Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ. -
       Այս անաւարտ ձեռագիրը, գրուած զայրոյթով, նողկանքով եւ ոխայորդ բռնութեամբ մը, Փարիզ, 1932ին, Թէքէեան կարդաց ինծի, Սէն Սիւլփիս պանդոկի իր սենեակին մէջ, յաջորդ օրն իսկ այն դառնապարար գիշերուան, որուն մասին կը խօսի ան, առաջին տողերուն մէջ։ Ու կարդաց զայն յուզումով ու չար գոհունակութեամբ եւ ինծի ըսելով. - «Կը կարդամ քեզի, որովհետեւ քեզի պիտի ղրկէի զայն, եթէ կարենայի լրացնել։ Չկրցի եւ չեմ յուսար զայն շարունակել, ամբողջացնել։ Քաջութիւնը չունիմ»։ Ես ուզեցի, որ ինք շարունակեր զայն եւ անոր մէջ համադրէր ամբո՛ղջ «հայ արուեստագէտը», այսինքն զայն ընէր գաղութահայ «արուեստագէտին» բարոյական, մտաւորական ու ընկերային դիմանկարը։ «Փորձեմ» ըսաւ։ Շաբաթ մը վերջ, ձեռագիրը կը մնար դեռ նոյն վիճակին մէջ։ Իր զգացած ջլապինդ նողկանքը շղթայած էր իր միտքը, սիրտն ու ձեռքը։ Վախնալով, որ զայն կը փճացնէ, առի ձեռագիրը եւ ընդօրինակեցի ու յետոյ իրեն վերադարցուցի, կրկին անգամ իրմէ խնդրելով, որ զայն ամբողջացնէ եւ առաջարկած համադրութեան գաղափարովս իսկ, առանց սահմանափակուելու այն հայ «արուեստագէտին» մէջ, որ խնդրոյ առարկայ է հոս եւ որուն անունը չեմ ուզեր յայտնել։ «Այդ համադրութեան մէջ ես ալ պիտի գտնուիմ, ըսաւ կարծր հեգնանքով ու դաժանօրէն. ասիկա՞ է ուզածդ»։ Յանկարծ, ամօթէս գետնէ գետին մտայ, ինչպէս կ’ըսեն, որովհետեւ, «ուզածս ատիկա էր», արդարեւ. «ատիկա»՝ բայց առանց նողկանքի եւ գթութեամբ ու քաջութեամբ միայն գրուած։
       Իր ձեռագիր թուղթերուն մէջ, որոնք «Թէքէեան Ֆօնտ»ի Յանձնախումբին քով կը գտնուին, գտայ այս տասնեակ մը փոքր էջերը, առանց տողի մը իսկ յաւելումին. բայց քանի մը մանր սրբագրութիւններով - լեզուի, պատկերի եւ արտայայտութեան։ Իր սրբագրուած ձեւին մէջ կը հրատարակեմ այս էջը հոս եւ այս թիւով, մտածելով, որ ան կրնայ բան մը եւս աւելցնել «Հայ գրագէտին Ողբերգական Կացութիւնը» փորձին վրայ։ Վերնագիրը ես կը դնեմ, զայն առնելով գրութեան ծոցէն իսկ։