Արեւմտեան Հայաստանի գաւառների վերաբերեալ նկարագրական եւ վիճակագրական յօդուածներ, տեղագրութիւններ, շրջաբերական կոնդակներ, ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

11. ԱԿՆՑԻ ԱԶԳԱՅՆՈՑ ՆՈՐ ՈՒ ՇԱՀԱՒՈՐ ՁԵՌՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆ. ԵՒ ԱՅՍ ԱՌԹԻՒ ՔԱՆԻ ՄԸ ԽՕՍՔ ՄԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻ ԵՂԲԱՐՑ։

Բերկրանք կալաւ զմեզ, երբ կարդացինք Մասիսի [1864թ. ] 661 թւուն մէջ, թէ ի Պոլիս գտնուող Ակնցի մեր ազգայինք ընկերութիւն կազմած եւ խնդիր մատուցած են Բ[արձրագոյն] Դրան, որ Ակնայ մէջ Ամերիկայի կտաւ շինելու գործարան մը հաստատեն, եւ առ այս պէտք եղած արտօնութիւն ու հրաման կաղերսեն։

Կաղերսեն նաեւ Պոլսոյ Ազգ[ային] մեր Վարչութեան, որ միջնորդութիւն անէ այս բանին համար, եւ թէ յաջողի, կանխայօժար սրտիւ արդէն կը խոստանան Ակնայ մէջ եղած ազգ[այնոց] աղջկանց վարժարանին ամէն տարի 10000 ղուրուշ նպաստ նուիրեն. քանի որ ընկերութիւն կանգուն է։

Կանգո՜ւն մնայ եւ յաջողի, Ակնցիք, ձեր ընկերութիւն եւ նպատակը՝ յաւիտեան։ Պարծանք ձեզ, եւ օրինակ բոլոր Հայոց Հայաստանցւոց ընկերութի՜ւն կենդանութեան եւ յառաջադիմութեան առաջնորդ, աշխատութիւ՜ն ամենայն բարեաց եւ երջանկութեան աղբիւր։ Սկսենք ազգայինք, սկսենք ընկերանալ եւ աշխատիլ, քրտնիլ եւ տքնիլ հարկ է, քաղցր հաց, հանգիստ կեանք այսպէս կրնանք գտնել։ Ո՛հ ի՞նչ զարմանք եւ կարեկցութիւն կը շարժի մարդու, երբ մէք ողորմելիքս, դեռ մեր հաց գտնալու մեր կեանք պահելու խորհուրդ եւ ճամբան չունինք, ու իզուր  հանապազ, իբր թէ լուսաւորութեան եւ յառաջադիմութեան համար աղմուկներով աղաղակներով եղբայր եղբօր օձիքը կպատռենք, իրաւունք, իրաւունքը կպոռոտանք։ Թողունք, անօթիներս, թողունք, առ այժմ դոքա միայնակ մեզ ոչ օգուտ, ոչ շահ, եւ ոչ նպատակ մը կընծայեն, ամենէն յառաջ հաց, հաց վաստկելու է. մէք չդարձանք սուրբ Աւետարանի  ագռաւներ, որ առանց վարելու սերմանելու կերակրէ զմեզ Աստուած, բայց  թէ կը հաւատաք, դարձէք նայենք մեզ վրայ, եւ ահա ագռաւներ արդարեւ քան զմեզ կուշտ են, երջանիկ են։

Ի՞նչ կը պակսի քեզ, Հայ մարդ. հողդ քան զամենն բարեբեր, ջուրդ առատ, անձդ առողջ, բազուկներդ հաստ, հանճարդ սուր. բայց ո՛հ ծոյլ. աշխատութիւնն է միայն մեզմէ պակաս։

Եւրոպացիք եւ ամէն յառաջադէմ ազգեր, նոր գիւտ հնարողներ արուեստներ ծաղկեցնող անձերը, ամէնքն ալ իրենց անճարութեամբ եղեր են հանճարեղ. իսկ Հայն որ ըստ  ամենայնի  ամէն բան առատ, յարմար ունի, եւ միանգամայն զօրաւոր անձ ու զօրաւոր  ալ հանճար ունի, մնացեր անճար, մէք ուրեմն ոչ միայն յաշխարհի  թշուառ, այլ եւ տիեզերաց կառավարչին ատեանն ալ համար  պիտի տանք որ անոր մեզ պարգեւած աւանդը անգործ եւ անշահ կըթողունք։

Տեղ չէ՞ ուրեմն, որ Տէրը խլէ մեր ձեռքէն մեզ շնորհածը, ու տայ նոցայ որ շահէն զայն եւ մեր առջեւ ուտեն ու յագենան։

Ինչո՞ւ այսօր այս գաւառներ ընդհանրապէս՝ եւ մասնաւորապէս Տարոնոյ մէջ բամբակի քաթանի, բրնձի, այգեաց գոնէ սոսկ ծառատունկի, սոսկ հացեղէն ընդեղեաց մշակութիւն պակսի, ինչու՞ անօթութենէ թողունք փախչինք, եւ այսօր ամայի դաշտեր մեզ վրայ ողբան, մէք տարաւալրեայ մեր դաշտերը լանք։ Քրդերը՞ կտանին։ Այո ողբալու է այս մասին ձեր քաշած տառապանքը, զոր թերեւս ուրիշ տեղեր երբեք չեն տեսնար կամ չունին, այլ սակայն ներէ ինձ, Տարօն, որ ասեմ, քիւրդը քեզմով զքոյդ կը տանի, կաշառակուրն քեզմով զքեզ կը կաշառե, դու ես որ զքեզ կը մատնես։ Դեռ երէկ բարեխնամ գայմագամն հզօր զօրութեամբ հրաման հանեց վնասակար Հասնանցիք բռնել, Զիարաթու մէջ քանի մը անմեղներ մատնուեցան, իբր թէ սոքա են գանգատէր, կը մատնէիք զիրար քրդերուն, եւ բարբարոսները նիզակ ցնցելով, պսաք պսաք ասելով, երկիւղի տակ ձգեցին գնացին։ Այսպէս ալ ամէն տեղեր, ու ամէն ժամանակն է եղեր։ Ո՛հ ախատակցաբար կը ցաւինք, եւ  կաղաչենք, թողուլ թողուլ այդ մահաբեր վարմունքներ, միութիւն, ընկերութիւն, աշխատութիւն ձեռք առնել։ Ձեր միութեան առաջին արդիւնք պիտի լինի քրդերը, ձեր նեղիչներ ձեր մէջէն հանել տալ։ Ձայնի եւ կամաց միութիւն միայն պակաս է մեզմէ։

Ընկերութեան առաջին արդիւնք թող լինի մշակել սկսել պէսպէս արմտիք եւ սերմեր, բարձէք ձեր միջէն այդ նախապաշարմունքը թէ «Մեր պապեր չեն արեր, մէք ալ չենք անէր, կամ թէ, մեր հողեր չեն բուսուցեր»։ Զիա՞րդ է, Ճապաղջուր, որ կից է Տարոնին, թէ բամբակ թէ բրինձ առատ եւ ընտիր կը բերէ, նոյնպէս եւ Ներքին դաշտը, ու Տարօն չի բերեր։ Տուող չկայ՝ որ բերէ, - Ցանեցէք այդ ընտիր հողը, որ բիւրաւոր ու բեղուն խոտեր, բանջարներ, ծաղիկներ եւ կերպ կերպ բոյսեր կը ծնի, անշուշտ ինչ որ յղանայ պիտի շատ աղէկ եւ առատ ծնի։ Խօսք շատ կայ ասելու, կարճը կապենք։

Աշխատութիւն, ամէն արդեանց արդիւնք, ձեռք առէք, Հայաստանցիք, աշխատութիւն  վաստակ, վանելով մեր միջէն անձանց ծուլութիւն եւ վատութեան պղերգ ախտը, աշխատութիւն մարդուս կուտայ ամէն կերպ առատութիւն, հարստութիւն, հանգստութիւն, յառաջադիմութիւն, սակայն աշխատաւորին հարկ է ունենալ խոհեմ տնտեսութիւն ու կառավարութիւն այս աւուր եկածէն վաղուան  բաժին հանելու է այս տարուան առատութենէն էկող տարուան բաժին պահելու է։ Ասեմ. բայց դուք մի շառագունիք. Պոլսեցւոց  ուրիշ քաղաքացւոց անունը ելած է թէ շռայլ են, շատ կուտեն կը խմեն, շատ կզարդարուին, եւ այլն եւ այլն կանէն. իսկ մեր մէջ կորեկի գըլգըլի կարօտ. խոտ ու բանջար ուտող  մարդը իր տակ նժոյգ ձի մը ունի, իր զարդն ու պջրանք  վրան ունի, իր քէֆն ու զաւգը անպակաս կը կատարէ, էրիկը՝ պարտատէրներու ձեռքը կը ծեծուի եւ ի բանտ կը մաշուի, կինը կարմիր չուխայ, ղութնի հալաւ կը հագնի աստ եւ անդ կը ճեմի։

Այս տարի հաց շատ եկաւ, կծախէ կուտայ ձիու եւ զարդարանքի եկող տարուան եթէ սերմացու մը պահէ, բայց «Ոչ ամէն տարին գետ կուգայ եւ մեզ փայտ կբերէ». յիշենք այս առակը։

Ծիծեռն անդադար իր  բոյնը կը հիւսէ մրջիւն անձնաշխատ իր պարէնը կը վաստկի կը հայթայթէ, վատը գոնէ ասոնցմէ ալ օրինակ չի առներ։

Ուր որ լինինք, ուր որ փախչինք, տէրութեան հարկը պիտի տանք, եթէ քրդերէն ազատուինք, դարձեալ անօթի  կը մնանք, քանզի ծոյլ մենք ենք՝ որ զմեզ կը տուժենք։ Օր ըստ օրէ աշխարհս ի բարեկրթութիւն եւ ի յառաջադիմութիւն կը դիմէ բարբարոսութիւնք կը փչանան հետ զհետէ. բայց չարը մեր ախտերն են. մեզմէ անաժան, զմեզ կը կեղեքեն։ Ին՞չ կեանք է կը վարենք հայերս, ամուսնացողն իւր ամուսինէն զուրկ. որդին իր ծնողքէն. եղբայր իր քոյրէն տարագիր, իբր թէ հոս շահ չունինք. կը դիմենք ի Պոլիս եւ ուրիշ քաղաքներ չարաչար կը ծառայենք, ո՛հ եւ այն տեղերն ալ կերպ կերպ ախտից կմատնուինք, վաստկածնիս կը փչանայ, կեանք կը ոչնչանա։

Կիկիոն գնացեր Ստամբոյ փարայ կը վաստկէ, հոս կառնէ, հոն  կուտայ քանի մը տարիեն վերջը եռնունեան ի տուն կը դառնայ կամ քանի մը փարայ ալ ջոպն ունենայ իրեն  կնոջ զարդի կուտայ. կուգայ կուտէ, կը պտտի, եւ ահա քրդուն կը հանդիպի, տէրութեան հարկահանը դուռը կը կայնի, պարոնի քսակը պարպէր է. եւ ահա եղաւ՝ էլմ էն Կիկօն, էլմ էն Կիկոն։

Դառնանք յետս, ազգայինք, դառնանք յետս այս խոտոր եւ խաւար  կորստական եւ անշահ շաւիղէն, եւ թողլով մեր անցած դարերու ազգային ճոխութեանց եւ երջանկութեանց երազն ալ. լրջօրէն աշխատինք դարուս ունեցած պարզ եւ դիւրին կերպերով արուեստներով, մշակութեանց ձեռք զարնենք։ Ամենեւին մէք Ստամպոլու ոսկիներով չենք կարող հարստանալ, մեր մէջ ունենալու ենք գործարաններ կտաւի, երկաթի  կերպասի, մշակութիւնք արմտեաց, տորոնի, բամբակի, ձիթահան յունդերու, շերամի եւ ինչո՞ւ չասենք նաեւ շաքարի եւ այլն եւ այլն  իրաց։ Ա՛հ օր, ե՞րբ պիտի բառնանք պատրաստենք բեռնէր վաճառականութեան  Հայաստանի բերքերէն եւ ապրանքներէն, եւ երթանք Ստամպոլ եւ ուրիշ երեւելի քաղաքներ շահ անելու ահա… երկաթուղիներ կը շինուին, սայլերու ճամբաներ կը դիւրուին. թելեգրաֆներ կը ձգուին. սոքա մեր յառաջադիմութեան շաւիղներ եւ նշաններ են, սոքա բեռնակիրներու համար չեն։ Այսուհետեւ Պոլսեցի հարուստ հայոց առիթը կը կտրի, թէ Հայաստան շահ չի բերէր. վաճառք չի հանուիր, զարմա՜նք, թէ խորին Պարսկաստանէն ինչպէ՞ս վաճառքներ կը բարձուին ամսօրեայ ճամբաներով ի Պոլիս կը բերուին եւ շահ կունենան, ապա ուրեմն ոչ Հայաստան, այլ իրենք, հայերն, անշահ են։

Այս նիւթին ծայր չկայ. բայց մէք այստեղ ամփոփենք մեր բանը։ Ամէն բանէն յառաջ լուսաւոր գաղափար եւ խորհուրդ պէտք է մեզ, որ մեր ամէն պէտք եւ պարտքը  ճանաչենք, ասիկայ ուսանելով կը լինի, ուսումնարան ուրեմն մեր  առաջին պէտք է պարտքն է, ուր հոգւոց եւ  մտաց դաստիարակութեան հետ մեր անձնական կամ մարմնական պիտոյքն ալ ուսանիք։ Բայց եւ ուսումնարանին համար ալ հարստութիւն պէտք է, որով շինենք ու շահէնք, ուսուցչաց եւ ուսանողաց համար ալ հաց պէտք է յառաջ եւ զգեստ, ուրեմն առաջին պէտք ունինք մեզ հաց, հող, գործարան, արուեստ, մշակութիւն, աշխատութիւն, զոյգ սմին եւ ուսումնարաններ, գոնէ առ այժմ անօթի ուսումնականներ։ Որ ուտելով վաստկինք, վաստկելով շահուինք, շահուելով լաւ ապրինք, ապրելով  ուսանինք, ուսանելով յառաջադիմենք. եւ հասնինք օր մի այն կէտին, զոր երկրային խաղաղութիւն կամ երջանկութիւն կանուանեն, որով եւ մեր հոգեւոր եւ կրօնական կեանքն ալ առաւել պիտի փայլին։