Այլ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
29. ՏԵՍԻԼ
       Երբեմն ամպոտ երկինք մը` շո՜ւտ կը պարզըւի,
Ու լեղակի լիճ մը կ'ըլլայ`
Հոգւոյս շլացիկ ծովուն դիմաց:
Եւ իրարու կը ժպտին
Լիճն այն լեղակ ու ծովն հոգւոյս,
Քոյր ծաղիկներ աներկրային`
Զոր մերթ հովի հոսանք մը կոյս`
Անզսպելի ինչպէս ալիք գորովի`
Կը խոնարհէ իրարու դէմ:
       Ու լիճին վրայ կապոյտի,
Կը բողբոջի յանկարծ կղզեակ մը բուստէ.
Ու կղզեակին վրայ, երփներփուն
Ամպիկ մըն ալ կը ցայտէ,
Անրջածին ամէն գոյնով կը ծպտի,
Ծաղիկ կ'ըլլայ, թռչուն կ'ըլլայ, կ'ըլլայ նայուածք ու ժըպիտ:
       Ու շիկնոտ Իղձս ալ, թիթեռնիկ բոցաթեւ,
Կը թռչըտի ծաղկաստանին մէջ սրտիդ:
Ու գունագեղ ամպին ետեւ
Բուստ կղզեակին վրայ ծըփուն`
Չքնաղակա՜ն կ'երեւնաս դուն:
       Ու տեսլական ձեւեր կ'առնէ դէմքդ համբուն.
Մազերդ` անթօշ նարկիս կ'ըլլան.
Ճակատըդ` ձիւն կատարներուն`
Զոր վարդագնեց արփն իրիկուան.
Եւ աչքերըդ կ'ըլլան զոյգ մը ծառուղիներ`
Ուր կը ճըչէ թռչնակն արձակ ու ճռուողուն
Իմ Խայտանքիս. ու շուրթերդ ալ`
Ոսկեզօծ եզրը բաժակին`
Ուր կը հակին,
Վարդ ու հարսնուկ, կակաջ, նարդոս, գարնածաղիկ, նունուֆար…
       10 Ապրիլ, 1907