Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԱՆԻ ՄԸ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿՈՎԿԱՍԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ԱՐԴԻ ՎԻՃԱԿԻՆ ՎՐԱՅ

Բ.

Գրիգոր Արծրունիի, այդ ազատախոհ ու ազնուօրէն պայքարող գործիչին հիմնած թերթը, Մշակ՝ կ՚ըսէինք, ընդդիմամարտ կողմը վարկաբեկ կամ պարտեալ ցոյց տալու համար, խտիր չդրաւ դժբախտաբար ոեւէ միջոցի նկատմամբ, այլ շարունակ ու առանց բնաւ ընտրողականութեան, ասպնջականութիւն ցոյց տուաւ ամէն տեսակ յօդուածի, կը բաւէր որ անիկա լրացնէր միակ պայմանը, որ է՝ հակառակ կողմը ցեխոտել, անարգել, անպատուել:

Մեր այս ըսածները հաստատող մէկ քանի օրինակներ յիշատակեցինք անցեալ թուով. այսօր իբր աւելի յատկանշական օրինակ, կ՚ուզենք մէջ բերել հետեւեալը. Կ. Պօլսոյ Օսմանեան Պանքի ցոյցին տասնամեակին առթիւ, Թիֆլիզի դաշնակցական օրաթերթը Երկիրի նախածնողներէն մին ի մէջ այլոց հրատարակեց յօդուած մը, ուր, բնականաբար, ցոյցի վարիչներուն ներբողը հիւսուած էր կուսակցականօրէն: Մշակ այս իսկ շատ տեսաւ իր ընդդիմախօս կողմին, եւ շատ չանցած (թիւ 217) հրատարակեց «Իմը» ծածկանուամբ յօդուած մը ուր ամէն ճիգ թափուած էր դաշնակցական ցոյցին արժէքը տկարացնելու, անոր կազմակերպիչները նսեմացնելու, եւ որ ի կարգին: Այդ երկարապատում խծբծականին մէջ չկար սակայն առարկութիւն մը, ընդդիմախօսութիւն մը որ բանաւոր ըլլար ու ի լրումն ծիծաղելիութեան, յօդուածագիր Իմին, հետեւեալ սրտաշարժ կոչն ալ կընէր, «Միթէ Պօլսի մեր ազգայինները, որոնց քթի տակ կատարուել է այդ դէպքը, երկար լռութիւն պիտի պահպանե՞ն, դեռ պիտի շարունակէ՞ լռել Արեւելքի? խմբագրութիւնը…» Միամի՜տ Իմի։ Ինչպէս յայտնի է թէ իր գրածներուն ինքն իսկ անտեղեակ է նախ, եւ հակառակ անոր որ կ՚ըսէ թէ Պօլիս ապրեր է դեռ քիչ ժամանակ առաջ, տակաւին այն հաւատքը ունի թէ Պօլսոյ հայութիւնը կամ մամուլը կրնան «Բանկ Օտօմանի» ցոյցին վրայ խօսիլ եւ այդ մասին ուրիշներու ըրած պատմական սխալները ուղղել…:

***

Մեր նախորդ յօդուածով ցուցակագրեցինք վեց խնդիրներ, որոնք կովկասահայ լրագրական ներկայ բուռն պայքարին ծագում կամ շարունակութիւն տուող պատճառներ են: Այդ խնդիրներէն առաջին երկու հատը, այսինքն՝ Ռուսահայ եկեղեցական գոյքերու գրաւման եւ յետոյ վերադարձման ատեն Կովկասի հայ ժողովրդին բռնելիք ու բռնած ընթացքը, վիճաբանութեան անսպառելի նիւթ մը եղած է մամուլին համար: Դաշնակցական օռկանը կը պնդէ որ, 1903ին, երբ կալիցինեան յափշտակութիւնը գործուելով եկեղեցական եւ դպրոցական գոյքերը գրաւուեցան. Մշակ համակերպութիւն եւ հանդարտութիւն քարոզեց. իսկ յեղափոխականները յուզեցին եւ գրգռեցին ժողովուրդը, ցոյցերը սկսան, արիւն թափուեցաւ, եւ երկարատեւ պայքարէ մը վերջ, Ձարը՝ անշուշտ ուրիշ պատճառներէ ալ դրդեալ, հրամայեց վերադարձնել Հայ ազգային հարստութիւնը։ Դարձեալ, Մշակ կ՚ամբաստանուի, հակառակ կողմէն, սա յանցանքով թէ եկեղեցական գոյքերու վերադարձման ատեն չափէ աւելի երախտագիտութիւն եւ շնորհակալիք արտայայտած է հանդէպ կառավարութեան: Մենք շատ բնական կը գտնենք որ ժողովուրդի մը կեանքին հետ այսքան սերտօրէն կարեւոր կապ ունեցող խնդրի մը մէջ իրերամարտ կարծիքներ եւ սկզբունքներ յառաջ գան. եւ յեղափոխական մամուլը անցնի ըմբոստութեան, բողոքի եւ կռուի կողմը, իսկ համակերպական մամուլը՝ Մշակը խնդրագիրներ պատրաստելով զբաղի: Ասիկա բնական երեւոյթ մըն է, թէեւ նոյնքան բնական է որ մեր համակրութիւնը յեղափոխական մամուլին հետ է եւ այնպէս ալ պիտի մնայ:

Լրագրական պայքարի երրորդ նիւթը՝ Էջմիածնի կեդր[ոնական] Պատգ[ամաւորական] Ժողովը ասկէ առաջ նոյն այս սիւնակներուն մէջ նկատողութեան առած ենք. կրկնութիւնը աւելորդ է. միայն, առ ի լուսաբանութիւն, պէտք է ըսել թէ Մշակը՝ այս խնդրին մէջ ալ, դարձաւ կղերական պահպանողական փոքրամասնութեան օռկանը, եւ ամէն միջոց ի գործ դրաւ անազնիւներ ալ երբեմն ժողովի յեղափոխական մեծամասնութեան վարկը կոտրելու յաչս ժողովրդեան, եւ վստահութիւնը կասկածելի ներկայացնելու՝ յաչս կառավարութեան:

Չորրորդ խնդիր՝ Թիֆլիզի Յովնանեան աղջկանց վարժարանի տեսչական ընտրութիւնը: Իբր երեք ամիս առաջ, այս վարժարանին տեսուչ անուանուեցաւ եւ կաթողիկոսական կոնդակով ալ հաստատուեցաւ Մուրճ ամսագրի խմբագիր՝ Լ. Սարգսեան, աս ալ առաւել կամ նուազ ժամանակակից մշակական մը, որ Դաշնակցութեան դէմ պայքարողներու հոսանքին մէջ մտաւ, եթէ անոնց առջեւէն չքալեց: Բայց պատահեցաւ որ վարժարանի հոգաբարձուներուն մէջ դաշնակցականները մեծամասնութիւն կազմեն եւ պաշտօնանկ ընեն նոր տեսուչը, քանի որ ան համարձակած էր յեղափոխական կազմակերպութիւն մը վարկաբեկ ըներ: Ահա այս տեսչական ընտրութեան եւ պաշտօնանկութեան խնդիրն է որ անծայրածիր վիճաբանութեան դուռ բացաւ, երկու կողմէ խմբագրուեցան եւ հրատարակուեցան բողոքագիրներ, խնդրագիրներ, իրաւաբաններու տեղեկագիրներ, Հայրապետական կոնդակ. Սինոդի որոշմնագիր, պայմանագիր, եւն. եւն: Խնդիրը այս պահուս փակուած չէ. հոգաբարձուները նոր տեսուչ ընտրած, նոր ուսուցչական մարմին կազմած, վարժարանը վերաբացած են. իսկ մշակական պայքարը դեռ կը շարունակուի:

Հինգերորդ շարժառիթ նկատած էինք Մշակի երբեմնի կարեւորագոյն աշխատակիցներուն հեռացումը եւ հակառակ կողմին յարումը, ասոնց մէջէն պէտք է մասնաւորաբար յիշատակել Ա. Ահարոնեանը, Լէօն, Լ. Բերբերեանը: Դիւրին է մակաբերել թէ մէկ կողմէն անջատուելով, միւս կուսակցութեան յարողները որքան բուռն պայքար կը մղեն, եւ թէ ի՛նչ պատասխաններ կը ստանան իրենց երբեմնի գործակիցներէն: Այս մասին կ՚արժէ կարդալ Լէօի յայտնութիւնները (տես Երկիր, թիւ 8, 9, եւ 10) որոնք պայծառօրէն կը լուսաբանեն իր եւ իր գաղափարակիցներուն հեռացման պատճառը:

Վեցերորդ խնդրի մասին երկու խօսքով կարծիք յայտնեցինք արդէն անցեալ անգամ չենք ուզեր աւելի երկար խօսիլ, մանաւանդ անոր համար որ անիկա կապ ունի կուսակցական խնդիրներու հետ ու մենք միշտ այն համոզումը ունեցած ենք թէ մամուլը կարելի եղածին չափ քիչ զբաղելու է կուսակցական ներքին խնդիրներով:

Կովկասահայ մամուլի արդի վիճակին վրայ այս քանի մը տեղեկութիւնները տալու առթիւ, կարելի չէ անմոռաց անցնիլ այն յարձակումէն, զոր երկու կողմէ ղրկուած մարդիկ փոխադարձաբար կատարեցին վերջերս, Մշակի եւ Երկրի խմբագրատանց վրայ: Յաջորդ թուով պիտի արտադրենք յօդուած մը որ այդ յարձակմանց պատմութիւնը կը պարունակէ երկու կողմի բերաններէն պատմուած:

Մասնաւոր յօդուածով մը պիտի խօսինք նաեւ Երկրի Ձայնին վրայ որ նորագոյն պարբերական հրատարակութիւն մըն է ի Կովկաս:

«Ազատ բեմ», 1906, Նոյեմբեր 10, թիւ 58։
«Ազատ բեմ», 1906, Նոյեմբեր 14, թիւ 59։