28.
ՍԻՐԱՁԱՅՆ
ՀԾԾԻՒՆՆԵՐ
Տո՛ւր
համբոյրիս
խանդոտ`
շրթունքըդ
բուստէ
Հուրի՜
աննիւթ,
փաղփուն
ծաղիկ
երազի,
Ըսպասումի
հովէն
տենչըս
կը
մսի՜,
Ա՜հ,
քու
սիրոյդ
ջերմութիւնով
զիս
պատէ:
Կոյս
գրկիս
մէջ
նետէ
գըլուխըդ
չքնաղ.
Ջինջ
նայուածքի
զոյգ
եթերներդ
ինծի՜
տուր,
Ցանէ
հոգւոյս
մէջ
սիրակայծ
սրտիդ
հուր
Եւ
հնչեցուր
առջի
սիրոյն
հոն
թակաղ:
Սեւ
սաթի
գոյն
վարսերուդ
թովքը
բոլոր,
Ու
ծաղկալից
հոգւոյդ
շունչը
վարդաբոյր,
Լեցուր
գրկիս,
լեցուր
սրտիս
մէջ
թափուր,
Թո՛ղ
գգուանքիդ
ըմպեմ
հեշտանքն
անսովոր:
Ա՛լ
կը
հաշմէ
հոգիս
պաշտումն
իտէալ.
Լոկ
հեռուէն
ժպտող
քու
սէրդ
ալ
չունի
Ինծի
համար
իրեն
թովանքն
երբեմնի.
Եկո՛ւր,
մօտէն
զիս
սիրովըդ
պատէ
ալ: