10.
ՏՂՈՒ
ՄԸ
ՄԱՀԸ
Գարուն
է,
ծիլ
առին
ծաղիկն
ու
դալար,
Կը
շողայ
լոյսն
եթերին
մէջ
կապուտակ.
Ձըմրան
խոժոռ
երկինքը
որ
միշտ
կու
լար`
Բիլ
հըրճուանքով
մը
կ'ողողուի
ա՛լ
հիմակ:
Կեանքի
գարնան
մէջ
դուն
ծաղի՜կ
նորածիլ.
Աղէտաբեր
խորշակով
մը
խամրեցար.
Մանուկ
հոգիդ
ալ
եւ
հեշտ
բուրում
մը
եւ
յածիլ
Գընաց
կապոյտ
անհունին
մէջ
լայնատարր:
Անվերադարձ
մեկնումդ,
աւա՜ղ,
մենք
կու
լանք
Խուլ
հեծքերով
ու
արցունքով
դառնագին,
Եւ
կը
մարի
մեր
սըրտին
խինդն
ու
տենչանք
Քու
արեւիդ
շիջումին
հոծ
շուքին
տակ`
Չըխորհելով
թէ
անըստուեր
քու
հոգին
Զըւարթունի
վերացում
մ'է
ա՜լ
հիմակ: