23.
ԵՐԱԶ
ՕՐԵՐ
(Քանթիլէն)
Կարմիր
ծաղիկ
մը
գարունի
Առտու
մ'ինծի
նըւիրեցիր,
Ըզգացի
թէ
տենդեր
ունի
Երազկոտ
միտքըս
ուշացիր:
Խանդաղատանք
մը
յորդեցաւ
Իմ
նըւաղկոտ
լանջքիս
տակ`
ուր
Դողաց
սիրոյ
սարսուռն
անցաւ`
Ու
թովանքը
համբոյրին
հուր:
Եւ
ըղձակաթ
իմ
հէգ
հոգիս
Ըզգաց
սիրտիդ
հուրքն
արծարծուն,
Ու
մետաքսէ
ուղի
մը
զիս
Սէր-Ծաղիկին
տարաւ
ածուն:
Հոն
ժըպտեցաւ
կեանքը
ինծի,
Հըմայքներու
հոյլովն
անցաւ,
Եւ
ուրուական
մը
կասկածի
Անոր
մօտէն
երբեք
չանցաւ: