Արեւմտեան Հայաստանի գաւառների վերաբերեալ նկարագրական եւ վիճակագրական յօդուածներ, տեղագրութիւններ, շրջաբերական կոնդակներ, ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

2. ՏԵՍԱՐԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻ ԱՇԽԱՐՀԱՑ

Այս անգամ Վասպուրական Արծուին իւր հետ կը բերէ Հայրենի աշխարհաց տեսարանք, ուր ոտքով ընթացաւ, ուր աչօք տեսաւ, ուր անձամբ յանգեաւ, որ եւ երբեմն լաց, երբեմն զվարժութիւն կրեց, ուր բաւական եւ ուր անբաւական միջոցներ վայելեց։

Հայրենի աշխարհներն ասեմ, ու այս անգամ, ինչպէս յայտնի է ամէն մերաւոր ազգայնոց, այցելութիւն առնել եւ օգնութիւն խնդրել գնաց մեր Արծուին, սկսեալ Այրարատէն  Երեւանէն մինչեւ  ի Կովկասեան Թիֆլիզ, Թիֆլիզէն ՚ի Գանձակ եւ անտի ՚ի Ղարաբաղ, այն է, Շուշի քաղաք. ՚ի հին Նախիջեւան, ՚ի նախնի Գողթան (Ագուլիս Որդուատ), ՚ի Պարսկաստան Ատրպատականն Դավրէժ եւ ՚ի Սալմաստ։

Արդ մեզ պարտք է, ինչպէս որ ակնունին մեր արգոյ բաժանորդները, այն տեսած քաղաքաց եւ նշանաւոր տեղեաց վերայ տեղեկութիւններ գրել գոնէ ըստ մասին։

Ըստ մասին կ՚ասեմք, վասն զի չունեցաք այն պատեհութիւն եւ միջոցը՝ որ զամէն տեղն ՚ի տեղ նկատինք, զամեն մանրազննին կերպով դիտէինք, որով գուցէ նոր նոր լոյսեր գըտնայինք մեր հնաշէն  Հայրենի քաղաքաց, աւանաց եւ գաւառաց աւերացեալ փոշիները քճճելով…։

Մեր գործ պիտի լինի այժմ գրել միայն վերոյիշեալ քաղաքներ. նոցայ դիրքը եւ ՚ի մէջ բնակեալ Ազգայինք, նոցայ վիճակը եւ յառաջադիմութիւն քաղաքականութեան մէջ, որոց վերայ փոքր ՚ի շատէ կարողացանք մեր դիտողութիւնը ձգել։

ԵՐԵՒԱՆ  ՔԱՂԱՔ

Գեղեցիկ է սորա դիրքը բլրաձեւ  դարի վերայ շինուած՝ երեսը դէպի հարաւն ինկած, Այրարատ դաշտը իւր բազմաթիւ ու ծառազարդ գեղերով տարածուած է քաղաքիս յանդիման, մէկ աչքով Մասիսը, մէկալով Արագած Հայրենի հին հսկայաբերձ լեռները կ՚դիտէ եւ ՚ի միջոյ Վաղարշապատու արքայական աւերակներն ու Էջմիածնայ  սրբազան կաթուղիկները։

Յարեւմտից Զանգի կամ Հրազտան գետը խշխշալով կ՚անցնի, որոյ ծագումն Գեղամայ ծովէն կ՚առնու եւ կ՚երթայ խառնուի Երասխին։ Երեւանցիք այս գետին վերայ մեծ զգացմունք ունին. որ եւ զանազան խաղեր, երգեր եւ գովեստներ են շինած, քան զամէն աղէկն է եռանդուն հայրենասէր Պ[արօն] Խ. Աբովեանին յօրինած ոգելից ճառը, զոր առանձին տետրակով տպուած է ՚ի Թիֆլիզ. (Տե՛ս եւ ՚ի Կռունկ Հայոց աշխարհի[ն], թիւ ժա. 1860)։

Այս  գետին ափերը ապառաժ են քաղքին մօտ, որոյ արեւելեան կողմը կարգ կարգ տներ, ամարանոցնէր շինուած են. իսկ յարեւմուտս  Այգեստաններն են։

Այգի շատ ունին Երեւանցիք, յատկապէս խաղողի եւ ծիրանի, սոցայ գինի աւելի զօրաւոր կ՚լինին եւ պտուղները քաղցր։ Շա՛տ առատ վաճառք եւ բերքեր ունին, մանաւանդ բրինձ եւ ձէթ, զորս կ՚պարգեւէ նոցայ Այրարատ։

Քաղաքիս տներ եւ շուկաներ առ հասարակ Պարսից հին ձեւով են, քիչ կան որ քանի տարուց ՚ի վեր սկսէր են շինել նոր ձեւեր թրծած աղիւսներով, կամարներով, գեղեցիկ տեսարաններով որք ըստ մեծի մասին Ռուսաց պաշտօնակալներուն են եւ այս պաշտօնակալներուն շատը Հայք են։ Քաղաքականութիւնը օրէ օր յառաջ կ՚երթա։

Ինչպէս շէնքեր՝ նոյնպէս եւ զգեստները քիչ կան որ Եւրոպական եւ կը հագնին, այսինքն տէրութեան ծառայողները միայն, սոյնպէս են եւ կանայք…։

Բնակիչք շատը պարսիկ են, սոյնպէս եւ արհեստաւորք սեղանաւորք, նպարավաճառք եւ այլն. իսկ գլխաւոր վաճառականութեան եւ քաղաքական գործոց մէջը Հայք յառաջադէմ են։ Երկու ազգ կան միայն  բնակիչք այսինքն Հայ եւ Պարսիկ։

Քանի տարի է որ Մալական ազգը ցրուէր է Ռուս այս կողմերը, որոց սեպհական է կառք վարել թէ քաղաքին մէջը մարդիկ նստելու համար, եւ թէ ուրիշ տեղերը վաճառականաց բեռնէր եւ ճանապարհորդներ կը տանեն բերեն։

Սոցայ լեզուն ռուսերէն է. կրօնքով աւելի բողոքականաց մերձ են. առանց քահանայի ամէն կիրակի մէկ տեղ ժողովուած Աւետարան կամ Աստուածաշունչ կարդալով կը բացատրեն, գողութիւն, երդում եւ հայհոյութիւն սաստիկ արգելուած է եւ չէ հնար գործել, ուստի եւ մեծ հաւատարմութիւն ունին սոցայ վերայ ամէն վաճառականք, գինի, օղի եւ ծխախոտ գործածել մեծ մեղք է իրենց մէջը եւ սաստիկ կը զզուին։

Խիստ ճարտար են արհեստից մէջ. այնպէս որ իրենց տունը ամէն պարագաներով իրենք կը շինեն, կառքերու փայտի եւ երկաթի պարագաները նմանապէս, վերջապէս ըստ ամենայնի իրենք զիրենք հոգացող  եւ կառավարող ժողովուրդ կամ ազգ։ Պարկեշտութիւն, մարդասիրութիւն, ալեւոր ծերերուն հնազանդութիւնը շատ կը յարգեն։

Տուն չը կայ, որ մէկ Աստուածաշունչ չունենայ, սակայն վերջին աստիճան ստրուկ են ու զարմանալի աշխատութիւններ ունին։

Արժան է այս ազգին վերայ կատարեալ տեղեկութիւն տալ մեր ընթերցողաց աւելի տեղեակ անձին մը ստորագրութեամբ, զոր ուրիշ անգամ կը թողումք։

Նահանգապետ (Կոբեռնադ) կը նստի Երեւան, ունին արքունի վարժարան (գիմնազիայ) տղայոց եւ աղջկանց զատ զատ՝ տէրութեան ծախքով, որոյ մէջ կ՚ընդունուին անխտիր ընդհանուր նահանգէն որ եւ իցէ ազգ աշակերտներ ձրի կամ թոշակաւոր, ըստ մեծի մասին Հայք են ուսանողք, եւ այս ուսանողք միայն կարեն պետութեան պաշտօնի մէջը մտնել, ուսանելի առարկաներն են գլխաւորապէս ռուսերէն լեզու, թուաբանութիւն, աշխարհագրութիւն նոյն լեզուաւ, մասնաւորապէս գաղղիերէն բան եւ գիր, իսկ ազգային՝ կրօնք միայն եւ լեզու։

Աղջկանց համար վերոյիշեալներէն աւելի է ձեռագործ եւ ասեղնագործ արուեստները։

Բերդը մէկ արտաչափ մեկուսի է քաղքի շէնքերէն ի հարաւ, Զանգիին վրայ ձգուած է իւր հիմը բաւական ընդարձակութեամբ, պարիսպները հողէ են. շէնքը  Պարսըկին է, այն արտաքին պարիսպները միայն եւ նոր եկեղեցի մի Ռուսի շինածն է։ Պարսից հին մզկիթ մի կայ այս բերդի մէջ, զոր տեղ տեղ փլուցած են եւ արգելուած է այժմ այստեղ աղօթք անել։ Ո՜հ, այս բերդի վերայ նայած ժամանակը բոլոր երեւանցուոց սիրտեր կտոր կտոր կը լինի, այս եւ մեք չը կրցանք անտարբեր մնալ այս զգացմունքէն, քանի որ կը կարդայինք Խ. Աբովեանին Վէրք Հայաստանի սրտառուչ պատմութիւնը, թէ ի՛նչ ցաւալի եղանակաւ կը նկարագրէ Պարսից այս բերդին մէջ Հայոց վերայ բերած սոսկալի չարիք եւ արիւնահեղութիւնները, իբրեւ դահիճ դառն է սորա դէմք այն աչաց, որ յիշեալ աղէտք լսէր կամ կարդացէր են. ո՛հ եւ անթիւ Հայոց արիւնով շաղախուած են սորա հիմունքը։

Խիստ է քաղաքիս եղանակը՝ ամառ տախութեամբ, ձմեռ ցրտութեամբ. ձմեռը ամիսներով ձիւն կը տեղայ եւ գրեթէ միշտ ամպամած է. շատ անգամ շաբաթներով արեւը չեն տեսնար։

Բնական է կարծես թէ այս քաղաքացուոց Պարսից եւ Հայոց մէջ զիրար ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան հոգին, որով եւ շատ անգամ փոքրիկ պատճառի մը համար մեծամեծ շփոթութիւնները կը յարուցանեն, ասածիս իբրեւ ապացոյց մէջ բերեմք հետեւեալ դէպքը, զոր լսելով տեղեկացեր եմք։ Այս տարի, Քրիստոսի ծննդեան տօնին ինչպէս որ սովորութիւն ունին Հայք. հանդիսով կ՚ելլեն Զանգիին վրայ ջրօհնեաց տօն կատարել, այն խառն ամբոխին մէջ շատ մը Պարսիկներ ալ կը գտնուին եւ ուզելով հակառակութիւն մը հանել, Քրիստոսի Սուրբ խաչին համար նախատական խօսքեր կը խօսին, ասոր վրայ մեծ խռովութիւն մը կը փրթի եւ երկու կողմեր հարուած ու վիրաւորութիւն կը պատահի, մինչեւ գործը տեսչութեան կը հասնի։ Այսպէս ահա Պարսիկն իւր անցեալն. Հայն իւր ներկայն յիշելով կը շփոթեն զիրար։

Տեղւոյս ազգայինք, հարցանելով իմացանք որ 2000 տան չափ կը լինին, ունին 5 եկեղեցի, որոց մայր եկեղեցին կամ Եպիսկոպոսարան է Սուրբ Սարգիս հնաշէն գմբէթաւոր եւ բարձրակամար։

Սորա հիւսիսային  կողմի բակը շինուած է գեղեցիկ ուսումնարան նոր եւ պայծառ ձեւով, որոյ պատճառ եւ հիմնադիր է ազգասէր Ս. Ստեփան եպիսկոպոսն։ Այս վարժարանին մէջ կը կրթուին առայժմ գիմնազիայի ուսանողք, ուրիշ համար տեղ չունենալնուն համար։

Վարժարանիս մերձ յարեւմուտս շինուած է նաեւ առաջնորդարան եւ հոգեւոր ժողովարան Հայոց յիշեալ սրբազանին ջանիւք, որ իւր շքեղ շինուածքով, կանոնաւոր ձեւով ու տեղւոյն յարմարութեամբ նշանաւոր է քաղաքիս մէջը, զի իւր պատշգամներ եւ արմտեան լուսամուտներ  բացուած է Զանգիին վերայ. ուստի զովաշունչ հով մը  գետի կարկաչուն ձայնը կ՚զմայլեցուցանէ զմարդ, վայելուչ տեսարան մի է նա եւ յանկոյս գետոյն եղեալ այգեստանները։

Տեղւոյս ազգայինք սկսեր են զարթնուլ  հայրենասիրութեան հոգուով, արդէն բաւական ուսումնականներ կը գտնուին իւրեանց մէջ, որք եւ մեծ յոյս կուտան շուտով յառաջ տանել իրենց հայրենիքը դէպ ի լուսաւորութիւնը։

Սխրալի աչօք տեսանք Երեւանու Հայրենասէրները, այն ինչ մեր պանդուխտ Արծուին Էջմիածնէն դարձած՝ իջեւանին մէջը միայնիկ տխուր իւր անձրեւոտ ու ձիւնոտ թեւերը կը հանգչեցնէր, ահա խումբ խումբ  սենեկին ներսն ու դուրս պատած Հայկազունք լցուէր էին խօսիլ եւ ունկն  մատուցանել Արծուոյ հայրենասիրական ճառերուն, թէ եւ անցաւ այն պատեհութիւն որ Երեւանու եկեղեցուոյ բեմեր տեղի տային Արծուոյ ձայնին. բայց եւ ոչ իսպառ անմխիթար զանոնք թողուց. գնա՜ց, գիտեմք, նոցայ զգայուն սիրտը հետ Արծւոյն բայց  մնա՛ց Արծւոյն հոգին նոցայ մէջ։ Երկի՜նք տուր այն օր, որ այս սիրտերը սփոփուին զիրար տեսնալով ուրախ եւ զուարթ աչօք…։

Երեւանցի ազգայինք, ձեր աչքը շատ լուսաւոր պէտք է լինի, վասն զի շատ վսեմ առարկաներ ունիք տեսնալու ձեր առաջ, Մասիսին գագաթը Արագածի ճակատը, Արմաւրայ, Դվնայ, Արտաշատայ, Երուանդակերտին, Վաղարշապատու աւերակաց յիշատակը, Երասխին յատակը, այս ամէն տեղեր ձեր աչաց առարկայ են, եւ ձեզ պարտք է այս՝ սոցայ տակը թաղեալ Հայրենի պարծանաց յիշատակներ ի լոյս հանել, առ որ անձկալի եւ յուսալի աչօք կ՚սպասեն ամենայն Հայք։