Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐԸ
Ա


Ժամանակակից քաղաքական պատմութեան ազգայնական սկզբունքներու յաղթանակին համար մղուած փառաւոր կռիւներու արձանագրութիւններովը այնքա՛ն լեցուն են, որ ապագայ պատմագիրը՝ աներկբայ՝ ներկայ դարուն պիտի տայ նախապատիւ դիրք մը քան ԺԹ. դարը, որը իտալական, գերմանական ու պալքանեան ժողովուրդներու առանձնայատուկ խմորումին եւ ազգայնական կերտուածքին հանդիսատեսը եղած էր։ Ազգայնութեան դրօշին ծածանումը, ու անոր պարտադրած արիւնի զոհողութիւնները տեսնելու համար, այսօր այլեւս պէտք է դուրս գալ իռլանտական, բոլոնիական եւ չեհական աւելի կամ նուազ վատասերած միջավայրերէն, ու պէտք է երթալ դէպ ի հնդկական, պարսկական ու եգիպտական երկիրները, որոնց վաղնջական ժողովուրդները իրենց դարաւոր թմրութենէն արթնցած, ահա կը զգան դառնութիւնն այն թոյնին, զոր օտար ձեռքը կաթեցուցեր է իրենց երակներուն մէջ. այս սթափումը՝ որքան վտանգաւոր, այնքան եւ աւելի գեղեցիկ ու ասպետական է սակայն. երէկուան ստրուկներն ու արհամարհուածները՝ մահուան գնով կ՚երդուըննան կերտել ազգային սեպհական իրաւունքներու, բարքերու եւ տիրապետութեան պարիսպը. որուն ատամնաւոր աշտարակներէն վախնալով, այլեւս ազգային տան սեմէն ներս չի կարենայ ոտք դնել հարստահարող օտարը կամ ժողովուրդի ձայնը խեղդամահ ընող բռնաւորը։

Ազգայնական նորագոյն շարժումներուն հանդիսավայրերէն մէկը դարձած է այսօր Հնդկաստան, որուն ըմբոստ տարրը հնդկական արեգակնավառ կաթովը ջամբուած, երկար ատենէ ի վեր անհաշտ ընթացք մը ունէր՝ հանդէպ անգլիական տիրապետութեան։ Անգլեւհնդիկ բանակին մէջ զինուորական ապստամբութեան դէպքերը եւ զանազան հնդիկ ցեղերու պարբերական խլրտումները յայտարար նշաններ էին արդէն, թէ ցեղին արիւնը չէ ջրոտած տակաւին, հակառակ բոլոր այն թմրեցուցիչ ներարկումներուն, որոնցմով անգլիական խորամանկութիւնը կը փորձէր մահացնել հնդիկ ազգայնական ոգին։ Ու այդ անընկճելի հրաշալի ոգին օր ըստ օրէ հզօրացաւ ու Գանգէսի ջուրերուն պէս յորդառատ հոսեցաւ միլիոնաւոր հնդիկներու հոգիէն ներս, խելայեղելով ու գինովցնելով զանոնք, ամէ՛ն վտանգի, ամէ՛ն զոհողութեան, ու նոյն իսկ մահուան առջեւ խնդումերես ընելով զանոնք։

Հնդկական յեղափոխութիւնը՝ զուտ ազգայնական հողի վրայ՝ ուռճացաւ երկու գլխաւոր ազդակներու շնորհիւ. մտաւորականներն ու ժողովրդային հասարակ խաւերը, երկու հակընդդէմ ծայրեր, որոնց միացման գիծը ընբռնել կարենալու համար, ճօճանակի երկրաչափական ճշմարտութիւնը պէտք է վերյիշել։ Մտաւորական ու ժողովրդային անուս դասակարգերուն այս գիրկընդխառնումը վիճակն է արդէն ազատագրուելու պատրաստուող բոլո՛ր ստրուկ ազգերու յեղափոխական կեանքին, որովհետեւ, հերոսներն ու անձնազոհութեան տիպարները կը ծնին կա՛մ հասարակ ժողովուրդի ծոցին մէջ, ուր մելեռանդ հաւատքին խանդը կը տիրապետէ, եւ կամ դուրս կուգան գաղափարական երիտասարդութեան շարքերէն, որոնք ազատ դրօշներու ծփանքէն հրապուրուած, կը նետուին յեղափոխական պայքարներու յորձանքին մէջ։

Հնդիկ ազգայնական շարժումին յառաջապահները եղան, մեծ մասամբ, հնդիկ խմբագիրներ ու համալսարանաւարտ երիտասարդներ, որոնք անգլիական հզօր լուծին դէմ մաքառիլ կարենալու համար ձեռք առին մամուլն ու միլիոնաւոր բնիկներու ձեւացուցած ամբոխային ոյժը, որդ կրնար հրաշքներ գործել, եթէ նպատակայարմար ուղղութիւն մը ստանար։ Հնդիկ յեղափութիւնն ալ դժբախտ ճակատագրականութեամբ մը՝ անցաւ բոլոր այն իրերասպան արիւնի շրջաններէն, որոնք անխուսափոլի բաժինը եղած են բոլո՛ր յեղափոխական մարմիններու գործունէութեան. ու այսպէս հնդիկ տէռօրը հարկադրուեցաւ իր դաշոյնը մխել կուրծքն այն մեծահարուստ հնդիկ նապապներուն, որոնք իրենց ոսկեհուռ գօտիները չուզեցին քակել, ազգային ազատագրութեան դատին հանդէպ ոճրապարտ անփութութիւն մը ցուցադրելով։

Բայց հնդիկ յեղափոխութիւնը, հակառակ իր ազգային եւ օտար ոսոխներուն, օր ըստ օրէ ծաւալեցաւ, ու այսօր անգլիական կառավարութիւնը՝ զգալով թէ լուրջ եւ յամառ հակառակորդներու դէմ կը գտնուի, զինուորական խստագոյն օրէնքներ հրատարակած է Հնդկաստանի մէջ, ու անխնայ մահուան կամ տաժանակիր աշխատանքի պատժին կ՚ենթարկէ հազարաւոր «խռովարար»ներ։ Ալպիոնեան այս պաղարիւն դատապարտութիւնները ոչ մէկ կերպով կը թուին ազդել հնդիկ յեղափոխական շրջանակներուն վրայ. սոսկ անցեալ շաբթուան ընթացքին Պէնարէսէն, Մատրասէն եւ Ալլահապատէն հասած լուրերը կ՚ապացուցանեն, թէ հնդիկ ազգայնական ոգին այնպէս մը արթնցած է ու կը գոռայ, որ զայն չպիտի յաջողին լռեցնել ո՛չ անգլիական ատեաններու մահավճիռները, եւ ոչ իսկ օձ քնացնող հնդիկ ձեռնահմաներու բոլոր հնարքները։ Նայեցէ՛ք սա Պէնկալցի լաճին՝ Լալմօհունին որ Պէնարէսի մէջ կանգնուած Վիքթորիա թագուհիին արձանին վրայ կը շուլլուի եւ զայն կտոր կտոր կ՚ընէ, ու անմիջապէս դատուելով, երկու տարի տաժանակիր աշխատութեան կը դատապարտուի. 200 րուբի ալ (15 Օսմ[անեան] ոսկի) տուգանք պէտք է տայ, բայց որովհետեւ աղքատ տղայ մըն է, անոր հաշուոյն ալ վեց ամիս աւելի բանտ պիտի պառկի։ Ո՞վ սորվեցուց այս պզիկ հերոսին, թէ օտարին լուծը, ըլլա՛յ ան մինչեւ իսկ Վիքթորիաներու կնոջային լուծը, պէ՛տք է փշրուի անպայման։ Բայց նայեցէք տակաւին սա հնդիկ գաղթականներուն, որոնք Քօթաբա Կօնտա գացեր էին, Սիվարաթի բանայիրը տօնելու. նայեցէք այդ հաւատացեալ ամբոխին, որ յանկարծ կը կատղի, կը փրփրի ու կը գոռայ, որովհետեւ անգլիացի ոստիկանը կից մը զարկած էր հնդիկներու պաշտած մէկ կենդանիին. ո՞վ է այդ օտար բռնաւորը որ գացեր մտեր է աւանդապաշտ ժողովուրդի մը նուիրական աղօթատեղիներուն մէջ, ու ամէնէն բիրտ եղանակով մը կը վիրաւորէ հնդիկ ազգային արժանապատուութիւնը, եւ պատճառ կըլլայ որ 5000է աւելի հնդիկներ յարձակին ոստիկանական խումբին վրայ, եւ 20 մարդ մեռցնեն. ո՞վ է պատասխանատուն՝ այս ոճիրներուն, եւ ատոնց հետեւանքով արձակուելիք հարիւրաւոր մահավճիռներուն։

Բայց հնդիկ յեղափոխութեան աննկուն ոյժին մեծագոյն ապացոյցները կը տեսնենք այն շրջաբերական—նամակին մէջ, որ հնդկական Կուրումխի գաւառաբարբառով գրուեր ու ցրուեր է Սիխական զօրագունդին եւ երեւելիներուն. այդ նամակը յեղափոխական գրականութեան գլուխ գործոց մըն է, անձնուիրութեան եւ զոհողութեան ոգիին աստուածավայել փառաբանութիւնը, որ սա բառերով կը վերջանայ. «Ան որ ինքզինքին համար կ՚ապրի մեռած է արդէն, բայց ան որ իր հայրենիքին համար կը մեռնի՝ անիկա միշտ կ՚ապրի»։ Այս շրջաբերական—նամակը կը կարծուի խմբագրուած ըլլալ ձեռամբ այն հնդիկ ուսանողներուն, որոնք անգլիական համալսարաններու մէջ կ՚ուսանին. անգլ[իական] կառավարութիւնը սկսած է սեղմ հսկողութիւն ընել այդ ուսանողական շրջանակներուն վրայ, որոնք իսկապէս յեղափոխական բոյներ դարձած են։ Հնդիկ յեղափոխութեան Եւրոպա ապաստանած ականաւոր դէմքերէն մին է՝ անկասկած Indian socioligistի խմբագիրը, որ 17 տարիներէ ի վեր կ՚աշխատէր հնդիկ ազգայնական շարժումը հասունացնելու. այս խիզախ խմբագրին վկայութեամբը. «հնդիկ ազգայնականները վճռած են՝ ամէն գնով՝ թօթափել հարստահարիչ օտար լուծը. իրենց պայքարը շատ աւելի նուիրական է քան Ճօրճ Ուաշինկթընինը, որ իր հայրենակից ամերիկացիները կը հրաւիրէր զէնք բարձացնել Անգլիոյ դէմ։ Հնդիկ ազգայնականներուն համար, Հնդկաստան մտած անգլիացիները գողեր են պարզապէս»։

Հնդիկ ազգայնական շարժումին վրայ այս հարեւանցի տեսութիւնը բաւ համարելով, կ՚անցնինք խօսելու պարսկական եւ եգիպտական նորագոյն ազգայնական շարժումներուն մասին։