Արեւմտեան Հայաստանի գաւառների վերաբերեալ նկարագրական եւ վիճակագրական յօդուածներ, տեղագրութիւններ, շրջաբերական կոնդակներ, ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

15. ՎԱՐԺԱՐԱՆ  ԵՒ  ՎԱՐԺԱՊԵՏ

Նայելով մեր շրջապատը Հայաստանիս գաւառներ, քիչ մի եւս հեռու տեղեր ուր Հայք կրկնակի, խիստ քիչ կը տեսնենք այդ կենսագործ կրթարան եւ կրթիչներ։

Ցա՜ւ։

Ազգին ամենէն կարեւոր պէտք հոգը անփոյթ ըրած, երկրորդական երրորդական իրերը կյուզեն։

Ժամանակիս առջեւ, դարուս մէջ հայ ազգը մանուկ է, ըսած են, գեղեցիկ եւ խիստ յարմար խօսք։ Մանուկը նախապէս կաթով պիտի սնանի. եւ իր մայրական կաթով. կամաց կամաց փափուկ ճաշակներ ալ գործածէ, մինչեւ իր հասակի հետ նաեւ իր ստամոքսը, ներքին եւ արտաքին կազմութիւնք զարգանան զօրանան։

Ամէն տեսած բանին կփափագինք, ամէնու ունեցածը կուզենք մէք ալ ունենանք, ճիշտ տղայական դրութիւն։

Դպրոց չենք բանար, ինչո՞ւ, քանզի դպրոց մեծ բան է. եւրոպացոցմէ ուսած եմք, փառաւոր շէնք պիտի ունենայ իրեն։ Մէկ հայկաբան վարժապետ ի՞նչ պիտի ուսուցանէ, պէտք է գաղղիագէտ մը, տաճկագէտ աշխարհագիր երկրաչափ, մաթեմաթիկ, բնագէտ պատկերահան եւ այլն եւ այլն գիտութիւնք եւ արուեստներ գիտցող զանազան զարմանազան վարժապետներ, նաեւ բարեկիրթ, պատուաւոր քաղաքացի լինին. Փարիզը իրենց ուսումն առած, կամ Պոլսոյ եւ ուրիշ երեւելի քաղաքաց մէջ վարժապետութիւն ըրած, լաւ հագուած, ակնոց  դրած, պաստօն բռնած, սա ամէն մարդու չհաւնող, բարձր խօսող, բարձրագոյն մտաց, եւ ծանրագոյն ծախուց տէր։ Աղքատ հպարտ, հարուստ յիմար դրութիւն մի է սա, փառաւորին անձեռնհաս ենք, փոքրագոյնին անբաւական, եւ ուր շէնք մը մեծաշուք կտեսնանք, կարծենք ներքին շուք եւ շնորհքն ալ ըստ այնմ է, եւ այնքան լի՝ մինչեւ շէնքին պատերն ալ դրսէն նխշէր է։ Կմոռնամք թէ շատ տուն կայ դրսանց գեղեցիկ, ներսէն դատարկ, շատ անգամ եւ աւերակ, ապականեալ։ Երբ հագուած մէկ մի տեսնանք, կարծենք թէ շատ խելացի, կամ իմաստուն կամ հարուստ ոք է, բայց չգիտենք թէ իր ներքին դատարկութիւնը այդ արտաքին կերպարանքով կծածկէ։ Ակնոցն ի յաչս, մեծ գիտութեան նշան կհամարինք, չգիտելով թէ նա իւր աչաց վատատեսութիւնը ակնոցով կծածկէ, ուղեղի ունայնութիւնը՝ գլխու մազեր հանապազ եղելով սանտրելով մտաց կարճատեսութիւնը՝ քանի մը մեզ անծանօթ բառեր արտասանելով, աննշան եւ անիմաստ խօսքեր կ՚խօսի, ոչ մէք ոչ ինք կ՚հասկանա, ու կըսենք շատ իմաստուն է, բարձրիմաստ կ՚խօսի, որում մեր միտքը չի կրնալ հասնիլ, եւ այլն եւ այլն։

Այսպիսեաց բաղդը  կբանի, եւ կըսեն թէ բաղդը կոյր է, ահա մէք եմք այն կոյրը արդարեւ, որ կը բաղդաւորենք զայնպիսին։

Ասդին Հայաստանցի մը գեղացի կամ քաղաքացի ոք, որոյ վարքը եւ բարք կատարեալ, ծանօթ եւ վկայեայլ, շատ կամ քիչ գիտնական, թեթեւ ամսականով գոհ, եւ վերջապէս առ այժմ խիստ յարմար եւ բաւական, երեսը նայող չկայ, կարհամարհեն զինքը, անգէտ եւ անպէտ ոք կհամարին, վարձուց եւ պատւոյ անարժան, սմա ամիս հարիւր ղուրուշ տալ կզլանան, միւսին հինգ հարիւր ղուրուշ կխոստանան, վերջապէս դիցուք թէ գտան այնպէս մէկը եւս, քանիմ ամիս կշարունակէ իր պաշտօնը, ու յանկարծ ոտքի կ՚կայնի կերթայ, մինչեւ վերստին ուրիշ մը խնդրեն գտնան, դարձեալ ժամանակ կը կորսուի, կարգ կխանգարուի, եւ թէ բան մը ուսեր են տայք, զայն եւս կմոռնան։ Ոմն այսպէս ոմն այնպէս ըսելով ու ընելով՝ վարժարան կը մնայ անշէն, անուսուցիչ, եւ մանկտին անուսումն։ Մնացեր են ու կմնան։ Ըսել է թէ միշտ տղայ պիտի մնանք մեք։ Այս երկու տարի է Մշոյ դաշտ կորեկ ու գըլգըլ ուտելով ալ կապրի, եթէ ցորեն չէ իր հացը, պէտք չէ՞ր ունենալ եւ ուտել կորեկն ու գըլգըլ։

Ուսմունքն ալ մտաց հացն է։ Եթէ բարձր արուեստ ուսուցող չկայ, գոնէ սոսկ հայկաբան թող լինի։ Վերջապէս կասենք, ինչպէս առանց սնունդի կեանք կը մեռնի, այսպէս ալ առանց ուսման միտք մեռած է։

Գեղացւոց թէ առաջարկես դպրոց բացէք, նոքա եւս կը պատճառաբանեն, կը պատասխանեն թե, կարդալը մեզ օգուտ չէ, մեր բաժին չէ, գեղացին իր ոչխար տաւար պահել կնայի, իր լուծքն ու կութան, իր վարն ու ցանքը, ե՞րբ տեսեր ես գեղացին իմաստուն գիտնական եղնի, փիլիպպո՞ս պիտի անեմ տղաս։ Վա՜յ, վայ, վայ։ Այդպէս ասած ենք, որ այսպէս ենք։ Միշտ տեսնուած է։ Միթէ երկնից արեգակը գեղացւոյն քիչ ու քաղաքացւոյն շա՞տ կը ծագէ իր լոյսը, մեղք է Աստուծոյ առջեւ այդպէս խօսիլ։ Միթէ՞ գեղացւոյն միտքը պակաս է տուեր ու քաղաքացւոյն առաւե՞լ, ո՛չ ապաքէն հաւասար է բաշխէր ամենեցուն կեանք եւ զօրութիւն հոգւոց։ Կարդալ ուսէք եւ կարդացէք հողագործութեան գիտութիւն, կարդացէք անասնոց պահպանութեան կերպը, կարդացէք թէ դուք ինչու համար մարդ եւ ազգ եք, ի՞նչ պարտք կայ ձեզ, ի՞նչ շահ կայ ձեզ, կարդալով ձեր հողեր ոսկի կդառնան չկարդալով ոսկին հող կդառնա։ Կարդալով մեր այս կեանքն ալ յաւիտենական կեանքն ալ կը հոգանք եւ կգտնանք, չկարդալով երկուքէն ալ կզրկուինք շատ անգամ։

Թող տալով այս տեղ այս խօսքը, տեսնանք վարժապետաց պաշտօնն ու վիճակը։ Վարժապետութիւն ազգի մը հայրութիւն կհամարինք մեք, քանզի իրենցմէ ուսեալներն են որ մէկ հոգւով մէկ նպատակով պիտի պաշտեն  վարեն զազգ, եթէ ազգը մանկտի է կըսենք, ազգի մանկտիներ պէտք է հասկնանք ազգ, ազգի ծերեր ու հաստացածները ալ նորէն չեն մանկտնար, ազգութիւն այս մանկտիներով պիտի զարգանայ զօրանայ կատարելանայ, ծերերը դէպի գերեզման կքալեն, նոքա ալ կենաց մտածմունք չունին, բայց ի՞նչ անես՝ մանկտին այսօր նոցայ կամաց եւ կարեաց կարօտ է։ Վարժապետ մանկտւոյն հայր, ազգի մը հայր, ապագայի մը ծնող, բայց անցեալ զառամեալ անձանց ստրուկ է, նոցայ կամքը պիտի շահի, որ ինքն ալ շահուի, եւ վասն այսորիկ շատ եւ շատ վարժապետներ կան՝ որք իրենց պաշտօնի մեծութիւնը եւ պարտքը քաջ կճանաչեն, այլ ստիպուած են զոհել զանոնք ի շնորհս խաւարասէր անձանց, շատերն ալ սովորութիւն կամ ունակութիւն ընելով իրենց եւ ոմանք բնական այնպէս սիրելով՝ իրենց ձեռքն ունեցած եւ իրենց խնամոց ու հոգւոց յանձնուած սրբազան եւ լուսաւոր պաշտօնը ի խաւար եւ ի կուրութիւն կգործածեն։

Այս կարգի վարժապետներ իրենց սիրողաց եւ նմանեաց շնորհիւ մեծ պատիւ եւ գոհունակ վիճակ ունին, ասոր ընդ հակառակն, իրենց ճանաչումն սուրբ՝ եւ պաշտօնը նուիրաբար վարող վարժապետներ՝ անպատիւ, անարժան, աղքատ, մուրացկանի վիճակ քան զնորայ խիստ աղէկ է, եւ այսպէս գնալով նա, օր մը չէ, օր մի պիտի յուսահատի, օրինակ այսպիսեաց շատ կան մեր ազգի մէջ, ամէն երկրի մէջ, եւ անշուշտ ես ու դու ալ զայս այսպէս տեսնալով մէկդի կքաշուինք, անոր համար այսօր եթէ փնտրուի ազգի մէջ տեղուոյ մը համար ընտիր կամ յարմար վարժապետ մի, դժուար կգտնուի։ Վարժապետութիւն խիստ անարգ եղած է եւ վասն այնորիկ ընտիրներ ի բաց գնալով, անընտիր եւ զեղծ անձինք շատ տեղեր անցէր են այս պաշտօնին, որոց շնորհիւ ազգիս ներկայն կը տատանի ապագայն կը կործանի։ Ին՞չ ընելու է, ի Պոլի՞ս ձայն տանք, բայց այդ եւ Պոլիսն ալ մեր վիճակն ունի։ Կարդացինք լրագրոց մէջ թէ Ընդհանուր Ժողով ազգային դպրոցաց բարեկարգութիւն պիտի հոգա, բայց նա միայն պիտի հոգա, գաւառնե՛ր, մեր գործ մեզ կձգէ նա դարձեալ, եւ միթէ՞ նա պարտաւոր կամ կարող է ամէն տեղ եւ ազգի ամէն բանին ձեռք հասցնել։ Մէք մեզի ալ աշխատենք։

Ժամանակը բարելի կառք մի է եւ Աստուծոյ հոգին նորա կառավար կուգայ, կերթայ, պատրաստ եղողներուն կբաշխէ իր պարգեւներ, ծոյլերուն եւ անպատրաստից համար հոգ չըներ։

Բայց մէք որո՞ց հետ կխօսիմք։

Ո՞ սրբազան Առաջնորդներ ձեր ձեռքն է այս ամեն։ Ո՞ հասարակութիւն, ձեր կամքն է զայս առնել։