18.
ՄՇՈՒՇԻՆ
ՄԷՋԷՆ
Բամբ
սոյլ
մըն
է`
որ
դեռ
կը
տառապի
Այս
գորշ
առտուան
մշուշին
մէջէն.
Տարտամ
նայուածքներ
դեռ
կը
դանդաղին
Մըշուշին
մէջէն,
որ
կը
խոպոպի:
Խօլ
հսկան
է
ան`
որ
կը
տառապի
Հառաչ
մը
թողլով
իր
յիմար
կողէն.
Ձայնը`
որ
կու
լայ
մըշուշին
մէջէն
Կարծես
հոգեվար
երգ
մ'է
կարապի:
Թօշ
ամպիկներէն
դեռ
կը
վարանի
Բոց
տարփանքներու
ցանցերովն
հիւսուած,
Երազը
կապոյտ,
յոյսը
ծիրանի:
Հուրի
մը
սէրըս
անոր
կը
տանի.
Թոյլ
մըշուշներուն
մէջէն
թանձրամած,
Մինչդեռ
կը
հեծէ
սոյլը
տիտանի:
[1903]