Ա.
ՄԱՐԴԸ
ԵՒ
ԳՈՐԾԸ
Մէկէ
աւելի
անգամներով
կենսագրուած,
ուսումնասիրուած
մարդ
մը
եւ
գործ
մը
Համապատկերին
մէջ
իրենց
տեղը
արդարացնելու
համար
պարտաւոր
են
նորոգուիլ.
—
ըսել
կ՚ուզեմ`
իրենց
շուրջը
կազմուած
կեղեւանքէն
ազատագրուիլ
ու
ձգուիլ
բոլորովին
տարբեր
սերունդ
մը
արժեչափերուն:
Չօպանեան,
իր
անդրանիկ
պատանութեան
մէջ
ստացած
է
—
ձոյլը
իր
հիացքին:
Պիպէրճեան,
թէ
եւ
աւելի
ուշ
հրատարակած
է
իր
հատորիկը
(1914),
բայց
տեսած
է,
մանուկի
անթառամ
աչքերով,
բանաստեղծը։
Երկուքին
ալ
տպաւորութիւնները,
դատաստանները
կը
մնան
հաւատարիմ
այդ
հոգեվիճակներուն:
Յետոյ,
Համապատկերը
չի
կենսագրեր։
Մարդէն
կ՚առնէ
այնքան
մը
տարր
որքան
անհրաժեշտ
է
ա)
իր
գործին,
բ)
իր
շրջանին
հասկացողութեան։
Նորոգո՞ւմը:
—
Բայց
Պէշիկթաշլեան,
իբրեւ
զգայնութիւն,
սփիւռքին
համար
թերեւս
տժգոյն
խորհուրդ,
իմ
սերունդին
մէջ
կը
պահէր
անաղարտ
այդ
խորհուրդին
ամբողջ
փայլը։
Իմ
տողերը
անշուշտ
պիտի
չկրկնեն
միատարր,
միապաղաղ
հիացումը
Չօպանեանին,
ոչ
ալ
Հրանդ
Ասատուրի
ըրածին
նման
փառք
մը
պիտի
յաւակնին
վերակազմել
միջակութենէ
մը
(Զօրայեանի
ընծայուած
լուսապսակը
Դիմաստուերներու
հեղինակէն)։
Այդ
փառքը
1890ին,
1900ին
մեր
ապրումներուն
մաս
կը
կազմէր:
1940ին,
Բարիզի
տղաքը,
օրինակի
համար,
երբ
կը
պաշտպանեն
Պէշիկթաշլեանը
Ադոնցի
դէմ,
գրական
հմտութեան,
լայնամտութեան
հոգերու
կը
մնան
հպատակ:
Կա՞յ,
Մ.
Պէշիկթաշլեանի
անձին
ետին
իրաւ
մարդ
մը,
գործիչ
կամ՝
քերթող,
որ
իր
օրերուն
ճամբովը
ու
ջիղերուն
ցանցովը
ըլլայ
ընդունած
անփոխարինելի
տպաւորութիւններ,
տուած
ասոնց՝
իւրայատուկ
հիւսք,
կերպարանք
ու
ապացոյց
մը
կազմուած
սրբազան
անձնաւորութեան
մը.
—
Անտարակո՛յս։
Կա՞յ,
դարձեալ
այդ
գործին
մէջ,
հոգ
չէ,
թէ
քիչ
քանակով,
մաս
մը
ապրումներու,
միշտ
անոր
օրերուն
ճամբովը
եւ
ջիղերուն
ցանցովը
առնուած,
իւրացուած,
վերակազմուած
ու
մեզի
կտակուած,
մեր
ապրումներուն
հաղորդ
ու
մեր
վայելքներուն
մատչելի
կերպարանքներու
տակ
որոնք
արուեստի
գործերը
կը
բնորոշեն
մեր
ուրիշ
կարգէ
իրագործումներէն։
Անտարակոյս,
դարձեալ։
Ուրեմն
Համապատկերին
աշխատաւորը
նորոգելու
ծանր
պարտքով
մը
չի
տառապիր։
Անիկա
կը
փնտռէ
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան
անունին
ետեւ
իրաւ
մարդ
մը,
իրաւ
բանաստեղծ
մը,
այսինքն
վիճակներ,
որոնք
անհատներու
պատկանելնուն
չափ
ու
թերեւս
քիչիկ
մը
աւելիով,
կը
պատկանին
հասարակաց
հարստութեան։
-
*
*
*
Որբ
մը,
բայց
ոչ
նման
ուրիշներու:
Որբ
մը
որուն
արեան
մէջ
կ՚աճի
մահուան
սերմը։
Մի
մոռնաք
այս
փոքր
լուսաբանութիւնը։
Այդ
սերմը
անշուշտ
միամտութիւն
պիտի
ըլլար
տաղանդին,
նոյնիսկ
հանճարին
ընդունարան
յայտարարել:
Երկաթագործի
մը
տղան՝
Պետրոս
Դուրեան
չեղաւ
այդ
որբը։
Ոչ
ալ
Մեծարենցը:
Բայց
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեանի
մայրը,
մեծ
եղբայրը
մեռան
այդ
սերմէ
զարնուած։
Դերձակին
տղան,
մօրէ
որբ,
մետասանամենի
կը
ղրկուի
Մուրատ-Ռաֆայէլեան
վարժարանը
(1839),
այն
ատեն
Բատուա։
Ձեզի
կը
ձգեմ
փափկակազմ
ու
տարօրէն
քաղցը
այս
տղեկը
մեծցընել,
իր
խուլ,
քաղցր
տրտմութիւններուն
խորը,
բոլորն
ալ
չարաշուք
այդ
սերմին
հեռազդեցութիւնները
իբրեւ,
գործող
անոր
անուշիկ
միսերուն
ալքերուն,
անոր
արեան
վառ
պաստառին
վրայ,
շատ
կանուխէն
Պոտլէռի
դագաղին
ուրուանկարը
կրող…
հիւանդ
տղու
մը
զգայութիւննե՜րը։
Առանձին,
ինքնաբաւ
քերթուած
մըն
է
ասիկա։
Չեմ
մանրամասներ,
ոչ
ալ
աճեցներ
ուսուցիչներու
ազդեցութեան
հաւանական
բայց
երկբայեալ
տուիքները։
Պետրոս
Դուրեան
պէտք
չունեցաւ
Իտալիային,
ոչ
ալ
Միսաք
Մեծարենց՝
Բարիզին։
Չօպանեան
կը
ծանրանայ
այդ
ուսուցիչներէն
Պետրոս
վարդապետ
Մինասեանի
մը
վրայ
որ
հեղինակած
է
գրաբար
ողբերգութիւններ,
ու
իտալացի
ուրիշ
վարժապետներու
ու
ընդհանրապէս
Իտալիոյ
դերին՝
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեանի
տաղանդին
կազմութեան
մէջ։
Բոլոր
ասոնք
կարելիութիւններ,
անբաւական
կը
մնան
բացատրելու
անոր
տաղանդը,
քանի
որ
բանաստեղծ
մը
ԱՅԴ
ԲԱՆՆ
Է՝
ուրիշներէն
տարբերելու
պարտքի
մը
վրայ
ու
քիչ
անգամ
ուրիշ
բան։
Ոչինչ՝
Ալիշանէն
Վարուժանի
վրայ,
եթէ
ոչ
մեղքերը
Մխիթարեան
հռետորութեան
(մասնաւորաբար
Սարսուռներ
անդրանիկ
տաղարանը
այդ
տղուն)։
Բայց
դարձեալ
մի
մոռնաք
գիշերօթիկ
վարժարանի
մը
ապաբարոյ,
անմարդկային
իրականութիւնը,
մասնաւորաբար
ներսէն
զարնուած
որբի
մը
միտքին,
ինչպէս
հոգիին
վրայ:
Ձեզի
կը
ձգեմ
դարձեալ
աշխատանքը
այդ
տղուն
իմացական
ու
հոգեկան
աշխարհները
վերակազմելու
խորհրդաւոր
այդ
մթնոլորտէն
ներս
որ
Մխիթարեան
Միաբանութիւնն
էր
այդ
օրերուն։
Ըսի
թէ
անոր
ուսուցիչները
չէին
կրնար
ազդած
ըլլալ
անոր
բանաստեղծական
յօրինման
—
ամենէն
դժբախտ
միջակութիւնն
է
միշտ
ուրիշները
արձագանգող
ամէն
նորահաս
քերթող
—
բայց
չըսի
թէ
մեր
հոգին՝
դանդաղ
կազմաւորում
մըն
է,
մանաւանդ
մատաղութեան
ամենէն
ընկալուչ
տարիներուն։
Որքան
ալ
մեծ,
բազմարժան,
հէքեաթունակ
փառքեր
ըլլային
Մխիթարեան
բանաստեղծները,
անցնող
դարու
կէսերուն
մօտ,
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան,
անոնց
ճամբովը
շատ
շատ
ավելի
քիչ
խուժ
Թէրզեան
մը
պիտի
դառնար
մեր
հրապարակին։
Այս
մասին
այսքան։
Բայց
մեր
հոգին
միայն
ուսուցիչներու
դէմ
չէ
որ
կը
բանայ
իր
ընկալուչ
ցանցերը։
Այդ
մենաստանին
մէջ
(Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան
Բատուայի
Մուրատ-Ռաֆայէլեանը
աւարտելէ
վերջ,
1845ին,
անցած
է
վանք,
Մխիթարեանց
հարազատ
սրբարանը
ու
կենակցած
ասոր
խորհուրդին
հետ,
շատ
ավելի
խորունկ
սրտակցութեամբ
մը,
կը
հաւատամ,
՝
որքան
չէր
կրցած
ընել
ատիկա
իր
ուսանողութեան
ընթացքին
Բատուա)
աւելի
մեծ,
տպաւորիչ
ազդակներ,
ուսուցիչներ
են
անխօս
փաստերը,
գիրքերը,
նկարները,
նշխարները,
հայոց
գրականութեան,
հայոց
պատմութեան
բոլոր
սուրբերը,
տպագիր
կամ
ձեռագիր
իրենց
պաշտելի
շիրիմներուն
մէջ
յաւէտ
կենդանի,
գրող
կամ
նահատակ,
հայրապետ
կամ՝
աշուղ,
վարդապետ
ու
վանական,
հեռու
հայրենիքէն
ով
գիտէ
ինչ
հրաշախառն
պարագաներու
մէջ,
ինչ
խորունկ
յոյզերու
սարիքով
փախցուած`
հիւրընկալ
կղզիին
պաշտպանութեան։
Ու
նկարներ։
Ու
փշրանքներ՝
պղինձ,
արծաթ,
ոսկի,
խեցի,
բոլորն
ալ
օր
մը
եղած
մատներուն
մէջ
մեր
արքաներուն,
սիրտին
մօտիկ
մեր
տիկիններուն։
Ու
խաչ
ու
խաչվառ։
Ու
գիր
ու
փոշի։
Այս
ամէնը
չեն
մեռած,
չեն
կրնար
մեռնիլ,
քանի
որ
ամէն
մատաղ
աբբա
այդ
մասունքները,
փոշիները
համբուրած
ատեն,
անոնց
կը
հաղորդէ
իր
արիւնէն
պուտ
մը
կրակ,
զանոնք
ջերմացնելու
բանող։
Ու
տակաւին
կը
խորհիմ
թէ
գիրքերու
էջերէն
մանրանկար
սուրբերը,
ժամուն
պատերէն
մեծադիր
հայրապետները
երբեմն
երբեմն,
մանաւանդ
ձեռնադրութեանց
սարսռուն
օրերուն,
կը
լքեն
իրենց
մագաղաթեայ,
ոսկեայ
տապանակները
ու
կ՚ելլեն
պտտելու,
փնտռելով
նախասահմանուած,
տժգոյն,
Դուրեան
պիտի
ըսէր
դալկահար
տղաքը
ու
կը
մտնեն
անոնցմէ
ներս,
անոնց
փսփսալու
անմահ
հէքեաթը
իրենց
անմահ
ժողովուրդին
ծոցէն
սաղմնաւոր,
ու
կը
հանդերձեն
զանոնք
սրտառուչ
պատարագին,
անձին
զոհին,
հայրենիքին
կեանքին
համար,
գրողի,
ուսուցչի,
զինուորի
վարդապետի
լուսապսակ
կերպարանքներով…։
Այսպէս
է
որ
կ՚ազդեն
մեր
հոգիներուն
վրայ
կարգ
մը
տեղեր,
—
ամայք
կամ
ոստանիկ,
դամբարան
կամ
մատենադարան,
վանք
կամ՝
աւերակ:
Ու
այսպէս
կ՚ազդեն
կարգ
մը
ուրուականներ
որոնք
առանց
բառի
խօսիլ
կրնան
շատ
աւելի
սրտայոյզ,
դղրդող,
ճենճերուն
լեզուովը
իրենց
թափանցիկ
ողբերգութեան,
գիտեն
տառապել,
առանց
միսը,
աչքի,
դէմքին
նպաստին,
ոչ
միայն
իրենց
տառապանքը,
այլեւ
ամբողջ
ժողովուրդներու։
Վեշտասնամեայ
այդ
պատանին
որ
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան
կը
կոչուի,
Ս.
Ղազարու
խորհուրդը
ապրեցաւ
այս
ճամբաներով։
Ու
այդ
բախտորոշ
ապրումները
ա՛լ
պիտի
չդալկանան
անոր
զգացական
սարուածին
վրայ:
Այդ
տեղերուն
ու
այդ
ուրուականներուն
յաճախանքը
մենք
կը
զգանք
անոր
կեանքին,
գործին
ներսը.
Պոլիս,
որմէ
անիկա
պիտի
առնէ
այլապէս
փափուկ,
մթին,
խորունկ
յոյզեր,
զանոնք
դաշնաւորելով
սակայն
հոգեկան
սա
հէնքին
մշտական
մոյնքին։
Ինչպէս
կը
տեսնէք,
բանաստեղծ
մը
բառերու
բանուոր
մը
ըլլալէ
առաջ,
բիւրաւոր
ապրումներու
կծիկ
մըն
է։
Բանալ
զանոնք,
գէթ
իրենց
լայն
մասերուն
մէջ
իսկ,
պիտի
յորդէր
մեր
սահմաններէն:
Պոլիս։
Այսինքն
կախարդական
կայք
մը։
Առաւել՝
անտարազելի
ժողովուրդ
մը։
Առաւել՝
ամբողջ
տագնապը
Զարթօնքի
Սերունդին։
Անոր
մատաղ
կրակը
կը
բաժնեն
նոյնքան
մատաղ
ուրիշ
տղաք,
ոմանք
Իտալիայէն,
ոմանք
Ֆրանսայէն,
ուր
գացած
էին
քիչ
մը
օգտապաշտ
ախորժակներով,
կրթուելու
ու
այդ
կրթութիւնը
հաւանաբար
արժեւորելու
1850ի
մեր
շուկային
նպատակներուն։
1850ին
թէ
Իտալիա
թէ
Ֆրանսա
հերոսական
խոյանքներու
մրցարաններ
են։
Ու
բացի
Զօրայեանէն,
բոլոր
այդ
երիտասարդները
կ՚առնեն
այդ
երկիրներուն
ազգային-գրական-ընկերային
խանդավառութիւնները,
ազատ
ու
բացարձակ:
Անոնք
որ
բժիշկ
պիտի
ըլլան,
այդ
սերունդէն,
պիտի
գործեն
ուսուցչի
պէս,
գրողի
պէս։
Անոնք
որ
ճարտարապետութեան
պիտի
նուիրուին,
Պոլիս
դարձին
պիտի
փառասիրեն
իրենց
ժողովուրդին
միտքը,
արուեստը
մեկենասել:
Անոնք
որ
ուսուցիչ
իբրեւ
պիտի
պատրաստուին,
Պոլիս
իրենք
զիրենք
պիտի
սպառեն
ասպարէզին
ետին
պահուած
խորհուրդ
է
նուաճելու:
Որքան
կիրք։
Որքան
ընելիք։
Որքան
կորով
ու
կամեցողութիւն:
Ու
որքան
խանդավառ
միամտութիւն
ու
ռոմանթիզմ։
Արշակ
Չօպանեան,
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեանի
անձն
ու
գործին
վրայ
իր
ուսումնասիրութեան
մէջ
լայն
սեւեռումներ
է
ըրած
շրջանէն
որպէսզի
ես
արտօնուիմ
արագ
քանի
մը
ցուցմունքներու:
Մնաց
որ
Համապատկերին
Ա.
հատորը,
նուիրուած
այդ
շրջանին
հիմնաւոր
դէմքերուն,
իր
կարգին
ըրած
է
ընդարձակ
սեւ
եռումներ:
Հոս,
արագ
ու
ուրուային
կ՚ընեմ
թելադրանքներ։
Զարթօնքի
սերունդին
իրագործումները
զիս
չեն
գրաւեր
հոս։
Ի՛նչ
որ
ուշագրաւն
է
այդ
ամենուն
մէջ,
խումբին
փոքրութիւնն
է
իբրեւ
թիւ,
մասնակիութիւնն
է
իբրեւ
առաջադրում,
շարժումին
վախը,
վարանքները,
մատաղ
անփորձութիւնը,
մինչ
անհուն
է
զանգուածը,
թմբիրը`
բացարձակ.
ասիկա
շահագործելու
մէջ
մարդոց,
տիրող
շրջանակներէ,
կամքը
տիրական։
Այս
ամբողջին
դէմ,
ափ
մը
տղաք,
խանդոտ,
վճռական,
բայց
առանց
նախանիւթի,
միջոցի:
Որոնք
իրենց
այդ
մատաղ
ուսերուն
պիտի
առնեն
դարաւոր,
ծանրագոյն
բեռը
այս
ժողովուրդին
շատ
մը
կարիքներուն,
—
պատմութիւն,
ազգային
գիտակցութիւն,
ազգային
կեանք
(վարչական
ինչպէս
տնտեսական),
լեզու,
գրականութիւն,
գիտութիւն,
հոգեղէն
նորոգում,
կարճ`
արդիացում
միտքէ,
բարքէ,
տարազէ,
խորքէ
ու
հոգիէ։
Զանգուածը
անտարբեր
իմաստի,
պեղուած
է
ներքին,
խուլ
ա
տե.
լութիւններով,
կիրքերով։
Իր
վերարծարծ
թափին
մէջն
է
հայ-կաթոլիկութեան
տագնապը
որ
արժեր
էր
կեանքը
այս
ժողովուրդին
լաւագոյն
զաւկըներուն,
ու
հայթայթեր՝
թոյնը
անմար
ատելութեան,
իրար
բզքտելու,
կործանելու
արարքները
տանելով
անըմբռնելի
սաստկութիւններու։
Իր
նորազարթ
թափին
մէջ
բողոքական
հայութեան
այլապէս
ազգադաւ
պառակտումը։
Ու
այդ
տղաքը
ունին
իրենց
պատմութեան
վկայութիւնները,
Հայաստանեայց
Եկեղեցիէն
հերձուածներուն
ճակատագրին:
Ու
այդ
տղաքը
ունին
իրենց
դէմ
մեծերը,
աւագները,
էմիրները
(ամիրայ),
հայ
թէ
թուրք,
որոնց
մոլեռանդութիւնը,
նորութեան
դէմ
գոյութիւնը,
մենատիրական
ախորժակները,
դրամով
ու
քսութեամբ
շահուած
ազդեցական
կշիռը
նոյնքան
ծանր,
ահաւոր
խոչընդոտներ։
Գիտեն
ասիկա
այդ
սիրտցաւ,
պարզուկ
երիտասարդները,
իրենց
կորովէն,
երազէն
դուրս
ոչինչ
ունեցող։
Որոնք
պիտի
գործեն
զանգուածէն
ներս,
ամենէն
ընդդիմահարը
արգելքներուն։
Պիտի
ջանան
մեղմել
կիրքերը,
իրագործել
ցանկալի
երազը,
Եղբայր
եմք
մեքով
մարմին
դարձած…։
Որքան
շատ
է
այդ
տղոց
առաջադրութեանց
գումարը։
Ու
իրենք
որքան
քիչ։
Արշակ
Չօպանեան,
յիշուած
գիրքին
մէջ,
սպառիչ
ձեւով
մը,
վերլուծած
է
սա
տագնապանքին
մեծ
եզրերը։
Կը
ղրկեմ
ընթերցողը,
կրկին,
այդ
հատորին
ու
կը
գոհանամ
շեշտելով
հոս
դերը
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեանին
որ
իր
ամբողջ
քաղցր
վսեմութիւնը
կը
ստանայ,
երբ
զայն
տեսնենք
իր
ճիշդ
տեղին
մէջ,
այսինքն
իրարու
դէմ
անհուն
ատելութեամբ
մը
զրահուած
սա
բախումներու
կեդրոնին,
ջանալով
«մրրկաւ
զատուած»
եղբայրները
բերելու
մէկ
ու
նոյն
ժողովուրդի
սպասին։
Ասիկա
հայրենասիրական
ոգիի
մը
պոռթկումը
մի
որակէք:
Հեռուէն
տեսնուած
բաները
հարկադրաբար
կը
կորսնցնեն
շատ
մը
մասնաւորութիւններ։
Ընդարձակ
շարժումները
երկար
ատեն
կը
պահեն
ալեկոծման
պղտորութիւնները։
Զարթօնքի
Սերունդին
մարդերը
աճեցնել՝
աւելի
անդին
քան
իրենց
հասակները,
որքան
ալ
սիրելի,
այսօր
դադրած
է
նշանակութենէ։
Կ՚ընդունիմ։
Բայց
զանոնք
փոքրե՞լը։
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան
ո՛չ
հսկայ
մըն
էր
ո՛չ
ալ
հասարակ
վարժապետ
մը։
Անոր
անձին
յօրինումը,
սա
տողերուն
վրայ,
չազդուիր
կանխող
սերունդներուն
շփացումներէն։
Բայց
չի
ալ
տկարանար
արեւելահայ
ուրացումին
դիմաց։
Այսպէս
ուրեմն,
քսանամենի
այդ
տղան
պիտի
խօսի:
Պիտի
սորվեցնէ։
Պիտի
հեղինակէ։
Պիտի
գործէ:
Բացէք
այս
տարազները։
Բայց
ատկէ
առաջ,
այդ
արարքներուն
համար
միջոց
ու
գործարան
դրէք
անոր
մարմինը,
որ
թերեւս
հրաշքով,
բախտին
մէկ
բացառիկ
շնորհովը,
պիտի
անցնի
մահուան
հրուանդանը
որ
իրեն
նմաններուն
մօտ
քսանն
է
արդէն
(Դուրեան,
Մեծարենց,
Զարիֆեան)
ու
պիտի
բանայ
վախկոտ
իր
առագաստները
կեանքին։
Ուսուցիչ
է:
Բայց
տարօրէն
ազդեցիկ,
հեղինակաւոր։
Օտարութեան
համար
հասունցած
մեր
բարձր
դասակարգը
իր
սրահները
կը
բանայ
այս
վատակազմ,
դողդոջ
վարժապետին։
Տարածեցէք
սա
վկայութիւնը
իր
բոլոր
լայնքին:
Տեսէք
1850ի
լըվանթէնները,
առեւտրականները,
դիւանագէտները,
պաշտօնատարները,
որոնք
կրօնական
խտիրը
խրտվիլակի
մը
նման
կը
գործածեն,
իրենց
շահերուն
պաշտպանումը
միայն
նպատակ
ունենալով,
ու
արագ
հեռացումը
ազգային
հոգիէն,
նկարագրէն
կը
կարծեն
գտած
ըլլալ,
իրենց
զաւակները
կրթելով
միջազգային
կամ
աւելի՝
տրտում
բառով
մը`
ապազգային
հոգեբանութեան
մը
մէջ։
Կրօնական
կիրքերը
ոչ
նուազ
կործանարար
ազդեցութեամբ
մը
կ՚իշխեն
այդ
մղումներուն
արեւելումին։
Մինչ
այս
տողերը
կը
գրուին,
սփիւռքը
ոչ
հարուստ
ունի,
ոչ
դասակարգ,
նախանձելի
ոչ
մէկ
առաւելութիւն
որպէսզի
լատին
կրօնաւորները
հազար
կտոր
ըլլան
մեր
մահէն
մազապուր
թշուառութիւնները
հեռացնելու
ազգին
մարմինէն,
երբ
տուն,
սնունդ,
դրամ,
կրթութիւն
կը
բաշխեն
գաղթականներուն
պայման
դնելով
այս
մարդոց…
թուրքերեն,
արաբերէն,
չինարէն
եթէ
կ՚ուզեն՝
խօսիլ
բայց
երբեք
իրենց
հայրերուն
լեզուն
որ
այդ
թշուառականներուն
զաւկըներուն
անծանօթ
մնալու
է
դատապարտուած։
Լատին
մեծահարուստ
Միաբանութիւնները
կօշկակար
Մարգարին
տղան
Երուսաղէմ
կ՚արժեւորեն
այնպէս
ինչպէս
1850ին
կ՚արժեւորէին
սեղանաւոր
Մարգար
էֆէնտիի
մը
տղաքը,
Պոլիս։
Հիմա
Մկրտիչներ
չկան
այս
ոճիրը
հակազդելու։
1850ին
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան
իր
տաղանդին
ուժովը
կը
բանայ
ահա
այդ
հարուստ
տուներուն
չարաշուք
կղերականներով
պահպանուած
դռները:
Օտարով
ուռած
այդ
սրահներէն
ներս
անիկա
կը
նետէ
սերմերը
ազգային
գիտակցութեան,
չըսելու
համար՝
հպարտութեան,
սիրոյ։
Բոլոր
անոնք
որոնք
ազգային
ճակատագրին
դառնութիւնները
հասկնալու
իրենց
տառապանքը
գտած
են
քառապատկուած,
խուսափելի
կործանումներուն
ներքեւ,
բոլոր
անոնք
կը
զգան
թէ
ինչ
ծանր,
քաղցր,
սրտառուչ
հիացման
մը
մէջ
կ՚արժեւորուին
Պէշիկթաշլեաններու
սա
ու
նման
դերերը,
իրենց
ժողովուրդին
զգայնութեան
կանչելու
թերեւս
լաւագոյն
հոգիներ,
սահմանուած
օտարութեան,
մեզմէ
անդարձ
հեռացման։
Անշուշտ
ծանօթ
է
Օր.
Վահանեանի
պարագան
(ապագայ
հեղինակուհին
Մայտայի)
ոչ
իբրեւ
գրական
ծանր
իրողութիւն,
այլ
այդ
ապազգայնացած
աղջկան
հոգիին
մէջ
պատուհան
մը
բանալու
արարք
մը
իբրեւ։
Տիկին
Տիւսաբ
իբր
գրող
չէ
որ
կշռի
կ՚ելլէ
սա
տողերուն
վրայ,
այլ
իբրեւ
փաստ
մը
այդ
ուսուցչին
շքեղ
ազդեցութեան
[1]
։
Ըսի
թէ
բացառիկ
երեւոյթ
էր
անիկա,
այդ
ուսուցչութիւնը,
նոր
ինչպէս
վաղնջաւոր,
վանական
կնիքով
ինչպէս
խորունկ
աշխարհայնութեամբ
մը,
ազգային
որքան
մարդկայնական։
1870ին,
արդէն
յաւակնութիւնները
կը
դիմաւզեղծեն
ասպարէզը
Խասգիւղի
դպրոցին
մանկամիտ
տրիբուններուն
միջոցով։
Ամիրաներու
օրերուն
թերեւս
ծիծաղելի
էին
բոլոր
սորվեցնողները,
վայելելով
հանդերձ
խոր
յարգանքը,
մթին
ինչպէս
անհասկանալի
սէրը
զանգուածներուն։
Միշտ
այդ
օրերուն
սորվեցնողը
չէր
ինկած
այն
արժեզրկումին
ուր
կը
գտնենք
զայն
այս
դարու
սկիզբին
(քանի
մը
բացառութիւններ
մեծ
բան
մը
չեն
փոխեր
դատակնիքէն։
Վարժապետին
յոբելեանը
քերթուածի
մը
անունն
է
այդ
1900էն,
ինչպէս
իրականութիւն
մը
Պէրպէրեանի
մը
ազգային
յաղթանակ
մը
յիշեցնող
փառքիին
դիմաց։
Չենք
վերլուծեր
յաղթանակը
բայց
կը
ճշդենք
Մ.
Յովհաննէսեանի
քերթուածին
տիրական
կշիռը)։
Քանի
մը
յաւելումներ
սակայն։
Տիկին
Երիցեանց
իր
յիշատակներուն
մէջ
կը
պատմէ
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեանէն
անմոռանալի
ապրումներ։
Այդ
ուսուցչին
աշակերտած
ըլլալը
լաւագոյն
օժիտն
էր ...
աղջկան
մը
համար։
Փաստէ
մը
աւելի
է
սա
վկայութիւնը։
Կարելի
է
զեղչել
անկէ,
այսօը,
իր
ռոմանթիզմը
ու
տեսնել
այդ
վատակազմ
տղուն
շունչին
ու
խանդին
մէջ
տուրքը
իր
ամբողջ
սերունդին։
Ու
Համապատկերը
սերունդներու
կեանքին
վառարանները
կը
սիրէ։
Այդ
օրերուն
ուսուցչութիւնը
առաքելութիւն
էր։
Կասկած
չունիմ
որ
անոր
քնարերգական
կտորներուն
մեծ
մասի
վրիպանքը
եկած
է
դարձե
ալ
այդ
կիրքէն,
հուրքէն։
Բայց
չէին
կրնար
չգրուիլ
ուսուցիչ
Պէշիկթաշլեանին
երգերը,
աս
ու
ան
հանդէսին
համար։
Թատերագիր
է,
ինչպէս
եղած
էր
ուսուցիչ:
Ունէ՞ր
գիտակցութիւնը
իր
անբաւարարութեան։
Ահա
ճակատագրական
հարցումը։
Աւելի
անդին
ես
կը
ձգեմ
բաւարար
վերլուծման
տակ
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեանի
թատերական
արդիւնքը։
Հոս,
անձին
յօրինման
մէջ,
իմ
տեսնել
ուզածը՝
թատերական
հասկացողութեան
փաստ
մըն
է,
առանց
որու
գործ
մը
հերքումն
իսկ
կ՚ըլլայ
մարդուն։
Չեմ
կարծեր
որ
արուեստի
որոշ
տագնապ
մը,
խղճահարութիւն
մը
զինքը
չէին
ենթարկել
որոշ
տառապանքի,
ամէն
անգամ
որ
այս
ու
այն
խնդրանքին,
կարիքին
դիմաւոր՝
անիկա
հապճեպով,
պէտքէն
գերագրգռեալ
ու
թերեւս
խանդավառ
ալ,
քանի
մը
շաբթուան
մէջ
կը
լաստակերտէր
երեք
չորս
արար
լեցնելու
բաւող
ողբերգական
նիւթ,
սանկ
ու
նանկ
տեսիլներու
բաշխուած
ու
նետուած
բեմ:
Յետո՞յ։
...
Ես
կը
գոհանամ
ըսելով
որ
այսօր
անհանդուրժելի
այդ
խաղերուն,
իրենց
օրին
ստեղծած
բարիքը
թերեւս
հարիւր
անգամ
աւելի
է
քան
չարիքը
որ
հասած
է
անոնցմով
արեւմտահայ
գրականութեան։
Անոնք
որ,
միշտ
այդ
1860ի
օրերուն,
ափափոյ
յարդարուած
բեմի
մը
վրայէն
քանի
մը
ժամ
տեւող
այդ
ներկայացումներուն
ընթացքին
կը
հետեւէին
խօսքերու
շքեղ
հեղեղին,
սրտառուչ
բացագանչութիւններուն,
բեմական՝
պատրանքին
ալ
նպաստովը,
ապահով
եմ,
որ
չէին
պատկաներ
իրենց
անձերուն,
ճաշակներուն
ու
խելքին,
այլ
կը
կազմէին
միսթիք
պահի
մը
մէջ
համատարր
զանգուածը
որ
կը
թրթռար
հզօր
հարուածներուն
ներքեւը
իրենց
ցեղին
տռամային։
Ըրէք,
որքան
կրնաք,
մրջակ
ու
տափակ
նոյնիսկ,
ձեր
խաղն
յօրինուածքը,
Միշտ
կողմ
մը
ունիք
զանգուածին
հասնելու
եթէ
երբեք
խօսի,
ձեր
անձին
ետին,
ձեր
անձնաւորութեան
բովանդակ
կշիռը։
Պէշիկթաշլեանի
կենսագիրները
չեն
տուած
անշուշտ
պատմական
ծննդաբանութիւնը
անոր
խաղերուն,
—
ինքնին
գրականութեան
չափ
հետաքրքիր
իրողութիւն։
Բայց
կը
պատմեն
թէ
երբեմն
ինք
կը
ստանձնէր
պատասխանատու
դերեր։
Բարի
եղէք
ուրեմն,
մտովին
փոխադրուելու
Արշակ
Բ
-ի
մը
ներկայացման
ու
տեսնելու
այդ
հիւծաւոր
երիտասարդը
Մեծն
Ներսեսի
դերին
մէջ,
ան
ալ
երիտասարդ,
մահուան
մէջ
առնուած,
ու
այդ
խարոյկէն
իսկ
դեռ
իր
ժողովուրդին
բարիքը`
միայն
պապակող։
Հասկնալի՞`
ահաոր
խռովքը,
վարակիչ
գեղեցկութիւնն
ու
յուզումը,
վայելչությունը
բանին
զորս
այդ
դերը
կը
հեղեղէր
ամբոխին
հոգիին։
Դերասանէն
աւելի
բան
մըն
է
անշուշտ
բանաստեղծը։
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան
յօրինած
է
իր
խաղերը,
ինքնագիր
թէ
թարգմանութիւն,
հազիւ
մտածելով
թատերական
արուեստի
մը,
բայց
խուլ
յաճախանքին
մէջ
մէկ
ու
նոյն
կարգախօսին.
—
Արթնցնել
այս
ժողովուրդին
ներսը՝
կրա՛կը
իր
արհամարհուած,
արգահատուած
ազգութեան
արժէքէն,
հպարտութեան
հզօր
յղացքներ
մշակել
անոր
անկումները
փոխարինող,
ամենէն
աւելի
իր
պատմութեան
փառքէն
զոր
Մխիթարեանները
կը
հաւատային
հանած
ըլլալ
գերեզմանէն։
Աւելի՞։
Այսինքն
նուաղ,
հեռաւոր,
խնդրական
յո՞յսը,
երա՞զը՝
այդ
ամենը
վերստին
կեանքի
կանչելու:
Չեմ
երթար
առաջ,
իրողութիւնները
իմ
փափաքներում
համեմատ
բացատրելու:
Պէշիկթաշլեան
պատանին
Մխիթարեաններու
ազգային
իտէալները
ամբողջութեամբ
իւրացուցած,
չէր
կրնար
զգացած
ըլլալ
հոգեկան
միւս
բարեխառնութիւնը
որ
1875էն
վերջ
կ՚ուրուանայ
մեր
ժողովուրդին
երկու
հատուածներուն
ալ
ներսը։
Գրեր
եմ
որ
բախտորոշ
թուական
մըն
է
1878ը։
1850ի
մարդերը
սպասողներ
չէին,
մեզի
պէս։
Անոնք
իրենց
մատուցուած
տեսարանները
չէին
վերլուծեր։
Անոնք
կ՚ապրէին
այլ
անցեալը,
սակայն,
այնքան
ալ
նման,
մօտիկ
իրենց
ներկային
եւ
Սփիւռքը
չի
հասկնար
մեր
գրականութեան
առաջին
շրջանը,
այդ
Պոլիսը
ապրած
չըլլալուն։
Թատերական
յուզումը,
հարուստ,
դիւրաւ
ճարելի,
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեանին
համար
համազօր
է
երգի
մը
բացած
խռովքներուն։
Ու
անոր
թատրոնը
գրուած
է
այդ
յոյզերում
արծարծումին
համար:
Պէշիկթաշլեանի
մը
անձին
ճառագայթումը
կ՚ամբողջանայ.
երբ
զայն
տեսնենք
վաթսունական
թուականներու
մեր
ընկերու.
թ
եան
ամենէն
խորունկ
շարժումներուն
եւ
կարկառուն
իրադարձութեանց
խորը։
Չմոռնալ
որ
այդ
սերունդին
զարթօնքի
մղումներուն
ու
գրական
իրագործմանց
մէջ
թէեւ
կը
ներկայանան
իրարու
մօտ,
ընտանի
նոյնիսկ,
բայց
կը
հպատակին
իրարմէ
տարադիր
ազդակներու:
Անոնք
որ
Բարիզէն
կուգան`
հազիւ
պիտի
մտածեն
Բագրատունին,
այսինքն
ասոր
պերճ
գրաբարին
ու
այդ
փառասիրութեան
ետին
ծուարած
վարժապետական
ցանկութիւններուն
եւ
Ռուսինեան,
Սերվիչէն,
նոյնիսկ
աճպարար
Զօրայեանը
շեշտօրէն
հակած
են
դեպի
ժողովուրդը,
ասոր
կարիքները,
ասոր
արդիացումը,
արդիական
միջոցներով։
Ասիկա
ինքնին
վարդապետութիւն
մըն
է
ու
խտութիւն
մը։
Անոնք
որ
Իտալիայէն
կուգանք
չեն
արհամարհեր
անշուշտ
իրենց
սերկեանը,
Բագրատունիին
բառովը,
այլ
այդ
ներկային
տրտմութիւնները
հանդուրժելու
համար
կը
դիմեն
պատմութեան
քօղին
զոր
Վենետիկի
վարպետները
այնքան
գուրգուրագին
խնամքով
ասեղնագործած
են,
իրենց
երազաւէտ
մեծութեանց
պատերուն,
եւ
զոր
կ՚ախորժին
«շողափա՜յլ»
տարածել,
ծածկելու
համար
եւ
նոր
կրկներեւոյթին
տակ
այդ
ներկան։
Չեմ
լայննար,
կրկնելու
համար
հոս
այդ
շքեղ,
սրտառուչ
պատրանքին
վերլուծումը,
Ալիշանի
[2]
առիթով
կատարուած։
Եթէ
պատուական
Մխիթարեանին
ցանկութիւնները
նուիրուած
էին
ստեղծելու
պատմական
աշխարհ
մը
(գաղիացիք
կ՚ըսեն
paysage),
պատմական
ժողովուրդի
մը
վայելումին
վերբերելու՝
պատմական
գեղեցկութիւններ,
խռովքներ,
հպարտանք
ու
այս
ամենուն
համազօր
հակազդեցութեամբ
մը,
ներկային
վրայ
հաւատալու
պարտք
մը,
Պէշիկթաշլեանի
մը
անձը,
գործը,
դերը
ստիպուած
են
արժեւորելով
Վենետիկեան
այդ
մտայնութեան
մէկ
բարեփոխումը,
քանի
որ
վարդապետները
Պոլիս,
գաւառները
այդ
մտայնութիւնը
պիտի
վերածեն
կրօնական
նեղ,
այլամերժ
գործօնութեան
մը,
մինչդեռ
աշխարհական
վարդապետները
—
Մխիթարի
դպրոցէն
Պոլիս
ղրկուած
մեր
գրողները
—
անոր
մէջէն
պիտի
հետապնդեն
համատարած
բարիքը,
միշտ
այդ
ժողովուրդի
ներկային,
այսպէսով
միանալով
բարիզեան
թեւին,
կազմելու
համար
գրեթէ
համատարր
սերունդ
մը։
1860ին
մենք
խանդ
ենք,
երազ,
կիրք,
—
բառեր
չեն
ասոնք
այլ
ամբողջական
վիճակներ,
որոնց
խմորը
կուգայ
Մկրտիչներէ։
Գործիչ
է,
խօսող,
խանդավառող,
կազմակերպիչ,
հաւատաւոր
ու ...
հիւանդ։
Բայց
դիւրի՞ն՝
սա
պարզ
բառերուն
ետին
կուտակուած
ամբողջ
հոծութիւնները,
խռովքները
վերածել
իրականութեան,
ան
ալ
սա
դատապարտուած
երիտասարդին
քսան
մը
տարիներուն
երկայնքովը։
Եթէ
բաց
եղան
անոր
անձին՝
սրահները
աւագներուն,
եթէ
ազգին
վարիչ
դասը
անոր
շնորհիւ
նետեց
ծանր
նախապաշարումներ,
ասիկա
չի
նշանակեր
թէ
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան
նախասահմանեալ
դերի
մը
դերասանը
եղաւ:
Իրմէն
աւելի
մեծ,
իրաւ
բանաստեղծ
Դուրեանը
Նոյն
այդ
հասարակութիւնը,
նոյն
այդ
եպիսկոպոսական
ոսկեշուրջառ
փառքերը
(Խրիմեան,
Նար-Պէյ
անկէ
իրենց
գովեստը
ընդունած
են
ով
գիտէ
ի՛նչ
չտես
հպարտութեամբ,
բայց
մոռցած
իր
արիւնոտ
մահիճին
խորը
սրբազան
մահապարտը)
չորցուցին
անօթի
ու
ծարաւ,
ու
զայն
թաղելու
ազգային
պարտքը
վերածեցին
ցուցամոլութեան։
Ստոյգը
ան
է
որ
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեանի
անձին
մէջ
ԻՐԱԿԱՆ
ԷԻՆ
ՎԵՐԻ
ՍՏՈՐՈԳԵԼԻՆԵՐԸ։
Գործիչը
կը
ծնի,
նման
արուեստագէտին։
Պատուական
երիտասարդին
քսան
տարիներէն
ամէն
մէկը
եղաւ
կարելի
բարիք
մը
իր
ժողովուրդին։
Ու
հոս
է
ահա
անոր
մեծութեան
անառարկելի
գրաւականը։
Անիկա
քերթողութեան
դպրոց
մը
չստեղծեց։
Անիկա
թատրոն
մը
չծնաւ:
Անիկա
մեծագործ
քաղաքականութիւն
մը
չօրինադրեց։
Համաձայն
եմ։
Բայց
մեր
բանաստեղծութիւնը
զինքը
չի
կրնար
մոռնալ:
Բայց
մեր
թատրոնին
պատմութիւնը
երախտիքի
բառեր
ունի
միշտ
իր
յիշատակին։
Բայց
մեր
կրթութիւնը,
մեր
հասարակութեան
ներքո
շրջափոխութիւնը
հիացումով
կ՚ոգեկոչեն
դալկահար
այդ
երիտասարդը
ոչ
իբրեւ
սրտառուչ,
քերթողական
ուրուական
մը,
այլ
իբրեւ
մէկը
որ
գործեց,
ծանր
պայմաններու
մէջ,
հարիւր
առողջերու
չըրածը
իր
հիւանդ
մարմինովը
իրագործելով։
Արշակ
Չօպանեան,
միշտ
յիշուած
աշխատութեան
մէջ,
լայնօրէն
վերլուծած
է
կաթոլիկ
մտայնութեամբ
մը
մեր
ներսը
գոյաւոր
դժոխքի
մը
վրայ։
Այսօր,
պատմական-հնաբանական
հետաքրքրրութիւն
թուող
սա
վիճակը,
ձեր
միտքէն
չանցնիր
որ
1850ին
ամենէն
ահաւոր,
ամենէն
կենդանի,
ազգին
խղճմտանքը
խորագոյն
ալքերը
մինչեւ
պղտորող
սարսափն
է,
քաղաքական
կիրքի
անատակ
ժողովուրդի
մը
մէջ,
թերեւս
այդ
կիրքը
փոխարինող։
Մենք
ատկէ
վերջ
ապրեցանք
մեր
յեղափոխութիւնը,
ազատագրութիւնը,
նահատակութիւնը,
թուրքը,
սփիւռքը
իբրեւ
մօտիկ
վիճակներ։
Բայց
1850ը
ատոնց
մէջ
կը
վայելէ
բացառիկ
իմաստ։
Համապատկերը
անշուշտ
չի
յաւակնիր
մեր
մշակոյթին
համապարփակ
նուաճումին։
Բայց,
ըսեր
եմ
ու
կը
կրկնեմ,
անիկա
մարդոց
մէջ
կ՚ախորժի
մտայնութիւններն
ալ
արժեւորել
նոյն
ծանրութեամբ։
Ահա
թէ
ինչու
ձեզ
կը
ղրկեմ
վարը
ծանօթութեան
ուր
1850ի
հոգեվիճակ
[3]
մը
կը
մատուցուի
ձեր
նկատառման
է
Հայ-լուսաւորչական,
հայ-կաթողիկէ
հակամարտութեանց
ու
ստորնութեանց
մէջ
սա
անդնդային
վիճակները,
այսօր
երբ
հանդարտօրէն
նիւթ
կ՚ընեմ
վերլուծման,
չեմ
մեղմել
այդ
պայքարին
խուլ
տարողութիւնն
ու
իմաստը
որոնք,
1860ին,
կեանքէն
ալ
աւելի
հին
(այդ
աւելին
է
որ
կը
դիմանայ
սերունդներէն)։
Ահա
թէ
ուր
է
որ
կը
փորձուիմ՝
արժեւորել
դերը
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեանի
որ
իր
մեծ
շնորհները,
իր
ամբողջ
տաղանդը
ի
սպաս
դրաւ
այդ
տագնապին
մեղմացման։
Երբեմն
մէկ
մարդ
բանակ
մը
կը
հակակշռէ:
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան
հոգին
է
մշակութային
բոլոր
կարելի
ձեռնարկներու,
-
թատրոն,
լսարան,
հանդէս,
երթ։
Հիմնադիրը՝
կրնամ
անուանել,
ընդարձակ,
բեղմնաւոր
կեանքի
մը
կանչուած
միութիւններու,
այն
օրերու
բառով
ընկերութիւններու
որոնց
բուխքը,
այդ
խառնակ,
խռովայոյզ
հոգեդրութիւններէն
դարձեալ
փաստ
մըն
է
մեր
կենսունակութեան։
Ու
պատգամն
է
անիկա
ազգային
նոր
գիտակցութեան,
ազատագրուած՝
Մխիթարեաններու
վանական
կծու
սեղմումներէն,
արձակուած`
սրտագին
կորովով
մը
դարերէ
ի
վեր
տառապող
ժողովուրդի
մը
հրատոչոր
սպասումին։
1945ին,
սփիւռքը
կ՚ապրի
նման
հոգեբանութիւն
մը:
«Հայրենիք»ը
այն
սրբազան
պատգամն
է
դարձեալ
որ
իբրեւ
դրօշ
կը
շողայ
մեր
յուսակոտոր
աչուըներուն
դէմ:
Տեսայ
մարդեր
որ
կը
համբուրէին
հայրենիքէն
մեզի
եկող
մարդոց
զգեստները
ու
կուլային։
1860ին
այդ
«հայրենիք»ը,
Մխիթարեաններու
խանձարուրէն
ազատող
ու
զայն
ազգին
հոգետունին
վերեւ
արձանող
կախա՜րդը։
Պատահաբար
չէ
որ
1863ի
Զէյթունի
ապստամբական
շարժումը
այդ
երիտասարդին
մէջ
կը
գտնէ
սրտառուչ
իր
դիւցազներգակը
(երբ
անդին
աբբաները
սուտ
ու
փուտ
Հայկեր
ու
Արամներ,
Վարդաններ
ու
Աշոտներ
գրական
մանրուք
վաճառքի
նիւթ
կ՚ընէին,
բառերով
սպառազէն
ու
բառերու
հրամանատար,
Բագրատունիներն
ու
Ալիշանները),
ինչպէս
պատմած
է
այդ
օրերուն
կեանքին
բացուող
խելացի
կին
մը
(դիմել
Տ.
Երէցեանցի
յիշատակներուն
ուր
տրուած
է,
այնքան
պարզ
տողերու
մէջ,
այնքան
իրաւ
սեւեռում
մը
այդ
հոգեվիճակէն,
երբ
կը
պատմուի
Դու
զո՞վ
խնդրեսին
ծնունդը,
յուզիչ
պարագաներու
մէջ)։
Ու
այդ
պէս
գիշերուայ
մը
մէջ
ծնած
երգը
թափանցեց
մինչեւ
յետին
հիւղակը
իմ
ժողովուրդին։
Տասնամեայ
մանուկ`
ես
լացեր
եմ
անոր
բառերուն
ինծի
անծանօթ
բայց
այնքան
իրաւ
խորհուրդէն։
1930ին,
երբ
մտամոլոր
պտոյտի
մը
պահուն
ինծի
հասաւ
նոյն
երգը,
տարագրութեան
կայաններէն,
գռիհներէն,
իմ
արցունքները
եկան
դարձեալ,
նոյնքան
խորունկ
թախիծով
ու
զովարար
բարիքով։
Հիմա
գրողն
էր
որ
կ՚ապրէր
անմահ
երգին
անմահ
գեղեցկութիւնը,
անկործանելի
ու
տարօրէն
իրաւ։
Ան
որ
եօթանասուն
տարիներ
առաջ,
այդ
պայմաններուն
մէջ,
գտեր
էր
շեշտը
այդքան
ամբողջ,
վճռական,
այդքան
հզօր
զգացումի
մը,
ապահովաբար
մեծ,
մեծ
բանաստեղծ
մըն
էր,
առաջնակարգ
գրագէտ
մը։
Ազգին
գիտակցութիւնը
յուզող
այսքան
եղերական
իրողութիւններէ
վերբերել
այսքան
իրաւ,
կենսաւէտ
պոռթկում՝
դիւրին
է
պիտակել
պատրաստ
տարազներով
(կեղծ-դասականութիւն,
ռոմանթիզմ,
ականջը
խօսի
արեւելահայերուն
ինչպէս
Տէրը
լուսաւորէ
հոգիները
անոնց
հանգուցեալ
քննադատներուն)։
Բա՜յց։
Հատորը
չի
բաւեր
սպառելու
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեանի
դերին
գեղեցկութիւնը,
միայն
սա
կալուածին
վրայ:
Յետո՞յ։
Անշո՜ւշտ։
Մեր
գրողները
պարիկներ
չեն։
Անոնք
ոչ
միայն
մեր
ամենուն
նման
ունեն
իրենց
ապրումները,
այլեւ
դժնդակ
ճակատագիրը,
այդ
ապրումներու
հաշւոյն
մեզմէ
քանի
մը
պատիկ
առաւել
խորությամբ
տառապելու:
Անոնց
զգայարանքները
կ՚առնեն
արտաքին
աշխարհը
անհամեմատ
կենդանութեամբ
մը,
ու
կը
հասկնաք՝
նոյն
չափով,
այդ
աշխարհին
ցաւերն
ու
վայելքները,
տեսիլքները
եւ
տրտմութիւնները։
Ու
անոնք
միսին
ու
ոսկորին
թիապարտնե՜րն
են`
մեզմէ
միշտ
գերազանց
չափերու
վրայ
վճարելու
դատապարտուած:
Ժողովուրդներու
ընտրանին,
oտարներու
մօտ,
երբեմն
լայնք
է
ու
ազատութիւն,
փառք
ու
գեղեցկութիւն,
զոհաբերման
ինչպէս
կառուցման
մէջ։
Մեզի
համար
գրագէտը
եղերական
արարածն
է։
Անոր
աւելի
պարզ
կերպարանքը,
հին
դարերուն,
եկեղեցականը՝
հալածանքներէ։
Մեր
օրերուն,
մեր
զոյգ
գրականութեանց
բանուորներուն
մէջ
քանի՞
է
թիւը
անոնց
որոնք
կուշտ
սեղանի
մը
համեստ
բարիքը
վայելեցին։
Մկրտիչ
Պէշկթաշլեան
մէկն
է
անշուշտ
այդ
բացառութիւններէն:
Գի՞նը։
—
Ուրախ
եմ
ըսել
կրնալու
որ
ոչ
ամօթակուռ
մուրացկանութիւնն
է
յոբելեանին
(ընողին
որքան
ընդունողին
համար
տառապագին
տրտմունքներու
բաց
ու
գոց
հանդէս),
ոչ
ալ
մակաբոյծ
թշուառութիւնն
է
սանկ
ու
նանկ,
աւելի
կամ
նուազ
իմաստուն,
ճարպիկ
ձեռներեցութիւններուն
եւ
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեանի
մէջ
մտաւորականը
իրաւ
յաղթանակն
է
իր
օրերուն։
Ուրի՞շ։
Այսինքն
այն
խուլ
տռաման
որ
մեր
ներքին
անձնաւորութեան
ամենէն
ստուերոտ
ալքերուն
կը
զարնէ
իր
վրանը
ու
կը
քալէ,
քիչ
քիչ,
դէպի
առաջ,
գրավելու
համար
ամբողջ
սրահները
մեր
արտաքին
անձնաւորութեան։
Որ
մեզմէ
ամէն
մէկուն
մէջ
առանձին
յօրինուածք
է
ու
առանձին
ճակատագիր։
Որուն
ճնշումին
տակ
այս
մէկը
պիտի
սպառէ
իր
օրերը,
անայց
ու
անյոյս,
իր
ժողովուրդին
սպասէն
անդին
քիչ
բան
պահելով
իրեն
սեպհական,
ու
պիտի
լեցնէ
իր
փոսը,
նոյնիսկ
ժում
մը
կուշտ
սեղան
մը
չվայելած։
Ան
միւսը՝
պիտի
լեցնէ
դարձեալ
այդ
փոսը,
հողին
տակն
ալ
տնքալու
համար
ծանրութեան
ներքեւ
ծաղկեպսակներուն։
Չեմ
գիտեր,
սա
մութ
տողերէն
անդին,
կա՞յ
կարիք,
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեանի
ներքին
անձնաւորութիւնն
ալ
քրքրելու,
մեր
պայմաններուն
լոյսին
բանալու
համար
ինչ
որ
խաղցուեցաւ
վարերը
անոր
սրտի
տունին,
հիւանդի,
սիրողի,
տառապողի
պատմուճաններով
դերերու
ընդմէջէն...:
Ըսի
թէ
անիկա
սիրուած
մարդն
էր
մեր
ընտրանին
կազմող
զոյգ
հոսանքներէն:
Ազգին
պահպանողական
շրջանակները
անոր
հանդէպ
ցոյց
տուին
գուրգուրանք
մը,
յարգանք
մը,
սրտառուչ
հոգածութիւն
մը
որուն
յուզումով
ահա
կը
վճարեմ
իմ
երախտագիտութիւնը:
Ազգին
առաջաւոր
երիտասարդութիւնը
անոր
անձին
ու
գործին
թեւ
ու
թիկունք
դառնալու
արարքը
վերածեր
էր
սրբազան
խաչակրութեան։
Անոր
ձայնը
այդ
երիտասարդները
կանչեց
հեռահաս
արդիւնքով
արարքներու
(իր
կազմած
միութիւնները։
Ու
միութիւններու
արիւնը
մատաղ
արիւնն
է
միշտ
երիտասարդութեան)։
Ու
անոր
շնորհը
նուաճեց
ջոջերը։
Գրիգոր
Օտեան,
իր
կարգին
վրիպած
բանաստեղծ
մը,
բայց
անհամեմատ
կերպով
իրաւ,
մեծ
հայորդի
մը,
անոր
հետ
իր
յարաբերութիւններուն
մէջ
գտաւ
կերպը
ոչ
միայն
մեծ,
բարեացակամ,
քաջալերական
այլեւ
ազնուական
մնալու
(զուր
չեն
տողերը
ուր
մռայլ
լքումի
մը
րոպէին
բանաստեղծին
երեւակայութիւնը
իր
գերեզմանին
վրայ
միակ
այցելու
պիտի
գտնէ
Գրիգոր
Օտեանը)։
Մ.
Պէշիկթաշլեան
մարմնացած
պաշտամունք
մըն
է։
Այսքան
հեռուէն,
իմ
նայուածքը
այդ
անունին
ետին
չի
դժուարանար
ճանչնալու
խորհրդանշանը,
որ
այնքան
անյարիր
հոգեխառնութիւններ,
հակամարտ
զգայնութիւնները,
իրերախոյս
կիրքեր
համաձուլեց
ու
գրեց,
իր
ոսկի
գրիչովը,
մէկ
սխրալի
գլուխը
հայոց
թշուառ
պատմութեան,
նոյն
ատեն
իրաւ,
խոր,
հոծ
ապրումներու
հանդերձելով
միտքերը
ու
սիրտերը,
բոլորին
համար
ալ
մատչելի
ընծայելով
մեզմէ
խուսափող
սրբազան
հիւսիսայգը
մեր
ազգային
գիտակցութեան,
կոտրտելով
անողնահար,
անփառունակ,
անկնիք
հոտի
մը
complexeները
մարդոց
ներսը…։
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան
գրագէտ
մը
չէ,
օրինակ՝
նման
Մեծարենցի
մը,
Չրաքեանի
մը,
Տիկին
Եսայեանի
մը
որոնք
իրմէ
աւելի
հարուստ
գրական
տաղանդով,
աւելի
լուրջ
թէքնիքներով
սպառազէն,
կը
վերածուին
ստուերներու,
երբ
իյնան
այդ
մարդուն
լուսապսակին
մէջ,
իր
արարքներովը
յօրինուած։
Իրմէ
անհունապէս
բարձր
տաղանդը
Պետրոս
Դուրեանին,
կրնաք
օգտագործել
ցեղային
փառքին
իբր
ազնուական
մէկ
միութիւնը,
բայց
ստիպուած
էք
ընդունիլ
որ
ինքզինքն
իսկ
փրկելու
անկարող
եղաւ
այդ
հանճարը:
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան
ազգային
փառք
մըն
էր։
Ըսի
ասիկա,
այս
ուսումնասիրութեան
մուտքին,
խորհելով
այս
դերին
ահա։
Անշուշտ
մեր
կիրքերը,
երբեմն
անխելքութիւնը,
երբեմն
շատ-գիտցուկութիւնը
գիտեն
կերպը
գտնելու,
սա
փառքը
փոքրելու,
բանաստեղծին
զիջուած
սա
անդիմադրելի
հիացումը
բացատրել
կարծելու,
ու
անցնելու
աւելի
անդին,
սա
հմայքը
վերածելու
հարուստներու
սեղանին
սպասարկու,
առնուազն
անոնց
հաճոյակից
սանկ
ու
նանկ
փերեզակի
մը,
դժբախտաբար
այնքան
սուր
մեր
գրական
բարքերուն
մէջ։
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեանին
դերին,
տեղին
համար
նման
դատողութիւն
մը
պիտի
նշանակէր
ոչ
միայն
հոգեկան
փոքրութիւն
այլեւ
միտքի
բոպիկութիւն։
Պէշիկթաշլեանէն
քսանըհինգ
դար
առաջ
մանրանկար
ու
խայտաբղետ
արքունիքները
իրարու
ձեռքէ
կը
յափշտակէին
պատիւը
իրենց
պալատներուն
մէջ
փառաւորելու
Պինդարը
որ
երգասաց
մըն
էր,
ճիշդ
ու
ճիշդ
Մկրտիչին
նման։
Ուրի՞շ:
—
Աւա՜ղ,
այո։
Հիւանդը։
Սիրողը։
Չեմ
շահագործեր
ռոմանթիք
հուրքն
ու
հմայքը
իր
հիւանդութեան։
1850ին
սրտայոյզ
գեղեցկութիւն
էր
ձիւնի
պէս
ճերմակ
կտաւներուն
վրայ
արեան
վարդերով
զինանիչ
խորհուր
դը
ծիւրախտին։
Այդ
տղաքը
իրենց
թաշկինակները
դողդոջ
մատուըներով
կը
բանային
մանկամարդ
կիներու
աչքերուն։
Ու
անոնց
դէմքերը
«դալկահար»
դիմակներ
էին
որոնց
վրայ
ոսկեգոյն
մազերու
ու
սեփ
սեւ
թարթիչներու
շաղապատեալ
շուքերը
մահուան
պսակ
մը
կը
յօրինէին։
Օ՜,
կապո՜յտը
անոնց
բռնկած
աչքերուն։
Օ՜,
«վարդե՜րը»
անոնց
ճակատներուն
ինչպէս
կ՚ըսէ
այնքան
անկարելիութեամբ
անոնցմէ
մէկը։
Դուք
մտքէ
պիտի
պարպէք
այսօրուան
տռաման
որ
այդ
տիպարները
կ՚ընէ
մեզի
համար
այնքան
ողբերգական։
1850ին
այդ
հիւանդութիւնը
ոստանին
շնորհ
մըն
էր։
Ու
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան
անոր
կը
պարտի
իր
քանի
մը
գեղեցկագոյն
քերթուածները,
իր
գլուխ-գործոցները
եւ
իր
կենսագիրները
լայնօրէն
զբաղած
են
այդ
տռաման
լուսաւորող
մանրամասնութիւններով
եւ
իր
բանաստեղծութեան
վերլուծումին
մէջ
ես,
աւելի
անդին,
կը
մօտենամ
հիւանդութեան
դերին
ու
նպաստին:
Հոս,
կը
ծանրանամ
անոր,
այդ
հիւանդութեան
դերին
որ
աղիտաւոր
էր
անշուշտ,
Պէշիկթաշլեանի
նման
հանրասպաս
տարփաւորի
մը:
Աւելի
քան
քառորդ
դար
մահուան
սերմը
ապրեցաւ
անոր
ոսկորներուն
ուղիներուն,
ջիղերու
հանգոյցներուն,
կեանքին
բոլոր
ակունքներունը
ընելով
անոր
ապրումը
սրսփուն
ու
խոնաւ,
անոր
ափերը
խոնաւ
կրակ,
անոր
շունչը՝
փրթած,
փրթուկ
դաշնակութիւն,
անոր
աչքերը՝
անյատակ
ծարաւ,
մանաւանդ
անոր
դէմքը
անկանգնելի
աւերա՜կ,
ուր
դեղինն
ու
կարծերը,
ոսկորն
ու
մոմը
կը
կանաչնային…:
Այդ
հիւանդութիւնը
այդ
քառորդ
դարը
վերածեց
դանդաղ
գերեզմանումին։
Ընդունեցէք
ասիկա։
Ու
ընդունեցէք
նոյն
ատեն
հաւանականութիւնն
ալ
որուն
համեմատ
այդ
հիւանդութիւնն
էր
որ
իր
կարգին
անոր
անձնաւորութիւնը
վարագուրեց,
բանաստեղծ
մը
պիտի
ըսէր
եւ
շղարշեց»,
ես
կ՚ըսեմ՝
անկեզ
պատմուճանով
մը,
հիներուն
մորենիովը
պատսպարեց,
այդ
անձէն
շոգիացնելով,
որոշ
չափերու
վրայ,
հաստութիւնները
նիւթեղէն
ախորժակներուն,
հրեղինեց
անոր
բոլոր
ազնուական
տարրերը,
ուժերը,
էսանսները
արագ,
ծիրանի
հրդեհի
մը,
զայն
վերթեւելու
իբր
անգայտ
երազ
մը
որուն
նայեցան
մարդիկ,
յուզուած,
հիացիկ,
այդ
պայծառակերպութեան
ամբողջ
խորհուրդը
վայելով
բայց
հաւատալու
քիչ
ընդունակ:
Այսպէս
ապրեցաւ
այդ
հիւանդը,
տունէ
տուն,
պալատէ
պալատ,
լեռնէ
լեռ
ու
անտառէ
անտառ
ու
թեթե՜ւ՝
սիրտէ
ալ
սի՜րտ,
հէքեաթի
մը
նման
ու
հէքեաթի
մը
մէջ։
Անկարելի
է
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեանի
տռաման
ամբողջութեամբ
ընդգրկել,
առանց
անդրադառնալու
սիրտի
տագնապի
մը
որուն
արձագանգը
պահած
է
մեր
մատենագրութեան
պատմութիւնը
եւ
այնքան
ժլատ
մեր
գրողներուն
ներքին
աշխարհը
լուսաւորող
դէպքերով։
Օրիորդ
Վահանեանին
(ապագայ
Տիկին
Տիւսաբը)
անունը
մեր
գրականութեան
մէջ
անշուշտ
պիտի
չաղօտի,
ոչ
անոր
համար
որ
այդ
տիկինէն
երեք
հատ
վէպ
ու
քանի
մը
քերթուած
ժառանգած
ենք,
այլ
անոր
համար
որ
մեր
ամենէն
իրաւ
խառնուածքներէն
մէկուն
ջղային
դրութեան
վրայ
այդ
աղջիկը
ունեցած
է
դեր
մը։
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան
մեծ
գործիչ
մը,
նրա
հայրենասէր
մը
իբրեւ
հայոց
գրականութեան
մէջ
կանչուած
էր
ունենալու
տեղը
զոր
սիրայօժար
կուտանք
Նալպանտեանի
մը,
Ռուսինեանի
մը:
Անոր
ոգին,
հանդիսական,
դիւցազնաչունչ
երգերը
պիտի
դասուէին
Նուագքներու
աստիճանին,
բայց
օրիորդ
Վահանեանի
կախարդական
շուքին
այդ
սպասէն
ներս,
անդին,
այդ
«աշխարհիկ
վանական»ին
մէջ
պիտի
դնէր
ոսկի
ուրարէն
ալ
երազին,
զոր
ամենէն
անժառանգ
ադամորդին
պիտի
հիւսէ
սա
մեր
աշխարհէն,
այն
անվերադիր
սարսուռին
որ
կեանքին
հզօրագոյն,
մահէն
ալ
վեր
պատրանքը
կը
մատռուակէ
մեր
այրած
շրթներուն,
երբ
մեր
մէկ,
երկու
կամ
երեք
քառորդ
դարերը
աղալու
պարտադրել,
մենք
կը
կենանք
մեր
ճակատագրին
դիմաց,
զայն
ոչ
թե
հեգնելու,
այլ
հագնելու
մեր
յօժարութեամբը
ըլալով
յուզիչ
յիմարներ…։
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան
անշուշտ
սիրոյ
երգիչ
մը
չէ,
այն
լայնքով
ու
խորութեամբ
որոնց
հաստատումը
կ՚ընենք
օրինակի
համար
սիրածարաւ
Դուրեանին
տաղարանէն
ներս։
Բայց
իր
տաղերէն
անոնք
որ
այդ
զգացումին
կրակով
հիաշունչ
թռան
անոր
բերանէն,
այդ
իսկ
բոցէ
շապիկով
պաշտպանուած,
ահա
այսօր
ալ
մեզ
կը
համակեն։
Ճեմք
ի
լեառն
հսկային,
Առ
զեփիւռն
Ալէմտաղիի,
Թոյլ
տուր,
Ներեա՛
ինձ
կոյս,
Յետին
հառաչք,
յիշելու
համար
քանի
մը
վերնագիրներ,
հակառակ
հարիւրի
մօտ
տարիներուն
որոնք
անցան
իրենց
վրայէն,
կը
թուին
գրուած
մեր
օրերուն։
Ոչ
լեզուին
հնադրոշմ,
հին
իսկ
(գրաբարները)
փաստը,
ոչ
արտայայտութեան
մանկունակութիւնը,
ոչ
ալ
զգացումին
ենթարկուած
աղաւաղումը
չեն
զօրեր
պղտորելու
մեր
տպաւորութիւնը
այդ
քերթուածներէն։
Անշուշտ
ես
պիտի
ուզէի
որ
Յետին
հառաչքը
չըլլար
գրուած
գերեզմաններու
յաճախանքով։
Պիտի
ուզէի
որ
Ճեմքին
մէջ
բլուրներուն,
հովերուն,
ջուրերուն,
ծաղիկներուն
բաժինը
մնար
ստորադաս
կրակին,
շունչին,
շղարշին,
արեան
ու
սարսուռներուն
որոնք
բոլորը
մէկ
քսանամենի
աղջիկն
են,
մեր
զգայարանքներու
ծիրին,
երբ
կը
բռնենք
մեր
սիրտը,
«Մեղքի
վրայ»
ինչպէս
կ՚ըսեն,
իր
յիմարութեա՛նը
մէջ
ինքզինքը
մոռնալու
ու
մեզ
մղելու
մեզմէ
անդին,
մինչեւ…
մահ։
1860ին
աղջիկները
ուրիշ
խորհուրդներու
հանգոյցներ
չէին
անշուշտ։
Բայց
հեշտ
է
ինծի
իր
այդ
«անդիմադրելի
հրապոյրով»
(ինչպէս
կը
գրէ՝
մէկը
Մ.
Պ.
ի
կենսագիրներէն)
պարմահուհին
ու
այդ
անկանգնելի
կործանումով,
բայց
ներքին
հզօր
ձգողութեամբը
դեռ
թափառող
երիտասարդ
մահապարտի
մը
ուրուականները
իրարու
ետեւէն
անցնել
իմ
մտքի
դաշտէն։
Յետո՞յ։
Գիտէք
պատմութիւնը։
Լռած
են
տռամային
վկայութիւնները:
Ոչ
ինչ
գիտենք
օրիորդէն,
բացի
կենսագիրներէն
յիշուած
ամենօրեայ
այցէն
հիւանդին
մահիճին
երբ
ճակատագիրը
արդէն
աւարտած
է
իր
դերը:
Օրիորդ
Վահանեան
օրը
քանի
մը
անգամ
կ՚երեւայ
այդ
մահապարտ
տղուն
սնարին,
առանց
գիտնալու
որ
այդ
իսկ
ընտանութիւնը
պիտի
այրէր
հանգոյցները,
ինչպէս
կ՚ըսեն
գաղիացիք։
Ամենէն
խռովիչ,
եղերական
դրուագներէն
մէկն
է
մարդկային
ողբերգականին։
Թէ`
մօտի՛կը`
այդ
տռաման
տիրապէս
կերպագրելու,
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան
զայն
ըլլայ
գրականացուցած,
ցաւ
մըն
է
բոլոր
անոնց
որոնք
մարդկային
documentին
տարփանքը
ունին։
Բայց
ինչ
արա՜ծ։
Գոհ
եմ
որ
չէ
խզտուած
այդ
տռաման
ամբողջութեամբ
գրաբար
տաղաչափութեան
սնոտիքին
մէջ։
Ու
պետք
է
կարճ
ըլալ
ոչ
թէ
վէպի
մը
մէջ
որ
կեանքն
է
մեր
գրողներուն
մեծ
մասին,
այլ
այդ
կեանքին
մօտենալու
մեր
փափաքներուն
մէջ
որոնք
գրական
քննադատութիւնը
կը
մերժեն
խորշանքով
բայց
չեն
կրնար
չտառապիլ
շուքէն,
մշուշէն,
տարտամէն,
իբրեւ
կեանք
մեզի
կտակուած։
Կ՚ըսեմ
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան
կեդրոնական
անձնաւորութիւն
մը
չէ
—
վարժապետ
մը
քիչ
անգամ
այդ
բանը
եղաւ
մեր
մէջ
—
անշուշտ
մեր
Զարթօնքին
շքեղ
հոյլին
ներսը։
Ոչ
իր
ընկերային
վիճակը,
ոչ
ալ
առողջութիւնը
ու
իր
տաղանդին
եւ
առած
դաստիարակութեան
նկարագիրը
զինքը
կ՚ընեն
ընդունակ
նման
դերի
մը։
Դուք
տարածեցէք
այս
սեղմումները,
ձեզի
համար
որպէսզի
հասկնաք
թէ
ինչպես
մեծահարուստ
տան
մը
աղջիկը
բժիշկներէ,
փաստաբաններէ,
երաժիշտներէ
ու
հաւանաբար
«պասմայի
ջոջերու»
(ինչպէս
կը
պատկերէ
անմոռանալի
Զօհրապ,
երկու
բառի
տակ,
մեր
ամենէն
տարօրինակ
մէկ
դասակարգը),
վայելախոյզ
պայազատներէ
«հետապնդուած»,
հալածուած,
զգայ
խորութիւնը
իր
ստեղծած
խռովքին
հիւանդ
տղու
մը
ներսը,
բայց
անցնի
աւելի
անդին,
այդ
խռովքին
հետ
խաղալու,
ու
աղէտը
արագելու
իր
դերը
ջանայ
հակակշռել
իր
պուպրիկ
մատուըներովը
անոր
մատռուակելով
սրուակներուն
սուտն
ու
փուտը
որոնք
իբրեւ
դեղ
կը
նստին
մահապարտներու
սնարին,
բայց
իր
հրաշքը
—
իր
մարմինը,
ինչպէս
կը
պատկերեն
ժամանակէն
հասած
վկայութիւններ
–
յանձնէ
նուագածուի
մը։
Գրեր
եմ,
Համապատկերին
մէջ
քիչ
մը
աւելի,
այս
տռամային
շուրջը։
Իրողութիւն
է
որ
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան
մէջն
է,
մղիչ
ուժն
է,
միացնող
շաղախն
է
այն
ամէն
ձեռնարկներուն
որոնք,
1850էն
ասդին
իբրեւ
զսպանակ
ունեցան
մեր
վերածնունդին
խուլ
ու
խորունկ
ձայները:
Ազգային
գիտակցութեան
համեստ
առաքեալն
է
անիկա։
Յիշեցէք
իր
յիշատակին
ետեւէն
ձեզի
ծանօթ
բոլոր
վերադիրները
որոնք
երիտասարդ
մը
կ՚ընեն
ներշնչող,
հեռահաս
արդիւնքներու
մարգարէ,
ծանր
արարքներու
լծակ
ու
դրէք,
միշտ
այդ
յիշատակին
ետին,
հզօր
տգեղութիւնը
գլխու
մը
(Միապօ,
Տանթոն),
որ
այդ
ճմռքումին
վերեւ
շքեղ
գեղեցկութիւն
մը
իբրեւ
երբեմն
կը
տպաւորէ
ճակտին
գմբէթացումովը։
Ու
դրէք,
միշտ
այդ
յիշատակին
ետին,
դեղին,
դալկահար
մարմաջը
հիւանդութեան,
թարթիչներէն
աստղաձեւ
մաղուող
տուրքը
անոր
ներքին
աչքերուն,
ձայնական
թաւիշ
կրակը
որ
մեր
վրայ
կ՚իյնայ
զովացնելո՜ւ,
կարճ՝
ամբողջ
ողջակէզին
մահածրար
տագնապը,
ընդոծին
խանդն
ու
փաղաղիչ
հրապոյրը
բոլոր
աճապարողներուն,
թերի
բայց
զօրեղապէս
թելադրական
ազդեցութիւնը
մահուան
մէջ
մտնողներուն,
ու,
իրաւ,
քամբախտ
բանաստեղծի
մը
անմոռանալի
հովը,
շուքը,
այս
անգամ
անուն
մը
ետին
որ
արեւմտահայ
գրականութեան
մուտքը
վերածէր
տեսակ
մը
հէքեաթի,
հրաշքի,
անուշիկ,
անհաւատալի
ըսուելու
չափ
այսօր
հեռու
մեր
ախորժակներէն:
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեանէն
մեզի
եկած
քերթուածներէն
ոմանց
մէջ
ես
կը
հաստատեմ
քանի
մը
մնայուն
գեղեցկութիւնները
իմ
ժողովուրդին։
Ու
այսքանը
աւելի
անդին
է,
քան
գրական
քննադատութեան
մը
դերը։
*
*
*
Գո՞րծը։
—
Անոր
լաւագոյնը
իր
անձն
է
անշուշտ։
Վերին
տողերը
փորձ
մը
նկատեցէք
այդ
լաւագոյնը
արդիացնելու:
Կը
մնան
ա)
—
Իր
քերթուածները,
բ)
—
Իր
թաsրերգութիւնները,
գ)
—
Իր
արձակները
(ճառեր)։
Ուրեմն
ունինք
վերլուծելու
բանաստեղծ
մը,
թատերագիր
մը,
ատենախօս
մը
(իր
իմացական
տաղաչափութիւնը
իր
ճառերուն
մէջ
դրած
է
անիկա)։
Գրական
սա
վաստակէն
հայոց
գրականութիւնը
(արեւմտահայ
գրականութիւնը
սահմանափակ
տարազ
մը
պիտի,
թուէր
հոս)
ունի
տասնեակը
անցնող
գլուխ-գործոցներ,
բոլորն
ալ
քնարերգական
կալուածէն։
Անոր
թատրերգութիւնները
իբրեւ
արուեստի
գործ,
դուրս
կը
մնան
ազգային
հարստութեան
գանձարանէն,
թէեւ
ստեղծած
ըլլան
մեծ
խանդավառութիւն։
Անոր
արձակները
դարձեալ
դուրս
կը
մնան
լուրջ
նկատառումէ,
հակառակ
անոր
որ
գրեթէ
բոլորն
ալ
ծանր,
խորքով,
ներշնչեալ
պահերու
արտասանուած
(կը
խորհիմ
թէ
կը
գրէր
իր
խօսքը)
ատենաբանութիւններ
են,
բայց
կը
կրկնեն
մեղքը
բոլոր
խօսքերուն,
մարդոց
միջինին
մատուցուած
ու
հարկադրաբար
միջակ
մնալու
սահմանուած։
Մ .
Պէշիկթաշլեան
իմացականութիւն
մը
չէ,
ինչպէս
չեն
Դուրեանը,
Մեծարենցը,
որպէսզի
անոր
ուղեղին
կշիռը
զիս
փորձէր։
Իր
Տաղք
եւ
Թատրերգութիւնք
հատորին
մէջ
նախաբանը,
գրուած
Ծերենցի
կողմէ
կը
պարունակէ
սակայն
փշրանքներ,
տպաւորութիւն,
կէս
նամակ,
արձակ
քերթուածի
ձեւով,
տարօրէն
տպաւորիչ
ու
իրաւ
էջեր,
որոնց
նմանները
մենք
կը
գտնենք
Պ.
Դուրեանի,
Տիկին
Եսայեանի,
Տիրան
Չրաքեանի
հատուկոտոր
էջերուն
մէջ։
Գրիգոր
Օտեան
եւ,
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան
այդ
ձեւ
կտորներու
ետեւէն
մեզի
կը
բերեն
մեր
արձակին
սրտառուչ
անուշութեան
անդրանիկ,
նորադրոշմ
վայելչութիւնները,
այն
անմահ
շնորհը
որ
մեր
հին
մատենագիրներէն
ոմանց
մօտ
բիւրեղացած
է
արդարեւ։
Տիկնայք
փափկասունքը
նախատիպն
է
այդ
արձակներուն
է
[1]
Ես
ինծի
կուտամ
իրաւունք,
իր
սրբազան
դժուարութեան
ինչպէս
արդար
հպարտութեան,
մանաւանդ
ազգային
արդիւնքի
տեսակէտներով
ըստ
արժանւոյն
դատել
սա
ճիգը:
Քառսունը
շատոնց
է
անցած
թիւը
տարիներուն
որոնց
ընթացքին
ես
աշխատել
եմ,
թերեւս
առանց
Մկրտիչներու
տաղանդին
ալ
պաշտպանութեան,
իրենց
ժողովուրդին
խորագոյն,
հարազատ
զգայնութեանը
հաղորդ
ընել
սերունդներ,
շատ
աւելի
միատարր
(թուրքին
ջարդերը,
մեր
գրականութեան
ծաւալը,
մեր
կրթության
որոշ
բարիքները
ազդակներն
են
սա
երեւոյթին),
արիւնով
մկրտուած,
որոնք
կաթոլիկ
ու
ամերիկեան
կրթութեան
այլապէս
ապաuերող
ազդեցութիւններուն
դիմանալու
ընդունակ
էին
դարձած։
Իմ
գեղէն
մինչեւ
Երուսաղէմի
Ժառանգաւորացը,
ես
խօսեր
եմ
մեր
տղոց,
ամենէն
առաջ
ցեղային
պարտքէ
մը,
որ
դիմանալն
էր,
մեր
պապերուն
նման,
անշուշտ
տարբեր
միջոցներով,
բայց
ԴԻՄԱՆԱԼԸ՝
ամէն
գինով։
1900ին՝
վտանգը
մեր
ժողովուրդէն
կուգար։
1920ին՝
դուրսէն։
1940ին՝
մեր
երիտասարդութենէն
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան
1850ին
հայերէն
խօսելէ
ամչցող
աղջիկներուն
ի՜նչ
կրնար
ունենալ
ըսելու,
բացի`
իր
սիրտին
կրակէն,
տաղանդին
լոյսէն։
Կը
խորհիմ
թէ
այդ
պատուական,
զմայլելի
ուսուցչին
գործը
աւելի
արդիւնաւէտ
բան
մըն
էր
քան
իր
ժողովուրդին
գրողներ
հասցնելու
տաժանագին
նահատակութիւնը:
1940ին
մեր
դերը
փոխուած
է:
Մենք
մեր
երիտասարդութեան
ընտրանին
ճակատագրուած
ենք
իրենց
ժողովուրդին
կանչելու:
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան
զանգուածին
ու
հարուստին
հոգիները
մեղմելու
դեր
մը
ունեցաւ
իբրեւ
գերագոյն
նպատակ։
Կատարեց
իր
պարտքը,
իր
հոգիին
բոլոր
խանդովը,
շնորհներուն
ամբողջ
հանդէսովը,
մշտապէս
մահէն
սպառնացուած,
բզիկ
բզիկ
իր
թոքերէն
բռնի
առնելով
հուրքը,
յոյզը,
սարսուռը
որոնք
կ՚անցնին
ուրիշներուն,
մեզ
սպառելով
բայց
ուրիշները
կենագործելով։
Մարմինի
տեղ
այդ
երիտասարդը
դիակ
մը
կը
պտտցնէր։
Եւ
սակայն...
։
Ահա
թէ
ինչու
Համապատկերը
կը
սիրէ
յամենալ
դերերու
առջեւ
ուր
մարդու
մը
գրական
կարողութիւնը
հազիւ
կը
միջամտէ,
բայց
ուր
մարդու
մը
ներքին
ճառագայթումը
այլապէս
բարերար
երեւոյթներու
կու
տայ
ծնունդ։
Գրողները
հասցնելու
փառասիրութիւն
մը
չէ
որ
նկատի
կ՚առնեմ,
սա
տողերուն
ետեւէն,
այլ
ինքզինքը
տալու
արարքին
ամբողջ
սպառիչ
սրբութիւնը:
[2]
Որ
քան
դիւրին
է
հրաժարիլ
Ալիշանի
քերթողական
փառքէն
ինչպէս
վրիպանքէն
որոնք
մարդկային
արարքներուն
արտաքին
փաթաթները
կը
կազմեն
երբեմն,
ծանրանալու
համար
այդ
աբբային
պատմական
մտատեսութեան,
որուն
տարողութիւնը
ծանօթ
է
մեզի,
կանխող
էջերուն
մէջ
բայց
որուն
ձգտումը,
մես
մինակը`
բա՛ւ,
մեզ
հիացման
հանելու:
Մեծ,
խորունկ,
բարձր
տեսնելը,
քիչիկ
մը
ռոմանթիզմ
անշուշտ,
բայց
այնքան
ալ
պարտադիր՝
1850ին։
Մեր
ժողովուրդը
տեսաւ
այդ
մարդուն
ուզածին
պէս։
Անոր
ամբողջ
վաստակը
ուրիշ
ձգտումէ
մը
չէ
բխած։
Նոյնիսկ
Յուշիկ
Հայրենեաց
Հայոց,
ուր
հեղինակը
կը
կարծէինք
զինքը
քիչիկ
մը
ազատ,
այդ
պատմութեան
ծալքերը
լուսաւորելու
արուեստի
մը
տարրական
միջոցներով:
—
Յուշիկքները
վէպին
ու
կենսագրումին
ընդմէջ
ծփուն
քերթուածներ
կը
թուին
—
հիմնական
ձգտումին
ծանր
ճնշումը
կը
մնայ
տիրական։
Վենետիկցիներուն
համար
հայոց
ժողովուրդը
—
ան
որ
Պոլիս
ու
գաւառները
ընկղմած
կ՚ապրի
խորուկ
գերութեան
մը
թմբիրին
մէջ,
Չօպանեանէն
ստրկախտ
յատկանշական
որակումով
—
հինն
է,
արի
արանց
ասպետներուն,
սրբազնասուրբ
հայրապետներուն,
կարմիր
նահատակներուն,
շուշանագեղ
սրբուհիներուն
իրական
միջնադարը,
որմէ
hանուեցան
այնքան
մեծ
գործեր
գաղթական,
անգլիական,
գերմանական
գրականութեանց
մէջ։
Ալիշան
պատմութիւնը,
մերը,
ուսումնասիրած
է
իր
ժողովուրդին
սա
կարիքին
համար,
ինչպէս
ընտրութեան
թուղթ
մը
—
քուէ՛ն
—
գիտակցօրէն
լեցնել
կարենալու
համար
Իփփոլիթ
Թէն
գրած
է
քսանըչորս
հատորներ
ժամանակակից
Ֆրանսայի
ծագման։
[3]
Իմ
ծննդավայր
քաղաքին
մէջ
միայն
նրբանուրբ
թրքուհիներ
ու
վայրենատիպ
մոլլաներ
չէին
ապրեր։
Հոն
իմ
մատաղ
մտքիս
վրայ
անջնջելի
տպաւորութեամբ
մը
սեւեռուած
են
ուրիշ
ալ
ապրումներ։
Որոնցմէ
մէկն
է
կաթոլիկ
հայերէ
իմ
առած
զգայնութիւններս։
Չեմ
խօսիր
այդ
«հասարակութեան»
պատկանող
մեծահարուստ
գերդաստաններու
բարքերէն,
որոնք
հիմնովին
յեղաշրջուած,
չարաշրջուած
էին,
դադրելով
հայութեան
պատկանելէ։
Ամբողջ
տռամա
մըն
է
այդ
օտարացած
հայերուն
պարզած
թշուառութիւնը,
հոգեղէն
գետնի
վրայ,
երբ
ապարանքները,
վաճառականական
շքեղ
հաստատութիւնները,
տնտեսական
լայնածաւալ
ձեռնարկները
այդ՝
լըվանթէնները
կ՚ընէին
աւելի
քան
փառաւոր,
արտաքուստ:
Այդ
դասին
հետ
իմ
աղերսը,
անուղղակի,
աւելի
ծանր
արժած
է
ինծի,
քան
թուրք
ապարանքներէն
ներս
իմ
ողբերգութիւնը։
Ես
բանուորի
մը
տղայ,
ապրեցայ
բանուորին
բոլորը
կիրքերը,
պզտիկութիւնները,
հարուստներու
դռներուն:
Բայց
ասոնք
յիշատակներ
են։
Ունիմ
ձեզի
խօսելիք
Պրուսայի
կաթոլիկներէն։
Պատանիները
ամէն
բան
մէկ
ու
վերջնական
կը
տեսնեն,
կաթոլիկներու
(հայ)
եկեղեցին
կը
հասկնայի։
Հետաքրքիր
ալ
էի
անոնց
դպրոցովը։
Պատմութեան
զգայարանք
մը
նոր
կ՚արթննար
իմ
մէջ,
դեռ
տասնըհինգէն
վար
(թուրքերը
կ՚արգիլէին
հայոց
պատմութիւնը
հայ
տղոց)
ու
մթին
ձգողութիւնը
որ
զիս
կը
քալէր
դէպի
թաղերը
կաթոլիկներէն
բնակուած
իմ
ազգակիցներում:
Հաճելի
էր
ինծի
իրենց
զուարթ,
լուսաւոր
ժամը:
Հաճելի՝
իրենց
գէր,
ժպտուն
գերապայծառը։
Բայց
ատոնցմէ
դուրս
մարդերը:
Հակառակ
ահագին
վտանգին,
իրաւ
սարսափին
որ
մեզ
շրջապատող
թուրք
ու
թաթար
թաղերուն
ներսը
կը
պառկէին,
ես
ինքզինքս
նուազ
կործանած
կը
զգայի
անոր
մէջ
թափառելու
ատեն,
երբ
նոյն
թափառումը,
կաթոլիկ
թաղերէն
ներս
ինծի
կ՚արժէր
հոգեկան
կորանք,
նուաստութիւն։
Օ՜,
անթերի
մաքրութիւնը
անոնց
փողոցին։
Օ՜
չքեղ
լռութիւնն
ու
փայլը
մեծահարուստ
ապարանքներուն։
Ու
փարթամ
ներդաշնակութիւնը
ամայութեան
մէջ
ինքզինքը
յօրինող
չորութեան,
անդորրութեան,
ատելութեան
որոնք
այն
ատեն
կը
թուէին
բխիլ
այդ
կառոյցներէն,
հիմա
կը
զգամ՝
կը
հարուէին
իմ
ներսէն։
Ան
ասելի
տրտմութիւն,
բեկում
էին
այդ
մշտապէս
փակ
դռներէն
իմ
մէջ
հոսածը:
Գիտէի
թէ
այդ
ամրակուղպ
գերեզմաններէն
ներս
կ՚ապրէին
իմ
հասակովը
տղաք
որոնց
խստապէս
արգիլուած
էր
ոչ
միայն
մեր
լեզուն,
այլ
նոյնիսկ
արկածի
գինով
սանկ
պտոյտ
մը
հայ
թաղերէն
ներս։
Մշտախոնարհ
վարագոյրներով
բացուածքներու
ետեւէն
նշմարելի՝
դէմքեր,
մատաղ,
ինչպէս
հասուկ,
մերիններուն
մօտիկ
միջինով
մը
գոյներու
եւ
գիծերու,
բայց
որոնց
վրայէն
ըլլար
անցած
անորակելի
կնիքը,
անդժբախտ
սթիկմաթը
որ
այդ
դէմքերը
կ՚ընէր
ինծի
համար
աւելի
զարհուրելի,
չըսելու
համար
ատելի:
Տղոց
զգայութիւնները,
որ
քան
ալ
սխալ,
չեն
դադրիր
բանէ
մը
բխելէ։
Պատմութեան
լրիւ
վերծ
անում
մը
թերեւս
բացատրէր
սա
զգացական
տռաման։
Պատանութեան
դռներուն,
իմ
միտքը
կ՚ըմբոստանար
պատիժէն
որ
կը
պարտադրուէր
այդ
տղոց
որոնք
մեր
լեզուով
բառ
մը
արտասանելու
մեղքը
կը
բաւէին
շաբաթներ
աղօթելով,
ապաշխարելով
ու
այդ
բառը
իրենց
պապերուն
լեզուն
էր։
Այդ
տղաքը
կ՚ենթարկուէին
անարգ
ծեծի
վասնզի
անցեր
էին ...
մեր
փողոցներէն։
Հիմա
երբ
այս
տողերը
իբրեւ
յուշ
հոս
կը
պատմեմ,
ունիմ
դառնագոյն
տրտմութիւնը
մարդուն
որուն
աչքին
կը
ծառանայ
ապիրատ
հասակը
հոգիի
դաւաճանին,
եկեղեցականին
որ
պատժած
էր
Մարաշցի
որբ
մը,
իր
տունէն
մէջ
մօրը
հետ
հայերէն
խօսած
ըլլալուն։
Իմ
պատանութեան
ու
սա
որբին
ենթարկուած
անարգ
հալածանքին
միջեւ
կէս
դար
է
պառկած.
որու
ընթացքին
հոսած
արիւնը
այդ
բառերուն
ճամբով,
առնուազն
սարսուռ
մը
ազդելու
էր
բիւրիցս
անարգ
այդ
եկեղեցականին։…
Համապատկերը
ողբարան
մը
չէ,
բայց
չէ
ակադեմական
զգացումներու,
ճառերու,
հայեցողութեանց
կրկէս
մը։
Իմ
ժողովուրդին
ճակատագիրը
իրեն
համար
արդէն
այնքան
ծանր,
պիտի
ըլլար
այսքան
անսիրտ,
բարբարոս
հոգեխառնութեանց
ալ
վառարան
մը։
1945ին
կաթոլիկ
հայերը
մեզ
չեն
արհամարհեր
անշուշտ
Սուրբ
Պետրոսի
հեգնութեամբ,
բայց
իրենց
դերը
կը
թուին
անցուցած
ըլլալ
մեր
այն
սերունդին
որ
օտար
վարժարաններու
մէջ
ստանալով
իր
հոգեղէն
դրութեան
տարերքը,
մեր
վրայ
կը
նայի
չտես
արգահատանքով
մը։
1850ին
ատելութիւնը,
կիրքը,
անգթութիւնը,
իրարմէ
սարսափը,
զզուանքը
կը
պեղէին
մեր
հոգիները
եւ
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեանի
միայն
կարելիութիւնը,
այդ
օրերուն,
ինքնին
հրաշք
մը
թէեւ
թող
ներուի
արժեւորել,
որուն
գործաւորը
ոչ
Մխիթարեաններն
էին
ոչ
կաթողիկէ
հայոց
պատրիարքարանը
(Պոլիս)
ոչ
ալ
Գումգափուի
խորհրդարանը,
այլ
ի՛նքը,
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեանը
միայն։