Այլ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
27. ԱՂԵՐՍԱՆՔ
       Կաթեցուր հոգւոյս մէջ յոյզը կեանքին,
Դո՜ւն, երազներու ծաղիկ դողդոջուն.
Դո՜ւն` որ գիշերին մէջէն մըթագին
Հծծեցիր պարերգն իմ տենչանքներուն:
       Դո՛ւն` որ ժըպտեցար, դուն` որ կը ժպտիս,
Ինծի տուր կաթը խանդաղատանքին.
Կիրքե՛ր տո՛ւր հոգւոյս, հըրայրքներ սրտիս,
Տենդոտ պահերու յուզմունքներն հեշտին:
       Նոր բարբառումներ ու հոգւոյ համբոյր,
Նոր նոր կսկիծներ ու ցա՜ւ տուր ինծի.
Վարդաւէտ ցոլքով ծաղկին հեշտաբոյր
Թող որ շուրջն հըրուտ երազանքս յածի:
       Պահե՛ր մոլուցքի, տենդի վայրկեաննե՛ր,
Տո՛ւր ինձ երազին ոսկելար նարօտ.
Երջանիկ ըրէ սիրտս` որ լըռին էր,
Եւ կեանքս` որ հիմակ յոյզի է կարօտ:
       Կաթեցո՛ւր հոգւոյս մէջ յոյզը կեանքին,
Դո՛ւն, երազներու ծաղիկ հեշտալիր,
Դո՛ւն` որ գիշերուն մէջ հեծեծագին
Կեանքի վարդենիքն ինծի ցուցուցիր…