Արեւմտեան Հայաստանի գաւառների վերաբերեալ նկարագրական եւ վիճակագրական յօդուածներ, տեղագրութիւններ, շրջաբերական կոնդակներ, ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

6. ՇԻՆԱԿԱՆ ՀԱՅՈՑ ԿԵԱՆՔ Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆ
ԹՇՈՒԱՌ ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Առ նոյն ընկերն իմ Պ[<ատուական] Ա[րտաշես]

Իշխանեանց  Ի Գ. Գիւղ։

 

Ձեր վերջին նամակներով կարի իմն կ՚ստիպէք  թէ «Շինական հայոց կեանք, շինական հայոց վիճակը սկսէ նկարագրել միանգամ էլ էս առարկայի վերայ թող բան գրուի. միանգամ էլ ազգային էս թշուառ եւ ամենամեծ մասին խեղճ վիճակի եւ ամէն կերպով զրկեալ կեանքի վերայ ուշադրութիւն եւ գթութիւն ունէան ուսումնասէր եւ հայրենասէր  վարող ու կարող մեր ազգայինք, եթէ կուզեն Հայրենիք բժշկել եւ լուսաւորել, ահա թող իրենց աչք ու եռքը գեն միանգամ այս լերանց շղթաներու մէջ  թիկանց վերայ բնական հայերուն, որոց ամենօրեայ կեանքը մահաբեր գերութիւն, զրկանք եւ նեղութիւն, մանաւանդ թէ հոգեկան ու անձնական կուրութիւն է. եւ որոց վերայ հայող միայն լալ ու մրմռալ պիտի։

Ես երեք տարի էս կողմը՝ տակաւին ցամաք չկարողացայ պահել իմ աչքերը. շատ անգամ կամեցայ սոցայ դառն վիճակ զամեն նկարագրել բայց սիրտս մոլորցուց զիս, ցաւեցի, քան թէ մտածեցի։

Խնդրեմ, գոնէ որչափ կարելի է տեսածիդ ու զգացածիդ չափ յանձն առնուս գրել. մինչեւ ուրիշ անգամ ես կը հաղորդեմ քեզ լիովին սոցայ ներքին եւ արտաքին դրութիւնք, կենցաղավարութեանց եւ կառավարութեանց կերպը. սոցայ հաւատք եւ բարոյականութիւն. օրէնք ու սովորութիւնք, որոց վերայ ըմբռնուած ու գերի եղած է իսպառ իմ զգացմունքը, թէ ինչպէ՞ս տակաւին կ՚ապրին սոքա կենդանի, կ՚ապրին Հայ եւ Քրիստոնեայ եւ իսկ Քրիստոնեայ։ Ո՞վ է սոցայ ուսուցանող, խնամող, դատ արող եւ մխիթարող, ոչ ոք չեմ գտնէր, բայց միայն արարիչ Աստուծոյ շնորհքն ու զօրութիւն…»։

Ա՛հ, ուրեմն, ո՛վ իմ պատուական եւ բարի ընկեր, ես կընդունեմ քո առաջարկութիւնը, կ՚սկսեմ որչափ կարող է ձեռնհաս եմ, գոնէ մի մասնաւոր նկարագրութիւն անել շինական Հայոց թշուառ կեանք ՚ի Հայաստան թողլով ՚ի բաց շատ մասեր որ հեռաւոր պանդխտութեանց, ներքին սովորութեանց, եւ թագուն տեղերու ու դէպքերու մէջ կը պահին. շատ տեղեր էլ կամաւ զանց առի. պահելով ուրիշ անգամի. երբ  կը յուսամ քեզանից կատարեալ տեղեկութիւն ընդունել  եւ հրատարակել։

Շինական Հայք, շինական կանայք, լաւն ասեմ շինական կեանք «Զի նոքա են մայր ամենայն կենդանեաց», ա՛հ ձեր քաշածը չեմ գիտէր Ստեղծողի կրկին անէ՞ծքն է, թէ Եգիպտոսի գերութիւն, բայց ձեր լեզուովն ասեմ, մեր մեղքն է։

Այլ դու ո՞վ քաղաքաբնակ բարեսիրտ եղբայր, դարձուցանելով իմ դէմքս դէպ ՚ի քեզ, կ՚սկսեմ իմ նկարագրութիւնը։

Ա

Փողոցի դուռը շատուց է յուշիկ յուշիկ կը՚հարկանեն, քիչ մի՛ ուշադիր եղիր, մի ողորմելի մրմնջանաց ձայնը կայ, տաք սենեկիդ մէջ հերիք է հանգիստ. դուրս ել, ահա երկինք սաստիկ կարկուտ կը տեղա գետինը բոլորովին հեղեղ է կտրէր, ոչ մարդ կարող է գետինը կանգնել  ոչ երկինքը հայել. երթեւեկները ողջոյն դադրած են փողոցներից թռչունները թափթփած են երկնից երեսից, ոչ ձայն կայ, ոչ շունչ։ Բայց միայն հեկեկանք, մի տղայի եւ ծնողի հեկեկանաց մրմունջներ կ՚լսուին խորին. այն ահեղ եւ կատաղի ժամուն, որ ամպերն ու ցամաք կարծես  մահաբեր կռիւ անեն իրար հետ, անդ փողոցի դուռը ուռենիի մեծ ծառի մը տակ կծկած կսկծած մի երիտասարդ կին իւր վեցամսեայ մանուկը գրկին կ՚օրօրէ, կ՚գորովէ, բայց անհնարին է, մանուկը եղանակի դառնութիւնից կարող չէ դիմանալ, սարսափելով սոսկալով կը կանչվռտէ, շունչն ու հոգին իրար խառնուած, կերպարանքը  բոլորովին ուռած եւ կարմիր խաշուած, մօր բազկաց վրայ մի դաստակալ եւ եթ կայ որով փաթաթէր է իւր մանկիկը, իսկ ինքը մայր ոտ բոբիկ, թիկունքը բաց, շորեր ցնցոտի ու թափթփած, կուրծքը միայն եւ երեսներ ամուր ամուր կապոցներով ծածկած, աչքը արցունքով եւ սիրտը արիւնով լիք նստած կ՚բորբոքի կ՚մորմոքի։

Արարի՜չ, ա՞յս է քո ստեղծածի վիճակը. արդեօք այսպիսի սիրտերը ինչպէ՞ս կ՚օրհնեն քեզ։

Այս կին էր հայ շինական այրի, որ դաշտից աւել կամ վառելիք հաւաքած, աշնան օրեր էկած էր քաղաքացուոց դռներէն փոխարինութիւն անել քանի կտոր հին մաշած զգեստի հետ, եթէ ողորմէին քաղաքացիք, որպէս զի տանէր իւր որբ ու անտէր զաւակաց մերկութիւնը ծածկէր, ու այսպիսի վայրկենի մը ըմբռնուած ինկած էր այս փողոցի դուռը։

Այդ ողորմելի կնոջ աչքը միակերպ չարտասուէր գրկի երեխայի վերայ. այլ կդառնայ անգամ չուր աչաց ցօղերը կթափէ դէպ ՚ի իրենց գեղի ճանապարհը, ստինքը հանգուցած երեխայի շրթանց մէջ եւ երեխան իւր լանջաց մէջ կը շարժի կուզէ կանգնել, բայց չի զօրեր հոտին կենալ. այն ահագին հեղեղը կոխել. այն կատաղի կարկուտին դիմանալ, ուստի կրկին ծնկակոտոր կինկնի։

Ա՛հ, նա ուրեմն ունի այն տեղը իւր տուն իւր սրտի կտորներից. այո երեք հատ էլ զաւակ ունէր նա, որոց կրակ վառող չկար այն ժամանակ. վրանին չկար շոր, իրենց խղիկի յարկը ծակծկուած էր, կը մտաբերէր կին իւր որբոց վիճակը, իւր տանը վիճակ եւ իւր ինկած վիճակը։

Կենդանի՞, տակաւին կենդանի՞։ Աստուած իմ, կպահես այս դառնութեանց մէջ քո ստեղծած կեանքը, մի այսպիսի տառապեալ մօր եւ որբոց անտանելի կեանքը, որ քաղաքացւոյն գուցէ անբերելի կը լինի անգամ լսել։

Բ

Կը տեսնա՞ս, այն հրապարակի կշտից քանի հատ զօրքեր կ՚անցնին, եւ նոցայ մէջ շրջապատուած մի ողորմելի պառաւ եւ մի երիտասարդ շինական հայ կին, տե՛ս եւ նոքա իրեն զաւակներն են, որ կ՚երթան հետ իրենց ծնողին, տակաւին Ռեսը նոր կերթայ յետուստ։ Բայց այն ի՞նչ  ձայն էր, այն ինչ ճիչ էր յանկարծ լսուեցաւ. ո՜հ, հարուած էր այն որ տուին այն կնոջ. պարտուց համար բռնուած  կը տանեն դատել ու տանջել։ Սորա էրիկը այս տաճիկէն հազար ղուրուշ պարտք է վեր առէր երեք տարի յառաջ եւ գնացեր Ստամբոլ, մուրհակի մէջ դրաւ տուած է կայքն ու կալուածը, այն փոքրիկ արտը, որ իրենց դրան մօտն է, չորս հատ եզ, եւ վերջապէս տակաւին հնար չէ եղեր, բռնէր իւր ամուսինը, իւր երկու տարուան առած նորահարս ամուսինը տուեր է երաշխաւոր պարտուց. պարտատէրը մէկ տարի տիրեց այն արտին, երկրորդ տարին տարաւ եզները, այժմ էլ էկած է մուրհակը ձեռք. թէ ժամանակ կ՚անցնի Ստամբոլից թուղթ չի գայ. փարան երկու հազար ղուրուշից անցէր է շահքով, իմ երաշխաւորը դու ես, իմ փարան էլ դու ես։

Թշուառ կինը երբեմն մուրալով սէր կընծայէր նորա, երբեմն փոխինդ, երբեմն հաւեր, հաւու ճէտեր, ուլեր, գառներ յուղարկելով կշահէր նորա սիրտը. իսկ երբ երեք օր է ահա սպառեցաւ կնոջ այդ անիրաւութեանց պատարագները, անիրաւեցաւ անիրաւ սա, խստացոյց  իւր խստութիւնը էլ չթողուց ժամանակ, չգթաց պառւու աղաչանաց կնոջ արտասուաց, տղայոց հառաչանաց, մոռացաւ կերածն ամէն, հարուածեց իւր ձեռքով, ողորմելի կնոջ թիկունքը կապուտցած են ամէն լացին այն ընտանեաց աչքերը իրենց խեղճութիւնից, լացին եւ այլ անիրաւի ցաւից։ Գեղեցիկ ամէն չկարողացան փրկել դա, վերջապէս  քաշեց չարաչար  ու բերեց կվարէ ի դատաստան զօրաց ձեռքը մատնած։ Եւ այն Ռեսն է նորա ետեւէն կ՚երթայ պաշտպանել, այն պառաւը  կնոջ մայրն է կերթայ աղաչել, այն երեխայք իւր զաւակներն  են կերթան լալ եւ ցաւակից լինել։

Ահա այս այն տեսարան է, այս ճայն այն ողորմելուն էր, շինական հայ կնոջ ողբալի կեանքն ու վիճակն է։

Յոյս, ապաւէն, փրկութիւն Արարիչն է մնացեր միայն շինականին, Արարիչ միայն ազատէ իւր ստեղծած մարմին ու հոգին։

Գ

Միթէ կամուսնանա՞ն եւ սոքա, այդ ի՞նչ սարսափելի հարսանիք։ Այդպիսի վշտալի սիրտերը տակաւին սէ՞ր կզգան, զարհուրելի  վայրկեաններ տակաւին ուրախութիւ՞ն պիտի կրեն, գերութեան օրեր տակաւին ժառանջնե՞ր պիտի վաստկին. զաւակնե՞ր պիտի ծնանին։

Դ

Տես մի այլ տեսարան, խումբ մը երիտասարդք եւ պատանիք։ Փողոցներու մէջ զանգակի ձայներ կը հնչուին, կարաւանի նշան է, այս ձայն, որ ամէն շաբթու կը հնչուի այստեղ։ Ահա նոքա են, որ խմբովին  պիտի երթան պանդխտութիւն։

Ո՛հ, կամովին եւ ակամայ անձամբ անձին գերութիւն։ Աղաղակը նոցայ աղաղակն է. ահա այն պատանեաց մայրեր իրենց զաւակները կուլան, ահա նորահարս ամուսիններ իրենց փեսաները կուլան։

Թռուառ սէր ծնողական, թշուառ սէր ամուսնական։

Մէկը կուլայ, որ իւր որդին պիտի նշանէր հարսանիք անէր, միւսը կուլայ, որ իւր հարսնութիւն կը մնայ անմխիթար եւ անտէր։ Իսկ փեսայացուք եւ փեսաներ դարձուցանելով թօթափելով իրենց սէրն ու սիրտ ծնողաց, հայրենեաց եւ սիրելեաց վերայ, հեծան ու քշեցին բառնալով իրենց բեռները անչափ արտասունքներով եւ ծանր պարտքերով։

Ե

Դու տեսե՞ր ես նոցայ մանուկներ կաթն եւ ցաւ միասին կը ճաշակեն պարզ ջուր եւ դառն քրտինք միասին կը ջամբեն, հացն ու հարուած միասին կուտեն։

Առանց վարտիքի եւ շապիկի մերկ մերկ մոխիրներու մէջ, արեւու եւ բուքերու առջեւ կթաւալին. նոցայ մատաղ աղջիկներ ոտ բոբիկ, գլխիբաց, դաշտի մշակաց հետ նոցայ պէս ու նոցայ հաւասար կտքնին փշերը կոխելով, տաւար շահելով հաց հանելոյ, բանջար ժողովելով մարդ եւ գազան տեսնալով, երկիւղ եւ չարիք կրելով, ձեռքով գարի կը քաղեն, ցորեն կհնձեն, տան ծառայութիւնները կ՚հոգան, հիւանդ եմ ասել ամօթ է. իրենց կերածն է կորեկ եւ գարի. ցորենը պարտուց փոխարէն կամ շահք տալու համար միայն կվաստակին, եղ կը հանեն իրենց բաժին չկայ. մի տակ շալ կամ կտաւ է նոցայ հագուստը։

Ահա հայ շինականի առ հասարակ ընտանեկան դրութիւն։

Քաղաքացի փափկասուն տիկնայք, վայելչասէր օրիորդը թող  տեսնեն այս կերպ կեանք։

Դէ իմացիր ուրեմն սոցայ սէրը, որ նմանեաց հետ կը լինի, այո ինչպէս կոյսն նոյնպէս եւ երիտասարդ միակերպ կսնանին, ինչպէս հարս, նոյնպէս փեսան այս կերպ կկառավարուին. ինչպէս ծնողն նոյնպէս եւ ծնեալք հաւասար կ՚ապրին։ Բայց աւա՜ղ նոցայ հաւասարութիւն մի անսահման թշուառութիւն է։

Թշուառութիւն  է մանկան իւր ծնած րոպէից մինչեւ գերեզմանը։ Նա չէ թէ թշուառ է, որ չոր հողի վերայ կը հանգչի, նա թշուառ չէ, որ մազեղէն խիստ շորերով կը խանձարրեն իւր փափուկ  մսերը, նա թշուառ չէ որ գարի հաց ուտող եւ սոսկ ջուր խմող շինական մօր պարզահամ կաթը կծծէ, նա թշուառ չէ, որ զրկուած է ամէն կերպ փափկութիւնից եւ քաղցրութիւնից, ոչ, նա այսպէս շատ երջանիկ է քան զքեզ։ Այլ ահա նորա թշուառութիւնք։

Երբ ինքը տակաւին առաջին անգամն է աշխարհին աշխա՜րհ կկանչէ, երբ իւր մօր կուշտը նստած են ուրախակից բարեկամներ, երբ Արարչին օրհնութիւն ու նորածնին կանանչ արեւու շատութիւն կմաղթեն. երբ ծնողաց դառնացած դէմքերը հազիւ կժպտան, ահա բռնութեանց ձայներ կ՚խշխշան գեղի հրապարակը, եւ գալով գալով մինչեւ  նոցայ շեմը կկոխեն, իսկոյն փոխուեցաւ առարկայն, փոխուեցաւ տեսարան։ Կամ մի կերպ տուրք ժողուողն է նա կամ պարտատէրն է, կամ մի նոր տուգանք (սալեան) ժողվող է եղեր, կամ քիւրտեր էին նոքա էկան գշլաղ [1], վերջապէս մի կերպ Աստուածային  պատուհաս, որ գիտէին եւ պատրաստ էին արդէն շինական յարերն ընդունել. ահա իրենց ակնկալութիւն։

Լաց մանուկ, թող լայ խղճալի մանուկն։

Գնաց հայրը, գնաց մայրը, չը մնաց կաթն ջամբող, առաջին զրկանք քո առաջին կենաց։

Չմնացին գգուող օրօրող եւ գորովող եռները, հայրը այն կողմ աղաղակ կ՚հանեն, տուրք կ՚պահանջեն, հարուած կընդունի, վասնզի փող չունի, պարտք պիտի անէ, պարտատէրը, էնտեղ գոնէ հիներուն տոկոսիքը կ՚զօրէ կ՚զարնէ եւ կուզէ, տոկոսիք՝ որ քան զգլուխ կրկին աւելցեր էր, կուզեր, որպէս զի նորն նորոգե։

Վայ նորա գլխուն, նորա գլուխը սորա ոտքի տակ, նորա բռան տակ, միւսի ցուպին տակ կգլորուի կը ջախջախուի։

Նորա կինը որ դրան ետեւ կայնած, սիրտը դէպի նորածին եւ աչքերը դէպի իւր ամուսին այս աղէտալի տեսարանին ու ցաւին յառած կհեծէր հեծեծէր, այժմ իսպառ թողուց մանուկը եւ թռաւ ու անկաւ մէջ  այն աղէտից, հորմէ եւ իրեն բաժին ինկաւ թիկունքն ու մէջքը հարուածով մրմռացուցել որ եթէ քանիմ՝ օր յառաջ լինէր, պիտի վիժէր իւր զաւակ։ Ահա ծնողք մանկան, ահա մանուկ ծնողաց։

Հայ վա՜յ երկուքին, վայ վա՜յ երեքին։

Թող նա լայ, որ պիտի կաթ ուտէ, կեանք ուտէ։

Դարձան վերջապէս ծնողք մանկան եւ ամուսինք միմեանց կուլան առ հասարակ տնով ու տեղով։ Բարձեց մայրը իւր մանուկ տաքցած տագնապած կուրծքի վերա. մանուկը արտասուք կքամէր իւր նորաստեղծ աչքերէն եւ կխառներ այն աղիքը  իւր ծնած կաթին հետ, կաթ, որ մօր ցաւած երակներէն կաղբերանար։

Այն օր սկիզբն էր որ ջամբեց ճաշակեց այս մանուկ բոլորովին դառնութիւն եւ լաց եւ ցաւ։

Կը հանգչէին սիրտերը կամաց կամաց, կանցնէր ալեկոծութիւն նոցայ երիկամունքներէն, թմրեցան կապուտակ երակները, որ ուռած էին ծեծուելէն, նուազեցաւ եւ կը հանդարտէր մանկան ոգինը, վերջին հեկեկանք կհեկեկար ողորմելին. եւ ահա մի ես վայրկեան դառնութեան։ Գեղի գզիրը (մեյլէ մուխթարի) չորս կամ հինգ գազանակերպ բարբարոս քիւրտերը ետեւը ձգած մտան տուն։

Արդէն գեղի մէջ փրթած փոթորիկէն, ահագին ձայներու գոռում գոչումեն սարսափ մը՝ կամ գոնէ այսպիսի բանէր իրենց սովորական լինելով, սոսկ զգացում մը միայն զգացեր էին այս ողորմելիք գաւազաններու, հայհոյանքներու  եւ թշնամանաց ձայներէն յայտնի էր որ բարբարոսները ձմերելու (գշլաղ) էկած էին գեղ, որ Ռեսին կծեծէին. գզրին կհայհոյէին, միւսին վերայ սուր ու զէնք կքաշէին. վերջապէս բաժին եղաւ գեղի վերայ եւ այս չորս կամ հինգն էլ այս տան բաժինն էր։

Զ

Դարձեալ ցաւը անտանելիք, դարձեալ կսկիծ անբերելիք։ Ոչ մանուկ, ոչ աղջիկ, այն տան մէջ էլ բան չմնաց այն ընտանեաց գթութեան եւ սիրոյ առարկայ, մոռացան մինչեւ մինչեւ անգամ իրենց գլուխները եւ եղան բոլորովին այն էկողներուն  աղաներուն գերի, վեր կացին ծառայել բարեւել, նոցայ կօշիկները հանել եւ սրբել, նոցայ զգեստները թօթափել  պահել։ Այն կողմը խեղճ կնիկ թոնիր կը վառէ, որպէս զի գշլաղներ տաքնան, եւ թէ կան աղջիկներ հարսներ, նոքա էլ կերակուր  կը պատրաստեն ջուր կը բերեն, իսկ էրիկ մարդիկ գշլաղներուն կայք ու ծանրութիւնները ներս կկրեն, ձիեր ու տաւարներ կը տեղաւորեն։

Յանգաւ թոնիր, մարդիկ իբր թէ պրծան այն գործքերից, պարզեց կին ջուլերը թոնիրի շրթունքը, շարուեցան կախեցին ոտները թոնիր հայն եւ քիւրդ միասին, էրիկ եւ կնիկ խառն բոլորեցան հաց ուտելու, կարագ, ձուածեղ, սեր, փոխինդ, եւ այլն. այս է գշլաղներաց հանապազօրեայ կերակուր։ Տան աղջիկներ եւ հարսներ միայն հոտին կանգնած կծառայեն նոցա։

Երեխան էն կողմը խեղճ կրակ կուլայ, բայց մայրը այսպիսի ծառայութեան մէջ է, ժամանակ չկայ, որ տային վերան դառնայ։

Երեկոյ եղաւ պառկեցան քիւրդերը իրենց տեղ ոտներնին պարզած թոնիրը, չկար սենեակ, չկար ուրիշ տուն նոցայ, մի եւ նոյն թոնիրի  վերայ պառկեցան ընտանիք իրենց զաւակներով, տանուտէրն իրեն ամուսինով։

Սոյն կարգն է ահա գուցէ  աւելի բարբարոսաց գշլաղը Հայաստանի հայ գեղերուն մէջ. հայ ընտանեաց մէջ վերջին բառով, հայ գերիներուն մէջ, եւ այս կեպով ահա կծնանին, կսնանին։ Աստուծոյ արեւը ու Արարչի տուած կեանքը կվայելեն։ Վայելե՞լ է այս թէ վայվայել։

Ա՛հ, մարդկութիւն, էս ի՞նչ դառն կենաց բաժին տուած ես հայուն։ Ամէն առաւօտ ձիւն ու բուքի մէջ խեղճ մատղաշ աղջիկը մեծ սափոր դրած վեր թեւին բոբիկ ոտերով ձիւներ կկոխէ, եւ օր քանի մը անգամ կերթայ աղբիւրից ջուր բերել, տեսնա՛ս իւր կուսութեան ճակատէն քրտինք կցողէ այտերուն վերայ, եւ փռուած վարսերէն սառած կկախուին լուլայ լուլայ։

Էս կողմ հարսները լուաց անելով նորա ընտանօրէն ծառայելով ծուխ ու մուխի մէջ, ամօթի եւ երկիւղի տագնապով ու քրտինքներով թաթախուած են. էրիկ մարդիկ առ հասարակ նոցայ ձիեր ու տաւարներ հոգալու, խոտ ու գարի ճարելու տալու կզբաղին. ունենան չունենան պէտք է ճարեն տան։

Ահա այստեղ շինական եւ իւր վաստակ ինկաւ գերութեան վիճակ եւ բարբարոսն անիրաւաբար ընդունելութիւն եւ ծառայութիւն ստանալով, տակաւին իբրեւ իշխան իբրեւ պետ եւ իբրեւ իւր սեպհականութիւն, այնպէս կիշխէ այնպէս կհրամայէ, եւ շատ անգամ կ՚հարկանէ։

Է

Սակայն միթէ հաւասա՞ր էր այս  ցաւեր ամէն շինականին, աղքա՞տ էին զրկեա՞լ էին հաւասար կեանք Հայաստանի շինականին. - գիտեմ ինչ է բանդ, բայց միթէ եւ այն հարուստը հանգի՞ստ է իւր կենաց մէջ, որ երբեք, այլ  որչափ շատ ունէր նա, առաւել ցաւեր ու թշնամութիւններ կկրեր։

Տե՛ս այն մելիքը, քանի երամ ոչխար ունի, քանի՛ փոխ կիւթանի տաւարներ կան, նորա ցորենի հորերը, ամբարներ, բարձր բարձր դեզեր, կովերու, ձիերու նախիր, ծառայից խումբը, բարեկամաց բազմութիւն ամէն օր չափերով հաց կ՚եփուի սորա տունը. լիտրով եղ ու պանիր կ՚երթայ. օր չկայ որ ոչխար չմորթեն եւ այս ամէն ուտողներն են կամ մերձաւոր ու մեծաւոր քիւրդեր, կամ քաղաքէն էկած պաշտօնակալներ ու պետեր։

Բայց ահա երկու շաբաթ է որ նորա ոչխարները թալան տարան. մի օր կիւթանը քակեցին խոփն ու տաւարներ քշեցին տարան. քանի անգամ է ցորենի հորեր կպարպուին, այն կողմը դեզեր մոխիր դարձան։ Անցեալ օրերն էր որ մեծ իշխան Սորոն սպաննեցին. Մելոյի գառները այս տարի թալան տարած էին Մուխսի Եղօն քաղքէն էկած ժամանակ չորս գնդակ յարձակուած է վրան։

Քանի տարի է ինկեր են Մելիք Պատալի ետեւից, որ սպանեն։

Չորս հինգ տարուան մէջ քանի՛ մեծամեծ ու երեւելի տներ փչացան անձերը սպաննուեցան, եւ նոցայ աղջիկներ, հարսներ ու կնիկներ յափշտակուեցան, ումի՞ց նոյն իսկ քիւրդերից, եւ ինչի՞ չեն պաշտպանէր այն տան հաց ու բարին ուտող քաղաքացի պետեր ու մեծեր։ Այստեղ միայն հառաչա՜նք եւ ոչ այլ ինչ։

Մենք դառնանք էս կողմ տեսնենք մեր զրկեալ ու տառապեալ հայ գեղացի համբաներ ռէսներ, կամ մի հասարակ որ եւ իցէ շինական դատարկ էկա՞ւ միանգամ քաղաքացի բարեկամի մը կամ մեծի մը դուռ խնդիրք կամ յարգանք տալու, ոչ երբեք, այլ երբ եկաւ նա ունէր իրեն հետ բեռ կամ շալակ, կամ կենդանի։

Միայն այս կայ, որ վերջապէս զրկեալ կամ շինական հայն տայ չտայ անիրաւ է, կամէի ասել անպաշտպան է, թէ եւ իւր կենաց վերջին պատառն անգամ իւր տիրոջ հաւատարմութեան կամ երախտագիտութեան  զոհ տայ, ինչպէս բնական է իրեն. բայց դարձեալ անապաւէն է։

Իւր աչքերը միայն թող ձգէ սարերի վերայ, եւ ահա Արարիչ միայն թող գտնէ իւր տէր, պաշտպան եւ ազատարար, մինչեւ անդամ ինքն իրմից էլ կ՚վնասուի քան թէ կ՚պաշտպանուի։

Հայ վա՜յ, հայ վա՜յ, ա՞յս է մեր կոչում, այսպէս եմք դարձեր ամէն տեղ. որ երբեմն էինք Հա՛յ Հա՛յ, Հայ Հա՛յ։

Այնչափ գոռոզութիւն եւ այսչա՞փ ծացութիւն այնչա՜փ ահեղութիւն եւ այսչա՞փ ստրկութիւն։

Ը

Արքունի տասանորդ ստացող (շահնա) մի նոր կերպ տէր է նա գեղի մը մէջ, էկած օրէն մինչեւ գնաց ամէն օր եղ ու ձուածեղ, փոխինդ ու գադայ, սեր ու կարագ, խորովու խորոված իր սեղանին վերայ իր սենեկին մէջ լիք ու պատրաստ պիտի գտնայ։ Ապա թէ ոչ  փայտ ձեռքը, զէնք վրան, այսպէս յանկարծ ու համարձակ կհանդիպի, հայհոյանք սպառնալիք, հարուած կթափէ, մինչեւ ինկնիս փաթաթուիս ոտները, ծառայ դառնաս, հող դառնաս, շուն դառնաս, հազիւ տասն միջնորդով եւ մէկ ոչխարով կամ ուրիշ բանով քեզ հետ հաշտուի։

Բայց միթէ՞ Արքունի տասանորդ ժողովն Տէրութեան կողմից իւր պաշտօնի հետ այսպիսի անիրաւ արտօնութիւններ է՞լ առած ունի. ոչ ոչ երբեք, քաւ լիցի։ Սակայն ո՞վ է արդարութեան դուռը բողոքօղ. ո՛հ միջնորդներ ու՞ր են։ Արդի առաջնորդներ ու ազգի մեծերը ու՞ր են. փառք Աստուծոյ թէ եւ կան պակաս չեն, բայց խոհեմութիւն կանեն։

Թ

Ոզմեցի հայեր այս տարի ամբողջ ցաւալի ու ցրիւ գաղթականութիւն մի եղան. շոտուց ի վեր տոկալով, դէմ կայնելով իրենց մերձաւոր բռնաւոր քրդերու վնասներուն ու թշնամութեանց, վերջապէս այսօր հարիւրաւոր տներով քաջ ու անուանի բնակիչներով լցուած Ոզիմ ունայնացած է իւր հայերէն ողջ Վասպուրական որ կճանաչէր սոցայ արի ու բարի վիճակը այսօր ի ցաւ սրտի կտագնապի. անշուշտ  եւ առ հասարակ Ազգայինք պէտք է ցաւին, եթէ գիտենային որ Ոզմեցի Հայն իւր մանկութիւնից մինչեւ գերեզմանը մէկ ուսի վերայ դրած ունէր բահը միւսին հրացան, մէկով իւր գործը կգործէր, միւսով իւր թշնամին կ՚հալածէր, մէկ ձեռքը կբռներ մանգաղ, միւսը սուր. մէկով իւր հունձը կ՚հնձէր, միւսով իւր հնձածները կ՚պաշտպաներ ու այսպէս կապրէր, կային նոցայ մէջ լաւ կայքեր ունեցող, ա՛հ նոցայ  մեղրի  փեթակներ այսօր կողբան անտէրութեամբ, նոցայ հայրենի հաւենի  վայրերը մնացին իրենցից անտէր, եւ իրենք ցրուած երկուսը մէկ գեղ, հինգը մէկ տեղ. ո՛հ եւ շատերը օտար աշխարհը գնացին։

Ներքին Քիւրդիստանու հայեր գրեթէ ամէնքն էլ այս վիճակը իրենց համար ընտրած են, թողուլ եւ գաղթել։

Այստեղ բռնենք փոքր ինչ մեր արտասուքը եւ խորհրդածելով ասենք այդ եղբարց. «Մի՛ մի, մեր սրտի կտորներ, դուք մի կոտրուիք մի կտրուէք մեզնից, մի թողուք ձեր հարց շիրիմները, կախեցէք ձեր մանկանց օրօրոցնէր երկնից ամպերից, այդ մրրիկը կանցնի անշուշտ, ձեզ այցելութեան Աջը այն ամպերի միջից կ՚հասնի, ուրիշ տէրութեանց ուրիշ աշխարհաց մէջ ձեզ համար չկայ կեանք, թառէք ձեր հարց շինած  ու ժամանակի քակած աւերակների մէջ, այդ փոշիներու մէջ կա կենդանութիւն։ Ուրեմն յուսամք ու աշխատեմք, ժամանակ, եւ Աստուած կփրկեն զմեզ, գործենք ու համբերենք, Տէրութիւն ու Ազգը կխնամեն զմեզ»։

Ժ

Գեղացին ամէն օր իր հաց եւ կերակուր եփած ժամանակ կսպասէ հիւրի։ Իբրեւ ճանապարհորդ քաղաքացի մը հանդիպաւ մեր գիւղը, Տաճի՞կ էր թէ Հայ. վերջապէս առաջին անգամն էր այս մարդուն մեր գեղը, իջաւ ձիէն, եւ ահա եօթն կամ ութ ձիաւոր էլ երեւեցան նորա ետեւէն, խափեխափ հասան ու ահագին շփոթ փրթուցին մէջ գեղին. քաղաքացի մի խումբ երիտասարդներ իրենց զբօսանաց ուրախութեան  համար էկած։ Դէ՛ բեր ձիերուն կերակուր, դէ՛ պարզեցէք ջուլն ու թաղիս դէ զենեցէք գառն ու ոչխար, շուտով բերէք սերն ու կարագ. նստան սոքա եւ իրենց ուրախութիւն սկսան։  Ուրախութիւն, որ կազմեցին գեղացուոց զրկանքներով։

Այնինչ ողջ գեղացիք կնիկով տըղով թափէր էին այդ պարոններու  պարն ու հրճուանքը տեսնալու, յանկարծ էն կողմեն ձիաւոր մի էլ հասաւ. խարջ ժողուողն էր քաղքից յուղարկուած։

Մոռացան ամէնքը այն խաղն ու տեսարան, վազեցին էկողի յառաջ, իջաւ զապթիէն իւր ձիուց, բարեւեց ու գնաց Ռեսի տուն, հաճոյից ուզածը կերաւ, ապա սկսաւ առաջարկել։ Էնտեղ կկանչուէին պառաւ կնիկներ, մէկին կհարկադրէին չորս մարդու տուրք տալ. պատճառ, որ սորայ չորս որդիքը Ստամբոլն են, թէ եւ բողոքեց թշուառ պառաւը թէ՝ մի տարի չորս ամիս է որ իմ մէկ որդին օտարութեան մէջ մեռէր է. բայց ո՛վ էր լսող։ Ինքն ասաց ինքը լացաւ, ինքը լսեց ինքն ցաւեցաւ։

Մէկին կ՚ասէին քո փեսայի կողմէն այսչափ ղուրուշ խարջ պիտի տաս. Բայց իմ փեսան երկու տարի է անյաջողութեան մէջ է, հիւանդ է, ոչ թուղթ եւ ոչ փարայ կը յուղարկէ, նա Ստամբոլ հիւանդութեան մէջ. մենք այստեղ աւուր հացի կարօտ, չորս հինգ ձէթկիկ ձագերով ամէն օր կուլանք։

Չէ, չէ, անկարելի է. փարա՛յ, փարա՛։

Այնտեղ կանչեցին եւ քանի մը նորահարսներ, որոնցմէ կը պահանջէին իրենց էրիկներու խարջը պատրաստեն տան. խղճալիք ամօթխածութիւնից աչք ու երեսնին կապկպած ու պառաւներու ետեւը կայնած, ձեռքով ու գլխով իրենց անճարութիւնը յայտնեցին, բայց զապթիէն գոռալով ու երկիւղ տալով պատուիրեց որ պարտք ունենան ճար անեն տան։

Եւ գնացին նոքա դողալով ու լալով։ Մէկ աւուր մէջ ամէն գեղացիք  կընիկ, տղայ, մեծ պստիկ լցուան քաղաքը, խանութէ խանութ մարդէ մարդ գնալով լալով ու աղաչելով, քանիմ օր հազիւ դարձան գեղ. ո՛ր մու[ր]հակ էր տուեր, ո՛ր ծանօթ ունէր երաշխաւոր  էր տուեր, որ ստացուածք ունէր գրաւ տուեց, վերջապէս պարտք արին փող բերին հոգալու իրենց խարջը։

Սակայն էն հարսներն են նոքա որ կծեծուին, եւ որ յառաջ կ՚վարուին քաղաք տանել ու բռնել։ Ողջ գեղացիք չեն կարող միջնորդել ազատել, պատճառ որ սոքա ամօթից եւ ծանօթ չունենալից չէին կարողացէր  փող ճարել։

Հայաստանի հայ կին այսպիսի վշտաց եւ տառապանաց մէջ նահատակ է, եւ բազմակերպ չարչարանաց մէջ ճգնաւոր է նա եւ իւր ամուսնական սիրոյն եւ դժբախտ սիրելոյն հետ. կգրկէ իւր փեսան հազիւ քանիմ ամսոյ չափ, հետ այնորիկ զրկեալ եւ կարօտ սրտիւ ու աչքերով կուլայ իբրեւ տատրակ մի իւր միայնութեան մէջ իւր նազելի եւ դալար բնութեան մէջ. եւ մինչեւ տասն տարի կմնայ նա զուրկ  եւ սուրբ իւր սիրոյն եւ սիրելոյն մէջ, հաւատարիմ այն սուրբ օրինաց եւ իւր կենաց մէջ։ Մանկունք կան տասն կամ տասներկու տարեկան սակայն իրենց հայրերը նոր պիտի տեսնան ճանչնան, երբ Ստամբոլից գան։

Բիւրակերպ աղէկներ կան հայ գեղացիի կենաց մէջ. ես ո՛ր մէկը կարող եմ թուել. նորա ամէն վայրկեան թշուառութիւն է. եւ սորա համար կարծես շատերը սովորական է Աստուծոյ գրած անջինջ ճակատագիր համարելով իրենց անզգայ եւ անբան դրութեամբ կկենցաղավարվին. միշտ գոհ Արարիչ, գոհ իրենց վիճակից, գոհ իրենց կեանքից եւ աշխարհից միամիտ եւ անմիտ, տառապեալ խաւարեալ իրենց օրերը կանցուցեն, առանց բնաւ զգալու կամ հասկնալու մարդկութիւն ազգութիւն։

ԺԱ

Մնաց ուրեմն մէկ ճանաչողութիւն պահանջել նոցանէ։ Շինական այո գիտէ թէ Ստամբոլ թագաւոր կայ որ  աշխարհիս  տէրն է. քաղաքը փաշայ կայ որ աշխարհիս մեծն է. նա եւ Պատրիարք ու Առաջնորդ կայ, որ իւր հոգեւոր տէրն է, ու սոցայ անունը գեղացիի մօտ այնչափ մեծ է որ մէկը տեսած ժամանակ երկրպագութիւն կանէ. միւսը՛ տեսած ժամանակ երես կխաչակնքէ։ Բաց ի սոցանէ նա ի՞նչ կճանաչէ, ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԸ, ԱՐԱՐԻՉ ՄԸ, ՓՐԿԻՉ ՄԸ, որոյ անուան եւ սիրոյն համար է այսչափ չարչարանք կկրէ ու արիութեամբ կհամբերէ։

Ա՛հ, իմ ասած հայ շինականները Եգիպտոսի հայրերէն մեծ ճգնութիւն կանեն, արիւն թափող մարտիրոսներէն շատ նահատակութիւն  կկրեն։

Թէ ինչպէ՞ս կճանաչէ նա իւր Ստեղծիչը ես կ՚տարակուիմ կերպը գտնել, այլ միայն մի նմանութիւն ասեմ. ինչպէս թռչունն ամէն առաւօտ դէմ բարիլուսոյն իր քնից զարթնած կըսկսի երգել փառաբանութիւն Արարչին. ինչպէս հաւը ջուր կխմէ եւ երկինք կհայի գոհութիւն տալով. այսպէս ուսեր է գեղացին իւր կերած ժամանակ գոհանալ Ստեղծողից, իւր քնած ու արթնած ժամանակ փառք տալ Քրիստոսին  աղօթել իւր հոգուոյ փրկութեան համար. աղօթել իւր մեղաց թողութեան  աշխարհի խաղաղութեան համար որ ուսեր է իւր մօրից իւր տղայութեան օրերից։

Նա ունի իւր սրտի եւ հոգւոյ մէջ այնպէ՛ս կենդանի հաւատ քրիստոնէութեան եւ անչա՛փ յոյս փրկութեան, որ կարելի է ասել թէ, մեր նոցայ արդարութեան շնորհիւն է կապրիմք, բայց թէ ո՞վ է ուսուցեր իրենց այդ հաւատք ու արդարութիւնը, արդեօք վարդապետներու քարոզութի՞ւնք, առաջնորդաց խրա՞տ, քահանայից շրթո՞ւնք, ոչ ոչ, այդ ամէնը անտեսանելի եւ անլսելի են շինականին գրքերի՞ց, աւետարանի՞ց են տեղեկացեր, ոչ ոչ, նոքա այդ ամէնից զուրկ են։ Դու հարցուր թէ ո՞ւր է այս գեղի եկեղեցին, ո՞վ է այս տեղի քահանայն։ Եկեղեցի չկայ մեր գեղ. վեց ժամու ճանապարհ հեռու այն գեղի մէջն է եկեղեցին, մեր օրէնքներ այնտեղ կը տանենք կատարել. մէկ տէրտէր կայ վեց գեղին. տարին մէկ երկու անգամ պատարագ կանէ կժողովինք ամէնքս ու կերթանք եկեղեցի ժամ ու պատարագ տեսնել եւ նորա շնորհքը վայելել, սրբութիւն առնել կը պատահի, մարդ կայ որ չորս հինգ տարով ոչ ժամ կը տեսնայ եւ ոչ սրբութիւն կառնէ, բայց վայ մեզ։ Աստուած չառնէ անտես, չենք հասներ։ Անցած տարիներ տէրտէր գնացեր էր ժողովք անել, օրէնքներ մնացեր էին անկատար. երեխէք տարով մնացին անմեռոն անկնունք. մեռելներ առանց օրհնելու թաղեցինք. մինչեւ հասաւ տէրտէր նոր օրհնիմք կարդաց, նոր կնունք արաց…

ԺԲ

Այս պատմութիւնը առանց երկարելու բաւական համարենք, բայց անբաւ պէտք է ցաւենք, այս եւ այսպիսի հոգեկան կեանք վարող ժողովրդեան վրայ սքանչանամք ոչ միայն թէ ինչպէ՞ս ուսերէ նա կրօնք. կամ ի՞նչպէս ճանաչեր է իւր հաւատքը. այլ աւելի սքանչանամք որ ինչպէ՞ս չի յուսահատիր եւ չի մոլորուիր երբեք իւր հաստատութիւնից։ Եթէ այսպէս, հաւատանք ապա ուրեմն որ նոցա հոգւոյ ուսուցիչ եւ հաւատոյ դաստիարակն է սուրբ Հոգին. եւ սորա համար է որ այն տգէտ սիրտերը ոչ յուսահատութիւն կզգան, ոչ Արարչէն կդժգոհան, ոչ չարամիտ համոզանաց կանսան. ոչ բարբարոս բռնութիւնից կվախնան, որք ամէն դէպքերու մէջ ամէն խօսքերու մէջ առիթ կառնեն սպառնալու կամ համոզելու հաւատափոխութեան մասին։ Բայց շինական Հայն ինչո՞վ կդիմադրէ կամ կպատասխանէ, մէկին՝ սուրբ տգիտութեամբ մը, միւսին՝ սուրբ համբերութեամբ մը. մէկին խօսքերէն զզուելով կարհամարհէ զանի. եւ միանգամայն անմեղ հայհոյութիւն մի էլ  ետեւէն կծխէ, միւսէն՝ որովհետեւ կվախնայ, ուստի լռելով եւ յամառելով միայն կանցուցէ, եւ թէ քանի հատ էլ խփեն գլխին, դարձեալ ձայն չի հանէր, լռելով կրելով զայն իւր հաւատքի սիրոյն։

ԺԳ

Ահա երեկոյ եղաւ, արի երթանք այն ծառի տակ խաչքարի հանդէպ, տես այն կինը ճրագ վառէր է եւ խունկ կրակի վրայ դրած կծխէ, ինքը խոնարհած գետնամած երկրպագութեամբ ծնկները ծալած եւ գլուխը դէմ այն խաչին դրած ինչպէ՜ս աղիողորմ եւ սրտառուչ տէր ողորմեա կանէ, տես նորա աչաց արցունքը ողջ թրջեցին այն յատակը, տես ինչպէ՜ս տագնապած իւր կուրծքը կհարկանէ, ձեռները բազուկներ տարածած դէպի երկինքը լալով կոծելով կաղօթէ, տես եւ այն երկու անմեղ երեխայք  իրեն զաւակներն են, որ նորա երկու կշտից կայնած նորա նմանութեամբ կխոնարհին յերկրպագութիւն, երեսնին կը խաչակնքեն եւ «օրհնեալ է Աստուած, փառք քեզ Աստուած, Աստուած մեղայ, Տէր ողորմեա» կասեն։

Ի՞նչ օրինակ կգտնես այս կերպ եւ անպատական կամ ճգնաւորական աղօթից մէջ. ի՞նչ վարք կը գտնես նոցայ եւ միանձանց կրօնաւորութեան մէջ։

ԺԴ

Գիշեր դէմ բարիլուսոյն արի երթանք աղբիւրի գլուխը, այս ծառերու վրայի եւ մացառներու միջի թառած թռչնոց ձայն ու գեղգեղանքը կլսե՞ս, բայց կաց, եւ ահա աղօթարան կբացուի. խումբ մի աղջկունք սափոր իրենց թեւերուն վերայ. մայրեր նոցայ ետեւէն կուգան, ահա լցին սափորներ, լուացին իրենց ձեռնէր ու երեսները, դարձան երեք երեք անգամ խաչ հանել երեսնին, ծունր դնել գետին եւ փառք տալ Արարչին ու սկսան երգելով մրմնջալով դէպի տունը դառնալ։ Ինչպէ՞ս թուեց քեզ այս տեսարան, այս կերպ Աստուածապաշտութիւն։

ԺԵ

Այն կողմն էլ տես, պառաւ մեծ մայրը թոռներ զարթնցուց, երեսնին լուաց եւ կանգնեցուց դէմ յարեւելք, որոնք երեք անգամ միասին ծունր դրին. խոնարհեցան եւ ամենակալին Աստուծոյ երկրպագութիւն մատուցին երեսնին խաչակնքելով եւ այսպէս ասելով. «օրհնեալ է Աստուած  օրհնեալ ես Աստուած։ Յանուն հօր եւ որդուոյ եւ հոգւոյն սրբոյ։ Փառք քեզ Աստուած, փառք քեզ»։ Ասա տեսնենք, այժմ ի՞նչ պակաս է այս անմեղներու երգը հրեշտակաց կարգից եւ օրհնաբանութիւնից։

Իսկ այն պառաւ մեծ մայրը ծանր ծանր խոնարհելով եւ երկրպագելով հետեւեալ օրհնութիւն ու աղերս իւր ամենօրեայ սովորութեամբ կարդաց առ Արարիչն։

Հայաստանցի հայ պառաւներու աղօթք.

Հայր մեր որ յերկինս… Աստուած քաւեայ զիս մեղաւորս, տէր ներող տէր ողորմեա, տէր գթած տէր ողորմեա, տէր դու ստեղծէր մի կորուսէր, քաղցրիկ Քրիստոս քե եմ կանչե, քո ստեղծած հոգին չկորուսես, քո ուղիղ ճամհէն չհանես, չտանես ահն մտքէն, չտանես ամօթն երեսէն։ Աստուած քեզ փառք, գոհանամ զքեն, ստեղծէր ես դու հուն հանես. ճար արող տէր դու ճար անես, լոյս արօղ տէր դու լոյս անես, հոգացող տէր դու հոգաս, զամեն անճարոց ճարիկն անես ապա մե։ Ճար չունիմ, իմ ճար դու ես մայր ողորմութեան սուրբ Աստուածածին։ Տէր քե մեղայ. անդարձիս դարձ տաս, անզեղջիս զեղջ. պոռնիկ սեւերես մեղաւոր եմ տէր, դու գիտես իմ մեղք շատ է քան զաւազն ծովու քան զաստեղն էրկնից քան զհողն երկրի. դու գիտես, դու ողորմաս, քո ողորմութիւն անչափ է. անգումանք պէ գումանք դու հասնես տէր, դու ամէն շառից ամէն փորձանքից պարզիրես պահես, անօրինի չարից, անզգամի լեզուից ազատ պահես։

Բարիլուսու սիրուն Քրիստոս քե եմ կանչե. քաղցրիկ տէր ձեռնիկս քո փէշն եմ թալէ, հոգիս քէ ամանաթ եմ տուէ. ձէթ պէտ աստղունք օգնական պահապան կայնիք։ Գաբրէլ-Միքայէլ հրեշտակներաց հետ ազատէք մե ամենայն փորձանքներից։ Մաղմտացիր, մաղմտաւոր աղօթարան, բացուի վեր յամէն անճարներաց վէր յամեն կարիպ կուրպաթներաց, ինոնց սատաղէն վէր մե. շաղաթաթախ աղօթրան  դու բարի կսմաթ հասուցես, մայր մեր մայր, Քրիստոսին քե եմ կանչե, կամաւոր ժամեր պատարագներ դուք հիմտատ կայնէք, զամեն կարիպ կուրպաթի բանին գործին յաջողութեն տաք, ինոնց սատաղէն մեր կարիպներաց։ Աստուած դու նամարտի մուխթեջ չանես, չում օրն մահուան, չում հանգիստ գերեզմանին։ Աստուած դու իմ չար ուզողին բարի տաս. ինչ կայ կաշու տակ չհանես կաշու իրես։ Ով սուրբ սրբերէնք ձեռնիկս ձեր փէշն եմ թալե. դուք օգնական բարեխօս կայնեք։ Բարիլուսու բարի Քրիստոս, դու թեւթրիկ ցաւիկ հանգիստ մահիկ տաս, իմ տղէյներաց արեւշատութեն տաս, մեր կարիպներաց բանին գործին յաջողութեն տաս, դատականերաց կարողութեն տաս, իմ ձէթկիկ ձագերաց ձենիկ դառնաս, մեր ննջեցելոց քաղցրիկ արքայութեն տաս. հացին էժնութեն, ջրին առատութեն, անձրեւի շատութեն, մեր բազում մեղաց թողութեն. մեր լոյս հաւատքին ժամ ու պատարագին հաստատութեն, երկրի ճոչերաց սէր միաբանութեն, Հայոց ազգին ազատութեն։ Աստուած քեզ փառք, ումուտս քէ իմ արեւ, գոհանամ քէնէ Աստուած, երեսս քո հող մոխիր, տէր դու գիտես դու ողորմես։ Հայր մեր։

Ինչպէ՞ս, ահա այստեղ վերստին կկրկնեմ թէ շինական Հայեր իրենց քրիստոնէութեան ու Աստուածապաշտութեան հաւատքը այս կերպով կուսանին, մայր որդւոյն, պապը իւր թոռին այսպէս աղօթք եւ Աստուծոյ անուն։ Աստուծոյ սէրը եւ երկիւղ տալով տպաւորելով իւր մանկան սրտի մէջ, նորա կենաց հետ օրէ օր կզօրանայ, եւ այսպէս զօրաւոր, սուրբ, անխախտ հաւատք կգոյանայ Հայ Հոգւոյն մէջ։ Լատինացուոց պէս հազարահատոր Աստուածաբանութիւն դաս առնող վարդապետներ կամ փիլիսոփայ նորաղանդ բնագէտները թող գան Հայ շինականի հետ իրենց հաւատք եւ Աստուածագիտութիւնը փորձեն, եւ Հայոց եպիսկոպոս, քահանայն, կամ վարդապետ, այսպիսի հոտ եւ այսպիսի ժողովուրդ ունենալու, համար ցաւի՞ն արդեօք թէ պարծեն։ Իրենք գիտեն։

ԺԶ

Շինականի կենաց շատ մասերէն մէկն էլ յիշատակենք, եւ այն բարեպաշտական կենաց մասը։

Նա իր երկրագործութեան հետ քրտնելով օր բուն, եւ այնչափ զրկանաց տուրքերի պարտապանաց  չարիք կրելով, իր հոգւոյ պէտքերը ոչ միայն աղօթքով ու արցունքով կը հոգայ, այլ տարին քանի անգամ վանքին ձրի կաշխատի, իւր ոչխարը կկթէ վանքին բաժին կհանէ. պանիր կուտայ, եղ կուտայ, տարեկան պտղի կուտայ, եւ թէ մեռնի հոգեբաժին կայ, կամ գոմէշ կամ եզ կամ կով այծ ու մաքի։ Գեղացին պատրաստ է աղքատին եւ կամ մի վանքի, մի եկեղեցւոյ, մի տէրտէրի եւ մի վարդապետի անունով ժողովք արողին տալ յօժարութեամբ եւ առատութեամբ, թէ մի եկեղեցական տեսնան գեղը էկող  ամէնքը դէմ կերթան, իրենց զաւակներէն կը խլեն նոցայ կուտան. շատ կնիկներ թէ ունէին  յառաջուց  պահած  կամ իրենց օժիտ բերած արծաթեայ մի կամար կամ երեսնոց գինդ կամ ապարանջան թագուն խոստովանութեամբ կուտան զայն քահանային կամ  վարդապետին որ իրենց հոգւոյ փրկութեան համար աղօթք ու պատարագ անէ քառասնից, ժամոց, աջհամբոյր խաչ համբոյր, զաւազանապտուղ կուտան եւ այլն։

Արդ ով դու իմ բարի ընկեր, է՛լ բաւ համարէ այսքանը, ներէ ինձ, ոչ սոցայ թշուառութեան սահման կամ վերջ կայ, եւ ոչ մեր ցաւոց սրտի կամ զգացմանց սպառումն. էլ հոգիս կսկիծս չի դիմանար՝ տեսնելով սոցայ բարեպաշտութիւն եւ ուրախ լինելով, տեսնելով սոցայ խեղճութիւն եւ ցաւ անելով։

ԺԷ

Ի վերջ աղէտիցս ա՛ռ քեզ աւետիս, սիրելիդ իմ Արտաշէս։ Սփոփիր հոգի. Հայաստանի թշուառութեամբ ու հայրենեաց վիշտերով վարակած սիրտդ թող ուրախանայ փոքր ինչ, լսելով որ մեր Վասպուրական Արծուոյ ուխտ նուիրեց այս անգամ եւս ի ժառանգութիւն Քրիստոսի սուրբ եկեղեցւոյն եւ ի ծառայութիւն հայրենեաց ոգւոյն ու ազգային սիրոյն, երեք անձնանուէր ու արժանաւոր անձինք։

Գրիգորիս վարդապետ, Յուսիկ վարդապետ եւ Վրդանէս վարդապետ։

Ի՜նչ վսեմ ու սրբազան անուններ են։

Ա՛հ, մեր Հայաստան երջանիկ ու բարի օրեր ունէր, մեծամեծ փառքեր կվայլելէր, երբ այս անուններ եւ իրենց տէրեր իւր մէջ կենդանի ունէր. անուն են սոքա, որոց քեանքն ու յիշատակ Հայաստանի փրկութիւն՝ եւ իրենց անձանց մարտիրոսութիւն էր։ Առաքինի հոգիք, իրենք մահ են կրեր, Հայաստանին կեանք են տուեր։

Նոքա իրենց գործքով իրենց անուն ու յիշատակ մեծացուցեր սրբազնացուցեր են. սոքա այս անուններով իրենց գործքերը մեծացուցեն եւ սրբազնացուցեն. տա՛յ Աստուած։

Ի՜նչ մեծ յոյս։

Բայց ինչի՞ է քո տարակոյս։ Հաւատա սէր իմ, հաւատա, Աստուած ողորմած է եւ կարող. բաւական է որ միանգամ իւր սէրը ձգէ Հայաստանին վերայ. այո եւ կսիրէ. ուրեմն եւ կփրկէ եւ կզօրացուցանէ։ Տիեզերաց եւ ժամանակաց տէր նա է. նա կվարէ, նա կփոփոխէ, ո՛հ եւ մեր Հայաստանին եւ ամէն հայի սէրն ու տէր նա է. նա անշուշտ իւր սիրելոյն իւր ծառային կնայէ այց կանէ, եւ ահա իւր այցելութեան մշակներ այսպիսի անձինք կհանէ։

Մի՛ լար Հայի դժբաղդութեան վերայ, բաղդով չեմք ապրիր մեք. աչքերդ դարձուր դղպի յոյս. մարդկային կենաց եւ փրկութեան միակ միջոց. եւ մեր Հայաստան ունի այս յոյսը իւր ամէն հասակի ու կարգի որդւոց կենդանութեան մէջ. եւ եւս առաւել զինքը անմահ պահող անմահական եւ սուրբ եկեղեցականութեան մէջ։ Այո Հայոց եկեղեցականութիւնն անմահ պահեր եւ պիտի պահէ յաւիտեան զՀայութիւնը։ Բայց դու մի՛ ասեր թէ իբրեւ տարր է նորա անմահութիւն. ոչ ոչ, այլ նա ունի իւր մէջ փառաւոր եւ լուսաւոր կեանք, մեծ զօրութիւն, մեծ շնորհք եւ ներրգործութիւն։ Շօշափէ ու տես։

Առանց դատելու եւ համեմատելու նախկին միջին եւ արդի դրութիւն Հայաստանեայց եկեղեցւոյն, թէ երբեմն ի՛նչ սքանչելի եւ մեծ, ու երբեմն ի՛նչ ողորմելի եւ խեղճ պաշտօնեաներ ունեցեր է եւ ունի, դառնանք դէպի մեր յոյսը, եւ հաւատանք որ այսուհետեւ, այսուհետեւ Լուսաւորութիւն կխտրէ ու կընտրէ իւր հաւատարիմներ իւր արժանաւորներ։ Գիտէ եւ զխոտանս ի բաց արկանել։

Սոյն նորընծայեալ անձինք գրեթէ ի մանկութենէ ուսեալ փորձեալ եւ դաստիարակեալ ազգային ծառայութեանց մէջ, յաւէտ անձնուրաց անկեղծ եւ նուիրական հոգւով՝ արժանաւոր այս սրփազան եւ բարձր կոչման ու օծման համարեցան։ Այո սոքա այնպէս կճանաչեն եւ այնպէս են, որ Քրիստոս հետեւելու համար իրենց անձը պիտի կորուսեն։ Հայաստանին ծառայելու համար իրենց կեանքը պիտի զոհեն։

Եւ մեք աղօթեմք, սէր իմ, որ միշտ այսպէս լինին ու այսպէս մեռնին։ Սոքա եւ այսուհետեւ հայր Արծուոյ թեւակից ու լծակիցներն են։

Բայց թէ ո՞վ են, պատմեմ քեզ համառօտ։

Մեր հայրենակից Պ. Յակովբ Աղուանեան, որ հայր Արծուոյ հետ գնացած էր օգնական ի Մուշ եւ վերադարձաւ. սորա հոգւոյ եւ բարուց ազնուութեան, առ հայրենիս ունեցած սիրոյ եւ բարուց ազնուութիւն, եւ ամէն կերպ անձնական ու բարոյական կատարելութիւն ինչպէս ինձ ու քեզ, նոյնպէս եւ շատերին յայտնի է. ահա Գրիգորիս վարդապետ սա է։

Վեց տարի յառաջ՝ հայր Արծուոյ հետ Հայաստանին մատաղ էկած Պօլսեցի Պ. Տիգրան Գալփակչեան, որ չորս տարի Վարագը մնալէն զկնի, երկու տարւոյ չափ եւս ի Բաղէշ գնացած էր, դարձեալ հայր Արծուոյ կամօք, ուր իւր ունեցած հմտութեամբ ու սրտի ճշմարիտ ազգասիրութեամբ աշխատելով այնտեղի ժողովրդեան եւ ուսումնարաններու մէջ բաւական յառաջադիմութիւն գործեց. եւ ուսումնասիրական եռանդ ու փափագ նոցա սրտի մէջը հաստատեց. այսօր ամէն Բաղիշեցի Հայք առ հասարակ կսիրեն եւ կյարգեն զինքը։ Սա մանաւանդ իւր գրաւոր աշխատութեամբ ու գեղեցիկ խորհրդածութեամբ Վ. Արծուոյս թերթերի մէջ ծանուցուած է ուսումնասէր Ազգայնոց. ահա եւ սա Յուսիկ վարդապետն է։

Բնիկ Վանեցի Տ. Սարգիսեան Յովհաննէս սարկաւագ, որ ի մանկութենէ Լիմ սուրբ անապատը կրօնաւորուած եւ մաքուր կենցաղավարութեան ու սրտի սրբութեան կրթութիւն առած. իւր հարազատ եղբայր արժանապատիւ եւ քաջ ազգասէր Երեմիա Վարդապետին հետ գնացած ու մնացած էր ի Բաղէշ. եւ այնտեղ կաշխատէր Հայ մանկանց սիրտեր ու միտքերը դաստիարակել ուսմամբ եւ երկիւղիւն Աստուծոյն. եւ որոյ անձին հեզութիւն, բարուց քաղցրութիւն եւ վարուց համեստութիւն շատ յարմար եւ վայելուչ էր Քրիստոսի լծոյն. ահա եւ սա Վրդանէս վարդապետն է։

Սոքա երեքեան Վարագը էկան նոյեմբերի 19ին հայր Արծուոյ հետ. որ ի Տարօնոյ թռաւ յայցելութիւն իւր սիրեցեալ եւ կարօտ ձագուցս. դեկ[տեմբեր] 6ին ձեռնադրել տուաւ վերոյիշեալ երեք Նորընծայք. եւ կատարելով իւր այցելութեան պարտք ու մխիթարանքը, կպատրաստուի ահա այս շաբթու վերստին գնալ ի Տարօն, ընդ որ եւս ես։ Աղօթէ որ բարի լինի մեր ընթացքը, եւ ես կխոստանամ այնկողմի Ազգայնոց աղէտալի ու աւետալի տեղեկութիւններ գրով հաղորդել քեզ. առ այժմ ուրեմն կաց բարեաւ եւ ողջ լեր, ով իմ պատուական եւ սիրելի ընկեր։

Քո Գ. Սրուանձտեանց

Աշակերտ Ժ. Վ. Վարագայ



[1]            Վրա[նա]բնակ քիւրտեր աշնան եղանակներ կուգան հայոց գեղերը ձմերելու եւ հայեր ամեն տարի իրենց տան եւ անասնոց պէտքերուն հետ կհոգան ու կ‏պատրաստեն նոցա համար եւս ամեն կերպ պիտոյքն ու կարիք։