու։ Ա՛րդ, այն աշխատանքը, որուն ակնարկեցի, իբրեւ պայման պարտի ունենալ աւանդութեան այս կենդանութիւնը, իրականութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը։ Ու արդէն, այժմ, մեր ներկայ հասունութեան մէջ, մենք այլեւս կը զգանք այս մեծ ու խորունկ ճշմարտութիւնը։ Նոյն իսկ, մեզմէ լաւագոյններուն մէջ, այս ճշմարտութիւնը զգացում մը չէ միայն, այլ անխորտակելի գիտակցութիւն մը։ Ու մեր իւրաքանչիւրին որոնումը, տարիներէ ի վեր, հաւատարմութիւնն է. - Հաւատարմութիւն՝ մենք մեզի հանդէպ։ Ու առանց անկեղծութեան՝ հաւատարմութիւնը զուր պատրանք մըն է միայն։ Ու միջին սերունդին հիմնական առաքինութիւններն են իր անկեղծութիւնն ու հաւատարմութիւնը, աւելի ճիշդը, անկեղծ ու հաւատարիմ ըլլալու իր տենչանքն ու նախանձախնդրութիւնը։ Արդ, ճշմարիտ հաւատարմութիւնը, ինչպէս անկեղծութիւնը, ամբողջականին մէջ միայն կարելի է եւ առանց վերոյիշեալ աւանդութեան՝ ամբողջականութիւնը գոյութիւն չունի, ուստի գոյութիւն չունի՛ն հաւատարմութիւնն եւ անկեղծութիւնը։ Միջին սերունդին քառորդ դարու տկարութիւններէն, մեղքերէն մէկն է անտեսումը, երբեմն նոյն իսկ ուրացումը մեր նախորդներուն ո՛չ թէ գոյութեան, այլ իրականութեան, եւ այս իրականութեան արժէքին։ Ու միւսը՝ առանց այս ամբողջականութեան՝ հաւատարիմ ու անկեղծ կարենալ ըլլալու պատրանքն է։
       Որպէսզի աւելի յստակ ու դիւրըմբռնելի ըլլամ, ինքզինքս պարտաւոր կը զգամ ըսելու տակաւին. Մենք արեւելքցի ենք։ Մեր ժողովուրդին դարաւոր դժբախտութիւնը կը կայանայ հետեւեալ իրողութիւններուն մէջ. Մեր երկիրը կը գտնուի Արեւելքի մէջ եւ ժողովուրդի մը քաղաքականութիւնը ստիպողաբար կը բխի իր երկրին սահմաններէն։ Միւս կողմէն, մեր ժողովուրդը խառնուրդ մըն է արեւմուտքցի եւ արեւելքցի ժողովուրդներու։ Ու աւելին ըլլալով, անիկա իր ամբողջութեանը մէջ քրիստոնեայ ժողովուրդ մըն է եւ քրիստոնէութիւնը արեւմուտքն է, իր իսկութեանը մէջ։ Եւ որովհետեւ քրիստոնէութիւնն է մեր մշակոյթին հիմն ու կառոյցը, ուրեմն, մեր ժողովուրդին քաղաքականութիւնը արեւելեան է ու մշակոյթը՝արեւմտեան։ Եւ արեւելքն ու արեւմուտքը իրարու հակադիր իրականութիւններ են։ Ու մեր պատմութիւնը, մեր մշակոյթին ու մեր քաղաքականութեան հակամարտութեամբ կազմուած սարսափելի իրականութիւն մըն է։ Ու այս հակամարտութիւնը այսօր ինչպէս երէկ ու միշտ, գոյութիւն ունի եւ ունէր, իւրաքանչիւր հայ-մարդու մէջ։ Անիկա էր ու է՛ հայ-մարդը ինքզինքին մէջ իսկ բզկտող, զայն վերէն վար երկուքի կիսող երկսայրի սուրը։ Ու բոլոր անոնք, որ միայն քաղաքականութիւն ըրած են կամ մեր քաղաքականութիւնը գերադասած են մեր մշակոյթին, հետեւած են արեւելքին եւ որոնց պատկերազարդ ներկայացուցիչն է Վասակը, այս զրպարտուած հայրենասէրը։ Ու փոխադարձաբար՝ անոնք, որ մեր մշակոյթը գերադասած են մեր քաղաքականութեան՝ անոնք արեւմուտքցի են։ Ա՛րդ, խնդիրը գերադասելու, ուստի մեր քաղաքականութիւնն ու մեր մշակոյթը իրարմէ բաժնելու, ուստի հայ-մարդը ինքն իր մէջ եւ հայ-մարդերը իրարու միջեւ բաժնելու խնդիր մը չէ, այլ այս երկու իրականութիւնները, հայ-մարդուն մէջ իսկ նախ ու յետոյ հայ-մարդոց միջեւ միացնելու, իրարմով լրացնելու խնդիր մըն է։ Կենդանի ու իրական այս համադրութեան մէջ միայն կրցած է ու կրնայ հայ-մարդը գտնել իր մասնայատուկ ու եզակի միութիւնը, ուստի միութիւն մը ստեղծել հայ մարդոց միջեւ։ Ու մեր պատմութեան ընթացքին, ամէն անգամ, որ իմաստուն թագաւոր մը կրցած է այս համադրութիւնը ստեղծել, մեր երկիրը բարգաւաճած է։ Ու մեր բոլոր թագաւորներուն մէջ, Բագրատունիներն են, որ կրցան իրապէս ստեղծել այս խոր համադրութիւնը եւ տեւողութիւն մը տալ անոր։ Համադրութեան այս գործն է Բագրատունիներուն փառքը։ Ու նաեւ՝ իմաստութիւնը։ Ու պէտք է խոստովանիլ - մեր պատմութեան ամբո՛ղջ տեւողութեան, մեր գիտակից իշխանաւորները միշտ ունեցած են տենչանքը այս համադրութեան ու որոնած են զայն։
       Ա՛րդ, մենք, Արտասահմանի հայ մարդերս, ինկած ենք արեւմուտքի մէջ ու կտրուած՝մեր արմատէն իսկ։ Բայց արեւելքը մեր մէջն է։ Ու այս իրականութիւնն է մեր սերունդին գոյութեան մասնայատուկ մէկ նկարագիրը, զոր պէտք է ընդունինք, որուն պէտք է գիտակցինք եւ զոր պէտք է կիրարկենք՝ ըլլալով եւ ըլլալու համար հաւատարիմ մենք մեզի։ Ու հոս է սկզբնական դժուարութիւնը։ Ու հոս է նաեւ հիմը մեր ազատութեան, մեր սիրոյն եւ մեր գործին։
       Անշուշտ մենք դժբախտ սերունդ մըն ենք։ Ու մեր դժբախտութեան պատճառները երկու ակնաղբիւրներ ունին. - Մեր մէջ եւ մեզմէ դուրս։ Գլխաւորը այս դժբախտութեանց եւ որ միշտ խուսափած է մեր իսկ դատողութեան հակակշիռէն, է՛ ինչ որ հաստատեցի վերը։ Երկրորդը հետեւեալն է. - Մեր մէջ ինչպէս այլ ժողովուրդներու մէջ մանաւանդ, որեւէ սերունդ կը կազմուի այլազան անդամներով։ Ըսել կ’ուզեմ. - Սերունդը կ’ունենայ իր գրական, մտաւորական, քաղաքական ու նաեւ ընթերցող եւ համախոհ նոյն տարիքի անդամները։ Մեզ նախորդող սերունդները ունեցան այս բոլորը։ Ու կը նշմարեմ, որ մեր յաջորդներն ալ ունին զանոնք։ Մեր սերունդը, զոր ես միջին սերունդ կը կոչեմ ներկայիս, կազմուած է միայն գրողներէ։ Այս գրողներուն տարեկից հայ-մարդերը հոգեկան, մտաւորական, բարոյական ու գեղագիտական կապեր չունին անոր հետ։ Այս սերունդը, իր մեծամասնութեամբ, մերժելով քաղաքականութիւնը, հեռացած է նաեւ կուսակցութիւններէն։ Ու կուսակցութիւնները, իբրեւ պարապութիւն, կը տարածուին իր եւ մեր ժողովուրդին միջեւ։ Ու կայ նաեւ իր բզկտուած գիտակցութիւնը, որ միայն գեղարուեստով կազմուած չէ այլ մարդկային մե՛ծ ու ցաւագին փորձութեամբ մը։ Ու այս պատճառներով, անիկա իր մինակութեան մէջ պաշարուած սերունդ մըն է, ինչպէս բերդի մը մէջ: Ու ամէն մինակութիւն դժբախտութեան հեղեղ մըն է։ Ու ասկէ՝ նաեւ իր անձկութիւնը։
       Վերջապէս, մեր երրորդ դժբախտութիւնն է ներկայ ընկերութեան եւ գործող-հայ-մարդոց մէջտեղ այն մե՛ծ քաջութիւնը, որով մենք մեր կոչումին, ուստի մեր ճակատագրին կը կառչինք ու կառչած կը մնանք։ Որովհետեւ, պէտք է խոստովանիլ ասիկա ալ, ինչպէս ամէ՛ն բան. - քառորդ դարէ ի վեր, հայ-գործող-մարդերը կորսնցուցած են այլեւս իրենց ճակատագիրը, նոյն իսկ զգացումը իրենց ճակատագրին ու եղած են առանց ճակատագրի մարդեր։ Չեմ կրնար այս ամբաստանութիւնը ընել ժողովուրդային-հայ-մարդուն, որ ծանրօրէն կը կրէ իր ճակատագիրը եւ տէրն է անոր։ Ու այս պատճառով իսկ՝ անիկա դեռ հայ-մարդ մըն է, գրեթէ անխաթար։
       Ու ճակատագիրը՝ ճակատագրապաշտութիւնը չէ։ Անիկա կոչումի մը գիտակցութիւնն ու իրագործումն է։ Ու ներկայիս, գործող-հայ-մարդուն համար, ինքզինքը կոչումով մը ծնած զգալը, մեղքով մը կամ ժառանգական հիւանդութեամբ մը ծնած ըլլալ կը նշանակէ։ Իւրաքանչիւր մարդկային էակ իր սեփական կոչումովը կը ծնի. իր ծնունդն իսկ կոչում մըն է այս աշխարհին մէջ։ Ու քրիստոնէութիւնը, աւելի քան ուրիշ որեւէ բան, մարդուն կու տայ գիտակցութիւնը իր կոչումին։ Քրիստոնէութիւնը ճակատագրապաշտութիւն մը չէ ինչպէս կը կարծեն շատեր եւ ուրիշներու ալ կարծել կու տան, այլ մարդուն ճակատագրին գիտակցութիւնն իսկ է, այս աշխարհին վրայ եւ մեր պապերը քրիստոնեաներ էին։ Ու մարդուն ճակատագիրը ի յառաջագունէ գրուած չէ, այլ մարդն է որ, իր սեփական ճակտին վրայ, իր ճակատագիրը կը քանդակէ, իր սեփական ձեռքերովը։ Այսօր, հայ-մարդը, ինչպէս շատ մը ուրիշ մարդեր, աշխարհի ամէն կողմը, դադրած են իրենք զիրենք իրենց ճակտին վրայ արձանագրելէ, քանդակելէ, իրականացնելէ։ Ու ճակատագիրը միշտ եւ միայն մարդկային է։ Անասունը ճակատագիր չունի։ Անշուշտ, մեր ճակատագիրը կրնայ վրիպիլ։ Ու մարդու մը ճակատագիրը վրիպած է, երբ մարդուն կոչումը չէ պարածածկած մարդուն գոյութիւնը… Մեզմէ ոմանց քառորդ դարու մարդկային պայքարը, որ հասած է երբեմն անմարդկայինին սահմաններուն, այս պարածածկումին ի խնդիր ծանրակրուած տաժանք մըն է։ Ու խոստովանինք, - այս տաժանքին մեզի տուած ցաւերը, դառնութիւնները, յուսահատութիւնները, մենք ալ, իրարու հանդէպ ցոյց տուած մեր տխմարութիւններովը, անկրթութիւններովն եւ ապիկարութիւններովը, սաստկացուցինք, բազմապատկեցինք իսկ։
       Միջին սերունդին այս երեք հիմնական նկարագիրները, որոնց վրայ պէտք է աւելցնել դեռ ուրիշ նկարագիրներ, զորս առաւել կամ նուազ յստակութեամբ շատեր կը ճանչնան, նոյն այս սերունդին ճակատագրին եզակիութիւնը կը կազմեն. ու մարդը, ինչպէս սերունդը, ինչպէս ընկերութիւնն ու ժողովուրդը, միշտ փրկուած է ու կը փրկուի, իրականացումովն իսկ իր ճակատագրին եզակիութեան, կամ՝ իր եզակի ճակատագրին։ Ու ինչ որ մեր ճակատագրին եզակիութիւնը կը կոչեմ, մեր իւրաքանչիւրին եւ բոլորին մասնայատուկ գոյութեան նշանակութիւնն է, որուն լոյսին մէջ միայն ինքնութիւն մը, անհրաժեշտութիւն մը, իմաստ մը կրնան ունենալ ինչ որ կայ մեր մէջը իբրեւ զգացում ու մտածում ու կամք եւ մեզմէ դուրս՝ մեզ շրջապատող մարդերը, իրերը, իրողութիւններն ու դէպքերը, որոնք ամէ՛ն վայրկեան կը փլին մեր վրայ, ձիան հիւսերու նման։ Մեր իւրաքանչիւրին եւ բոլորին գործը, այս եզակի գիրը գրելն է, զայն առեղծուածի մը նման դրոշմելն է իւրաքանչիւր հայ-մարդու ճակտին վրայ, - մեր իւրաքանչիւրին ճակտին վրայ, այսինքն…։
       Մեր Ծնունդին առթիւ իմ մաղթանքս պահանջ մըն է։ Ու ինչ որ ալ ըլլայ, եթէ ոչ մարդը անջատաբար, գոնէ մարդկութիւնը իր ամբողջութեանը մէջ վեհանձն է միշտ եւ այս վեհանձնութեամբ իսկ, անիկա միշտ քիչ մը աւելի կը պատկանի անո՛ր, որ միշտ աւելին կը պահանջէ անկէ եւ ինքզինքէն։ Ու գիտեմ թէ ի՛նչ կը պահանջեմ ես. - կամքի, հաւատքի եւ սիրոյ մարդկային փորձարկութիւն մը, փորձութիւն մը։ Ա՛յն կամքին, հաւատքին ու սիրոյն՝ զորս ունեցած են մեր նախնիքը եւ որոնց ապացոյցները մենք կը գտնենք այսօր, իրենց ամբո՛ղջ կենդանութեանն ու ահաւորութեանը մէջ, մեր գրիչներուն մեզի ժառանգ ձգած յիշատակարաններուն մէջ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը ո՛չ միայն փորձառութեամբ մը լեցուն է, այլ իր մէջ կը կրէ բազմաթիւ գրական գործեր, անմիջական եւ ստոյգ կարելիութիւններու նման։ Ա՛րդ, այս կարելիութիւնները իրականացնելու համար աշխատանքը անհրաժեշտ է ու ամէն աշխատանք իր նիւթական պայմաններն ունի նախ. - ժամանակ, գրասեղան մը, գրիչ եւ թուղթ, ներքին եւ արտաքին հանդարտութիւն, խաղաղութիւն, պայծառութիւն եւ կամք, որոնք յաճախ կը պակսին մեզի։ Մեզմէ ոմանք օրուան թերթը կարդալու իսկ ժամանակ չունին։ Ու կայ մեր դարաւոր մտաւորական ծուլութիւնը եւ սնամիտ շատախօսութեանց մէջ մենք մեզի սպառելու ստրկութիւնը, որ արհաւական է, կարծես։ Ու կը պահանջեմ այս գործը մեր բոլորէն, որովհետեւ զայն կը պահանջեմ նախ ինքզինքէս։ Հրատարակութի՞ւնը։ Աստուած մեծ է։
       …Եթէ մենք բաժնուինք այս աշխարհէն ու մեր ժողովուրդէն, առանց իրականացնելու այս գործը, եղբայրնե՛ր, մենք պիտի ըլլանք վրիպած սերունդ մը, ինչպէս եղաւ այն սերունդը, որ մեզ կանխեց եւ որուն վրիպումը, արտաքին ու բուռն ու չար ուժի մը հետեւանքովն էր միայն, մինչ մերինը պիտի ըլլայ, միա՛յն եւ միայն, հետեւանքը մեր անհաւատութեան, մեր տկարութեան, մեր ծուլութեան։
       Ո՛չ։ Եղբայրնե՛ր, մենք մարդկային իրականութեան մը վկաներն ենք ու պէտք է տա՛նք մեր վկայութիւնը այս մարդկութեան, անկէ բաժնուելէ առաջ։ Ո՛չ. պէտք չէ, որ հեռանանք այս աշխարհէն, առանց արձակելու այս աշխարհին մէջ իսկ այն մեծ աղաղակը՝ որ մեր իւրաքանչիւրին ու բոլորին կուրծքին տակն է, որ մեր կոկորդին մէջն է, մեզմէ ոմանց մէջ իբրեւ փսխուք մը, ուրիշներու իբրեւ ցաւի ճիչ եւ աւելի ուրիշներու՝ իբրեւ բողոքի, վրէժխնդրութեան, իրաւունքի, մարդկային արժանաւորութեան, գիտակցութեան, սիրոյ եւ յոյսի եւ հրճուանքի խոյանք…։
      
       1949
       Յ. Գ. - Բոլոր այս էջերը դեռ չեն սպառած այս նիւթը, գիտեմ։ Ու գիտեմ նաեւ՝ թէ ինծի նման բոլոր հայ գրողներն ալ ունին իրենց ըսելիքները։ ՆՈՅԵԱՆ ԱՂԱՒՆԻն իրենց տրամադրութեան տակն է։