Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գ. ՏՌԱՄՆ ՈՒ ԻՐ ՏԱՐՐԵՐԸ
       Բոլոր այս իրողութիւնները, եւ ուրիշներ ալ տակաւին զորս չեմ յիշատակեր հոս, եւ աւելի ուրիշներ՝ զորս կը մոռնամ կամ չեմ ճանչնար, հայ գրագէտին դժբախտութիւններն են միայն։ Այս դժբախտութիւններէն մէկ հատն իսկ երբեմն բաւական է, որպէսզի հայ գրագէտը ողբերգական նկատէ իր գոյութիւնը, թեթեւամիտօրէն. ու հայ-մարդը՝ նոյնպէս։ Ո՛չ միայն մէկ հատը կամ քանի մը հատը այս իրողութիւններուն, այլ անոնց ամբողջութիւնն իսկ ողբերգական չէ, ըստ իս։ Անոնք կաշկանդումներ են։ Նման ամէ՛ն դժբախտութեան, հայ գրագէտը բռնիօրէն անգործութեան դատապարտող արգելքներ են անոնք երբեմն ու յաճախ ալ՝ զայն իր բնական ուղղութենէն շեղեցնող, հեռացնող՝ իր դէմ ցցուած զանգուածներ։ Այս բոլոր դժբախտութիւնները արտաքին են հայ գրագէտին։ Աւելի՛ն. անոնք առարկայացած են։ Արդ, ողբերգութիւնը երբեք արտաքին չէ մարդուն եւ ոչ ալ առարկայացած։ Ողբերգութիւնը իրողութիւն մը չէ այլ իրականութիւն մը. - ներքին, ոգեկան, բարոյական, մտաւորական բիրտ իրականութիւն մը։
       Հայ գրագէտին տռամը գոյութիւն կ’առնէ այս արգելքներուն առջեւ, այս արգելքներուն դէմ։ Այս տռամը ուրիշ բան չէ այլ այն կամքը, որ հայ գրագէտինն է եւ որով հայ գրագէտը կ’ուզէ այս արգելքները քանդել ու ինքզինքը իրագործել, իրականացնել։ Այս տռամը հայ գրագէտին մէջ մե՛ծ է այնքան որքան մեծ է ու զօրաւոր, այս արգելքներուն առջեւ տեղի չտալու իր որոշումը, իր կամքը։ Անշուշտ, բնականոն գոյութեան մը կամ ընկերութեան մը մէջ, ինչ որ ես յիշեցի հայ գրագէտին առջեւ ցցուած իբրեւ արգելքներ, գրագէտին ինքնիրագործումը դիւրացնող, ինքնիրացումին օգնող ազդակներ են։ Այս առաւելութիւնը ամէն օր հայ գրագէտը կը տեսնէ ու կը հաստատէ օտար գրագէտին քով, ու ամէ՛ն երկիրի մէջ։ Ու այս հաստատումը, խոստովանինք, մերթ իր նախանձը կը շարժէ ու յաճախ ալ՝ զինքը կը լեցնէ դառնութեամբ, ոխակալութեամբ, ատելութեամբ՝ «հայ ժողովուրդին» դէմ, իր ճակատագրին դէմ, ինքզինքին դէմ։ Հայ գրագէտը, ինչպէս հայ-մարդը, ինքզինքը չի սիրեր։ Ու չարիքը հոս իսկ կը սկսի, հայ գրագէտին, ինչպէս հայ-մարդուն համար։
       Արդ, ով որ տռամ կ’ըսէ, կ’ըսէ հակադրութիւններ, կ’ըսէ բաժանում եւ բախում, կ’ըսէ հակամարտութիւն ու պայքար։ Ու ամէ՛ն բաժանում, բախում ու պայքար կամք մը կ’ենթադրէ։ Ուրեմն, առանց կամքին գործունէութեան՝ տռամը գոյութիւն չունի ուստի նաեւ հայ գրագէտին տռամը։ Նոյն իսկ, քիչ մը աւելի յառաջանալով, կը համարձակիմ ըսել. - Տռամը կամքին իսկութիւնն իսկ է, կամքին՝ որ բնութենէն անդին կ’անցնի միշտ։ Ու կամքը գոյութիւն ունի մարդուն մէջ միայն մարդուն արարքին եւ գործին մէջ միայն։ Ու ամէն կամք ազատութիւն կ’ենթադրէ։ Ուստի, տռամը մարդկային է միշտ։ Անասունին, ինչպէս բոյսին մէջ տռամը գոյութիւն չունի։ Տռամ մը չէ ինքնապահպանումի կռիւը որուն բնութիւնը անոնց բնազդին բնութիւնն է եւ ոչ թէ կամքին, որ կը պակսի իրենց։ Ամէն պայքար անհրաժեշտօրէն տռամ մը չէ եւ տռամը չենթադրէր։
       Մերթ մեծ ու լայն, մերթ նկուն ու նսեմ, մերթ անյողդողդ ու խիզախ շարժումները, կեցուածքները, բառերն ու լռութիւնները հայ գրագէտին, նշանակութիւն մը եւ արժէք մը կ’առնեն, իր սեփական տռամին մէջ միայն, ձուլուելով իրարու եւ կազմելով իր կացութիւնը, մեր ներկայ իրականութեան մէջ։ Ու հայ գրագէտը իրական է, ճիշդ է, արդար է, ամէն անգամ որ ան կը խօսի իր մասին ու նոյն իսկ երբ իր ըսածները անհեթեթ են ու հակասական. - Հայ-մարդուն նման։ Մեր պարտականութիւնն է, նախ, հայ գրագէտը, ինչպէս հայ-մարդը հասկնալ, գտնելով իր հակասութիւններուն եւ անհեթեթութիւններուն պատճառները։ Ու դարձեալ մեր պարտականութիւնն է, յետոյ, այս պատճառներուն եւ իրենց արդիւնքներուն համադրութիւնը ընելու աշխատանքը։ Հայ գրագէտը, ինչպէս հայ-մարդը, ներկայիս, է՝ ինչ որ է իր տռամը, իր տռամով ու իր տռամին մէջ։ Իր սեփական տռամովը միայն ան ինքզինքը կը յայտնաբերէ, կը հաստատէ մեր ներկայ իրականութեան մէջ։ Ու ասիկա՝ որովհետեւ իր տռամն իսկ զայն կը դնէ շարժման մէջ, կ’ապրեցնէ զայն, իբրեւ հայ-մարդ ու հայ գրագէտ։ Իր սեփական տռամին կեանքը միայն ատակ է իրեն կեանք մը տալու։ Ու իր տռամը, նման ամէն տռամի, ճակատագրապաշտութեան ուրուականին այցելութիւնը կ’ընդունի յաճախ։ Դժբախտ բան մըն է որ այսօր, հայ գրագէտն ու իր տռամն ալ, նման հայ-մարդուն, նման հայ գրականութեան, վերացականութիւններու վերածուած են ու կորսնցուցած՝ ամէն իրականութիւն եւ ազդուութիւն։
       Հայ գրագէտին տռամը, որ իր ողբերգութեան մարմինն իսկ է, բայց դեռ իր ողբերգութիւնը չէ, կազմուած է այլազան եւ բարդ ու բազմաթիւ տարրերով։ Ինչպէս իր դժբախտութիւններուն գլխաւորները միայն մատնանշեցի, նոնյպէս այս տարրերուն գլխաւորները միայն մատնանշելով պիտի գոհանամ։ Հայ գրագէտին տռամը իր մէջն իսկ ըլլալով, այս տարրերն ալ կը գտնուին իր մէջ։ Զանոնք կը կոչեմ հայ գրագէտին ներքին դժբախտութիւնները ինչպէս կոչեցի միւսները՝ իր արտաքին դժբախտութիւնները։ Անշուշտ, ներքին այս դժբախտութիւններն ալ, նման միւսներուն, նոյն իրականութիւնն եւ ուժգնութիւնը, նոյն բրտութիւնն ու տարողութիւնը չունին, բոլոր հայր գրագէտներուն մէջ ալ, հաւասար չափով։ Բայց անոնք ունին նոյն բնութիւնը, անոնց իւրաքանչիւրին եւ բոլորին մէջ։ Եւ որքան որ մեծ է հայ գրագէտին, հայ-մարդուն կամ ուեէ մարդու մը գիտակցութիւնը, այնքան մեծ է իր առանձնութիւնը եւ որքան որ մեծ է իր առանձնութիւնը, այնքան մեծ՝ իր ընկալջութիւնը։ Ուստի, այս ներքին ու արտաքին դժբախտութիւններուն ներգործութիւնը մեծ՝ իր վրայ։ Ինձ կը թուի թէ, կուսակցութեան մը «պատկանող» հայ գրագէտին կրած այս ներգործութիւնը նուազ բուռն ու ծանր է քան ո՛չ-կուսակցական չեմ ըսեր չէզոք, թէեւ գիտեմ թէ չէզոք գրագէտներ ալ կան դեռ մեր մէջ, հնանմոյշ կենդանիներու նման հայ գրագէտին կրածը։ Ու այս պատճառով է որ այս վերջինը իրական յեղափոխականն է ներկայիս, մեր մէջ, ըլլալով իրական ազատ-հայ-մարդը։ Մարդուն գիտակցութեան մեծութիւնը իր ազատութեան մեծութիւնն իսկ է։
       Իր բնական աճումի ընթացքին մէջ իսկ արմատախիլ, ու արմատախիլ ո՛չ միայն իր բնավայրէն այլ նաեւ իր լեզուէն, աւանդութիւններէն, բարքերէն, մշակոյթէն եւ դարաւոր երազներէն ու նետուած յանկարծ, դեռ իր ամբո՛ղջ թարմութեանը մէջ, ամենէն բիրտ եւ անմարդկային եղելութիւններու եւ արարքներու սուիններուն դէմ, մեր միջին սերունդը կազմող հայ-մարդերն ու գրագէտները, մարդկօրէն, պատմականօրէն եւ մշակութապէս, բացառիկ կացութեան մը մէջ կը գտնուին։ Ու հազիւ հազ ճողոպրած, վատուժ ու խե՛ղճ, ցրուած քիչ մը ամէն կողմ, ու այլատարր եւ այլազան միջավայրերու մէջ, եւ օտա՛ր, օտա՛ր, օտար մանաւանդ։ Տարատնկուա՞ծ, ինչպէս կ’ըսէ բանաստեղծը։ - Ո՛չ իսկ, քանի որ իր արմատները կը մնան միշտ պարապութեան մը մէջ։ Ու մարդկային իր առաջին զգացումը, իր մինակութեան զգացումն է եղած ու է դե՛ռ։ Այս ցաւագին զգացումով է որ ան ինզքինքը գտաւ բաժնուած, անջատուած, հեռացած իր անցեալէն, ահաւոր աղէտով մը որ իր տեսած անապատներուն նման կը տարածուի իր եւ իր անցեալին միջեւ, ներկային մէջ անշարժացած, իր միտքին ու հոգիին ամենէն կենսական կարիքներուն համար սնունդ չունենալով, հաւաքական գործի եւ հաւաքական մտածումի բացակայութեան պատառով, ու ապագան ո՛չ միայն անորոշ այլ անգոյ։ Ու իր ստրուկ մարդու բնական կարիքները հոգալու մղձաւանջին լծուած ու մտրակուա՛ծ։
       Աւելին. - Տեսնելով իր շուրջի երիտասարդութիւնները եւ անոնց զգայնութեան, մտածումին ու կամքին գործունէութեան առջեւ տարածուող ընդարձակ ու ազատ դաշտերը, ու տեսնելով իր նախորդները, որոնք իր տարիքին ահագին գործ մը ունէին արդէն կատարած եւ իրենց առջեւ՝ տակաւին շատ մը գործեր կատարելիք, որ իրե՛նց կը սպասէին, ու վերջապէս, ամբողջ ժողովուրդ մը, որ պէտք ունեցած էր, իր նախորդներուն, մինչ նոյն այս ժողովուրդը, այսօր, ծուէն առ ծուէն ասդին-անդին նետուած, ո՛չ գործ ունի իրեն համար եւ ոչ ալ պէտք իրեն՝ որ հայ գրագէտ մըն է։ Հայ ժողովուրդին ծոցին մէջ իսկ հայ գրագէտին անպետութեան այս ինքզգացումը, զինքը կաշկանդող իր մեծագոյն ներքին դժբախտութիւնն է։ Ու ըլլալով զուրկ հպարտութենէ, փառասիրութենէ եւ իր սեփական աստղին վրայ մարդուն բնականօրէն ունեցած կոյր ու անհեթեթ վստահութենէն, ու բզկտուած կասկածներով, անստգութիւններով եւ մեծ սուգերով, ժամանակին իր մարմինին մէջ ծանրօրէն կրած ցաւը, անդոհն ու անօթութիւնը զգալով այժմ իր միտքին մէջ իսկ, հայ գրագէտը, այսինքն այն հայ-մարդը, որ ունի ամենէն խորունկ ու պայծառ ինքնագիտակցութիւնը եւ գիտակցութիւնը նաեւ իր գոյութեան պայմաններուն ճշգրիտ պատճառներուն եւ բնութեան, անջատուած, կղզիացած, իր մինակութեան մէջ բանտարկուած մարդ մըն է։ Անիկա, քառորդ դարէ ի վեր անտէր ջրաղաց մըն է, որ ինքզինքը կ’աղայ. - Իր սեփական ոչնչութիւնը կ’աղայ, յուսաբեկ բայց ո՛չ յուսահատ։ Ոչ միշտ կարօտ շերտ մը սիրոյ, կտոր մը արդարութեան, կաթիլ մը հասկացողութեան, ինչպէս ժամանակին, անապատներուն մէջ կամ քաղաքներուն, եղած էր կարօտ հացի, ջուրի, խոտի։ Ու այժմ ալ բախելով մարդոց չարութեան, վիրաւոր ձեռքի մը պէս, որ կը բախի սեղանի մը անկիւնի չոր փայտին, ինչպէս ժամանակին բախած էր նոյն չարութեան, նոյն անտարբերութեան, նոյն անգթութեան։ Մինա՛կ, բանտարկուած, լքուած, նոյն իսկ կարելի է ըսել ամէն մարդէ ուրացուած մարդ մըն է հայ գրագէտը ու մանաւանդ, միջին սերունդին մաս կազմող հայ գրագէտը։
       Պատմական, հոգեկան, բարոյական ու ընկերային այս ընդհանուր իրականութեան հաստատումէն վերջ, ահա՛ կ’անցնիմ հայ գրագէտին ներքին այլ դժբախտութիւններուն, որոնք աւելի մտաւորական նկարագիր մը ունին, ուստի կը վերաբերին ամբողջապէս իրեն։
       Գրագէտը, աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն մէջ, որոշ ուղղութեամբ մը պատրաստուած միտքի, զարգացումի եւ ճաշակի տէր մարդ մըն է։ Եւ ամէ՛ն բանէ առաջ ան կը ճանչնայ լեզուն զոր կը գործածէ, ան կը ճանչնայ գրականութիւնը որուն մաս մը կազմէ ինք։ Այս ճանաչումները, ինչպէս այլ ճանաչումներ եւս, յարաշար, միայար ընթացք մը ունեցած են եւ ունին իր մէջ։ Ասկէ՝ անոնց հաստատութիւնը, յստակութիւնն ու կարգաւորութիւնը, որ գրագէտին զգացումին, մտածումին, կամքին ու լեզուին հաստատութիւն մը, յստակութիւն մը եւ կարգաւորութիւն մը կուտան։ Արդ, այս բոլորը ողբալիօրէն կը պակսին հայ գրագէտին։ Իր ամբո՛ղջ զարգացումը, անկազմակերպ, պատահական, ասկէ-անկէ հաւաքուած գաղափարներու խառնակոյտ մըն է։ Ան չի ճանչնար նոյն իսկ իր սեփական լեզուն, իր սեփական գրականութիւնն ու պատմութիւնը։ Ու բոլոր հայ-մարդոց նման ըլլալով ծոյլ միտքով, ուստի սարսափելով մտաւորական աշխատանքէն, անիկա ինքզինքը կը լքէ ներշնչումին… ու կը գրէ «բանաստեղծութիւն»։ Իր զարգացումին, ճանաչումին, մտաւորական պաշարին միութիւնէ զուրկ ըլլալու իրողութիւնը, իր գրագէտի դժբախտութիւնն իսկ է, որուն անշուշտ ան կ’անդրադառնայ մերթ ընդ մերթ։ Այսօր, մենք հազիւ քանի մը գրագէտներ ունինք, որոնք լուռ ու յարատեւ աշխատանքով մը, ներքին, հաստատ ու պայծառ միութեան մը տիրած են եւ որ իրենց գրագէտ-մարդու հիմնական արժէքն է։ Որովհետեւ գրականութեան ու գրագէտին իսկական արժէքն ալ, ամէ՛ն բանէ առաջ, մարդկային արժէք մըն է, եւ ոչ թէ գրական կամ գեղագիտական արժէք մը միայն, եթէ այդ տեսակ արժէք մը ի՛րապէս գոյութիւն ունի, ըսել կ’ուզեմ, առանց մարդկային արժէքը իր մէջ իսկ պարունակելու կրնայ գոյութիւն ունենալ եթէ։ Ու մէկ դարէ ի վեր, այս պարագան միշտ ալ նոյնը եղած է մեր մէջ։ Ո՛չ ոք կը մեղադրեմ։ Կը հաստատեմ իրողութիւնը միայն, ցաւայորդ ու ցաւատանջ։
       Ինչ որ կ’աւելնայ այս դժբախտութեան վրայ ու զայն կ’ընէ աւելի բիրտ, հետեւեալն է դեռ. - Ազգային մատենադարաններու չգոյութիւնը, գիրքերու եւ մանաւանդ հին գիրքերու պակասը. մեր գրականութեան մէկ դարէ ի վեր օրաթերթերուն մէջ ցրուած ըլլալն ու մնալը, հայ գրագէտին բնակա՛ն աղքատութիւնը, որ արգելք կ’ըլլայ նոյն իսկ իր ուզած գիրքերը գնելու, ու այս բոլորին հետեւանքով մեր գրագէտներուն եւ ազգային գործիչներուն գաղափարներուն իսկութեան թափանցելու մեր անկարելիութիւնը, մեր գրականութիւնը, մեր գրականութեան պատմութիւնը, մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը, մեր միտքին մէջ իսկ, պղտոր, անկապ ու տարտամ, անհաստատ եւ անիմաստ, գրեթէ անիրական ու անգոյ ուրուականներու վերածած է։ Ու այս ուրուականները կը բորբոքեն ու կը զօրացնեն մեր մինակութեան եւ անապահովութեան զգացումները։ Աւելին հայ-մարդուն, եւ աւելի եւս հայ գրագէտին ինքնաճանաչումը, ինքնագիտակցութիւնը կ’եղծանեն։ Ու հայ գրագէտը, դարձեալ հայ-մարդուն նման եւ աւելի, կը մնայ իր բնութեան ժխտական յատկանիշներուն ցանցին մէջ բռնուած, ճանաչումի, ստուգութեան եւ ապահովութեան պակասով, որոնք միայն իր մէջ պիտի արթնցնէին ու գործունէութեան լծէին իր դրական յատկանիշները։ Ու հայ գրագէտին, ինչպէս հայ-մարդուն, ինչպէս ոեւէ մարդու մը ներքին ու սեփական միութիւնը, իր դրական ու բացասական յատկանիշներուն համադրութիւնն իսկ է։ Ուրեմն հայ գրագէտը, հայ-մարդուն նման, ներքին միութենէ զուրկ, ամբողջութենէ զուրկ արարած մըն է։
       Հոս ըսուածը պէտք է ճիշդ հասկնալ։ Անշուշտ թէ հայ-մարդը, ու աւելի եւս հայ գրագէտը, ներքին որոշ միութիւն մը ունի, որովհետեւ ունի էութիւն մը դեռ։ Այս միութիւնը իր սեփական ինքնագիտակցութիւնն իսկ է։ Արդ, ես դժբախդ կոչեցի այս ինքնագիտակցութիւնը, այսինքն, ինքն իր մէջ բզկտուած, ուստի ինքն իր մէջ ու դէմ բաժնուած եւ այս բաժանումով տկարացած՝ ինքզինքը արտայայտելու, ցուցայայտնելու իր սկզբնական ոյժին իսկ մէջ։ Այսօր, ի՞նչ կենդանութեամբ իր էութեան գաղափարը իբրեւ ամբողջութիւն մը կը ներկայանայ հայ-մարդուն, ի՛ր մէջ եւ բոլոր հայ-մարդոց մէջ, իրե՛ն եւ բոլոր հայ-մարդոց համար։ Այս ամբողջութիւնը, այս ամբողջականութիւնը միայն ծնունդ կու տայ իր միասնականութեան եւ իր միաձայնութեան. - Իր միասնականութեան՝ որ կը պարփակէ իր բոլոր իրական ու կարելի կերպարանքները եւ իր միաձայնութեան՝ որ նոյնպէս կը պարփակէ բոլոր այս կերպարանադրութիւնները նոյն ամբողջին մէջ։ Իր հայ-մարդու ներկայ զգայական, ոգեկան ու բարոյական խառնաշփոթութիւնը, իրարանցումը, իր էութեան գաղափարին խախտումն իսկ է իր անգիտակցութեան խորութիւններուն մէջ։ Որովհետեւ հայ-մարդը իր էութեան գաղափարովը միայն հայ-մարդն է ու գրագէտը, որ գաղափարին հասած, գաղափարին տիրած մարդն է, ամէն մարդէ աւելի պարտի ունենալ գիտակցութիւնը այս ճշմարտութեան։ Հայ գրագէտին այս գիտակցութիւնը, որ իր ինքնագիտակցութիւնն է նաեւ, դժբախդ է. - Փշրուած միութիւն մը ունի միայն։
       Ուրիշ ներքին դժբախտութիւն մը՝ որ որոշ լոյս մը կը սրսկէ այս վերջինին վրայ, հետեւեալն է. - Հայ գրագէտները կազմուած են ու կ’ապրին այլազան մշակոյթներու մէջ։ - Ոմանք Ամերիկա, ուրիշներ Ֆրանսա, աւելի ուրիշներ Եգիպտոս, Սուրիա եւ Լիբանան ու Թուրքիա։ Ու առանց կասկածի, բոլոր այս այլազան մշակոյթները, այլազան չափերով իրենց ազդեցութիւնը գործած են հայ գրագէտներուն մասնաւորապէս ճաշակին ու դատողութեան վրայ։ Ու այս այլազանութիւնը այլատարրութիւն մը կը ներմուծէ մեր գրականութեան մէջ։ Այսուհանդերձ, դեռ որոշ, հիմնակա՛ն ու կենդանի միատարրութիւն մը կայ ինչպէս հայ-մարդոց եւ իրենց գոյութեան, նոյնպէս հայ գրագէտներուն եւ իրենց մշակած գրականութեան մէջ։ Ու ասիկա՝ որովհետեւ ամէն երկրի մէջ ալ, հայ-մարդոց հիմնական պահանջը նոյնն է դեռ հայրենիքին վերագտնումը։ Ու նոյնը նաեւ՝ իրենց օտարականի, գաղթականի, անիրաւուածի գոյութիւնը։ Արդ, առաջին պահանջը բացակայութեան մը վրայ կը կանգնի ու երկրորդը՝ բացասականութեան մը վրայ։ Ուրեմն, հայ-մարդոց միասնականութիւնը ժխտական հիմ մը ունի, ժխտականութեամբ կ’իրականանայ, Արտասահմանի մէջ։ Մեր ներկայ հայրենիքը, ինչ ալ ըլլայ ան, դրականութիւն մըն է հայ-մարդուն համար, - դրական միակ կռուանն է, որուն վրայ ան կրնայ կանգնիլ հաստատօրէն։ Կայ նաեւ հայ-մարդուն էութեան գաղափարը զոր գրականութեամբ եւ գրականութեան մէջ կարելի է իրագործել հարազատօրէն։ Ու նաեւ մասամբ մը իր ներկայ գոյութեան մէջ։ Հայ գրագէտին առաքելութիւնն է զայն իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը։
       Գրագէտը, եւ բանաստեղծ գրագէտը աւելի քան միւսները, մարդկային համայնքի մը հաւաքական անգիտակցութեան մարմնացումն է։ Եւ մարմնացում, հոս կը նշանակէ գիտակցութեան վերածուած զօրութիւն։ Ու գիտակից մարդը անօթի մարդ մըն է։ Աւելին. - Տրուած ըլլալով հայ համայնքին դարաւոր անօթութիւնը եւ տրուած ըլլալով որ մէկ դարէ ի վեր նոյն այս համայնքը իր անօթութիւնը զգալով չի գոհանար այլ կ’որոնէ յագուրդ տալ իր անօթութեան, հայ գրագէտը այս յագուրդին ի խնդիր աշխատող մշակ մըն է, արհեստաւոր մըն է, զինուոր մըն է։ Ու մշակը, արհեստաւորը, զինուորը քաղքենիներ չեն ու հայ գրագէտը երբեք քաղքենի մը չէ եղած։ Ընդհակառակը։ Վերոյիշեալ հիմնական պատճառներուն հետեւանքովն իսկ, հայ գրագէտը իր գոյութեամբը միշտ ընչազուրկ մը եւ միշտ ըմբոստ մը եղած է ու ըմբոստ մը միայն կրնար ըլլալ։ Եւ ներկայիս աւելի՝ քան որեւէ ատեն։ Ու ինծի համար անըմբռնելի, ու բացարձակօրէն անըմբռնելի առեղծուած մըն է մեր կարգ մը գրագէտներուն կուսակցական ըլլալը ներկայիս։ Ու ասիկա՝ որովհետեւ, մեր կուսակցութիւնները, քառորդ դարէ ի վեր մանաւանդ, ամենէն յետամնաց պահպանողականութեան որջերն են ու այս որջերը կը կառավարուին ամենէն ստրկամիտ դիւանակալութեամբ մը։ Հ. Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Կուսակցութեան յեղափոխութիւնը, այսօր վերածուած է լեզուի, բարքերու եւ վաղանցուկ արարքներու շաղակրատութեան, վայրենիութան, բռնադատութեան մը, ինչպէս Ռամկ. Ազատական Կուսակցութեան ազատականութիւնը ՝ նախապատմական ու առասպելային անասունի մը, որուն գոյութիւն մը ունեցած ըլլալը կը կարծուի, թանգարանի մը փոշիներուն մէջ լքուած ոսկորի քանի մը կտորներով։ Միւսներուն մասին խօսիլն իսկ աւելորդ է։ Ու յեղափոխութիւն եւ ազատութիւն բառերը, ըսել կ’ուզեմ այս բառերուն պարունակութիւնն ու իմաստը, մարդուն համար են, մարդուն մէջ են կամ անոնք երբեք գոյութիւն չունին։ Գրագէտը, իր իսկութեամբը, ուստի նաեւ սկզբունքով, ազատ մարդն է ու ազատ մարդը՝ յեղափոխականը։ Ու յեղափոխութիւնը բարոյական է միշտ։ Կամ գոյութիւն իսկ չունի անիկա։
       Պիտի ըսեմ աւելին, այսինքն ի գործ պիտի դնեմ ուրիշ գայթակղութի՜ւն մը եւս, ի կարգին այն բոլոր գայթակղութիւններուն, որոնցմով կը կազմուին իմ գոյութիւնս ու գրական գործս, քանի որ ներկայիս, մեր մէջ, ճշմարտութիւնը, ճշմարտութիւնը խօսիլն ու խօսողը, գայթակղութիւններ են։ Ու ասիկա այսպէս եղած է, ամէն անգամ որ համայնքները, մեզի նման, համակերպած են ապրիլ միջակութեանց գերիշխանութեան ներքեւ։ Այս պարբերագիրքը, ըսել կ’ուզեմ այս ըսպիտակ աղաւնին, իր թռիչքը մեր գոյութեան պարապութեան մէջ, զայն թռցնելն ու թռցնողը գայթակղութիւններ չե՞ն։ Սիրայօժար կերպով կ’ընդունի՜մ այս գայթակղութիւններն ու անոնց պատասխանատուութիւնները։ Ու կ’ըսեմ. -
       Մէկ դարէ ի վեր եւ ներկայիս ալ, Արտասահմանի մէջ ապրող հայ գրագէտը նուազ քաղքենի է քան այսօր մեր երկրին մէջ ապրող եւ գրող գրագէտը։ Աւելին. անիկա աւելի՛ յեղափոխական է եղած ու ներկայիս ալ է, քան մեր երկրին մէջ ապրող եւ գրող գրագէտը։ Ապացոյց. - Մէկ դարէ ի վեր, հայ գրագէտը իր կոչումը կը նկատէ, իր գրականութեան միջոցով ո՛չ թէ ճանաչումը հայ-մարդուն բնութեան, այսինքն էութեան եւ գոյութեան, այլ իր գրականութեան միջոցով ան կ’որոնէ յեղաշրջել, բարեբոխել, վերակենդանացնել այս էութիւնն ու գոյութիւնը։ Ու այս որոնումը, գրականութեան իր ըմբռնողութիւնն իսկ է։ Հայ գրագէտը չէզոք մարդ մը չէ եղած, մէկ դարէ ի վեր, եւ այսօր ալ չէ բացի քանի մը երանելի արարածներէ։ Անիկա եղած է միշտ ընդդիմադիր տարր մը, տիրող բարոյական, մտաւորական, ոգեկան եւ նիւթական մտայնութիւններուն ու գործելակերպերուն դէմ։ Անիկա եղած է ի՛րապէս ըմբոստ, ի՛րապէս յեղափոխական։ Ու զուր, ծուռ եւ բացարձակօրէն անիմաստ զրպարտութիւն մըն է ինչ որ քառորդ դար առաջ «մարքսիստ» քննադատ մը կ’ընէր, մեր գրագէտները «պուրժուաների լաքէները» կոչելով։ Եւ ինչ որ կ’ընեն ներկայիս ալ, մեզ կոչելով «ապաքաղաքական», «ձեւապաշտ», «կոզմոպոլիտ» եւ բաղաքշական այլ մաքդիրներով։
       ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆ. -
       Ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնեմ այս երկու «մարքսիստ» քննադատներուն լեզուին տարբերութիւնը։ Քառորդ դար առաջ, մեր երկրին մէջ, գրողը աւելի «յեղափոխական լեզու» մը ունէր, այսինքն, անկիրթօրէն խօսիլ եւ անարգել գիտեր։ Ներկայիս, «մարքսիստ» գրողը քաղաքավար է։ Լեզուի այս տարբերութիւնը, մտայնութեան եւ բարքերու տարբերութեան արտաքնայայտ նշանն է, ըստ իս։ Նախկին «յեղափոխականը» «քաղքենիի» մը վերածուած է, որովհետեւ, «համայնավար յեղափոխութիւնը վերածուած է դիւանակալութեան բռնակալութեան մը»՝ որ ընկերութեան, եւ աւելի՛ եւս մարդուն գերեզմանն է։ Ու գրողին պաշտօնն է տիրող կարգին եւ բռնակալութեան փառաբանութիւնը ընել։ Ու ան վճարուած է այս պաշտօնին համար։ Մինչ Արտասահմանի մէջ, հայ գրողը ինչպէս մէկ դարէ ի վեր, այսօր ալ, գրականութիւնը դեռ պաշտօնի մը չէ վերածած այլ անիկա կոչում մըն է իրեն համար։ Այս կոչումը ան կը սրբագործէ իր ընդդիմութեամբն իսկ։ Ասիկա ճիշդ է նաեւ կուսակցական հայ գրողին համար։ Յետոյ, ինչ որ ըսի Հայաստանի ներկայ գրողներուն համար՝ պա՜րզ է. - Երբեք ըսել չուզեցի ու չեմ ալ ըսեր՝ թէ Հայաստանի մէջ ի՛րապէս ծաղկող մեր ներկայ գրականութիւնը գրականութիւն մը չէ ու չունի որեւէ արժէք։ Անիկա գրականութիւն մըն է ու արժէքաւոր գրականութիւն մը այն չափով իսկ, որով կը խուսափի փառաբանութիւն մը եւ փրոփականտ մը ըլլալէ եւ ամէ՛ն գրականութիւն, ինքնաբերաբար, կը խուսափի ասոնք ըլլալէ։ Պատրանահարները նորէն «քաղաքագէտներն» են, որոնց պատրանաթափութիւնը, ժամանակ առ ժամանակ կ’արտայայտուի «մաքրագործումներով»։ Ու այս «մաքրագործումները» անխուսափելի են այնքան ատեն, որ գրագէտներ կան, գրականութիւն կայ եւ մարդեր կան հոն, ինչպէս եղած են միշտ, մարդկութեան ամբո՛ղջ պատմութեան ընթացքին, բռնակալութիւնները, գրագէտները, գրականութիւններն ու մարդերը։
      
       Հայ գրագէտը կոչեցի ազատ մարդը, յեղափոխականը, ըմբոստը, եւ այս բոլորը կը նկատեմ իր ներքին դժբախտութիւնները, զանոնք նկատելով հանդերձ իր մեծագոյն առաքինութիւնները։ Անշուշտ, առաքինութիւն մը դժբախտութիւն մը չէ։ Բայց հայ գրագէտին այս առաքինութիւնները, ինչպէս իր այլ առաքինութիւնները, դժբախտութիւններու վերածուած են այսօր եւ աւելի քան ասկէ ռաքորդ դար մը առաջ, հետեւեալ հիմնական պատճառներով. -
       Յեղափոխութիւնը, ազատութեան նման, մտածումին նման, սիրոյ նման եւ այլ ոգեկան իսկութիւններու նման, իրականանալու համար իր նախանիւթին կը կարօտի։ Մեր նախորդները ունէին այս նախանիւթն որ մեր ժողովուրդն էր ու իր գոյութիւնը։ Այսօր, այս ժողովուրդը փշուր-փշուր ցրուած է քիչ մը ամէն կողմ ու իր նիւթական գոյութիւնը պահպանելու համար, անմարդկային ճիգեր կը թափէ ու կը սպառի այս ճիգերուն մէջ։ Յետոյ, գրականութիւնն ու գրագէտները կորսնցուցած են իրենց վարկը, հայ-մարդոց միտքին ու սիրտին մէջ իրենց նշանակութեան, արժէքին, անհրաժեշտութեան հետ ու նման։ Ու անոնք չունին որեւէ իշխանութիւն, ուսուցիչի մը, քահանայի մը չափ իսկ, հայ տղոց ու մարդոց միտքին եւ սիրտին վրայ։ Լաւագոյն պարագային, իրենց յարաբերութիւնները, իրենց գիրքերուն եւ գրութիւններուն միջոցով, ձեւական են միայն։ Ու ձեւը, դդումի մը պէս ինքնիրմէն պարպուած ձեւը, վերացականութիւնն է։ Գրականութիւնը, ըլլալով «գաղափարական», ըլլալով «գաղափարաբանութիւն» եւ բարոյական ու մտաւորական զօրութիւն մը, հայ գրագէտին ձայնը ո՛չ ոք կը լսէ եւ լսողներն իսկ, զայն նկատելով «գրականութիւն», կարեւորութիւն իսկ չեն տար անոր։ Ու հայ գրագէտը, որ խորքին մէջ պահանջատէր մըն է, հայ-մարդուն դէմ կը մնայ մուրացկանի մը նման, ինչպէս հայ-մարդը, որ պահանջատէր մըն է, կը մնայ օտարին առջեւ մուրացկանի մը պէս։ Դեռ ասկէ քառորդ դար մը առաջ, մեր գրականութիւնը ճշմարտապէս պատմական իրականութիւն մը եւ նշանակութիւն մը ունէր հայ-մարդոց զգայնութեան ու խղճմտութեան մէջ։ Մինչ այսօր, մեր օրաթերթերը կալանած են ե՛ւ այս պատմականութիւնը եւ հայ-մարդերը ու իրենց բարիկամեցողութիւնները. - Օրաթերթերը, այսինքն, մեր վէճերուն յարդի խարոյկները։ Ու յետոյ, կուսակցական հայ-մարդերը, որոնք որոշ գիտակցութիւն մը ունին, երկաթեայ վարագոյրներով բաժնուած են գրականութենէն ու գրագէտներէն։ Ու հայ գրագէտը, իր գաղափարներուն, զգացումներուն եւ կամքին մէջ տեղ քայլ կ’ընէ, առանց կարելիութիւնը ունենալու աճելու, յառաջդիմելու, որովհետեւ իր պահանջները կը մնան միշտ նոյնը ու ինք՝ իր ամուլ եւ անզօր ազատութեան, յեղափոխութեան, ըմբոստութեան ստրուկը։ Այս չգոհացուած ներքին ու արտաքին կարիքները զինքը կ’ընեն ներմղուած մարդ մը ու ամէ՛ն ներմղուած մարդու նման, ան մինակ եւ ոխակալ, կը կենայ իր սեփական լարուածութեան պարիսպին վրայ։ Ու իր լեզուին եւ մտածումին բռնութիւնը, վերածուելով բռնութեան դրութեան մը իր մէջ, որ անզօր է, իր առաքինութիւններն իսկ դժբախտութիւններու կը վերածէ իր մէջ եւ իր շուրջ, ու ծնունդ կու տայ հետեւեալ խնդիրներուն։
       Ներկայիս, մեր միջին սերունդին պատկանող գրեթէ ամէն հայ գրագէտի համար ի՛նչպէս գրելու եւ ի՛նչ բանի մասին գրելու խնդիրները լուծուած, լրացած խնդիրներ են։ Անշուշտ, այս լուծումները ասկէ-անկէ ընդօրինակուած լուծումներ չեն. այլ աշխատանքի մը, ժամանակի մը, տքնաջան որոնումներու եւ ներքին բզկումներու արդիւնքը։ Այս երկու խնդիրներն ալ, առանց կասկածի, իրենց առջեւն ու մէջը գտած են ու բախած անոնց՝ մեզ նախորդող մեր բոլոր սերունդներն ալ։ Բայց կը տարակուսիմ որ մեզ նախորդող սերունդները ունեցած ըլլան այն միւս երկու խնդիրները, որոնք հրաշէկ երկաթներու նման թափանցած են մեր գիտակցութեան վէրքին մէջ ու դաժանօրէն կը տաղեն մեզ. - Որո՞ւ համար գրել եւ ինչո՞ւ համար գրել ։ Այս տողերը գրողը կը խոստովանի որ, գրիչը ամէն անգամ իր ձերքը առնելուն, այսինքն ամէ՛ն օր, ինքնաբերաբար, ներքին եւ անանուանելի ոյժէ մը բռնուած, յանկարծ կանգ կ’առնէ ինքն իր մէջ ու կը նայի իր շուրջ–բոլորը, գլխու ծանր ու դանդաղ շարժումով մը, որոնելով իրեն ծանօթ այն հայ-մարդերը, որոնց համար կ’արժէ գրել ինչ որ կ’ուզէ գրել։ Ըսել կ’ուզեմ. - Որոնք իր գրածին ներքին ու անձնական պահանջը ունին, որոնք իր գրածը պիտի կարդան սիրով եւ անօթութեամբ։ Որովհետեւ, այս որոնումէն անմիջապէս առաջ, ան զգացած էր վերոյիշեալ հրաշէկ երկաթները իր գիտակցութեան ամենէն խորունկ, անթափանց ու մտերիմ մասին մէջ իսկ. - Որո՞ւ համար եւ ի՞նչու համար գրել։ Ու ճչացած էր, իր զգացած ցաւին ներքեւ, ճիչով մը որ միայն ինք կը լսէ, ինչպէս յղի կին մը իր զաւկին շարժիլը՝ իր որովայնին մէջ։ Ու մերթ ան դեռ գրել չսկսած՝ կը ձգէ ամէն ինչ ու կ’ելլէ իր սեղանին առջեւէն, կը վառէ իր ծխամորճը ու կը քալէ իր սենեակին մէջ, ժամերով, բանտարկեալի մը պէս։ Մերթ կէս կը թողու իր գրածը։ Յաճախ, չկարենալով զսպել իր ներքին խուժումը նախ, բզիկ բզիկ կը պատռէ իր գրած բոլոր էջերը ու կը նետէ զանոնք, պատուհանէն դուսր, որպէսզի ինք հեռու ըլլայ նոյն իսկ անոնց ծուէններէն. ու իր շարժումներուն մէջ միշտ դառնախառն ու բուռն յուսահատութիւն, արհամարհանք եւ ոխ կայ։ Ու երբեմն ալ, բարոյական, մտաւորական ու բնակազմական բարդ քաջութեամբ մը յաղթահարելով այս հրէշները, ան կը գրէ, կը գրէ, կը գրէ մինչեւ լոյս…ապագայի՜ն համար, պատմութեա՜ն համար, այն մե՛ծ օրուան համար որ պիտի լուսնայ հայ-մարդոց վրայ ու մէջ։ Կը գրէ երեւակայուած, երազուած, յուսացուած, ակնկալուած ու սիրով կանչուած այն մէկ հատիկ հայ-մարդուն համար, որ կրնայ գոյութիւն ունեցած ըլլալ աշխարհի վրայ տեղ մը, որուն վրայ իր երազած ապագան ծագած կրնայ ըլլալ արդէն։ Կամ, որուն մէջ կրնայ իր յուսացած ապագան ծագիլ, իր գրածին ընթերցումովն իսկ։ Այսուհանդերձ, այս հարցումները դեռ իր մէջ կը մնան առանց պատասխանի, ինչպէս անշուշտ շատ մը ուրիշ հայ գիտակից գրագէտներու մէջ ալ։
       Ու գոհունակութեամբ կը տեսնեմ ու կը հաստատեմ որ, մեր նոր սերունդին, այսինքն 1940էն ի վեր հրապարակ իջած սերունդին մէջ այս երկու վերջին խնդիրները գոյութիւն չունին. եւ առաջիններն ալ, գրեթէ խնդիրներ չեն եղած անոնց մէջ։ Այս հաստատումին պատճառները որոշ են։ Սրտանց կը մաղթեմ, որ առաջինները լուրջ եւ բարդ խնդիրներու վերածուին անոնց մէջ ու համար, եւ վերջիններն ալ՝ երբեք խնդիրներ չըլլան։ Ու անշուշտ մաղթանքս չապահովեր ապագան ո՛չ իրենց ապագան եւ ոչ ալ ապագան նոյն այս իրականութիւններուն։
       Այս վերջին երկու խնդիրներուն կը յաջորդեն երկու նոր խնդիրներ եւս, ո՛չ անոնց չափ դաժան ու յուսահատեցուցիչ, բայց անոնց նման իրական ու բիրտ։- Ո՞ւր եւ ի՞նչպէս հրատարակել գրածներդ։ Անշուշտ, հոս ալ, կուսակցութեան մը «պատկանող» գրագէտները, առաւել կամ նուազ չափով մը, բախտաւորուած են։ «Իրենց» թերթերն ու հանդէսները իրենց տրամադրութեանց տակն են, իրենց գրութիւններուն մեծագոյն մասին համար, թէեւ անոնք ալ գիրք հրատարկելու դժուարութեան, նոյն իսկ անկարելիութեան կը բախին այն չափով իսկ որով գրական է իրենց գրածը։ Կան նաեւ այն միւս երջանիկ արարածները, որոնք կը զիջին անոր-ասոր «մեկենասութեան» դիմելու, եւ կը յաջողին ալ «մեկենասներ» գտնելու։ - «Մեկենասներ», որոնք եթէ գրականութեան վրայ որոշ հաւատք մը իսկ ունին, չունին որեւէ հաւատք այն գրագէտին վրայ որուն գիրքին հրատարակութեան «ծախսը կը հոգան», մերթ տեղի տալով դիմողին աներեսութեան ու յաճախ ալ, բարեկամներու, ծանօթներու եւ «ընկերներու» դիմումներուն ու միջամտութիւններուն։ Ու այս վերջին պարագան, նման իրենց գիրքերը ծախելու կարգ մը գրողներու ի գործ դրած անորակելի միջոցներուն, կը ծառայէ վարկաբեկելու ե՛ւ հայ գրականութիւնը, ե՛ւ հայ գրագէտները։ Ու այս գարշելի գործողութիւնները տեղի կ’ունենան յանուն «քաջալերութեան»։ Արդ, գրագէտը քաջալերութեան երբեք պէտք չունի. ընդհակառակը, գրագէտը, ինքը, մարդուն համար, մարդոց համար քաջալերիչ ոյժ մըն է, զօրութիւն մըն է։ Հայ-մարդերն են, որ պէտք ունին հայ գրագէտին, ճիշդ ու ճիշդ քաջալերուելու համար, իրենց հայութեան եւ մարդկութեան մէջ իսկ։ Ու քաջալերուիլ՝ հոս կը նշանակէ գիտակցիլ նաեւ ու քաջալերութիւն՝ գիտակցութիւն։ Որովհետեւ գրականութեան, ուստի նաեւ գրագէտին բնութեան ամենէն մաքուր ոյժը կը գտնուի այն զայրոյթին, այն խանդավառութեան, այն խորհրդածութեան, այն սիրոյն ու կամքին, եւ վերջապէս այն գիտակցութեան ու ինքնագիտակցութեան մէջ՝ որոնց ծնունդ կու տայ ան ընթերցողին մէջ, զայն վէրք առ վէրք վիրաւորելով իր էութեան կուսութեան իսկ մէջ։ Գիտակից մարդը վիրաւոր մարդ մըն է, որուն արիւնը կը հոսի դեռ ու ինք կը տեսնէ, կը շօշափէ այս արիւնն ու իր հոսումը։ Այս ոյժը ունեցած են Աբովեանը, Ռաֆֆին, Պէշիկթաշլեանը, Դուրեանը, Զոհրապը, Արփիարեանը, Ահարոնեանը, Սիամոնթօն ու Վարուժանը եւ ուրիշներ։ Նաեւ ունեցած է Թէքէեան։ Արդ, պէտք է համեստօրէն ու խոնարհամտութեամբ ընդունիլ՝ թէ այսօր, հայ գրականութիւնը կորսնցուցած է իր այս ոյժը հին գրականութիւնը, ինչպէս ժամանակակիցն ու նորը։ Պատճառներ. հայ–մարդը կորսնցուցած է իր մարդկային կուսութիւնը։ Աւելին. Հայ-մարդը ներկայիս, իր էութեան ամենէն գաղտնի, մաքուր եւ անձնական մասին մէջ, այսինքն իր ինքնութեան մէջ բռնաբարուած պղծուած մարդ մըն է ու ինք կը զգայ, խուլօրէն, կուրօրէն, համրօրէն կը գզայ իր բռնաբարուած ըլլալուն ամօթը։ Ու գրականութիւնը, ինչպէս ճշմարտութիւնը, գեղեցկութիւնն ու բարին, որոնց պատգամաբերն է ինք, կը թափանցէ եւ ազդուութիւն մը ունի մարդուն կուսութեան մէջ միայն։ Յետոյ, մեր գրականութեան բնութիւնը, խեղճութիւնն ու ցրուածութիւնը եւ մեր գրականութեան ու հայ-մարդոց փոխադարձ ներքին պահանջներուն չգոյութիւնը։ Ու այս վերջին չորս խնդիրները, այսօր ու թերեւս ալ երբեք գոյութիւն չեն ունեցած ո՛չ միայն մեր ժողովուրդին մէջ այլ նաեւ որեւէ ժողովուրդի մէջ։ Ուրեմն, անոնք տեսակարարապէս մեր միջին սերունդին բնութեան կը վերաբերին ու զայն կը մասնորոշեն։
       Հիմա, կը խնդրեմ որ ինծի ցոյց տաք այն հայ օրաթերթը, շաբաթաթերթը կամ ամսագիրը, որ պիտի համարձակէր այս էջերը հրատարակել։ Կամ այս էջերուն նման այլ էջեր։ Ու իր անխոստովանելի պատճառները պահելու համար, պատճառաբանութիւններու մէջ ապաստանելով, այս տողերուն հեղինակը «քանդիչ», «խենդ» եւ «յոռետես» պիտի չկոչէր։ Հեղինակը, որ առանց երբեք ինքզինքը խելացի կարծելու, կը մտածէ ու կը հաւատայ՝ որ ինք կառուցանող եւ մանաւանդ անսահմանօրէն լաւատես հայ-մարդ մըն է։ Ու իր լաւատեսութիւնը իր անմեղութիւնն իսկ է։ Ու անմեղութիւն՝ հոս կը նշանակէ յաւիտենական կուսութիւն. կը նշանակէ իր հայ-մարդու անգիտակից-գիտակցութիւնը, կամ հայ-մարդոց հաւաքական անգիտակցութեան ինքնաժայթք պոռթկումը իր մէջ, կամ ազատ-հայ-մարդու իր բնազդը։ Իր հայ-մարդու պարզութիւնը, որ աւա՜ղ, պարզամտութիւն մը չէ, ինչպէս շատ մը հայ-մարդոց մէջ։
       Միջին սերունդը, այն զոր «յետպատերազմեան սերունդ» կը կոչուէր դեռ ասկէ տասը տարի առաջ, իր տեսածներուն եւ ապրած կեանքին անհաստատութեան ու փուճութեան առջեւ, վաղուց կորսնցուցած է, նոյն իսկ առաջին օրէն իսկ չէ կրցած ունենալ այն մանկամիտ յաճախ ու երբեմն ալ մարդամիտ փառասիրութիւնը, որ համարձակօրէն հրապարակ կու գայ, մասնաւորապէս զինքը նախորդող սերունդին մէջ։ Ինչ մեղքս պահեմ այս փառասիրութիւնը ես իմ պատանութեանս օրերէն իսկ ծիծաղելի ու սին գտած եմ միշտ մեռածներուն մէջ եւ ողջերուն մէջ ալ՝ անտանելի։ Ու անիկա իմ արգահատանքս միայն շարժած է, որովհետեւ, այս փառասիրութեան մէջ իսկ ինձ թուած է ճանչնալ որոշ անգիտակցութիւն մը՝ գրական ու մարդկային։ Օր մը այս իրողութիւնը կը հաստատէի Թէքէեանին առջեւ, զոր ինքն ալ ընդունեց, բայց զայն նկատեց մեր սերունդին թերութիւններէն եւ պակասութիւններէն մէկը, «որովհետեւ փառասիրութիւնը, մարդուն մէջ շարժիչ, խրախուսիչ ոյժը մըն է»։ Կը հասկնայի զինքը՝ որ գրած էր, ինքզինքին ուղելով իր խօսքը. - «Փառքին համար ճամբայ ելլար. - Այն հեռաւո՜ր առաւօտուն…»։ Հիմա, նուազ կը հասկնամ ե՛ւ զինքը, ե՛ս իր ըսածը։ Անշուշտ, փառասիրութիւնը մարդը «ճամբայ» հանող ոյժ մըն է, բայց ի՞նչ է, ո՞րն է այս ուժին սեփական արժէքը։ Ու յետոյ, այս կարգի մարդկային «պակասութիւններ» շատ ունի մեր սերունդը։ Եւ չէր կրնար զանոնք չունենալ։ Փառասէր ըլլա՜լ եւ գրականութեամբ փառք որոնել ու զայն գտնե՜լ ներկայիս «մեր ժողովուրդին» քով։ Ա՜հ, ո՛չ. միջին սերունդը այդքան ալ կոյր չէ. ո՛չ ինքզինքին առջեւ, ոչ ալ առջեւը «մեր ժողովուրդին» ու մեր գրականութեան։
       Եթէ ծիծաղելու փափաք ունենայի, կամ ինծի հետ ապրող մարդերը խնդացնելու փափաք, պիտի ըսէի՝ որ հայ-գրագէտը կը գրէ անմահութեան համար։ Աւա՜ղ։ Միջին սերունդին գրագէտները, մասնաւորապէս, չեն հաւատար անմահութեան եւ ոչ ալ իրենց սեփական անմահութեան, գրականութեան կամ այլ միջոցներով ձեռք ձգուած։ Այս պարագային ալ, մեզ նախորդող սերունդները երանելի են։ Ու հաւատքի այս պակասը գրականութեան արժէքին ու տեւողութեան հանդէպ չէ այլ մեր ժողովուրդին տեւողութեան, մեր լեզուին տեւողութեան, քաղաքակրթութիւններու տեւողութեան մէջ։ Միշտ կը յիշեմ հին տրամախօսութիւն մը, Շ. Նարդունիին հետ, որ ամրան խաղաղ, անուշ ու գաղջ ամբողջ յետմիջօրէ մը տեւեց, Փարիզ, նախ ճաշարանին մէջ ու յետոյ Լիւքսենպուրկի պարտէզին մէջ, եւ որուն ընթացքին Նարդունի ու ես զիրար գրկելու չափ ներքնապէս մօտեցանք իրարու, յայտնաբերելով իրարու, շրջուած գրպաններու պէս մենք մեզ պարպելով իրարու առջեւ, մեր անկեղծութեան, ուղղամտութեան, քաջութեան եւ գիտակցութեան մէջ մոռնալով մեզ ու մեր խօսքերը շաղախող ցաւն ու դառնութիւնը։ Ու մարը մտնող արեւին հետ եւ նման, Նարդունի եզրակացուց հանդարտօրէն, ծանրօրէն. - «Թերեւս հարիւր տարի վերջ մեր գիրքերը թանգարաններու փոշիին մէջ միայն կարելի պիտի ըլլայ գտնել»։ Ու ծանր եւ անշարժ լռութենէ մը ետք, որ նման էր մեր մարմիններուն, մեր գոյութեան ու մեր գիտակցութեան, լռութիւն մը, որ կը նախորդէ պայթելու սպառնալիքով զսպուած հեծկլտուքի մը, իրարու երես նայելու իսկ չհամարձակելով, մենք ոտքի ելանք ու քալեցինք, դէպի Լիւքսէնպուրկի թանգարանը։
       Ուրեմն ինչո՞ւ համար գրել։ Գրե՞լ ինքզինքն ու ուրիշները խաբելու համար, ինչպէս ըրած են շատեր ու դեռ ալ կ’ընեն։ Գրե՞լ մարդերը զուարճացնելու համար։ Գրե՞լ զանոնք լացնելու համար։ Բայց ի՞նչ բանի վրայ լալ եւ խնդալ՝ ի՞նչ բանի վրայ։ Ի՜նչ բանի վրայ խնդացնել կամ լացնել։ Մարդոց բան մը սորվեցնելո՞ւ համար գրել հայ-մարդը ի՞նչ սորված է ցարդ ոչ միայն իր կարդացածէն այլ իր տեսածէն, կրածէն, ապրածէն։ Ու գրականութիւնը երբէ՞ն ի վեր ուսացողական եղած է մեզի համար։ Քաղաքական, գիտական, փիլիսոփայական վարդապետութեան մը պաշտպանութեա՞ն համար գրել, նկարազարդումի՞ն համար գրել։ Ինքիրէ՞ն համար գրել, երբ միջին սերունդին մաս կազմող հայ գրագէտը, նման բոլոր հայ-մարդոց, ինքն իր վրայ իսկ հաւատք չունի, ինքզինքը իսկ կ’արհամարհէ եւ ամէ՛ն բանէ առաջ։ Ներքին եւ անոգորելի պահանջի մը գոհացում տալո՞ւ համար գրել բայց այս պահանջը որքա՞ն ատեն կրնայ տեւել, այսինքն իբրեւ պահանջ մը մնալ գրողին մէջ նորավէպի մը, ոտանաւորի մը տեւողութիւնը։ Ստելո՞ւ համար գրել, մարդերը վարկաբեկելո՞ւ համար գրել, մարդոց սխալները ուղղելո՞ւ համար գրել։ Կամ, վերջապէ՜ս, արուեստը արուեստին համար ցնդաբանութեա՞մբ գրել։ Կամ թերեւս, այս բոլորին համար գրել։ Այո՛, մեր քառորդ դարու գրականութիւնը գրուած է այս բոլորին համար եւ աւելիին համար իսկ. - Մարդերը տպաւորելու, գայթակղեցնելու համար գրել եւ գրե՜լ, գրած ըլլալու համար։ Ու նաեւ իր չտես մարդու յանկարծ տեսածներովը ինքզինքը փառաբանելու համար գրել։ - Գրելու արարքին այս բոլոր պաճառներուն սնամտութիւնը ուշ կամ կանուխ պիտի զգային անոնք ու զգացին ալ։ Ապացոյց. - Միջին սերունդին մաս կազմող գրագէտներէն շատերը արդէն լռած են։ Պարպուած են։ Եւ ուրիշներ ալ՝ հետզհետէ աւելի քիչ կը գրեն ու կը հրատարակեն։ Հազիւ քանի մը գրագէտներ, որոնց գրելու պատճառները իսկապէս մարդկային խորք մը ունէին, ոտքի են դեռ, երբ նոյն իսկ լուռ են։ Անոնք կը գրեն, հայ-մարդը ինքն իրեն զգացնելու, ինքն իրեն մօտեցնելու, ինքն իրեն մտերմացնելու, հայ-մարդերը իրարու մօտեցնելու եւ իրարու զգացնելու, իրարու մտերմացնելու համար կը գրեն։ Մարդուն բնութեան հիմնական մէկ իրականութիւնը յայտնաբերելու համար կը գրեն։ Մարդը իր սեփական ներկայութեան մէջ դնելու համար կը գրեն, մարդերը իրարու ներկայութեան մէջ դնելու համար կը գրեն։ Մարդուն էութեան մէջ իրականը գեղեցիկին այլափոխելու համար կը գրեն։ Մարդուն ինքնագիտակցութեան համար կը գրեն։