Այլ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
19. ՔՈՒՆ
       Ցուրտ Աշուն մը սարսռագին
Կը հեւայ իմ հոգւոյս մէջ.
Կ'իջնէ գիշերը. Կեանքին
Գիրքը կու լայ էջ առ էջ:
       Սրսփանքներ տենդագին,
Ու հծծիւններ հիւանդոտ
Հոն կը յածին, կը յանգին
Եղերերգի մը տենդոտ:
       Ու, եւ ձիւնապատ հէ՜ք քընար, եւ
Իմ վէս սիրտըս կը լըռէ.
Ու հոն հեծքն ալ չի մընար.
Լոկ սարսուռն հոն կը բերէ
       Իր վիշտերը խօլական,
Ու տենչանքիս իմ հիւանդ`
Ծաղիկները ա՛լ չըկան,
Չըկա՜ն անոնց բոյրն ու խանդ…
       [1903]