Արեւմտեան Հայաստանի գաւառների վերաբերեալ նկարագրական եւ վիճակագրական յօդուածներ, տեղագրութիւններ, շրջաբերական կոնդակներ, ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

14. ՏԳԷՏՆԵՐ  ԵՒ  ՏԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Չկարծեք թէ գտնուի ազգ մի, կամ ժողովուրդ, կամ քաղաք մը, ուր  տգէտներ չգտնուին, այլ գոնէ կ՚երանենք այն տեղին, ուր տգէտներ քիչ կգտնուին։

Ո՛հ խիստ թշուառ եւ դժուար բան է ողջամտաց համար՝ տգիտաց մէջ նոցայ  հետ կենակցիլ։ Զգացմանցդ վրայ կը խնդան, խորհուրդներդ կը քամահրեն. խօսքերդ ծաղու եւ անարգանօք կարհամարհեն. իմաստնոց գրոց եւ գաղափարաց թշնամի, ատեցող եւ մահացուցիչ են. ճշմարտութեան  ոխերիմք։ Ամբարտաւաննե՜ր, իրենք չունին հոգի զգօնութեան, միտք զգաստութեան, գործ առաքինութեան. վարք օգտակար ընկերշինութեան  եւ այս ամէն նշաններ որոյ վրայ տեսնան, խենդ եւ սնոտի կհամարին։ Իրենք ոչինչ, եւ ամէն բան ոչինչ կդատեն։ Արդեօք այսպիսեաց ձեռքէն  որքա՞ն վիշտ եւ տագնապ կեր են մեծագործ  առաքինիք եւ մեծահան ճար իմաստունք, ընդ որս եւ մեծանուն Քրիլով, որ իր ամէն գրուածոց ու խօսից մէջ սա նշանաւոր ոտանաւոր աղօթքը կը կարդայ եղեր։

«Մի՛ տար զիս ո՛վ Աստուած

ի ձեռս անմիտ դատողաց։»

Բարեսէրներ՝ ասոնց առաջ կեղծաւոր են ազգասէրներ՝ ասոնց առաջ յիմար են. լուսաւորեալը՝ ամբարիշտ գիտնականք՝ սատանայ այլն  այլն։ Ո՞վ տգիտութիւն մարդկային կենաց մահաբեր ժանգ։ Ո՞վ տգէտք մարդկային յառաջադիմութեան  թանրացեալ խաւար եւ գուբ եւ որոգայթ, յորս շատեր եւ շատեր մոլորեցուցեալ, գայթակղեցուցեալ  կորուսեալ էք։

Կխոստովանիմ արդար քո անզօր պետութեան առջեւ խոնարհած եւ ընկճուած են շատ եւ շատ բարձրագոյն միտքեր, տգիտութիւն, դու միշտ  վիրաւորող ճշմարտութեան խափանարար իմաստութեան, յետս ընդ կրունկն դիմագրաւիչ արդարութեան ընկրկիչ իրաւանց։ Որչա՞փ պատուական  սուրբ հանճարներ վսեմ հոգիներ, քո գարշ եւ ժանտ ժանեացդ պատառ պատառ ի զոհ լինելով, փոշիներու մէջ թաղուեցան կամ ցնդեցան։ Քո դժոխային որովայն ազնիւ անձանց արեանց լիճ է, սքանչելի եւ պատուական անձանց գերեզման է։ Ի՞նչ դար, եւ ի՞նչ տեղ քեզմէ ազատ կամ գոհ եղեր է. ո՞ Աստուածային հզօր լուսոյն՝ դու խայտառակ  լիրբ հակառակորդ։ - Որքա՜ն ալ ամբոխ անձնուէր բանակներ ունիս քեզ՝ մարդկային գրեթէ ամէն կարգէն։

Մարդկային ամէն թշուառութեանց տգիտութիւնն է մա՜յր մահու  անկման ահագին դուռն. գոռոզութիւն  տգիտութեան  անդրանիկ ծնունդ. ամբարտաւան ամբարհաւաճ մեղկ ցած եւ դաժան նենգութեան սնուցիչ դայակ, քո ստեանց դառնագոյն կաթն եղբարց արեամբ շաղախեալ է, քո սեւագոյն ճակատ մահուամբ  սպանմամբ պսակեալ. քո բազուկք օձապտոյտ՝ գազանային կատաղութեան՝ բարկութեան եւ ատելութեան ոխերիմ երակներով պնդեալ. զքեզ ի՞նչ անուանելու է. բայց եթէ Դժոխք մարդակորոյս գազան Աստուածամարտ։

Ինչպէ՞ս նկարէնք այս ամէն երանգ պատկերը, ինչպէ՞ս գրենք այս աննկարագրելի բառը։ Նայեցէք ամէնքդ ձեր քովիններուն, եւ կը տեսնաք զինքը։ Դա կարեկից սիրտը՝ կնամարդի կանուանէ. արիականն գազան. դա գթալի աչաց արտասուք՝ սխտորէ քամուած կամ քըսուած ջուր է, կըսէ. աղօթասէր հոգին՝ կոյր եւ փարիսեցի կանուանէ. պարզամիտն՝ էշ կը կոչէ. զգոյշն եւ զգաստ՝ խորամանկ։ Աստուածային սքանչելիք եւ հաւատոյ զօրութեամբ գործեալ հրաշք՝ Բեհեղզեբուղայ գործ կը ճանաչի կախարդութիւն՝ շատ անգամ Աստուծոյ գործ կհամարի։

Սրբութիւն. կուսութիւն. եկեղեցի, աղօթք՝ յիմարութիւն եւ տկարամտութիւն են, կըսէ, սուրբ Աւետարանի եւ Աստուածաշունչ գրոց խորհուրդ՝ իւր թերի  թիւր մտաց պէս կմեկնէ. կամ իր չհասկցած հասկացողութիւն միայն ճշմարիտ կդնէ։ Չկարդացէր. չքննէր սուրբ խորհուրդներ նոցայ վրայ լուսաբանող հոգելոյս սուրբ հարց մատեաններ ինչ բանի որ իր անխելք խելքը չի հասնիր. զայն կմերժէ, չի ընդուներ։ Աստուծոյ վրայ խօսիլ Աստուծոյ էութեան ու գործոց խելք հասցնել՝ ամենէն դիւրին բանն է իրեն։

Կդատէ անզուգական առաքինի  սուրբ հոգւոյն տաճար եղած արժանի անձինք նոցայ վարքը  բարքը եւ զոր ինքն չէ ստացեր նոցայն եւս սուտ կհամարի։

Ամէն կարդաց  եւ կառավարութեանց վրայ կը խօսի եւ չի հաւնիր։ Կմեղադրէ ամէն մարդու ընթացքը, եւ ինքը երբեք չի գիտէր քալել. կդապարտէ այլոց գրուածքը, զոր ինքը երբեք չգիտէ գրել. եւ ոչ իսկ գրուած մը հասկանալ. կը կասեցնէ առաքինին իրեն հանդիսեն. հայրենասէրն իրեն ասպարիզէն ցաւն այն է որ լսողներն ըստ  մեծի իր բանակէն են. անիրաւ յաղթանակ կը վաստկի  զայն իրաւունք  ճշմարտութիւն կքարոզէ։

Ո՞վ մարդկային անձուկ մտաց անհետ վրիպակ։

Ո՞վ մարդկային վաղանցուկ կենաց յաւիտենական կորուստ։

Եւ ինչպէս կարգ ի կարգի է մարդկութիւն գրեթէ նոյնպէս կարգ ի կարգի  յամենայն կարգի են տգէտք տգէտ ի հարուստս. տգէտ ի յաղքատս. տգէտ յիշխանս տգէտ ի ռամիկս տգէտ ի ծնողս, տգէտ յորդիս տգէտ ի մանկունս, երիտասարդս եւ ի ծերունիս. տգէտ ի վարդապետս  յաշակերտս տգէտ ի քահանայս  ի ժողովուրդս, տգէտ ի տգէտս տգէտ  յիմաստունս։

Այո շատ անգամ ի չգոյէ ողջամիտ իմաստնոց. տգէտներ իմաստնոց տեղն ու անուն բռնած են իրենց հետ եղծած են իմաստութեան անունն ալ յարգն ալ. նոյնպէս  անսուրբք՝ սրբոց տեղ։ Արծուոյ թռած հետքէն՝ մժեխներ թռչել կարծելով զիրենք արծիւ համարած են. մըրջիւնը մինարայի ծայրն ելլելով, զինքը ամենաբարձր հսկայ մը համարէր, եւ գետին եղած ձիեր ու մարդեր՝ փոքրիկ ճճի անուաներ։ Այս տեղ  այս ժամն է մարդկութեան ամենաթշուառ վիճակը, իմաստակներ իբրեւ իմաստուն կը պարծին եւ կը տիրեն այն վեհ բարձին, մժեխներ արծիւ կլինին կատուներ առիւծի տեղ կդրուին։ Բեր յայնժամ ողբ եւ ողբայ այն դարու մարդկութիւն, բեր յայնժամ արտասուք, եւ լաց այն դարու թշուառութիւն։

Ինչպէս ամէն սեռի տեսակի, եւ անհատից մէջ կգտնուին ազնուականք եւ հանճարեղք, նոյնպէս եւ ամէն կարգի մէջ կգտնուին սինլքոր եւ տգէտ հոգիք։ Վա՛յ ժամանակին, երբ այս ստորին վիճակ բազմապատիկ է եւեւ հզօր պետական եղած. ո՛հ եւ դժբախտաբար ամէն ժամանակ այս այսպէս է եղած։

Երբ բարեմիտ մը՝ բարի գործ մը սկսի, զայն գործ նախատական լինելեն զկնի. գործողն ալ պէս պէս անպատուութեանց եւ վնասուց եւ մինչեւ անգամ կորստեան կը մատնեն տգէտք։ Այսպիսիք ընողներ մէք տգէտք կանուանենք այլ հասարակաբար՝ չար. կամ չարամիտ կըսուին։ Բայց միթէ՞ եւ չարն ալ տգէտ չէ՞։ Մէք՝ տգէտ կանուանենք զայն, որ  գիտէ թէ եւ ամէն կերպ գիտութիւնք եւ արուեստք. բայց չգիտէ դեռ նա զաստուած եւ զաստուծոյն, զմարդ եւ զմարդկութիւն, չգիտէ նա զինքն եւ իւր Աստուծոյ եւ ընկերի պատկանեալ պարտաւորութիւն, վարուելով միոյն ի հաճոյն միւսոյն ի շինութիւն։ Նա ամէն բան դաս առէր. երկինք եւ երկիր իր խելքով կքննէ եղեր, բայց «Ծանիր զքեզ» չէ դաս առեր։

Արդարեւ այնպիսի գիտնական խիստ ցած է քան զյետին կարգի մարդ. եւ զորայ համար անջինջ մակագիր դրոշմած են՝ գրա՜ստ գրադարձ։ Ինչու՞ կգայթակղիս, միամիտ, գիտնականին այդ անուն տալով. միթէ՞ գիտնականք ամէնը գիտու՞ն են, իմաստու՞ն են, յիշէ քո հասարակական առածը թէ «Շատ կարդացող, դաշտի մէջն է տաճիկցեր». եւ «Սատանան հրեշտակաց կարգէն էր, որ եղաւ սատանայ»։

Արիոսն եւ Յուլիանոսն շատ իմաստուն էին, բայց այն իմաստութիւն թշուառ քան զտգիտութիւն էր, որ փոխանակ զանոնք բարձրացնելու եւ փառաւորելու. հեղձոյց պայթեցոյց զանոնց որովայն, յոր սատանայն կբազմեր։ Չգիտե՞ս թէ աշխարհիս զեղծումներ առ հասարակ այդպիսի չարամտաց, կամ մեր լեզուովն ասենք տգիտաց հեղինակութեամբն են եղած։

Օ՜ն, այսու կրկին ե՞ս գայթակղեցար. ի՞նչ է ապա ուրեմն չուսանինք, չուսանինք բնաւ. որ բարի տգէտ լինինք քան իմաստուն չար։ Այդպէս մի՛ ասէր. բարեսէր։ Ուսմունք արդարեւ զէնքի են նմանցուցեր. սուր եւ նետ ստացողն կարող է ի մահ եւս գործածել, ի պաշտպանութիւն եւս։

Աղէ՛, ձեռքդ առ այդ սուր. որ է զայն. կրթէ միտքդ հոգւովն Աստուծոյ, սիրով եւ երկիւղիւ տեառն, ստացիր քեզ վարք առաքինութեան սիրտ բարի, կամք յօժար ի սէր եղբարց, ի նուէր ընկերաց, ի զոհ հայրենեաց, սուր ի ձեռին զէն ընդ մէջ կաց ախոյեան տգէտին, աշխարհս պատերազմ է, կզարկուի՞ս, դուն ալ զարկ, քո մէկը անոր տասը կարժե։ Չե՞ս  տեսնար պատերազմի կարգ, սա սրով կը յարձակի, նա եւս սրով կդիմագրաւե։ Նա ուսմա՞մբ մոլորեալ է. դու ուսմամբ զնայ ուղղէ.. ։ Բայց ո՞վ թշուառութեանս, դեռ կանգնելու հաստատուն ոտք չունինք, հսկայից պէս ընթանալ կուզենք, մեր Ազգի վրայ դարձունելով խօսքերնիս, կարճը կապենք. Հայ ա՜զգ քո մէջ կգտնուին ամէն կերպ տգէտները, ազատուելու համար այս ժանտախտներէն, յաճախէ, ընդարձակէ ուսումնարաններ, գեղեցիկ ունիս մանկտի եւ քաջայարմար կրթութեան ժամանակ, շատցուր այդ բարի բանակը. իմաստնոց կաճառը, կանգնին, զինուին ախոյեան ընդդէմ տգիտաց եւ անբարեաց, ահա մեր փրկութեան օրն այն է, յաղթանակն անշուշտ է։ Ո՞ օր երջանիկ…։

Բայց այսպէս կրթութեան՝ այսպէս կրթիչներ, այնպէս երջանիկ ապագայի՝ այնպէս երջանկածի՛ն ներկայ՝ մեր ազգին, դեռ ո՞ւր է…։