Այլ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
32. ԽՈՒԼԸ
       Շուրթի վարդին վըրայ կ'առնէ ընդմիշտ թառ,
Իր նայուածքին մեղուն` տարփոտ, հեւ ի հեւ.
Օ՜հ, շարժո՛ւմ մը, որ ընտանի ձե՛ւը տար,
Որ մե՜ղրը տար բառին ծանօթ: Ու թեթեւ
       Ու փախըստեայ փըսփըսո՛ւք մը` մերթ օտար
Ու անսովոր ձայնի մ'ըլլար կշռոյթ` եւ
Օ՜հ, հնչական լըսելութեան, անվըթար
Պայծառ րոպէն ծընէր, մանկի՜կ բոցաթեւ:
       Բայց լռութի՜ւն. շուրթ-ծաղիկն է աննեկտար.
Լըսելիքն ալ չունի հնչիւնն անսովոր.
Կը թեւածէ լոկ անուրջին բոցը` որ
       Մերթ մեղուաժիր իր աչքերէն կը խայտար,
Եւ հոգիին մէջ սուզելով, հոգեթով
Կը բերէ բոցն` ըղձալի բառը փութով: