Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕՐՈՒԱՆ ԽՕՍՔԵՐ

Գաւառի մամուլը

Տարի մը առաջ, խօսելով մեր գաւառական Մամուլին վրայ. կ՚ըսէինք. «Եթէ Գաւառի Մամուլը Արշակաւանը պիտի ըլլայ բոլո՛ր տիրացուներուն եւ պատուելիներուն բանագողութեանց եւ գրական սպաննութեանց, աւելի լաւ է որ հիմակուընէ խափանուի անիկա. որովհետեւ գէշ ղեկավարուած մամուլը շատ աւելի մեծ չարիք մըն է քան մամուլի չգոյութիւնը»։

Տարիէ մը ի վեր հետզհետէ երեւան եկած գաւառական թերթերը եւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցողներուն բովանդակութիւնը աչքէ անցընելով ի՛նչ եզրակացութեան պիտի յանգինք. շահեկան հարց մըն է այս, որ կապ ունի Թրքահայ ժողովուրդի այնքան մտաւորական, որքան ընկերային եւ քաղաքացիական կրթութեան հետ։

Վերջացող տարուան ընթացքին չորս նոր թերթեր ունեցաւ Գաւառը. Եփրատը՝ Խարբերդի մէջ. Նոր Այգ՝ Մարզուանի, Փեթակ՝ Կիրասօնի մէջ եւ Բիւթանիա՝ Իզմիտի մէջ, ուրիշ գաւառական անկիւններու մէջ ալ զանազան խմորատիպ թերթեր լոյս տեսան, բայց չարժեր զբաղիլ անոնցմով, որովհետեւ տեւական հրատարակութեան մը երաշխիքը չունին։ Իսկ այս չորս նոր թերթերէն դուրս, արդէն իսկ գոյութիւն ունեցողներէն միայն Անդրանիկն էր որ, մերթ կանոնաւոր, յաճախ անկանոն կերպով լոյս տեսաւ։

Ի՞նչ է Գաւառական Մամուլի իսկական կոչումը, եւ ի՞նչ եղած է մեր գաւառական թերթերուն տուած արդիւնքը՝ այդ կոչումին հասնելու համար։

Ըստ մեզ, տաճկահայ գաւառական թերթերուն գլխաւոր կոչումն է, ո՛չ այնքան գրականութիւն ընել. այլ տեղւոյն վրայ, իւրաքանչիւր գաւառի մէջ հասկցուած լեզուով ու մեթոտով, ժողովուրդը պատրաստել իր քաղաքական նոր կեանքին, այսինքն սահմանադրական սկզբունքները բացատրել եւ պատշաճեցնել տեղական պայմաններուն, ինքնապաշտպանութեան գաղափարը տարածել եւ որդեգրել տալ, քաղաքացիական իրաւանց եւ պարտականութեանց սահմանները ճշդել, կառավարական զեղծանող տարրերու փտութիւնները երեւան հանել. մեր ազգային աւանդութեանց եւ սեպհական գոյութեան պահպանումը երաշխաւորել, ազգային արժանապատուութեան դրօշը մի՛շտ բարձր բռնել, եւ Օսմ[անեան] կայսրութիւնը բաղկացնող ցեղերուն միջեւ իրական ու տեւական համերաշխութեան մը հիմները դնել։ Ահաւասիկ, ընդհանուր կերպով, այն ծրագիրը, որուն գործադրութեամբը միայն գաւառական Մամուլը ծառայած կ՚ըլլայ իր կոչումին։ Տաճկահայ ժողովուրդը, ինչպէս արդէն բովանդակ Տաճկաստան, երկար տարիներու ընթացքին այնքան զուրկ մնացած է քաղաքական եւ ընկերային գիտութեանց արեւէն, որ իր անարիւն մարմինը այսօր պէտք ունի հզօր պատուաստի մը։ Այդ պատուաստը իրեն պիտի տան ո՛չ այնքան զուտ գրական կամ գեղարուեստական, ոճի ու ձեւի գլուխ գործոց արտադրութիւնները, այլ՝ ժողովրդային դիւրահասկնալի լեզուով մը բացատրուած ընկերաբանական պատմագրական եւ քաղաքական նիւթերը։

Մխիթարական է, որ մեր Գաւառի Մամուլը, եթէ ոչ ամբողջովին, գոնէ մեծ մասամբ կը թուի ըմբռնած եւ ընդունած ըլլալ այս տեսակէտը, եւ ըստ այնմ ի լոյս կ՚ընծայէ իր թերթիկները։ Իրենց գրիչին ծայրը քիչ մը աւելի աւիւն խառնելով մեր գաւառական Մամուլի ներկայացուցիչները պիտի կարենան յեղաշրջել թրքահայ կեանքին փտած կողմերը. ու անոր տեղ դնել գիտակից ոյժ, արժանապատուութիւն, հմտութիւն, գործնականութիւն։

Չպիտի ուզէինք ամբաստանողի մը ձեւն առնել հանդէպ մեր գաւառական պաշտօնակիցներուն. բայց կը կարծենք թէ, առանց զիրենք վիրաւորելու մտածումն ունենալու, կարելի է հրապարակաւ յայտնել իրենց լրագրական ձեռնարկներուն երկու գլխաւոր թերութիւնները։ Առաջին՝ առ հասարակ գաւառի թերթերը կանոնաւոր ու տեւական հրատարակութիւն մը չունին։ Կը սկսին. բայց չեն շարունակեր. կամ կը շարունակեն, բայց շա՛տ անկանոն։ Այս պարագան ո՛չ միայն կը բեկանէ լրագրութեան վարկը՝ նիւթական տեսակէտով. այլ մանաւանդ՝ բարոյական հարուած մըն է տրուած գաւառական Մամուլին. որովհետեւ. երբ ընթերցող հասարակութիւնը տեսնէ որ մեծաշռինդ խոստումներէ եւ ծրագիրներէ ետք գործը կը կաղայ երկրորդ քայլէն իսկ, կը սկսի թերահաւատ դառնալ այդ խոստումներուն բարոյական արժէքի մասին։

Քննադատելի երկրորդ պարագան՝ այդ թերթերէն մեծագոյն մասին տեղական գոյն չունենալն է։ Եթէ չի նայիս իրենց հասցէին, յայտնի չէ թէ ո՞ր գաւառին մէջ լոյս կը տեսնեն. Խարբե՞րդ, Մարզուա՞ն, թէ նո՛յն իսկ Պոլիս, այնքա՛ն զուրկ են անոնք շատ անգամ տեղական հանգամանքէ։ Մեր կարծիքով սակայն, գաւառական թերթի մը գլխաւոր արժանիքը կը կազմէ իր բնորոշ նկարագիրը եւ առանձնայատուկ հանգամանքը։ Տաճկահայ իւրաքանչիւր գաւառ, իր աշխարհագրական դիրքին բերմամբ ունի անջատ բարքեր, ցաւեր ու պահանջներ. ինչքան օգտաւէտ գործ մը կատարած պիտի ըլլային մեր գաւառական պաշտօնակիցները, եթէ իրենց պարբերական հրատարակութեանց տալով անհրաժեշտ ու վաւերական տեղական գոյնը. Գաւառի Մամուլը իր ամբողջութեանը մէջ ընէին Հայութեան ցաւերուն, բաղձանքներուն եւ բողոքներուն ընդհանուր բերանը։

Մենք յաւականութիւնը չունինք նոր բաներ սորվեցնելու մեր գաւառացի խմբագիրներուն եւ յօդուածագիրներուն։ Եւ ապահով ենք թէ իրենք իսկ շատ դիւրաւ անդրադառնալով մեր յիշատակած նկատումներուն, կ՚ուզեն իրագործել զանոնք։ Էականը՝ գործադրութեան միջոցին՝ վարանում, յուսաբեկում եւ գայթում չունենալն է։

Դիտելի է որ Մամլոյ ազատութեան հռչակումէն ի վեր, Կիլիկիա ո՛ եւ է բաժին չունեցաւ հայ թերթերու բողբոջումին մէջ։ Չենք հաշուեր վերջին տարին, զոր արցունքով ու արիւնով ապրեցաւ Կիլիկեցի հայութիւնը. բայց անկէ առաջ, Սահմանադրութեան հռչակման յաջորդող խանդավառ ամիսներուն, կիլիկեան ո՛չ մէկ քաղաք երեւան եկաւ կը սեպհական թերթով խօսելու մեզի։ Ասոր պատճառը թերեւս Կիլիկիոյ  հայութեան համեմատարար քիչ զարգացած եւ թրքախօս ըլլալն է։ Անկասկած, երբ 1909 Ապրիլի Եղեռնին սպիները տակաւ անհետանան Կիլիկիոյ   սրտին վրայէն, եւ հոնտեղի կեանքը վերադառնայ իր նախկին խաղաղ յառաջդիմութեան վիճակին, գաւառական Մամուլը հոն ալ պիտի տարածէ իր քաղաքակրթիչ ու բարոյացուցիչ գործունէութիւնը, իրեն նպատակակէտ ունենալով՝ Կիլիկիոյ   Հայութեան մտաւորական, քաղաքական ու տնտեսական բարեշրջումը, եւ մանաւանդ, վերջին կոտորածին նման աղէտներէ զերծ մնալու համար անհրաժեշտ եղող միջոցներու յանձանձումը։

Աղջկան մը համար

Ռուսչուքի մէջ անցեալ շաբթու պատահած միջադէպը, որ մեծամեծ եւ արիւնահեղ համեմատութիւններ առաւ հետզհետէ, ծանօթ է արդէն օրաթերթի ընթերցողներուն։ Թուրք աղջիկ մը. շատ գեղանի, կը սիրէ պուլկար երիտասարդ մը. կ՚որոշեն ամուսնանալ. բայց աղջկան հայրն ու խոստովանահայրը համամիտ չէին որ Թրքուհին Պուլկարի կնիկ դառնար։ Այս պատճառաւ կը բողոքեն, խնդիրը դատարան կ՚իյնայ. ու անողոք Օրէնքը, որ պուլկար դատարաններու մէջ ուրիշ ո՛ եւ է բանէ աւելի գերիշխան է, կը վճռէ որ աղջիկը բաժնուի իր սիրահարէն, նկատելով որ անչափահաս է։

Բայց դատարաններէն դուրս կայ նաեւ ժողովուրդը, ամբոխը, խուժանային տրամաբանութիւնն ու արդարութիւնը։ Պուլկար ժողովուրդը՝ անտարակոյս գրգռուած այն դիմումներէն եւ միջամտութենէն, զոր Ռուսչուքի թուրք միւֆթին կատարած էր պուլկար իշխանութեանց մօտ, անսաստեց դատարանի վճիռին եւ ամէն գնով ուզեց աղջիկը յանձնել իր սիրահարին։ Օրէնքն ու զգացումը իրարու բաղխեցան. առաջինին անողոք վճռականութիւնը՝ զարնուելով երկրորդին կոյր ու անձնազոհ գերագրգռութեանը, պատճառ եղաւ որ Ռուսչուքի սալայատակները պուլկար արիւնով ներկուին, եւ այն պուլկար զինուորը, որ թշնամի կուրծք մը ծակելու համար միայն լեցուցած էր իր փամփշտակալը, տխուր հարկին տակ գտնուեցաւ իր ազգակցին վրայ կրակելու։

Մեզի համար, եւ Թուրքիոյ համար, Ռուսչուքի դէպքը սա՛ տեսակէտով մանաւանդ նշանակութիւն ունի, որ մինչ հոս, Օրէնքին ու Արդարութեան գործադրութեանը համար այնքան տատամսում, վախ եւ չկամութիւն ցոյց կը տրուի, անդին, Թուրքիոյ որովայնէն ծնած Պուլկարիան, նոյն իսկ իսլամ աղջկան մը համար, չի վարանիր Արդարութեան գործադրութեանը սիրոյն այնքան թանկագին զոհեր տալ, եւ իր երկիրը մատնել քաղաքային պատերազմի։ Որքան որ վայրագ եւ բարբարոսական է ճնշումի այդ եղանակը, այնքան եւ աւելի ուժով ու բարձր է բարոյականը այն Պուլկարիային որ իր դաւանած Արդարութեան յաղթանակմանն համար իր ազգակիցներուն դիակներուն վրայէն կը կոխկռտէ ու կ՚անցնի։

Այս երկրին վարչական մեքենան ա՛յն ժամանակ, եւ միա՛յն այն ժամանակ պիտի յոյս ունենայ վերանորոգման, երբ ի վիճակի ըլլայ յարգել տալ արդար Արդարութիւնը, նոյն իսկ իրեններուն արեան գնովը։

Հլուները եւ ստրուկները

Դուրեան Սրբազանի կրկին հրաժարման լուրերուն հետ, կարգ մը թերթեր եւ շրջանակներ— հլունե՛րը եւ ստրուկները— դարձեալ սկսած են տարաձայնութիւն հանել թէ անօգուտ եւ վնասակար պիտի ըլլայ այդ հրաժարականը։ Հլուները եւ ստրուկները անգամ մըն ալ այդպէսով կը փորձեն աղարտել Դուրեանի անխռով խղճմտանքը եւ զայն ալ, իրենցինին պէս, ստրկացնել։ Քիչ մը արժանապատուութի՜ւն, քիչ մը ողնայար, ով խոհեմազարդ ժողովականներ եւ ստրկամիտ օրագրողներ։ Ինչո՞ւ չէք խորհիր այն ամօթին եւ անարգանքին, որուն ենթարկուած պիտի ըլլայ Հայ Ազգին քաղաքական ներկայացուցիչը, երբ իր պայմանաւոր վերադարձին առթիւ յանուն Ազգին ներկայացուցած պահանջները այսպէս մինչեւ վերջ մնան անգործադրելի։ Ու ոչ միայն այդ, այլ եւ չարաշուք եւ անազնիւ comédie մը խաղցուած ըլլալու երեւոյթը կայ հոս, քանի որ այսօր, ու այսօ՛ր միայն օրինական դժուարութիւններ կը հանուին այնպիսի խնդիրներու շուրջ, որոնց մասին կատարեալ գոհացում տալու խոստում ըրած էր նոր վարչապետը։

Միանգամ ընդ միշտ թո՛ղ հասկցուի, թէ այս Ազգին անունով խօսելու իրաւունք ունեցողները անոնք չեն որ իրենց ծերակուտականի, երեսփոխանի կամ կառավարական այլ պաշտօններու ու թեկնածութեանց հանգամանքովը աւելի կամ նուազ ծախուածներ են։ Միանգամ ընդ միշտ թող հասկցուի, որ այսօր այլեւս չենք կրնար մտիկ ընել ստորնացուցիչ քարոզները մեր այն խոհեմականներուն եւ նահանջողներուն, որոնք իրենց անձնական հանգիստը չխռովելու կամ զանազան ազդեցիկներու հաճոյ երեւալու համար կամաւոր կոյրեր կը դառնան։ Հայ Ազգին անունով պիտի խօսին ու պիտի գործեն անո՛նք միայն, որ ո՛ եւ է կաշկանդումէ եւ նկատումէ զերծ, ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ վեր, ազգային արժանապատուութիւնը եւ ազգային իրաւունքները բարձր պահել գիտեն։ Հլուները եւ ստրուկները պէտք է վերջապէս ճզմուին, ինչպէս եթէ թունաւոր օձեր ըլլային։

«Ձայն հայրենեաց», 1910, Երկրորդ շրջան, 12-25 Մարտ, թիւ 21 (71), էջ 221-222