12.
ՊԵՏՐՈՍ
ԴՈՒՐԵԱՆ
Լուռ,
մարմարակերտ
դամբանին
խորէն,
Հանճարի
աչքերն
անքոյթ
կը
նային,
Լոյս
ոգիներու
կեանքովն
երկնային,
Ա՛լ
մեկուսացած
ունայն
ժըխորէն:
Մեռա՜ւ,
խանդավառ
սէրերն
երգելէն`
Ու
պիտի
յաւէտ
միտքերն
հըմային
Իր
թունդ
քընարէն,
ու
երգերն
ալ
հին
Պաշտումով
ըզմեզ
միշտ
պիտի
գերեն:
Յոյզով
մեռա՛ւ
ան,
յուշքով`
կ'ապրի
դեռ,
Ծառերուն
նըման`
որ
թարմ
ու
դալար,
Իր
գերեզմանին
կ'ելլեն
քովն
ի
վեր:
Հիացքներ
կ'երթան
իրեն
ետեւէն…
Եւ
իր
յուշքերն
ալ,
յաւէտ
անմոլար
Ու
միշտ
ոգեւոր`
դեռ
պիտի
տեւե՜ն:
[8
Յուլիսի,
1903]