Այլ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
15. ՅԻՇԱՏԱԿԴ
       Փըրփուրները քարափին
Կ'երկնեն երազն հեշտաւէտ
Իմ խոնջ հոգւոյս մըրափին.
Յոյսի շող մը զիս յաւէտ
       Կը կապէ նուրբ կապոյտին.
Կը խոստանայ ծովն անհուն.
Ու ալեակներ կը ժըպտին
Հոգւոյս տենդոտ իղձերուն:
       Անոյշ արցունք մը սըրտիս
Քուն կը բերէ զովասուն,
Ու դուն ինծի՛ կը մօտիս
Ջինջ նըկարով մը խօսուն:
       Ու սիրավառ, ես յանկարծ
Աննիւթ տեսքէդ խելայեղ,
Կը պըլլըւիմ, մըշտարծարծ
Յիշատակիդ, ամէն հեղ: