Այլ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
18. ՄՇՈՒՇԻՆ ՄԷՋԷՆ
       Բամբ սոյլ մըն է` որ դեռ կը տառապի
Այս գորշ առտուան մշուշին մէջէն.
Տարտամ նայուածքներ դեռ կը դանդաղին
Մըշուշին մէջէն, որ կը խոպոպի:
       Խօլ հսկան է ան` որ կը տառապի
Հառաչ մը թողլով իր յիմար կողէն.
Ձայնը` որ կու լայ մըշուշին մէջէն
Կարծես հոգեվար երգ մ'է կարապի:
       Թօշ ամպիկներէն դեռ կը վարանի
Բոց տարփանքներու ցանցերովն հիւսուած,
Երազը կապոյտ, յոյսը ծիրանի:
       Հուրի մը սէրըս անոր կը տանի.
Թոյլ մըշուշներուն մէջէն թանձրամած,
Մինչդեռ կը հեծէ սոյլը տիտանի:
       [1903]