Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Գ. ՊԱՏՄԻՉԸ 

Բանաստեղծականին մէջ սա վրիպանքը սխալ պիտի չըլլար գնել, սրբագրել փորձել, պատմականին մէջ իրաւ, բիւրեղացած փառքով մը, եթէ երբեք նման բախտ մը պիտի զիմա որ էր մեր ակնկալանքը Ալիշանի ընդհանուր վաստակին մէջ։

Իրողութիւն է որ պատուական աբբային այդ վաստակը իր ծանրութեան կեդրոնը ունի այդ կալուածին մէջ։ Միւս կողմէն էջերու կայ կարիք որպէսզի յստակ ըլլան դարձեալ կարգ մը պատրանքներ։ Պատմութիւնը, ասոր գիտությունը, ասոր արժէքը վճռօրէն նկարագիրը, գրեթէ կերպարանք են փրկած կայ հարիւր տարի։ Այդ նկարագիրը զուտ, փարթամ՝ գրականէն տակաւ այլակերպուած են դէպի զուտ գիտականը, եթէ նկատի չառնենք միջանկեալ շրջանը ուր իմաստասիրութիւն, ընկերաբանութիւն, նետողականութիւն (ներեցէք այս իրաւ բայց գէշ բառին. խորհիլ գերման դպրոցին) տեղի տուին լրագրական աշխոյժ, համով, արագ ներկայացումին։ Քսաներորդ դարու կէսին պատմութիւնը գիտութիւն է, անպայման, բայց պաշտպանութեանը մէջ գրագէտի մը, խառնուածքի մը երբեմն։ Այդ պաշտպանութենէն դուրս անիկա թուաբանութեան, բնագիտութեան հետ շփոթուելու չափ ներհակ բան մըն է։ Կը հասկցուի՞ ուրեմն իմ տագնապը երբ կ՚այցուիմ անտեղութեան խոշոր զգացումէ մը, գրագետի դեմք մը ազատագրելու, գրականութեան հետ այս քան խնդրական աղերս մը (այսօր) պարզող վաստակի մը կռթնած։ Վտա՞նգը` զուտ պատմագիտական ուսումներուն, ուսումնասիրութիւններուն, թէկուզ երիցս պսակազարդ քերթողներու գրիչովը հովանաւորուած։ Անշուշտ սա տողերուն հետ ձեր մտքին կը ներկայանայ տժգոյն, սուրբ աբբային հալումաշ կենդանագիրը եւ անոր սրտի ձայնն ալ կը հասնի ձեզի իր թունդ էջերէն եւ անոր գիրքերուն պատմական մեծ բարիքն ալ  ձեզի կը թելադրէ այլապէս քաղցր, երախտագին զգացումներ: Ի վերջոյ մոռնալու չենք որ զանգուածը անունն է միայն լսած Նուագքներուն բայց կարդացած է Յուշիկքները։ Որով, լիակատար փաստ է որ Ալիշանի գրականութիւնը մասնաւորող, պիտակով, կնքաւորող քանի մը հատորներ մեզի գան պատմական կալուածէ, նոյնիսկ այն պարագային երբ ըլլայինք աւելորդ չափով մը խստապահանջ կասկածի ենթարկելու այդ մեծղի կառոյցին պատմագրական ալ արժանիքները։ Մեծղի այդ կառոյցը, որ իր նմանը չունէր անցնող դարու կէսերուն եւ որուն մօտիկը դրուելիք արեւելահայ արդի բանասիրութիւնը կը ներկայէ հազիւ քանի մը շքեղ իրագործումներ. Աճառեանի գործը, օրինակի մը համար, Ալիշանի գրականութեան համար կը մնայ օգտագործելի նախանիւթ։ Կը բաժնեմ՝ ուրեմն այդ վաստակը երկու մասերու. ա) գրական. բ) պատմագրական: Այս պարզումը չի պաշտպանուիր անշուշտ գործերուն Ներքին վկայութիւններովը: Յուշիկքներուն մէջ մէկէ աւելի կտորներ ո՛չ պատմութեան ո՛չ ալ գրականութեան կը պատկանին, ինչպէս պիտի տեսնէք քիչ անդին։ Սիսուանին չոր, տեղագրական, հնագիտական, պատմական լայնածաւալ, անհրապոյր գաւառներուն մէջ տեղին է բառը, աշխատանքին ընդարձակութիւնը թելադրելու համար դիւցազներգութեան մը կը մօտենայ Լեւոն Մեծագործը, ինչպէս գրական շքեղ կենդանագիր մըն է Լամբրոնացին որուն գործը վերլուծուած է զգաստ պատկառանքով բայց որուն կեանքը Վիպասանի մը գրիչով է կենդանանկարուած։ Ահա Ալիշանը, իր պատմական զգայարանքովը, տեսութիւններովը, հանգանակներովը։ 

Այդ համատարած գործէն ես կը զատեմ երկու հատոր ուրեմն, որոնց ներսը գրագէտը ըլլայ ամէն կարեւոր գլխի մէջ հաստատելին։ Ատոնք են ա) Յուշիկք Հայրենեաց Հայոց, բ) - Շնորհալի եւ Պարագայ իւր: Թերեւս փութաք հարցնել Սիսուա՞նը, Սիսակա՞նը, Հայապատո՞ւմը։ Տուի ամփոփ թելադրանք մը։ Ալիշան նոյնիսկ Հին Հաւատք Հայոցին մէջ կը հաւատայ թէ կը ծառայէ հայոց գրականութեան, որ քան մեծ էր ու անսրբագրելի այս սրբազան պատրանքը այդ մարդուն մօտ: Գրականութեան մասնակի, մերօրեայ ըմբռնողութիւնը Մխիթարեաններուն չէ հասած, կամ թէ կը պահէ իւմանիստական, պենետիկտէն իր ձոյլ հասկացողութիւնը: Սիսուանը ունի ոգեկոչական, բանաստեղծական շքեղ էջեր, բուսաբանական, աշխարհագրական, երկրաբանական լայն հաւաքումներու հետ ընդելոյզ։ Ուզենք չուզենք ստիպուած ենք ընդունիլ մեզի մատուցուածը, մեր զիջումը ընելով պատուական աբբային տիրական մտահոգութեան որ ինչպէս հոս, նոյնիսկ մուսաներու դարպասին հետ նկատի ունի միայն ու միայն իր ժողովուրդին մտքի մակարդակը բարձրացնելու իր օրագիր պարտքը եւ ուրիշ քիչ բան։ 

Յուշիկքնեrը եւ Շնորհալին, երկու հատորներ են, որոնց մէջ պատմական մտահոգութիւնը ըլալով հանդերձ տիրական, չէ ընդոտնած գրական անոր ազատութիւնը։ Առաջին գործը, հայոց ընդարձակ պատմութենէն անջատ դրուագներու գրական շահագործումն է, Բազմավէպի մէջ, այսինքն հանդէսի մը մէջ տեղաւորուելու ընդունակ կերպարանքով մը, ոչ սպառիչ, մասնագիտական նուաճումի ուրեմն, ոչ ալ յայսմաուրքային վկայաբանութիւն։ Ալիշան գիտուն մըն է ու է վիպասան մը նոյն ատեն: Յուշիկքները հաղորդ են այս մայր նկարագիրներուն։ Դրուագներուն ճարտարապետումը, հետապնդած բարիքը Ալիշան ստեղծած է մեկ անգամէն, միշտ Բազմավէպին համար: Իրմէ վերջ չունեցանք սեռը շարունակողներ։ 

Երեսուն երեք դրուագներ, որոնցմէ առաջին ու վերջինը գրուած են իմաստասիրական որոշ ալ յաւակնութիւններով, Եւրոպայի մէջ նորոգուած եղանակի մը իբրեւ հեռաւոր արձագանգ։ 1850ը թուական մըն է արեւմտեան մշակոյթին մէջ։ Պատմութիւնը վերջապէս գտած է իր ճամբան, թօթափելով գրական խնամարկութիւնը. բայց դեռ ծանրաբեռն է գերման դպրոցին (Հէկել) յաւակնութիւններով։ Չունիմ բաւարար տուեալներ Ալիշանի ընթերցումները լուսաւորող։ 1850ին իմաստասէր պատմիչներու եւ մեծ համադրողներու փառքը տիեզերական է: Ալիշան չէր կրնար կարդացած չըլլալ ԿեզոՆ, Թոքվելը, Մագոլէյը։ Բայց մանաւանդ Կիպպոնը։ Գերման դպրո՜ցը։ Կը խուսափիմ աւելորդ շեղումներէ, քանի որ այդ վարդապետութեանց հետքը չունիմ արժեւորելու, Յուշիկքներէն ներս։

Գիրքին մարմինը իրականութեան մէջ կը հպատակի գրականէն դուրս, վեր հոգերու: Ասոնցմէ ամենէն կարեւորը հաղորդ ընելն է 1860ի միջակ ընթերցողը այն պայծառ հայրենասիրութեան որուն պաշտամունքը կ՚ընեն Մխիթարի աշակերտները մէկուկէս դարէ ի վեր: Անիկա, այդ մարմինը, կը մատուցուի իր հասարակութեան, սրբազան կիրքովը դժբախտ հայրենասէրներուն։ Պատմական հարազատութիւն, ստուգութեան  տագնապ, ոգեկոչական փառասիրանք հազիւ թէ կ՚այցելեն երիտասարդ աբբայի մտքին։ Ամբողջ նպատակը, հայոց պատմութեան ամենէն յուզիչ դրուագներուն սեպհականութիւնը դարձնելն է զանգուածներուն։ Ու այս նպատակը Ալիշանի համար պատմութեան հասկացողութիւն մը, հանգանակ մըն է որ դանդաղ կազմաւորմամբ մը պիտի համադրէ Մխիթարեան պատմական զգայարանքը, այդ Միաբանութեան գոյութիւնը արդարացնող արարքը [1] ։ Մխիթարէն մինչեւ Հ. Հացունի այդ վարդապետներուն համար հայոց պատմութիւնը բնագիր է, հաւաքում է, հմտութիւն է, թիւ է ու թուական, առնուազն պատմական ստուգութիւն, ազդակներ ու արտահանում, դեպքերու շարայարում, հռետորութիւն եւ հայրենասիրական խանդ, բանաստեղծական բառատարազ ոգեկոչում, զորս ըլլային բարեխառնած, ամոքած, հանրացուցած ԺԸ. եւ ԺԹ. դարու օտար մեծ պատմիչներու կրթանքները (discipline), առ անց ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՂ, ՅԱՋՈՂՈՒԱԾՔԻ սակայն։ Այս արագ անցքին մէջ չունիմ ժամանակ այս վերագրումները մի առ մի ապացուցանելու ու կը կենամ վերջին վարկածին առջեւ: Ու ըլլալու համար հասկնալի, կուտամ անունները երկու գործերու։ Ասոնցմէ մէկն է Le Discour sur l'Histoire Universelle (Պօսիւէ), եւ միւսը` L'Histoire de la France (Միշլէ)։ Անցնող ժամանակը չէ զոր կը յանձնեմ ձեր ուշադրութեան։ Թուկիդիտէսի եւ Պլուտարքոսի միջեւ հոսած ժամանակը կը խօսի ի նպաստ Աթենացի պատմիչին։ Երկու դարը չի բացատրեր Միշլէն։ Եթէ երբեք Ալիշանի չվիճակուեցաւ գեղեցիկ բախտը այդ երկդարեան փոփոխութիւնը ըմբռնելու եւ ըստ այնմ յօրինելու իր Յուշիկքներուն կերպարանքը, ատիկա մեր գրականութեան չարիքներէն մէկն է ապահովարար։ Ըրէք Աւարայրի հերոսամարտը նուազ հռետորեալ, աւելի մօտէն ուսումնասիրուած, եղելութիւնը աւելի անկախ միտքով մը տեսնուած, դուք պիտի ունենայինք իրաւ պատմում մը + Ալիշանի  քանչելի զգայնութեան բաթէթիքը: Ու ասիկա այսպէս՝ Յուշիկքներու միւս դրուագումներուն համար ալ մերձաւորապէս։ Կրնայ առարկուիլ Ալիշանի մտադրութեան հիմնական գիծը, գրականութիւնը, այսինքն յոյզ, հայրենասիրութիւն տարածելու իր շատ առողջ փառասիրութիւնը։ Կը պատասխանեմ, ոչ մէկ անպատեհութիւն պիտի վիրաւորէր մեր խռովքը եթէ երբեք այս նորոգումը պաշտպանէր պատմումին բաթեթիքը: Միւս կողմէն անիկա իր կեանքին կէսէն աւելին սպառեց հայոց պատմութեան նսեմաստանին ներսերը։ Հպարտութեամբ կ՚ըսեմ թէ դեռ չեն գերազանցուած՝ իբր հաստատ հմտութիւն, համադրական պատկերացման փառասիրանք, ճշգրիտ, հարազատ մանրամասնութեանց գումար, նոյնիսկ տրամաթիք իրողութեանց մեր մէջ ցարդ կարելի հանդէս՝ այն գիրքերը որոնք կ՚անուանուին Սիսուան, Շիրակ, Uիսական, Այրարատ, տեղագրութեան պարզ պիտակին ետին համեստուկ մը պառկող բայց որոնց պարունակած անհուն նախանիւթը գլխու պտոյտ կուտայ, տակաւին այսօր, միջին ընթերցողին։ Ահա Ալիշանի փառքին արդար յիշատակարանը։ Բացի նորոգման պէտքէն, ասոր պակասին մեղադրանքէն ես խանդաղատ յարգանքի խօսքերը միայն ունիմ Ալիշանի մտքին ընդարձակութեան, երեւակայության լայնքին (ա՜ն՝ որ դժնդակօրէն պակսած էր անոր իր ճիշդ օգտաւէտ կայանին, Նուագքներուն մէջ), յորդ, ջերմ զգայնութեան (որմէ քանի մը պուտ բաւ էր սակայն Նուագքները հանդուրժելի ընելու), անհուն հայրենասիրութեան, եւ պարկեշտ պրպտումի, սպառ ջանքի այն կոթողներուն համար որոնք մարմին դարձան այդ աշխատանքին մէջէն։ Իւրաքանչիւրը այդ հատորներէն պաշտպանուած է աշխարհագրութեամբ, տեղագրութեամբ, երկրաբանութեամբ, պատմական իրողութեանց փաստերով, հնախօսական, մինչեւ իր օրերը ձեռք բերուած արդիւնքներուն բարիքովը։ Հայրենագիտութիւնը, այդ հատորներով ճշմարիտ հանրագիտարան մըն է հայ աշխարհին։ Ալիշանի վաստակին մէջ վատնուած սա կորովը, աշխատանքը պիտի բաւէր իր յիշատակը մեր անմոռաց երախտիքին յանձնելու։ Բայց, նոյն ատեն, Ալիշան պատմիչ մըն է, իւմանիստ, նոյնիսկ դասական ըմբռնումով։ Ըսել կուզեմ` այդ նախապատրաստութիւնը անիկա պիտի գործածէ այդ հողերուն վրայ գուպար ըրած դարերու փոթորկումներն ալ թելադրելու ազգային, զարթօնքեան մտածումին, պարտքին։ Աւելորդ է հոս յիշեցնել թէ ի՜նչ անհուն գուպարած մըն է ճակատագիրը երկրին զոր Հայաստան կ՚անուանենք։ Ի՜նչ մարդեր, ի՜նչ քաղաքներ, մեծ բառով մը`  ի՜նչ մշակոյթներ, իրարու ետեւէ իջեր են, ինկեր են, փոշի են դարձեր, թելադրելով դարձեալ գերագոյն տռամաներէն մէկը մարդկութեան բոլոր անոնց որոնք հողերուն կը նային ազատագրումի ոգիով, անոնցմէ ետ ուզելու համար հանդէսը այն ամենուն որոնք իջան իր խաւերուն տակը…։ Այս տագնապը թուղթի վրայ սեւեւռելու փոյթով Ալիշան առաջին գիծի յաջողուածք մը կը բերէ երեւան, կայծկլտուն ու նոր, իր օրին, ու իր այդ փայլէն քիչ տուժած, երբ այս տողերը կը գրուին։ Ըսի թէ չէին գերազանցուած այդ հատորները։ Կ՚ակնարկէի ոչ միայն անոնց հաստատ [2] բովանդակութեան այլեւ այդ հատորներուն մէջ թրթռացող ճշմարիտ յոյզին, աւիւնին, շունչին, խառնուածքի հեղումներուն որոնք իրենց բոլոր չափազանցութիւններովը, միամտութեամբը կերպը կը գտնեն իմ սրտին իջնալու երբ այդ սիրտը կը մերժէ Վիեննացիներու գործադրած անկեանք մեթոտին բարիքները։ Ու կը հրաւիրուիք այդ յաւակնոտ գործունէութիւնը տեսնելու իրականութեան լոյսին մէջ, ինչպէս կ՚ըսեն։ Չեմ մերժեր Ազգային Մատենադարանը, իբրեւ ձեռնարկ։ Բայց կը մերժեմ ոգին, որ այդ հատորները ոտքի հանող ազդակը իբրեւ, կը զեղծանի բացարձակ, ինքնաբաւ հմտութեամբ։ Այսպէս, այդ ոգիին ամենէն կարկառուն յիշատակարան է անշուշտ Գարագաշի Քննականը։ Բայց հայոց պատմութիւնը աս ու ան թէզին ապացուցման վայրը չէ։ Մեծահմուտ պատմիչը, Մատաթիա Գարագաշ չէ մտածած տկլոր բանի մը որ կեանքն է այդ Քննականէն առաջ, մարդերն էին իրենց հէքեաթներէն, սուտ  ու փուտէն վեր: Բնագիրները բաղդատելը չեմ արհամարհեր, բայց կ՚արհամարհեմ այդ բաղդատականներուն հեշտանքը։ Հայոց պատմութիւնը գիտութիւն ըլլալուն չափ ու թերեւս ասկէ աւելին` կեանք է: Ու կեանքը չի նուաճուիր տափակ այդ տրամաբանութեամբ։ Այդ գիրքը դեռ իր մէջ որոշ կիրքի մը բաժինով կը տարբերվի Մենեվիշեաններու, Գալէմքեարեաններու, Ակինեաններու անզգած արդիւնքներէն։ Խոշոր համադրումի ճիգ է, փորձ է Ազգապատումը, Չամչեանէն վերջ, բայց չափազանց անհորիզոն, անկնիք, գետնաքարշ, գաղիացիք կ՚ըսեն terre a terre։ Օրմանեան Սրբազանին ալ պակսած է պատմութեան զգայարանքը, այն իմաստով զոր բառը ունի արեւմտեան մշակոյթի մեծ կրթանքներուն մէջ։ Յիշեցի Միշլէն։ Ահա ձեզի ուրիշ անուններ. Օկիւսթէն Թիէսի, Վիգօ, Ֆիւսթէլ տը Գուլանժ, Սէնթ-Պէով, Ռընան, Թէն, Ռանքէ, Նիւպիւհր ... մեր օրերէն՝ Հանրի Պրէմոն։ Այս մարդիկը պատմութիւնը նորոգած են ոչ անշուշտ միայն հմտութեամբ, այլ պատմութիւը տեսնելու, մանաւանդ զայն վերկայելու եղանակով մը որուն կասկածն իսկ չէ այցելած Վենետիկցիներուն, Վիեննացիներուն, անոնց կապարճակիր Պոլսեցիներուն։ Արեւելահայ դպրոցը նախահոկտեմբերեան անցած է քայլ մը անդին այս վանքերով հովանաւոր պատմագրութենէն։ Ու նոյն դպրոցը յետ-հոկտեմբերեան պատմութիւնը վերածած է ստոյգ գիտութեան։ Ալիշանին գո՞րծը, սա անկիւնէն դիտուած։ 

-- Անշուշտ անբաւարար։ Բայց մի աճապարէք։ Պատուական աբբան հայոց պատմութիւնը նորոգելու յղացքը կը նկատէր սրբապղծութիւն։ Ասիկա իր կրօնական համոզումներուն ճնշումն է գուցէ։ Ահա թէ ինչու հինէն եկած ամէն փշրանք անոր նկատառման մէջ կը բարձրանայ սրբազնասուրբ արժէքի։ Բայց խորքի այս հարցը չեմ տանիր վիճարկութեան բեմի մը։ Պարկեշտութի՛ւն է հեղինակի մը ճիգը իբր այս տեսնել ու արժեւորել, երբ անպարկեշտութիւն է անոր մտքէն չանցուցածը ու հետեւաբար մեզի չձգածը իբրեւ վրիպանք դատապարտել: Ալիշան ըսի անգամ մը, մեծղի իր հատորները տեղագրութիւն ընդհանուր բայց համեստ տարազին տակ է դրած։ Ու իբր այդ պարտաւոր ենք մօտենալ Այրարատին, Շիրակին, Սիսականին, Սիսուանին, բազմավաստակ, անձանձիր հոգածութեան այդ կոթողները։ Հատորները ունին՝ իրարմէ որոշ տարբերացումներ։ Քիչ մը տժգոյն, Այրարատը, թերեւս անոր համար, վասնզի Ալիշան (որ կ՚աշխատի գիրքերու վրայ, մատենադարաններով, ձեռագիրներու վկայութիւններու հպատակ) տրամադրելի ու երեւս քիչ նախատարր ունէր իբր աղբիւր, ձեռքին տակ մեր երկրին ոստայնը նկատուած ու իր այդ դարաւոր քանդումի նշաւակ այդ երկրամասէն։ Աւելի նկարչագեղ Սիսականը ուր մինչեւ այսօր ալ կը պահեն իրենց մեծ գծագրական շնորհները Հայոց աշխարհի ամենէն նկարէն, կենդանի, շքեղ, հրապուրիչ տեսարանները։ Ալիշանին տուած է աւելի լայն զեղումներու պատեհութիւն։ Բայց Սիսուանը գերազանց է միւսներէն այն գլխաւոր փաստով որ երկիրը, ինչպէս անոր պատմութիւնը արժեւորող հարստութիւը (Ռուբինեանք) իրեն ծանօթ են ազգային աղբիւրներէ զատ, միջազգային ալ դիւաններէ։ Գիտնալու էք անշուշտ որ Եւրոպայի ամենէն խռովիչ մէկ շարժումը Խաչակրութիւնը թատերավայր է ունեցած Կիլիկիան ու Ասորիքը, Սուրբ Երկրին հաւասար թրաժիգով, շահեկանութեամբ։ Անթիւ վկայութիւններ, յիշատակարաներ, տպագիր թէ անտիպ, Ալիշան ունեցած է իր տրամադրութեան։ Սիսուանը, ատ իսկ հանգամանքով, պաշտպանութեանը տակն է շատ մասնաւորուած, ծանր ըսուելու չափ թանձր հմտութեան մը, երբեմն նեղելու աստիճան։ Ալիշան, հեշտագին, հերարձակ զեղումով եւ ուրախութեան արցունքներով հաւանաբար օգտագործած է այդ օտար աղբիւրները, հատորին յօրինմանը մէջ։ Ու պէ՞տք կայ շեշտելու թէ Վատիկանի մատենադարանը ի՜նչ հսկայ աշխատարան էր, մերձաւոր միջնադարը ուսումնասիրողի մը համար։ Ամէն ինչ, արձանագրութիւն, թագաւորներու հարստութիւն, ձեռագիր յիշատակարաններ, կնիքի կտորներ, քարէ փշուր վկայութիւններ, հսկայական արշիւներ իրեն հայթայթած են ատաղձը հաստակառոյց ինչպէս հաստատ այդ գործին։ Ու անսպասելի՜ն։ Քերթողական իր կառոյցներուն մէջ այնքան տենդագին հետապնդուած, բայց միշտ աննուաճ տարրը, սրբազան յուշումի, բարեբախտաբար, այս հատորը կը ջերմացնէ բազմաթիւ անգամներ։ Շքեղ կենդանագիր մըն է Լամբրոնի դղեակէն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ սպասին նետուած Ներսէսին դրուագը, խորունկ ու իրաւ յուզումի հովերովը բաբախուն։ Ռուբինեանց արքաները, հէքեաթունակ իրենց մեղքերովը, կիրքերովը, ճակատագիրներովը ու տառապանքներովը շատ մօտիկը հնութեան դիւցազներուն, այնքան այդ մարդերը կ՚ապրին վտանգը, օրուան հացին պէս ու իրենց սրտին զարկին մէջ ու հետ։ Դշխոներ որոնց ճակատագիրը վերակազմել ձեզի կը ձգեմ այդ դարերուն, երբ չորս ծագերէն թշնամի բանակները կը խուժեն պառակտուած ժողովուրդի մը երկիրը  ու իրենց արքայ ամուսինները փախչելու, կռուելու, մեռնելու արարքները կը խառնեն անորակելի մեծ անձնութիւններու, ինչպէս անասնութիւններու գուպարին։ Աւագանին իր մշտական կեդրոնախոյս ձգտումներով, օտարին դիմելու ազգային անիծապարտ աւանդութեամբ, ու նախնական մարդոց մօտ արմատացած վայրագ ախորժակներով։ Ժողովուրդը, մեր սքանչելի, շինարար անուշիկ ժողովո՜ւրդը որ կը շինէ հարիւր անգամ աւերուած ժամերը ու կը սպասէ՜ երկինքին օգնութեան։ Եպիսկոպոսներն ու կաթողիկոսները, բոլորն ալ սրտագին, պատկառոտ սիրով մը, պաշտանքով մը շողապատ դուրս կու գան Ալիշանի գրչէն իբրեւ կենդանի հերոսները հազար եւ մէկ գիշերներու պատմութեան մը, անվախճան վէպի մը, այնքան որ մարդ կը գրաւուի գրողէն որքան հմուտէն, հաւաքիչէն որքան պատմողէն, գիտունէն որքան հայրենասէր բանաստեղծէն, իրարու խառնուած, իրարու զօրավիգ։ Ալիշանի դէմքը այդ գործին մէջ դեռ կը պահէ սա հրապոյրները։ Ու մի մոռնաք։ Տեղագրութիւնն էր անիկա Կիլիկեան աշխարհին։ Սիսականը, Շիրակը կը մնան հաւատարիմ՝ իբր ձգտում, համադրում Ալիշանի մեթոտին բայց չեն գտած յուզումի անմահ տարրը։ 

 

Միտք բանի՞ն, սա թուումին

Ա՛ն որ Ալիշանի հայրենագիտական գործը յանգում մըն է, ինչպէս իր Նուագքները յանգում մըն էին Մխիթարեան բանաստեղծութեան: Այսօ՞ր։ Այսինքն՝ այդ լայն աշխատանքներուն ընդմէջէն որքա՞ն լոյս ու մեր օրերու ապրում: Այսինքն՝ մեր պատմութիւնը պաշարող մթութիւնները թեթեւցա՞ծ են այդ վաստակով։ Այսինքն՝ մեր ժողովուրդին հարազատ կերպարանքը ինկա՞ծ է հոն սեւեռման։ Այսինքն` մեր ազգային նկարագիրները ենթարկուա՞ծ են զատորոշիչ վերլուծման։ Այս հարցականները կարելի է շարունակել։ Ու անոնց դէմ, Ալիշանի պատմական վաստակէն մեզի գալիքը, դժբախտաբար անբաւարար։ Մարդուն իմացականութիւնը մեր հարցականներուն ուղին կ՚անգիտէր սակայն։ Տեսէք ուրեմն տրուածը ու գոհացէք։ Աւելի՞ն։ Աւելին կուգան նոր գիտութեամբ։ Յետոյ, գրականութիւնը պատմութեան հետ աղերսներ միայն ունի: Ու պատմական գործ մը, որքան ալ գոհացուցիչ, նոյնիսկ կատարեալ, չի կրնար այս իսկ հանգամանքներով գրականութեան պատկանիլ։ Կը հետեւի թէ Ալիշանի պատմական գործին նուիրուած սա տողերը հարկադրաբար կը մնան քովնտի, երկրորդական։ 

Յուշիկք Հայրենեացը այն հատորն է ուր պատմիչը նկատուած է գրեթէ երկրորդ բլանի։ Առաջին բլանին վրայ կ՚երեւի գրագետ Ալիշանը։ Այս հաւաստումը ինծի կ՚արտօնէ որ զայն ենթարկեմ քիչ մը աւելի ընդարձակ վելուծման։ Կը հաւատամ թէ անաչառ որքան սրտագին կեցուածք մը պիտի ազատէր Ալիշանին հէքեաթը շփացեալ իր փառքէն ինչպէս տմարդի ուրացումէն։ Հատորը կը բաղկանայ երեսուն երեք դրուագներէ, մօտ հազար էջերու վրայ բաշխուած ապրումներու, միտքերու, դէպքերու, տռամներու գումար մը ինչպէս։ Անհաւասար երկարութեամբ հատուածներ են ոմանք հարիւր էջ գտնող։ Ու այդ էջերուն աշխարհը ենթան ինչպէս վերնան պատմութիւնն է հայոց, իր ամենէն սրտաշարժ, յատկանշական, մեզայատուկ դրուագներուն մէջ։ 

Պատմում–պատկերներու սա շարքը սեպհական ստեղծագործութիւնն է Ալիշանին, այդքան հեռուներէն քիչիկ մը թելադիր մեր օրերու վիպայնացած կենսագրումներուն (vie romance), բայց հաստատ հոգեխառնութենէ մը ծնած։ Այդ հոգեխառնութիւնը Մխիթարեան մտայնութեան ամենէն հարազատ կերպարանքը կ՚առնէ Յուշիկքներուն մէջ, որ պատմութիւն ըլլալուն չափ, վէպ է ու քննադատութիւն, տոմար է ու աշխարհագրութիւն, ինչ որ անիկա պիտի իրագործէր, աւելի սեղմ, գիտական սահմաններով, իր շքեղ տեղագրութեանց մէջ։ Յուշիկքը տիրական (capitale) գիրքերէն մէկն է արեւմտահայ գրականութեան, բազմօգուտ ինչպէս մեծատարած ազդեցութեամբ մը իր օրը ապրած։ Համապատկերը, նման գործերու առջեւ, կը շեղի իր առաջադրութիւններէն որոնցմէ մէկն էր անշուշտ գիրքերու շուրջ արեւելահայ շատախօս, անկնիք ներկայացումը արհամարհել, այնքան հեշտագի՜ն հետապնդուած բանասէր դպրոցներու կողմէն։ Յուշիկք Հայրենեացը ոգի մըն է, ինչպէս դիտել տուի վերը, ու յանգում մը։ Մօտ հարիւր տարիներ կը բաժնեն մեզ անոր ծնունդէն։ Ու այդ հարիւր տարին ակօսուած է հարիւրաւոր իրարամերժ գաղափարագրութիւններէ։ Բայց Յուշիկքներով մտապատկերուած ապրումներուն կենդանութիւնը, գործը դեռ չեն կորսնցուցած իրենց սկզբնականէն շատ բան։ Արեւմտահայ գրականութեան մեծ գործերուն հետ ես կը զանցեմ մեթոտի պարտադրանքը։ 1860ին եթէ դաս մը մարդոց, այդ օրերու մեր ընտրանին ու դուք գիտէք զանոնք կը հեշտանայ Հիւրմիւզին կամ Բագրատունին, նոյնիսկ Ալիշանին բառամարտիկ տաղաչափութեամբ, ուրիշ դաս մը մարդոց, -- այս անգամ  պարզերը, կարօտները (հոգեւոր ապրումներէ), այսինքն զանգուածը որ աղօթագիրք, Աստուածաշունչ, Նարեկ կարդալու արարքները կ՚արժեւորէ այդ պէտքին, սխրանքով բացաւ այդ գիրքը, ու թերեւս անդրանիկ գրական յոյզերը զգաց իր ներսը այդ պատմումին առջեւ որ անմիջական էր որքան իրական, գրուած էր հազիւ, ու կը գործէր իմացականին հորիզոնին մէջը ընթերցողին բայց կը խորանար անոր հոգետունը մինչեւ, հոն շարժումի հանելու համար զգայութիւններ, զգացումները, վիճակներ, որոնք մեռելութենէ յարութիւն առած կը թուէին իրեն։ Ուրի՞շ է արդեօք սահմանը մեծ, բախտորոշ որակուած գիրքերուն։ 

Ահա ձեզի ուրեմն գլուխներու անուններ [3]. Զապէլ, Գերեդարձ Լեւոն Գ. ի, Uկիզբն տարւոյ եւ մարդկութեան ի Հայս, Բագրեւանդայ կռիւն, Թէոդորոս Սալհունի, Կարմիրն Վարդան, Ստեփանոս Սիւնեցի, եւ Սահակդուխտ, Տօնք նաւասարդի, Ս. Սահակ Պարթեւ։ Հոգեփայլ Սայլք Հայոց, Աշոտ Ա, Աբգար դպիր, Խօսնակն եկեղեցւոյ յանապատս Հայոց (Ոսկեբերան), Ազգային վիպասանութիւն, Նէարքոս եւ Պօղիքտոս, Ս. Յիզտբուզիտ, Երազ Վարդան կայսեր, Վ. Գողթնացի, Սարկաւագ Սոփեստէս, Նետողք ի Հայս (Թաթարք), Երզնկայ եւ Յովհան Երզնկացի, Լեւոն Ե. եւ այլն...: Այս վերնագիրներուն բազմաթիւ են թելադրանքները։ Անոնց առթիւ Ալիշան, անշուշտ գիտակցաբար, հետապնդած է ժողովուրդ մը գիտակցութեան առաջնորդող մեծ ազդակներուն կարելի շնորհով, պարզութեամբ արտահանումը, ձեւով մը ընթերցողին իսկ մասնակցութեամբը, կարծես այս խելամտումին վայելքը կրկնաւոր ընծայելու պչրանքով մը։ Ու իրաւ է որ ընթերցողը հազիւ կը մտածէ հեղինակողին, այնքան դէպքերն ու պատմումը քիչ կը յիշեցնեն ասպարէզէն գործաւորը գրելու արուեստին։ Աւելի քան երեք հազար տարիներ զետեղելի են ընդմէջ Սկիզբն տարւոյ եւ մարդկութեան ի Հայս կտորին եւ Աբգար Դպիր միւս կտորին միջեւ որ Հայոց մէջ տպագրութեան սկիզբը կը խորհրդանշէ։ Կիներ, թագուհի ու սրբուհի։ Զօրավարներ, նահատակ բազմայաղթ։ Հայրապետներ հայ ինչպէս օտար եւ Սուրբեր մեզմէ ինչպէս ուրիշներէ։ Հերոսներ որոնք ազգային պատմութեան ամենէն կենդանի կերպարանքներ եղան։ Գրագետներ ու գրական հարցեր (Երզնկացի, Սոփեստէս, Գողթան երգեր) եւ այլն։ Այսինքն բովանդակ Հայոց պատմութիւնը: Կը խորհիմ ֆրանսացի եւ անգլիացի ռոմանթիքներուն որոնք վէպով ինչպէս քերթուածով 1820ին թարմացուցին քրիստոնեայ Միջնադարը, ստեղծելով գրական գինովութեան ընդհանուր արշաւ մը, Եւրոպայի ժողովուրդներուն մէջ։ Ալիշան այդ գիրքով կը կատարէր դերը Շաթոպրիանին Սգօթին, Շիլլերին։ 

Ամփոփ վերլուծում 

Հերոսներ, (Վարդան, Աշոտ, Մուշեղ, Լիպարիտ յիշելու համար հանրածանօթ անուններ, որոնց իւրաքանչիւրին մէջ Ալիշան մտադրած է խորհրդանիշ պատկերացնել իր ժողովուրդին կռուի բնազդները, շրջանի մը ուր այդ բնազդները կը թուէին ընդմիշտ լռած ըլլալ։ Բնազդնե՜ր, այնքան իրաւ, տիրական, իր ժողովուրդին անսպասելի ինչպէս յուսահատ արիութիւնը եւ խուլօրէն ընդզգացուած եւ իրմէ յիսուն տարի վերջ իր ամբողջ եղերական գեղեցկութեամբ ինքզինքը յայտնաբերող անսրբագրելի որ քան աղտաւոր ռոմանթիզմը մեր ազգայնականութեան, երբ համոզուած կռիւէն մեզի համար առնելիք աննպաստ ընթացքին, փաթթուած ենք նորէն սուրին, մահը աչքը առնելէն վերը սխրանքով, հայրենիքին, կրօնքին համար մեռնիլը ապրելուն խորհուրդը յայտարարելով։ Այնքան մեր հոգիին խորը բռնած է մեր ստորագնահատման բարդոյթը որ անոց դէմ հակազդեցութեան արարք մը իր կարգին պիտի վերածուէր սահմանազանց արիութեան։ Եկեղեցական հանգամանք մը Ալիշանը պահած է որոշ զգաստութեան մէջ։ Քաջութիւնը իր հերոսներուն մօտ հայ է, քրիստոնեայ, աստուածավախ ու երկնանուէր: Կը հաւատանք, մինչ եւ այսօր ալ, Ալիշանին երբ կը հերոսները այդ նկարագիրներով կը հանդերձէ, մենք, որ մեռնելու արարքէն մեռցնելու արարքին մղուեցանք անասելի վայրագութիւններէ բռնավար, բայց չեղանք, չկրցանք ըլլալ սպաննող ժողովուրդ մը ինչ պէս գիտցան ասիկա ըլլալ ուրիշներ, այնքան բնականութեամբ, փարթամութեամբ։ Ալիշան աւելի մօտ է սակայն հայոց պատմութեան ընդհանուր ձայնին քան ... Սիամանթօն, զի այդ պատմութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Ալիշանով մեզի մատուցուած տռամաներու, տագնապներու եղերափառ գեղեցկութիւն: «Մեր մեկ հաւը գողացողին՝ ամբողջ տունը թալանենք» կ՚ըսէ ազգային երգը ԺԹ. դարուն։ Բայց հինգերորդի՞ն։ «Սուր քո եւ պարանոց մեր»: Ի՜նչ յուզիչ է, հարազատ, հայեցի, տեսարանը, նահատակութեան մէջ պարզ, բարի, գեղեցիկ՝ ինքնազոհ մարդոց Ալիշանի մաքուր ու միամիտ հայրենասիրութեան մէջէն, բայց որքան ալ իրա՜ւ, երբ կը կարդանք նոյն տռաման… Քսենեփոնի Վերելքին մէջ (Anabase, աւելի հանրածանօթ որակումով Նահանջ Բիւրուն) ուր, Ատտիկեան Մեղուն, ինչպէս կ՚անուանէ զայն Ալիշան, շքեղ ու յուզիչ պարզութեամբ մը կը պատմէ սարերէն, սարավանդներէն վար, անդունդ գահավէժ անկումը մեր լեռնականներուն, զգացո՛ւմ որուն արձագանգը իջած է հայրենի գետին ափունքները մինչեւ, ու քսանըհինգ դա՞լ վերջը։ Էջեր չեն բաւեր Ալիշանի հերոսներուն նկարագիրները առանձնացնելու, այնքան անոնք հարազատ են այս ժողովուրդին դարերուն ու ... ներկային նոյնիսկ, անոր ապրումներուն, բիւրեղացո՜ւմը՝ այդ ապրումներուն: Գրագէտի յաջողուածք մը մի աճապարէք նկատել ասիկա։ Ալիշանի դաստիարակութիւնը, գրական հասկացողութիւնը կարելի եւ երեւակայելի բոլոր չարիքը անգիտակցաբար փորձած են հասցնել այդ յօրինումներուն, քանի որ ամէն կտոր յղացուած է գրականէն բոլորովին դուրս, հեռո՛ւ հոգեխառնութեան մը մէջ։ Ու հրա՜շքը, քանի որ ի հեճուկս նոյնիսկ իրենց հեղինակին, այդ մարդերը, հարիւր տարի առաջ, ամենուն սիրտը տուն տեղ եղած սրբութիւններ էին ու հարիւր տարի վերջը կ՚արհամարհեն Մխիթարին Ռոմանթիզմը, ծիծաղելի բանաստեղծամոլութիւնը, անկապակից, կազմակերպելու անընդունակ երեւակայութիւնը, անտանելիօրէն հետեւակ ոճը ու մանաւանդ տնավարի հռետորութիւնը հմուտ աբբային, գտնելու համար իրենց ալ անկորուստ կերպարանքը, թուղթերու գերեզմանէն ամբարձիկ ու անկործանելի, ինչպես էին անոնք արդէն մեր լեռներուն վրայ, մեր փապերուն սիրտը, մեր դաշտերուն երեսին, արի, աննահանջ, յիմար բայց մահուան դէմ մահէն աւելի սպառազէն։ Մեր հերոսնե՜րը, այնքան անհաւատալի բայց այնքան իրաւ: Կարդացէք Յուշիկքները որպէսզի համոզուիք այդ մարդոց ու մեր նոր հերոսներու տարօրինակ նոյնութեան։ 

Սուրբերը որոնք Ալիշանի մօտ քիչ մը աւելի չփացուած կը գտնեն իրենք զիրենք, հասկանալի պատճառներով անշուշտ։ Հայ թէ օտար, գիտէք ասիկա։ Որոնք Ալիշանի քաղցր գուրգուրանքը, սրտագին հիացումը ունին իրենց ոչ միայն կենդանագիրներուն վրայ, այլ իրենց իմաստն իսկ ներսը։ Նահատակի անթառամ պսակ մը դալար կը պահէ անոնց յիշատակը, օրհնառատ, հզօր, աստուածային ընելէ վերջը անոնց երկրային կենցաղը։ Անոնք յայսմաւուրքեան սուրբերէն կը զատուին այն մարդկային իրաւով որ միսմինակը բաւ է եղած զիրենք պաշտպանելու գրագէտին կարելի եւ երեւակայելի բոլոր աղճատմունքէն (դուք գիտէք թէ որքան ձախող սրբուհի մըն է Սանդուխտը, վասնզի տաղաչափ մը կը միջամտէ անոր յօրինումին, բայց չէք գիտեր թէ որքան իրաւ ուրիշ վկայուհի մըն է Շուշանիկը որ Ալիշանին արժած է մօտ երեսուն էջ հրաշապատում մը, ուրկէ տասնեակ մը հազիւ զեղչելի է այսօր), քանի որ ամեն ինչ վտանգ մըն էր իր շուրջը, վանքը ինչպէս հասարակութիւնը։ Յետոյ մի աճապարէք ձեր օրերու գրական խղճմտանքով դատելու ձեռնարկը: Դժուար է ԺԹ. դարու վերջին քառորդին (Յուշիկքները  Բազմավէպին մէջ լոյս տեսնելէ յետոյ հատորի մտած են 1869ին, Վենետիկ), Ալիշանի պայմաններով կապկպուած գրողի մը համար ինքզինքը հաշտ ընծայել նիւթին, աւանդութեան, կրօնական նուիրապետութեան, տիրող բարեխառնութեան, մանաւանդ վկայագրութիւնը առանց ծիծաղելի ընելու՝ անդարմանելու հերոսութեան. «Անդարձ մենէ հեռացած սեռեր կան» պատգամած են աշխարհահռչակ քննադատներ։ Կրնայ հաւաստումը մասով մը մնալ խնդրական։ Մարդկային կարելիութիւնները մի կապեք ձեր խելապատակային օրէնքներով։ Իրաւ է որ արուեստներու պատմութիւն մը եղջերուաքաղ է, երբ ուզուի անոր ճամբով բարձրանալ արուեստներու իմաստասիրական օրէնսդրութեան մը։ Բայց նոյնքան իրաւ է որ Իլիական մը չի գրուիր այսօր բոլոր բեւեռագրերուն, քարերուն, մագաղաթներուն տիրական պաշտպանութեամբը: Մէջտեղն է միջնադարեան ու Նոր դիւցազներգութեանց վճռական վրիպանքը (Թասo, Արիոսթ, Միլտոն, Ռոնսար, Վոլթէր, Բագրատունի. կ՚աւելցեմ Ֆիւրդիւսի որուն Արքայերգութիւնը շքեղ տաղաչափութիւն մըն է, Հայկ Դիւցազնին սեռէն ու երբեք հարազատ կեանք)։ Գրականութեանց պատմութեան մէջ քիչ պատահող բախտ մըն է որ Ալիշանի սուրբերը կը պաշտպաէ։ Ասիկա, իմ կարծիքով, արդիւնք է պատուական աբբային անհուն հաւատքին, որ, գիտէք ասիկա, իր կաթիլովն իսկ սա է աղի ձուկերը քաղցրացնելու եւ հատիկովը՝ լեռները տեղէն խախտելու։ Ու այս մէկ հատիկ հաւաստումը ահա բաւ կուգայ բառերուն, ձեւերուն, քերականական նրբամոլութեանց ինչպէս բանասիրական հեշտախտի բովանդակ չարիքը հակակշռելու: Անշուշտ որ Ալիշան միջնադարեան տաղասաց մը չէ ոչ ալ իր այնքան սիրած Սոփերքներուն հեղինակներուն նման կրկնանուէր սուրբ մը։ Անիկա ԺԹ. դարու վերջին կէսին բոլոր փառասիրանքովը ծանրացած տաղաչափ մըն է, հայրենասեր մը, արի, պարկեշտ հայ մը այս բառերուն ետին դուք տեսէք ձեր մերձաւոր պապերը որոնք 1880ին հպարտ էին 

իրենց ցեղով - ու այս ամենուն հետ գրագետ մը, այսինքն մէկը որ իր ցեղին ճակատագիրը գտնելու, հասկանալու, զայն նորոգելու, սրբագրելու, ոսկեզօծելու արարքներուն տուած է այնքան իմաստ, կարեւորութիւն որքան իր հոգին փրկութեան համար՝ փոյթ ու կորով։ Կ՚ըսուին այս սաները որպէսզի գնուին Պողիկտոս եւ Նէորքոսի, Վահան Գողթնացիի, Շուշան ու Վարդենիի, Խօսնակն Եկեղեցւոյին նորազարդ ռոմանթիզմը, քիչիկ մը թացիկ բանաստեղծութիւնը, գրական յարդարանքը, մեղքեր, անխուսափելի` իր դարուն ապրող բոլոր գրողներուն համար։ Շաթոպրիանի Քրիստոնէութեան Ոգիէն ազատուա՞ծը. բայց իր ոճը միայն։ Ալիշան չունեցածը կորսնցնելու վտանգէ մը զերծէր հարկաւ: Բայց գաղիացի մեծ գրագէտէն աւելի բախտաւոր էր ծնած, քանի որ խորքին անսասան պաշտպանութիւնը պիտի վայելէր։ Կարդացէք կրկին այդ վտանգուած կտորները։ Ոճը չի կա՜յ զանոնք ազատագրելու: Բայց կայ հոգին որ առնուազն հարիւր անգամ՝ աւելի կը դիմանալ քան բառը, զարդը։ Ահա թէ ինչ ու այնքան հաճոյքով կը կարդանք պարզ ապրումները Ծննդոց Գիրքին, յուզումները Սաղմոսներուն, կը տարուինք իրաւ բանաստեղծութեամբը Յոբին, Երգ Երգոցին, բոլորովին գրական գետնի վրայ: Ալիշանի վկայաբանական կտորները կ՚ազատուին գրական կեղծիքէն, ասոր կործանարար ազդեցութենէն վասն զի կենագործուած են, «հրեղինուած» են Ալիշանի հաւատքովը։ Ի՜նչ փոյթ՝ բառերուն դէզը, երբ կը զովանանք անոնց ներսը, տակը շրջան ընող կեանքին, զգացումին, ոգիին սրբազան երակները (filet)։ Եւ որովհետեւ սուրբերը, այսօրուան սկեպտիկներու տրտմութեամբը ուրացուած հէքիաթներ ըլլալէ առաջ, իրաւ, գերազանցապէս բարերար նիւթեր են, անհուն խտութեամբ կեանք ու գեղեցկութիւն, կիրք ու երազ, խենդութիւն ու սլացք, մարդկայինին ու աստուածային փարթամ կամ պարզուկ շաղապատումը, առնուազն` արեան պատանքով մեզ համար անմոռանալի խռովք, յուզում, թելադրանք ու հպարտութիւն, սուրբե՜րը, կը հասկցուի՞ թէ Ալիշան ինչո՞ւ չէ յաջողած զանոնք կործանել: Ուզողը չի կրնար փլել: Փլելու համար շինելու ուժ է հարկաւոր։ Չմոռնալ, նոյն ատեն, էականը. - հմուտը, պատմիչը, գրագէտը, բանաստեղծը, հայրենասէրը, հաւատացեալը միշտ ներկայ են այս վիպողին մէջ, այնպէս որ սուրբի իւրաքանչիւր դրուագում առիթ մըն է անոր համար պատմական, աշխարհագրական, տռամաթիք, հայրենասիրական լայն կացութիւններ, հմտութիւն, ճարտարանք շահարկելու

Անշուշտ պիտի ուզէինք որ սքանչելի դրուագը՝ Շուշան ու Վարդենին ըլլար աւելի բիւրեղացած զտութեամբ մը, զերծ՝ թարմատար զեղումներէ, ազգաբանական թէեւ հետաքրքրաշարժ բայց միջին ընթերցողի համար քիչ շահեկան զեղումներէ, պատմութեան սպասարկու փառասիրութիւններէ, ըլլալու համար աւելի իրաւ, աւելի տեղականացած, իր դարուն աւելի հարազատ, աւելի արդար յօրինում, մանաւանդ պաշտպանուա՜ծ մեզի անծանօթ, շրջանին միայն մասնայատուկ բարքերու գիծերով, դիտողութիւններով, սեւեռումներով, որոնք մշակոյթ մը կը նուաճեն (խորհեցէք Ֆլոպէռի Սալամպօն)։ Սուղ ու դժուա՜ր բախտ, մանաւանդ հայ գրականութեան համար, հազիւ քանի մը հոգիի այցելած, ան ալ կէս ու պատառ (Աբովեան, Թումանեան, Սասունցի Դաւիթ ժողովրդական պատմումը)։ Բայց, այնպէս ինչպէս եկած է մեզ՝ այդ Շուշան ու Վարդենին, կը գտնէ մեր սիրտը, թելադրելով որոշ ալ խռովք: Ու կը կարծեմ թէ սա է ասիկա, գրող մը մեր երախտիքին արժանացնելու: Մոռնալու չէք որ մօտ հարիւր տարիներ անցել են դրուագին վրայէն։ 

Հայրապետներ. (Ստեփանոս Սիւնեցի, Սահակ Պարթեւ, Ոսկեբերան [Խօսնակ եկեղեցւոյ յանապատս հայոց], Սարկաւագ Սոփեստէս, Յովհաննէս Երզնկացի) որոնք մեր օրերու պարտադիր տժգունացումէն մնացած են ազատ ինչպէս չեն խղդուած անհակակշիռ հիացումին մէջը, քրիստոնէականներով ներարկուած մեր զգայնութեան։ Կարդացէք պատմութիւնը Հայաստանեայց Եկեղեցիին, պարզ, իրաւ մարդու հոգեբանութեամբ եւ օգտագործեցէք ձեր օրերուն փորձառութիւնները, վկայութիւնները, ձեր եկեղեցին անհուն ոդիսականը, որպէսզի իր ճշգրիտ իմաստին մէջ արժեւորէք եկեղեցւոյ պետ մը, հայրապետը ասիկա կը թելադրէ ուրիշ առաքինութիւններէ առաջ որ այդ դարերուն տիրական անձնաւորութիւնն է, ամբոխները վարող միտքը, զանոնք Աստուծոյ ճամբուն որ հոս կը նշանակէ մարդկային միջին արդարադատութեան զգայարանք մը - առաջնորդող սիրտը։ Նախ, իբրեւ դեմք, կենդանագիր, սա մարդոց վրայ սեւեռուած քրիստոնէական մեծակշիռ արժանիքները Ալիշան յաջողած է պահել զգաստ չափերու հասողութեան զանոնք չգերադրելով, անհաւատալի ընծայելու տխուր բախտով մը, զանոնք չենթարկելով նուաղման, ինչպէս կը պատահի յաճախ մշակոյթի պատմիչներուն մօտ երբ ասոնք կ՚ուզեն այդ դէմքերը ազատագրել աւանդութեան, սրբութեան, պաշտամունքով իրենց բաշխուած  լուսապսակէն, տեսնել զանոնք մարդկային պարունակի ու կեղծին հէքեաթը բայց չեն ազատեր մարդը: Ալիշան չէ ինկած այս մեղադրանքներէն եւ ոչ մեկին տակ։ Ու պէտք չէ զարմանալ։ Ալիշան հազիւ թէ կը պատկանի իր դարուն որմէ մեղքերէ միայն ժառանգած։ Անիկա մարդն է այն դարերուն որոնց վերկենդանացման նուիրած է ինքզինքը։ Ներկան ապրիլը ուրիշ բան, անցեալ մը ներկայ ընելը՝ ուրիշ։ Մօտ ութսուն տարի Ալիշան ապրեցաւ իր հայրապետներուն վրայ դիզած առաքինութեանց յաճախանքին, տագնապին, տառապանքին ու տարփողին մէջ: Սխալ չըլլար ըսել թէ անոր ներսը լռած էին մեր օրերը յուզող ծանր ախորժակներ, կիրքեր, բացի առաքինութեան, հայրենասիրութեան կիրքերէն։ Ահա թէ ինչո՞ւ իր հայրապետները, եկեղեցւոյ աւագ պաշտօնատարի, մեծ կազմակերպողի, շքեղ իմացականութեան այլապէս բարձր տուրքերուն ընդմէջէն յօրինուին պիտի։ Անիկա կը հաւատայ թէ իրապէս մեծ է, պետ է այն մարդը միայն որ ամէն բանէ առաջ առաքինի է, այս բառին տալով Քրիստոսնէական բարոյականին բովանդակ ծանրութիւնը։ Կարծես իր գրիչը կը զգայ անբաւական անոնց դէմքին առջեւ, անոնց հասնելու, զանոնք իրենց բոլոր շքեղութեամբը նուաճելու իր անկարողութիւնը՝ տկարութեան մը, մատնութեան մը, մեղքի մը պէս աճեցնելով իր ներսը ու այս տրամադրութեամբ է, խղճահարութիւնը մեղմելու թաքուն ճնշումի տակ ինքզինքը կը ստիպէ դիզելու, անոնց վրայ, բնականէն ալ աւելին։ Այս հոգեբանութեամբ կառուցուած անձնաւորութիւնները իրենց շուքն ալ կը գտնեն բարդուած իրենց անձին։ Կրնանք այս պարագան ընդունիլ հետեւանք մը իր ռոմանթիզմին, իր եկեղեցականի հոգեբանութեան, մանաւանդ տեսնել, անոր ներսը, տիրական միւս ազդակը, իր հայրենասիրութիւնը, որոնք կը բաւեն անշուշտ որպէսզի այդ հայրապետները հեռացուին մեր միջինէն, տարուին սրբացման գաւառները, որոնց հեշտանքը ունէր արդէն երանելի աբբան։ Իմ կարծիքով աւելի պարկեշտ բան մը կ՚ըլլանք ըրած երբ ընդունինք այդ ձեւազեղծումին մէջ Ալիշանի, իսկ կեանքին զարկը, որ հիացման կը վերածուի իրմէն դուրս ուրիշներու վրայ: Այսպէսով է որ պատմուած են այդ հայրապետներու բարոյական սխրալի արժէքները։ Յետոյ, պատրաստ եմ աւելցնել որ հերոսներու յօրինման մէջ իրեն քիչ մը դժուար մատչելի ճշգրտութիւնը դանակ չէ բռնած անիկա հայրապետներու առիթով նուաճած է ինքնաբերաբար, գրեթէ առանց ջանքի: Զօրավար մը տալ՝  կռիւէ հասկանալ մը կ՚ենթադրէ առնուազն։ Հայրապետ մը տալու համար Ալիշան ունի ինքզինքը։ Իր իմացական պարկեշտութեան կ՚ընեմ՝ անհրաժեշտ զիջումը։ Բայց իր Նահապետ ծածկանունը ոչ սուտ է ոչ ալ փառասէր դիմակ մը։ Մարդիկ դեռ պատանի, երբեմն հայրապետներ են։ Ու Ալիշան երախաներու հոգիին մէջ մշակած է զինքը խանդավառող կիրքերուն պաշտամունքը. այնքան մեզի բնական կը տրուին այդ մարդերը, հակառակ անոր գերբնականին բոլոր լոյսովը կը շլացնեն մեզ։ Հեղինակը՝ սա տարօրինակութեան, միշտ իր խառնուա՛ծքը։ Պէտք կա՞յ, արդեօք չորեքկնելու որ Ալիշան խորունկ հաւատացող մը, սրբութեան արարքներու երկիւղած, բռնկած դիւցազներգումը, վկայաբանական ոճին համար չէ անցած աւելորդ պարզեցումէ։ Կը կարդանք Լամընէն, ժամանակակից, կը տարուինք իր խորքէն վասնզի ֆրանսացի եկեղեցականը իր գրածները կ՚ապրէր այնքան ուժգնութեամբ որ իր ձեռագիրն իսկ համակուած կը մնար այդ կիրքով, անցնելու համար գրաշարներուն որոնք իրենց կարգին կ՚ապրէին աբբային հրայրքը։ Այս իրողութիւնները հոս հմտութիւն չեն հոտիր։ Գրող սուրբե՞րը։ Անոնք ալ իրաւ են ու չեմ կարծեր որ Ալիշան անոնցմէ պակաս [4] Ըլլար այդ հոգեդրութեան մէջ։ Ցուցմունքներ՝ ասոնք որոնք Ալիշանի դրուագումը կ՚ընեն աւելի դիւրահասկնալի։ Առաքինութեանց սա յեղումէն դուրս, Ալիշան եթէ ոչ տիրական գէթ շահեկան կենդանութեամբ մը յաջողած է տալ այդ հայրապետներուն կեանքին մեծ պարունակները որոնք կը քալեն փորձանուտ, դժնդակ գործօնութեանց ընդմէջէն, անոնց ընդարձակ հեղինակութիւնը, մռայլ այդ դարերուն համար այնքան պիտանի, անհրաժեշտ նոյնիսկ երբ ծնունդը, դրամը, պաշտօնը, վայրագութիւնը, սանձարձակ կը մղեն ընտրեալները իրենց անասնութիւններուն թագաւորի, հարուստի, զօրավարի, ջարդարարի կերպարանքներուն, արի ու աւեր սփռելու ինքնին այնքան տառապող զանգուածերուն շուրջը, վրան։ Ու տակաւին կը հրաւիրեմ ձեզ խորհել այդ հայրապետներուն երբ կը մեկնեն, կը քաջալերեն, կը դարմանեն, կը սաստեն, երկրաշարժներն ու համաճարակները, կը ցածուցանեն պատերազմներու անհունս անգթութիւնները։ Իրենք` Պոտլէռի Փարոսները՝ այդ խաւարին գահակալութեան ամբողջ երկայնքով: Բ. էն մինչ եւ ԺԶ. դար։ Ով որ կը կարդայ Ոսկեբերանի նուիրուած հարիւր էջը, ինքզինքը պիտի զգայ հազար ու մէկ գիշերներու կախարդական մթնոլորտի մը մէջ։ Չի բաւեր հերոսներ ունենալ մտատիպար, բաթէթիք կռիւներ, պատմումներ վարելու, ոչ ալ հայրապետներու հիանալ, անոնց գովեստին մէջ գրականութիւն ընելու թեթեւ առաջադրութիւններով։ Կարեւորը զանոնք նուաճելն է որ կը նշանակէ այդ մարդոց մարդկայինը պահել ընդդէմ ամէն դժուարութեանց։ Կը հետեւինք անոր Ոսկեբերանին, որ սուրբ ըլլալէ առաջ եկեղեցական մըն էր, այդ հեռու դարերուն, փարթամ՝ ոստանի մը ծանրածանր եկեղեցիներուն մէջ իր բառերուն հրդեհովը, բայց մանաւանդ իր ահաւոր կիրքերով, զայրոյթովը, մոլեգնութեան հասնող նախանձախնդրութեան։ Ի՜նչ յուզումնալից ասպարէզ է ատիկա ուր կը քալենք, Ալիշանի թեւերով, ընդ քարշուած, հեւ ի հեւ, պրկող, գալարող տագնապէ մը բռնավար, հէքեաթն ու հրաշալին, մարդկայինն ու ողբերգականը քով քովի, անբաժանելի լարումով մը համախառնուած, բայց երբեք չխօսող աւելի անդին քսն մեր հասողութեան սահմանները, ընդունելիին հետ ու մէջ, մնայուն կերպով մեզի ընտանի, ինչպես է պարագան իրաւ արուեստին ամէն նուաճումներուն հետ։ Այդ պատմումը պաշտպանուած է ամենէն մանրակրկիտ իրականութեամբ, գրեթէ իրապաշտութեամբ, լուսաւորուած է զարմանալի կերպով ժուժկալ բայց բաւ տեղագրութեամբ, բայց որուն բոլոր էջերուն, խաւերուն, հորիզոններուն երկնայինին քաղցր, սփոփիչ լոյսը կը շողայ տրտում ու մարդկային դարձեալ։ Օ՜, ոդիսականը մարդուն, արեւելքի մեծագոյն ոստայնին պատրիարքական գահէն մինչեւ Կիլիկիոյ լեռնանիստ մէկ խորշը, իր աքսորավայրը։ Որ իբրեւ տառապանք կը գերազանցէ կրկէսներու վրայ առիւծներու թաթին ու ժանիքին սպասող սուրբերուն հոգեկան խռովքները ՝ գուցէ, բայց է նոյնքան սխրագին, հոգեղէն ճառագայթում։ Ալիշանի գրչին տակ, առանց մեծ միջոցներու, հռետորեալ աճումներու, բացագանչական համեմներու, պիտի ապրի այդ մարդը, Անտիոքի գաղջ արեւին համբոյրովը ծնած (ներեցէք այս հինցած պատկերին) ու Պոլսոյ մնայուն գարուններուն փափկութեանը մէջ մեծցած, իր աքսորը, Տարոսի սարալանջերուն, այսինքն դժնդակ, անհուն ձմեռին մէջը այդ հսկայ հովիտին, ձիւներէն մշտապէս մտրակուած լեռնագիւղին։ Ճամբան բզկտած է անոր զգեստները։ Պիտի հագնի հագուստ հագուստի վրայ: Պիտի կղպէ դուռ, պատուհան, ձիւնին սլաքներէն ու հովին սարսափէ պատսպարելու համար իր սպառած, այդ ամենուն անվարժ խեղճ իր մարմինը։ Ալիշան այս ամէնը պատկերած է թատերական թրաժիքով մը։ Բայց դրած է նոյն ատեն, տեսարանին մռայլ, արիւնոտ սարսափը մեղմող ուրիշ ալ անուշութիւններ, ատիկա սուրբին համբաւէն ստեղծուած հիացումն է, լուսապսակը որ կը հագնի կերպարանքները շինականներուն որոնք պիտի երեւան այդ ամայքներուն մէջ, պիտի համակուին երկիւղած զգացումներով ու պիտի կենան անոր փակ խրճիթի դրան, անհանգիստ ընելու չափ Պոլսոյ դշխոները: Պիտի ապրի այդ մարդ Ալիշանի գրչին տակ, մօտ նկատուած այդ աքսորավայրէն դէպի աւելի հեռու տարագրումի մը գողգոթան, գրեթ է այն պայմաններով զոր թուրքերը իրագործեցին մեր քահանաներուն, մտաւորականներուն վրայ: Ան ալ պիտի քալէ այդ ճամբէն, երկու աւազակներու սուրին ու սլաքին տակ, ստիպուած՝ իր հոգիովը իր մարմինը կրելու, հիւանդ, մահամերձ, Կիլիկիայէն դէպի Խաղտեաց աշխարհը, անհունօրէն սրտակեղեք ողբերգութիւն մը իբրեւ, մինչեւ ամբողջութեամբ հիւծասպառ անկում մը, ճամբու եզրին։ Կարդացեք սա արագ տողերը։ Բերի՞ք ձեր մտքին առջեւ հազարները մեր ժողովուրդին։ Քիչ գործ գիտեմ որուն մէջ սա աղեխարշ ապրումները եւ այլն նուաճուած այս քան պարզ, նախնական միջոցներով։ Յուշիկքներու շարքին մէջ տեսակին գլուխ-գործոցն է, մայր գմբէթը` սա հատուածը։ Ալիշան զուր տեղը չէ որ մեր ամենէն օգտաւէտ գրողը դաւանուած է երկար ատեն։ Սրտառուչ են դարձեալ դէմքերը Սահակ Պարթեւին, աւելի նուազ չափով մը` Մաշթոցին, թերեւս անոր համար որ մեր պատանութեան այդ երկու անունները դարաւոր գործածութեամբ մը արդէն մաշած, ԺԹ. դարու ուսումնապաշտ հոգեբանութեան մը սպասումովը բոլորովին կորսնցուցած են իրենց կարկառուն մասերը։ Այս մարդոց խորհուրդը չէ որ կը սպառի։ Այլ այս մարդերուն մտապատկերին վրայ մեր դիզած հիացքն է որ թառելու տեղ չի կրնար գտնել (կը հաւատամ թէ մեր հայրապետները եթէ երբեք ենթարկուին վերանորոգ ապրումին, բոլորն ալ կը զգենուն ամենէն խռովիչ գեղեցկութիւնները)։ Սահակ Պարթեւ մը յօրինել, արդի թէքնիքով, կը նշանակէ յեղափոխել մեր պատմական յղացքը. - բան մը որ դուրս էր Ալիշանի թէ մտադրանքէն թէ կարողութենէն, քանի որ գիտենք թէ Ալիշան պահպանողական բանուոր մըն էր, մինչ, միւս կողմէն, դեռ չէ եկած մարդը որ մեր պատմութիւնը հասկանալու համար գործածէր արդի մեթոտները։ Ռոմանթիք վիպումի նուազ փայլուն նմոյշ մըն է Ստեփանոս Uիւնեցին։ Այդ գրեթէ հէքեաթունակ մարդէն (Յայսմաւուրքը եւ Օրբելեան վկայաբանական գոյնով մը աղօտած են տիպարին հարազատ նկարագիրը։ Ես օգտագործած եմ Չամչեանին շեղումը իմ քնարախաղին համար որ նոյն անունը կը կրէ) Ալիշան աշխատած է իրաւ, բարեպաշտիկ պատմում մը լաստակերտել իրեն հաւատարիմ միջոցներով որոնք առաքինութիւն, կիրք, որոշ յուզում կը նշանակեն հոս բայց որոնք միակնին անբաւական են մեր պատմումը պարտադրելու ընթերցողին։ Օրբէլեանի երկու էջէն Ալիշան քսանը անցնող տռամաթիք զրոյց մը հանելու ատեն աչքի առջեւ ունեցած է իր միջոցները միայն։ Խորհեցէք միշտ Ֆլոպէռի Հերովդիատին որուն տարաշխարհիկ հրապոյրը գրագէտին երեւակայութեան մնալով հանդերձ պարտական, է մանաւանդ կնիքին տակը հնաբանութեան, մեր օրերու պատմութեան, շատ զարգացած մեր գիտութեան այդ։ Դարերու արուեստներէն, թանգարաններէն եւայլն։ Uիւնեցին Սիւնեաց աշխարհը նուաճելու առիթ մը պիտի չնկատէի անշուշտ (Ալիշան այդ ճիգը փորձած է կատարել Սիսական տեղագրութեան մէջ, բայց պիտի ուզէի առիթ մը մեր միջնադարեան հայրապետներէն մէկուն հանգամանօրէն սեւեռման, այլեւս մեր միտքէն չհեռացող թանձրութեամբ կարկառի եւ գոյնի, ինչպէս հոգիի: Այս վրիպանքը առանձին իրողութիւն մը չէ սակայն։ Պատմիչը Ալիշանին մէջ չէր ազատագրուած։ Սակայն եւ այնպէս կրնան Uիւնեցին կարդալ առանց տառապանքի: Սոփեստէսի եւ Երզնկացիի վրայ իր էջերը տեսակ մը գրական, աւելի ճիշդը՝ մատենագրական յօրինումներ են, կենսագրական լայն ու հաստատ գիտելիքներուն բարիքովը, մատենագիտական սպառիչ ցուցմունքներով, այո, բայց նոյնքան ստոյգ անբավարարութեամբ մը գրական հասկացողութենէ մը, իմաստէ մը։ Գրագէտի դէմք մը յօրինել. 1850ի դռներուն մէջ մէջ անսովոր իրողութիւն մըն էր: Կը վերջացնեմ հայրապետներու նուիրուած սա բարակրաֆը, անոր մէջ արժեւորելով Ալիշանի ամենէն գողտր արժանիքներէն մէկը որ հեռու մեր օրերու քննադատական խորունկ թափանցումի կամ բանասիրական սպառիչ հետաքրքրութիւնը մարմնաւորելէ, կը ներկայանայ սրտայոյզ ու երկիւղած պաշտամունքին մէջ, իր ասպարէզին մեծագոյն դէմքերուն հանդէպ, անկեղծ ու աննախանձ զեղումի մը ձեւով պարպելով իր ձոյլ հիացքը, որ թերեւս խորագոյն որքան սքողուն երազն էր կազմած մեր օրերու սա անտիտղոս հայրապետին։ Եթէ յարգուէր հնաւանդ սովորութիւնը մեր վաստակաւոր գործիչները սրբացնելու, Ալիշան անկասկած պիտի արժանանար այդ գեղեցիկ պսակին, հայրապետներու հանդէպ իր այսքան սրտայոյզ սիրոյն չափ, անոնց իրական դերին այսքան հաատարիմ իր սպասովը։ Յուշիկքներուն ամենէն քիչ հինցած մասը այդ դէմքերուն նուիրուած բաժինին մէջ է որ կը հաստատեմ

 

Կիներ: Յայտնի է որ եկեղեցականի իր հանգամանքը ինչպէս ազգային պատմիչի իր զօրաւոր խղճահարութիւնները պիտի միջամտէին կլիներ յօրինելու իր զգաստ որքան վտանգաւոր փառասիրութեան։ Զապել, Սահակդուխտ, Շուշան ու Վարդենի, Ֆիմի մեր պատմութեան մէջ իրենց անունները ձգած կիներ են, իւրաքանչիւրը իր սեպհական նկարագրով, դժբախտութիւններով, արժանիքներով։ Անոնք սակայն վէպի մը հերոսուհիները դառնալու համար, պարտաւոր են մշակումէն անցնիլ մէկու մը որ Ալիշանի մտադրութիւններէն վեր ու տարբեր հայեացքներ ունենար։ Մեր պատմական վէպին մէջ (Ծերենց, Ռաֆֆի) կիները տժգոյն են անշուշտ հեղինակներու հաշւոյն։ Ալիշան այդ հեղինակներէն նուազ իրաւասութիւններու տէր է եղած։ Անիկա  այդ դէմքերը պատած է աւանդութեան խանձարուրին, քօղին մէջ, կարծես վախնալով զանոնք լոյսին բանալու ու փոյթն է ընտրած զանոնք սրբուհիի լուսապսակներով պաշտպանելու: Աւելորդ է (քանի որ տեղեակ ենք իր գրականութեան ընդհանուր զսպանակներուն) այդ անձնաւորութեանց ետին սպասել մեր օրերու չափազանց շահեկան, զգայնիկ եթէ ոչ կիրքին մէջ շիկացած կին տարրին որ պատմումը կը գունաւորէ, կ՚ելեքտրականացնէ ու գործողութիւնը կը ձգէ իր յուզումներուն ծիրին մէջ։ Ալիշան Յուշիկքներուն մէջ ամէնէն առաջ պատմիչ մըն է։ Մի մոռնաք ասիկա։ Երկրորդաբար՝ գրող, գրագէտ։ Այս հանգամանքը հազիւ կը պղտորի հոն ուր առանձին վիճակները կը մնան տիրական։ Այլապէս Զապելը, Ֆիմին պիտի պատկանին միայն միայն մեր պատմութեան։ Անոնք առիթներ են որպէսզի Ալիշան իր ամբարած մթերքը ստոյգ տարրերէ օգտագործէ ու մեզի տայ իր կենդանագիրը, առաւելապէս հարազատութեան, ստուգութեան սիրով։ Շուշան ու Վարդենի, Սահակդուխտը զօրաւոր կերպով մը լուսաւորուած ըլլալով հանդերձ հէքեաթին փայլէն, դարձեալ կը մնան, իրենց խորքին մէջ, պատմականօրէն հաստատ, հարազատ կենդանագիրներ։ Կի՞նը, սա ձեւ մտադրուած յօրինումներուն ետին։ Ալիշան չի տառապիր արուեստի տագնապ մը։ Այլ կը ջանայ իր կիները հասցնել զանգուածներուն հիացումին։ Այս է պատճառը որպէսզի չենթարկեմ զանոնք արուեստին հիմնական պահանջը կազմող հոգեբանական վերլուծման։ Անոնք որոնք պատմութեան բեմին կը գործեն, հակառակ իրենց շատ տռամաթիք կեանքին խռովքներուն, չեն ազատագրուած կնիքէն պատմիչ Ալիշանին, ըսել կ՚ուզեմ՝ անաւարտ արուեստին համար տիպարներ են, պատմական հարազատութեան համար անհրաժեշտ նկատված բոլոր մանրամասնութիւններով բեռնաւոր, արքայական ամուսնութիւններու, իշխանական փոխ–յարաբերութեանց նանրանքին մէջ մեզ յոգնեցնելու աստիճան, բայց մանաւանդ իրենց ճակատագրին այլապէս եղերականութեամբը սարսռազդեցիկ որքան արգահատելի։ Պէտք կա՞յ, խոշոր վերլուծումներու որպէսզի ձեր մտքին պարզ ըլլան կեանքերը իշխանուհիներու, երբ ամենօրեայ պատերազմը տիրական, բնական վիճակն էր մեր երկիրներուն։ Ի՞նչ որս, ինչ թշուառութիւն՝ սարածերպերուն ծոցը ինքզինքը ծածկելու միայն ուշադիր թագուհին։ Ձեզի կը ձգեմ թելադրանքը ամբողջացնելու պարտքը։ Ալիշան, ստոյգ կենսագիր, զինանշաններու, կնիքներու, ձեռագիր ցուցմունքներու, տպեալ յիշատակարաններու լայն օգտագործիչ` յաջողած է լուծել Ֆիմիի ազգաբանական բոլոր կնճիռները։ Կ՚ընդունիմ։ Բայց վրիպած է իշխանուհի Ֆիմի մը ոտքի նետելու։ Գինը ո՞ր մեղքին՝ սա վրիպանքը։ Միշտ մէկ ու նոյն մեղքին, իմ կարծիքով, մեղքին՝ շատ լաւ ու շատ շատ գիտնալուն որ կը զարնէ բոլոր հում նիւթիւն պարզ աշխատաւորները։ Զոր հեռու չէք բաղդատելէ բանասիրական հեշտանքին, որուն պարտաւոր էք մտածել ամէն անգամ որ շատ հմուտ, շատ խելացի մարդէ մը անտանելի ըսուելու չափ անկեանք, անկնիք գործեր ըլլաք ստիպուած հասկնալու: Հաւաքողին եւ ստեղծողին յաւիտենական հակադրութիւնն է ասիկա։ Գնահատման նոյն եղանա՛կը` Զապելին համար որ նոյնքան մանր, իրաւ, առատ գիծերով պաշտպանուած կը յօրինուի, խղդուելու համար, սակայն անոնց ոստայնին ետին ու չի յաջողիր պատռտել այդ գիտական վարշամակը թիւերով, մերձեցումներով, յիշատակութիւններով հիւսուած, ինչպէս երբեմն թանձր քօղը որով կը հիւսէինք դէմքերը մեր հարսներուն։ Զապելն ալ չէ բարձրացած ապշող իշխանուհիի մը եթէ ոչ փառաւոր, գէթ կսկծալի դերին, գեղեցկութեան, կշիռին։ Ու այս երկու կիները որ եւ է վէպի մը ամենէն յաջողակներն ալ ազատ էք ենթադրելու պարզ իրենց ներկայութեամբը բաւ էին պատմումը բարձրացնելու ամենէն յուզիչ տռամային։ Միջնադարեան դղեակներու զաղփաղփուն, ցանկայարոյց, ճակատագրական որսերը, որոնց գիրն էր յափշտակուիլ ձեռքէ ձեռք, ծոցէ ծոց, երկրի մը մէջ ուր ասպատակող բանակները ավելի իրաւ են քան անոր քաղաքները, արտերը, որոնց վրայ կ՚ապրի այդ ժողովուրդը: Ցաւ է հոս արձանագրել իմ բեկումը, ու չխոշտանգել յիշատակը մեծ գրագէտ, բանաստեղծ, ստեղծագործ Ալիշանին, քանի որ քերթող Ալիշանէն գիտենք թէ որ քան նախնական, չըսելու համար անքանքար, անճարակ յօրինիչ մըն է անիկա կիներու։ Յետոյ, կը կրկնեմ վտանգը, այդ շրջաններէն (Սիսուանին փառքը) իր անհուն հմտութեան, իր մտքին հիմնական բարեխառնութեան որոնք կ՚ընեն զինքը անկայուն ընդմէջ ստոյգ գերութեան եւ ազատ ստեղծումին փոփոխ բարիքին։ Նոր չէ որ շատ գրկել ուզողը քիչն ալ կը հանէ իր բազուկներուն ծիրէն։ Չեմ ըսեր թէ այդ կիները առնուազն ռոմանթիք պուպրիկներ են, փչուած, անկարելի ու հետեւաբար կեղծ, ինչպէս էին իր Սանդուխտը, Բագրատունիին Հայկանոյշը։ Ալիշան իր պատմիչի դերը քիչ մը շատ լուրջ արժեւորելու իր միամտութեան մէջ, կորսնցուցած է պատեհութիւնը իրաւ  պատմական վէպին։ Զեմ զառածիր ու չեմ դուրս կարելիութիւններէն։ Իր աշակերտներէն Ծերենց, այր Զապելներուն ու Ֆիմիներուն խորունկ ձգողութեանը մէջ է որ կը յաւակնի իր վէպերը լաստակերտել: Բայց Ծերենց լաւ քրոնիկագիր մը, իրաւ գործիչ մը ու զեղուն հայրենասէր բժիշկ մը էր, իր փառասիրութեանց շքահոյլին մէջ վիպասանի մը բախտն ալ արժեւորող եւ ոչ թէ Ալիշանին նման Կիլիկեան յաւիտեանէն ճանչցած. անոր մէջ գործող մէջ արքայական տուներուն ամենաթագուն ալ ծալքերուն ընտանի, ներսէն կնքահայր մը` դրան երէց մը, եթէ կը ներուի լսել: Դրէք Ալիշանը իրաւ արուեստին կենդանակերպին տակ, ու դուք պիտի ունենայիք մեր պատմական վէպը։ Ալիշանի իշխանուհիները հեռու, հեռու պատկերներ են Յուշիկքներուն մէջ ու շուքն իսկ չեն անոնց, հազարամեայ այն գեղեցկութեանց որոնք իբրեւ երազ կը մնան առկախ իմ մտքին։ Ան, մեր գրողներէն, որ պիտի ըլլար պարկեշտ ու արի աշխատաւոր մը, մեր պատմութեան այդ սրբազան նշխարներէն կանչուած է ստեղծելու ամենէն սրտայոյզ յաջողուածքը։ Պատմութեան եւ վէպին կալուածներուն ընդմէջ եփուն սա կիները ձգելէ յետոյ իրենց թղթեղէն փառքերուն, կը յամենամ՝ քիչ մը աւելի հաճ տրամադրութեամբ Շուշան ու Վարդենի անունին տակ Ալիշանի կողմէ լաւապէս մշակուած կնոջ մը պատկերին դիմաց։ Աւելորդ է ըսել թէ նոյնն է մեթոտը։ Նոյնն է բանուորը։ Բայց նպատակը աննոյն։ Այդ Շուշան ու Վարդենին հինգերորդ դարու կին մըն է։ Միտք պահեցէք այս փոքր ճշդումը։ Սանդուխտը՝ Ա. դարուն։ Զապէլը՝ ԺԳ. դարուն։ Այսինքն հէքեաթին եւ իրականութեան մէջտեղուանքը բան մը։ (Ալիշան հէքեաթին ու իրականութեան միջին բանուորն է արդէն իմ ամենէն անկեղծ արժեւորմանս մէջ)։ Սանդուխտը վրիպանք մըն էր որ անգայտութեանը, օդայնութեանը պատճառով։ Զապէլ վրիպանք մըն էր իր մագաղաթներուն ձանձրոյթովը։ Շուշան ու Վարդենին պատմական է ու հէքեաթունակ։ Ահա թէ ինչո՞ւ պատմութեան պատկանող այդ կնոջ տռաման չի զառածիր դէպի հէքեաթը կը դիմանալ Ալիշանի կողմէ թերեւս յանգէտս գործուած, թերեւս կամաւոր չարիքէն, ազատագրելով իր իրական դեմքը, ու յաղթահարելով թացիկ, մեր օրերուն դժուար հանդուրժելի ռոմանթիզմը ու կը մօտենայ իրաւ կնոջ մը կենդանագրին։ Չեմ պատմեր իր տռաման։ Բայց դիտել կուտամ որ, քանի մը տեղ, անոր բարոյական յօրինման մէջ, Ալիշան գտած է սրտայոյզ գեղեցկութիւն, բարձր արուեստի յայտարար շքեղ ամբողջութիւն։ Կը հրաւիրեմ՝  ձեզ որ ձեր մտքին մէջ բերէք հոգին, հոգեբանութիւնը կնոջ մը որ իր կրօնքին հանդէպ իր տարփանքը, կիրքը, խենթութիւնը բարձրացնէր զոհողութեանց գերագոյնին, շատ աւելի դժուար ու սրտաճմլիկ քան զոհաբերումը իր անձին։ Որքան շատ թի՜ւը կիներուն որոնք իրենց անձը չեն սակարկած...: Սուրբերը, սրբուհիները մագիստրոսներն են այդ գիտութեան։ Համաձայն եմ։ Բայց ահա աւելին։ Իր բանտ-աշտարակին մէջ մահուան մէջ մտած այդ կինը երբ կ՚աղօթէ իր Աստուծուն որպէսզի մեռնին իր զաւակները, իրենց քրիստոնէութիւնը այդ գինով պաշտպանելու համար, հոգի մըն է ալ ու կ՚անցնի մարդկայինը, բայց բախտովը՝ լայն, այդ մարդկայինը չհերքելու: Նահատակները կը հասկնանք։ Սիրոյ զոհերը ըմբռնելի են։ Մօր սիրտը անարգել պիտի նշանակէր երբ վայրկեան մը տարակոյս ուզէինք դնել անկէ գալիք բարձրագոյն իսկ զոհողութեան։ Բայց իր զաւկըներուն մահը պաղատիլը վսեմն է գրականութեանց։ Չքնաղ այդ հոգին, ինքիր մէջ իրաւ, իրաւ է դարձեալ մեր բոլոր դարերուն ու խորապէս հայ: Մեր օրերուն իսկ քի՞չ եղաւ թիւը այս սրբազան կիներուն որոնք յօժարեցան իրենց մարմինների յանձնելու գահավէժներուն կամ գետերուն անդունդներուն, զանոնք չյանձնելու համար թնամիին։ Ահա ցեղային խորունկ, հեռասոյզ գիծն է ասիկա։ Ալիշանի կողմէ քիչ անգամ սեւեռուած։ Կարդացէք կտորը ու հիացէք այդ կնոջ որքան Ալիշանին սիրտին գեղեցկութեանը վրայ: Քանի մը խօսք միայն, ժխտական կիներու վրայ (Ոսկեբերանը աքսորող Եւտոքսիա կայսրուհին, Սիւնեցին գլխատող պոռնիկը) որոնց հանդէպ իր անագօրեթի ցասումը, քրիստոնեայ քրոնիկագիրի իր խռովեալ խղճմտանքը պահ մը զերծած են իր գրիչը, իր զգաստ շարժումներէն, զայն մղելու համար ուժգին պարսաւի մը թափին։ Բայց այդքան։ Անիկա, մեր օրերու վերլուծող վիպասանին նման, չէ արկածախնդրած մինչեւ բաւիղները այդ մութ հոգիներուն։ Կարծես իր ներքին ամօթխածութեան վիրաւորանք մը պիտի ըլլար զբաղիլ այդ կիրքերով, բորենիներով։ Ունիմ Սիւնեցիին քոյրը, Սահակդուխտը, որ մնացած է հիմնովին ստուեր, անուշիկ երազ մը ու չէ դէմք դարձած։ Աւելի սրտայոյզ են Ոսկեբերանի հետ թղթակցող իշխանուհիները, որոնք, Ալիշանի գրչին տակ կը պահեն տեսակ մը վաւերականութիւն ալ, թուղթեր յօրինելու մէջ մոլութեան (մեր պատմիչները ինչպէս ուրիշ ազգերունը, շատ հաճոյք կը զգան այս յերիւրանքէն) մեզ մղելով որ մտած ենք քիչ մը, բայց մեր թերահաւատութեան մէջ զմեզ բռնելով Ալիշանի  իմացական պարկեշտութեան վրայ մեր թերահաւատ ալ վստահանքովը: Գրեթէ վկայաբանական շնորհ ու լուսապսակ, այդ երանելի թղթակցութեանց հեղինակուհիներուն բաժին են Ալիշանի մօտ։ Հազարէ աւելի տարիներու բեմի մը վրայ կիներու սա շատ քիչ թիւը (Ալիշան իր միւս գործերէն ոմանց մէջ ունի կիներու ուրուագիծեր, միշտ սրբութեան պսակով, տպաւորիչ բայց երազունակ), անոնց սեւեռման մէջ պարզուած թուլացումը չեմ վերածեր գրական քննադատութեան մը եղերականին, ինչպէս է պարագան արդի մեր վէպին մէջ կիներու վրիպանքներուն։ Ալիշան վիպասան մը ըլլալէ աւելի, քրիստոնեայ մըն է եւ եկեղեցական մը։ Անիկա զուրկ ծնած մէկն էր tragiqueին զգայարանքէն։ Ու ատոր համար չենք գամեր զինք անարգութեան սիւնին։ Պէտք չէ որ այցուիք խոշոր յաւակնութիւններէ ու խոշոր յաջողութեանց կրկներեւոյթէն։ Այս վերջինները գինն են մեծ տաղանդներուն, չըսելու համար հանճարներուն։ Քոռնէյլի, մանաւանդ Ռասինի հերոսուհիները, մասամբ հնութեան, մասամբ սրբազան պատմութեան արշիւներէն վերբերուած` նուաճուելու հանճարային մշակումի մը շնորհիւ ու մի մոռնաք` թատերագիրներու կողմէ, այսինքն մարդոց, որոնք ծնած էին tragiqueին զգայարանքովը: Ու դուք ունեք, այս մասին, Ալիշանը զարնող դժբախտ վճիռը, Նուագքներէն։ Չի բառեր հաւատքը որ կրնայ լեռները շարժել բայց էջին առջեւ տկարանալ։ Ալիշանին պէս հաւատաւոր մարդեր էին ֆրանսացի յիշուած թատերագիրները, ինչպէս, նոյն ատեն, այդ գրականութեան ամենէն մեծ, անստուեր փառքերը։ 

Այս ամփոփ ուրուագիծը կը նկատեմ բաւ, Յուշիկք հատորին ներքին արժանիքները պարզաբանելու: Հազիւ պիտի յիշեմ դէպի չոր, զուտ հմտութիւն հակող այն պատմումները որոնց մէջ Վենետիկին ու Վիեննային վաղածանօթ եղանակները կը մնան տիրական, որով եւ քիչ կամ բնաւ շահեկան։ Բիւզանդիոնէն վերցուած երկու գլուխներ (Երազ Վարդան կայսեր, Երկրորդ Վարդան կայսր) բեռ են գիրքին ու դժնդակ ալ փաստ՝ Ալիշանը վերակազմելու անընդունակ երեւակայութեան։ Ի վերջոյ Պոլիսը ամենէն շքեղ նիւթերէն մէկն է միջնադարին։ Ծերենցի տկար գրիչը (Թորոս Լեւոնի) այդ քաղաքէն կը պաշտպանուի շատ յայտնի նպաստով մը։ Ու միջնադարեան պատմիչ մը կ՚անճրկի իր մասնագիտութեան կալուածին մէջ իրաւ դէմքեր սեւեռելու պարտքին առջեւ: Երկու կայսրերն ալ թուականներով պաշտպանուած անկնիք մարդեր են։ Ու իրենց կեանքին եղերականն ալ զուր վատնում մը իբրեւ, անցած է անցեալին։ Դարձեալ, գիրքին իրական սահմաններէն դուրս կը մնան Ազգային վիպասանութիւն, Աբգար դպիր, Տօնք Նաւասարդի, Հայկայ շրջան, Յունուարի վեցն ի Հայս, Սկիզբն տարւոյ եւ մարդկութեան ի Հայս կտորները որոնք չոր հմտութիւն [5] են, հազիւ բարեխառնուած (Յունուարի վեցը մէկն է այդ քիչ բախտտաւոր կտորներէն) Յուշիկքներու ընդհանուր զգայնութեամբ

Ալիշանի գրական գլուխ-գործոցը այսպէս ներկայացնելէ վերջ, ընթաց կուտամ, այդ առիթով, ու քիչ ալ տպաւորութիւններու, դիտողութիւններու որոնք ինձմէ կը բխին, հաւանական ազդեցութեան մը տակ, Ալիշանի մէջ ընդգգալի բայց չբացուած առաքինութիւններու, արժէքներու: Երբ կ՚աւարտէք հատորին ընթերցումը, ձեր մտքին մէջ կ՚ունենաք զգայութիւնը ընդարձակ հորիզոնի մը, տակը` աւելի քան ընդարձակ, տարօրինակ, գրեթէ անհասկնալի երկիր մը զոր կը ճանչնանք բայց չենք կրնար մերը ընել, որուն կսկծագին ապրումներով ժողովուրդը դարձեալ կը ճանչնանք, այդ գիրքին դարերուն ինչպէս մեր օրերուն, բայց կը տառապինք անոր առաքինութեանց իսկ գումարէն։ Մեր միտքը կ՚ընդվզի այսքան չարքաշ, իրաւ, խորունկ ժողովուրդ մը գտնելով այսքան անընդմէջ աղէտներու կիկլոնին ներքեւ…։ Այս զգացումը այնքան յստակ էր 1860ին։ Ու աւելի քան յստակ, իրաւ, սրտառուչ` 1910ին։ Ատիկա զգայութիւնն էր հայեցի հոգեխառնութեան։ Երբ այս տողերը կը գրուին, Հայ հոգին անդնդասոյզ թշուառութիւն մըն է, սփիւռքի նսեմաստանին խորը պատառ պատառ, հերձուած երազի մը մէկ փշրանքը։ Խորենացի մը ըլլալու պէտք չկայ այս սփիւռքը արժանաւորութեամբ ողբալու համար: Ու սպառած է իմ սիրտս, այդ նահատակութեան ճամբուն։ Ի՞նչ անսրբագրելի ողբերգութիւն որպէսզի ճակատագրական մեր վէրքերուն աւելցնենք մեր ալ յիմարութեանց հարուածները ու իրարու զլանանք հայ ըլլալու թշուառութեան փառքն անգամ, իրար հալածելով հայրենիքի անունով։ Լաւ է լռել: Բայց ուզենք չուզենք, կայ այդ  երկիրը, վրան այդ ժողովուրդը: Յուշիկքները անկէ ալպոմ մըն է: Կը խորհիմ թէ 1860ին, ընթերցողի հոգիին մէջ սա զգացումները ի՞նչ աստիճան աւելի խորունկ քաշուած ըլլալու էին, երբ այդ համադրական տեսարանումը քանի մը վանականներու ուղեղէն վերջապէս կ՚իջնէր զանգուածներուն։ Հարիւրներ, թերեւս հազարներ, Յուշիկքներուն ընդմէջէն ըրին խելամտումը իրենց ժողովուրդին ոչ միայն ճակատագրին այլեւ այն տարօրինակ միսթիքին որ այդ զգայութիւնները կը համախմբէ անբացատրելի միութեան մը մէջ։ Որով զրահաւոր մեր 1870ի երիտասարդութիւնը պիտի իջնէր կրկէս, մեռնելու արարքին մէջ իր հեռու պապերուն հոգիին այնքան հաւատարիմ, այնքան մօտիկ։ Ահա թէ ո՜ւր է երբեմն գիրքերուն բարիքը։ Այսօր այդ խելամտումը սեպհականութիւնն է ամբողջ երիտասարդութեան, ինչպէս զարգացումէն զուրկ զանգուածներուն։ Արեան ու կրակին փորձառութիւն է անիկա. Ալիշանի ժամանակ պատմութեան վարագոյրին ետին կամ աւերակներուն ներքեւ, մեր օրերուն՝ բոլորին սրտին խորը կործանած տաճար։ 

Երկրորդ կարեւոր տպաւորութիւնը, Յուշիկքներու ընթերցումէն, Քրիստոնեայ զգացողութիւն, բարոյականին այն ամուր, իրաւ հաւաստիքը որուն ժողովրդական կերպարանքը կը գտնենք հայ-քրիստոնեայ չափ յատկանշական կոչումին մէջ, իբրեւ դարաւոր, կենդանի, գործօն յղացքի մը, իր հոլովոյթին վերջին շողարձակումը։ Ոչ միայն գիրքը լեցնող դէմքերը ողողուն են այդ քաղցր լոյսով այլ սխալ չըլլար ըսել՝ երկրին արտաքին յարդարանքին իսկ, անոնք զորս մեր մատներն են յօրիներ ու անոնք որոնք ինկեր են Աստուծոյ կարկինէն, մեր քաղաքներն ու լեռները, կը թուին յագեցումն ըլլալ տրտում գեղեցկութեամբ, այդ յղացքին։ Գիրքը ունի էջեր որոնք կը յուզեն մեզ աւետարանին պարզութեամբը։ Ունի հոգեկան զեղումը, մեծութիւն, սխրանքի պատկերներ որոնց առջեւ մարդ կը տխրի բարութեան, ազնուութեան, մեծանձնութեան սա աստիճաններէն։ Յուշիկքները, այս տպաւորութեան ընդմէջէն ազգային մատեան մը կրնան նկատուիլ, ինչպէս են այդ մատեանները մեր հին մատենագրութեան քրոնիկներուն մեծ մասը, մեր աղօթքները, սրբազան ինչպէս աշխարհիկ, աշուղական բանաստտեղծութիւնները ու մեր նոր գրականութեան բոլոր իրաւ, հարազատ մատեաններ (դրէք արեւելահայ որքան արեւմտահայ բոլոր ազգային ոգիով կրկնուած ու պարզութեամբ գործադրուած մեր անուշիկ գիրքերը)։ 

Երրորդ տպաւորութիւնը գիրքէն դուրս, զայն յօրինողին շնորհներով է գոյաւոր։ Հիմնական է այն զգացումն ալ։ Ընթերցողը համոզուած է թէ այդ գիրքը գրուած է ոչ միայն սիրով, այլեւ ուղեղով։ Թէ ան որ հեղինակը հաղորդ է մեր պատմութեան զարգացական processusին, տիրապէս ու արմատապէս։ Այս վստահութիւնը իր կարգին կ՚աւելնայ իբր արժանիք գիրքին ալ վրայ: Զայն կարդացին նախ իրենց երկրին, իրենց պատմութեան կախարդանքէն կանչուած, կապուած։ Կարդացին իրենց սիրտին մէջ խօսող հրամայականներուն անդրադարձումները զգալ կարծելով այդ տառապանքներուն, հերոսութեանց, առաքինութեանց մէջ։ Իրենց հայութիւնը իրենց աչքին արժանաւոր ընծայող բարերար վկայութիւնն էր ան։ Ու զա յն կարդացին ինչպէս պիտի կարդային եւրոպացի մեծ հեղինակ մը։ Այսինքն հպարտանալով։ 

 

Դրէք այս ամէնը այդ ժամանակին մէջ, սկսող գրականութեան մը արշալոյսին, ազգային գիտակցութեան անդրանիկ [6] խռովքներուն ծոցը, երբ այդ ամենուն հիմնովին գոյ զանգուած մը կարծես հրաշքով կը հրաւիրուի քաղցր, յուզիչ, անամբարտաւան հերոսութեան, անաղմուկ, անցոյց, տարօրէն մարդամօտ սրբութեան, ինչպէս տրուեցաւ զգալ մեզի այդ երանգն ալ հոգեւոր կեանքի, մեր ժամերուն, ծերերուն աղօթքներուն ընդմէջէն, երբ «ճրագը մարելէ» առաջ իրենց ետեւէն, այդ սրբասուրբ բերանները կեանքին կայծը փոխանցեցին մնացող ճիժերուն ու օրհնութեամբ իջան հող, ասոր այնքան աղտոտ տեղքերը գնելու…: Կ՚երեւակայեմ՝ թէ Վարագայ վանքին մռայլ ու բիրտ պատերուն ետին, ճակատագրին հարուածներովը որբացած տղաք, այդ 1860ին, ինչ հեշտագին արցունքներով, հիացիկ ցուցումով կը դողդղային իրենց վարժապետին բերնով իրենց մատաղ հոգիներուն մատուցուած սա սրբազան հերոսապատումի երանութեանցը ծոցը։ Ես մէկն եմ եղել այդ որբերէն։ Վանքի մը պատերն ալ սեղմեր են իմ պատանութիւնը: Իմ վարժապետները, մեծ բանաստեղծներ ալ կային անոնց մէջ, անկարող եղան ինծի ներշնչելու այդ սարսուռները։ Հիմա ծերութեան դռներուն միայն կը հասկնամ թէ ինչու 1900ին. Յուշիկքները «անլուրջ յօրինումներ» կ՚որակուէին հանգամանաւոր բերաններէ։ Չեմ խօսիր այսօրուան մեր ճաշակները վիրաւորող ռոմանթիզմէն, միամտութենէն, հռետորական հայրենասիրութենէ, որոնք դար մը առաջ այնքան անհրաժեշտ, բարերար իրողութիւններ էին, Զարթօնքի Սերունդին հսկայական ջանադրութեանց հոգերէն իբր անդրադարձ։ Չեմ խօսիր, կառուցման անխուսափելի տկարութիւններէն հիմա ով գիտեմ. պատուական աբբային իմացականութեան բոլոր աղբիւրները, մատնանիշները: Յուշիկք Հայրենեացը այն գիրքերէն է որ կ՚ապրին, ընդդէմ ամենա յն հաւանականութեանց, ընդդէմ՝ ճարտար բժիշկներու վճիռներուն։ 

* * *

Հայապատում, Շնորհալի եւ Պարագայ իւր։

Գրքեր են ասոնք որոնք պատկանելով հանդերձ պատմութեան, կը թելադրեն վերլուծումի, դատումի, ոգեկոչման ստոյգ առաջադրութիւններ, ծնունդ տեսակ մը փափաքի, որ վաղ պատանութենէն մինչեւ խորագոյն ծերութիւն անոր հոգին պահեց խանդին մէջ։ Յուշիկքները այդ փափաքէն տիրական կերպարանքներ են։ Հայապատումը, լոյս տեսած մահուանը տարին (1901), սրտառուչ իր նախաբանով, կը պատկերէ գիրքէն աւելի գրողը։ Կրնանք առանց վախնալու յայտարարել որ անիկա հայոց պատմութիւնն է, բայց գրուած պատմիչերուն իսկ միջոցով, ուրիշ խօսքով՝ Հայոց պատմութեան ամենէն տիպարային եղելութեանց շարայարեալ ամփոփոյքը։ Անշուշտ հանճարային ոչինչ կայ սա յղացքին խորը, բայց անիկա նոյն ատեն պատուական այդ աշխատաւորին իմացական տագնապէն յուզիչ որքան համոզիչ վկայութիւն մըն է: Մխիթարեան մտայնութիւնը ոչ ոքի մօտ այդքան պայծառ է մարմնացած որքան ճիղճ մարմնով բայց շքեղ հոգիով այն աբբային վրայ որուն անունն է Ալիշան։ Մոռցուած, գրեթէ մեռած ազգ մը կեանքին դարձնելու սրբազան ու յամառ առաքելութիւնը, խաչակրութիւնն է այդ մտայնութեան ամենէն կերպընկալ կերպարանքը։ Ալիշան դարերու բաշխումով տուած է մեր ժողովուրդին կեանքը, ասոր տարրերը վերցնելով մեր պատմիչներէն, մէկ ու նոյն դրուագը երբեմն մէկէ աւելի շեղումներով, մէկէ աւելի հեղինակներու գրչին տակ։ Արդի՞ւնքը։ 1900ին մեր ընթերցող հասարակութիւնը չէր բաժներ 1860ի  հոգեխառնութիւնը։ Մեր պատմիչները չէին արհամարտուեր անշուշտ։ Բայց կէս դարու վրայ քննադատական իմաստութիւն (Ալիշան Հայապատումի նախաբանին մէջ չի վարածիր այդ իմաստութիւնը իմաստակութիւն ալ որակելէ) մը այդ կտորներէն սպառած էր իրենց հրաշալիք, պատկառելին, երեւան բերելով անոնց քմայականութիւնը, անճշտութիւնները յաճախ, միշտ ու մեր անբաւականութիւնը։ Մեր պատմիչները՝ քրոնիկագիրնե՜ր միայն, որոնք այն քան քիչ բան էին պահեր մեր ապրումներէն ու ահաւոր ընդարձակութեամբ, քանի մը հազարամեայ տռամա մը վերածեր էին խեղճ ու պատառ հէքեաթի մը։ Այս զգացումները, արդիւնք՝ Վիեննայի քննադատ մեթոտներով մեր ներսը փլած պատրանքներուն Հայապատումը ընդունեցին իբրեւ անկենիք հաւաքածոյ մը։ Անկնիք, մասնաւորաբար գիրքի առաջին մասին մէջ ցոյց տրուած անբացատրելի անփութութեան մը գինով։ Նախաբանը կը խոստովանի, թէ գիրքը պատրաստ էր տասնամեակներ առաջ։ Տպագրութեան յանձնումին առիթը՝ «Յիշատակ Յոբելեանի երկհարիւրամեայ հաuտատութեան Մխիթարեան Միաբանութեան։ Վենետիկ ի վանս Ս. Ղազարու, Ռ. Յ. Ծ. Ա. 1901»։ Ուրե՞մն։ Այդ առաջին մասին ով Ալիշանի իմացական հորիզոնը պարագրկող վկայութիւն մըն է, ըստ հանգամանաց, պարզած պատկերը դատապարտութիւնն էր անոր համբաւին։ Ալիշան կը պահէր, ութսունին մէջ, պատանիի իմացականու թիւն մը, քանի որ վաթսուն ու աւելի տարիները անոր մէջ ոչինչ էին փոխած։ Այդ առաջին մասը մեր պատմիչներուն վրայ կենսագրական, քննական, քիչ մը անհարազատ բառով մը՝ քննադատական նշմարանքներէ կը բաղկանայ։ Ազգը կը սպասէր որ հոյակապ համբաւի մը բարձունքէն իր պատմութեան վրայ իյնային իրաւ, վերջնական, առնուազն ոչ-հին խօսքեր։ Գիրքին երկրորդ մասը կը հերքէր այդ սպասումը։ Ալիշան հաւաքածոյ մը միայն կազմած էր, տեսակ մը դասագիրք։ Ու հայոց պատմութիւնը կը մնար, անոր մտքին մէջ հոն, գտած էր զայն այդ միտքը, պատանութեան դռներուն։ Ահա տռաման, իր պարզագոյն ձեւին տակ։ Թէ գիրքին երկրորդ մասը գործնական նոյնիսկ բարերար վկայութիւն մըն է, կը մնայ անբավարար այս կորանքը դիմաւորելու։

Մօտ կէս դար է անցել այդ գիրքէն։ Բայց Համապատկերը չի բաժներ հասարակաց հիացումները որքան ուրացումները։ Ա. յղ գիրքը հայոց գրականութեան վրայ յաւելում մը չէ անշուշտ։ Բայց ունի Ալիշանը լուսավորելու, հասկնալու արարքներուն մէջ շատ աւելի տարողութիւն քան Նուագքները։ Մարդ անկէ կ՚առնէ այն տպաւորութիւնը ինչ որ ուզած է տալ Յուշիկքներու քիչ մը թուլիկ, արձակ ճարտարապետութիւնը։ Երկիրն ու մանաւանդ ժողովուրդը, այսինքն ասով առաջաւոր դասերը կը սեւեռուին ձեր ներսը, ուրուային, բայց ամբողջական։ Ու ասիկա բարիք մը կը նկատեմ, քանի որ այդ համադրական վերկայացումը գործն է բազմաթիւ ազդակներու, մեր պատմիչներուն։

Առաջին մասը ուրուագիծ մըն է հայոց մատենագրութեան։ Այս հաստատումը իր ամբողջ կշիռը կը ստանայ երբ տրուի ութսունամենի վաստակաւորին իբը վերջին պսակը, իր յիշատակի խորանին։ Ու հարցումը, ինքնաբեր որքան անդիմադրելի։ Ի՞նչ է հայոց մատենագրութիւն կոչուած կախարդական հեքիաթը, իր խորքին մէջ: Պատասխանը կուգար քուրմէ մը, նահապետ է մը, այդ հէքեաթը նեարդ առ նեարդ ապրած հզօր անապատական է մը։ Ու այդ պատասխանը դառնութիւն էր ու փոշի։ Ինչո՞ւ: Չենք գիտեր։ Ալիշան շինած է այդ ուրուագիծը աւանդական հասկացողութեամբ, առանց քննական, քննադական անդրադարձումներու որոնց հանդէպ անընկալուչ է, տառապելու աստիճան [7], մեր հնութեան մեղքերուն համար իսկ ներողամիտ յարգալից հոգեբանութեամբ։ Տարօրինակ աբբա՞ն, որ կարդացած է ամէն բան, ոչինչ սորվելու հերոսական մտադրութեամբ։ Այնպէս ինչպէս տրուած են հայոց պատմիչներուն կեանքի գիծերը, կշռուած՝ արժէքները, հիացուած` անոնց միամիտ ու տրտում գեղեցկութիւնները, բոլորը մէկ ստիպուած եմ արժեւորել իր հաւատքի կաթումներ: Այս անկիւնէն դիտուած, ա յդ ուրուագիծը միտքը գործ մը ըլլալու տեղ սիրտի պարտք մըն է անտարակոյս։ Բայց որքան պիտի ուզէինք որ երկուքն ալ  կենային այդ վերջին գործին մէջ։ Չեմ տառապիր այս դժբախտութեամբ: Ալիշան քննադատ մը չէր կրնար ըլլալ։ Իր հաւատքը զօրաւոր արգելք մըն էր այդ ուղղութեամբ: Հայոց պատմութեան հասկացողութիւնը, հորիզոնները չեն ազդուած անկէ։ 

Այսպէս չէ պարագան Շնորհալիի վրայ իր ուսումնասիրութեան որ երկար ատեն շքեղ նմոյշ մը իբրեւ փառաւորուեցաւ նորասկիզբ մեր գրական, քննադատական ուսումնասիրութեան։ Իրական է որ Ալիշան այդ հատորին մէջ ըլլայ դրած ձգտում, յաւակնութիւն, գրական որքան պատմական, կենսագրական որքան վերլուծական եղանակներու վրայ շահարկութիւն մը (Յուշիկքներուն Յովհան Երզնկացին, Սահակ Պարթեւը, մանաւանդ Սիսուանի Ն. Լամբրոնացինին այդ յաւակնութեանց հաղորդ, անոնցմէ նախատիպար կամ զանոնք լրացնող աշխատանքներ են)։ Միւս կողմէն մեզի ծանօթ են իր յաւակնութեանց տեսակարար տարողութիւնը, իր ձգտումներուն պարունակը։ Ալիշան նորին մարդը չէր կրցած ըլլալ, այնքան հինին վրայ կատարուելիքը անկատար կը գտնէր իր օրերուն։ Գրագէտ մը, հաւաքիչ մը, բանասէր մը, բանաստեղծ մը քով քովի չեն կրնար ապրիլ մէկ ուղեղի մէջ։ Այսքանը մենք այսօր կրնանք ըսել դառն կորանքներէ վերջը։ Մարդկային ընդունակութիւններն այլ ենթակայ են սահմանին։ Հսկայ վաստակը Ալիշանին կը վկայէ իր ցանկութիւններէն։ Ինչ որ երկու երեք սերունդ, մասնաւորուած աշխատողներով ու լայն ընձեռումներով (իրենց գործին նուաճման ի դիւրութիւն) հազիւ պիտի բաւէր իրագործելու, Ալիշան մինակը կարծած է իրագործել։ Շնորհալի եւ Պարագայ իւրը գրական քննադատութիւն չէ, մեր օրերու ըմբռնումով։ Բայց չէ նոյն ատեն աժան կենսագրումը 1850ը կանխող մեր գրողներուն։ Ալիշան հաատացած է թէ կը գործադրէր մեր գրական նախանիւթին վրայ ԺԸ. դարու հռետորական հռետորութիւնը` գիրքերէ անջատուած օրէնքներու գրութիւն մը որ յիսուսեաններէն (ԺԷ. դար) մուտք գործեց ուսուցման մէջ քննադատութեան տուիքները գործած եւ հայոց պատմութեան ամենէն խռովիչ դէմքերէն մէկուն վրայ։ Ու կուտար յագուրդ, այդ ձեւով, իր մէջ անհուն ախորժակով մը ապրող հմուտին, միշտ առաջին գիծի մնալ ցանկացող բանաստեղծին (որ տաղաչափ չի նշանակել հոս այլ՝ երազող), իր միտքը անընդհատ չարչարող պատմիչի իր փառասիրութեան ու թերեւս պարկեշտ ալ իր փափաքին մեր պատմութեան դժուարաթափանց խաւարէն դուրս քաշելու քաղցր, պայծառ, լուսապսակ դէմքեր որոնք արդէն աւանդութեան ծիրանիով իրենց սրբութիւնը, իրաւութիւնը, հայութիւնը, մեծութիւնը ազատագրած էին հասարակաց յարգանքին, հիացմունքին ներսը։

Բայց այդ գիրքը արժեւորել իբրեւ փորձ մը (եւրոպական իր իմաստով՝ essais) մեր օրերուն կը բախի մէկէ աւելի դժուարութեանց։ Զայն ընդունիլ ամբողջական յուշիկ մը` պիտի նշանակէր անտեսել թաքուն փառասիրութիւնը հեղինակին որ գրած է այդ հատորը գրական վստահութեամբ մը։ Չեմ բանար փակագիծ, Մխիթարեան հասկացողութիւնը վերլուծելու այդ մարզին վրայ: Գրականը ամենէն տկար երեսն է այդ մտայնութեան մէջ։ Բայց Շնորհալի եւ Պարագայ իւրը հաղորդ է բանասիրական, պատմական, հմտական, վիպական, մեկնական, բանաստեղծական, հաւաքչական, քննադատական velléitéներու, որոնց բոլորէն կայծեր կը զգանք այդ Միաբանութեան զանազան ներկայացուցիչներուն մէջ բայց որոնք ամենէն համադրական նշուլումները ունեցան Ալիշանի մօտ. Մենք, աւելի մասնաւորուածներ, կը սեղմենք մեր ծիրը (փառասիրութեանց) ու կը մնանք զգոյշ մեր հասողութենէն վեր ճիգերու հանդէպ։ Ալիշանին գերագոյն պակասը ստեղծումին, նորոգումին զգայարանքներէն իր տկար ըլլալն էր։ Ասիկա ըսուեցաւ ասկէ առաջ։ Հո՞ս։ Ուրիշ կէտէ չէ որ կուգայ դժուարութիւնը, Ալիշանը անտարազելի ընող ամենէն բարդ կնճիռը։ Անհուն այս գիտցողը, նոյնքան խորունկ այս զգացողը` ինչո՞ւ չըլար գէթ միջակ ստեղծող մը։ Վասնզի միայն այս գինով է որ հմտութիւնը կը վերածուի առնուազն տանելի յարդարանքի մը, զգացումը կ՚ազատի իր զանցումներուն թացիկ տրտմութիւններէն։ Կը հասկնա՞ք արդեօք թէ ինչ սրտառուչ, ինչ շքեղ, ինչ հրաշալի նիւթ մըն է Ներսէս Շնորհալին, բայց ոչ Ալիշանինը, այլ ա՛ն՝ որ եղել էր այդ դարուն, կամ կ՚ուրուանայ Ալիշանի իսկ էջերէն, բայց կը խուսափի մեր սեւեռումէն վասնզի անոր կենսագիրը ի՜նչ խեղճ է բառը կ՚աշխատի գիրքերու, վկայութիւններու դպրոցին մէջ ու կ՚անգիտանայ եթէ չ՚արհամարհեր կեանքին դպրոցը: Ալիշան պատմած է այդ մարդը իր բոլոր երեսներով, սպառիչ մանրամասնութեամբ մը աշխատանք մը որուն համար անիկա ոչ միայն չէ տառապած, այլ զոր կատարած է իրաւ հեշտանքով, պաշտպանուած` տիպարէն, իր բոլոր ակնկալութիւններուն լայն ու լայն գոհացում բաշխող։ Սուրբեր շա՜տ՝ Յայսմաւուրքին մէջ։  Բայց շատ քիչ` թիւը անոնց որոնք այդ սրբութիւնը վաւերատիպ ընէին իրենցմէ անսուտ ալ վկայութիւններով, իրենց իսկ ձեռքէն ելած վաւերագրերով։ Գիրքը կը կարդացուի առաւելապէս սա կեանքին լոյսովը լուսաւորուած ըլլալուն: Բայց մարդ մը առանձնութիւն մը չէ։ Շնորհալին կը պատկանի նախարարական տունի մը որուն մէկ թեւը կը սիրեն մարդիկ մինչեւ Պարթեւները իջեցնել: Տունն է նոյն ատեն քանի մը կաթողիկոսներու, եպիսկոպոսներու: Կը պատկանի գարու մը ուր հայոց պատմութեան յուզումնառատ դրուագները իրարմէ արագ կը յաջորդեն, կազմելու համար ծանր հանդէսը պայքարին, արիւնէ, իմաստէ, երկինքէ ու դժոխքէ ողողուած հաւասարապէս։ Մինակ այդ հարցերը [8] իրենք իրենց պիտի բաւէին, երբ իյնային անհրաժեշտ լուսաբանու թ եան, այդ հատորը ընելու մէկը ամենէն շահեկան նուաճումներէն։ Ալիշան ամբողջ է հմտականին մէջ։ Հագած է, իր տիպարը, եթէ կը ներէք այս բացատրութիւնը։ Յստակ կը տեսնէ դարը ու ասոր հանգամանքները լաւ են դասաւորուած իմ մտքին մէջ։ Բայց գիրքը չի բարձրացած արուեստի, ինչպէս չէր բարձրացած այդ արուեստին Յուշիկքը, պատմական հսկայ միւս ձեռնարկները (Սիսուան, Շիրակ եւ այլն) որոնց աւագ մեղքը, անկատարութիւնը՝ այդ երկդիմի հանգամանքն էր ընդմէջ արուեստին ու հմտութեան։ Շնորհալի եւ Պարագայ իւրը փարթամ դէզ մըն է հաւաքուած իրեղէններու ուր չըլար գործած ճաշակը, ընտրական զգայարանքը արուեստագէտին։ Բայց, ինչպէս որ կը կարդանք Յուշիկքները, հոն բաբախուն սէրէն գրառուած, կը կարդանք Շնորհալին` դարուն, անձնաւորութեան ու հարցերում ներգոյակ (intrinseque) հրապոյրէն տարուած։ Որքան տարբեր պիտի դուրս գար իմ գրիչէն Ալիշանի նկարագիրը եթէ երբեք արտօնուէի այդ հատորը օգտագործելու անոր մօտ արուեստագէտի մը անառարկելի փաստին, որով միայն գրականութեան պատմութիւնը կրնայ վարձատրել  իր սպասարկումները: Ո՛չ գրական քննադատութիւն, գէթ այն ձեւով որ ա՛լ քլիշէ է դարձած արեւմտահայ կամ արեւելահայ գրականութեանց մէջ։ Ո՛չ չոր ու ցամաք կենսագրական հետազօտում որուն տժգոյն, անհրապոյր նմոյշները այնքան առատ բուսան Վիեննա։ Ոչ նորոգող թափանցում որով միայն իրողութիւնները թուղթէն կ՚ազատագրուին ու կ՚ըլլան կեանք, մեր աչքերուն առջեւ ու մեզ կը համակեն։ Շնորհալի այս ամէնը արտօնող դէմքն էր հայ միջնադարին։ Ու չէ նուաճուած Ալիշանի գրչին տակ։ Մէյմէկ քի՛չ այս ամենէն։ Այո։ Ու դուք ունեք լրիւ պատկերը այդ գործին։ Անշուշտ համբաւը, ազդեցութեան շրջանակը, իրմով գործուած բարիքն ալ դեր մը ունին գիրքը ազատելու սկզբնական իր միջակութեան դատակնիքէն, բայց այդ բարիքը իբր փաստ ալ կը պարտադրեն գրականութեան պատմութեան որ մանտարինեան նրբութիւններու թանգարան մը չէ միշտ: Ահա թէ ինչո՞ւ գէշ գրուած, նոյնիսկ հազիւ միջակ գիրք մը, օրինակի համար՝ Աղբար Թովմասի տնակը, դասուի մարդկութեան բարիքներէն մէկը քանի որ մարդկութեան պատմութեան մէջ մեծ արարքներու զսպանակ ծառայեց: Չեմ գիտեր, Ֆլոպէռի Մատամ Պովառին կարդացող կիներէն քանի՞ հատը մտածեց հրաժարիլ իր ժամադրութիւններէն։ Ու գիտնալու էք հարկաւոր այդ վէպը սեռին գլուխ-գործոցը կը նկատուի իր դարուն։ 

Ինչ ալ ըլլան իմ վերապահութիւնները Յուշիկքներու թացիկութեան, միջակութեան, երբեմն նոյնիսկ տափակութեան առ նուազն շնորհալի կառոյց մը ըլլալէ զինքը արգիլող հասարակութեան հանդէպ, Ալիշանի այդ գիրքը կ՚ապրի։ Ըսի ասիկա։ Ի՛նչ ալ ըլլան իմ՝ դժգոհութիւնները Հայապատումին Ա. մասին հասցէին, գիրքին երկրորդ մասը կը կարդացուի վկայաբանական ապրումներով։ Հոն են մեր բոլոր պատմիչները մինչեւ Ժէ. դար։ Ու հոն են յաճախ հասարակաց նիւթերու վրայ, ներկայացնելու ասոնք համաձայն իրենց խառնուածքներուն ու ցեղային զգայնութեան միջինի մը։ Դրէք այս նորութեան քով նորոգող իմացականութեան մը նպաստը, դուք պիտի ունենայիք ձեր ժողովուրդին caleidoscopeը։ Դրէք այդ գիրքն առաջին մասի համար քննադատական զգայարանք մը, դուք պիտի ունենայիք գրուած մեր մատենագրութեան առաջին մեծ բաժանումին կերպարանքը։ Բայց մենք պարտաւոր ենք մեզի տրուածը արժ եւ որել ջանալ։ Հայապատումը հաւաքածոյ մըն է ու չէ։ Առնուազն բարիքն է մեր դարերու կտորները համադրական ձեռնարկի մը համար գործ ածուելէն առաջ եկած։ Ինչ ալ ըլլան իմ վերապահութիւնները, Շնորհալիէն, ա յդ գիրքը քաղցր սփոփանք մըն է դաս մը մարդոց, որոնք իրաւ էին հարիւր մը տարի առաջ։ Կը սիրէին մեր սուրբերը, պապենական զգացումներու ցուցմունքներով թերեւս, բայց աւելի էին քան մեր օրերու հոգեւոր արթնութեամբ փառասիրող հիւանդները, անծակ տգէտները ու ան միւսները որոնք Կիպրիանոսի պատմութիւնը եւ Յովսէփ Գեղեցիկը միայն իբրեւ գիրք ունեցան իրենց աչքերուն տակ՝ պատանի, երիտասարդ, ծեր։ 

 

* * *

Հազիւ պիտի մօտենամ հաւաքիչին, գիտունին, պենետիկտէնին, հմուտին, վարդապետին, բարոյախօսին, վարժապետին, յօդուածագիրին (քանի մը հատորիկ լեցնելու չափ զանազան առօրեայ հարցերու շուրջ Ալիշան Բազմավէպին մէջ ստորագրած է բաւական ծաւալով գրութիւններ), կրօնականին, տպագրիչին, թարգմանիչին, որոնք բոլորը եղաւ անիկա իր երկար կեանքին մինչեւ վերջին րոպէն, միչեւ քանի մը հատը մէկ անգամէն։ Ու երբ ըսեմ թէ սա պիտակներուն թելադրած աշխատանքներէն իւրաքանչիւրը առանձին առանձին երբեմն քանի մը կեանք կը լեցնեն, դուք մօտիկն էք հասկնալու թէ իրականին մէջ որ աստիճան ընդարձակ (ուրիշներ ըսին անհուն) մարդ մըն էր փոքրածաւալ այդ աբբան։ 

Այդ պիտակներէն ամէն մէկը արդարացնող գրաւականներ առած է անկէ մեր մշակոյթը։ Հոս թուումը չեմ դատեր անհրաժեշտ։ Գրականութեան պատմիչը պիտի գորովի սա աշխատաւորին անսպառ թափէն բայց պիտի յիշէ միայն, օրինակ իր Հայ Վենետը, Արշալոյս Քրիստոնէութեան ի Հայս, Հայաստանն յառաջ քան զլինելն Հայաստան, Կամենից, Հին Հաւատք Հայոց (500 էջը անցնող հատոր մը ), Հայ Բուսակ (700 էջը անցնող բուսաբանական ուսումնասիրութիւն), Աբուսահլ Հայ (արաբագիր պատմիչ մը որ պատմած է Եգիպտոսի վանքերն ու եկեղեցիները), Սնունդք սրտի եւ հոգւոյ (ծայրաքաղք՝ ի սուրբ գրոց եւ ի հարց եւ ի հոգեկրաց), Հայկական աշխարհագրութիւն, Քաղաքական աշխարհագրութիւն (հազարի մօտ քառածալ էջերով) եւ իտալերէն, ֆրանսերէն թէքնիք աշխատանքներ, առանց արտօնուելու ատոնց ալ վերլուծումին։ Ոչ ալ դատում: Անոնք դուրս են գրականութեան պարունակէն։ Տեղագրութիւնները (Սիսուան, Շիրակ, Սիսական, Այրարատ) զիս զբաղեցուցին այն գլխաւոր փաստին պատճառով որ Ալիշանի զգայնութիւնն էր, խառնուածքը` այդ ուսումնասիրութիւններուն շատ մը տեղերուն մէջ գրական ջերմութիւն մը ծորող։ Թէ այդ զգայնութիւնը վնաս մը բերա՞ծ է այդ աշխատանքներուն գիտական հարազատութեանը, դարձեալ կը զանցէ իմ աշխատանքիս սահմանները։ Գիտեմ միայն որ Սրուանձտեանց, որ Ալիշանէ աւելի համեստ ծրագիրով մը ինքզինքը նուիրած է այդ հայրենիքին տեղագրութեան, առատ իր զգայնութեան անտեղի շեղումներով դանդաղեցուցած է ուսումնասիրումէն գնացքը։ Վանեցի վարդապետին զեղուն խառնուածքը, միշտ առաջին բլանի, թէ եւ վարակիչ, վերջ ի վերջոյ կը յոգնեցնէ։ Յետոյ, Ալիշան չէ փառասիրած Վիեննական սառնասիրտ վերծանումը։ Կայ ուրիշ ալ պարագայ։ Ալիշան կը տառապի կրօնական ալ տառապանքով։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ արդի գիտութեան, միջոցներուն լոյսը պարտաոր է միշտ պատշաճեցնել կրօնական իր հանգանակին, որ կը նշանակէ զանոնք մերժել երբ անհամաձայնութիւն մը ըլլայ զգալի նոր փաստերուն ու հին դեպքերուն յարաբերութեանց մէջ։ 

 

Հմտական այդ վաստակը ի՞նք իր մէջ։ 

Անիկա անհրաժեշտ նախանիւթ մըն է, մեր հայրենագիտութեան շտեմարանը։ Չեմ սեղմեր թելադրանքին ծիրը.: Պատմութիւնը (ազգերու) նորոգուած է երեսուն դարերու դէզերուն ներքեւէն նոր երեւան գալով։ Ալիշանի Հին Հաւատք Հայոցը չէ նորոգած հայ աստուածներու պանդէոնը: Հայ Վենետը չի տար միջին դար մը։ Հայ Բուսակը բառարան մըն է։ Ասոնք աւելի քան իրաւ վճիռներ են: Բայց նոյնիսկ այդ պարագային Ալիշանի այս վաստակը շտեմարանեան առաքինութիւն մըն է։ Չեմ զառածիր այս թիապարտի աշխատանքին դերը ողբալու հարազատ ստեղծումներուն անբաւարարութեան իբր ազդակ։ Մարդիկ կ՚ընեն իրենց կրցածը միայն։ 

 

Ձեռագիրնե՞րը։ 

Հ. Ղազիկեան իր Հայկական Նոր Մատենագրութան մէջ քսանէ աւելի ձեռագիրներ է յիշած, ոմանք վտիտ, ուրիշներ ահարկու ծաւալով։ 

Ահա քանի մը անուններ։ Հայ Եկեղեցի (եկեղեցական պատմութիւն մը չէ, այլ եկեղեցականաց մասին կցկտուր տեղեկութեանց հաւաքածոյ։ Կազմուած է 56 Մեծ ադիր էջերէ)։ Ժողովք (Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ժողովքներուն պատմութեան համար հաւաքածոյ մըն է)։ Հայ Վանորայք յԵւրոպա (պատկառելի հաւաքածոյ մըն է այս ուր խտացած են Եւրոպայի մէջ գտնուած ամէն վանքերու, եկեղեցիներու, սուրբերու նկարագրութիւնն ու պատմութիւնը)։ Անկազմ Հայկարան (հայ վկայաբանութեան, եկեղեցական պատմութեան, քաղաքական եւ աշխարհագրական պատմութեան վերաբերեալ քաղուածքներով կազմուած)։ Փռանկ Պատմիչք (... պատմական կտորներ որոնք կը վերաբերին ամենէն աւելի մեր Կիլիկեան պատմութեան)։ Կոնդակք (հսկայ, մեծղի հատոր ուր Հ. Ալիշան ամբարած է Հռովմայ քահանայապետից, մերազնեայ կաթողիկոսներու, թագաւորներու, եպիսկոպոսներու յղած կոնդակներու եւ անոնց պատասխաններու օրինակները, բնագրին լեզուով)։ Յիշատակարանք (պատկառելի եւ հոյակապ վաստակաց եւ յամառ կորովի տոկունութեան արդիւնք…, մեզի ծանօթ եւ անծանօթ հայ գրչագրաց յիշատակարաններու հաւաքածոյ, երեսունըհինգ մեծադիր թերթերէ. իւրաքանչիւր թերթ ունի քսան մանրատառ էջեր)։ Թուղթք եւ դաշինք (եւրոպական պետութեանց` մեր ազգային գործոց հետ ունեցած վերաբերութեանց թուղթեր եւ դաշնադրութիւնք)։ Հայ-Վենետ, տպուածէն զատ (ամբողջովին երբ տպուին՝ կը կազմեն Սիսուանի ծաւալով վեց կամ ութը հատորներ, ու դալար ժամանակէն մինչեւ ծերութիւն շարունակուած աշխատանք)։ Առձեռն Բառարան (ծանօթէն պակաս հազարաւոր բառեր հաւաքած է)։ Իմաստուն Զրոյցք (եօթը տետրներու մէջ մանրիկ տառերով եւ խիտ տողերով մարգարտաշարը ժողվեր է ընդհանուր ազգաց եւ մերազնեայ հեղինակաց իմաստուն խոսքերը ուսկից միայն կրօնական մասերը քաղելով՝ հրատակած է Սնունդ Հոգւոյ անուամբ գիրքով)։ Սուրբ Խաչ (Վենետկոյ Ս. Խաչ ազգային հին գաղութի հաստատած եկեղեցւոյ ընդարձակ պատմութիւն)։ Հայաստան (ստուար, մեծադիր գիրք մըն է ուր ամբարած է Հայաստանի վերաբերեալ ամէն տեսակ գրական նիւթերու ճոխ ատաղձներ)։ Հայկարան (ութը հսկայ հատորաւոր գրչագիր մատեաններ որոնց մէջ իր ամբողջ գրական կենօք, անդադար դիզեր է մեր ամբողջ նախնի մատենագրաց պատմական, աշխարհագրական, աստուածաբանական, կրօնական, իմաստասիրական, եկեղեցական, քաղաքական եւ այլ զանազան ճիւղերու վերաբերեալ լիառատ պատմութիւնը զոր ընդօրինակած են իրեն հասակակից եւ կրտսեր եղբայրները)։ Տեղագրականք։ Եւրոպայի հայ սուրբեր։ Զանազանք (ունի բազմաթիւ անտիպ կրօնական ճառեր եւ խրատական գիրքեր որոնք իր բնատուր բանաստեղծական խանդով գրուած են, ոճը՝ բարձր, յուզիչ, զգայուն եւ ազդեցիկ: Այս զանազան գրուածոց մէջ կը դասենք բազմաթիւ մեծ ու փոքր յուշատետրներ ուր իր հեղինակութեանց համար նշանակված է աշխարհագրական, վիճակագրական, կենսագրական ցանկեր, թուականներ, անհամար տեղեկութիւններ)։ . Արսեն Ղազիկեան, Հայկական Նոր Մատենագիտութիւն եւ Հանրագիտարան)։ 

Գլխու պտոյտ տուող սա արդիւնքին վրայ սա վկայութիւնները (փակագիծի մէջ) չեմ շահագործեր, քանի որ անիմաստութիւն է լոյս չտեսած եւ անձամբ չկարդացուած գիրքերու վրայ դատաստաններ, եզրակացութիւններ գործադրել: Բայց անունները (գործերէն), այդ ծաւալները, այդ բազմազանութիւնները, խնամքը, կիրքը՝ այդ ամէնը «դալար օրէն մինչեւ ցծերութիւն չդալկացող», ինքնին տպաւորիչ են որպէսզի լոյս տեսածներուն իմաստը անոնցմով անգամ մըն ալ բարձրանար։ Ոչ մէկ անուն հայ գրականութեան մէջ յաջողած է իրագործել սա վաստակը, սա տարածութեամբ: Արդար, մակդիրը անհուն որով պատուած են զինքը։ 

Իր յոբելեանը նոյնքան անհուն ցոյց մըն էր, այդ վաստակին արձագանգ տպաւորութիւնները համադրող: Իր գործին շուրջը ստեղծուած ընդարձակ գրականութիւնը զիս չի խանդավառեր սակայն, քանի որ վկայագրական տարողութիւն ունի առաւելապէս ու անվաւեր է՝ ուղիղ դատողութիւնը վիրաւորելու աստիճան։ 



[1]       Իրողութիւն է որ Վենետիկեան հայրերը չեն բարձրացած պատմութեան վերանորոգ յղացքին։ Հայկ Դիւցազնը հայոց գրականութեան սպասը ընելու, իր փառասիրութիւնը կը յաւակնի պաշտպանել հայոց ալ պատմութեամբ։ Վիեննական թեւը, պատմութեան հանդէպ՝ աւելի պարկեշտ կեցուածք է որդեգրած, բայց չէ բարձրացած դարձեալ վերանորոգ յղացքին։ Գիտական ճշգրտութինը, բնագիրներու ստուգումը անոնց մօտ վայելած է իրաւացիէն աւելի յարգ, իրենց մերժել տալու չափ բուն պատմութիւնը որ կեանքն էր ամէն բանէ առաջ։ Աւելի անդին այս տարբերութիւնը կը ստանայ բաւարար լուսաբանութիւն։

[2]       Այսօր մենք իրմէն աւելի քանի մը բեւեռագիր ենք կարդացած ու չի գրուած Հայոց Պատմութիւնը, հակառակ Ազգային Մատենադարանի (Վիեննական դպրոց) հարիւրը անցնող հատորներուն, արեւելահայ շատ իրաւ ճիգին, Խորհրդային Հայաստանի հզոր միջոցներուն, այդ փառքը արժանաւորութեամբ նուաճելու: Կը խորհիմ թէ արդիւնքի սա նիհարութիւնը մեզ ընելու էր աւելի զգաստ մեր փչողապաշտ յօրինումներուն մէջ։ Շնորհալի եւ պարագայ իւրէն մօտ երեք քառորդ դար վերջը գրուած Եղիշէ մը . Ն. Ակինեան, որքան կը մնայ տժգոյն, անյարիր, մանաւանդ անիմաստ, թէ իբրեւ մարդերու յօրինում, թէ իբրեւ իրողութեանց հանդէս, դէպքերու պարագրկում ու մանաւանդ իբրեւ խելք, եթէ պահ մը մոռնայինք Հ. Ն. Ակինեանի արտայայտութեան անկանգնելի տափակութիւնը։ Ու կ՚ըսեմ խորունկ համոզումով որքան անկեղծութեամբ «Ալիշանի ռոմանթիզմը հարիւր անգամ կ՚արժէ աւելի քան Վիեննական դպրոցին անկշռելի տափակութիւնը, պանդոյր անզգածութիւնը ոճի հարցին մէջ ու գիտական ըլլալու սնոտիքը, երբ այդ գիտութիւնն ալ չանցնիր քանի մը թիւի, թուականի, անունի սրբագրութիւնը:

[3] Չեմ կարող ծանրանալ, վերլուծական եղանակ մը փորձելով։

[4]       Հանրի Պրէմոն իր մեծաշուք ուսումնասիրութեանց մէջ (Le Sentiment Religieux en France) կ՚ընէ ճշդումներ, մերձեցումներ սրբութեան տարողութեան մասին եւ իմ տեսակէտը ոչ սրբախոսական եւ ոչ հոգեբանական, ոչ ալ ախտաբանական։ Ալիշան աբբայ մըն է ու կը հաւատայ, խորունկ, իրաւ հաւատքովը միջնադարեան պենետիքտէնի մը։ Յետո՞յ: Բայց մեր օրերուն որ քան շա՜տ է թիւը ցաւագարներուն որոնք աւետարան մը անութին ներքեւ կը թափառին խանութէ խանութ Պարթեւեանին բառովը Տէր ծախելու։ Ու որքան կսկծագին հոգեւոր արթնութիւն որակուած հիւանդութեան զոհերը որոնք երկինքը իրենց մենաշնորհ մը ընելու եռանդին մէջ սրբութեան մօտիկ արարքներու տպաւորութեան մը կը բարձրանան։ Ալիշան ոչ հոգեւոր արթուն մըն է ոչ միսիոնար մը։ Այլ մա՛րդը՝ որ իր կեանքը կիսած է երկու մեծ կիրքերու սնուցումին։ Ասոնցմէ մէկը կիրքն է իր հայրենիքին, անոր պատմութեան, ասոր փառքին, ասոր պաշտամունքին: Միւսը՝ իր Աստուծոյն։ Առաջին կիրքը իրեն թելադրած է իր անհուն վաստակը, - իր գիրքերը։ Երկրորդով անիկա կը բարձրանայ մարդկայինէն անդին բայց չի բռնանար, այդ ամբարձման փառքին սիրոյն՝ իր վրայ, մանաւանդ մեր վրայ: Սուրբերը հերոսներ են, այսինքն յընդհանուրն յարձակողական ոգիով հարուստ գործողներ: Ալիշանէն իր կեանքէն մեր գիտցածը՝ հէքեաթ է։ Իր գործերէն իր անձին շուրջը մեր հաւաքել կրցածը քիչ բան։ Ենթադրական նամակ մը քերթուածի ձեւով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանին թելադիր է որոշ կարծրութեան որ կը զարմացնէ իր մասին մեր կազմած մտապատկերը մեր մէջ։ Տրուածին պայմաններուն մէջ Ալիշան իր հայրապետները յօրինելու ատեն լաւագոյն տարրերը այդ աշխատանքին իր ներսը ունէր տրամադրելի։ Ու գործ չի մը յաջողութեան համար մեծ է այս նախատարրին դերը։

[5]       Այս կտորներուն մէջ հմտութիւնը չեմ արհամարհել։ Բայց կը շեշտեմ անոնց ձրիութիւնը։ Ինչպէս որ Բիւզանդական կայսրերը չէին նորոգուած, տոմարական այս գիտելիքներն ալ չեն դարձած կարդացուելու արժանի յօրինումներ: Ալիշան լրջօրէն կը հաւատայ Հայաստանի եւ մէջ մարդկութեան սկիզբին հէքեաթին։ Ատիկա իր միամտութեան մէկ կերպարանքը դաւանիլ չի լուծեր այդ կտորներուն գրական, մանաւանդ գիտական վրիպանքը: Այս անհուն հմտութիւն ամբարող անբան անհուն միամտութիւնն էր միւս կողմէն։

[6] Արեւելահայ զարթօնքը ազգային գիտակցութեան զարթօնք մը ըլլալէ աւելի ազգային իմացականութեան զարթօնք մըն է։ Աբովեանի գործը՝ գրողները շահագրգռեց։ Զանգուածը պիտի ըլլար, հոն, հաղորդ ազգային զգացումին երգերով, ճառերով, մանաւանդ վէպով։ Հիւսիսափայլ։ Այո։ Բայց մանաւանդ Մշակն ու Րաֆֆին։

[7]       Ահա իր բառերը Հայապատումին յառաջաբանին « ... Իսկ թէ հարցուի, ինչո՞ւ այս եւ այն Յօդուածներն են ընտրուած եւ ոչ այլք նմանիք կամ լաւագոյնք, այդոր պատասխանը նոյնինքն հարցընողին թողում, զոր՝ եթէ ինքն այլ ուզէ այսպիսի ինչ հաւաքել, յառաջագոյն պատրաստ է տալու պատասխանը իրեն հարցընողաց։ Այսպէս այլ իմանայ խնդրողն՝ թէ ինչո՞ւ այդչափ միայն քիչ կամ կարճ ծանօթութիւնք գրուած են մեր Պատմութիւնը պարզելու, ստուգելու, եւ այլն, այսչափ կ՚ըսեմ կամ կրկնեմ որ իմ նպատակս չէր պատմութեանց ստուգութիւնը քննադատել, ինչպես հիմայ կ՚ընեն ո՛չ սակաւ բանասէրք մեր (իմաստութեամբ եւ իմացեականութեամբ եւս, չափով եւ չափազանց), այլ մեր հեղինակաց հաւատքն եւ կարծիքը ներկայացընել, աւելի իրենց պատմական ոճը դիտելով քան գիտութիւնը…»։

[8]       Ահա ձեզի պզտիկ ցուցակ մը Կաթողիկոսական Աթոռի փոխադրութիւն։ Գերութիւն Ա. Լեւոնի։ Անտիոք եւ Երուսաղէմ՝ ժողովի տագնապ։ Աղուանից կաթողիկոսութեան տագնապ։ Բանագնացութիւն Հռովմայ հետ։ Առումն եւ կոտորած Եդեսիոյ։ Խաչակրութիւնք։ Կիլիկիոյ գրաւումը Թուրքերէն։ Ռուբինեանց իշխանութեան դժոխքը։ Խնդիր Միաբանութեան (Յունաց եւ Հայոց եկեղեցիներն)։ Եկեղեցական բարեկարգութիւններ: Ընդհանրականը կաթողիկոսացումէն վերջ։ Վանքեր։ Բանաստեղծութիւններ։ Հաւատքի խնդիրներ, եւ այլն եւայլն, որոնց իւրաքանչիւրը հատորներու նիւթ ընձեռելու չափ մարդ ու յորդ կը թուին տակաւին այսօր։