Այլ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
35. ԹՂԹԻԿԸ
       Ամառ գիշերն` անոյշ մեղր ու կաթի պէս`
Խուցէն ներս է հոսեր արծաթ ծորակով.
Այծտերեւին շուլլըւեր է որմէն վե՜ր`
Պատուհանէն ներս նայելու ըղձանքով.
Իր տարփանքը բոյր` հովիկին պինդ փարած`
Կ'երթայ մինչեւ շուքին անկիւնը լըճակ`
Ուր ծաղկահեր գլխով աղջիկն ըսպիտակ
Մահիճին մէջ ընկողմանած` աչքը բաց`
Ձեռքը թուղթին` թուղթը սրտին` կ'երազէ…
       Տա՛ք է, մէկ կողմ կը նետէ շուտ իր վերմակ
Ու կը հանէ շապիկն ալ` գաղջ ու ճերմակ.
Ու կը կայնի հոն, հերարձակ, հոլանի,
Հայլիին դէմ, ձեռքն ըստինքին, երազո՜ւն,
Ինչպէս բոց մը, ինչպէս խուրձ մը ցորենի.
Թղթիկին պէս հայլիին քաղցր է լեզուն…
Թղթիկին` զոր դեռ իր կուրծքէն չէ՛ բաժնած
Զոր գոց գիտէ, զոր սրտին մէ՜ջ է դըրած:
       Ու կը սահի ճիւղ մը վարսքէն մետաքսէ,
Իր ծիծերուն մինչեւ ծմակը շուշան.
Ու պտկունքներն հեշտութիւնով կը սարսռան,
Ու թղթիկը իր բոց բառերը կ'ըսէ,
Իր տառե՜րը կը տըրոփէ մութին մէջ…
Եւ հաճոյիկ, անոյշ, բարի՜ լուսինկան
Վարագոյրէն շողիկ մը ներս կը խրկէ`
Որ շեշտ կ'իյնայ ձեռքերուն մէջ աղջկան`
Լուսաւորել թղթիկն` որ դեռ կը հծծէ…