Դ.
ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԸ
Ա.
Արուեստագէտ
մը
շատ
մը
բաներ
ըլլալէ
առաջ,
նախաւորoրեն
զգայնութիւն
մըն
է:
Այս
պարտքին
վճարումը
կը
կազմեն
կանխող
էջերը։
Բայց
է
նոյն
ատեն
գործաւոր
մը՝
այդ
զգայնութիւնը
աւելի
կամ
նուազ
յաջողակ
կերպարանքներու
ձեւին
տակ
բանող
մը,
արտաքնացնող
մը
(ներեցէք
այս
խուժ
բառին)։
Անշուշտ
մենք
մեր
զգայնութեան
նախատարերքը
կը
բերենք
մեր
արեան
անդունդներէն,
մեր
գերեզմաններէն։
Ու
նոյնքան
իրաւ
նոյն
ատեն`
միւս
հաւաստումը
որով
մենք
մեր
շուրջէն
կը
ճարենք
փշրանքները
գիտութեան
որ
մեզ
կ՚ընէ
ընդունակ
մեր
հաւաքումները
մարմնաւորելու:
Պետրոս
Դուրեան
անխառն
քնարերգական
զգայնութիւն
մըն
է։
Բայց
է
նոյն
ատեն
արեւմտահայ
քնարերգակ
մը,
այսինքն`
այդ
գրականութեան
մէկ
բանուորը,
անոր
աւանդութ
եանց
մէջ
ճարած
իր
թ
է.
քնիքը,
զայն
բարիքած։
Ատեն
է
որ
մօտենամ
այդ
անունով
մեր
բանաստեղծութեան
մէջ
քանի
մը
նորակերպ
յայտնութիւններու,
յաւելումներու,
եթէ
բառը
չէք
գտներ
քիչ
մը
մեծ
(միամիտ
չեմ
Պետրոս
Դուրեանը
արժեւորելու,
իբրեւ
միակ
ու
հանճարային
աշխատաւոր
մը
արեւմտահայ
քնարերգութեան
մէջ։
Եթէ
կը
տեսնեմ
զինքը
մեծ,
տարբեր,
բացառիկ՝
պատճառը
թերեւս
այն
է
որ
իրմով
արեւմտահայ
բանաստեղծութիւնը
ըրած
է
վճռական
նուաճումներ
ոչ
միայն
խառնուածքէ
բխող
բարիքներ
է,
այլեւ
արտայայտութեան
նորութենէ,
յանդգնութենէ։
Գոյութիւն
ունին
Պ.
Դուրեանի
ոչ
միայն
հէքեաթը,
տռաման,
այլեւ
իբր
խորհրդանշան`
իր
բացառիկ
կշիռը։
Յետոյ,
շատերու
կործանման
պատճառ
մըն
է
ան,
անգամ
մըն
ալ
ապացուցանող
իր
մեծութիւնը։
Կ՚օրինակուին
օրինակելիները:
Բացառիկները
կը
խուսափին
նուաճումէ
)։
Բայց
ատկէ
առաջ,
դասական
խորաչափումը
իր
աշխարհին,
գիրքերուն
յանձնարարած
խորքէ
քննութիւնը։
Կարճ,
առանց
անդրադարձի
(շրջապատին
վրայ,
կեանքէ
մը
քննադատը
քիչ
բաներ
ունի
արտահանելի։
Յետոյ
կայ
արուեստի
գործին
ալ
նկարագիրը։
Բանաստեղծութիւնը,
ամէն
մշակոյթի
գարունքին
տիրական
փառք,
այդ
մշակոյթին
հասակին
հետ
տակաւ
կը
նահանջէ։
Թէ
գրականութիւնները
կը
սկսի
ոտանաւորով,
գիտենք
ամէնքս։
Բայց
այս
ծանօթութիւնը
կ՚օգտագործենք
պատմութեան
հաշւոյն։
Դարէ
դար
իմացական
գերագահութիւնը
կը
լքէ
քերթողները։
ԺԹ.
դարուն
անիկա
անշուշտ
ինքզինքը
չէ
ըրած
ծիծաղելի,
ինչպէս
կը
զգան
որ
էր
այսպէս
Պղատոնի
օրերուն,
որ
իր
հանրապետութեան
դռները
լայն
բանալով
երկրաչափներուն,
ամրակուռ
կը
փակէ
զանոնք
քերթողներուն
դէմ։
Մեր
օրերուն
բանաստեղծը
մասնաւոր
երեւոյթ
մըն
է
որմէ
առնուած
ըլլային
շատ
մը
փառքեր։
Ուրե՞մն։
Ըստ
սահմանին։
Դուրեանին
աշխարհը
անհատի
մը
ազդմունքներուն
ու
հակազդեցութիւններուն
գումարն
է
այսօր։
Արդ,
իր
կեանքին
ուրուագիծը
շփոթութիւն
չի
թելադրել
ոչ
ոքի։
Անշուշտ,
իր
խաղերուն
ներկայացման
վերջերուն,
ամբոխը
զայն
բեմ
կանչեց,
ծափահարեց,
բայց
միտքէ
չանցուց
գոնէ
հեղինակի
մը
իրաւունքը
կորզել
իր
հաշիւ
հեղինակին,
դերասաններու
կոկորդէն։
Անկշիռ,
իր
ցաւին
մէջ
խանձարուրուած,
այդ
տղան
անցաւ
այդ
Պոլիսէն,
գերեզմանի
խորէն
սկսելու
իր
անմահ
կեանքը։
Բայց
գրողի
աշխարհը
պայմանաւոր
է
մահկանացու
իր
ապրումներուն
կնիքովը։
Հանրային
կեանքէ
սա
անմասնութիւնը
բարիք
մըն
է
թեւրեւս
Դուրեանին
համար,
վասնզի
զայն
անկախ
է
պահած
հրապարակին
պահանջներէն
(գիտենք
թէ
որքան
ձախող
են
այդ
սպասին
ծնունդ
իր
քերթուածները,
իր
թատրոնները)։
Բայց
նոյն
ատեն
այդ
տղան
ունի
տասնի
մօտ,
առնուազն
հինգ
լման
տարիներ
որոնք
անոր
զգայնութիւնը
յարդարեցին,
անոր
ջիղերը
հիւսեցին,
անոր
տուին
իր
տպաւորութիւններուն
ցանցը
ու
կազմեցին
անոր
գոնէ
գրական
աշխարհը,
եզական
տեղէ
մը
որպիսին
է
Պոլիսը,
այլապէս
եղերաբախտ
ժողովուրդի
մը
ծոցէն։
Նոյնիսկ
ընտանիքին
կերպարանքը
բաւական
պերճ
է
տառապագին
զգայութիւններու
կողմէ։
Վրայ
է
վրայ,
քանի
մը
տարուան
մէջ
այս
տղուն
հայրը
թաղեց
երկու
երիտասարդ։
Անշուշտ
չէր
հասկնար
Պետրոսը,
բայց
իբրեւ
հայր
կ՚ապրէր
այդ
տղուն
տարի
տեւող
հոգեվարքը.
բայց
հաւանաբար
յուզուեցաւ
երբ
ծովածաւալ
բազմութիւն
մը
զայն
առաջնորդեց
իր
հանգստարանին։
Տո՜ւնը
ուր
պարկեշտութիւնը,
աղքատութիւնը,
մեր
ժողովուրդին
միջին,
անկորուստ
առաքինութիւնները,
մահը
եւ
հանճարը
կ՚ապրէին
ճիտ
ճիտի,
գործածելու
համար
ժողովրդական
սիրուն
բացատրութիւն
մը։
Չունինք
ուրիշ
բանաստեղծ
մը
որուն
ջիղերը
այնքան
լայն,
իրաւ,
արիւնոտ
ցանցի
մը
նման
ըլլային
նետուած
կեանքին
ամենէն
սովորական,
ամենէն
անթռիչ,
ամենէն
սեւ
կարիքներուն
վրայ:
Իր
նամակները
այդ
մասին
աւելի
են
քան
վկայութիւններ:
Անիրականին
բոլոր
շլացքը
—
իր
քերթողական
դիւանը
այս
տպաւորութեամբ
սկսող,
անով
զօրացած,
կը
զարգանայ
տռամայի
մը
նման,
իր
Տրտունջքին,
Զղջումին,
անվերնագիր
քերթուածին
վերջաբանին
մէջ
վերածուելու
համար
ամենէն
իրաւ
աղէտին
որ
կրնայ
տուն
մը
հարուածել։
Դուրեանին
ջիղերն
ի
վար
ու
վեր
ելեւէջող
աշխարհը,
պարզ,
սեւ,
առօրեային
ահաւոր
կնիքովը,
դժուար
չէ
վերածել
քանի
մը
հիմնական
բաղադրիչներու։
Երիտասարդութիւն,
ցաւ,
սէրը
ու
իր
կրկներեւոյթները,
մահը
ու
սենարիոն
(հիւանդութիւն,
աղքատութիւն,
կսկիծ,
սիրելիներ
եւ
այլն),
քիչիկ
մը
ազգայնականութիւն,
առատ
երազանք,
առատ
դառնութիւն,
տիեզերք
մը
յոյս,
բայց
մանաւանդ
արուեստի
հիմնովին
անըմբռնելի
(իր
ժամանակին
համար)
զգայարանք
մը։
Այս
բառերը
երբ
տարածէք,
իրենց
կարգին,
զիրենք
բաղադրողներուն,
դուք
կ՚ունենաք
կեանք
մը,
փառք
մը,
ողբերգութիւն
մը։
Կ՚ըսեմ
այսպէս՝
խորհելով
իր
ժամանակին։
Անոր
հետ
մեր
թատերական
փառքը
բաշխող,
անոր
պայմաններուն
մերձաւոր
հաղորդութեամբ
մը
(աղքատութեան
մէջ
երանգի
տարբերացմամբ
մը),
ուրիշ
մեր
մէկ
բանաստեղծին
աշխարհն
ալ
կուգայ
նոյն
միգամածէն։
Փոքր,
արագ
բաղդատութիւն
մը
երկու
քերթուածներու
երկու
հեղինակներէն
կը
լուսաւորէ
իմ
մտածումի
բարդ
նկարագիրը։
Մինչ
Օրթաքէօյի
քերթողը
(Մ.
Պէշիկթաշլեան)
ինքզինքը
կրցածին
չափ
կը
հանդերձէ
իր
ժամանակին,
իր
արուեստը
պատշաճեցնելով
անոր
փափկութիւններուն,
նախասիրութեանց,
խորունկ
հաճութեամբ
մը
ինքզինքը
զլանալով,
ըսել
կուզեմ՝
իր
ներքին
անձնաւորութիւնը
ծածկել
ջանալով,
Սկիւտարցի
երկաթագործին
որդին
կը
յամառի
ինքզինքը
փռել
իր
կարելի
մերկութեան
մէջ,
իր
տաղերուն
ներսը։
Բոլոր
գրական
զարդարանքները,
գիրքերէ
միտք
պահուած
պատկերագրութիւնները
իրարու
կը
ժամադրուին
որպէսզի
Յետին
հառաչքին
(Պէշիկթաշլեան)
հիմնական
տռաման
հեռացուի
մեր
հասողութենէն։
Իր
պատրանքը,
ասոր
առթած
կսկծանքը
ինչ
բնական
էր
ուղղակի
պոռալ
այդ
աղջկան
երեսին
որ
այդ
հիւանդ
ջիղերուն
այնքան
մօտիկը
բերաւ
իր
խենթեցնող
թովչութիւնը,
իգութիւնը,
առքի,
խորունկ
անզգածութեամբ,
չըսելու
համար
անգթութեամբ
մը,
հետեւելով
այդ
ջիղերուն
հրդեհին
ու
անոր
յիշատակին
նուիրեց
գրաբար
յարգանք
մը։
Պէշիկթաշլեան
պիտի
ինքզինքը
իջեցնէ
գերեզման,
անկէ
վերադարձի
մը
անմարդկային
ազատութիւնը
ճարելու
որպէսզի
այդ
աղջկան
ըսուին
բաներ
որոնց
վրայ
բանաստեղծը
տարիներ
ինքզինքն
էր
կոտրտեր:
Ի՞նչպէս
չխորհիլ
յաւիտենական
քառեակին
Շատերը
զիս
մերժեցին,
«Քընար
մ՚ունի
սոսկ»
—
ըսին.
Մին`
«դողդոջ
է,
գոյն
չունի»
—
Միւսն
ալ
ըսաւ
—
«կը
մեռնի»։
որուն
հետ
իմ
մտքին
կը
բացուի
թատերական
փուլիսը,
հոն
փորձերու
ընդմէջէն
սիրաբանող
դերասան
–
դերասանուհիներու
սարսռագին
վճիռը
(Տիկին
Սիրանոյշ
պատմած
է,
շատ
յապաղած
խղճահարութեան
մը
մէջ,
թէ
իրն
էին
նախադասութիւնները
քառեակին
–
տժգոյն
է,
կը
մեռնի
–
արտասանուած՝
դերասանուհիի
անպատասխանատուութեամբ
մը,
ներս
մտնելու
վրայ
հեղինակ-դերասանին՝
Պետրոսին
որ
ոչ
միայն
իր
խաղերը
ոտքի
հանելու
համար
իր
միտքը
չխնայեց,
այլեւ
զանոնք
բեմադրելու
համար
իր
հիւանդ
թոքերը
տարաւ
այդ
բեմերուն
մահառիթ
փոշիին,
քրտինքին,
ցրտին
ու ...
արհամարհանքին։
Ձեզի
կը
ձգեմ
վերակազմել
հոգեբանութիւնը
սա
տղուն
որուն
երեսին
իր
խաղը
խաղալու,
այդ
խաղարկութեամբ
վարկ,
փառք
ու
ասոնց
հետեւորդ
հեշտանքները
շահելու
արարքը
քսանէն
վար
աղջիկ
մը
չի
վարանիր
այդ
չարաշուք
բառերը
որոշ
չարամտութեամբ
մը
արձակելու։
Տիկին
Սիրանոյշի
վկայութիւնը
վճռական
է
այս
ուղղութեամբ)։
Յետո՞յ։
Ոչ
ոք
ըսաւ
-
«հէ՛ք
տղայ,
Արդեօք
ինչո՞ւ
կը
մըխայ.
Թերեւս
ըլլայ
գեղանի
Թէ
որ
սիրեմ,
չր
մեռնի»:
Ոչ
ոք
ըսաւ
—
«սա
տըղին`
Պատռե՛նք
սիրտը
տրտմագին,
Նայինք
ինչե՛ր
գրուած
կան ...
»
–
Հոն
հրդեհ
կայ,
ոչ
մատեան:
Այսինքն
բառեր.
ասոնցմով
գոյաւոր
խօսքերը
որոնք
հազիւ
թէ
կը
զատուին
առօրեայ
խօսակցութեան
մակարդակէն,
բայց
անոր
հանճարին
լոյսովը
կ՚ըլլան
ամենէն
մաքուր,
անվերածել
գոհարները
արեւմտահայ
բանաստեղծութեան,
իրագործելով
հրաշքը
առաջին
անգամ
ըսուած
ըլլալու:
Չեմ
երկարեր
սա
մերձեցումը,
տեղ
տալով
Պէշիկթաշլեանի
Առ
զեփիւռն
Ալէմտաղիին
ու
անոր
կապուած
հեշտութեանց։
Մկրտիչը
ապրեցաւ
այդ
անտառը,
դողաց
իրիկուան
դէմ
ճեմող
կոյսերուն
կրակէն,
ուզեց
մեռնիլ
բնութեան
մայրենի
ծոցին
մէջ,
հիմնովին
մարդկային
զգայնութեան
մը
փաստը
տալով։
Բայց
ուր
որ
կը
զատուին
իրարմէ
Լճակն
ու
Զեփիւռը,
հոն
կը
սկսի
հանճարը։
Ուրի՞շ։
Այսինքն
Դուրեանի
աշխարհին
միւս
տարրերը,
քանի
որ
հոս
կ՚ուսումնասիրուին
ասոր
քանի
մը
հիմնական
կերպարանքները։
Ինձի
կուգայ
թէ
սխալի
մէջ
քաշել
պիտի
նշանակէր
քնարերգակ
մը
ենթարկել
վերլուծման
սա
կերպին
երբ
առհասարակ,
ըստ
սահմանին,
բանաստեղծութիւնը
—
ուշադրութիւն
ըրէք
բառի
ստուգաբանութեան
որ
կ՚ապաստանի
ստեղծումին,
այսինքն
գոյութիւն
չունեցող
բան
մը
գոյութեան
ածելու
սրբազան
տագնապին
-
իրա՛ւը,
քնարականը
քիչ
ակօսներով
հաղորդ
կը
մնայ
հասարակաց
աշխարհներուն։
Հանդիսական
բանաստեղծութիւնը
(երկու
դասական
գրականութիւնները
հնութեան,
կրօնական
տաղասացութիւնները,
սրբազան
մատեանները
կարգ
մը
կրօնքներու,
նոր
ժամանակներէ
ԺԷ.
ԺԸ.
ԺԹ.
դարերու
սենեակի,
սրահի,
պատշաճութեան,
կարգ
ու
սարքի,
ճաշակի
ոտանաւորները
որքան
ալ
յաջող՝
կը
բխին
շրջանէ
մը։
Քնարական
կոչել
զանոնք,
օրինակ
պինդարը,
սխալ
վարժութիւն
մըն
է,
հանգիտօրէն.
տրուած
վճիռ
մը,
քանի
որ
այդ
պինդարեան
կոչուած
քերթուածները
—
էապէս
հանդիսանքի
խօսք
ու
հռետորութիւն
—
իրենց
գործադրումին
մէջ
—
ամբոխին
մատուցման
արարողութիւնը,
—
նպաստը
կը
վայելէին
մարդկային
կոկորդէն
զատ,
գործիքներուն)
ուրիշ
բան
է,
անձնականը՝
բոլորովին
տարբեր։
Ըսի
թէ
քանի
մը
տարիներու
հիւանդագին
քաշքշուիլը՝
ապրիլ
չի
նշանակեր
Պետրոս
Դուրեանի
երիտասարդութեան
վրայ
իր
բոլոր
հանճարը
հազիւ
բաւէր
պիտի
իրեն
որպէսզի
իր
գործին
ձախող
մասը
չընդարձակէր,
խեղդելու
աստիճան
յաջողակը։
Քսան
ու
աւելի
տարիներ
տրուեցան
Պէշիկթաշլեանին
որպէսզի
երգերը,
թարգմանութիւնները,
աւուր
պատշաճի
տաղերը,
մահուան
կամ
ծնունդի,
կնունքի
կամ
քնացող
մանուկներու
ոտանաւորները
լեցնեն
այդ
թանկագին
տեւողութիւնը
եւ
Վահան
Թէքէեան
երեք
քսանի
մօտ
տարիներ
ունէր
իր
տրամադրութեան
տակ
ու
երեք
աշխարհներ
(Ասիա,
Եւրոպա,
Ափրիկէ
)
ու
բազմաթիւ
քաղաքակրթութիւններ,
իրարմէ
գերազանց
ոստանները
բարդ,
հզօր
մշակոյթներու,
երկնելու
համար
իր
տաղարանները
եւ
Պետրոս
Դուրեան
ինքզինքը
միայն
ունի։
Ու
մի
մոռնաք
ասիկա։
Անիկա
մեր
ամենէն
իրաւ
բանաստեղծն
է,
որովհետեւ՝
ամենէն
անձնականը:
Անոր
աշխարհը
կը
լեցուի
անոր
անձովը:
Անոր
անձնականութեան
արտաքին
տարրերը
—
կենսագրական
տուիքները
—
ծանօթ
են
ձեզի։
Ու
տարօրինակը
ան
է
որ
երեք
քառորդ
դարու
բախտորոշ
ճնշումը
—
արուեստի
գործի
մը
վրայ
-
ոչ
միայն
չէ
կրցած
ծիծաղելի,
անտանելի
ընծայել
անոր
անձնականութիւնը
(ինչպէս
կը
դատենք
այսօր
այդ
անտանելիութեան
տակ
տախտապարուած
անձնականութիւնները
Ալիշանելու,
Կրտսեր
Ռոմանթիքնելու,
Սիպիլներու
եւ
ընկերներուն),
այլ
ազատագրած
է,
գնած
է
անոր
բոլոր
մեղքերը։
Նոյնիսկ
կէս
յաջող
կամ
հիմնովին
անյաջող
անոր
տաղերը,
ժամանակին
կնիքովը
խարանաւոր,
ռոմանթիզմով
վիրաւոր,
թէկուզ
խեղճ
ու
պատառ
իր
թատրոնները
(Թշուառներ
օրինակի
համար)
կը
վայելեն
որոշ
բարիքը,
գոլը
այդ
հզօր
անձնականութեան։
Մնաս
բարեաւը
տղայական,
բայց
Դուրեան
է
դարձեալ։
Արտայայտութեան
[1]
փա՞ռք
մը`
սա
տիրական
ճնշումը։
Չեմ
կարծեր։
Դուրեանի
գրական
պաշարը
կը
մնայ
ամենէն
նախնականներէն։
Նախափորձ,
խակութիւն,
շրջանայնութիւն
տակտ
կը
փարատին,
քանի
այդ
անձնաւորութեան
արտաքին
տարրերը
կը
փշրուին,
կը
դալկանան
հիւանդութեան,
չքաւորութեան,
անսփոփ
զրկանքի
եւ
հետզհետէ
թանձրացող
պատկերին
դիմացը
իր
բացուող
գերեզմանին.:
1871ը
այդ
«քայքայումին»
մէջ—
իրն
է
բառը
—
Ներքին
անձնաւորութեամբ
լուսապայծառ,
անմահ
իրականութիւն
մըն
է։
Մշակուա՞ծ՝
Տրտունջքը,
Ա.
ը,
Հծծիւնքը,
Յուշքը,
Սիրելը,
Դրժելը,
Սեւ,
սեւը,
Լճակը,
Ի՞նչ
կ՚ըսենը։
—
Կը
թուին։
Ասոնց
հանդէպ
արդար
ենք
այն
ատեն
երբ
այդ
քերթուածներուն
մէջ
անխուսափելի
նուաղումները
ընդունինք
իբր
փշրանքների
այդ
պոռթկալու
չափ
ներսէն
ուռած,
մղուած
անձնականութեան,
որ
կը
նետէինք
զինքը
թուղթին,
վերադարձի
երազով
ու
կը
մնայ
անկարող,
ով
գիտէ
ինչ
դժնդակ
յուզումներէ
արգիլուած։
Ի
վերջոյ
ինքն
է
գրողը
որ
մատները
սառած
են,
գրիչ
բռնելու
իսկ
անընդունակ։
Յետոյ,
կատակել
չի
ներուիր
հիւանդութեան
մը
հետ
որ
անհուն
է,
աննահանջ,
բարակ,
ամէն
գիշեր
պուտ
մը
աւելի
ամուր
գրած
իր
թափանցումը
մարմնեղէն
արտին,
մէջը
միսերուն:
Ամէն
առտու,
անքուն
գիշերէն
վերջ,
վրիպող
սառուցիկ
քրտինքին
մէջ
ու
պուտ
մը
աւելի
նուազ
շունչ
առնել
ու
պուտ
մը
աւելի
քիչ
ուժ
զգալ,
անկողինէն
ելնելու,
ամէն
օր
մտադրել
հագուիլ
ու
ատկէ
արգիլուիլ,
սպասել
կրակին
որ
անվրէպ
պիտի
գայ
սառոյցի՝
սայլակովը
ու
պիտի
իր
բիւրեղները
անձրեւէ
մարմնիդ
բոլոր
բջիջներուն։
Գրի՜չ։
Թո՜ւղթ։
Քերթուա՜ծ։
Դուրեան
երկրորդ
մշակումով
մը
կ՚ենթադրեմ
որ
ըլլայ
գտած
իր
յաջողակ
տաղերուն
կատարելութիւնը։
Առաջին
ակնարկը
այնպէս
կը
տպաւորէ
որպէս
թէ
այդ
տաղերը
բխած
ըլլան
վերջնական,
այլայ
տուած
զգացումը
իր
բառեռէն
զգեստին
մէջ
դարձեալ
վերջնական,
ըլլայ
գծած
պարտքերը
այնպէս
ինչպէս
կը
յառնէր
անոր
մշտապար
մարմինը
իր
յարիւնամած
երեւակայութենէն։
Անշուշտ,
այս
տպաւորութիւնը
կը
պատշաճի
նաեւ
ամենէն
խնամուած,
երկար
ջանքերու
գինը
կազմող
աշխատանքներուն։
Ո՞րն
է
պարագան
Դուրեանին։
Իր
վրիպանքը
աւելորդ
պերճանք
մը
չեմ
կրնար
նկատել
իր
ինքնատպութիւնը
փրկելու:
Բայց,
ինչ
ալ
ըլլան
մեր
վերապահութեան
աստիճանները
փաստ
է
որ
յաջողած
Դուրեանը
աշխատանք
չի
հոտիր,
գործածելու
համար
գէշ
բայց
արդար
բացատրութիւն
մը։
Ու
փաստ
է
դարձեալ
որ
յուզում,
սարսուռ,
պատկեր,
գիւտ,
փոխաբերութիւն,
նորութիւն,
ինքնատպութիւն
—
բոլորը
կուգան
ամենէն
մաքուր
ակէն
ամենէն
մաքուր
բանաստեղծութեան
որ
հոս
կը
նշանակէ
մարդ
մը,
արուեստին
ելած։
Բառ
մըն
է,
մենք
շատերուն
համար,
այսօր
երիտասարդութիւնը։
Ուրիշներու
համար՝
հեռաւոր
փարոս,
Դուրեան
պիտի
ըսէր
փառքի
ովկէան,
անհուն
սարսուռ:
Հանգչած
երազ,
որ
իր
թեւերը
ծալլելու
կը
վարանի
ու
կը
յամառի
ինքզինքը
պահել,
յամեցուն
ու
տրտում,
գիշերէն
առաջ .
Մենք,
տարիքին
տակը
կորաքամակներս,
զայն
կրնանք
ոսկեզօծել,
երբ
այնքան
քիչ
ու
գէշ
ենք
հասկցած,
պահած
զայն:
Բայց
այդ
երիտասարդութիւնը
քիչերու
մօտ
անորակելի
այն
հէքեաթն
է
որ
«կ՚ըլլայ
ու
չըլլար,
պատանի
մը
կ՚ըլլայ.
իշխանուհի
մը
կ՚ըլլայ:
աղքատիկ
տղեկ
մը
կ՚ըլլայ»…։
Քիչերու
մօտ
անիկա
պիտի
գայ
պատմուճանուած,
գեղանի,
հրաշքէն
աւելի
հրաշք,
թեւաբաց
ու
աշխարհը
իր
տակ
ծածկելու
չափ
ընդարձակ
եւ
Պետրոս
Դուրեան
քսանը
մտնելէ
առաջ
այդ
հրաշքն
էր
անշուշտ,
զաղփաղփուն,
անուշիկ,
սրտագրաւ։
Ժամանակով
չի
չափուիր
անշուշտ
մեր
կեանքին
գերագոյն
փայլակը,
—
մեր
երիտասարդութիւնը,
քանի
որ
ամէն
փայլակի
նման
սահմանուած
է
դողալու
եւ ...
անդունդ
իյնալու:
Հարցուցէք
դուք
ձեզի,
դուք
որ
ձեր
ետին
կը
փնտռէք
այդ
հրաշքը
ի՜նչ
ըրիք
անոր՝
ձեր
արժանաւորութիւնը
արժեւորող։
Հարցուցէք
նոյնը
ձեզի՝
դուք
որ
անոր
մէջն
էք
եւ
սակայն
կապուած
կը
զգաք
ձեր
թեւերը,
չոր՝
ձեր
սրտին
ակունքները,
ամայի`
ձեր
իմացականութեան
հոյակառոյց
ապարանքները։
Տարեց
կամ
մատաղատի,
ամէնքդ
ալ
սպանած
էք,
սպաննելու
վրայ
էք
այդ
կախարդութիւնը։
Դուրեան
զայն
ազատագրած
է
ահա
իր
մարմինին
զոհովը։
Անոր
ջիղերուն
վրայ
այդ
բառը
է
անհուն
ըղձաւորութիւն,
ծարաւ,
կարօտ,
երազ,
արբշռանք
ու
հաւանաբար
մահը,
ծիրանաւոր
ու
գեղեցիկ:
Մեր
բանաստեղծներէն
ոմանց
մօտ
(Պէշիկթաշլեան,
Մեծարենց,
Տէրեան,
Ոսկեան,
Զարիֆեան)
այս
բարեխառնութիւնը
իրական
է
անշուշտ։
Բայց
ոչ
ոքի
մօտ,
մերիններէն,
այդ
բարեխառնութիւնը
հագած
է
կերպարանքը
որ
Դուրեանին
ոտանաւորն
է:
Հռետորութիւն:
Տաղաչափութիւն:
Առօրեան։
Աս
ու
ան
շոյելու,
պարսաւելու
առիթներ,
որքան
մօտիկն
էին
իր
թեւերուն
իբր
ոսկի
սոսինձ։
Երբ
յիշուած
քերթողներուն
գործը
վերածէք
հոս
դրուած
հարցին,
անձնաւորութեան
տռամային,
պիտի
զգաք
տարբերութիւններ
որոնք
չարաշուք
լոյսով
մը
պիտի
բանային
ձեր
հոգիին
աչքերը։
Ո՞վ
կայ
ետեւը
Պէշիկթաշլեանի
տաղարանին։
Հարցումին
իբր
պատասխան
պիտի
խուժեն
իրարու
հետ
հազիւ
աղերս
մը
պարզող
բազմաթիւ
մարդեր,
կտորուանքներ,
ձեզ
շուարման
մատնելու
չափ
անկնիք։
Ստիպուած
էք
խմբել
ութը-տասը
եղերերգներ,
անոնք
ալ
գրաբարով,
ծանր,
ծիրանաւոր
ռոմանթիզմով
փչուած
յաճախ,
սանկ
երիտասարդ
մը
մտապատկերել
կարենալու
համար
որուն
տառապանքը
կը
համակէ
բայց
որուն
տարտամութիւնը
—
արտայայտիչ
գիծերէ
—
ուրիշ
տառապանք
մըն
է
ձեր
հաշւոյն
այս
անգամ։
Սիրահար
տղու
քիչ
մը
հասարակ,
դասական
կերպարանքը:
Նշանաւոր
քերթուածի
մը
մէջ
—
Յետին
հառաչք
—
որ
քան
գէշ,
սխալ,
անմարդկային
է
այդ
կերպարանքը։
Մարդ
չի
կրնար
այդ
իրապէս
ապրումով
գրուած
լայնաշունչ
քերթուածէն
կին
մը,
տեղ
մը,
սիրտ
մը
գտած
ըլլալու
տարրական
վայելքը
զգալ։
Յետո՞յ։
Երգերուն
տղայական
թեթեւութիւնը։
Ջատագովականին
զայրացուցիչ
կեղծիքը։
Հանդիսականին
անիմաստ
շաղփաղփունքը,
այսինքն
ասոնք
ալ
երգող
մարդեր։
Առանց
կենսագրական
նպաստին,
Պէշիկթաշլեանի
անձնաւորութիւնը
կ՚ընկղմի
նշանաւոր
աննշանութեան
մը
մէջ։
Բացի
քանի
մը
դասական,
մանկունակ,
հանդիսական
պայմաններէ
թելադրուած
քերթուածներէ,
-
շրջանին
իր
տուրքը
ասոնք
—
մնացեալին
մէջ
կայ
ու
կայ
ինքը
միայն:
Ես
արկածախնդրութիւն
մը
չեմ
ըներ
երբ
անոր
կոյսը
առաջարկեմ
որ
վերածէք
դարձեալ
Պետրոս
Դուրեանի
մը,
բխած
իրմէն.
այնքան
այդ
կոյսը
կը
կրկնէ
տարտամութիւնը,
տուրքը,
օդայնութիւնը
երիտասարդին
որ
Դուրեանն
է։
Այն
ատե՞ն։
Այն
ատեն
ձեզ
կը
հրաւիրեմ
մտածել
իրական
մեծութեան
որ
կը
մեկնէր
հիւղակէ
մը,
հազիւ
կ՚անցնի
կրթութեան
բարիքէն,
կը
նետուի
շուկային
ողջակէզին
ու
կը
հալածուի
դէպի
հիւծախտին
մահիճը,
պարզ,
խեղճ,
տկլոր,
նախատուած,
ծաղրուած,
արիւնը
կուլ
տալէն
իբր
կարմիր
երա՜զ,
որպէսզի
իր
երկրորդ
մօրը
գոգէն
(գերեզմանն
է
ասիկա,
իր
մէկ
տողին
մէջ
պառկած)
մեր
վրայ
բանայ
իր
անմահութեան
փառքը։
Չեմ
կրնար
տարածել
[2]
այս
փոքր
գիծերով
շրջագծելի
պատառիկ
մը
տարիները
իր
ժամանակին,
որ,
պէտք
է
միշտ
յիշեցնել,
Դուրեանին
տուաւ
իր
մեղքերը,
զայն
ջանաց
արգիլել
ինքզինքը
ըլլալէ։
Այս
հաւաստումը
երբ
վերածէք
իր
իմաստին,
հարազատ
Դուրեանը
կը
գըտնէք
միայն
ու
միայն
այդ
անձով
պայմանաւոր:
Արդ,
ոչ
ինչ
այնքան
անկայուն,
զաղփաղփուն
է
քան
մեր
անձը:
Որ
երբեմն
մեզմէ
արագ
կը
զառամի
(որքան
շատ
են
քերթողներ
մեր
մէջ
որոնք
իրենց
գործէն
առաջ
մեռան)։
Տասը
տարին
բաւեց
որպէսզի
Սիպիլին
գրական
անձնաւորութիւնը
հիննար,
պառաւէր
ու
մեռնէր։
Անձով
պայմանաւոր։
Այո։
Բայց,
ինչպէս
ամէն
տեղ,
հոս
ալ
կայ
անձը
ու
անձը։
Հրաշքը
հոն
է
որ
Դուրեանի
անձնաւորութիւնը
harceler
ընող
բոլոր
պայմաններուն
հակառակ
Դուրեանի
ներքին
անձնաւորութիւնը
յաջողի
ինքզինքը
ազատագրել,
մեզի
գալու
համար
իր
բովանդակ
թարմութեամբը,
անշուշտ
որոշ
զոհով
մը
(մթերքը
իր
վրիպած
քերթուածներուն)։
Սրբապղծութիւն
չէ
խորհիլ
որ
մեր
վաւերական
քերթողները
կրնան
ստեղծած
ալ
ըլլալ
իրենց
գործը
ձայներուն
մէջը,
ախորժանքն
ի
վար
իրենց
ժամանակին,
բայց
հոսհոսութիւն`
այդ
ձայներուն
մէջը
խեղդել
յաւակնիլ
իրաւ
բանաստեղծութիւնը։
Վեճ
չեմ
բանար:
Նոր
չէ
որ
ունինք
երգողներ,
քերթողներ։
Բայց
նոր՝
այդ
ճիգերուն
մեր
տալ
յաւակնածը։
Ըսի
առաջնեկը
որ
ո՛չ
Շնորհալին,
ո'չ
Նարեկացին
իրենց
տաղերուն
երկնումին
մէջ
մտքէ
չեն
անցուցած
քերթողական
փառասիրութիւն
մը,
այն
տարողութեամբ
որուն
փաստը
այսօր
բարձրավիզ
կ՚իշխէ
երկու
տող
տակէ
տակ
դնելով
բանաստեղծի
վարկ
մը
պահանջողներուն
թաքուն
մեծամտութեան
ետին
եւ
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
այն
ժողովուրդին
իմացական
հետաքրքրութիւններէն,
ընկալչութենէն
բազմազան
վկայութիւններ
արձանագրած
կրթանք
մըն
է։
Ինչ
որ
արեւմտեան
մեծ
մշակոյթները
գործադրած
են
այդ
մարզին
վրայ,
մերինները
ջանացած
են
կրկնել,
անշուշտ
մեր
միջոցներուն,
ուժերուն
չափովը։
Ու
մերինները
Հիւկօ,
Լամարթին,
Վերլէն
թարգմանելով
հանդերձ՝
եղած
են
իրենց
ժողովուրդին
ալ
թարգմանները:
Հասկնալի՞`
որպէսզի
ամէն
գրիչ
բռնող
ինքզինքն
զգայ
պարտքի
տակ,
այդ
թարգմանութիւնները
ընելու
իր
կարգին։
Ոգի,
բարեխառնութիւն՝
քննադատի
տարազներ
են,
երեւոյթները
պիտակելու
դերով
մը։
Յետոյ,
կայ
մասնաւոր,
բացառիկ
ալ
հանգամանք
մը,
զոր
լաւ
կ՚ընէին
ուշադրութեան
մօտ
պահելով,
ամէն
անոնք
որ
մեր
գրական
ճիգը
կը
ջանան
կշռել
օտար
մշակոյթներու
նժարին։
Արուեստը
ազատութիւն
է։
Ու
մեր
ժողովուրդը
ազատ
չէր։
Ընդհակառակը։
Իր
ամենէն
սեւ
գերութիւնը
ապրեցաւ
անիկա
իր
գրական
գերագոյն
ճիգին
ընդմէջէն։
Չեմ
գիտեր,
մեր
որ
մեղքին
համար
իրաւ
անձնաւորութեան
զգայարանքը
պակսած
ըլլայ
մեր
քերթողներէն
շատ
շատին
մօտ։
Զարթօնքի
Սերունդը
կ՚ախորժէր
հաւաքականէն։
Արուեստագէտները
անձը
կորսնցուցին,
ասոր
փշրանքները
աճեցնելով
քերթող
անցնելու:
1860ին
անշուշտ
կարելի
չէր
Սկիւտարի
նոճիները
երգել:
Կէս
դար
վերջը
Չրաքեան
պիտի
քրմանայ,
յանուն
նկարչագեղ
կայքերու
ու
ինքնատպութեան
քառասուն
հնչեակ
նուիրել
այդ
յիմար
ծառերուն
որոնք
քանի
մը
կայծ
ապրում
կարող
չեն
թելադրել
անոր
բայց
կը
մնային
անատակ՝
գիրք
մը
լեցնելու,
եթէ
ասոր
էջերը
մենք
պիտի
յատկացնենք
իրաւ
յոյզերու
եւ
ոչ
թէ
աչքի
խաղերու։
Թէրզեանի
հարիւրաւոր
քերթուածները
կրնային
չգրուիլ:
Ըսել
կ՚ուզեմ՝
որեւէ
գրիչ
բռնող
ի
վիճակի
էր
այդ
քերթուածներուն
աշխարհը,
թելադրանքը,
տարողութիւնը
կապելու
թուղթին։
Ո՞վ
չի
գիտեր
թէ
Քրիստոնեայ
նահատակն
ի
Հռովմ
պոէման
աւելի
չէ
քան
հասարակ
պատմում
մը,
Նար-Պէյի,
Ալիշանի
երակէն,
լեզուական
խժութեամբ
մըն
ալ
վիրաւոր:
Քչեր
սակայն
կը
կասկածին
թէ
այդ
վիժուք
քերթուածը
նախանիւթն
է
շքեղ,
սխրալի
պատմումի
մը
(Uէնքիէվիչ
նոյն
նիւթէն
յաջողած
է
անուշիկ
վէպ
մը
—
Յո՞
երթաս
—
լաստակերտել)։
Չեմ
տարածեր
վերլուծումին
սա
ժխտական
ախորժակները
ամենէն
աւելի
ինքզինքը
տալ
յաւակնող
Եղիայի
քերթուածներուն,
վասնզի
այս
հիւանդին
մօտ
ամէն
պայման
դուրս
է
մեր
հասողութենէն։
Արուեստագէտ
սերունդի
քերթողները
—
Մեծարենց,
Թէքէեան,
Վարուժան,
Եղիշէ
Դուրեան
—
արգիլուած՝
հանդիսականէն,
մասամբ`
հայրենականէն,
հակազդեցութեան
ճիգի
մը
մէջ
ու
թերեւս
աւելի
հանդարտ
ապրումներու
հանդիսարան,
իրենց
անձերուն
տուին
շնորհալի,
սքողումներ։
Որքան
իրաւ
են
Մեծարենցի
քերթուածները
—
Շողա՜,
շողա,
Բարի
արեւ,
Հիւանդ
եմ,
Կսկիծ,
Ապրիմ
մեռնիմ
—
բայց
որքան
ալ
զուսպ՝
իր
անձին
ամօթանքէն
ծանրաբեռն:
Երեսուն
տարիներ
կը
բաժնեն
երկու
հիւանդները։
Արդիւնքը
յստակ
է:
Վերցուցէք
արեւմտահայ
բանաստեղծութենէն,
ըսի
անգամ
մը`
Ցոլքերը։
Շահողը
պիտի
ըլլայ՝
ամենէն
առաջ՝
ինքը,
անզուգական
քերթողուհին
ու
երկրորդ
արար՝
Հայ
գրականութիւնը։
Դուրեանի
քերթուածներուն
պակսիլը
այդ
գրականութեան,
պիտի
նշանակէր
անբանաստեղծ
սերունդի
մը
նսեմ
բախտը։
Այդ
բախտը
հետապնդած
են
Պէշիկթաշլեան,
Ալիշան
եւ
Կրտսեր
Ռոմանթիքները։
Այդ`
բախտին
տակն
են
տախտապարուած
Խասգիւղի
խմբակը,
Նար–Պէյը։
Անանձն
բանաստեղծութիւնը
անիմաստութիւն
մըն
է:
Անձին
սպառազէն
արշաւն
ալ
ոտանաւորներու
շարքերէն՝
ուրիշ
տրտմութիւն:
Դուրեան
պահած
է
այդ
անձնաւորութիւնը
հերարձակ
հռետորական
զգայնոտութենէն
որքան
կուղպ,
վերապահ,
խորհրդապաշտ
դալկացման
մը
վտանգէն։
Յետո՞յ։
Այսինքն`
Դուրեանի
տաղերուն
անձնաւորութեան
իրական
կշի՞ռը։
Ճիշդ
է
որ
պիտի
ուզէինք
Զնէ
պաշտեմը
աւելի
իրաւ,
աւելի
քիչ
տաք։
Ներա
հետ-ը՝
առանց
թատերականութեան,
աստղերու,
ուխտերու։
Սիրելը՝
աւելի
պարզ,
քիչ
զարդարուն
ապրումներու
ընդմէջէն։
Լճակը՝
զերծ
իր
ռոմանթիք
նուաղումներէն։
Ըսել
կ՚ուզեմ
պիտի
ախորժէինք
այդ
քերթուածներուն
ետին
գտնել
տժգոյն
երիտասարդը
իր
իղձերուն
անհուն
ջուրերուն
վրայ
իր
նաւակը
արձակելու
ատեն,
աչքէ
չհեռացնէր
ցամաքը
ուր
կը
պտըտին
աղջիկները,
գարունը,
սիւքը,
սոխակը ...
։
Դուրեանի
քերթուածները
թափանցիկ
չեն
անոր
անձին
դրուագումները
յստակ
կերպով
մը
թելադրելու
համար
(որքան
սիրելի
պիտի
ըլլային
մեզի
այս
գետնին
վրայ
իր
մանրամասնութիւնները):
Բայց
կայ
մասնակի
պարագայ
մը
զոր
դիտած
են
բոլոր
դարերում
մեծագոյն
ալ
հանճարներուն
վրայ:
Հանճարը
մանուկ
է
կ՚ըսէ
Քէյզերլինկ,
անշուշտ
ակնարկելով
այն
անատակութ
եան
որուն
վրայ
խօսեցայ
արդէն
առաջները։
Իրենց
բոլոր
յանդգնութիւնները
հանճարները
կը
վերածեն
փոքր,
պզտիկ
փորձառութիւններու,
վասն
զի
վախկոտներ
են։
Իրենց
իմացականութիւնը,
գերաճած,
իրեն
համար
կը
գործած
է
մարմինին
բոլոր
ուժերը։
Սքօղումը,
վարագոյրը
պչրանք
մը
չէ
Դուրեաններուն
համար,
այլ
այդ
վախին
հարկադրանքը։
Ուրկէ՞
կը
վախնար
այդ
տղան։
Բայց
անբնական
բաներէն։
Խրիմեանէն
ու
Նար–Պէյէն,
Տիգրան
Ադամեանէն
ու
Ճանֆէճեանէն,
Օգսէն
Խօճասարեանէն
ու
ծակոբ
Պարոնեանէն:
Ու
ամենէն
առաջ
հացէն
որ
հէքեաթին
ոսկեփետուր
թռչունին
կը
նմանի
երբեմն,
կը
քալէ
մեր
առջեւէն
ու
կը
նայի
մեզի,
առանց
կենալու:
Կայ
ուրիշ
ալ
պարագայ:
Ինքնակենսագրումը,
վաւերագրական
փառասիրութիւնը
չէ
խանդավառած
մեր
գրողները
որոնք
բոլորն
ալ
(Մինաս
Չերազ,
Պէրպէրեան,
Եղիա
բացառութիւններ
են)
կը
վախնան
իրենցմէ։
Պոռալը,
աղմկելը,
բռնանալը
վախկոտներուն,
տկարներուն
առաքինութիւնն
է
ըսեր
են
բարոյախօս–դիտողները
դարերու
փորձառութեան։
Անոր
համար
է
որ
ճիշդ
է
դարձեալ
այդ
դիտողութեան
երկրորդ
հետեւանքը,
ըստ
որում
հանճարը
անօթի
կը
մեռնի։
Դուրեան,
մեր
մէջ
այս
տարտամութեան
ու
այս
վախին
ու
ասոնց
հետեւանքներուն
ամենէն
սրտառուչ
օրինակն
է։
Հանճար
մը
չէ
Պոտլէռ,
բայց
անկէ
ալ
դուրս
ողբերգու
թիւն
մը։
Իր
քերթուածները
այդ
սքողումն
ու
տարտամը
հար
կադրաբար
կը
գործածեն,
զիրենք
ապրեցնելու
համար
սնոտի
ապառnղջ
հետաքրքրութիւններէ։
Պայրըն,
ամենէն
նիհարը
տաղանդաւորներէն,
պէտք
չէ
զգացած
շղարշին,
պատմուճանին
դիմելու,
նոյնիսկ
հոն
ուր
իրեն
չէր
ներուէր
գրել
է
Mine
sister,
mine
sweet
sister,
if
a
name
Dearer
and
purer
were,
it
should
be
thine ...
երբ
աւելի
քան
ահաւոր
էր
ամբաստանութիւնը...:
Գրած
է,
վասնզի
ինքզինքը
պաշտպանելու
կարիքէն
դուրս
էր,
բանաստեղծութիւնը
վերածած
ըլլալով
անսովոր,
անկարելի
խաչակրութեան
մը,
ընդդէմ
ամբողջ
աշխարհի,
մասնաւորաբար
ընդդէմ
լորտերու
Անգլիոյ:
Բայց
կայ
պատկերին
ուրիշ
երեսը։
Այն
պատանին
որ
գրած
է
Ներա
հետը,
գրել
է
տղայական
խորքով
բայց
շաղոտ
գեղեցկութեամբ
պատկերը,
հաւանաբար
բազմոցի
անկիւնէն
տեսնուած
աղջկան
մը
անդրին
միտքով
փոխադրելով
քերթուածին
բեմը,
ու
առած
այդ
ստուերէն
այդ
անմոռանալի,
անշամանդաղ
համբոյրը,
երբ
բերանին
մէջ
արիւնի
համ
մը
կը
գարշանար,
կրնաք
վստահ
ըլլալ
որ
աւելի
իրաւ
էր,
աւելի
մարդկային
քան
վաւերական
ապրող
մը
(օրինակի
համար
Եղիշէ
Չարենց
մը,
որ
պատմած
ըլլար
մեզի
այդ
փխրուն
պահը
թանձրօրէն
իրաւ
ու
անկանգնելի
կերպով
տափակ
մանրամասնութեանց
հանդէսով
մը։
Այն
հիւանդը
որ
գրեց
Ամռան
գիշեր
մ՚երբոր
գըտնես
Աստղերն
առատ
գլխուդ
վըրայ՝
Եւ
լուսինը
լապտեր
ընես
Դողդոջ
քայլից
դեպի
Մօտայ,
Երբ
շրջազգեստ
մը
շըրջէ,
Իմ
մաշած
սիրտը
յիշէ՛:
անշուշտ
տարօրէն
իրաւ
պահ
մը
կը
սեւեռէ
հեռացած
գարունքէ
մը,
երբ
մտերիմի
մը
հետ
լուսնառատ
իրիկուն
մը
կը
թափառէր
կախարդական
պուրակներու
հրաշքին
մէջ,
հեշտ
ու
քաղցր,
էգ
ու
յուզիչ
օդին
մէջէն
հետեւելով
ձայներուն
որոնք
կը
փրթին
գետինէն
ու
մետաքսէն,
կոխուած
տերեւէն
ու
փրցուա՜ծ
համբոյրէն։
Ու
անմիջապէս
վերջ
այդ
սխրագին
յուշքին
(քերթուածին
վերնագիրը
Յուշք
է
արդէն)
-
Տրտում
նստած
դու
պատուհան՝
Յառած
երկնից
այն
սեւերես՝
Սեւ
մըտածմանց
լոկ
վառարան
Տրժգոյն
ճակատդ
եւ
աչերդ
վէս,
Տըխուր
կոչնակ
մ՚երբ
հնչէ,
Մըտերմիդ
մա՜հը
յիշէ:
գրեց
սա
անվերածելի
պարզութեամբ
ու
ահաւոր
խորութեամբ
պատկերը,
անշուշտ
իրա՜ւ,
աւաղ,
չափազանց
իրաւ
մարդ
մըն
էր,
մեր
ամենէն
աւելի
դժբախտ,
բայց
զգոյշ`
այդ
դժբախտութիւնը
դրօշի
վերածելու,
անով
սպառնալու,
քրմանալու
անզիջող։
Թերեւս
այս
վերապահութիւնը
կը
միջամտէ
այդ
տղուն
ռոմանթիզմը`
տանելի,
սիրելի
ընծայելու:
Ռոմանթիզմը
կործանած
են
տեղի
ու
անտեղի,
հերարձակ
անձնաւորութեանց
անտանելի
հանդիսապարէն
նեղուած,
ուր
կրնանք
հաստատել
նոյն
իսկ
տաղանդաւոր
քերթողներու
—
օտարները
ունիմ
նկատի
—
թացիկութիւնը,
իրենց
վրայ
խօսելու
եւ
խօսեցնելու
իրենցմով
փառաւորուելու,
իրենց
մեծ
ու
պզտիկ
տագնապները,
պատահարները
ոսկեզօծելու,
դիւցազներգելու
թշուառամտութիւնը:
Այդ
ժահրէն
—
ռոմանթիզմ
—
գրել
է
զերծ
քերթող
մը
Պոտլեռ,
դեռ
եօթանասունի
դռներուն
միամիտ
է
անոնց
մէջ
ենթադրելու
փարոսներ:
Իսկ
իրենք,
Հիւկոները,
Միւսէները,
Լամարթինները,
նախահայր
Պայրընները,
Շաթոպրիանները
կը
հաւատան
թէ
առանց
իրենց
ինչ
ահաւոր
ողբերգութիւն
մըն
էր
ըլլալու
մարդոց
ճակատագիրը։
Հիւկոյի
մահուան
առթիւ
Պոլիս
քրոնիկագիր
մը
չէր
վարաներ
գրելու
«ուղեկորոյս
մարդկութեան
վերջին
ջահն
ալ
մարեցաւ»,
ու
կը
հաւատար
իր
գրածին,
առանց
անդրադառնալու,
որ
այդ
ջահը
մարդկութեան
ամենէն
պարզ
պարտքը
թերացած
էր
կատարելէ,
մահէն
կէս
դար
առաջէն
սկսած…։
Դուրեան
դուրս
է
կարաւանէն
թէեւ
կը
թուի,
մեր
մէջ,
ըլլալ
անոր
coryphée»։
Բոլոր
անոնք
որոնք
աչքէ
կ՚անցընեն
Դուրեանը
անմիջապէս
կանխող
եւ
անոր
յաջորդ
տաղարանները
(նոյնիսկ
վաւերական
տաղանդներու
անունով
պաշտպանուած)
չեն
կրնար
չայցուիլ
խորունկ
բեկումէ
մը,
ծնունդ՝
այդ
տաղարանները
լեցնող
անձնականին
այնքան
ճիղճ,
չըսելու
համար
ճճի
կերպարանքին։
Թովմաս
Թէրզեան
երկու
հարիւրէ
աւելի
մեծադիր
տողեր
չէ
վախցած
նուիրելէ…:
Մլուկին
(Առ
Մլուկն),
ու
այնքան
քիչ
տող
իր
երիտասարդի
ապրումներուն։
Բայց
Թէրզեան
գերագոյն
ռոմանթիքն
էր
մեր
մէջ։
Չեմ
կրնար
մտածել
որ
պոլսեցիները
ունենային
չունենային
իրենց
գլխուն
վերեւ
եթէ
ոչ
լուսին
մը
անոր
պատմելու
համար
իրենց
անձնաւորութեան
այնքան
վսե՜մ
տագնապները,
իրենց
շուրջը
խռովէին
միայն
ու
միայն
զեփիւռներուն
թեւաբախումէն
ու
իրենց
ականջները
բանային
միայն
ու
միայն
սոխակին…
դայլայլին
եւ
կամ
իրենց
աչուըները
դատապարտէին
վերջալոյսներուն,
արշալոյսներուն,
ամպերուն
ու
գարնանագեղ
ծաղիկներուն
գգուանքին։
Ու
մտածման
նոյն
գիծով
կ՚անդրադառնամ
որ
մեր
բանաստեղծները
չէին
կանչուած,
Վոսփորի
«չքնաղագեղ»
ափունքներն
ի
վար
մայիսներ
ու
վարդեր,
կոյսեր
եւ
ապարանքներ
միայն
ընտրելու
իրենց
ներշնչումի
աղբիւր:
Պատմական
հայրենասիրութեան
մէջ
հեշտագին
հասակ
նետած,
ռոմանթիզմին
գինիովը
«արբշիռ»,
ծիծաղելիէն
չայցուած
մեր
ռոմանթիքներուն
(Աւագ
ու
կրտսեր
մանաւանդ)
անձնականութիւնը
չի
բաւեր
այսօր
խորանարդել
միայն,
զանոնք
երջանկօրէն
թաղող
մոռացումէն
ազատագրող
լուսապսակ
մը
ինչպէս,
բառը
տարածելով
անոնց
դիւաններուն
վրայ,
քաւելու
համար
անոնց
անըմբռնելի
վրիպանքը:
Ո՞վ
կ՚արգիլէր
որ
Թէրզեանի
տաղարանը
չըլլար
մեր
ամենէն
անձնական
վկայութիւններէն
մէկը,
այդ
պայմաններով
ապրող
մեր
հէքեաթ
դարձած
մէկ
ընկերութենէն։
Ո՞վ
կ՚արգիլէր
որ
Տիւսաբի
վէպերը
չըլլային
գերազանց
փաստաթուղթեր
նոյն
այդ
ընկերութենէն։
Ու
ինչո՜ւ
այնքան
քիչ
իրաւը,
քանքարաւոր
քերթող
Պէշիկթաշլեանին
մօտ։
Դրեք
այս
վրիպանքներուն
մօտ
փոքրիկ
փնջիկը
Դուրեանի
տաղերուն
ու
դուք
կը
զգաք
թէ
ո՜վ
է
իրաւ,
մեծ
բանաստեղծը։
Բանաստեղծութեան
շուրջ
անթիւ
են
գիրքերը,
տեսութիւնները ...
Արիստոտէլի
օրերէն
մինչեւ
այժմու
գեղագէտ
դասախօսութիւնները,
յօրինուած
օդային
պալատները։
Կրնաք
սակայն
այդ
բոլորը
երջանկօրէն
անգիտանալ,
գոհանալու
համար
քանի
մը
պարզ,
անփոխարինելի,
վերջնական
վկայութիւններով,
գեղեցկութիւններով
զորս
վաւերական
խառնուածքով
բանաստեղծ
մը
կը
յայտնաբերէ
եւ
կը
պարտադրէ։
Ատոնցմէ
ամենէն
կարեւորը,
մնայունը,
անհրաժեշտը
անձնականութիւնն
է
ահա
որ
բառարանին
չէզոք,
յիմար
բառերը
կը
կենագործէ,
զանոնք
փոխակերպելով
անմոռանալի
թերեւս
անմահ
յօրինումներու
ատաղձին
(մինակ
միսերով
չէ
որ
կը
շինուին
դէմքերը)։
Ամէն
մարդ
գիտէ
թէ
որքան
հասարակ
բառ
մըն
է
մխալը։
Դուրեանին
մօտ
անիկա
զինանշանի
մը
չափ
փառք
կը
պատմէ։
Բանաստեղծը
ան
է
որ
լեզուէ
մը,
թուղթի
կտորէ
մը,
քանի
մը
գոյներէ,
երբեմն
անհեթեթ,
յիմար
կտոր
մը
քարէ
ալ
չմոռցուելիք
պատկերի
մը
յարութիւնը
կ՚իրագործէ։
Չեմ
կարծեր
որ
գտնուի
պատանի
մը
որ
անգամ
մը
Տրտունջքը
կարդալէ
վերջ,
իր
մտքին
խորը
չզգայ
իբրեւ
անխորտակելի
քանդակ
ընդ
միշտ
տեղաւորուած`
երիտասարդը,
որ
այնքան
խորունկ
երազեց
ու
լռին
լացաւ,
հանդուրժեց
արգահատանքը
ու
մարսեց
իր
մռայլութիւնը,
սիրեց
—
կարծեց
—
ու
մահը
միայն
արտօնուեցաւ
անխարդախ
ապրելու,
հաւատաց
թէ
կ՚երգէր,
նմանելու
համար
ամենուն
ու
չգիտցաւ
թէ
բառերէն
վեր
իր
հոգին
էր
շարեր։
Այս
պատկերը
չաղօտիր
տարիներու
հազար
ու
մէկ
խաթարումներէն
վերջն
ալ։
Կը
կարդաք
Վարուժանը
ու
կ՚ապրիք։
Երկրորդ
ընթերցում
մը
ձեզի
կուտայ
շուք:
Տրտունջքը
աղօտիլ,
դալկանալ
չի
ճանչնար:
Երբ
ալ
կարդաք,
ձեր
աչքերը
կը
հեռանան
բառերէն,
ձեր
ներսը
բանալու
համար
հոգեվարքին
մահիճը,
թաց
տղան,
երազները
որոնք
կը
կախուին
ողկոյզ
ողկոյզ
անոր
վերեւ,
եղերական
ծաղկեպսակներ
իբրեւ:
Ու
ասիկա
ամէն
անգամուան
համար:
Ահա
թէ
ինչո՞ւ
կ՚ըսեմ
Դուրեան
կարդալը,
պատանիներու
համար
նոր
կիսագունտ
մը
չըսելու
համար
աստղ
գտնել
է,
պատանիներու
հոգեկան
քաոսէն
շքեղօրէն
ինքզինքը
յօրինող։
Ես
առաջները
պատմեցի
ձեզի
իմ
պատահարը։
Ըսուած
է
որ
բանաստեղծներու
մէջ
յաճախ
մենք
մեզ
կը
գտնենք։
Պզտիկ
սրբագրումով
մը
վարկածը
կը
պատշաճի
Պետրոս
Դուրեանին։
Անոր
տաղարանը,
այնքան
բացառիկ,
այնքան
անձնական,
այնքան
մասնաւոր,
վարկածը
հերքելու
պիտի
ծառայէր
եթէ
երբեք
հոն
ծուարած
տագնապը
չազատէիք
այդ
պարագայականին
ու
չմղուէիք
այդ
տղուն
տառապանքը
վերացնել
սէրէն,
ցաւէն,
հիւանդութենէն,
կարօտէն,
ասոնց
ընդհանուրին
մէջէն
հասնելու
համար
Դուրեանէն
վեր,
տարբեր,
մեծ
ապրումին
փաստերուն։
Ուրիշ
տեղեր
ես
փորձն
եմ
ըրեր
այդ
ամէնը
մեր
ցեղային
յատկանշաններուն
բերելու
ու
այդքան
անխառն,
իրաւ
բարեխառնութեան
մը
համար
մեր
դարերը
գործաւոր
դասելու:
Մելամաղձութիւնը
Դուրեանին
մենաշնորհը
նկատուելէ
առաջ,
լաւ
կ՚ըլլայ
որ
դիտենք,
գտնել
աշխատինք
մեր
պատմութեան
կրկէսին
վրայ,
մեր
արեան
ժանգերովը
գոյաւոր
թունաւորում
մը
իբրեւ:
Թանձր,
իրապաշտ
տրտմութիւնը
ապրող,
ուտող–խմող
ժողովուրդներու,
վայելքի
մէջ
անասնացած
ու
գէջ
սպառումներու
մէջ
դառնացած,
նոյնը
չէ
այն
տրտմութեան
որ
զրկանքին
կարկահին
վրայ
բանեցաւ
իր
հոգիին
կտաւը
ու
աշխարհին
բարիքները,
իր
մատուըներովը
հաւաքուած
սարէն
ու
ձորէն,
դաշտէն
ու
ժայռաստանէն,
մտքէն
չանցուց
իրեն
վերապահել։
Այս
անկիւնէն
դիտուած,
Դուրեան
մէկէն
կը
դառնայ
ազգային
տարողութեամբ
մեծ
քերթող
մը:
Ու
շարունակելով
մշակել
հանգիտութիւնը
ուրիշ
ալ
յատկանիշներու,
պիտի
գտնենք
որ
ցաւին,
զրկանքին
մէջ
այդ
տղան
պայծառ
է
ու
գեղանի,
ինչպէս
մնացել
են
այս
ժողովուրդին
մարմինը,
մանաւանդ
հոգին։
Դուրեան
խորհրդանիշ
յաջողուածք
մըն
է
ոչ
միայն
արեւմտահայ
քնարականութեան
մէջ,
այլեւ
ամբողջ
Հայ
գրականութեան
մէջ։
Անձնականութիւնը,
խորքի
ստորոգելի,
երբ
փոխադրուի
ձեւին
կալուածը,
կը
պայմանէ
ինքնատիպութիւնը
որ
արուեստի
յատկանիշներէն
մէկն
է
դարձեալ։
Անոր
խառնուածքին
ինքնատպութիւնը
—
տես
վերը,
զգայնութեան
վերլուծումը
—
պէտք
չէ
շփոթել
արտայայտութեան
ինքնութեան
մը
հետ,
թէ
եւ
ստոյգ
է
որ
խառնուածքը
զօրաւոր
կերպով
կ՚անդրադառնայ
արտայայտութեան
վրայ:
Ունինք
համոզիչ
օրինակներ
զօրաւոր,
ինքնատիպ
խառնուածքներէ
որոնց
ոճը
մնացած
է
աւելի
խոնարհ
չափերու
վրայ:
Ոչ
ոք,
մեր
գրողներէն
պարզած
է
խառնուածքի
ինքնատպութիւն
Թլկատինցիին
չափով,
որուն
ոճը
հազիւ
կը
հեռանայ
լրագրական
տափակութենէն:
Ի՛նչ
որ
հեղինակի
մը
արուեստը
կ՚անուանենք,
շատ
յաճախ
այս
անբնականութեան
հաշտեցուելն
է
գործին
ներսը։
Աբովեան
խառնուածք
մըն
է,
նոյն
ատեն
ո՞ճ
մը։
Չէք
կրնար
պաշտպանել:
Բագրատունին
ոճ
մըն
է,
թէեւ
շատ
հնոտի,
մեղսառատ,
բայց
երբեք
խառնուածք
մը:
Զարդարեան
ոճ
մըն
է,
քիչ
չափով՝
խառնուածք
մը։
Պէշիկթաշլեան
խառնուածք
մըն
է
ու
հազիւ
ոճ
մը:
Պետրոս
Դուրեան
այն
քիչերէն
է
մեր
մէջ
որոնք
իրենց
բացառիկ
խառնուածքին
յայտարար
գտած
են
բացառիկ
գրելու
կերպարանք
մը։
Չեմ
սխալի
մէջ
երբ
Դուրեանի
արուեստին
համար
առաջարկեմ
գրելու
իր
կերպարանքին
հիմնական
քանի
մը
կողմերուն
համադրումը:
Վերլուծումը
անոր
վերածուիլն
է
իր
տարրերուն։
Արուեստը,
ըսի
անգամ
մը,
խիտ
տարազ
մըն
է:
Երբեմն
դիւրութեան
համար
այդ
տարազին
տակ
կ՚ընենք
ստորատիտղոսներ,
—
գրելու
թեքնիք,
նախադասութեանց
յարդարանք,
գրական
ձեւերու,
դարձուածքներու
ուսումնասիրում։
Յետոյ,
եթէ
արուեստը
խիտ
ու
ընդարձակ
տարազ
է,
քնարականութիւնը,
իբր
մէկ
բաղադրիչը
անոր,
կը
մնայ
աւելի
պարզ,
աւելի
մատչելի:
Առաջին
ակնարկով
Դուրեանի
բառարանն
իսկ
կը
մնայ
թելադրական:
Անշուշտ
1860ի
մարդոց
սիրական
բառերը
որոշ
յաճախանքով
մը
իր
մօտ
կը
դառնան
ուշագրաւ:
Անտանելի
է
իր
Կոյսը,
իրմէն
առաջ
մենաշնորհն
է
Պէշիկթաշլեանին։
Անտանելի
իր
աստղերը
վենետիկեան
ծագումով
ապրանք
մըն
է:
Ու
ես
կը
գործածեմ
նկարող
բացատրութիւն
մը
1860
ռոմանթիք
բառերուն
շքահոյլը
պիտակող.
—
կապարճը
ռոմանթիք
ասպետներուն։
Շո՜ղ։
Զեփիւռ։
Պլպուլ։
Բոյր:
Համբոյր։
Աղօթք,
արշալոյս,
վերջալոյս:
Լուսին,
աստղ
եւ
այլն։
Խմբեցէք
քանի
մը
տասնեակ
նման
բառեր,
դուք
այդ
կապարճին
պարունակութիւնը,
արդէն
սեւեռած
կ՚ըլլաք։
Բայց
1860ի
մարդերը
այդ
սուղ
ապրանքներուն
հետ,
կը
գործածեն
նաեւ
գրքունակ,
հռետորեալ,
պաճուճեալ
եւ
պատմուճանեալ,
ծայրուած
եւ
սնգուրուած
ոչ
միայն
բառեր,
այլեւ
դարձուածքներ։
Կը
ղրկեմ
ձեզ
Թէրզեանին,
Սէթեանին,
Եղիային
ոտանաւորներուն
որոնցմէ
ոմանք
Դուրեանէն
առաջ,
ոմանք
իրեն
յաջորդ
ոճերու
մէջ
այնքան
յոխորտ,
այլամերժ
յաւակնութիւններու
կը
մղեն
իրենց
տէրերը։
Առաջին
տերեւքը
ունի
յատկանշական
խոստովանութիւններ,
թէ
յառաջաբաններու,
թէ
անջատ
յարձակումներու
մէջ։
Քսանը
հինգը
չանցնող
եւ
խիստ
խառնուածք
բերող
երիտասարդը,
Ռ.
Պէրպէրեան,
երբ
1870էն
վերջ
կը
հպարտանայ
Սոկրատայ
մահը
գրաբար
թարգմանել
կրնալուն,
Վենետիկի
դէմ
մեծ
յաղթանակ
մը
տանելու
անվերադիր
միամտութեամբ
մը,
նմոյշ
մը
կ՚ըլլայ
տուած
բանաստեղծական
թեքնիքի
հասկացողութեան
մը։
Գրուեցան
բոլոր
ձախորդ
տաղարանները
այդ
հասկացողութեան
մուժին
եւ
մշուշին
մէջ:
Հսկայ
Բագրատունին
եւ
անհունն
Ալիշան,
իրաւ
բանաստեղծներ
ըլլալու
տագնապ
մը
չապրեցան,
ապրելու
համար
թէքնիքի
տագնապը,
քանի
որ
իրենց
ոտանաւորը
պատրաստ
էր
իրենց
մտքին
մէջ
որուն
կը
դիմէին
առանց
այլեւ
այլի,
ամէն
անգամ
որ
մէկը
պէտք
ունենար
այդ
ոտանաւորին,
յաճախ
հանդիսական
նպատակներով։
Հիմա,
կը
կանչուիք
հասկնալ
ուրիշ
դժբախտութիւն
մը։
Ատիկա
մեր
ոտանաւորին
ենթարկուած
մնալն
է
Վենետիկին,
այդ
քաղաքէն
դուրս
Պոլսոյ
մէջ։
Չեմ
դժուարութեան
մէջ,
Վենետիկեան
թէքնիք
մը
բացատրելու
Պեշիկթաշլեանին
մէջ։
Ոչ
մէկ
ապացոյց,
քանի
որ
կայ
հիմնականը։
Այդ
տղուն
հիացումն
է
ատիկա
Բագրատունիին,
Հիւրմիւզին,
Ալիշանին։
Մարդկային,
պարզ,
հասկնալի,
գրասեղանեան
սա
յարգանքը,
մանաւանդ
յաղթական
փառքերը
երեք
աբբաներուն
Պոլսոյ
գրական
շրջանակներուն
ներսը։
Ներուի
մեզի
չզարմանալ
Գրիգոր
Օտեանին
սքանչացման
այդ
քերթողութեան
վրայ:
Բայց
ներուի
սգալ
քիչիկ
մը
աւելի
դառնութեամբ
որ
անկախ,
եւրոպական
ընթերցումներով
իրաւ
արուեստին
հաղորդ
նկատուած
Միսաքեան
մը
Բարիզէն
—
ուր
կ՚ապրի
ռոմանթիզմին
վերջալոյսը
եւ
իրապաշտութեան
արշալոյսը
—,
Վենետիկի
վարդապետներուն
հետ
բանաստեղծութեան
աղերսներ
կը
փայփայէ,
Բագրատունիին
ոտանաւորին
հետ
մրցում
մը
թաքնօրէն
փառասիրելով։
Պէշիկթաշլեան
այդ
հիացումը
ծնած
Վենետիկէն,
մեղրի
կը
վերածէ,
ըսելու
համար
այսպէս,
Պոլիս:
Նոյնն
է
պարագան
Նար–Պէյին
որուն
քանի
մը
տաղարանները,
Դուրեանի
կազմաւորման
օրերուն
ու
նոյնիսկ
քիչ
մը
վերջը
գրուած
են ...
գրաբար։
Թէրզեան
ունի
Ապստամբք
վերտառութեամբ,
Բագրատունիի
Իլիականէն
(թարգմանութիւն)
հաւանաբար
ներշնչուած
ու
Դրախտ
կորուսեալին
(այս
ալ
թարգմանութիւն
մը
նոյն
Բագրատունիէն)
բարեխառնութեամբ
տոգորուն
պոէմա
մը,
բարեբախտաբար
կէս
մնացած։
1870-ին
Դուրեան
այս
հիացումներուն,
փառքերուն,
աստուածացումներուն
բովանդակ
սպաննող
ազդեցութիւնները
պարտաւոր
է
ոչ
միայն
կրել,
այլեւ
գիտական
բառով
մը`
չէզոքացնել։
Ինչպէս
որ
խառնուածքի,
զգայնութեան,
անձնականութեան
հարցերը
իր
մօտ
տագնապներ
են
ինքզինքը
ազատագրելու,
արտայայտութեան
ալ
տագնապը
իր
մօտ
պայքար
մըն
է
ազատագրելու
իր
լեզուն
օրուան
կարգախօսային
չարիքէն։
Գիտէ՞ր
գրաբարը։
Ոչ
մէկ
կասկած։
Մեր
գիւղին
մէջ,
Դուրեանէն
երեսուն
տարի
ետքը,
մենք
ոչ
միայն
կ՚անգիտանայինք
աշխարհաբարը,
այլեւ
գրաբար
ճառ,
նամակ,
քերթուած
կը
ճարտարապետէ
ինք,
գեղացի
վարժապետների
առաջնորդուած։
1870-ն
գրաբար
գրել
չկրցող
մը,
գրականութեան
սպասաւորի
շարքերուն,
ըմբռնելի
չէ։
Ուրեմն
արձակը,
լրագրականը,
աշխարհաբարը`
խոտելի,
արհամարհելի
մարզանքներ։
Նուագք
շարքին
մէջ
վարպետը
տուած
էր
դասը
ինքնին,
սանկ
ընթացիկ,
հասարակ
նիւթերը,
ամենուն
մատչելի,
կաղապարեալ
ռամկաբանութեամբ
որ
աշխարհաբարին
յաւակնոտ
մէկ
հոմանիշ
է
հոս։
Հայրունիին
կէսը
այսպէս
զիջուած
է
մեր
աշխարհաբար,
պատուական
աբբային
կողմէ
ապօղոնեան
շնորհ
մը
ինչպէս։
Խորունկ,
խորունկ
անդաճմունքները,
վսեմաթռիչ
խոյանքները,
ծանրածանր
խորհրդածութիւնները
Ալիշան
չէր
կրնար
գրաբարով
չընել:
Միտք
բանի՞ն
այս
թարմացումներուն:
Այն
տխուր
իրականութեան
շեշտումը
որուն
համեմատ
Մահ
Սոկրատայ
թարգմանել
մը
երիտասարդ,
խանդավառ,
խառնուածք
ունեցող
ուսուցչի
մը
համար
կը
բարձրանայ
գրականութիւն
ընելու,
ըրած
ըլլալու
երջանիկ
պատրանքին։
Ուրե՞մն։
Կը
մնայ
Դուրեանը
տեսնել
1865ին,
երբ
անոր
հոգին
կը
բիւրեղանայ,
(բացէք
տարազը,
ես
չունիմ
ժամանակ)
հիացումին
մէջը
շրջանային
բարեխառնութեան
ու
կարդացէք
Իղձքը,
Իցի՞ւ
թէ,
Պէտք
է
մեռնիլ
քերթուածները,
որոնք
պարտաւոր
էին
կրելու
տիրական
ազդմունքներ
(ամէն
սկսնակ
այդ
դժբախտ
հարկին
տակ
կը
ստորագրէ
իր
մեղքերը։
Հարիւրներու
կը
հասնին
Մեծարենցի
մեղքերը,
գործածած
հեշտ
հիացմանը
մէջ
Սիպիլեան
prosodieին)
Վենետիկյան
քերթողականին։
Ո՞վ
ըսաւ
իրեն
թէ
բանաստեղծը
ինքզինքը
ըլլալ
կրցողն
է
միայն։
Պետրոս
Դուրեան
հազիւ
յիշած
է
որ
այդ
օրերուն
բոցաճաճանչ,
եզակի,
անհուն
քերթողներ
կային
հայոց
գրական
հորիզոնը
լուսաւորող։
Այս
յիշատակումն
ալ
մենք
կը
զգանք
իր
ձախորդ
քերթուածներուն
մէջ
(ահա
թէ
ինչու
կրկնելով
կը
կրկնեմ
որ
Դուրեան
իր
մեղքերը
պարտական
էր
իր
ժամանակին)։
Պետրոս
Դուրեան
իր
թէքնիքը
չէ
ճարած
ուրեմն
գիրքերու,
աշկերտութեան,
հիացման
ճամբաներով։
(Ահա
թէ
ինչու
դժուարութեան
մէջ
չեմ
իր
տաղանդը
տեսնելու
հանճարայնութեան
մը
լուսապսակին
մէջ,
քանի
որ
ըստ
սահմանի
հանճարը
շատ
մը
բաներ
ըլլալէ
առաջ,
ինքզինքը
եղող
ա
ելի
կամ
նուազ
բախտաւոր
կամ
անբախտ
բանուորն
է,
անծանօթին
համար,
բայց
մանաւանդ
անծանօթին
վրայ
աշխատող)։
Մենք
ունինք
գեղեցիկ
բացատրութիւն
մը,
այս
կարգէ
յաջողուածքները
պատկերող։
Կ՚ըսենք`
հետն
էր
բերած։
Այս
շրջաբանութիւնը,
շատ
յարմար
խառնուածքը,
զգայնութիւնը
բացատրելու,
դուռ
կը
բանայ
սոփեստութեան
անշուշտ,
երբ
գործածուի
գրելու
թէքնիքի
մը
համար
որ
գրեթէ
միշտ
ազատական
է:
Բայց
միւս
կողմէն
գիրքեր
կան
որ
լեզու
մը
սկսած,
գրականութիւն
մը
ստեղծած
են
(Աստուածային
կատակերգութիւն,
Վէրք
Հայաստանի,
յիշելու
համար
ամենուն
ծանօթները)։
Քառսուն
տարի
է
կը
պնդեմ
որ
արեւմտահայ
քնարականութիւնը
կը
սկսի
Պետրոս
Դուրեանով։
Մարդիկ
այս
հաւաստումը
սիրեցին
վերածել
Օշականեսն
aphorismeներուն,
յաճախ
խնդրական,
քինախնդրական,
ինքնահաւան
հոգեբանութեան
մը
ծնունդ։
Իրողութիւնը,
սակայն,
պարզ
դիտող
ութ
եամբ
մը
ուրիշ
բան
չի
թելադրեր
մեզի։
Բանաստեղծութիւն
մը
սկսելու
շատ
ընդարձակ
փառքը
միամիտ
չեմ
քսանէն
վար
տղու
մենաշնորհին
վերածելու:
Հայոց
բանաստեղծութիւնը
հազարամեր
ունի
իրեն
հասակ։
Հայոց
Արուեստը
նոյնպէս:
Ինչ
որ
վերի
հաւաստումը
ունի
նկատի,
այդ
բանաստեղծութեան
ու
այդ
արուեստին
մէկ
փոքր
շրջանն
է,
նոյնիսկ
հարիւրամ
մըն
ալ
չընդգրկող։
Ատիկա
արեւմտահայ
քնարականութիւնն
է,
այսինքն
մեր
օրերու
գրական
գործունէութեան
մը
մէջ
(ժողովուրդներու
գրական
ճիգը,
որքան
ալ
տարտղնուած
թուի
երբ
այդ
ստեղծումին
մէջը
կ՚ապրինք,
ժամանակին
հետ,
կը
շրջագծուի,
կ՚ամբողջանայ,
ըլլալու
համար,
դարերու
հեռաւորութեան
մը
ընդմէջէն
Ոսկեդարու
(Ե.
)
գրականութիւն,
ԺԲ.
դարու
գրականութիւն,
լատին
գրականութիւն,
հելլէն
գրականութիւն՝
օտարներու
համար)
ճիւղ
մը։
Այսինքն
ինչ
որ
1850էն
մինչեւ
1915
մեր
գրողները
իրագործած
են
աստուածներու
բարբառով։
Պիտի
հարցնէք
—
ո՞ւր
կը
նետես
Պէշիկթաշլեանը,
Թէրզեանը,
Նար-Պէյը,
Պէրպէրեանը,
Չերազը,
Եղիան,
Սէթեանը,
Աճէմեանը,
բոլորն
ալ
այդ
բանաստեղծութեան
մէջ
պսակաւոր
հիացմամբ
ու
«արժանեօք»:
-
Բայց
պատմութի՜ւն,
հասարակաց
գերեզմանին
եւ
ոչ
թէ
Մեռեալ
ծով։
Աւելի
համեստ
անուն
մըն
է
Ն.
Ռուսինեան
իբր
քերթող։
Անոր
նմանողաբար
գրած
մէկ
քերթուածը
-
Կիլիկիա
—
նոյնքան
թունդ
ապրումներու
ծնունդ
է
ու
արձագանգ
որքան
Ալէմտաղին:
-
Մեր
ժողովրդական
երգերը
եւ
Սայեաթ–Նովան։
Քուչակը:
Անշուշտ։
Այս
բոլորը
գոյ
էին,
անկախ
Պետրոս
Դուրեանէն։
Այս
բոլորը
թեքնիքէ
մը
վեր
իրողութիւններ
են
նոյն
ատեն
ու
զիս
հարցապնդող
քննադատները
մոռնալու
չեն
այս
տկլոր
ճշմարտութիւնն
ալ։
Արեւմտահայ
բանաստեղծութիւնը
շատ
որոշ,
շրջագծուած,
ինքնիր
մէջ
ամբողջ
գործօնութիւն
մըն
է,
հայ
մտքէն:
Պետրոս
Դուրեան
զայն
է
սկսած
եւ
ոչ
թէ
հայ
բանաստեղծութիւնը։
Հիմա
գացէք
թափառելու
հասարակաց
գերեզմանին
մէջ
մեր
քերթողներուն։
Իմաստութեան
մէջ
չէք
կարդալու
այդ
մարդոց
յիշատակը
կերպարանով
յիշատակարանները.
ձեր
մտքին
մէջ
երբ
կը
բանաք
անոնց
տաղարանները:
Եթէ
կեղծաւոր
մը
չէք,
պիտի
խոստովանիք
դուք
ձեզի
թէ
այդ
անունները,
համախումբ
(պզտիկ
զիջումով
մը
Պէշիկթաշլեանին)
արժանի
են
մեր
համակրանքին
այն
չափով
որչափով
որ
այդ
զգացումը
տեղ
ունի
ձեր
ներսը,
ձեր
ժողովուրդին
համար
աշխատող
բոլոր
մտաւորականներուն։
Կեղծաւորութիւն՝
երբ
ուզէք
այդ
համակրանքը
գունաւորել
ուրիշ
ալ
զգայութիւններով,
ըսել
թէ
մեր
երեւակայութեան,
զգայնութեան,
խառնուածքին
անմահ
վկայութիւնները
կը
կազմեն
Թէրզեանի
քերթուածները,
կամ
ինքզինքը
խաբել
է,
կամ՝
ինքզինքը
անգիտանալ:
Թէրզեանի
եւ
ընկերաց
ոտանաւորները
ամէն
ժամանակներու
համար
կարելի
գրական
խաղարկութիւններ
էին,
քանի
որ
որեւէ
գրիչ
բռնող
ընդունակ
էր
այդքան
մը
բառ
քովէ
քով
շարելու,
երբ
արուեստին
հիմնադրման
նորութիւնը,
ինքնութիւնը,
անփոխարինելի
գիւտ
պիտի
պակսին
մեր
տողերուն:
Պետրոս
Դուրեան
մեզ
կը
զարմացնէ,
կ՚ընկճէ,
վասնզի
ոչ
միայն
իր
ջիղերուն
փաստը
կայ
անհերքելի
իր
տողերուն
տակ,
այլեւ
այդ
տողերուն
մարմինին
վրայ
իր
աստուածային
մատին
նորոգող
կնիքը։
Հոն
էին
մեր
լեզուն,
զայն
պերճօրէն
պատուաստող
փաղանգը
(վարժապետներու,
քերթողներու,
քերականներու)
մեր
ընկերութիւնը,
զինքը
յուզող
տաք
կիրքերով,
Զարթօնքին
զուգահեռ
գործօն
ապրումներով
որոնք
կերպարանքը
կ՚առնեն
զարմանազան
միութիւններու,
կ՚ըլլան
ներկայացում,
հանդէս,
բանաստեղծութիւն,
պատրիարքարանի
բարեխառնութիւն,
Ազգային
Սահմանադրութիւն
(մանաւանդ
իր
տարեդարձի
հանդէսները)
լուսաւորում
ու
պղտորապաշտութիւն,
լեզուապայքարը
ու
թերթապաշտութիւն։
Հոն
էին,
Դուրեանին
տրամադրութեան
տակ,
այս
հաւաքական
յոյզերէն
դուրս,
պարզ,
տունի
մը
կապուած
ցաւերը,
տագնապները,
աշխատանքը,
հա՜ցը,
երիտասարդի
մը
ամենէն
նուսատ
անապրումը
երբ
գործ
մը
չունիս
քեզ
կշտացնող,
քեզ
ընելով
բեռ
մը
քու
հօրը,
մօրը,
տունիդ։
Հոն
էին
կախարդական
կայքերը,
որոնց
վրայ
սփիւռքը
չէ
եկած
գորովի,
այնքան
անիկա
կորսնցուցած
է
տեղէ
մը
բխող
զգայութեանց
համար
իր
պապերուն
ընկալչութիւնը,
բայց
որոնք
աշխարհի
վրայ
իրենց
նմանները
չունեցող
հեշտութիւններ
էին
գոյնէ,
գիծէ,
շրջանակէ
ու
միշտ,
միշտ
ապրումէ։
Պոլի՜սը:
Լսել
պէտք
է
այս
ամենէն։
Հոն
էին,
միշտ
այդ
տղուն
ընկալչութեան
մատչելի
է
դարձեալ
կախարդական
ուրիշ
ալ
կերպարանքներ
որոնց
ամբողջ
դիւթքը,
խռովքը
զգալու
համար
պարտաւոր
էք
շատ
բան
մոռնալ,
դուք
որ
Բարիզ
էք
ու
ֆրանսուհին
կ՚ապրիք,
գրաստային
աշխատանքէ
մը
վերջ
քիչ
մը
թեթեւնալու,
թե
արմանալու
համար։
Երեկոյ
է.
բոցավառ
է
հորիզոն,
Կառք
մը
կ՚անցնի
դագաղի
պէս
յամրընթաց,
Գեղուհի
մը
ընկողմանած
տրոփէ
հոն,
Վերջալոյսի
աղջի՞կ
մ՚է
սա,
ո՛վ
Աստուած.
Եթէ
նայի,
Կ՚ըսես,
«հիմա՜
կը
մարի»:
Մեղրամոմէ
անդրիանդի
մ՚է
հանգոյն,
Ի՜նչ
դալկահար ...
կարծես
հաչաղը
վառէ.
Պատան
մ՚է
նուրբ
նրա
վարդիկը
տժգոյն.
Աստուած
ըզնէ
զոյգ
մ՚աչերովն
կը
վառէ.
Եթէ
ժպտի,
Կ՚ըսես,
«ո՜հ,
հիմա՜
կ՚անցնի
»:
Նայիլ
կ՚ուզէ,
բայց
աւելի
կը
նըւաղի,
Սիրտը
խունկի
պէս
կը
մըխա՛յ
սիրավառ,
Նէ
շողերու,
բոյրերու
է
թագուհի,
Խոնջ
թիթեռնիկ
մ՚որ
կը
խնդրէ
ծաղկէ
թառ.
Եթէ
շարժի,
Կ՚ըսես,
«հիմա՜
կը
թռչի»:
Լանջն
է
յուզեալ
Ովկէանի
մը
նըման.
Կ՚ուզէ
սիրել...
համբոյրի
մ՚հետ
նուաղիլ,
Մաշիլ,
խամրիլ,
խոնջած
ընկնիլ
գերեզման,
Քամել
սիրոյ
կրակէ
բաժկին
հուսկ
կաթիլ։
Եթէ
շիկնի,
Կ՚ըսես,
«հիմա՜
կը
բռընկի»:
Սրտի
մեղո՜ւ,
ինչպէս
կոչեց
Լամարթին՝
Որուն
ծըծած
ծաղիկը՝
սիրտ,
մեղրն
է
սէր,
Ես
կոչեմ
զնէ
կո՛յս՝
որուն
սիրտն
է
երկին
Անհուն
սիրոյ
որ
հորիզոն
չունի
դեռ.
Եթէ
խօսի,
Կ՚ըսես,
«հիմա՜
կը
հատնի»:
Նէ
կը
վառի,
մի՜շտ
կը
վառի,
չը
հատնիր
Տընանկ
կընոջ
տաճարն
վառած
ճրագին
պէս.
Աստղերու
նման
գիշեր
սիրի`
փողփողիլ,
Կրակ
մ՚է
փրթած
կողէն
սիրոյ
բոցագէս ...
Թէ
իսկ
մեռնի,
Կ՚ըսես,
«հիմա՜
կը
ծնի»:
(ԹՐՔՈՒՀԻՆ)
Արտագրեցի
քերթուածը
խորքի
նկատողութիւններէն
աւելի՝
Դուրեանին
թէքնիքին
իբր
ամենէն
հարազատ
հանդիսարանը:
Հիմա
կ՚արտագրեմ
Լա՛ց
ո՛
կուսիկ.
զի
արտասուք
Կուսին
ի
բիբ
են
մարգըրիտ.
Լա՛ց
ո՛
կուսիկ.
զի
տrտմասուգ
Չքնաղ
եւս
են
աչկունք
վըճիտ:
Ըզփափկամէջք
սիրեմ
ծաղիկ
Որ
ի
դաշտիկ
կայ
պատկառուկ,
Ըզնա
գիտերց
պճնէ
ցօղիկ՝
Արտoսր
ըզգլուխն
առնէ
կախուկ։
Սիրեմ
ըզշողս
ես
լուսարփի
Որ
ի
նամէտ
ծոցոյ
ամպոյն
Ի
ծով
ծաւալ
փայլ
ըզփայլի
Ոսկի
հերաց
ցոլան
հանգոյն։
Զանմահ
փափուկ
սիրում
հրեշտակ
Որ
ըզդիմօքն
ածեալ
թեւեր
Մատունք
ի
քնար
տխրահընչակ
Լայ
ըզմարդկան
՚ւ
երկի
զաւեր։
Լա՛ց
ո՛
կուսիկ,
եւ
գըթութիւն
Ոչ
սրբէ
զայն
շիթս
անուշիկ,
Այլ
կայ
յակճիռ
եւ
ըզմայլուն,
Այնքա՜ն,
թէ
լաս,
ես
գեղեցիկ։
Լա՛ց
ո՛
կուսիկ,
մինչեւ
յերկնից
Իջցե
դալար
Երջանկութիւն:
Եւ
գգուեսցէ
զայտերդ
ամբիծ
Եւ
ըզգըլխիկդ
այն
գրգասո՜ւն։
Թուխ
աչերոյդ
տացէ
համբոյր
Զարտoսր
անտի
սրբել
ի
սպառ,
Եւ
իբր
ի
բոց
անուշաբոյր
Հալեալ
ցնդին
Շիրք
լուսավառ:
(ՏԱՂՔ
ԵՒ
ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆՔ
Մ.
ՊԵՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆԻ)
(ԱՐՏԱՍՈՒՔ
ԿՈՒՍԻՆ)
Չեմ
գիտեր
պե՞տք
է
այս
երկու
քերթուածները
դասական
եղանակով
զուգակշռելու:
Ատոնցմէ
առաջինը
ամբողջ
քաղաքակրթութիւն
մըն
է,
անտիպ
ապրումներու,
անսովոր
զգայութիւններու
ու
անբացատրելի
զգացումներու
անկարելի
հանդէս
մը։
Էջեր
անբաւական
են
այդ
թրքուհիին
թելադրանքները,
այդ
քերթուածն
ի
վար,
սպառելու,
այնքան
շատ
բան
տեսած
է
այդ
տղան
ա
յդ
կառքին
մէջէն
ու
այնքան
շատ
բան
է
ապրած
անոր
ետեւէն
եւ
Սփիւռքի
տղաքը
կառքին
տեղ
ունին
ինքնաշարժը,
շոգեմակոյկը,
բայց
չունին
անոնց
խորը
«տրոփող»
կախարդանկան
ձեւերուն
վրայ
ոչ
մէկ
խորհուրդ,
տագնապ։
1945ին
կինը
հեշտանքի
ապրանք
է,
եթէ
երբեք
չէ
տունի
մը
տէրը։
Այն
ատե՞ն։
Բայց
կարդա՞լ,
երկրորդ
քերթուածը,
այս
անգամ
մըտքով
հետապնդելով
Դուրեանին
աղջիկը։
Ըսել
թէ
նմանողութեան
մօտ
բան
մըն
է
Պէշիկթաշլեանին
քերթուածը
ֆրանսերեն
քերթուածի
մը,
կրկին
անգամ
կործանել
է
անոր
հեղինակը։
Հիւկոն,
նոր
չէ
որ
գիտենք,
քիչ
կը
զգար,
շատ
ու
խոշոր
կը
տեսներ
որ
հաւասար
կուգայ
կեղծ
տեսնելուն։
Պէշիկթաշլեան
բաւական
հեռացած
է
բնագրէն:
Բայց
իր
գրա՞ծը:
Վերի
տղայակա՜նը:
Կ'ենթադրեմ
թէ
Դուրեան
կարդացած
էր
այս
քերթուածը,
ինծի
պէս
տառապելով
անոր
մանկամտութենէն։
Թէ
չէ
յաջող
իր
Հայուհին,
ատիկա
չի
կրնար
կործանել
Թրքուհին,
որ
Դուրեանին
թէքնիքին
բոլոր
յանդգնութիւնները
կարծ
ես
կը
համախմբէ։
Նայեցէք
բառերուն
որոնք
սովորական`
երբ
իյնան
այդ
տողերէն
դուրս,
ինչ
նորութիւն,
թրթիռ
կը
հագնին,
այդ
կախարդական
շրջանակէն
ներս։
Ու
ըլլալու
համար
ոչ
թէ
արդար,
այլ
փաստացի,
ինչպէս
կ՚ըսեն,
կուտամ
սա
քերթուածն
ալ,
հաւանաբար
գիրի
ինկած
վերի
ոտանաւորներուն
օրերուն.
ԿԸ
ՍԻՐԵ՞Ս
ԶԻՍ
Կը
հարցընես
թե
կը
սիրե՞մ
քեզ,
հրեշտա՛կ,
Ծաղիկ
սիրոյ
բուսեալ
հոգւոյս
յանապատ,
Ում
նայելով
լոկ
կը
հաշտին
ամեն
ցաւք.
Տարակուսած
կը
հարցրնես
ինծի
զայն ...
Ո՜հ,
հառաչանքըս
քեզ
չըսի՞ն
բաւական։
Ինչպէս
աչերն
որ
յառեցան
արեւուն՝
Գոցուին
բացուին`
միշտ
զարեգակ
կը
տեսնեն,
Այն
վայրկենէն
որ
քեզ
տեսայ,
կո՛
յս
սիրուն,
Քեզմով
կ՚ապրիմ...
եւ
դու
զսիրելս
հարցընե՞ս...
Այսչափ
տագնապք,
ո՜հ,
բաւական
չըսի՞
քեզ...
Երբ
դէմառդէմ
նստած`
մատանքդ
ըսպիտակ
Թողլով
ձեռքիս
մէջ՝
ըզմայլմամբ
կը
նայիս,
Խօսքերն
ի
շուրթն
իմ
կ՚ըսպառին,
ո՜վ
հրեշտակ,
Կը
նըւաղիմ,
կը
շիկնին
այտքս,
հեղձնու
ձայն...
Այսչափ
արցունք
չե՞ն
յայտնել
սէրս
բաւական։
Աւա՜ղ,
երկինք
ինծի
վճռած
են,
ո՜վ
կոյս,
Նըման
ծաղկին
որ
կը
թոռմի
ծոցիդ
մէջ,
Սիրել
անձայն,
սիրել
սերտիւ՝
այլ
անյոյս.
Ծըռեմ
գըլուխս,
երթամ
շիրիմ
մը
փնտռեմ.
Սէրս
ու
ցաւերս,
ո՜հ,
հասկընա՜ս,
այն
ատեն ...
։
(Թ.
ԹԷՐԶԵԱՆ)
(ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՔ,
Ա.
ՀԱՏՈՐ)
Այո՜։
Աւաղ,
շատ
քաղցրութեամբ
պիտի
ճօճէինք
մեր
գլուխը
քու
ետեւէդ,
ով
պատուական,
ազնուական,
մեծատաղանդ
մեծ
բանաստեղծը
սիրոյ,
երբ
բաժնուելով
dulcinéeիդ
քովէն՝
երթայիր
վոսբորեան
դարատափերը
զարդարող
նոճիներու
խումբի
մը
տակ
նստելու,
խոկալու
հարցումին
ու
քար
մը
վերցնելով
տակը
մտնելու
քու
յիմարութիւնդ
հասունցնելու:
Հարցումի
մը
դէմ
գերեզման
իջնե՜լ:
Այս
է
ահա
զարհուրելի,
անկանգնելի
ռոմանթիզմը:
Ու
ասոր
անունը
մենք
դրեր
ենք
սիրային
բանաստեղծութիւն։
Հիմա
տասնըհինգ
տարեկան
տղու
մը
սա
միամիտ
բացագանչութիւնն
ալ
կը
դնեմ
Այլ
ո՛չ,
անգո՛ւթ,
եթե
տըւիր
մեկուն
սէր,
Իցի՜ւ
թ՚անոր
գերեզմանին
քարն
լինիմ,
Եւ
դու
թոշնած
գաս
շնչե՜լ
շուրջս...
արտասուե՞լ...
Քեզ
հըպելու
համար
հարկ
լոկ
գոլ
շիրիմ...
։
(Պ.
ԴՈՒՐԵԱՆ)
(ԻՑԻ՜Ւ
ԹԷ)
ցոյց
տալու
համար
թէ
ո՜վ
է
բանաստեղծը։։
Տակաւին
պէտք
պիտի
ըլլար
քերթուածներ
արտատպել
Պէրպէրեանէն,
Սէթեանէն,
Աճէմեանէն,
նոյնիսկ
Չերազէն
որպէսզի
ձեր
առջեւ
ունենայիք
ողբերգութիւնը
հայոց
բանաստեղծութեան,
մանաւանդ
իբրեւ
թէքնիք։
Կը
խնայեմ
այդ
տրտմութիւնը։
Կրնաք
վստահ
ըլլալ
որ
ո՛չ
Պէշիկթաշլեան,
ո՛չ
Թէրզեան
եւ
ոչ
ալ
ընկերները
իրենց
քերթուածները
—
անոնք
որոնք
տաղաչափութիւն
են
ու
բացի
Պէշիկթաշլեանի
տասնեակ
մը
քերթուածներէն
մնացեալները
ուրիշ
բան
չեն
—
երկնելու
համար
ոչ
մէկ
ապրումի
կարիք
չունեցան։
Ողջ
ըլլային
հայոց
բառարանները։
Ողջ
ըլլար
Վենետիկը
որ
այդ
մարդոց
ուղղակի
կամ
անուղղակի՝
մատով
վանկ
համրել
էր
վարժեցուցած։
Նստիլ
սեղանին
առջեւ,
հաւանաբար
այդ
կոյսերուն
իսկ
աչքին
առջեւ
շարժել
գրիչը
որպէսզի
բուսնէին
սեւ
նշանները
թուղթին
վրայ…։
Այդքան
անլուրջ
բան
էր
այդ
երիտասարդներուն
համար
բանաստեղծութիւնը,
այլապէս
մարդ
կը
վարանէր
հարցումի
մը
իբրեւ
պատասխան
երթալ
գերեզման
փնտռելը,
հոն
իջեցնելու
համար
սէր
ու
ցաւ։
Ու
տրտմութիւն
տրտմութեանց։
Այս
երիտասարդները
ոչ
իսկ
րոպէ
մը
կը
հաւատային
իրենց
ըսածին,
քանի
որ
կ՚ապրէին
իրենց
գարունքը
ուրկէ
մահը
դեռ
շուքն
իսկ
չէր
անցուցած,
այդ
1870ին։
Մեր
սերունդը
թուրքին
եաթաղանին
կերպարանքովը
պատանի
պատանի
ճանչցեր
էր
այդ
մահը։
Իրենք
այդ
Պոլիսին
հեշտութիւնները
ունեցան
իրենց
պահապան
ու
գրգարան։
Դրէք
այս
անլրջութիւններուն
տեղ
իրաւ
ցա՜ւը,
պատառատուն
թոքեր,
արիւնլուայ
շրթներ,
մեղրամոմէ
մարմին
մը,
երեսի
տեղ
անորակելի
աւերակ
մը
ու
կուրծքին
տակ
անսահման
ըղձաւորութիւնը
սեռին,
որով
պիտի
չարչարուին
ծիւրախտաւորները։
Տուէք
այս
ամէնը
Մկրտիչին
ու
անիկա
պիտի
դիմէ
Բագրատունիի,
Հիւրմիւզի
կաղապարներուն
հանելու
համար
Յետին
հառաչքը,
Քնար
եւ
շիրիմը,
Թոյլ
տուրը,
Ներեա՛
ինձ
կոյսը,
Յիշեա՛
զիս
կոյսը,
(որ
ունի
երգ
անիմաստ
վերնագիրը),
Կարծեցի
մոռանալը
(մերձ
ի
մահ
գրուած)
անուններով
կառոյցները
որոնց
թեքնիքը
չէ
որ
կ՚արհամարհեմ
(Պէշիկթաշլեանի
խառնուածքին
համար
այս
մենաստանին
չափը
պաշտպանութիւն
մըն
էր,
քանի
որ
ստիպուած
էր
անգոյին,
մտացածինին
վրայ
աշխատիլ:
Դուրեան
չէ
համբուրած
անշուշտ
իր
երգած
աղջիկները,
կոյսերը,
բայց
զանոնք
մուսաներու
կայաններն
ալ
բարձրացնելու
տառապանքէն
զերծ
է
մնացած։
Մ.
Պէշիկթաշլեան
իրաւ
աղջիկներ,
կոյսեր
անճանաչելի
ընելու
համար
դասականին
հիմնականին
բոլոր
քօղերը,
զարդը,
միջոցները
ստիպուած
է
օգտագործել։
Այս
է
պատճառը
թերեւս
որ
իր
կոյսերը
այնքան
վերէն
կը
սաւառնի,
այնքան
քիչ
կը
շօշափուի),
այլ
ատոնց
ներսը
սեւեռուած,
ատոնցմով
ուզուած
ապրումին
անբնականութիւնը։
Մէկը
իր
սէրը
յայտնել
կարենալու
համար
պիտի
մեռնի,
թաղուի,
պիտի
պատռէ
դամբանին
հողերը
ու
երթայ
թափառիլ
սիրականին
պարտէզներուն,
անոր
նոր
սիրաբանութիւնները
խանգարել
իսկ
խղճահարելու
իր
անիմաստ
ուրուականութիւնը
պատմելու
այդ
աղջկան
որ
չի
յիշեր
զինքը
(Յետին
հառաչք).
միւսը`
տղայական
հարցումէ
մը
խռովայոյզ,
երկինք-գետին
պիտի
չվարանի
վկայ
կանչելու
իր
սիրոյն
ամբաւութիւնը
ու
պիտի
վազէ
շիրիմ
փնտռելու,
հոն
իջնելու
անպատմելի
նախնամտութեամբ
մը,
գիրքերը
կ՚ըսեն
պարզմտութեամբ
մը։
Սէթեանին
սիրային
քերթուածը
վերլուծուած
է
իր
բաժինին
մէջ։
Դուրեան
այդ
ամէնը
առած
է
ու
դրած
մեր
լեզուին
ամենէն
պարզ,
իրաւ
բառերուն
պատանքին
ու
զանոնք
յանձնած...
յաւիտենութեան։
Գիտնալո՞վ։
Անգիտակցօ՞րէն։
Սոփեստական
է
հարցումը։
Արդիւնքը
մէջտեղն
է:
—
Իր
տաղարանը
զոր
երեք
քառորդ
դարը
անկարող
է
մնացած
փշրանքով
իսկ
խաթարելու:
Հարազատ
բանաստեղծութեան
փառքն
է
ժամանակէ
մը
զերծ
ծնած
ըլլալը։
Բայց
թէքնիք
մը
ժամանակ
է
միշտ:
Դուրեան
իր
հանճարին
հոսումովը
այդ
ժամանակն
ալ
բիւրեղացուցած
է
ու
փրկած
իր
խորքը,
իր
սիրուն
բառերը
ազատագրելով
իրենց
վաղանցուկ
իմաստէն։
Յաւիտենական
է
Թօշնեցայ
գիրկն
ես
իբրեւ
Համբոյր
մ՚անհուն
դալկահարը,
թէ
իբրեւ
խորք,
թէ
մանաւանդ
իբր
ձեւ:
Աւելորդ
է
թերեւս,
այս
ամենէն
վերջ,
ծանրանալ
այն
իրողութեան
թէ
զգայնութիւն,
խորք,
յուզում,
խառնուածք,
ծնունդ,
նոյնիսկ
թէքնիք
իրենց
զգեստը
պարտաւոր
են
գտնել
ձեւի
մը
տակ
որուն
տարրերը
երկինքէն
չեն
իյնար,
այլ
կուգան
լեզուէ
մը։
Աւելին։
Բանաստեղծութիւն
գրելու
օրէնքներ,
ասոնք
սորվեցնող
գիրքեր:
Մանաւանդ
անբանաստեղծ
մարդոց
մօտ
դիտուած
բծախնդիր
փոյթը
չափին,
կանոնին
ու
յարակից
նրբութիւններուն։
Յանգը
եւ
իր
բառարանը
եւ
Հայկական
չափը
եւ
իր
հռչակը
եւ
Վենետիկեան
թարգմանութիւններ
ու
Անակրէոնի
քնարական
կաղապարները
(Թէրզեանէ
թարգմանուած
ու
ձօնուած…
մեծ
ճարտարապետներու)։
Կարճ`
այն
ամէնը
որով
խանդավառ
կ՚ըլլան
խորքէ
աղքատներ
երբ
այնքան
մեծ
խնամքով
մը
կը
բանին
իրենց
քերթուածները:
Դուրեանի
առիթով
Մեր
prosodieն
չեմ
ենթարկեր
վերլուծման,
այն
գլխաւոր
պատճառով
որ
Դուրեան
չէ
մտածած
նման
փառքերու
(իր
աճպարարական
կաղապարները
կը
բացատրուին
տարիքին
մատաղութեամբը)
ու
ընթացիկ,
պարզագոյն,
քնարականին
ամենէն
մօտ
կաղապարներու
վրայ
գործադրած
է
հէնքը
իր
տաղերուն։
Հազիւ
քանի
մը
մեծաչափ
տաղերուն։
Մնացեալները
պարզ,
սոսկական
մարդոց
մատչելի
ութոտնեան,
շատ
շատ
մետասանոտեան
կաղապարներ
կը
գործածեն։
Շատ
տարօրինակ,
անընդունելի
նորութի՞ւն
մը
կ՚ըսեմ
արդեօք
երբ
յայտարարեմ
թէ
Դուրեանի
տողը,
որ
նախնական
տարրն
է
տաղերուն
շէնքին,
կտրուած
է,
թելադրուած
է,
բխած
է
անոր
թոքերուն
կշռոյթէն,
ինչպէս
կ՚ըսեն
եւ
ես
կը
հաւատամ՝
թէ
պէտք
է
ըլլայ
տողը՝
ամէն
վաւերական
արուեստագէտի։
Քառորդ
դար
կայ
որ
գրեր
եմ
թէ
մենք
կը
գրենք
մեր
թոքերովը։
Շնչառութեան
կշռոյթը
մեր
օրկանիզմին
ամենէն
անհերքելի
կնիքովը
կը
տիրապետէ
մեր
ոչ
միայն
մարմնեղէն
գործօնութեան,
այլեւ
նոյն
ճամբով
մեր
իմացականութեան
ծորումներն
ալ
կ՚ենթարկէ
իր
ճնշումին:
Դուրեանի
տողերը
տողերն
են
մէկու
մը
որուն
շունչը
հազիւ
հազ
կը
հասնի
չորս-հինգ
բառերու
թաւալին։
Եթէ
ճիշդ՝
է
ասիկա
ամենէն
բնական
կեանքին
վրայ,
ինչո՞ւ
չըլլայ
ճիշդ
իմացականին
ալ
համար։
Ատեն
մը
տաքացող,
հեւասպառ
էին
մարդիկ
(ամենածանր
զարդերու
բեռան
տակ
հաւանաբար,
երբ
երկու-երեք
տողին
անգամ
մը
կարծես
շունչ
առնելու
համար
կը
կենային,
կը
կեցընէին
տողը
եւ
ո՜հ
մը
կ՚արձակէին.
առանց
խորհելու
թէ
տողին
ներսը
ոչ
մէկ
արդարացում
չունեցող
այդ
սուտ
բացագանչութիւնը
յոգնութեան
մը
վկայութիւնն
էր,
ինչպէս
աւելորդ
բեռ՝
արդէն
ծանրաբեռն
տողին
վրայ:
Դուրեանին
տողը
դիւր
է
երբ
վանկերուն
թիւը
չանցնիր
ութը:
Նոյնիսկ
հոն
ուր
զգայնութիւնը
կը
յորդի
քիչ
մը
տողին
կաղապարէն
(Տրտունջք,
Ա.,
Պէտք
է
մեռնիլ)
դարձեալ
Դուրեանին
տողը
կը
հատնի
ներսէն
պաշտպանուած,
հատածներուն
շատ
լայն
կամուրջներով։
Տողի
մը
վրայ
մտածումը,
պատկերը,
յուզումը
իրենք
զիրենք
ամբողջութեամբ
կ՚իրագործեն։
Բզքտուած
թոքերու
սա
մրմունջը
—
իր
քերթուածները
ուրիշ
բան
չեն,
—
մի
միայն
հիմնականով
պայմանաւոր,
բարիքն
է
վայելած
զարդէն,
ածականէն
խնայուելու
եւ
թէքնիք
մը
ուսումնասիրելու
սա
փորձին
մէջ
իր
արդարացումն
ունի,
քանի
որ
այդ
տողը
գրեթէ
բնախօսական
ճիչ
մըն
է
առանց
շպարի,
ըսի,
առանց
բեռնաւորման,
ուղղակի
բխող
ու
մէկ
անգամէն
ինքզինքը
կաղապարող։
Անշուշտ
թերեւս
քիչ
մը
արկածախնդրութիւն՝
սա
նկատողութիւններու
շարքը,
մեծութիւնը
բանաստեղծի
մը
այսպէս
կախման
մէջը
տեսնել
տողերուն
փոքրութեան։
Բայց
նոր
չէ
որ
պաշտպանած
եմ
թոքային
տեսութիւնը։
Գրալուծութիւնը
սանկ
ու
նանկ
գիտութիւն
մը
չէ։
Ամերիկացիք
մասնագէտներ
կը
պահեն
դատարաններու
մէջ,
մեծ
ոճրագործներուն
թաքուն
անձնաւորութեան
վրայ
իրենց
գիրին
բերելիք
փաստերուն
պաշտօնապէս
հաւատալով։
Գիր
մը
մարդէ
մը
վկայութիւն
մըն
է,
տող
մը`
միտքէ
մը,
խառնուածքէ
մը,
ջղային
դրութենէ
մը
ինչո՞ւ
չառբերէ
նոյնքան
վկայութիւն։
Պատիւ
ուրեմն
այն
տղուն
որ
յաջողած
է
իր
տողը
մերկ
պահել,
վտարելով
զարդն
ու
սուտը։
Բայց
ըրած
է
աւելին,
օրուան
ամենէն
խնկուած
ձեւերը,
փնտռուած
շարադրումը
անտեսելով։
Քերթուածը
որ
տաղարանին
քնարական
մասը
կը
փակէ
(Ա.
վերնագրով
եւ
հիւանդութեանս
պատճառաւ
ընդհատուած
ստորագրումով
մը)
հաւաքարանն
է
Դուրեանի
բոլոր
տաղաչափական
հնարամտութեան,
յանգէն,
հատածէն
անկախաբար։
Կ՚ակնարկեմ
ոճին,
բառերուն
ընտրութեան,
մանաւանդ
ոգիին
որոնք
1870ի
մեր
ախորժակները
կը
կերպադրեն
բայց
չեն
կործաներ
քերթուածը։
Ա.
Երեկոյեան
բալն
կը
սողար
բարդիլ
խաւ,
Աստեղազարդ
անդունդն
հիւսիլ
լուռ
ու
սեաւ,
Տըխո՛ւր
ըստուեր
զոր
կը
ձըգէր
իր
ետեւ`
Լուսափըթիթ
oրն
սիրայնոց
կարճատեւ:
Կը
նըշմարուէր
հազիւ
երկնի
կապուտակ
Գմբեթին
խոր
փալփլող
քալւոյն
ջինջ
յատակ
Անդրադարձող
գիշերուան
աստղն
անդրանիկ
Զոր
գրկեցին
շուտ
վոսփորեան
խոնջ
ալիք:
Մարը
մտնող
արփւոյն
մարեր
հուսկ
շառայլ
Սառնամանուտ
բլրոց
վրայ
քայլ
առ
քայլ,
Ինչպէս
հիւծեալ
կոյսի
մ՚ակնարկ
առ
դամբան՝
Ուր
պարեն
ցուրտ
ծիծաղք
սիրոյ
դառնութեան,
Ինչպէս
եւ
իմ
դիւթեալ
ակնարկս
առ
աroտ՝
Զոր
մըթագնեց
մառախուղ
մի
նախանձոտ,
Ւ՚
ալ
չը
կրցի
ընդնշմարել
էակն
ան՝
Զոր
գգուէին
ճաճանչ,
զեփիւռ
իրիկուան։
Հողմածածան
իր
շրջազգեստն
ու
հոպոպք,
Դեղձան
վարսից
գիրգ
ուլան
շուրջ
ոսկի
ծոպք,
Կարծես
ծաղիկ
մ՚էր
երազի
հիասքանչ,
Կը
կոխկըռտեր
այն
ծաղկալից
մարգաց
լանջ
Թողէ՛ք
կոխել,
զի
կը
փըթթի
աւելի,
Երբոր
հովիկըն
այտեն
գոյն
գեղանի
Եւ
իր
ամբիծ
լանջքէն
առած
քիչ
մը
hnտ
Տանի
սփռէ
անապատներն
առավոտ,
Ւ՚
ահա
փըթթին
ծաղիկներ
բիւր
առաւել:
Անոր
համար
ի՞նչ
է
ծաղիկը
ծաղկել
Մինչդեռ
սիրոյ
կէս
դիակներ
կը
յառնեն
Երբ
սեւ
աչքէն
սըլաք
մ՚ուղղի
բոցեղէն։
(ՏԱՂՔ
ԵՒ
ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԻԻՆՔ
Պ.
ԴՈՒՐԵԱՆԻ)
(Ա.
)
Հիւանդութեամբ
ընդհատուած
քերթուածը
Դուրեանի
թէքնիքին
անխառն
վկայութիւնն
է։
Կը
կարծեմ՝
թէ
ասիկա
առջի
բուխն
է
հոյակապ
քերթուածի
մը
զոր
իրագործելու
միջոցը
չէ
ունեցած
թշուառ
բանաստեղծը։
Ըսել
կ՚ուզեմ՝
զարդը,
թարմատար
վերադիրները,
ոչ
անհրաժեշտ
տողերը
վերի
քերթուածէն
կը
մատնեն
կատարելութիւնը
այն
միւսներուն
որոնք
երկրորդ
անգամ
անցան
մշակումի։
Տրտունջքին
նուաղումները
բաղդատելի
չեն
այս
քերթուածին
տկարութեանց,
վասնզի
կուգան
խորքէն։
Հոս
նուազումը
կը
ստեղծուի
նիւթին,
խորքին
նիհարութեամբը։
Ի՞նչ
է
կատակը
այս
երեսունի
մօտ
տողերուն։
Երեկոյ
մը։
Աղջիկ
մը:
Երկուքն
ալ
Դուրեանի
տաղարանին
մէջ
տիրական
նիւթեր:
Բայց
հեռուէն
հեռու
բացատրութիւն
մը
Կրտսեր
Ռոմանթիքներու
երեկոներուն
եւ
կոյսերուն,
մեզի
պիտի
բերէր
անխորտակելի
փաստեր
իրաւ
բանաստեղծութենէն։
Վերի
տաղը
կը
դատէք
բայց
կը
զգուշանաք
դատապարտելէ,
անոր
համար
որ
մեծ
բանաստեղծի
մը
շունչը
միայն
չէ
անցած
այդ
շէնքին
մէջէն,
այլ
եւ
անոր
ներքին
կշռոյթը,
անոր
թէքնիքը
թէկուզ
թերի,
թէկուզ
անխնամ`
կը
զգաք
դարձեալ:
Որքան
շատ
են
յաջող
տողերը,
բաղդատած
անյաջողներուն։
Դուրեանին
թէքնիքը
միայն
կատարեալ
տողի
յաջողուածք
մը
չէ:
Անոր
գործիքը,
լեզուն։
Մէկ
անգամէն,
այդքան
կանուխ,
գրաւական
մըն
է
այն
հրաշալի
գեղեցկութեան,
որ
պիտի
տաղաւարէր
արեւմտահայ
աշխարհաբարը։
Վերցուցէք
Դուրեանի
լեզուն,
հաւանաբար
աղէտը
պիտի
զարնէր
այդ
սքանչելի
դաշնակութիւնը,
յաւակնոտ,
խուժ,
նանրամիտ
մարդոց
փառասիրութիւններուն
զոհ
մը
դառնալով։
Գիտէք
Չերազի
ընտրողական
աշխարհաբարին
բարբարոսութիւնը:
Զայն
երկնողին
անտաղանդութիւնը
անշուշտ
վերջ
ի
վերջոյ
պիտի
անդրադառնալ
ծնունդին
ալ
վրայ:
Բայց
դրէք
Եղիա
մը,
այսինքն
տաղանդը
այդ
յիմարութեան
պահպանակ
ու
դուք
հեռու
չէք
մեր
լեզուն
նահատակելէ։
Ու
միւս
խմբակը,
Գարագաշով
գլխաւորուած,
նոյնքան
ու
թերեւս
աւելի
վտանգաւոր,
վասնզի
վարժապետական
[3]
փառասիրութիւնը
աւելի
տարածուն,
համայնական
նկարագիր
ունի։
Երկու
հերձուածներն
ալ
մեր
գրականութեան
պատմութեան
մէջ
լեզու
ա
կան
չարիքով
մը
չեն
միայն
հռչակաւոր,
այլեւ
պատիւը
կը
վայելեն
գրական
ամենէն
ստերջ
շրջանը
տուած
ըլլալ
այդ
գրականութեան։
Գրական
փորձերու
հրատարակութիւնը
յաւակնոտ
փորձ
մըն
է
Տաղք
եւ
Թատրերգութիւնքը
ստուերի
մէջ
ձգելու:
Անկէ
տարի
մը
երկու
վերջն
է
Առաջին
Տերեւքը։
Անոր
տարիով`
Ստուերք
Հայկականքը:
Ու
մարդ
չի
կրնար
չհարցնել
թէ
առջի
տաղարաններուն
հեղինակները
չէի՞ն
կարդացած
Դուրեանը:
Քալեցէք
ժամանակն
ի
վար։
Մինչեւ
1880`
ոչ
մէկ
գիրք
որ
այսօր
կշիռ
մը
պարզ
էր
ոչ
թէ
գրական
արժանաւորութեամբ
մը,
այլ
պարզ
մտադրութեամբ
մը։
Վարժապետներու
միահեծան
կայսրութիւնն
է,
արքայից
արքայ
Գարագաշի
մականին
ներքեւ։
1885ին՝
Արփիարեան։
Եղիան
իր
թերթուկներովը
եւ
հանդէսովը,
մանաւանդ
օրաթերթին
իշխանապետութեամբը
այդ
գրականութեան
enfant
gâtéն
չէ
միայն,
այլեւ
մենտոր,
ամենագէտ,
ամենահաս
հանճարը:
1888ին՝
Հրանդը,
Արեւելքով։
1891ին՝
Հայրենիքը
Մատենագիտութիւն
չէ
իմ
առաջադրածը։
Այլ
երիտասարդ
տաղանդներու
փաղանգին
արի
պայքարը
որ
կը
յանգէր
կորսուածին
վերափառքին։
Դուրեանին
աշխարհաբարը
կը
դառնար
մեր
բանաստեղծութեան
լեզուն։
Սիպիլ
կը
յարէր
նորերուն,
ինք
ալ
նոր
մը
բայց
զառածած
գրաբարեան
հեշտանքներու:
Արշալոյսի
Ձայները
(1891–92)
մեր
տաղաչափութեան
մէջ
թուական
մըն
է,
բայց
Թրթռումները
(1893)
թուական
մըն
է,
ոչ
միայն
քերթողականին
նորոգմամբը,
այլ
մանաւանդ
աշխարհաբարին
վերջնական
նուիրագործումովը
եւ
Չօպանեան
գտած
էր
Դուրեանը։
Ուրի՞շ։
Դուրեանի
հետ
կը
դրուին
բազմաթիւ
շահեկան
հարցեր։
Իմ
Համապատկերը,
ընդհանրութեանց
ուշադիր,
պիտի
չուզէր
փորձել՝
օրինակի
համար՝
զուգակշիռներ
ընդմէջ
Դուրեանի
եւ
Պէշիկթաշլեանի,
թէեւ
անոր
հեղինակը
կը
հաւատայ
որ
նման
ձեռնարկ
մը
բախտաւոր
արդիւնքները
կարող
է
հասնիլ,
մանաււանդ
երբ
ըլլայ
պաշտպանուած
գրական,
գեղագիտական
աժան
տեսութիւններու
փոխարէն՝
վերարտադրումովը
կեանքի
պայմաններուն
որոնք
տրամադրուած
էին
երկու
հիւծախտաւոր
քերթողներուն։
Ընդմէջ
Վարուժանի
եւ
Սիամանթոյի,
որոնց
հոգեխառնութեան
արտահանումը
պիտի
դնէր
աշխատաւորը
այլապէս
հեռահաս
ապրումներու
բարիքին,
քանի
որ
այդ
եղերաբախտ
նահատակները
յանգումներ
էին,
այսինքն
վերջին
կերպարանքները
հոգեկան
վիճակներու
որոնք
այլեւս
հանդիպելի
չեն
սփիւռքէն
վերջն
ալ:
Ընդմէջ
Սիպիլի
եւ
Տիւսաբի,
միշտ
շքեղ
համադրումներու
հասնող,
վասնզի
երկու
կիներուն
զգացական,
սեռային,
հոգեկան
եւ
իմացական
աշխարհները
ոչ
միայն
իրենց
ժամանակին
համար
հակընդդէմ
տախտակներ
են
այսօր,
այլեւ
անհետացած
կեանքէ
մը
թանկագին
վերբերումներ։
Սփիւռքի
իմաստունները
փոխանակ
հիները
առէք
դնելու
(իբրեւ
անպէտք
առարկայ
մէկդի
նետել)
լաւ
կ՚ընեն
երբ
մեր
գրականութեան
դէմքերը
ենթարկեն
խղճամիտ
վերլուծման
Թէրզեան
մը,
իր
ձախող
քերթողութեամբ,
դարձեալ
արժանաւոր
նիւթ
մըն
է:
Ինչ
որ
կը
փրկուի
մեր
անցեալէն,
միշտ
շահ
մըն
է
մեր
ներկայ
անժառանգութիւնը
դարմանել
փորձող։
*
*
*
Մտադրած
էի
չզբաղիլ
Դուրեանին
թատրոններովը։
Բայց
յապաղած
խղճահարութիւն
մը
զիս
կ՚ընէ
զիջող։
Իր
առիթով
կը
տրուի
արեւմտահայ
մշակոյթին
էական
ճիւղերէն
մէկուն՝
թատրոնի
շրջափոխութիւնը։
Չունիմ
ժամանակ
ծանր
այդ
աշխատանքը
ստանձնելու
հոս։
Պատմիչները
տուած
են
հիմնական
գիծերը
այդ
շրջափոխութեան։
Արագ
վերաքաղ
մը`
որպէսզի
Դուրեանին
թատերական
վրիպանքը
ըլալ
մարդկային,
ընդունելի,
ազատուելով
իր
տարօրինակութենէն։
Հանճարային
քերթող
մը
ինչո՜ւ
չանդրադառնար
իր
թատերական
անբաւարարութեան։
Քիչ
մը
վարը
պատասխանը։
Ինչ
որ
արեւմտահայ
թատերական
գրականութիւն
կ՚անուանենք,
դժբախտ
վրիպանք
մըն
է,
եւ
ոչ
թէ
լուրջ,
գիտակցուած
շարժում
մը։
Կրթանք
մը
ըլլալէ
առաջ։
Կը
շրջիմ
ժամանակին
ընթացքէն,
ու
1940էն
վար
կ՚իջնեմ
աչքի
առջեւ
ունենալու
համար
մեր
տուածը
այդ
ճիւղին
մէջ։
Քառորդ
դար
մեր
սփիւռքը
պայքարեցաւ
ազգային
թատերական
գրականութիւն
մը
ստեղծելու
սրտառուչ
ճիգով։
Բոլոր
կեդրոն
գաղութները,
ինչպէս
երկրորդական
քաղաքիկներ
իրարու
հետ
մրցումի
ելան
իրենց
բեմերը,
սիրողներու
խումբերը
քարէն
ստեղծելու:
Պաշտօնական
քաջալերութիւն։
Մրցանակներ:
Հայրենասիրական
ելոյթներ։
Հայրենակցական
շահադիտութիւն։
Կուսակցական
պրոպականտ։
Ակումբներու
ելեւմտական
ձեռնարկներ։
Մամուլ։
Դպրոց։
Եկեղեցի։
Հասարակութիւն:
—
Ամբողջ
մեր
իմացական
մեքենան
շարժումի
մտաւ:
Բայց
հայ
թատերական
գրականութիւնը
չեղաւ
իրականութիւն:
Ո՞ւր
է
լուծումը
սա
առեղծուածին։
—
Շատ
պարզ
իրողութեան
մը
մէջ,
զոր,
աւա՜ղ,
կ՚անգիտանայինք
1850ին,
1870ին,
1910ին
ու
1940ին։
Ատիկա՝
թատրոնին
իսկ
նկարագրին
մէջ
ներգոյակ
հանգամանք
մը։
Գրական
սեռերէն
միակն
է
ան
որուն
կեանքը
պայմանաւոր
է
գլխաւոր
երեք
ուժերով։
1)
գրողը,
2)
դերասանը,
3)
հասարակութիւնը։
Առանց
այս
գլխաւոր
երեք
ազդակներու
ներդաշնակ
գործողութեան,
թատրոն
մը
շատ
շատ
արեւմտահայ
թատրոնին
կերպարանքը
կուտայ
մեզի։
ա.
—
Չունինք
գրողը:
Չունէինք
զայն
լման
կէս
դար,
նոյնիսկ
երբ
քիչ
շատ
տանելի
բեմ
մը,
քանի
մը
իրաւ,
մեծատաղանդ
դերասաններ
պահ
մը
տիրապետեցին
մեր
հոգիներուն:
Զուր
տեղը
չէր
որ
անոնք
թարգմանութիւններու
վրայ
սպառեցին
իրենց
տաղանդը։
Թատերագիրը,
ըսեր
եմ
այնքան
անգամներ,
կը
ծնի,
ինչպէս
տաղանդով
պայմանաւոր
մտքի
միւս
աշխատաւորները։
Մենք
զայն
կը
ստեղծենք
դպրոցէն,
շուկայէն,
ակումբներէ,
աս
ու
ան
կարիքներէ։
Կարդացէք
1905ին
Մխիթարեաններու
երկհարիւրամեակին
նուիրուած
ստուար
հատորը,
հոն
գտնելու
համար
չարիքին
արմատը։
Հարիւրաւոր
խաղի
անուններ
կը
յիշէ
այդ
յիշատակարանը
աշխատասիրող
վարդապետը,
բոլորն
ալ
Վենետիկի
կղզին
մէջ
ներկայացուած,
մեծ
մասով
ինքնագիր։
Մուրատ—Ռաֆայէլեանի
աշակերտները
հեղինակներ
են,
դպրոցին
իսկ
սեղաններէն,
ըլլալու
համար
տարիքին
քալելովը ...
թարգմանիչներ,
պերճ
գրաբար,
դասական
ողբերգութիւններու:
Հէքիմեան,
Թղլեան,
Թէրզեան,
Մ.
Պէշիկթաշլեան,
Նար-Պէյ
այդ
վարժանքն
է
որ
լրջօրէն
փոխադրած
են
Պոլիս
ու
գրած
թատրոններ,
իւրաքանչիւրը
քանի
մը
հատ,
միշտ
աւանդութեանը
մէջ
վարժարանին։
Անլուրջ,
անկոչ
ում
այս
ձեռնարկներուն
չարիքը
իրենց
գոյութիւնը
չէ
անշուշտ,
այլ
պատրանքը
որպէսզի
հանճարային
բանաստեղծ
մը
իրեն
տար
արտօնութիւն
գրելու
իր
կարգին
տասնեակ
մը
ողբերգութիւններ
եւ
Պետրոս
Դուրեան,
որ
նորոգած
է
մեր
քնարականութեան
թէ՝
յղացքը,
թէ
թէքնիքը,
անճարակ
որքան
անճաշակ
հետեւող
մըն
է
վենետիկեան
աւանդութեան,
այսինքն
լաւ
լարուած
ու
հռետորօրէն
գործադրուած
խաղերու։
Ու
այսքան։
Ալ
չեմ
աճեցներ
քնարական
խառնուածքին
կշիռը
այդ
տղուն
ստեղծագործութեան
մէջ։
Լաւ
բանաստեղծ
Հիւկօ
մը
գէշ
թատերագիր
մըն
էր:
Մեծ
վիպասան
Ֆլոպէռ
մը
լացաւ
իր
մէկ
անունն
իսկ
մոռցուած
խաղին
չարաչար
կործանման
առջեւ,
բեմին
վրայ:
Չունինք
գրողը։
Ու
չէ
կազմուած
թատերական
գրականութեան
մը
պահեստը։
Ուրիշ
սեռերու
մէջ
պահեստ
մը
պարզ
դէզ
մըն
է.
քիչ
անգամ
պաշտպանութիւն։
Ամիրային
աղջիկը
արեւմտահայ
վէպին
պահեստը
կը
կազմէ
ու
պարկեշտ
պրպտողի
մը
կրնայ
առաջնորդ
դառնալ,
բարքերու
հանդէպ
սուր
հակումներով։
Այս
պահեստը
պիտի
ունենար
բացառիկ
կարեւորութիւն
մեր
թատերական
գրականութեան
համար
որուն
բաղադրիչ
միութիւնները
ըլլալու
տեղ
սնանուանելի
մեր
ռոմանթիք
ողբերգութիւնները
կրնային
մեր
բարքերուն,
ապրումներուն
հարազատ
թանգարանները
դառնալ։
Մեր
կեանքը
—
որեւէ
կեանք
—
հարուստ
է
թատերականը
հանդերձող
հանգամանքներով։
1850էն
մինչեւ
1915
մենք
անցեր
ենք
տեսակարար,
տարբեր
խտութեամբ
ապրումներէ։
Դուրեանի
Թշուառները,
իրաւ
թատերագիրի
մը
կողմէ
գրուած,
մեզի
պիտի
ըլլար
ազատած
առնուազն
1870ի
թատերական
միջավայրը,
բարքերը։
Ամիրայութիւնը
կը
սրբուի
մեր
հրապարակէն
այդ
թուականներուն,
իրարմէ
տռամաթիք
շիջումներով։
Ունինք
ճարտարապետներու,
փաշաներու,
մեծազօր
առեւտրականներու,
ազդեցիկ
պաշտօնեաներու,
բժիշկներու,
հերարձակ
ուսուցիչներու,
տոնքիշոթ
գրողներու
շքեղ
դասեր,
որոնք
մեր
բեմերուն
վրայ
չեն
երեւցած։
Զարհուրելի
չարաշահութիւն
մը,
մինչեւ
1900,
թատրոնը
վերածած
է
մեր
մէջ
գաւառացիները
ծաղրելու,
անոնց
տոհմիկ
բարբառով
սրամտելու
անփառունակ
դերին։
Հասկնալի՞
էր
որ
թատերագիրը
չծնած
մեռնէր։
Պետրոս
Դուրեան
բեմը
պարգեււաբաշխութեան
հանդիսավայրին
հետ
շփոթելու
աստիճան
պարզամիտ
է
այդ
գետնին
վրայ:
Իր
մասին
կարելի
է
յիշել
պատանութեան
երկրորդ
մեծ
մեղքը։
Առաջինը
այս
մեղքեր
էն՝
ոտանաւոր
գրելն
էր,
հարկաւ:
Երկրո՞րդը։
Պարգեւաբաշխութեան,
դպրոցական,
ակումբային,
զանազան
միութիւններու
պիւտճէն
հաւասարակշռելու
համար
հնարուած
խաղերուն
հայրութիւնը։
Դպրոցէն
սկսող
ու
կեանքն
ի
վար
շարունակուող
սա
մեղքը
զարկած
է
մեր
գրողներէն
մեծերը
նոյնիսկ:
Ունինք
օրինակը
Թլկատինցիին։
Երբեմն
տղաք,
հասնելէ
առաջ
կամ
քիչ
վերջը
կրակին
կը
վստահին
մաքրագործումը
այդ
մեղքին։
Ես,
Վարդ
եւ
Շուշանը
(Դուրեան)
կարդալէ
վերջը,
հերոսաբար
ոտքի
նետեցի
իմ
ալ
ողբերգութիւնը
որ
կ՚ողբար
մահը
սիրահարի
մը։
Կրակը
պիտի
ազատէր
զիս
այդ
բեռէն։
Մինչ
եւ
այսօր
մեզի
պակսածը
«ծնած»
թատերագիրն
է։
Դուրեան
բացառութիւն
չի
կազմեր։
բ.
—
Չունինք
դերասանը:
Հազիւ
քանի
մը
շրջաններ,
անոնք
ալ
մէկ–երկու
տարիներով
համրուող,
որոնց
ընթացքին
մեր
բեմին
վրայ
ապրէր
իրաւ
դերասանը,
արուեստագէտը,
ուժ
առնող
գրուածքէն
ու
զայն
ապրեցնելու
ընդունակ:
Անուններ,
մատի
վրայ,
օտար
խաղերով
գտած
են
իրենց
նուիրագործումը։
Դերասանին
այս
պակասը
ունեցած
է
բազմաթիւ
իրարմէ
վատթար
հետեւանքներ։
Շէյքսբիր,
մելոsռամ,
յաճախ
թրքերէն,
խաղալը
մեր
հասարակութեան
մէջ
խաթարած
էր
թատերական
կարելի
ճաշակը։
Ադամեան
չի
յիշուիր
ազգային
դերի
մը
մէջ,
քանի
որ
ոչ
մէկ
գրուած
է
անոր
տուած
է
բաւարարութիւն
միջին
ապրումներ
իրագործելու։
Կը
յիշեմ
Վ.
Փափազեանի
Սանդուխտ
կոյսին
նախերգանքը
արտասանելը,
Սահմանադրութեան
խանդավառութեան
օրերուն։
Դիւային
արուեստագէտը
կը
լեցընէր
հեղինակին
բոլոր
պարապները,
բայց
կը
տառապէր
մեր
միամտութեան
աստիճանէն։
Ինչ
հարկ
այս
նկատողութիւններուն։
Քապօթէնը,
ամաթեօռը
ոչ
միայն
փորձանքներ
են,
այլեւ
նանրամիտ
յաւակնութիւններու
իշխաններ։
Սփիւռքը
ահա
որ
չափերու
վրայ
պարտաւորուեցաւ
կրել
այդ
չարիքը·
Չեմ
խօսիր
դերասանուհիէ,
որ
չէր
կրնար
գոյութիւն
ունենալ
Վենետիկի
վանքը։
Բայց
կիներու
դերի
մը
համար
մեր
թատերագիրը
կը
ստեղծէր
տրտմութիւններէ
վեր
կացութիւններ։
Յետոյ,
գիտենք
որ
Պէշիկթաշլեան
եւ
Դուրեան
իրենք
ստիպուեր
են
վերցնել
իրենց
գրած
խաղերուն
մէջ
յարմար
դերեր։
Ու
այսպէս
քալեր
է
մեր
թատերական
գրականութիւնը,
դերասանուհիներու
դերը
տղոց,
երիտասարդներու
պարտադրելով։
Չարիքը
կու
գայ
ասպարէզէն։
գ.
-
Չունինք
հասարակութիւնը:
Թերեւս
ամենէն
պատասխանատու
ազդակը
մեր
թատերական
վրիպանքին։
Չունինք
դարձեալ
այդ
հասարակութիւնը
1860ին,
1880ին,
1910ին,
1940ին։
Այս
թուականներէն
առաջինին
մէջ
մենք
ունինք
հարուստներ,
որոնք
ամէն
ժամանակներու
հարուստներուն
կը
նմանէին,
իրենց
ունայնամտութեամբը
անշուշտ,
բայց
իրենց
փառասիրութիւն.
ները
պիտի
ուզէին
արժեւորել
ուրիշ
գետիններու
վրայ:
Եկեղեցի
լինել
մը,
ազգային
հիւանդանոցին
տուներ
կտակել,
թաղերու
մէջ
դպրոցներու
կառուցման
նախաձեռնարկ
ըլլալը
1860ին
կեր
պով
մը
կը
կազմէր
նորոգուած
ազգասիրութիւն,
ուր
մուտք
ունենային
գիրքը,
թերթը,
թատրոնը
քաջալերող
սանկ
ու
նանկ
ախորժակներ։
Վենետիկէն
Պոլիս
փոխադրուած
թատերական
ճա
չակը
պաշտպանութիւնը
վայելեց
այդ
դասակարգին
որ
դժբախտաբար
հասարակութիւն
մը
չեր։
1880ին,
լեզուական
բարենորոգումը
մտաւորականութեան
ամբողջ
ուշն
ու
ուրուշը,
ինչպէս
կը
գրէին
այդ
օրերուն,
կեդրոնացուցած
էր
իր
վրայ՝
Դպրոցական,
դպրոցապաշտ
բարեխառնութեան
ոսկեդարուն
հասարակութիւնը
իր
արհեստներովը,
առուտուրովը
կլլուած,
պարգեւաբաշխութեան
հանդէսներով
ու
ճառախօսներու
ատենաբանութիւններով
կը
բաւարարէր
իր
գեղագիտական
ախորժակները։
Հասարակութիւն
մը,
թատրոն
մը
ապրեցնող`
կը
պակսի
դարձեալ
Համիտի
ռեժիմը,
աւելորդ
է
պարզաբանել,
ջնջեց
թատրոնը,
պետական
վեթոյով։
1910ին,
մեր
երիտասարդութիւնը,
կուսակցական
գործունէութեամբ
խանդավառ՝
թատրոնը
ինչպէս
գրականութիւնը
նետեց
չորրորդական
բլանէ
հետաքրքրութեանց։
Ու
այդ
շրջանին
ալ
չունեցանք
հասարակութիւն
[4]
մը։
Սփիւռքը
հասարակութիւն
մը
չէ.
թէ
եւ
զանազան
միութիւններ
ու
միայն
ասոնք
կը
յաջողին
թատերասրահ
մը
լեցնել,
բռնի՜,
տոմսակներու
վաճառումը
վերածելով
կատարեալ
հերոսամարտի։
Արագ
այս
դրուագումին
ամբողջ
ծանրութիւնը,
տարածուած
հիմա
աշխարհի
չորս
ծագերուն,
1860ին
կը
մնար
կեդրոնացած
Պոլիսին
մէկ
ճիղճ
փոքրամասնութեան
վրայ,
որ
կազմուած
էր
քիչ
շատ
ուսում
մը
առած,
ազգասիրութիւնը
իբրեւ
փառք,
ասպարէզ
սիրող
խմբակէ
մը
ու
ասոր
ետին
երբեմն
մեկենասող
թիւով
շատ
քիչ
հարուստներէ։
Թատրոնը
պահ
էր,
թագի,
սուրի,
ճառի:
Քիչ
շատ
շնորհալի
դերասանուհի
մը
ուրիշ
մագնիս։
Պոլսոյ
թաղերուն
առանձին
փառասիրութիւնները
ուրիշ
զսպանակ:
Եթէ
չեմ
զբաղվիր
Դուրեանին
թատերական
անգոյ
կարողութեամբը,
ատիկա
ըսել
չէ
թէ
այս
տղան,
իբրեւ
յաջորդ
արծարծիչը
Պէշիկթաշլեանի
սկսած
շարժումին,
ըրած
է
կրցածէն
աւելին,
շատ
կարճ
ժամանակի
մէջ,
հազիւ
մէկ–երկու
տարի,
գրելով
տասնեակ
մը
ողբերգութիւններ,
որոնց
ցանկը
կը
հետաքրքրէ
մատենագիտութիւնը,
բայց
որոնք
հիմնովին
դուրս
են
գրականութենէ։
1922ին,
Պոլիս,
իր
մահուան
յիսնամեակին
առթիւ
սարքուած
հանդիսութեանց
մէկ
միութիւնն
էր
ներկայացումը
Սեւ
հողեր
ողբերգութեան
որմէ
պատառիկներ,
Սահմանադրութեան
յաջորդ
հնգամեակին
տրուած
էին
Պոլիս
ինչպէս
գաւառները։
Բեմադրումի
իրական
տագնապ
մը
կազմեց
խաղը,
յիշատակի
իբրեւ
յարգանք
կազմակերպողներուն
համար:
Այդ
թուականին
ըսի
թէ
ունէինք
հինգ
հարիւր
հոգին,
ամէն
Կիրակի
իր
ներկայացումը
փնտռող
եւ
յարգող:
Այդ
հասարակութիւնը
վայելել
էր
վարժուած
ժամանակակից
ֆրանսական
թատրոնին
(Պաթայլ,
Քերմեքէրս,
Պէրնշթայն,
Լավըտան
եւայլն)
գլուխ-գործոցներ,
որոնք
նոյնիսկ
անբաւարար
խաղարկութեամբ
մը
(հազիւ
երկու
իրաւ
դերասան)
կը
հասնէին
հանդիսականին:
Փորձերուն՝
խաղը
վերածուեցաւ
իր
կէսէն
պակասին:
Խորունկ
տարակոյս
մը
կը
նեղ
էր
յանձնախումբը:
Ըրինք
պէտք
եղած
աղմուկը,
թերթերով,
խմբագրականներով,
մանաւանդ
պատրաստ
հասարակութեան
վրայ
մեր
ապահովութեամբը
գօտեպինդ։
Ոչ
մէկ
պատշաճութիւն,
նկատում,
առնուազն
բանաստեղծին
յիշատակին
հանդէպ
արգահատանք
մը
կարող
եղան
այդ
հասարակութիւնը
պահելու
թատրոնին
մէջ։
Առաջին
արարի
կէսին
մեկնող
մեկնողի:
Երկրորդը`
տրուեցաւ
գրեթէ
պարապ
աթոռներու:
Երազեցի
հիւանդ
բանաստեղծին,
իր
մսկոտ,
անյողդողդ
խանդավառութեան
որուն
մէջէն
կէս
դար
առաջ
Պետրոս
Դուրեան
բեմ
էր
բարձրացել
է
ընդունելու
համար
խելայեղ
հասարակութեան
մը
ծափն
ու
փառաբանութիւնը։
Կը
յիշեմ,
1892ին
վախկոտ,
հալածուած
—
պետութենէն
—
ձեռնարկը
Թշուառներ
ներկայացնելու։
Չօպանեան,
Զօհրապ
աւուր
պատշաճի
խօսքեր
գտած
էին
բանաստեղծին
յիշատակը
յարգող։
Բայց
անցնող
երեսուն
տարիները
Դուրեանի
թատրոնին
վրայ
բարդած
էին
բեռ
մը
զոր
1922ի
մեր
բոլոր
րեքլամային
հնարքները
անկարող
եղան
թեթեւցնելու:
Այս
վերյիշումները
աւելորդ
չեն,
հոս
երբ
կը
փորձեմ
հանճարային
գրողի
մը
գրեթէ
բովանդակ
ուժը
սպառող
արդիւնքի
մը
մէջ
զատել,
գտնել
վրիպանքին
ազդակները։
Չի
բաւեր
վճիռ
արձակել
անոր
ծնունդը
—
ոչ
թատերագիր
—
պատրուակ
ունեցող։
Պ.
Դուրեան
արարներ
կազմելու,
տեսարաններ
յարդարելու
զգայարանքը,
գործողութիւն
մը
քալեցնելու
որոշ
ընդունակութիւն
ապացուցած
կը
նկատուի,
երբ
այդքան
կարճ
ժամանակի
մը
վրայ
միջոցը
գտած
է
այդքան
թիւ
մը
նուաճելու
խաղերու։
Չի
բաւեր
մեղադրել
հայ
թատրոնին
պակասը
(թելադրանքը
տարածեցէք
իր
բաղադրիչներուն)
որպէսզի
հասկնալի
ըլլային
Դուրեանի
խաղերուն
ստեղծած
խանդավառութիւնը,
մանաւանդ
ասոնց
աղմուկին
ու
փոշիին
մէջ
աչքէ
խուսափած
անդարման
խօթութիւններ:
Իր
տիալոկը
տաք
է,
երբեմն
իրաւ:
Իր
մարդերը,
ճառախօս
թէեւ
բայց
բանաստեղծին
ներքին
հուրքը
կ՚ընեն
համակրելի։
Իր
հանգոյցները,
ռոմանթիք,
արկածախնդրական,
գէթ
իրենց
լարերը
առած
են
մեր
պատմութեան
ամենէն
արիւնոտ
տռամաներէն։
Ասոնք
ալ
իրաւ
խօսքեր
են
հոս։
Ու
նոյնքան
իրաւ՝
բոլոր
այդ
խաղերուն
բեմէն
հանդիսականին
վրայ
արտարձակած
անհուն
ձանձրոյթը։
Ի՞նչն
էր
փոխուածը
1921էն
վերջ։
Կը
խորհիմ
թէ
տարիքը,
այսինքն
աշխարհի
իր
ճանաչողութեան
աստիճանը,
հիւանդութիւնը,
այսինքն
տաղանդին
դուրս
բերած
ամէն
բխումին
այդ
շառայլով
գունաւորուիլը,
մեր
իմացական
մակարդակը,
1870ին,
մանաւանդ
Մխիթարեան
թատերական
ռոմանթիզմը,
պատմամոլ
հայրենապաշտութիւնը
եւ
մենծ-աղա
մեկենասութիւնը,
մանաւանդ
դերասանական
հտպտութիւնները
կը
կազմեն
աւագ
ազդակները
սա
վճռական
վրիպանքին։
1930ին
դպրոցական
տղաք
իսկ
չէին
յօժարեր
Արշակ
Բ.
(Պէշիկթաշլեան)
բեմադրելու,
տարափին
մէջ
ճառերուն:
Այնպէս
որ
Դուրեանի
թատերական
գործը
պարտաւոր
ենք
նկատել
չարաշուք
տուրք
մը
իր
ժամանակին։
Չեմ
ծանրաբեռներ
սա
նշմարները
թատերական
հասկացուղութեան
մը
տարրական
իսկ
պայմանները
չներկայացնող
սա
գործին
վրայ
քննադատական
ուրիշ
նկատումներով։
Նոյնիսկ
հաստատուն
բարիք
մը
որ
արժէք
է
սակայն,
բեմական
տանելի
լեզուի
մը
գոյութիւնը
անոնցմէ
ներս,
չի
պաշտպաներ
այսօր
թատերագիր
Դուրեանի
մը
յիշատակը:
Այդ
խաղերը,
անխտիր
ըլլալէ
ետքը
աժան
ու
տարօրինակ
փառքի
մը
դափնիները,
անոր
հիւանդ
կորանքը
դիմաւորող,
այսօր
ծանր
քարեր
են
իր
յիշատտակին։
Ոչ
մէկ
մերձեցում։
Վրիպանքին
մէջ
հաւասարապատիւ
է
այդ
գործը
Սուրէն
Պարթեւեանի
թատերական
վաստակին,
այս
ալ
տարօրէն
ծանր
մեղք
մը
այդ
գրագէտին
յիշատակին։
Ըսի
թէ
թատերական
լեզուի
մը
փաստը
ունէր
գոյութիւն
այդ
աւերակոյտին
մէջ։
Որքան
պիտի
սիրէի
արձակագիր
Դուրեանի
մը
վրայ
տարածել
սա
վերլուծումը։
Կ՚ըսեմ
այսպէս,
խորունկ
գրաւչութեանը
մէջ
պատառիկներուն,
նշմարներուն,
նշխարներուն,
որոնք
իր
աստիճանով
գրագէտէ
մը
ազատուած,
պիտի
ըլլային
մեր
գրականութեան
համար
թանկ
գեղեցկութիւններ
[5]
։
Դուրեանէն
մենք
չենք
բախտաւորուած։
1872ի
հաւաքածոն
աններելի
սխալն
է
գործած
հաւանաբար,
դեռ
անթառամ՝
կտորներ
հիւրընկալած
չըլլալով
իր
ծածքին
տակ:
Մահուանը
տարին,
բանաստեղծէն
շատ
պատառիկներ,
աս
ու
ան
կերպարանքներով,
դժուար
պիտի
չըլլար
համախմբել։
Քսան
տարի
վերջ,
տաղերուն
երկրորդ
տպագրութիւնը
ներս
է
առած
անոր
նամակները,
թիւով
քիչ,
դամբանական
մը
որուն
կորուստէ
փրկուիլը
իմաստ
մը
չունի
անշուշտ,
քանի
որ
գրուած
է
նման
ամէն
դամբանականներու,
այդ
շրջանին
գրական
սեռի
մը
հետ
շփոթուելու
աստիճան
շփացուած։
Օտեան,
Պէշիկթաշլեան,
Պէրպէրեան,
Եղիա,
Չերազ
մեռելները
գոված
ատեն
գրականութիւն
պիտի
ընէին։
Երկրորդ
տպագրութեան
արձակների
նամակներ
են,
գրուած
սանկ
ու
նանկ
մարդոց։
Այդ
մարդերուն
նկարագիրները
չէ
որ
պիտի
զբաղեցնէր
զիս
(Օտեանին
առ
Պէշիկթաշլեան
նամակներն
իսկ
այնքան
անկշիռ
վկայութիւններ
ըլլալէն
վերջ):
Դուրեանի
նամակներէն
մէկը՝
ուղղուած
օրուան
մեծաշողշող
փառքերէն
մէկուն,
Խորէն
եպիսկոպոս
Նար-Պէյի,
գրական
ուռուցիկ
էջ
մըն
է,
թէեւ
Դուրեանին
զգայնութեամբը
պաշտպանուած։
Այնքան
բանաստեղծութիւն
կայ
այդ
նամակին
մէջ,
գէշ
երակէ,
որ
բուն
Դուրեանէն
մեր
գտածը
անբաւական
կուգայ
անոր
իմացականութեան
վրայ
ստուգում
մը
փորձելու:
Նամակը
գրական
այն
վաւերագիրն
է
որ
մարդ
մը
կը
սեւեռէ,
ամենէն
անփոխարինելի
գոյներու
ներքեւ:
Ոչ
Նար-Պէյը,
ոչ
ալ
ինքը`
բանաստեղծը
այդ
նամակը
չեն
արժեւորել
իսկական
արժանիքովը
հում,
անխարդախ
վկայութեան։
Միւսները,
միշտ
անկշիռ
հասցէներու,
դարձեալ
արձակ
քերթուածներ
են,
տեսակ
մը
երկարաձգումը
իր
չափաբերեալ
տողերուն։
Ոչ
մէկ
իրականութիւն։
Ոչ
մէկ
ներքին
տեսակարար
խոստովանութիւն։
Ոչ
մէկ
հա՛րց՝
ժամանակը
լուսաւորող
եւ
տոքիւմանի
բարձրացող։
Անոնց
խորքը
կուգայ
մէկ
ու
նոյն
ցաւէն:
Անոնց
բարեխառնութիւնը
կուտայ
մէկ
ու
նոյն
զգայնութիւնը։
Ու
անոնց
յօրինուածքը
հազիւ
կը
զատուի
քնարական
իր
թէքնիքին
նկարագիրներէն,
կարճ,
կտրուկ,
տաք,
վարակիչ
ու
սիրտ
գրաւող
թրթռագին
ծորումը
անխառն
բանաստեղծութեան:
Ու
ըսի
վերը.
այսպէս
ապրուած,
այդ
կտորները
առնուազն
զերծ
են
այն
տրտում,
պղտոր,
արուեստակեալ
կառոյցներու
դատապարտութենէն
որոնցմով
հաւակնեցան
փառաւորուիլ
Իրապաշտներէն,
Արուեստագէտներէն
հրապարակ
նետուած
ոսկին
էջեր,
արձակ
քերթուած
մեծափարթամ
տիտղոսին
ներքեւ:
Պետրոս
Դուրեան
դրած
է
անոնց
մէջ
տարր
մը,
բանական
զգալի,
որ
կը
բխի
նոյն
ակունքէն,
իր
քերթուածներուն
սրտայոյզ
խորութիւններէն։
Անոնց
լեզուն,
հակառակ
անոր
որ
դժուար
կը
պատշաճի
նամակներու
ընդհանուր
դժգոհութեան,
պարտադիր
հասարակութեան,
գրեթէ
ամէն
տողի
կը
յաղթահարէ
անխուսափելի
չարիքները
քնարական
զեղումին
ու
բառական
հռետորութեան։
Մոռնալու
չէք
սակայն
որ
գրագէտի
մը
ամենէն
թանկագին,
անփոխարինելի
վկայութիւնները,
մեծ
գրականութեանց
մէջ
կուգան
նամակներէն։
(Կիկերոն,
Սէմինեէ,
Վոլթէռ
իրենց
նամակներուն
մէջ
կը
շահին
մեր
երախտագիտութիւնը)։
Ի՞նչ
դժբախտութիւն
մեզի
համար
որ
հիւանդ,
աղքատ
երիտասարդի
ստուերամած
իր
կեանքը
արգիլած
ըլլայ
զինքը
խառնուելէ
եօթանասնական
թուականներու
խռով,
յուսապարար,
իրաւ
ապրումներուն
[6]
։
Մեր
գրականութեան
ամենէն
իրաւ
այս
ուժէն,
ամենէն
պայծառ
այս
խառնուածքէն
մեր
գտածին
—
վաւերագրականին
վրայ
—
սա
աննշան
արդիւնքը
զիս
կ՚ընէ
տրտում։
Տիկին
Եսայեանի
Սիլիհտարի
պարտէզները
մեծ
գիրք
մը
ընող
բարիքը
Դուրեանին
անձին
վրայով
պիտի
ըլլար
շքեղ,
մեծատարած
գեղեցկութիւն։
Արուեստագէտ
Սերունդին
տպաւորապաշտ
էջերը
-
միշտ
վաերագրական
գետնի
վրայ
-
անշուշտ
չեն
կրնար
հակակշռել
Զարթօնքի
մարդոց
նամականիներուն
թէեւ
հնամաշ
բայց
նորէն
պուտ
մը
եղ
բերող
հանգամանքը։
Բայց
կայ
մետայլին
միւս
կողմը
Մեծարենցի
Ոսկի
արիշին
տակը
նիհար
գիրք
մըն
է:
Ներաշխարհը
գրախաղութիւն
է։
Սկիւտարի
վերջալոյսները
hրախաղութիւն։
Այս
իսկ
մեղքերով
այս
հատորները
բան
մըն
են
փրկած
կորուստէ։
Դուրեանի
նամակնե՞րը։
Հարցուցէք
ու
մի
կենաք։
Տարէք
ձեր
մտքով
այդ
պատանին
իր
կախարդական
աշխարհին
—
Պոլիսի՜ն
-
—
թաքուն
խորշերուն,
սրտառուչ
կայքերուն,
իրաւ
տեսարաններուն
ոչ
թէ
Չերազին
կամ
Եղիային
նման
թիթեռնիկ,
զեփիւռ,
սոխակ
կամ
Մայիս
հալածելու,
այլ
ապրելու
այդ
վայրերուն
հզօր
թելադրանքները։
Պիտի
ունենայի՞նք
իրմէն
անկորուստ
էջեր,
ինչպէս
կան
ասոնք
վերը
անուանուած
գիրքերուն
մէջ։
Ուրիշ
խօսքով՝
Պետրոս
Դուրեան
պիտի
կրնա՞ր
զատել
իր
ցաւին
ամպը
ու
ասով
սքօղուն
իրաւ
աշխարհը
իրարմէ,
ու
մեզի
պատմել
թէ
իր
անդրադարձը
այդ
աշխարհին
երեսին
եւ
թէ՛
ուրիշներուն
ալ
ցաւերը,
որոնք,
աւա՜ղ,
եթէ
ոչ
հաւասար,
գէթ
հիւսուած
են
նոյն
սե՛ւ
մետաքսէն,
դրուած
աճելու
նոյն
աղիքներուն
ներսը
ու
ելած
անոնցմէ
դուրս,
աս՝
պարման
աղջկան
մը
մարմինով
զոր
որ
դերը
կ՚ուտեն
դեռ
հողին
ծոցը
չիջած.
ան
միւսը՝
անհուն
ցաւագարի
մը
գանկով
ուր
խելքը
ջուր
կը
կտրի,
ինքիրմէ
թունաւորուած.
երրորդ
մը`
ոճիրները
կը
փաթթէ
վիզին
որպէսզի
հոգիին
տզրուկը
պարարի
անոնց
արիւնովը...:
Ասոնք
տրտում
երազներն
են
սփիւռքէն
թիապարտի
մը
որ
աֆիոնին
ալ
պաշտպանութիւնը
չի
վայելեր։
Արձակագիր
Դուրեանին
հետ
կը
բուսնի
մեր
մտքին
յիշատակութիւն
մը,
վէպէ
մը
որուն
անունն
ու
տարողութիւնը
պահուած
են
մեզի։
Այդ
վէպը
ունէր
անձնական
նկարագիր,
հեղինակին
թերեւս
ամենէն
իրաւ
ապրումներով,
սնած։
Դուրեան
խենթն
էր
Լամառթինին
որմէ
Ռաֆայէլը
(իզմիրեան
թարգմանութեամբ
մը)
1860ի
պատանիներուն
հոգին
խռովելու
չափ
թարմ
զգացումներ
կը
փոխադրէր
Վոսփորեան
գիշերները
փորձող
(Դուրեանին
վէպին
անունն
է
ասիկա)
հիւանդ,
աղքատ,
անհո՜ւն
բանաստեղծին
ներսը։
Աւանդութիւնը
այդ
վէպը
պատուած
է
ընդարձակ
մակդիրով
մըն
ալ:
Հասկնալի՞ք
սա
յիշատակութեան
հետեւանք
շահեկանութիւն
մը։
Ամէն
մարդ
վիպասան
մըն
է,
առանց
Դուրեան
մը
ծնած
ըլլալու
պէտքին։
Մեր
ապրումները,
մինչեւ
պատանութեան
արշալոյսին
խմորումը
կը
կազմեն
մեր
ոսկի
անձնականութիւնը,
այսինքն
մեր
անկորուստ
մասը:
Չեմ
զառածիր
լոյս
չտեսած
գործի
մը
շուրջը
թելադրանքներ
պատմելու։
Գիտեմ
միայն
որ
հնգատասանամեայ
Դուրեան
մը
հեղինակած
է ...
Վարդ
եւ
Շուշան
թատրերգութեան,
այսինքն
իր
անձէն
դուրս
սեւեռումներու
պարտքին
ենթակայ
տղեկ
մը։
Թատրոն
մը
հազիւ
թէ
ըլլայ
կարօտ
մեր
անձին։
Վէպը,
առնուազն
անձէ
մը
իբրեւ
պատմութիւն,
բանաստեղծի
մը
մօտ
միշտ
անդրանիկ
յաջողութիւն
մըն
է
(վիպասանը
կը
սկսին
միշտ
երկրորդ՝
վէպով)։
Կ՚առնեմ
փշրանքները
տաղերէն
այն
ապրումներուն
որոնք
յօրինած
են
մեր
բանաստեղծութեան
ամենէն
քաղցր
յաջողուածքները,
կը
խառնեմ
զանոնք
այն
քանի
մը
տարիներու
ողբերգութեան
որմէ
նշմարանքներ
միայն
ինկած
են
սեւեռման
(Մարդը
եւ
Գործը
գլուխը)
ու
կը
հետեւիմ
մտքովս
այդ
դալկահար
տղուն
քայլերուն
որոնք
ամենէն
չքնաղ
«ափունքներէն»
եւ
մինչեւ
ամենէն
սեւ,
գէջ
մահիճը
պիտի
առաջնորդէին
զինքը։
Այդ
ճամբորդութի՜ւնը
դէպի
գերեզման,
այդքան
վաղատի,
այդքան
անուշիկ
երազներու
պսակի
մը
տակ
կորաքամակ,
այդքան
ծարաւ
շրթներով
…
դուք
լրացուցէք
թելադրանքը:
Դուրեանին
վէպը
մեր
հասկցած
ձեւով
բան
մը
չէր
անշուշտ։
Բայց
ունէր,
իրմէ
միայն
զգացուած
ամենանուրբ,
ամենատխուր
ապրումներ։
Ու
այս
վկայութեան
կորուստը
անով
աւելի
կը
մեծնայ,
վասնզի
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
անձին,
իրաւ
անձին
պատկերները
այնքան
տժգոյն
են,
ու
մանաւանդ
այնքան
անբաւական՝
իբրեւ
թիւ:
Թող
պատմէր
Պէշիկթաշլեան
իր
տարփանք–տառապանքը,
փոխանակ
այդ
ամենուն
շուքերը
քերթուածներու
մէջ
թխմելու,
մենք
կ՚ունենայինք
մեր
կեանքին
վրայ
անփոխարինելի
վկայութիւն։
Ու
դրէք
սա
պահանջը
մեր
բոլոր
գրողներուն
համար:
Ու
նայեցէք
գումարին
գիրքերուն
որոնք
արեւմտահայ
գրական
ճիգը
կը
թանգարանեն։
Մենք
իրաւ
որ
ստուերներու
արքայութեան
(le
royaume
des
ombres)
մէջ
ենք
ապրեր։
Ու
ապրած
են
մեր
գրողները,
այս
ամենէն
անմասն։
Պետրոս
Դուրեան
այն
հեղինակներէն
է
որոնց
վրայ
ժամանակին
փորձը
գործադրուած
է
վերջնական
արդիւնքներով։
Անբանաստեղծ
մեր
իրապաշտութիւնը,
ռոմանթիզմը
կործանելու
կիրքին
մէջ
հազիւ
խնայեց
Սկիւտարի
սոխակին
մթաստուեր
փառքին։
1892ին
ամենէն
հանգամանաւոր
իրապաշտը`
Գ .
Զօհրապ,
իր
թերթին
մէջ
կը
խոստովանի
Պ.
Դուրեանի,
Պէշիկթաշլեանի
բանաստեղծութեանց
մէջ
գոյութիւնը
իրաւ
տարրին։
(Դուք
անցէք,
առանց
նեղուելու,
Արփիարի
անհասկացողութեան
փաստէն։
Կարմիր
ժամուցին
հեղինակը
զուրկ
էր
ծնած
բանաստեղծական
զգայարանքէ)։
Դարձեալ
նոյն
թուականին
պատրաստ
է
ձեռագիրը
Դուրեանի
վրայ
առաջին
քննադատին
ուսումնասիրութեան,
քսանամենի
իսկ
չեղող
տղու
մը
կողմէ
գրուած։
Արշակ
Չօպանեան
այդ
գործը
պիտի
հրատարակէր
Թիֆլիս ...:
Ու
տեղը
կը
նկատեմ
յարմար
որպէսզի
զբաղվիմ
Պետրոս
Դուրեանի
գրական
ճակատագրովը,
մասնաւորաբար
արեւելահայ
գրականութեան
մէջ
որ
սահմանուած
է
դառնալու
այլեւս
ամենայն
հայոց,
հին
բառով
մը`
Հայաստանեայց
գրականութիւն:
Փոփոխ
է
եղած
բառերը
Պետրոս
Դուրեանին։
Իրապաշտներու,
ժողովրդապաշտներու,
յեղափոխապաշտներու
շրջաններուն,
այսինքն
անոր
մահէն
մինչեւ
հոկտեմբերեան
գրականութեան
սկիզբը
Դուրեան
գրեթէ
կը
մնայ
անկշիռ,
խղդուած
կերպով
մը
այն
արհամարհանքին
մէջ
որ
մեր
Կրտսեր
Ռոմանթիքներուն
ոտանաւորն
է
ստեղծած
արեւելահայերուն
մօտ։
Մարդիկ
Նար–Պէյի,
Ալիշանի,
Պէշիկթաշլեանի,
Թէրզեան,
Սէթեանի,
Պէրպէրեանի
ոտանաւորներէն
իրենց
զգացած
զայրոյթը
կ՚աճեցնեն,
կ՚ընդհանրացնեն
ու
կը
ստեղծեն
հոսհոսը
որ
մինակ
տիպար
մը
չի
սեւեռեր,
այլեւ
բանաստեղծութեան
մէջ
կ՚եղանակաւորէ
վերի
անուններով
մեզի
հասած
թեթեւը,
անլուրջը,
հռետորեալը,
վարդաջրուածը,
կեղծը,
սուտ
ու
փուսը:
Համաձայն
եմ։
Բայց
ոսկին
ցեխին
մէջն
ալ
ոսկի
է,
ըսողը
մեր
ժողովուրդն
է
դարձեալ:
Ես
չեմ
կարդացել
սանկ
ուշագրաւ
վկայութիւն
մը
Պետրոս
Դուրեանի
վրայ,
արեւելահայ
ռոմանթիքներէն։
Իրապաշտները
անոնց
մօտ
ալ
անբանաստեղծ
մարդեր
են,
Շիրվանզադէ
Վարուժանը
երբ
պոռնկագիր
մը
իբրեւ
խարանելէ
վերջը
հաւարի
կուտայ
վտանգը
մեր
բանաստեղծութեան
սպառնացող,
չէ
անդրադարձած
Պետրոս
Դուրեանին
զոր
չեմ
ենթադրեր
հայ
գրագէտէ
մը
անծանօթ։—
Նշա՛ն՝
թէ
Պետրոս
Դուրեանն
ալ
միութիւն
մըն
էր
վերի
ռոմանթիքներէն
(գիտէք
Արփիարի
մտայնութիւնը
բանաստեղծութեան
վրալ)։
Տէրեանի
սերո՞ւնդը։
Չեմ
կարդացած
դարձեալ
Դուրեանին
վրայ
հանգամանաւոր
վկայութիւն։
Գիտեմ
միայն
որ
1918ին,
արեւելահայերուն
համար
արեւմտահայերուն
գրականութիւնը
արհամարհանքի
սիւնին
գամուած
հոսհոսութիւն
մըն
էր,
զոր
իր
ճիշդ
իմաստին
էր
վերածեր
Պարոնեանի
փառքը,
լայնօրէն
օգտագործուած
Թիֆլիսցիներէն,
կործանելու
համար
այդ
տարօրինակ,
փխրուն
բայց
այնքան
ալ
գեղեցիկ
արդիւնքը,
—
արեւմտահայ
գրականութիւնը։
1910ին
Պետրոս
Դուրեանին
զիջուած
շնորհը,
քառորդ
դար
յետոյ
Պէշիկթաշլեանի
առիթով
Ն.
Ադոնց՝
պիտի
փորձեր
ետ
առնել:
Ու
տրտմութեանց
տրտմութի՜ւն՝
փաստը,
ըստ
որում՝
յետ-հոկտեմբերեան
սերունդը,
Թիֆլիսի
տեղ
Երեւանի
մէջ,
հսկայական
հաւար
պիտի
ստեղծեն
Պետհրատին
դէմ
որ
համարձակած
էր
Դուրեանի
ամենէն
աղուոր
ոտանաւորներէն
փնջիկ
մը
հանրութեան
ներկայացնել։
Գոռում–գոչումի,
րատիոյի–երկաթի,
«կառուցուող
սոցիալիզմի»
օրեր
էին։
Ու
մեր
երիտասարդութիւնը
կ՚երգէր
երկաթը,
կամքը,
մուժն
ու
մշուշը…։
Կսկծագին
որքան
ընդվզեցուցիչ`
սա
ելոյթը։
Կատաղի
այդ
երկաթագործները,
պիոներները,
որոնք
մեր
հայրենիքին
ինչպէս
մեր
մշակոյթին
ալ
տէրերը
կը
յայտարարէին
իրենք
զիրենք,
աննահանջ
այդ
վարժապետները
ընկերային
պայքարներու,
չքացան
անշուշտ
իրենք
իրենց:
Տասնամ
մը
վերջը,
արեւմտահայ
բանաստեղծներու
գործէն
հաւաքածոյ
մը,
այդ
յարձակման
ենթարկուած
Պետհրատին
միջոցներով
դարձեալ՝
անշուշտ
ուրիշ
փաստ
մը
կը
կազմէ։
Ու
կը
հաւատամ
որ
արեւելահայերը
Դուրեանը
«ըստ
արժանւոյն»
արժեւորելու
առիթը
չեն
կորսնցուցած։
Երկրորդ
պատերազմը
մեզ
դրա
հոգեկան
խորունկ
շրջափոխութեան
մը
դիմաց:
Երեւանի
մէջ
մարդիկ
այլեւս
չեն
ամչնար
Հոկտեմբերը
կանխող
իրենց
գրականութեան
փաստէն,
—
զիջում
որմէ
կ՚օգտուի
անտարակոյս
արհամարհուած
արեւմտահայ
գրականութիւնն
ալ:
1944ին
միջակ
տաղանդով
տաղաչափ
մը
կ՚երկնէ
միջակ
արժանիքով
վէպ
մը
(Դ.
Տէմիրճեանի
Վարդանանքը)
ու
հալածուելու
տեղ
կը
դիմաւորուի
յարգանքով,
հիացումով։
Մի
մոռնաք
այս
փաստն
ալ:
Դարձեալ
կը
հաւատամ
որ
Երեւանի
մեր
համալսարանը,
ժամանակին
հետ,
պիտի
արդարագոյն
զգացումներու
վերադառնայ։
Պիտի
գայ
սերունդը
որ
գիտնայ
գորովել,
խանդավառուիլ
մեր
ժողովուրդի
ամէն
իրաւ,
բանաստեղծական
խառնուածքներուն
վրայ։
Ու
այդ
երիտասարդութիւնը
անշուշտ
պիտի
չաճեցնէ
մեր
—
արեւմտահայ–քնարերգութեան
մէջ
բաժինը
հոսհոսութեան.
պիտի
կերպարանք
միշտ
արդարագոյն
հիացում
մը
մանաւանդ
մեր
ամենէն
իրաւ
բանաստեղծին,
Պետրոս
Դուրեանին
վրայ,
անոր
անուան
նուիրելով
թերեւս
փողոցը
որ
կը
բացուի
այն
հրապարակին,
Պարոնեանին
արձանովը
այլեւս
պատմական
դարձած։
Պետրոս
Դուրեան
Հայաստանեայց
գրականութեան
կը
պատկանի,
արդէն
հիմակուընէ։
Բ.
Դուրեանի
գործին
սա
վերլուծումը
զիս
կ՚առաջնորդէ
գրական
պատմութիւնը
շահագրգռող
ուրիշ
ալ
հաւաստումներում։
Տուի,
կանխող
էջերուն
մէջ,
պայմանները
որոնք
անոր
զգայնութիւնն
ու
թէքնիքը
որոշադրեցին։
Այս
երկու
ազդակներէն
առաջինին
մէջ
կը
մտնեն
ցեղը,
տեղը,
պահը
(որոշ
չափով),
այսինքն
գրող
մը
յօրինող
տարրերուն
կէսէն
աւելին։
Այս
ազդակներէն
երկրորդը
Դուրեանին
արժեց
իր
մեղքերը։
Չեմ
դառնար
ետ։
Պետրոս
Դուրեան
ոչ
հրաշք
մըն
է,
ոչ
ալ
հանելուկ
մը։
Զայն
հասկանալու
համար
մասնաւոր
ընկալչութիւն
մըն
ալ
անհրաժեշտ
չէ,
ինչպէս
հակառակն
է
պարագան
Չրաքեանին
համար։
Կը
դնեմ,
արագ
վերլուծման,
իր
տեղը,
դերը,
եւ
ազդեցութիւնը,
մեր
բանաստեղծութեան
մէջ։
ա.
—
իր
տեղը։
Ծանօթ
էք
ողբերգութեան
որով
դատուեցաւ
անկախ
իր
ժամանակէն։
Չեմ
զարմանար։
Գրական
մահացու
մեղքերէն
մէկն
է,
պաշտօնական
շրջանակներու
մօտ,
անոր
ինքնատպութիւնը,
շեղումը
ընթացիկ
արահետներէն,
կաղապարներէն։
Քիչ
անգամ
պիտի
հաշտուինք
զարտուղիներուն
ու
պիտի
հանդուրժենք
զանոնք
երբ
անոնց
վտանգը
ձախողած
ենք
չէզոքացնել։
Եղիան
մեծ
գրագէտ
էր ...
իր,
անպատասխանատուութեան
լուսապսակովը
շատոնց
անցած
մարդկայինէն
անդին:
Անկէ
չէինք
վախնար։
Չրաքեանը
հալածեցինք
կամ
գովեստի
մէջ
խղդեցինք,
բայց
մտքերնուս
չանցուցինք
բանալ
իր
գիրքը,
իր
ապրումները
վերլուծել:
Դուրեանը
ենթարկեցինք
աւելի
տրտում
տագնապի
մը,
անոր
հանճարը ...
մեղքնալով։
Ու
այս
ամենուն
մէջ
ինծի
համար
քիչ
է
զարմանալին։
Բանաստեղծութեան
մէջ
նորութիւն
մը
ամենէն
աւելի
անընդունելի
դժբախտութիւնն
է։
Չէր
կարելի,
1900ին,
Հիւրմիւզի
դաշնաւոր
տաղերուն
հմայքէն
զերծել
այն
երիտասարդները
որոնք,
Պարտիզակ,
1885ին
Դուրեան
Եղիշէ
վարդապետէն
հիացումն
էին
ծծեր
Բուրաստանքին։
Եղիշէ
պատրիարք
Դուրեան,
1925ին
գրաբարի
Ընթացքները
կազմված
է
խուլ
հրապոյրին
մէջ
եւ
այդ
պատանեկան
տպաւորութեանց։
Գրական
սեռերուն
ամենէն
պահպանողականն
է
բանաստեղծութիւնը,
թերեւս
անոր
համար՝
վասնզի
քերթուած
մը
կարդալ
ու
վայելելու
համար
մենք
շատ
աւելի
տրամադրելի
միջոցներ
ունինք
որքան
չունինք
ատոնք
վէպի
մը,
ծանր
ուսումնասիրութեան
մը
համար։
Ընթացիկ
ապրումներու
վաճառորդ
մըն
է
ամէն
բանաստեղծ
ու
պիտի
գրէ
խուլ
ցանկութեանցը
մէջը
իր
շրջանակին։
Ինքնատպութիւնը
ոչ
միայն
մեզ
անհանգիստ
կ՚ընէ
քերթողին
մօտ,
այլեւ
կը
վիրաւորէ,
ստեղծելով
բուռն
հակազդեցութիւն։
Հալածեցինք
Մեծարենցը
ոչ
անշուշտ
անոր
ետին
գտնել
յաւակնելով
վտանգաւոր
հանճար
մը,
այլ
անոր
համար
որ
նոր
տաղերուն
խորքը
օտար
էր,
որով
եւ
նոր՝
մեր
Պոլիսին։
Վիրաւորիչը՝
տաղանդին
բացարձակութենէն
չէր
որ
կուգար,
այլ
զարտուղութենէն
եւ
Պետրոս
Դուրեան
չհալածուեցաւ:
1870ին
գրական
եղբայրակցութիւնը
չէր
անշուշտ
աւելի
սիրտբաց։
Գիտէք
Պէշիկթաշլեանին
վճիռը
Դուրեանի
թատերական
ապագային
վրայ։
Բայց
այդ
վճիռը
այդ
տղուն
սահմանուած
քանի
մը
տարիներուն
վրայ
եղաւ
հիմնովին
անհետեւանք։
Խրիմեան,
գործնական
բնազդներով
իշխանաւոր
մը,
պատրիարք
այդ
Պոլիսին
երբ
Դուրեան
կը
մտնէ
իր
անկողինը,
սկսելու
հոգեվարքը,
ոչ
միայն
իր
ողորմելի
գիրքերը
կ՚արժանացնէր
երրորդ,
չորրորդ
տպագրութիւններու,
այլ
շրջանի
մեծ
գրագէտներն
ալ
վարպետութեամբ
ժուռ
կ՚ածէր
իր
ծիրէն
ներս։
Փարիզ
հաւ
բուծանող
Միսաքեանն
իսկ
Պոլիս
կանչելու
չափ
խելացի
է
այդ
մարդը։
Բայց
չունինք
վկայութիւն
մը
թէ
ինչպէս
ընդունեց
Ի
պատրիարքական
ընտրութիւն,
Ի
դիմաւորութիւն,
Հայրիկն
Հայոց
քերթուածները
Դուրեանին։
Ըսի
թէ
ի՜նչ
սրտագին
փառքով
պաշարեցինք
Պէշիկթաշլեանի
հիւանդութիւնը։
Մարդիկ
անոր
բարիք
ընելն
իսկ
վերածեր
էին
բարեկիրթ
հայրենասիրութեան
մը:
Դուրեանը
արգահատանքն
իսկ
քիչ
գտաւ
ոչ
միայն
երբ
կը
թափառէր
հացին
ի
խնդիր,
այլ
իր
հիւանդութեան
շրջանին:
Կենսագիրները
չեն
յիշեր
որ
որեւէ
ձեռք
ըլլայ
երկնցած
այդ
աղքատիկ
գերեզմանին։
Մարդեր
կան,
որ
դեռ
չմեռած՝
գերեզմաններ
են։
Աւելին։
Անոր
տաղերը
յանձնեցին
շոշորթ
վարժապետներու
սրբագրումին։
Աւանդութիւնը՝
աւելի
անգութ
խոստովանանք
մըն
ալ։
Ատիկա
Պարոնեանի
ընկրկումն
է,
Դուրեանի
ձեռագիր
թատրոնները`
կարգաւորելու։
Պարկեշտ
Էտիրնէցին
վախցած
է
անշուշտ
նման
սրբապղծութենէ
մը։
Եւ
սակայն,
ըսի
անգամ
մը,
քանի
մը
տարիներ
միայն
կը
բաժնեն
Դուրեանի
ողջակէզը
Պէշիկթաշլեանի
աստուածացումէն։
Ու
այս
քանի
մը
տարին
շատ
բան
կ՚ըսէ
ոչ
միայն
ամբոխներու
անհուն
որքան
անգութ
փղշտացիութենէն,
այլեւ
հանճարներուն
անյատակ,
անսրբագրել
դժբախտութենէն:
Այն
տղաքը
որոնք
հերոսութիւնը
գործեցին ...
հանգանակութեան,
հաւաքելու
անոր
տաղերն
ու
թատերգութիւնները,
աւելի
չեն
արժեր
անշուշտ
քան
այն
միւսները,
գրագէտ,
պատրիարք,
պետական
պաշտօնատար,
պալատական
բժիշկ,
երեսփոխան,
կրեսոս
որոնք
նոյն
այդ
փաստը
տուին,
այս
անգամ
հասկացողութեան
մէկ
ու
նոյն
տառապանքի
մը
դիմաց։
Այսպէս
քալեց
այս
տղուն
բախտը
երբ
ողջ
էր:
Գերեզմանէն
ե՞տք։
Կարելի
չէր
ըսել
թէ
ազատագրուած
է
անոր
անունը,
ամբողջական
ու
վերջնական։
1910ին
գիտէք
թէ
ինչպէս
աժանցուցին
իր
յիշատակը։
Ծիրենաւոր
մարդուկ
մը
անոր
մէկ
քերթուածը
ֆրանսերէնի
թարգմանեց
բութ
դանակով
հաւ
մը
մորթողի
հաճոյքով,
մէջտեղ
բերելով
ողորմելի
վիժուք
մը
որ
Դուրեանէն
ոչինչ
ունէր,
քանի
որ
թարգմանիչը
հիմնովին
անբանաստեղծ
էր
ծնած,
հակառակ
իր
պսակաւոր
քերթողի
դափնիներուն։
Այս
մարդուն
անունը
չեմ
տար
հոս,
չսրբապղծելու
համար
սա
էջերը:
Բայց
կ՚արձանագրեմ
փաստը
որ
կը
զարմացնէ
զիս
ոչ
թէ
իր
լրբութեամբը,
այլ
իր
գոյութեամբը:
Ահա
Դուրեանին
տեղ՝
Արուեստագէտ
Սերունդին
ամենէն
վճռական
յաղթանակին
օրերուն։
Բայց
կայ
ուրիշ
ալ
տրտմութիւն։
Արփիար
Արփիարեան
երբ
կը
փորձէ,
այս
դարուն
սկիզբները,
այսինքն
մեր
Իրապաշտներէն
վերջ,
արեւմտահայ
գրականութեան
սկզբնական
շրջանը
ուրուագծել,
բազմաթիւ
էջեր
սրտագին
կը
նուիրէ ...
Ռուսինեանին
որմէ
մեր
գրականութիւնը
բնագրերու
հետ
շփոթուելու
չափ
գեղեցիկ
թարգմանութիւններ
է
ժառանգած
ու
յիշատակ
մը
անխոնջ,
իրաւ,
ժողովրդանուէր
գործունէութիւն
մը,
թէեւ
խօսքի
կամ
գիրի
ճամբաներով
բայց
հիմնովին
դուրս
գրական
իրողութենէն
որ
բոլորովին
ուրիշ
կրթանք
մըն
է,
կիրք
մը,
խաչակրութիւն
մը,
փշոտ,
դժուար,
անարիւն
յաճախ։
Արփիարեան
յիմար
մը
չէր,
ոչ
ալ
ճիղճ,
խօսքէն
անհաշիւ
մսխող
կամ
հակառակ
տարօրէն
ժլատ
մունետիկ
մը,
մեր
արժանիքներու
շուկայէն։
Յորդ
իր
հիացումը
այսօր
դիւրին
է
բացատրել:
Իրապաշտները
մեր
մէջ
գրական
փառասիրութեանց
հետ,
մէջ
կը
հետապնդեն
գործնական,
ծանր
առաջադրութիւններ։
Խումբէն
ան
որ
զուտ
գրականութեան
սպասը
պիտի
ընէր
աւելի
քան
կէս
դար,
Արշակ
Չօպանեան,
կը
հաւատար
թէ
կ՚աշխատէր
բարի,
մեծ
արդիւնքներու
հաշւոյն.
ատոնցմէ
հիմնականը
եւ
առաջինը
—
ազատագրութիւնը
իր
ժողովուրդին,
աշխատանք
մը
անշուշտ
որ,
միշտ
գիրի,
խօսքի
ճամբաներով,
իր
սնունդը
կ՚առնէր
գործօնութեան
ակերէն։
Արփիարեան
Պետրոս
Դուրեան
մը
չհասկնալու
չափ
անմշակ
միտք
մը
չէր.
բայց
զայն
վայելելու
աստիճան
նրբացած
զգայնութենէ
մը
զուրկ
էր
ծնած։
Իր
ժամանակակիցները
Դուրեանին
հանդէպ
պահեցին
այն
արգահատագին
զիջումը
որուն
փաստը
կայ
իր
թաղման
փառքին
մէջ,
ստերջ,
անիմաստ,
բոլորովին
հայկական
փառք
մը,
դիակի
մը
վրայ
ձգուած
ոսկի
շուրջառի
մը
նման։
Արփիարեան
եւ
իր
սերունդը
խուլ
տպաւորութեանը
տակն
են
այն
դերին
որ
այդ
հիւանդ
տղունը
եղաւ,
ողջուցը,
—
այսինքն
ճակատագիրը
անհասկնալի
հանճարին,
զարմանահրաշ
բայց
փո՜ր
չկշտացնող,
մեր
պապերուն
այս
շատ
գռեհիկ
բայց
շատ
ալ
իրաւ
պատգամին
համաձայն։
Դուրեանը
գնահատելու
կերպը,
Արփիարին
անգիտակցութեան
խորը,
կնիքին
տակն
էր
ուրեմն
գրականութեան,
արուեստի,
ազգային
զարթօնքի
այն
ըմբռնողութեանց
[7],
ախորժակներուն,
չափանիշներուն
որոնք
ի
զօրու
էին
1850ին,
1870ն,
1900ին,
1920ին
եւ
են
էլի
այսօր,
սփիւռքին
ինչպէս
մայր
երկրին
մէջ։
Ահա
թէ
ինչո՜ւ
Լճակ
երգող
պատանին,
1870ին
այնքան
եթերային,
ղիւրաբեկ,
1900ին
Արփիարի
մտքին
մէջ
կը
կենդանանայ
նոյն
նկարագիրներով,
տժգոյն,
անաշխարհիկ,
չաւարտած
նկար
մը
ինչպէս։
Ահա
այդ
մտապատկերին
ցուցմունքով
է
որ
պիտի
նուիրէ
այդ
յուշերու
եւ
գնահատումներու
շարքին
մէջ
տասը
չանցնող
տողեր
Պետրոս
Դուրեանի
յիշատակին։
Կայ
տակաւին
Չրաքեանի
խծբծանքը
Տրտունջքէն,
վկայութիւն
որ
իր
գիրը
չէ
հասած
մեզի
(լսած
եմ
զայն
իրեն
աշակերտողներէն)
որ
ուրիշ
բան
չէ
խորքին
մէջ,
եթէ
ոչ
Եղիայի
դպրոցին
անբանաստեղծութեան
արձագանգը,
Պէրպէրեանիր
իմացապաշտ
ախորժակներուն
անգիտակից
բիւրեղացումը։
Չրաքեան
կը
հաւատար
թէ
բանաստեղծութիւնը
կը
գրէինք,
գրելու
էինք
մտքով։
Այս
հաւատքը
անշուշտ
քիչ
մը
ավելի
էր
քան
Ռոմանթիքներուն
միամտութիւնը
որոնք
բանաստեղծութեան
համար
բաւ
կը
համարէին
բառերու
բարիքը։
Ի
վերջոյ
խելքը
բան
մըն
է
քան
բառարանը։
Չրաքեան
Եղիայի,
Չերազի,
Պէրպէրեանի
մէջ
մեծ
քերթողներ
չէ
ողջունած
անշուշտ,
Պետրոս
Դուրեանի
հանդէպ
արգահատանքի
արժեւորելու
համար։
Բայց
Պէրպէրեանի
Խոհք
եւ
Յուշքին,
Դուրեան
Սրբազանի
Հովուական
Սրինգին
նուիրած
է
լուրջ
էջեր:
Ու
չեմ
զարմանար։
Նոճեստանը
իմացապաշտ
հնչերակներու
շարք
մըն
է։
Խելքը
պիտի
բաւէր
բարեխառնել
նկարչական
զգայութիւններով,
հասնելու
համար
տանելի
քերթուածներու
փաստին։
Տրտունջքը
հերքում
իսկ
է
բանականութեան,
«մեծապայծա՜ռ
իմացականութեան»։
Կը
մնայ
Դուրեանի
տեղը
փնտռել
սփիւռքի
եւ
յետ–հոկտեմբերեան
գրականութեանց
մէջ։
Ծանօթ
էք
Պետհրատի
դէմ
գործադրուած
հարցապնդութեան։
Տխուր
այս
փաստը
ատենը
չէ
արժեւորելու:
Կուգայ
օրը,
երբ
իրաւ
արուեստը
կը
դառնայ
իր
օճախին
ու
տէրը
կ՚ըլլայ
մեր
զգայնութեան,
այն
զգայնութեան
որով
վարշամակուած
էր
մեր
հոգին
աւելի
քան
երկու
հազար
տարիներ։
Սփիւռքը
ամէն
բան
ուրանալու
իր
մոլուցքին
մէջ
չէր
կրնար
խնայել
զաղփաղփուն
այդ
տեսիլքին
որ
Դուրեանն
էր,
այնքան
օտար,
հեռու
այդ
տղոց
ապրումներէն։
Սփիւռքը,
արեան
մէջ
բացած
իր
աչքերը,
արեան
գետերու
վրայ
իր
մօրն
ու
սիրելիներուն
տարուիլը
տեսած
անոնցմով,
նոր
տարագրութեան
մը
դժոխքի
մէջ,
կատաղի
կերպով
մը
կը
վանէր
այդ
տեսողութեան
դաշտէն
բոլորը,
բոլորը,
որ
կուգար
այդ
հեռուէն,
այդ
անցեալէն։
Այդ
եկողներուն
ամենէն
տկլորը
անշուշտ
հայոց
գրականութիւնն
էր։
Իր
տառապանքին
քաւութեան
նոխազ
փնտռող
սերունդ
մը
ուրացաւ
մեր
երեք
սերունդներուն
քաղաքական,
վերանորոգչական
աշխատանքը։
Պիտի
ուրանար,
այդ
կարգին,
իր
երէցներուն
ալ
գրականութիւնը։
Դուրեանը
այսօր
անուն
մըն
է
որ
չունի
սփիւռքի
զարգացած
երիտասարդի
հոգիին
մէջ
տեղ,
զոր
այդ
երիտասարդը
յատկացուցած
է
օտար
աւելի
խոնարհ
քերթողներու:
Ահա
տեղը
Դուրեանին
արեւմտահայ
գրականութեան
վերջին
երեք
քառորդ
դարու
ընթացքին
[8]:
բ.
—
Իր
դերը:
Քիչ
մը
տարօրինակ՝
Դուրեանին
նման
անխառն
քնարերգակի
մը
համար
դար
մը
փնտռել։
Բանաստեղծը,
շատ
հին
դարերուն
մարգարէ,
առաջնորդ,
կախարդ՝
մշակոյթներու
հոլովոյթին
հետ
հետզհետէ
մերկացաւ
իր
այդ
հրաշքներէն։
Եւքիլէս
ուժ
մը
չէր
անշուշտ
այլեւս
երբ
միտքը,
ասոր
հետեւորդ
քաղաքական
գործունէութիւնը
դարձան
տիրական։
Եւրիպետէս
ոչ
միայն
դեր
մը
չունեցաւ,
այլեւ
ճաշակեց
հալածանքին
դառնութիւնը
եւ
Վիրգիլիոս
զինուորներու
ոտքին
քիչ
մնաց
երթար
կոխան։
Աւելի
վերջը,
Օգոստոսի
պալատին
մէջ
ալ
անոր
փառքը
արգահատանքով
զիջուած
ոսկեզօծ
գարշութիւն
մըն
է։
Հռովմի
հմայքին
այդ
ճարտարապետը
չենթարկուեցաւ
անշուշտ
Ովիդիոսի
ճակատագրին,
բայց
մեռաւ
աչքերը
բաց
կարօտէն։ ...
Չեմ
կրնար
հոս
չյիշել
տռաման
որ
արժեց
ֆրանսացիներուն
մեծագոյն
թատերագիրին
կեանքը։
Լուդովիկոսի
մէկուկէս
նախադասութիւնը
հեղինակն
էր
այդ
ոճիրին։
Ռասին
մեռաւ
սրտին
ցաւէն,
վեհապետին
մեղմ
արհամարհանքն
իսկ
հանդուրժելու
անկարող
դառնալու
չափ
իգացած,
նրբացած։
Արուեստներու
սպասաւորները
որեւէ
դեր
չեն
ունեցած
մեզի
ծանօթ
մշակոյթներու
մէջ։
Բանաստեղծը
ծառայ
է:
ԺԹ.
դարուն
դերերը
շրջուած
են։
Չեմ
լայննար։
Քրմութիւնը,
փարոսութիւնը,
ժողովուրդներ
վարելու
մեծամտութի՜ւնը։
Լամառթին՝
որ
թեկնածու
է
հանրապետութեան
նախագահութեան։
Հիւկօ՝
որ
կը
հաւատայ
թէ
իր
մէկ
նամակին
ընթերցումով
Պիզմարք
իր
բանակները
պիտի
քաշէ
Ֆրանսայէն։
Ասոնք
միամտութիւններ
են
անշուշտ։
Դեր
մը
ունեցաւ
սակայն
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան,
ոչ
իբրեւ
քերթող
սակայն,
այլ
այն
պայմաններէն
պաշտպանուած
որոնք
մեր
զարթօնքը
ըրին
կարելի:
Պետրոս
Դուրեանը
կրկին
չեմ
ձգեր
վերլուծման
իբր
կեանք
ու
գործօնութիւն։
Կանխող
էջերը
ըստ
բաւականին
սրտառուչ
են։
Անցա՜ւ
անիկա
իր
ժամանակին
մէջէն,
նման
իրաւ
բանաստեղծի
մը,
այսինքն
մենաւոր,
անայց,
չհասկցուած,
արգահատուած,
ու ...
թաղուած`
ազգային
թաղումով։
Կը
խօսիմ՝
ասոնք,
առանց
դառնութեան։
Բանաստեղծի
մը
դերը
իր
անմիջական
ճառագայթումին
մէջը
տեսնելը
աճապարոտ,
անբաւարար
փոյթ
մըն
է,
իմաստութիւն
մը։
Անոր
դերը
կը
սկսի
յաճախ
գերեզմանէն։
Ըսի
թէ
Դուրեան
մտած
էր
այդ
գերեզմանը
ոչ
թէ
«ժպիտ,
թրթռում,
աստղեր
գտնելու»
(իրն
են
բառերը.
Ի՜նչ
կ՚ըսեն)
այլ
այդ
բառերով
թելադրուած
յաւիտենական
իրողութիւնը
սկսելու:
Ո՜վ
գիտէ
ինչ
մեծատուներ
ունէինք
մենք
այդ
1870ին։
Ի՜նչ
մեծահամբաւ
բժիշկներ,
փաստաբաններ,
եկեղեցականներ:
Նորէն
փառք`
եթէ
երբեք
անոնցմէ
ոմանց
անունները
կը
թափառին
երբեմն
երբեմն
մեր
շրթներուն։
Անոնց
դերե՞րը՝
երբ
ողջ
էին։
Ճակատագիրը
կը
յարդարէ
իր
հաշիւները
մեզմէ
անկախ:
Պետրոս
Դուրեանին
դերն
է
մեր
ժողովուրդին
անթառամ
արժանիքներուն,
անկապտելի
գեղեցկութիւններուն
մէկ
մարմնառութիւնը,
խորհրդանշանը
եղած
ըլլալու
իր
յաղթանակը։
Չեմ
դառնար
ետ,
կրկնելու
համար
այն
բոլոր
ապրումները
որոնք
անոր
տաղարանէն
կը
թարմանան
ամէն
իրա
հայու
հոգիին
խորը,
ասոր
տալով
հպարտութիւններուն
ամենէն
ազնիւը,
մեծցնողը,
—
գտած
ըլլալու
այդ
տաղերուն
հեղինակին
մէջ
մէկը
ամէն
ժամանակներու,
ամէն
ցեղի
ամենէն
հարազատ
փառքերէն։
Այս
է
իր
դերը։
Այդ
տղան
վկայութիւնն
էր
բազմաթիւ
յատկանիշներու:
Այդ
տղան
մարդկային
ստեղծագործութեան
մէկ
գետինին`
իրագործած
է
ամենէն
կատարեալ,
ամենէ
իրաւ,
ամենէն
անմոռանալի
յաղթանակներէն
մէկը
որուն
երախտապարտ
է
իր
ժողովուրդը։
Ուրի՞շ։
Դեր
մըն
է
դարձեալ
այդ
անմահ
թելադրանքին
դասը։
Մեր
գրականութեան
ամէն
կոչեցեալ
սպասաւորը
անոր
մէջ
կը
գտնէ
անդրանիկ
ձայնը,
հրաւէրը,
լոյսը։
Զայն
կարդալը
«նոր
կիսագունդ
մը
գտնել»
կը
նշանակէր,
կոյս
զգայնութիւններու
համար։
Ըսի
ասիկա։
Ուրի՜շ։
Բայց
այդ
կեանքը,
նահատակութիւնը,
մահը
սրտայոյզ,
դաս
մըն
է
դարձեալ,
եթէ
կը
ներուի
այս
գէշ,
սխալ
բառը
գործածել
հոս։
Ի՞նչ
սրտապնդիչ
գեղեցկութիւն
է
ուրացուած,
լքուած,
հալածուած
արուեստագէտին
համար
ողբերգական
հանգոյցը
այդ
տղուն
տռամային։
Ըսի՜
թէ
տարիներով
սպասեցի
իր
ցաւին,
բովանդակ
յօժարութեամբը
յիմար
պատանիի,
ոչ
անշուշտ
իր
փառքէն
շլացած,
այլ
իր
տառապանքը
ապրելու,
թերեւս
մտովի
բաժնած
ըլլալու
ռոմանթիզմով։
Բայց
չըսի
թէ
իմ
երկար
ճամբուն՝
այդ
տղուն
ստուերը
ունեցայ
ինծի
հետ։
Ու
ասիկա
ոչ
միայն
կը
մեղմեր
իմ
ալ
ուրացումը,
լքումը,
այլեւ
կ՚ըլլար
սփոփանք
մը:
Ճակատագրին
պարգեւն
էր
անիկա,
իմ
գլխէն
կախ,
որ
կը
փսփսար.
«Քալէ՛,
քալէ՛,
մի
նայիր
ետ,
ըրածներուդ.
նայէ
առջեւդ,
ընելիքներո՛
ւդ։
Ի՞նչ
կ՚արժէ
վիրաւորանքը,
հալածանքը»։
Ըսել
կ՚ուզէր
անշուշտ
«Ուրիշ
բան
չունին
սպասելիք
կարգ
մը
մարդեր
այս
աշխարհէն»։
Դեր
մըն
էր
ասիկա։
Տակաւի՜ն։
Հայոց
գրականութիւնը
ոչ
Պոլսեցի
հոսհոսներունն
էր,
ոչ
ալ
սփիւռքի
տժգոյն
ուրացողներուն
ապրանքը:
Հայոց
գրականութիւնը
հայ
ժողովուրդին
հայրենական
գանձարանին
ամենէն
իրաւ
հարստութիւնն
է։
Կանուխ
թէ
ուշ
անիկա
իր
դռները
չի
կրնար
չբանալ
իր
փառքերուն։
Պետրոս
Դուրեանի
տաղարանը
այդ
հարստութեան
ամենէն
սրբազան,
թանկարժէ
գոհարն
է,
որով
պիտի
խանդավառուին
այս
ժողովուրդին
զաւկըները,
ուր
ալ
ըլլան։
գ.
-
Իր
ազդեցութիւնը։
Վերը
թելադրուած
փաստերը
կը
պատկանէին
հայ
մշակոյթին
ընդհանրութեանց։
Բանաստեղծական
գետինին
վրայ
Պետրոս
Դուրեան
չէր
կրնար
ազդեցութիւն
մը
ունենալ,
այն
շատ
յստակ
օրէնքին
ճնշումով
որ
բոլոր
ինքնատպութիւններուն
նկարագիրն
է
կազմած:
Մարդիկ
կը
հետեւին
իրենց
մօր,
ընտանի
օրինակներու,
մղումներու։
Պետրոս
Դուրեան
հերքումն
իսկ
է
իրողութեան։
Զայն
չէր
կազմած
շրջանը։
Ան
ինքզինքը
բերած
էր
առանձին։
Գնաց
իր
ճամբէն
դարձեալ
առանձին։
Նայեցան
ետեւէն.
չհասկցան.
զարմացան,
մեղքըցան
ու
այսքան։
Ազդեցութիւնը
ստեղծագործական
առաքինութիւններու
չէ
հպատակ:
Կազմակերպչական
տուրքեր,
խելք,
ընթացիկ
շնորհներ,
քաղաքականութիւն,
մարդեր
վարելու
համար
ծնած
ըլլալու
բախտ
մը
յաճախ
կ՚որոշադրեն
աս
ու
ան
հեղինակութիւնները,
իրենց
բացած
ակօսները։
Մշակութային
բազմազան
ասպարէզներու,
մանաւանդ
քաղաքական
կեանքին
համար
ասիկա
ստուգութիւնն
է
գրեթէ։
Ու
անառարկելի
ձեւով
մը
ճիշդ
է
առածը
որ
բոլոր
հանճարները
կը
ձգէ
առանձին։
Մեր
գրականութեան
մէջ
ունինք
շքեղ
օրինակներ
ազդեցութիւն
գործող
գրագէտներու։
Արշակ
Չօպանեան
անառարկելի
վարպետն
էր
Իրապաշտներուն,
Արուեստագէտ
սերունդն
բանաստեղծներուն։
Ու
գիտենք
թէ
այդ
շքեղ
դերը
որքան
մռայլ
կշիռով
մը,
ճնշումով
կը
դատապարտէ
այսօր
Չօպանեանի
քերթուածները
որոնցմէ
չեմ
կարծեր
որ
երկու
հատ
իսկ
անցնին
մեր
բանաստեղծութեան
գանձարանին։
Ունինք
Սիպիլը
որ
Արուեստագէտ
սերունդի
արձակը
ու
ոտանաւորը
պահեց
իր
ազդեցութեան
տակ։
Բախտը
նոյնն
է
Տիկինին
քերթուածներուն:
Յետո՞յ։
Բայց
ազդեցութիւնն
ալ
դեր
մըն
է
մերձաւորապէս։
Ես
կը
ճանչնամ
Պետրոս
Դուրեանի
ազդեցութիւնը
գէթ
այն
խորունկ
ու
մթին
իրողութեան
ներսը
որ
հոգեվիճակ
մըն
է,
հազիւ
թէ
կասկածուած։
Oշական
քերթուածներ
գրած
է
անշուշտ ...
այրելու
համար
զանոնք,
Դուրեանի
ուրուականէն
հալածական։
Ու
ասիկա՝
իր
կարգին
բարիք
մը։
Ամէն
պարկեշտ
աշխատաւոր,
իր
կարողութեանց
անգամ
մը
գիտակցութեան
հասած,
պիտի
ընէ
ինչ
որ
զինքը
կանխողները
աշխատած
են
փորձելու:
Դուրեան
առաջնորդ
մըն
է,
դառն
ու
իրաւ։
Իրեն
հետեւողները
կը
պատժուին
չարաչար։
Բայց
իր
ձայնը
լսողները
կը
խնայեն
նախ
այդ
տղուն,
ապա
իրենց,
երբ
կ՚այրեն
ինծի
պէս,
իրենց
ոտանաւորները,
փոխանակ
տարիներով,
կէս,
քառորդ
դար
տեւող
մուրացողութեամբ
մը
հալածելու
շնորհալի
քոյրերը
(Մուսաները)։
*
*
*
Կ՚ազատագրեմ
այս
տղան
մեր
գրական
ճաշակներուն,
հմտութեան,
համալսարանական
ապահովութեան
նանրախորժ
որքան
նանրակառոյց
վերիվայրումներէն
[9]:
Լման
երկու
սերունդ,
որ
գրականութիւն
ընել
յաւակնեցաւ
ու
այդ
հաւատքին
համար
այսօր
կը
դատապարտուի,
զարհուրելի
քաւարան
մը
(սփիւռքի
գրողներուն
կարաւա՜նը,
այնքան
խայտաբղէտ,
սրտառուչ,
յիմար,
անկանգնելի
որքան
եռանդուն,
կրքոտ,
յարձակողական)
գինը
կուտան
ազատուած,
ազատագրուած
(մեղքերը)
Դուրեանին։
Արձակում
չեմ
շնորհեր,
բայց
կ՚ըսեմ,
—
1950ին
այն
տղան
որ
տասնըհինգին
ու
քսանին
մէջտեղերը
(այս
տղուն
տուէք
ձեր
ուզած
կերպարանքը,
կրթութիւնը,
հոգեղէն
կազմը:
Ըսէք`
ըլլար
անիկա
տժգոյն
բանուոր
մը
փարիզեան
գիշերուան
դանդիռին
մէջ,
ցերեկուան
տաժանքը
մարսելու,
ոսկեզօծելու
համար
ինքզինքը
տրամադրած
սպառման,
տրտմալոյս
մահիճներու
խորը,
գարշագին,
յիմար
բայց
պուտիկ
մը
մաքուր
հոգիով։
Ըլլար
անիկա
Մերձաւոր
Արեւելքի
հաշտ,
հեշտ,
մռայլ
պայմաններուն
մէջ
իր
մարմինը
ճարած
կայտառ,
հերարձակ,
յանդուգն
պատանին,
անգործ,
անօթի,
բաց
մազերը
հովուն,
բայց
հոգին
բաց
ըրած
խորունկ
ձայներու
ցեղին
անդունդներէն,
որմէ
առատ
նմոյշներ
ունի
Սուրիան,
երբեմն
Պաղեստինը,
շատ
քիչ
անգամ՝
Եգիպտոսը
—
ուր
այդ
տղան
միշտ
քանի
մը
լեզու
գրպանը
տեղաւորած
իմաստուն
մըն
է
արդէն,
կռնակը
դարձուցած
իր
ժողովուրդին
ու
վճռօրէն
իր
քայլերը
լարած
դէպի
արտերը
ոսկիին
ու
վայելքին
—
կազմելու
աստիճան
սփիւռքի
երիտասարդութեան
մէջ
դաս
մը,
կերպարանք
մը՝
ըսէք
ըլլար
տակաւին
խանդավառ,
յամառ
յամեցող
մը`
հին
երիտասարդութեան՝
[որ
զոհուեցաւ
1915ին]՝
երազներուն,
հաւատացող
իր
մարմինին,
հոն
մթերուած
ուժին,
ինքզինքը
արձակելու
տրամադիր
դէպի
մռայլ
ասպարէզները
ազգային
իտէալներուն,
եւ
կամ՝
մահուան
որդեգիր
մը,
ճիշդ
ու
ճիշդ
Դուրեանին
նման,
որ
զրկուած
է
քաւելու
ով
գիտէ
որոնց
մեղքերը
—
պապերո՞ւն
թէ
զաւկըներուն
—
երբ
տիեզերք
մը
լեցնելու
չափ
ընդարձակ
իր
հոգին
բաժակ
մը
թոյնի
նման
ձեռքերուն,
դողդոջ,
յիմար,
յուսապատար,
կը
վազէ
«իր
երկրորդ
մօրը
գոգը»)
պիտի
կարդաց
Լճակը,
Սիրելը,
Հեծեծմունքը,
անշո՛ւշտ
պիտի
տառապի
այդ
քերթուածներուն
այրող
թախիծէն,
իր
միսերուն
կպչող
սարսուռներուն
ու
իր
ջիղերն
ի
վար
անձրեւած
թարմ,
կապոյտ
երազանքներուն
տռամայէն,
նախ
իր
պատանութեան
հաշւոյն,
ու
ապա
բանաստեղծին
ալ
հաշւոյն։
1870ին
Դուրեան
թուղթին
է
դիմած՝
այդ
ամենը
պարպելու
համար,
այդ
հեշտագին
ու
մահացնող
թոյները
—
քերթուածները
թոյն
են
երբեմն
—
իրմէն
վանելու
միամտութեամբ։
Այդ
օրերուն
այդ
երիտասարդը
Բարիզը,
Գահիրէն,
Երուսաղէմը,
Պէյրութն
ու
Հալէպը
չունէր,
իրենց
քնացնող
հեշտութիւններովը։
1950ին,
կ՚ըսեմ,
պիտի
ըլլան
տղաք,
որոնք
նետելով
մէկդի
Պետրոսին
դիւանը,
պիտի
վազեն
այդ
հոգեկան
թունաւորումը
պարզելու
ոչ
թէ
թուղթերու
այլ
ապրող
մարմիններու
ծոցը,
օտար,
հեռու,
տարաշխարհիկ
համերով
ու
գրգիռներով,
մինչեւ
որ
անցնի
տագնապը,
փլի
կիրքը
ու
կեանքը
վերածուի
օտար,
հեռու,
տարաշխարհիկ
բան
մը,
-
իր
ժողովուրդէն
փախուստին…։
Կ՚ընդունիմ:
Բայց,
կը
հաւատամ
դարձեալ,
որոշ
թիւ
մը
այդ
տղոցմէն,
նոյն
տագնապանքը
լուծելու
թունազերծման
նոյն
աշխատանքին
համար
պիտի
անդրադառնայ ...
Մեր
բանաստեղծութեան,
գրականութեան
ընդհանուր
տռամային.
պիտի
հասկնայ
թէ
ինչ
են
ըրած
զինքը
կանխողները,
իր
տարիքին.
պիտի
գորովի
երբ,
աչքին
տակ
պառկով
քերթուածէն
այդ
տղուն
տաղարանին
տեսնէ
յստակ
մնայուն
մարդկայինը,
որ
իր
ալ
միտքը
կը
հանէ
ցնցումի,
իր
ալ
ջիղերը
կը
պրկէ
ու
արցունքներուն
ակերը
կը
բռնաբարէ։
Կէս
դար
առաջ
այդ
1950էն,
անցել
է
այս
տողերը
ըսողը
այդ
փորձէն։
Ինկեր
է
ու
քալեր…
ծանր
նախապաշարումներու,
նոյնքան
ծանր
ուրացումներու,
առնուազն
միշտ
անհեթեթ
անգիտութեան
մը
ծնունդ
հալածանքին
մուրճերուն
ներքեւ։
Քսանամենի
տղան
յիշատակ
չունի
տակաւին
(Դուրեան
100ամենի
է
երբ
կը
գրէ
թէ
սիրտին
մէջ
մոխիր,
յիշատակներ
կան)։
Ու
այդ
տարիքին
Դուրեան
մը
ճանչնալը
չի
նշանակեր
յիշատակ
մը
ամբարել։
Այդ
տարիքին՝
Պետրոս
Դուրեան
ապրում
է:
Էլ
ինծի
համար։
Զգացի
զինքը
«գեղ
ու
կրակ»,
ինչպէս
կ՚ըսէ
ինքը
ոչ
անշուշտ
յիմար
աղջկան
մը
ետեւէն,
այլ
այն
հոյակապ
գեղեցկութեան
ու
տուրքին
մէջ
որ
երիտասարդութիւնն
է,
սեռէն
վեր
ու
դուրս,
որ
մեզ
կ՚արձակէ
տիեզերքին,
ու
մեր
անօթութիւնը
կայսրութեան
կը
վերածէ,
մեր
հիւանդութիւնը՝
վերջալոյսներուն
փառքին
ու
մեր
մռայլութիւնը
կը
հանդերձէ...
գերեզմանէն
յարութեան…։
Հագայ
ես
այդ
տղան,
իրեն
նման
անտառներու
ներսը,
առուակներու
եզրին
ու
հովիտին։
Եղայ
զի՜նքը,
խուլ,
սարսռագին
սպասման
մը
մէջ։
Ու
լացեր
եմ
իրեն
համար ...
իր
մէջ
ու
իրմէն
դուրս,
իմ
ալ
հաշւոյն։ ...
Բայց
ուշադրութի՜ւն։
Ես
չէի
ծնած
քնարերգակ
բանաստեղծ
մը։
Ու
իմ
պատանութեան
Պոլիսը
Արքայութենէն
ալ
հեռու,
անկարելի
բախտ
մըն
էր:
Հիմա,
միշտ
1950ին,
այդ
տղան
—
երջանիկ,
որովհետեւ
ծնած
այդ
բախտով
—
ինծի
համար
դժուար
չէ
օժտել
ինծի
զլացուածով,
այսինքն
իրաւ
բանաստեղծի
մը
խառնուածքով։
Այդ
ատեն
այդ
տղան,
Պետրոսին
տաղարանին
ընթերցումին
մէջ
պիտի
ունենալ
ոչ
միայն
իր
անմոռանալի,
ամենախորունկ
ապրումներէն
մէկը
որ
կը
նստի
մեր
մէջը
ու
մեզ
կը
բերէ
մեզի,
վերջնական,
անվերածելի
ու
անդարձ,
այլեւ
պիտի
գծէ
մեր
ճակատագիրը։
Չեմ
գիտեր,
կա՞յ
աւելի
պարզ
եղանակ՝
հարազատ,
անխուսափելի,
երկնառաք
քերթողը
որակելու:
Ահա
թէ
ինչ
ու
այս
աշխատանքի
մուտքին
ես
այդ
տղան
հանեցի
մեր
փառքերու
գերագոյնին։
Այս
ուսումնասիրութեան
վախճանին
կ՚ըսեմ.
Պետրոս
Դուրեան
ամենէն
իրա
բանաստեղծն
է
արեւմտահայ
գրականութեան:
Ու
վերջացնելու
համար
Բոլոր
գրականութեանց
հետազօտիչները
կը
պոռան
ու
կը
պոռան
բանաստեղծութեան
տագնապի
մը։
Ըսել
կ՚ուզեն
անշուշտ
որ
1830ի
սերունդը
(միջազգային)
այսօր
աւելի
քան
ծիծաղելի
պիտի
ըլլար
մեր
ախորժակներուն
դիմաց:
Ըսել
կ՚ուզեն
թէ
գրական
սեռերը
կը
նմանին
մարդկային,
կենդանական,
բուսական
տեսակներուն
որոնք
ժամանակով
են
պայմանաւոր.
–
կը
ծնին,
կը
զարգանան
ու
կը
մահանան։
Ըսին
թէ
Դրախտ
Կորուսեալը,
Հանրիատը,
Ֆաուստը,
Ժոսլինը,
Դարերու
զրոյցները
ժամանակներու
կնիքով`
մեր
օրերուն
պիտի
նման
էին
անդրջրհեղեղեան
անասուններու։
Ու...
տակաւին
շատ
ու
շատ
անհեթեթութիւններ,
որոնցմէ
կարեւորագոյնը`
քնարական
բանաստեղծութեան,
աւելի
համապարփակ
տարազով
մը`
ընդհանուր
բանաստեղծութեան
դարը
անցած
է
ընդմիշտ:
Թէ
այսօր
մենք
չենք
կրնար
կարդալ
յիմարը
որ
քանի
մը
ծաղիկ,
նայուածք
մը,
լճակ
մը,
աղջիկ
մը,
մերժում
մը,
սիրել
մը
պիտի
առնէր
գրական
թեմա,
իր ...
ոտանաւորին։
Կ՚ըսեն
ու
կ՚ըսեն։
Բայց
չեն
անդրադառնար
որ
1870ին
կոյսը
այսօրուան
կէս
առնական
ձեւն
է,
որ
ճերմանալու
տեղ
կ՚ախորժի
արեւին
թխանալէ,
փափկանալու
տեղ
կը
փորձէ
առնանալ
ու
սիրելու
դասական
codeերը
վերածեր
է
պարզագոյն
օրէնքին
—
բնազդին
—
բայց
կը
պահէ
իր
կնիքը
անայլայլ.
—
կնիքը
հզօրագոյն
զգացողութեան:
Հիմա
քսանամենի
երիտասարդի
միտքէն
պիտի
չանցնէր
սա
տողերը
Ես
ուզեցի
քընար
մ՚ըլլալ
Նրա
ձեռքին
տակ`
հեւացող,
Ներա
հոգւոյն
խորն
հիացող
Թեթեւ
պատկեր
մ՚ըլլալ
շարժեալ,
Մոռնալ
զիս,
լոկ
ըզնե
խոկալ՝
Կ՚վառէ
երազ
մ՚որուն
մէկ
ձող։
ոչ
թէ
գրել,
այլ
անոնց
ապրումները
այդքան
օդայնացնել։
Պիտի
երերէր
իր
բազուկներուն
քնարները
ու
պիտի
փաթթէր
անոնց
մէջ
ըմբոստ
ալիքը
աղջիկներուն
ու
պիտի
անցնէր
իր
գործատունը,
այդ
պահը
սրբելով,
մէկ
կտորէ
իր
աշխատանքէն
գեր
ի
վար,
իր
հոգիէն։
Կեանքն
է
ասիկա:
Ու
չունիմ
առարկութիւն:
Բայց
այդ
տղան
պիտի
ունենար
իր
աչքերուն
առջեւ
նոյն
մշուշը
թերեւս
նոյն
գիշերին,
բռնակալ,
անդիմադրելի:
Փոխուա՞ծը։
Ոչի՜նչ։
Ու
բանաստեղծութեան
տագնապ
մը
նման
է
ահա
այս
տագնապներուն։
Օրուան
տենդն
է
միայն
կերպարանք
փոխողը:
Կրակը՝
նոյն։
Բանաստեղծութիւնը
ետ
ենք
դարձուցած
կեանքին,
ուրկէ
հեռացուցած
էին
զայն
կանխող
դարու
մեծ
զգայապաշտները։
Իր
հովտակը
երգող
Լամառթինը,
եթէ
գար
կրկին,
պիտի
գտնէր
թերեւս
այդ
կայքերուն
վրայ
քանի
մը
ծխնելոյզ
աւելի,
քանի
մը
ճաղատ
տանիքներու
բորին
մեղքովը
վիրաւոր։
Բայց
պիտի
ապրէր
տրտմութիւնը
աղբիւրին,
գերեզմանին,
քիչ
մը
աւելի
ծեր
ծառերուն
ու
պիտի
գրէր
ճարտարարուեստեալ
հովտակը,
նոյնքան
խորունկ
յոյզերու
հանդիսարան։
Ըսին
թէ
բանաստեղծութիւնը
չի
կրնար
մեռնիլ։
Անշուշտ
բառէն
զեղչեցին
թէքնիքը,
տաղաչափութիւնը,
օրուան
նորոյթին
բռնութիւնները
ու
դրին
անոր
ներսը
ցաւին
յաւիտենական
ակունքը,
կեանքին
իսկ
իմաստովը
պարտադրած
ինքզինքը
մեր
ամենուն։
Սոփեստութիւն
չէ
լսել
թէ
ամէն
րոպէ
մահը
կ՚ապրինք ...
։
Չեմ
հաւատար,
մանաւանդ
մեր
մէջ
բանաստեղծական
տագնապի
մը
ոչ
թէ
գոյութեան
—
աչքիս
առջեւն
է
սփիւռքը
որ,
վստահելի
հաշուակալի
մը
հաւաստիքովը,
կը
համրէ
իր
մէջ
հարիւրէ
աւելի
քնարակիր
բայց
հազիւ
հազ
մէկուկէս
իրաւ
բանաստեղծի
փշրանքներ
—
այլ
այն
ճարտարանքներուն
որոնք
կը
հաւաքենք,
գրական
ուսումնասիրութիւններ
կառուցանելու,
որպէսզի
բացատրուին
թէ
ինչու
տաղանդաւոր
տղաք
գէշ
քերթուածներ
գրելէ
չվախնան։
Որպէսզի
անդարձ
մեկնող
շրջան
մը
—
մեր
1870ը,
1900ը
—
արդարացնէ
իր
մէջ
ներկայութիւնը
մէկէ
աւելի
իրաւ
բանաստեղծներու։
Ո՜չ,
բարեկամներս։
Հարիւր
անգամ
ոչ։
Ըսի,
այս
աշխատանքի
մուտքին,
«Առանց
մունետիկի»։
«Առանձին»:
«Շքեղ,
ճակատագրական,
անվերադարձ»։
Ու
ըսի
բոլոր
Դուրեաններուն
համար։
Կը
մտածեմ
տղուն՝
որ
ելլեր
այդ
սփիւռքէն,
Պետրոսին
նման,
անակնկալ
ու
անդիմադրելի,
ապրած
ըլլալէ
ետքը
անշուշտ
այդ
սփիւռքին
ընդերկրեայ
դժոխքը
-
կ՚ակնարկեմ
մեր
հոգին
ուտող
բոլոր
ճճիներով
գոյաւոր
ճախճախուտքին։
Կենար
յուսակտուր,
յիմար,
վսե՜մ՝
պատկերին
վրայ
ուրկէ
կը
բարձրանար
իր
տժգոյն
ողջակէզը,
ու
նայէ՛ր,
իր
արեան
մէջէն
բուսնող
բաժակներու,
իր
շուրջը,
մօտն
ու
հեռուն,
նոյն
պարտէզին
ծաղիկները
իբրեւ,
ու
հաւաքէր
այդ
դժբախտ
ձեւերուն
ահաւոր
տառապանքը
իր
մէկ
հատիկ
սրտին
բաժակին։
Գտնէր
յետոյ
ուժը
այդ
լիութիւնը
թեթեւցնելու,
շէնքի
վերածելու,
որուն
տարրերը
մեր
բառերը
տային,
ու
դնէր
մեր
նայուածքին
առջեւ
հրաշքը
որ
ճահիճէն
բարձրացող
լուտասներն
են,
հրանունկները:
Այս
պիտի
ըլլար
այդ
տղուն
փառքը:
Այդ
հրաշքին
համար
այդ
տղան
կրնար
գործածել
ամենէն
պարզ
բառերը,
—
ինչպէս
ըրած
են
մեր
աշուղները,
ժողովրդական
երգերը,
ինքը՝
Պետրոս
Դուրեանը
երբեմն
—
ու
սեւեռել
անմահ
պալատներ
ժամանակի
խորքին
(fond)
վրայ։
Կա՞ն
աւելի
պարզ
բառեր
Թէգուզ
հազար
դարդ
ունենամ,
ես
սըրտումս՝
ա՜հ
չիմ
ասի.
Իմ
հուքմի
հէքիմըն
դուն
իս,
ես
է՛լ
ուրիշին
Շահ
չիմ
ասի.
Սայաթ-Նովէն
ասաց.
զալո՛ւմ,
էս
էն
մահին
մահ
չիմ
ասի,
Հէնչափ
ըլի,
դուն
վըրէես
լաս,
մազըդ
շաղ
տալօվ
աչկիլուս:
որոնք
զգացում
մը
այսքան
բացարձակ
գեղեցկութեամբ,
անտիպ
կորովով
սեւեռէին,
մեր
ապրումներուն
դիւրաբեկ,
եղծանելի
կտաին
վրայ
ինչ
որ
ա՛լ
չի
ջնջուիր ...:
Կրնային
այդ
տղուն
բառերը
ըլլալ
ամենէն
գունաւորներէն,
յիմարներէն։
Արդիւնքը
պիտի
մնար
նոյնը,
հերիք
է
որ
բառերուն
տակը
պառկէր
իրաւ,
գերազանց
վիճակը ...:
Իմ
ուզածը
ուրիշ
բան
պիտի
չըլլար
եթէ
ոչ
այդ
ապրումներուն
տաք
տաք
կաղապարումը
տաղերու
մէջ
որոնք
գրուած,
ըսուած
չըլլային ...:
Կը
հաւատամ
որ
սփիւռքի
ամէն
տղայ
գումար
մըն
է
իրարմէ
գերազանց
զրկանքներու,
հաճոյքներու,
իրար
բզքտող
ու
իրար
ճարտարապետող
երազներու:
Մեր
հոգին
այն
դա՛շտը՝
ուր
այս
բռնկումները,
կործանումները,
ամբարձումները,
յուզումները
իրարու
կը
յաջորդ
են
անսեւեռելի
արագութեամբ
մը։
Այդ
արշաւէն
քանի
մը
ձեւ
որսալ:
—
Ահա
արուեստագէտին
դերը,
իր
պարզագոյն
պատկերացման
մէջ։
Ամէն
քերթողութիւն
խտութիւն
մըն
է։
Դուրեան
խտութիւնն
է
մեր
անդրանիկն
արթնութեան
շրջանին։
Քառորդ
դար
սփիւռքը
չայցուեցաւ
արուեստին
տագնապէն
իսկ:
Քառորդ
դար
Հայաստանի
մէջ
նոր
երիտասարդութիւն
մը
ապրեցաւ
խոշոր,
աղմկոտ,
շրջուած,
հաւատախոր
բայց
ապարուեստ
—
այսինքն
արուեստի
զգայարանքէն
զուրկ
—
ռոմանթիզմը,
նոր
կարգերուն
հրամայականը։
Ու
չեկա՜ւ
Դուրեան
մը,
մեզի
ինչպէս
անոնց։
Կը
սպասենք
անոր
—
տուէք
ձեր
սիրած
անունը
—
որ
պիտի
տար
կերպարանք
մեր
երիտասարդութեան
[10]
խորագոյն
ըղձաւորութեանց
ու
այն
հծծիւններուն
որոնք
դարերուն
քնարէն
ծորեցին
մեր
արեան
անդունդներուն։
Ու
այն
արցունքներուն
որոնք
ցօղուեցան
մեր
հողերուն,
հազարամէ
հազարամ,
այնքան
իրաւ,
այնքան
ընդարձակ
մեր
ողբերգութիւնը
կարծես
կենսաւորելու,
հոն
ինկած
սերմը
անթառամ
պահելու
եւ
առնագոյն
առաքելութեամբ
մը:
Արտ
մը
երբ
բացուի,
մեր
հայրենիքէն,
քերթուած
մը
չէ
միայն
—
գիտէք
ափ
մը
կարմիր
հողին
թելադրանքը
Վարուժանի
մը
զգայնութեանը
վրայ
-
այլ
մեր
պատմութեան
մէկ
անխորտակելի
էջը։
Հիւղակ
մը,
նոյնիսկ
սփիւռքի
դժխեմ
նսեմաuտանին
մէջ,
կը
թելադրէ
հոն
մտնող
արուեստագէտին
այն
բիւրաւոր
ապրումները
որոնք
այդ
խեղճ
ու
պատառ
շէնքին
հետ
դարուց
ի
դարս
ուլունք
ուլունք
հիւսուեցան
մեր
պապերուն
հոգիներուն։
Հոն
է
մեր
ժողովուրդին
օրօրա՜նը:
Սրտի
կծկում
մը,
սփիւռքի
դառնութեանց
տակ
տառապագին
աղօթող
մօր
մը
կուրծքին
տակ
որ
իր
զաւակը
ազատած
է
տարագրութեան
դժոխքէն,
ճարած
անոր
ազազուն
ոսկորները,
սփիւռքի
գերութեան
դաշտերէն
պուտիկ
պուտիկ
հաւաքելով
անոնց
կերը,
քրտինքով,
նախատինքով,
անէծքով
ու
երազով
շաղուած
պատառ
մը
հացը
բերնէն
կտրելով
որպէսզի
շինուին
այդ
տղուն
դնդերները,
ու
այդ
գինով
ինքզինքը
հագնող
այդ
տղան
երթայ
սուզուի
օտար
կնոջ
մը
անդունդին
մէջը,
իր
ժողովուրդը
ձգելով
աւելի
քան
մինակ
…:
Բացէք
այդ
պատմութիւնը
ու
դուք
ունիք
ձեր
քերթողը։
Ու
ասիկա
այսպէս՝
սփիւռքին
բոլոր
իրաւ
տագնապներուն
համար:
Պետրոս
Դուրեան
մը
միշտ
կարելի
հրաշք
մը
չէ
անշուշտ։
Բայց
իմ
ուզածը
աստուածային
Դուրեանը
չէ,
այլ
մարդկայի՜նը:
Պետրոս՝
Դուրեան
խորհրդանշական
բանաստեղծ
մըն
է։
Անիկա
չի
պատկաներ
միայն
արեւմտահայ
գրականութեան։
Այլ
եւ
կը
թելադրէ
մեզի
կարելիութիւններ
այն
հրաշքէն
որով
ժողովուրդները
կը
դիմանան,
իրենց
ներսէն
պաշտպանուած,
գօտեպինդ։
Անիկա
մեր
ժողովուրդին
իրաւ,
ամենէն
իրաւ
բանաստեղծը
չէ
միայն։
Անիկա
անվերադիր
Բանաստեղծութիւնն
է,
այս
անգամ
բառը
գլխագրուած։
Ու
է
այս
ժողովուրդին
ամէնէն
սրտառուչ
զաւակներէն
մէկը
նոյն
ատեն։
[1]
Հոն
ուր
այդ
խնամքը
—
արտայայտութեան
—
որոշ
կերպով
մը
ինքզինքը
կ՚ըն
է
զգալի,
մենք
կը
գտնենք
Դուրեանին
վրիպած
կտորները,
խօսեցայ
Մանուկն
առ
խաչ,
Առ
կոյսն
աճպարարութիւններէն։
Կ՚առաջարկեմ
որ
կարդաք
Հայրիկն
Հայոց
ուրիշ
աճպարարութիւն
մը
Փութա՛,
հովուապետ,
սիրող
յար
ազատ՝
Հաrազատ,
Փառատի՛
սեւ
ամպ,
փայլի
արդ
արեւ
Արդարեւ,
Փողփողի՛ն
դաշտեր,
ազատ
առնենք
քայլ
Առ
նենգ
գայլ։
Ցըցո՛ւր
ցուպդ,
Հայերն
կանչէ՛
յաroտ
մի՝
Յար
հօտ
մի
Ճանկեր
արիւնոտ
կուրծ
մեր
թափ
առինք,
Թափառի՛նք,
Եկո՛,
հովուէ՛
մեզ,
սիրածդ,
ազգասէ՛ր,
Ազգ
ա՛ս
էր:
(ՀԱՅՐԻԿՆ
ՀԱՅՈՑ)
ոչ
մէկ
բառ
այս
խաղը
դատապարտելու:
Բայց
կան
ասկէ
դուրս
ուրիշներ։
Կոյսն
լքեալ,
Նայուածք
մը,
Կոկոն-ծաղիկք
կուսին,
Ձօնիկք,
Սիրեցի
քեզ,
Մանիշակ
(որ
կը
կրէ
իբրեւ
տարեթիւ
1871ը,
այսինքն
Լճակներուն,
Սիրելներուն
թուականը)
քերթուածներ
են
որոնք
կու
գան
Դուրեանին
անձէն,
բայց
հազիւ
կը
պարունակեն
տողեր,
նշխարներ։
Դիւրին
է
Իցի՜ւ
թէին,
Պէտք
է
մեռնիլին
վրիպանքները
ծանրաբեռնել
տարիներուն
(առաջինը`
1867ին,
այսինքն
տասնըհինգամեայ
տղու
մը
թօթափը
իբրեւ,
երկրորդը՝
1869ին,
երբ
այդ
պատանին
տակաւին
ազատագրած
չէ
իր
անձը
դպրոցական
վերյիշումներէ),
բայց
դժուար
է
հասկնալ
Մանուկն
առ
խաչը,
Մանիշակը,
Առ
կոյսնը,
Առ
Մայիսը,
այսինքն
1871ի
Մայիսը,
ոտանաւորներ
ասոնք՝
որոնք
եղերական
տարիին
մէջն
են
երկնուած
անոր
հոգեվարքին,
բայց
կը
մնան
դուրս
Դուրեանին
անձնականութենէն։
Քննադատը
դժուարութեան
մէջ
չէր
Պէշիկթաշլեանի
երգերուն
վճռական
վրիպանքը
հասկնալի,
մարդկային
ընծայելու։
Ի
վերջոյ
դպրոցական,
թատերական,
պարգեւաբաշխական
հանդէսնելու
համար
մարդ
կրնայ
փոխ,
վարձու
մուսաներ
գործածել։
Պէշիկթաշլեանին
երգերը
ուրիշ
բան
չէին։
Բայց
Պետրոս
Դուրեան
ամբոխին
չիջնող
քնարակիր
մըն
է,
այդ
տարին
անգամ
(չեմ
զբաղիր
ազգայնական
տաղերուն
հիմնական
ալ
վրիպանքովը,
նոյն
ազդակներէ
մեկնող)։
Ինչո՞ւ
կը
գրուին
Առ
կոյսնը,
Մանիշակը,
կենալու
համար
յատկանշական
վրիպանքներու
առջեւ,
երբ
գիտենք
թէ
երկու
քերթուածներն
ալ
անոր
զգայնութեան
հաշտ
ոլորտէ
մը
կը
բխին։
Դուրեանին
ձեռագրին
մէջ
սրբագրումներ
չգտայ,
քերթուածային
լայնքով։
Սիրեgի
քեզ,
եւ
Հայուհինն
ենթարկուած
են
փոփոխման։
Երկուքն
ալ
չեն
հասած
վերջնական
կաղապարի։
Ու
կը
մնան
է
վրիպանքին
առջեւ
շուարուն
ու
տրտում։
Պէտք
կը
զգամ
դիմելու
գրականութեան
պատմութեան
ու
կշռելու
Ծիածանին
տկար
մասը,
յաջողակին
հետ
բաղդատուած
պահուն
այնքան
յորդ
ու
հպարտ։
Լաւ
քերթուած
մը
փաստ
մըն
է
հեղինակէ
մը,
առնուազն
ապահովութիւն՝
գէշ
քերթուածներու
կարելիութեան
վրայ։
1910ին
հազիւ
կը
զգայինք
Ծիածանին
նուաղումները։
1940ին
չենք
իսկ
կասկածիր
Սէրին
նուաղումներէն։
1944ին
Հայերգութիւնը
ոչ
յաւելումէ
ոչ
ալ
նահանջ։
Երկու
քերթողներն
ալ
առնուազն
տիրապետած
էին
իրենց
թէքնիքը։
Բայց
գրեցին
քերթուածներ
որոնք
ոչինչ
կ՚աւելցնէին
իրենց
հեղինակներուն։
Դուրեան
անշուշտ
սիրած
էր
Կոկոն-ծաղիկք
կուսինը
որ
անոր
անձին
տաք
հաղորդականութիւնը
կը
պահէ,
բայց
չէր
ունեցած
ատեն
զայն
ենթարկելու
մշակման։
Արդիւնքը՝
ներկայ
վիճակն
է
քերթուածին։
Տարածեցէք
մտածելու
սա
եղանակը
ու
պիտի
հասկնաք
միւսներուն
ալ
նուաղումը։
[2]
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
ժողովուրդի
լայն
խաւերուն
հասնող
համբաւներ
են
Ալիշան,
Խրիմեան,
Նար-Պէյ,
Պէրպէրեան,
Թէրզեան,
Եղիա։
Սերունդէ
մը
որուն
փառքը
կը
գրեն
ընտիր,
ազգօգուտ,
հայրենասէր
ախորժակներ,
մեր
գտած
գեղեցկութեանց
մթերքը
մեզ
կը
վիրաւորէ
այսօր
իր
նիհարութեամբը։
Համապատկերը
գիրքեր
է
տրամադրած
այս
տրտմութիւնը
հասկանալու
պարտքին։
Չեմ
կանխեր
այդ
անուններուն
հետ
կապուած
իմ
տպաւորութիւնները,
եզրակացութիւնները:
Բայց
լուսաւորելու
համար
իմ
վարկածը
—
ժամանակը
եւ
ասոր
կշիռը
գրողին
վրայ,
ուրիշ
բառերով՝
գրողի
մը
անձնականութեան
վաւերական
տարողութեան
գիւտը
—
կ՚առնեմ
Ալիշանին
Նուագք
քերթուածաշարքը:
Չեմ
մանրամասներ
ինչ
որ
իրեն
նուիրուած
մենագրութեան
մէջ
ըսած
եմ
բաւարար
պարզութեամբ,
թանձրութեամբ։
Այդ
մենագրութեան
հիմնական
մեղադրանքն
էր
քնարերգակ
որակուած
քերթողէ
մը
(Ալիշան
Հայկ
Դիւցազն
մը
չէ
փառասիրած,
թէեւ
Հայրունին
բխէր
Բագրատունիին
փառքէն)
մեր
յուսախաբութիւնը
մարդ
մը
չգտնելու։
Իրար
մի
անցնիք
դասական
հանգանակներով
հալածելու
այդ
անձը
որպէսզի
գործը
դառնար
աւելի
արժանաւոր։
Գրելը
օրէնքներ
չունի:
Շատ
շատ
ապրելուն
օրէնքները
կրնաք
առաջարկել
անոր։
Ու
եթէ
յիսուն
մարդ
կ՚ապրի
այդ
օրէնքներուն
ծիրին
մէջ,
ուրիշ
յիսուն
մը
կ՚ապրի
այդ
օրէնքներէն
վեր
կամ
դուրս:
Ասոր
դէմ
ընդվզումն
է
ահա
ռոմանթիզմը.
Ալիշան
լայն,
լուրջ
կրթութեան
մը
բարիքը
տուած
էր
իր
ուղեղին։
Ունէր
ընդոծին
ալ
խառնուածք։
Ունէր
խոշոր,
գեղեցիկ
երազներ։
Կը
սպասարկէր
գերագոյն
իտէալներու:
Այս
բոլորը՝
գեղեցկութիւն
անշուշտ։
Գիտէր
գրել,
այսինքն
տաղաչափել։
Կրնար,
ուզած
պահուն,
իրաւ
բանաստեղծութիւնն
ալ
նուաճել
փորձել
(վկայ՝
Լուսընկայն
գերեզմանաց
հայոցի
մուտքը)։
Բայց
Նուագք
հատորները
յուսահատօրէն
ամայի
են
մարդէ
մը:
Կրնաք
փնտռել
մեղմացուցիչներ։
Կուտամ
ընթացք
սա
կարգէ
նկատողութիւններու։
Կրօնաւորը
եւ
իր
պայմանները։
Դասախօսը
եւ
իր
պարտքերը:
Պատմիչը
եւ
իր
տքնութիւնները։
Խմբագրողը
եւ
իր
տարապարhակները։
Առէք
մեր
անձէն
այնքան
մը
ուժ
որպէսզի
շարժին
այս
բոլոր
առաջադրութիւնները
(կան
տակաւին
հաւաքողը,
ազգագիրը,
գիտունը,
տպագրողը,
հաւատքի
կարիքներուն
դիմաւոր
ոտանաւոր
գրողը)։
Որքան
քիչ
բան
պիտի
մնար
մեզի
մեր
տուն
անձը
ապրեցնելու
բաւող։
Ահա
թէ
ինչպէս
կը
զա
ածի
այդ
պատուական
աբբան։
Այս
ամէնը
կլանած
են
անոր
խորագոյն
անձնաւորութիւնը,
անոր
տալով
պատրանքը
ժամանակի
մեծ
տագնապներուն
ընդունարան
մը
ընելու
ինքզինքը,
բայց
չեն
կերպաւորած
այդ
անձնաւորութեան
հարազատ
էութիւնը,
հայ
վարդապետի
—
տաղանդաւոր
-
տիրական
պատկերը:
Տուի
մեղմացուցիչները:
Բայց
Ալիշանի
յիշատակը
չէր
որ
պիտի
ուզէի
ազատագրել
մշուշէ,
խաւարումէ։
Իմ
փափաքն
էր
անկէ
առաջարկել
ձեր
հիացումին
ութը-տասը
քերթուած,
որոնք
հարիւր
տարի
առաջ
գրուելուն
հակառակ,
այսօր
ալ
ձեզ
յուզէին,
լացնէին,
խանդավառէին
ու
հպարտ
ընէին։
Ու
այդ
քիչը
կը
պակսի
տարաբախտօրէն,
ճամարտակութիւն
չէ
անշուշտ
մեր
Զարթօնքը
ենթարկել
Ալիշանի
Յուշիկներուն
տաքացնող
հովերուն:
Բայց
ճամարտակութիւն՝
իրարու
հետ
շփոթել
գրական
գործը
եւ
անոր
ազդեցութիւնը,
գիրքը
եւ
իր
ստեղծած
գեղեցիկ
կամ
ահաւոր
արդիւնքները:
Գէշ
գրուած
գիրք
մը
—
Աղբար
Թովմասի
տնակը
—
փլաններու
ազատութիւնը
պարտադրեց։
Ուրիշ
գէշ
գրուած
գիրք
մը
—
Իմ
պայքարները
—
բազմամիլիոն
մարդոց
մահը
պատճառեց։
Ալիշանէն
տասը
քերթուա՛ծ,
ուր
ես
տեսնէի
մեր
հայրապետներուն
անհուն
տրտմութիւնը,
բայց
այնքան
անհուն
յուսաւէտութիւնը,
անոնց
տաք
խառնուածքը
ու
անոնց
ձեւէ
մեծ
գեղեցկութիւնները,
տագնապնե՞րը
բառին
ու
զգացումին
ետեւէն,
տրտմութիւնները
որոնք
ողբով
(ողբամ
զքեզ
հայոց
աշխարհը
հուսկ
խօսք
է,
շատ
աւելի
խոնարհ
որակով
քան
Խորենացինը)
չեն
նուաճուիր
ու
կերպարանք
հագնիր,
կարճ՝
այն
անորակելի
սարսուռը
որ
արուեստի
գործը
կը
զատէ
չարուեստէն,
թէկուզ
ոսկիով
գոյաւոր,
բայց
հաստ,
հասարակ:
Ալ
ի՞նչ
կարիք
այդ
անձնաւորութեան
դեր
մը
ճարել,
աւելի
քան
իր
գործը:
Սորվեցուցէք
տղոց
հիանալ
իր
օրինակով,
աշխատանքով,
սրբութեամբ,
մարդկային
բարձր
առաքինութիւններով
բայց
մի
վտանգէք
անոնց
դատողութիւնը,
նոյն
այդ
հիացումին
նիւթ
տալով
նաեւ
անոր
գործին
փառքը,
իբր
ստեղծում
ու
հանճարային
արարք։
Անձին
ամբողջական
արտայայտման
չեն
ծառայեր
դարձեալ
Պէշիկթաշլեանի
բազմաթիւ
քերթուածները
որոնք
իրենց
ծագման
օրերուն
հաւանաբար
ստիպողական
պահանջներ
կը
դիմաւորէին,
կը
պտտէին
ձեռքէ
ձեռք։
Գրիգոր
Օտեան
կը
պատմէ
թէ
Ուրուականք
(Վ.
Հիւկօ)
քերթուածին
թարգմանութիւնը
անկէ
կորզելու.
համար
զայն
բանտարկած
է
սենեակի
մը
մէջ։
Կենսագիրներէն
գիտենք
որ
անոր
հոգեվարքի
մահիճը
ժամադրավայրն
էր
1860ի
աւագանիին։
Այսինքն՝
դե՜րը
բանաստեղծին:
Բայց
ողբերգականը
հոն
է
որ
Ուրուականքը
չենք
իսկ
կարդար
այսօր
իր
բնագրին
ինչպէս
թարգմանութեանը
մէջ։
Ու
կը
փնտռենք
այդ
ներքին
անձնաւորութիւնը
քանի
մը
գրաբար
ու
աշխարհաբար
քերթուածներու
մէջ
որոնք
այդ
հրապարակին
հազիւ
կը
պատկանին։
Անշուշտ
անձ
մըն
էր
Ազատն
Աստուածը։
Անձեր
էին
ազգային
բոլոր
երգերը,
այդ
թուականներուն:
Այսօ՞ր:
Բանաստեղծին
առ
երեւոյթ
անձը
ու
ներքին
անձնաւորութիւնը՝
անշփոթելի
էութիւններ
են:
Մեր
հիացումը
ասոնցմէ
առաջինը
կը
նուաճէ,
որովհետեւ
մատչելի
է
իրեն,
երկրորդը
կը
ձգէ
ապագային
որ
միայն
իրաւասու
է
այդ
անձը
կշռելու:
[3]
Գաղիացիք,
մանաւանդ
գերմանները
մեծ
աղէտի
մը
կերպարանքովը
տեսան
այդ
դասախօսներուն
կշիռը
գրականութեան
վրայ։
1890ին
Սորպոնի
conferancieրները
եւ
Հայտէլպէրկի
herr
professoրները
ճաշակին
տիքթաթորներն
էին։
Պէտք
եղաւ
իրաւ
տաղանդներ
ու
հզօր
հակազդեցութեան
մը`
այդ
մարդերը
քշելու
իրենց
դիրքերուն,
զաղիացիք՝
ԺԷ.,
գերմանները՝
ԺԹ.
դարերու
իրենց
գրականութիւններուն
մենագրական
մասնագիտութեան։
Մեր
Վենետիկը
մեր
գրական
ճաշակը
խաթարեց,
ստեղծելով
մեր
Ռոմանթիքները
(Աւագն
ու
Կրտսերը):
Մեր
Վիեննան
հեղինակն
է
լեզուական
չարաշահութեան։
Ու
երկու
վանքերու
այս
մեղքերը
իրարու
յաւելումով
մը
աճեցան
նաեւ
Պոլսոյ
վարժապետներէն
որոնք
միշտ
աղերսներ
ունէին
վանքերուն
ուսուցումին
եւ
1880ին
մեր
աշխարհաբարը
պէտք
էր
մեղքնալ
գրիչներուն
տակը
Եղիային,
Եղիշէ
վարդապետ
Դուրեանին,
Սրբուհի
Տիւսաբին,
Կրտսեր
Ռոմանթիքներուն,
Յ.
Գուրգէնին,
Մատաթիա
Գարագաշին։
Զօհրապ
1883ին
կը
ստորագրէ
ոտանաւոր
մը
զոր
Թէրզեան
պիտի
չմերժէր
լեզուական
արժանիքներէն
նուաճուած
այդ
տաղաչափութեան։
Իրապաշտները
Զօրայեանին,
Տէրոյենցին
օրերը
միտքէ
չանցուցին
վերակազմել,
լեզուի
հարցին
մէջ։
1880էն
մինչեւ
սանկ
1885
ու
աւելի
վերջերը,
աշխարհաբարի
տագնապը
մեր
գրական
կեանքը
լեցնող
գերագոյն
տագնապն
է։
Իրապաշտները
կը
վայելէին
հանճարային
վարկը
Դուրեանի
աշխարհաբարին։
Անշուշտ
ասիկա
անուղղակի
ազդեցութիւն
մը՝
երբ
տեսնուի
հարեւանցի,
ծանրակշիռ
իրողութիւն
մըն
է
երբ
վերածուի
իր
ճիշդ
տարողութեան։
1885ին
Չօպանեան
կը
ստորագրէ
իր
առաջին
ոտանաւորները,
ճիշդ
ու
ճիշդ
Պէշիկթաշլեանին
բարբառանքը
եւ
5-6
տարի
վերջը
այդ
տղուն
ողջմտութիւնը
կը
միջամտեր,
որպէսզի
անիկա
լքէր
այդ
անիմաստ
խաչակրութիւնը:
Դուրեանին
համար
անոր
հիացումը
տեղ
մը
ունէր-հարկաւ
սա
արեւելյումին
մէջ։
[4]
1919-1922ին,
Պոլիս,
քանի
մը
իրաւ
դերասաններ
ու
եւրոպական
ժամանակակից
թարգմանութիւններ
յաջողեցան
ստեղծել
4-500
հասնող
մարդոց
խումբ
մը,
որ
հասարակութիւն
մը
չէր
անշուշտ,
բայց
թատրոնը
իր
հոգեւոր
կարիքներուն
մաս
մը
ընդունելով՝
կազմեց
առաջին
հանդիսականները։
Այդ
թուականին
վերցուեցաւ
տոմսակ
տեղաւորելու
ողբերգութիւնը։
Հանդիսականը
վարժուեցաւ
թատրոնին
կլիշէին,
մանաւանդ
ներկայացումներու
կարօտին։
Թէ
այդ
հասարակութիւնն
ալ
անբաւական
եղաւ
թատրոնը
—
հայը
—
ստեղծելու,
արեւմտահայ
հատուածին
մէջ,
կը
բացատրուի
թերեւս
շրջանին
շատ
բացառիկ
յուզումներովը,
մանաւանդ
կարճութեամբը։
Թատրոնը`
ամենէն
աւելի
բարոյական
ճնշումին
տակն
է
այդ
հասարակութեան,
1922ին
սկսող
սփիւռքը
անորակելի
թշուառութիւն
է,
այդ
տեսակէտով։
1925ին
Գահիրէի
մէջ
շքեղ
մենամարտ
մը
կը
մղուէր
հանդիսականին
ու
դերասանին
հնարամտութեանցը
մէջտեղ
Տոմսակ
մը
տեղաւորելը
ոչ
միայն
հացագինը
կը
կազմէր
խումբ
մը
մարդոց,
այլ
կարելի
փառասիրութիւնը:
Տոմսակ
մը
մերժելը
արժանապատուութեան
փաստ
մըն
է
առեւտրականին։
Տուներ
գիտեմ
ուր
հայրը
իր
աղջիկը
ծեծեց,
վռնտել
սպառնալով,
վասնզի
չէր
գուշակած
այդ
աղջիկը
թէ
մահազդը
կրնար
իր
տակը
թատերական
տոմսակ
մը
ծածկած
ըլլալ։
Դերասանի
հնարամտութի՜ւն։
Անշուշտ։
Բայց
հարուստի
ալ
հոգեբանութիւն։
Մի
մոռնաք:
[5]
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
չէ
ապրած
անտիպին
հաճոյքն
ու
հեշտանքը։
Չեմ
զարմանար
երբ
մեր
իրաւ
արուեստագէտներուն
պառտօնապէս
դասաւորուած,
մամուլին
յանձնուելու
կազմ
ու
պատրաստ
գործերն
իսկ
կը
ձգուին
ցեցին
եւ
ուտիճին
ատամներուն։
1860էն
ապրումներու
կտորտանքներ,
Օտեանէն,
մանաւանդ
Պէշկթաշլեանէն
մեզի
կը
թուին
այսօր
տարօրէն
զգլխիչ։
Իրապաշտները
Պէշիկթաշլեանէ
պատառիկ
անտիպներ
տպեցին
հոս
ու
հոն։
Անոնք
կը
բերեն
հանդէս
զգայնութիւնը
պսակաւոր
քերթողին
էապէս
իրաւ,
տարբեր
գեղեցկութեանց
ներքեւ։
Որքան
տարբեր
են
այդ
աշխարհները
անոնցմէ
որոնք
1890էն
ասդին
հասան
համբաւի,
արձակ
քերթուած
փոխառիկ
որքան
ստերջ
կաղապարներու
ներքեւ
ուր
մեր
ընդոծին
թերութիւններէն
ոմանք,
ի
մասնաւորի
բառակոյտն
ու
կեղծ
զգայնոտութիւնը
գերաճուն
նկարագիր
մը
պիտի
ստանային,
ամենէն
վաւերական
տաղանդներն
իսկ
վտանգելու
աստիճան
ապագային
առջեւ:
Անշուշտ
անգոյ
արժէքներէ,
փառքերէ
ճառել՝
դուրս
է
լրջութենէ։
Դուրեանէն
չունինք
արձակ
—
բացի
նամակներէն։
Բայց
ՊԷշիկթաշլեանի
ձգվածները
մեզի
կուտան
յանդգնութիւն
խորհելու
իրաւ
գեղեցկութեանց
մասին։
Ամբաստանուած
են
մեր
ռոմանթիքները
իրաւ
ապրումներ
կեղծի
փոխակերպելու
դժբախտութեամբ
մը։
Ալիշանի
Ընդ
եղեւնեաւը,
Հովիւք
Մասեացը
այդ՝
ամբաստանութեան
հիմունքները
կրնան
նկատուիլ։
Ամբաստանուած
են
Կրտսեր
Ռոմանթիքները
—
Սէթեանի
արձակները,
-
Խասգեղի
խումբը
թացիկ
զարդամոլութեան
վերածելու
մեղքով
շատ
իրաւ
տպաւորութիւններ։
Պէշիկթաշլեան,
խառնուածքով
մարդ,
իր
այդ
պատառիկներուն
մէջ
կը
թելադրէ
սխրագին
յաջողուածքը
որով
պիտի
ըլլար
պսակաւոր
Եղիան,
այդ
ձեւ
գրուածքներու
սիրահար,
ու
իր
տպաւորութիւնները
ոճի
հանելու
մեղքով
միայն
մեղաւոր։
Թող
գրեն
մեզի
Դուրեանի
ապրումները
կախարդական
այդ
շրջանակէն
որ
Պոլիսն
էր
անոր
ջիղերուն
ցանցին
վրայ
կամարակապ
ու
հրաշահիւս,
դարաստաններն
էին
ուր
թրքուհիները,
հեշտանքէ
նուաղուն,
յիմար
կը
սպասէին
տժգոյն
ասպետին
որ
զիրենք
պիտի
նետէր
անառագաստ
իր
մակոյկը
ու…
տանէր
ստուերներու
թագաւորութիւնը։
Ունինք
Սիլիհտարի
պարտէզները,
այդ
հեշտութիւններէն։
Ունինք,
վիպակներու
ձեւին
տակ,
1880էն
քաղուած
փշրանքներ,
Սիպիլէն։
Ու
այսքան։
Ինչ
գրաւի՜չ`
այդ
տղուն
գրիչին
տակ
դէմք
մը,
տեղ
մը,
տռամա
մը:
Արձակագիր
Դուրեան
մը
պիտի
ըլլար
մօտիկը
քնարերգակին։
[6]
Խօսեցայ
իր
տեղին
(Գրիգոր
Օտեանի
նուիրուած
մասը
այս
հատորին)
այն
գրեթէ
անարժէք
վկայութենէն
զոր
այսօր
կը
գտնենք
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեանէն,
Գրիգոր
Օտեանէն,
Մ.
Մամուրեանէն,
Հիսարեանէն
մեզի
հասած
երբեմն
կարճ,
երբեմն
ընդարձակ
գրութիւններէ։
Ասոնք
նամակներ
են,
գրուած
թերեւս
առանց
յաւակնութեան
(Պետրոս
Դուրեան
ալ
չէ
դրած
յաւակնութիւն
իր
նամակներուն
գրուածքին
վրայ,
բայց
դրած
է
իր
խառնուածքին
անտեղի
կնիքը
որով
իր
էջերը
կը
դադրին
սեռին
պատկանելէ
ու
կ՚ըլլան
քերթուած,
ինչպէս
դիտել
տրուեցաւ
վերը,
մեզ
ընելով
յուսախաբ,
մեր
սպասումէն
որ
շրջանին
ամենէն
իրական,
անփոխարինելի
ապրումներուն
հետ
մեր
հաղորդուիլն
է,
ամէն
բանէ
առաջ),
բայց
ոչինչ
բերող
ծանր
իրականութենէն
որ
պարտաւոր
էր
հնչել,
օրինակի
մը
համար՝
մինչեւ
իր
մեղքերուն
կորիզն
իսկ
Պոլսեցի
յօրինուող
Գրիգոր
Օտեան
մը,
Ռուսճուքի
իր
աքսորավայրին
մէջ,
երբ
ընդարձակ
նամակ
մը
ունի,
իր
հոգեկան
վիճակը
բացատրել
յաւակնող։
Այդ
մարդը
որ
ամէն
բան
տեսնելու,
ամէն
ապրում
վերլուծելու
դժբախտութեամբ
էր
ծնած,
ինքզինքէն
ոչ
ինչ
է
դրած
այդ
նամակին
մէջ,
ուղղուած
Պէշիկթաշլեանի:
Չունինք
պատասխանը
պսակաւոր
քերթողէն։
Բայց
Օտեանին
վրիպանքը
ուշագրաւ
է
ու
կ՚ընէ
բացատրել,
թե
ինչու
Մամուրեանի
Հայկական
Նամականին
ըլլայ
սանկ
ու
նանկ
գիրք
մը,
ուր
գրագէտ
մը
ուրուանայ
բայց
անցնի։
Չիլինկիրեանի
Ուղեւորութիւնը
(Կ.
Պոլիս)
ըլլայ
դարձեալ
սանկ
ու
նանկ
գիրք
մը
ուր
կեցող
մը
զգանք
բայց
ընթերցումներու
վերյիշումներ
ըլլանք
ստիպուած
հանդուրժելու,
երբ
պիտի
ուզէինք
1880ի
Պոլիսը
գտնել,
հում
հում,
իրաւ
իրաւ
եւ
ոչ
թէ
պատմական
յուշքերու
Լարուսեան
կամ
հա
մասնագիտական
օգտագործում։
Ուրի՞շ։
Եղիա՛ն
որ
ոչինչ
տեսնելու
երջանկութեամբ
էր
դժբախտացած,
քանի
որ
ինքզինքը
ունէր
միայն
տեսնելու
կամ
տեսանելի
ընելու։
Մեր
անհոգութիւնն
ալ՝
մեր
գրողներու
նշխարները
հովերուն
յանձնելու:
Կայ
Ովասիսը
(ուր
պահուած
են
քանի
մը
նամակներ,
բայց
մեղաւոր`
հեղինակին
մեծամտութեամբը:
Թագաւորներու,
թագուհիներու,
դիւանագէտներու
հետ
խօսք
փոխանակելու
մեծամտութիւնը
ըրած
է
Որբերեանի
էջերը
անկանգնելի
կերպով
պաշտօնական,
պարագայական
որով
եւ
անօգուտ։
Աղէտը
կրակին
տուաւ
ընդարձակ
թուղթեր։
Ու
կորուստը
ահաւոր
է։
Երուսաղէմի
դիւանատունը
չեմ
խառնած,
Էջմիածին,
Վիեննա,
Վենետիկ
ունի՞ն
մթերք
մասնաւորաբար
մեր
ընկերութեան
շրջափոխումը
լուսաւորող։
Կը
կասկածիմ,
այդ
հաստատութեանց
կրօնական
իսկ
նկարագրով
պարտադրուած
մասնակրթութենէն
մեկնելով:
Սփիւռքը
դարձեալ
կրկէս
մըն
է:
Մեր
գրական
ճիգին
միջավայրէ
միջավայր
տարածումը
ինքնաբերաբար
պիտի
ստեղծէր
թղթակցային
կեանք
մը,
գոնէ
գրողներու
միջեւ,
Բա՜յց
…։
Ու
գերազանցապէս
վաւերագրական
որով
եւ
բարերար
գրելու
սեռէ
մը
մեր
գրական
մօտ
հարիւր
տարիները
ոչինչ
են
ժառանգած։
Անհուն
հռչակը
Վոլթէռին
կը
դիմանայ
իր
նամակներով,
որոնց
թիւը
կ՚ըսեն
թէ
10,
000ը
կ՚անցնի։
Այդ
ընդարձակ
դիւանին
մէջ
խելացի
մարդ
մը
շօշափած
է
ԺԸ.
դարը
յուզող
բոլոր
հարցերուն
ներքին
ծալքերը։
Նաբոլէոնի
նամակները
—
կը
հասկնաք
թէ
որքան
մասնական
պարտաւոր
են
ըլլալ
–
իրենց
հրատարակումը
կ՚արդարացնեն
(32
հատոր
քառածալ
հսկայ
աշխատանք
մը
կը
կազմէ
այդ
թղթեղէն
փոքրիկ
մէկ
մասը,
լոյս
տեսած)
ուրիշ
շտեմարան
Եւրոպայի
պատմութեան։
Հիմա
կեցէք
ու
նայեցէք
ետ,
իջնելու
համար
մինչեւ
1850։
Ձեր
նայուածքը
պիտի
տեսնէ
մեծ,
սրտառուչ
ճիգեր,
շքեղ
ու
անսովոր
աշխատաւորներ
որոնք
մեր
պատմութեան
կանխող
դարերուն
տժգունութեանը
մէջ
վարշամակուած
ուրուականային
կեանքով
մը
հազիւ
կը
զատուին ....
Քանի
մը
հարիւր
նամակ,
այդ
օրերէն,
կը
հաւատամ
թէ
շրջանը
պիտի
թանձրացնէ
ին,
մարդերուն
ոսկոր
ու
հարցերուն
մարմին
պիտի
տային։
[7]
Ամէն
հեղինակ
յարաբերութեանց
հանգոյց
մըն
է։
Չեմ
կրկներ
ինքզինքս
երբ
Դուրեանի
առիթով
ալ,
արագ
ու
անցողակի,
կը
թարմացնեմ
Զարթօնքի
սերունդին
աւագ,
գերագոյն
մտահոգութեանց`
հանգանակները
—
ազգային,
քաղաքական,
ընկերային,
լեզուական,
պատմական,
բարենորոգչական,
միշտ
խորքի
ու
գիրի
ճամբաներով։
Ի՞նչ
կը
հասկնար
գրականութեան
յղացքէն
Ն.
Ռուսինեան։
Չունինք
այդ
մասին
վկայութիւն,
տարօրինակ
ու
խելացի
բժիշկէն,
որ
իր
միտքը
գործածեց
երեսփոխանական
պարտականութեանց
կանոնաւորման,
ատենաբանութեան,
լեզուական
խաչակրութեան
ու
չձգեց
մեզի
իր
անձնական
ապրումները։
Ունինք
այդ
վկայութիւնը
–
հանգիտօրէն
հանուած
—
Զօրայեանէն
որ
թէեւ
գրաբար
գիտէր
Բագրատունեան
ոճով
քերթուած
մը
գրելու
աստիճան,
բայց
իր
Քաղաքական
Տնտեսութիւնը,
մանաւանդ
Ազգային
Դաստիարակութեան
Նկարագիրը
խմբագրեց
ոսկերիչներուն
լեզուովը,
1850ին։
Քիչ
է
տարբերութիւնը
Իրապաշտներուն
մօտ:
Անշուշտ
հակազդեցութիւն
մըն
է
շարժումը
Uէթեանին,
Պէրպէրեանին,
Թէրզեանին,
մանաւանդ
Եղիային
ըրած
գրականութիւններուն
դէմ։
Բայց,
նոյն
ատեն,
անզգայաբար
այդ
հակազդեցութիւնը
կը
սնանի
Դուրեանին
ալ
բանաստեղծութեան
հանդէպ
որոշ
վերապահութեամբ,
անշուշտ
ոչ
չկամութեամբ,
բայց
ապահովաբար՝
արգահատանքովը։
Գիտենք
թէ
ինչ
կ՚ուզէր
գրականութենէն
Արփիարեանի
սերունդը։
Գիտենք
նոյն
ատեն
որ
անբանաստեղծ
սերունդ
մըն
էր
ան։
Սիպիլ
պաշտօնական
տաղաչափը
խումբին,
Չօպանեան՝
գաղափարագիր
ու
նոյն
ատեն
քնարակիր,
մեր
գրականութեան
մէջ
կ՚արժեւորուին
արտաբանաստեղծական
իրենց
բարիքներովը
(թէեւ
Չօպանեանէն
մեծ
նպաստ
մը
գտած
է
մեր
քերթողական
թէքնիքը,
անուղղակի)։
1900ին
Դուրեան
միթ
մըն
է:
Մեր
գրականութիւնը
ենթակայ
է
ցեղը
զարնող
հսկայ
տագնապին։
Պոլիսը
կը
հեւայ
մեծ
յիշատակներուն
մէջ
արփիարեան
հոգեխառնութեան
ու
կը
ջանայ
հիանալ։
Սիպիլ
անմրցորդ,
անզուգական
իշխանուհին
է ...
մեր
բանաստեղծութեան։
Թէրզեան,
որ
երեք
սերունդի
ախորժակներէն
է
անցած,
օրուան
երկրորդ
կուռքը:
Պէրպէրեան՝
իր
աստուածացումին
պատրաստութեանցը
մէջ
է։
1900ին
իմ
հիացումները,
խօսեր
եմ
ընդարձակօրէն,
այդ
տագնապը
կը
լուսաւորեն։
Դուրեանը
սիրելը
իմ
պատանութեանս
գրեթէ
ամօթ
մըն
էր,
միշտ
արգահատանք
մը։
Խօսեցայ
այդ
1910ի
եղերազաւեշտէն։
Ու
կուգամ
տրտում
եզրակացութեան։
Զարտուղիները
քիչ
անգամ
տեղ
մը
կ՚ունենան
իրենց
շրջանին։
Իրենց
անճարակութի՜ւնը՝
այդ
տեղը
առնելու։
Գրական
համբաւը,
թէեւ
տարօրինակ,
բայց
յաճախ
կը
կրկնէ
միւս
համբաւներուն
մեքենականութիւնը։
Ուզելը
մէկն
է
այդ
մեքենականութեան
պետական
օրէնքներէն։
Մենք
տեսանք
իմացապէս
բոպիկ,
զգացապէս
գօս
մարդեր
որոնք
եւրոպական
համբաւի
հասան
որովհետեւ
ուզեցին
ատիկա։
Մեծ
բանաստեղծ
մըն
էր,
իտալական
գրականութեան
մէջ,
Հրանդ
Նազարեանցը։
Ուրիշ
բանաստեղծ
մըն
էր,
ֆրանսական
գրականութեան
մէջ,
Մերուժան
Պարսամեանը։
Խորհեցէք
ուրիշ
ալ
անուններու:
Զարեան՝
ինքզինքը
գոզմիկ
քերթող
կը
դաւանէր
ու
իբր
այդ
ալ
կազմակերպեց
իր
համբաւը:
Այս
խօսքերը
դառնութեամբ
չեն
ըսուած։
Մարդոց
յիմարութիւնը
հաւասար
է
իրենց
ախորժակներուն։
[8]
Ուրիշ
երեւոյթ
է
հիացումը
զոր
այդ
տղան
կը
ստեղծէ
արուեստին
գալու
սահմանուած
ամէն
երիտասարդի
մէջ։
Անով
է
որ
պատանիէն
արուեստագէտը
կը
սկսի:
Բայց
կայ
ուրիշ
ողբերգութիւն։
Ամէն
արուեստագէտ
ոչ
միայն
եսապաշտ
դժբախտ
մըն
է,
այլեւ
տարօրինակ
կերպով
ինքզինքը
արժեւորել
ձգտող
կեդրոնախոյս
ուժ
մը:
Ինքիրմէ
դուրս
ոչ
մէկ
իրականութիւն:
Ասիկա
մինակ
իմաստասիրութեան
մէջ
մեր
օրերու
առած
մը
չէ:
Է
նաեւ
ամէն
գրագէտի
մէջ
ողջ,
տիրական
աստուածութիւն
մը։
Հոս
ու
հոն
Դուրեանը
փառաբանող
գրուածքներ
այդ
մեծամտութենէն
նետուած
փշրանքներ
են։
Դուրեան
պիտի
ունենար
իր
տեղը
եթէ
նմանէր
ամենուն:
[9]
Ինչպէս
իրմէն,
ըսել
կուզեմ
իր
դիւանին
մէջ
յաճախուող
վրիպանքներէն
–
նիւթէ,
լեզուէ,
թէքնիքէ
—
կը
զեղջեմ
դարձեալ
խոշոր
մթերքը
իր
արձակին
(թատրոն)
ու
մանկունակ
տաղերը
parades
քերթուածներուն։
Հոս
մի
գտնէք
տարօրինակութիւն։
Զտումի
աշխատանք
մը
չէ
որ
կը
կատարեմ,
մոռացման
մատնելով
թերեւս
մեծահամբաւ
կտորներ
եւ
իրենց
օրերուն
ծափ
ու
արցունք
արժող
խաղեր։
Այս
աշխատանքը
ճակատագրական
է
մեծ
վարպետներէն
շատ
շատին
ալ
համար։
Ու
ասիկա
տարբեր
գործողութիւն
մըն
է
զոր
չփոթելու
չէք
ժամանակին
անխուսափելի
մաշումին
հետ։
Ծանօթ
են
մեզի
իմ
կշիռները
իր
ու
յաջորդ
սերունդին
հիացուած
վարպետներուն
վաստակին
վրայ:
Այդ
կշիռները
վեր
են
դարձեալ
ժամանակէն։
Խաչի
ճառը
(Խրիմեան)
1945ին
չէ
որ
հասարակ
խօսքերու
տարափ
մըն
է։
Էր
այդ
տարափը՝
1870ին
ալ։
Շատախօս
որքան
տրտում,
ինքնասպան
փառքերը
այդ
վարպետներուն
ճակատագրուած
էին
ժամանակին
հետ
սմքելու,
քաշուելու
(ժողովրդական
առումով),
վերջ
ի
վերջոյ
փոշիանալու։
Դուրեանին
մեղքը
ուրիշ
մտածումներ
կը
թելադրէ
ինծի։
Իր
թատրոնները
անշուշտ
մահացու
մեղքեր
են։
Բայց
այդ
դժբախտութենէն
առաջ
կան
ծիրանեփառ
մեղքերը
Հէքիմեաններուն,
Թղլեաններուն,
Թէրզեաններուն,
Պէշիկթաշլեաններուն:
Մեր
զարթօնքը
այս
մեղքերը
այնքան
պարզութեամբ
երբ
կը
վերածէ
յաղթանակներու,
կը
հետեւի
գրական
հասկացողութենէն
բոլորովին
տարբեր
թելադրանքներու։
Այդ
կորանքը
մեր
ռոմանթիք
թատրոնին
մեղքերը
պարտաւոր
էին
ազգայնացնել
ու
ըրին
ատիկա,
պաշտպանուած
մեծափառ
ու
մեծահանճար
թարգմանութիւններէն
դասական
ողբերգութեանց,
կատարուած
Մխիթարեաններու
ձեռքով,
որոնք
ոչ
միայն
իրենց
դպրոցին
խեղճ
ու
պատառ,
անդերասան
ու
անհեղինակ
բեմը
այսպէս
կը
փորձէին
յաւէրժել
վանքէ
ալ
դուրս,
այլ
եւ
իրենց
օրերու
անկազմ
լեզուն
ընդմիշտ
խորտակելու
խուլ
ու
թաքուն
փառասիրութեանց
ալ
կը
սպասարկէին
երբ
մեր
գրաբարին
կը
փոխադրէին
արժէքով
բայց
մանաւանդ
չարժէքով
թատրերգութիւններ։
Անշուշտ
գեղեցկութիւն
մըն
է
Գոթողիան։
Բայց
Սաւո՞ւղը։
Բայց
Մահ
Աբելա՞յն։
Ազգը
Բագրատունին
չպատուեց
միայն
Հայկ
Դիւցազնի
ճարտարապետը
իբրեւ,
այլեւ
անոր
շնորհեց
իր
նմանը
չունեցող
թարգմանչի
մը
փառապսակն
ալ։
Դուրեան
ահա
այդ
մեղքն
է
որ
կը
քաւէ,
իր
թատրոնները
հրամցնելով…
պանդոյրներու
վայելումին։
[10]
Այդ
երիտասարդութեան
պարզած
տագնապը
կ՚ընդունիմ
որ
չէ
վիճակուած
կանխող
սերունդներէն
ոչ
մէկուն,
մանաւանդ
գրական
սպասին
վրայ։
Իրապաշտները,
Արուեստագէտները
իրենց
ժողովուրդին
բնաջնջումը
ապրեցան
ու
մահուամբ
էին
պաշտպանուած,
ըսել
կ՚ուզեմ
կը
նմանէին
բոլոր
անոնց
որոնք
կը
հաւատան
իրենց
զոհաբերումին,
քանի
որ
այդ
սքանչելի
տղաքը
կը
հաւատային
իրենց
ժողովուրդին,
պապերուն,
հողին
իրենց
արեամբը
ազատագրութեան։
Սփիւռքը
հոս
է
որ
կը
զատուի
իր
երէցներէն։
Ու
իր
տագնա՜պը
ահաւոր:
Թէ
ինչո՞ւ
այնքան
ծանր
խորքով
մը
պաշտպանուած
երիտասարդութիւն
մը,
ձեւի
ալ
գերազանց
մարզանքներու
այնքան
մօտիկ
ու
ընդունակ
(Բարիզի
փողոցներուն
մէջ
օր
մը
պտտիլ
կը
նշանակէ
տարուայ
մը
համալսարան
աւարտել։
Գահիրէն
մէկ
եղանակի
մէջ
կը
վայելէ
լման
երկրագունդին
բոլոր
խռովքները,
սերմէ,
դրամէ,
յիմարութենէ,
գեղեցկութենէ,
կիրքէ,
որոնք,
հագած
աս
ու
ան
թուրիսթին
մարմինը,
կ՚անցնեն
մերիններուն
առջեւէն։
Չեմ
եղած
Ամերիկա,
բայց
կրնամ
զգալ
անհուն
թափը
կեանքին
որ
Նիւ
Եօրք
անունով
ծանօթ
հրաբուխն
է,
ոտքերը՝
անդունդներուն,
գլուխը
ամպերուն,
իր
որովայնին
մէջ
թուխսի
գրած
բոլոր
գարշութիւնները
ու
բոլոր
քաղցրութիւնները)
չէ
յաջողած
գէթ
ինքզինքը
ազատագրել
քաւարանեան
սերունդի
մը
նուաղումներն
ու
տառապանքը
սեւեռել
արուեստի
գործերու
վրայ,
—
հարցում
մըն
է
որուն
պատասխանը
տասնեակներով
էջեր
պիտի
մնային
անբաւական
պարունակելու:
Հոս,
բանաստեղծութեան
տագնապը
կը
վարէ
իմ
մտածումը։
Ըսի
թէ
հարիւրը
կ՚անցնէր
քնարակիրներուն
թիւը,
որ
երբ
վերածուի,
պարզուի
(թուաբանական
տարազ
մը
ինչպէս),
պիտի
տար
մէկուկէս
իրա
բանաստեղծ։
Եթէ
մեր
վէպը
զառածեցաւ,
ունի
իր
արդարացումը,
քանի
որ
գրելու
այդ
ձեւը
քաղաքակրթութեամբ
մը,
ընկերութեամբ
մը,
լայն
կիրքերով,
մանաւանդ
ամրախարիսխ
դասակարգով
մը
պայմանաւոր
է,
գրեթէ
անկախ`
գործաւորէն։
Չէինք
ունենար
ոչ
մէկ
մեծ
վիպասան
(տեսէք
մեծագոյններն
իսկ
ակնարկութեան
ետին)
եթէ
երբեք
չըլլային
ԺԹ.
դարու
դասակարգները
որոնք
ընթերցողն
ու
շտեմարանն
են
նոյն
ատեն,
այսինքն
կը
հայթայթեն
վիպասանին
անհրաժեշտ
մթերքը։
Նոյնը
կրնաք
մտածել
թատերական
գրականութեան
մը
համար,
մեր
ինչպէս
օտարներուն
մօտ։
Բայց
քնարական
բանաստեղծութիւնը
հազիւ
թէ
աղերս
ունի
հասարակութեան
մը
հետ:
Չի
կրնար
անկէ
դուրս
ըլլալ
անշուշտ,
բայց
անկէ
զարտուղումով
մը
միայն
ինքս
ինքը
կը
պարտադրէ։
Ո՞ր
ընկերութեան
կը
պատկանէին
Պայրընի,
Շելլիի,
Դուրեանի
քերթուածները:
Իսկոյն
պարտաւոր
էք
դիմել
պատմութեան
ու
պիտի
գտնէք
որ
այդ
անուններուն
մեղքերը
միայն
կուգան
այդ
պատմական
միջավայրէն։
Այս
նկատողութիւնները
անոր
համար՝
վասնզի
մեր
սփիւռքը
այդ
պատմական
պաշտպանութիւնը
անկարող՝
հայթայթելու
մեր
թատրոնին,
վէպին,
ազատ
ձգած
է
արուեստագէտը,
քերթողական
կալուածին
համար,
ինքզինքը
իրագործելու:
Արդ,
սփիւռքին
ամենէն
տժգոյն
իրագործումները
ստիպուած
եմ
ընդունիլ
բանաստեղծականին
ներսը:
Ինչո՞ւ:
«Բայց
ի՜նչ
գիտնամ»
պիտի
պատասխան
էր,
չքեզ
շնականութեամբ
մը,
Սուրէն
Պարթեւեան։
Ունինք
տասնի
մօտ
տղաք
որոնք
գոնէ
գիտեն
գրել,
այսինքն
անցած
են
տաղաչափական
արուեստին
bachotէն։
Կը
խնայեմ
անունները։
Բայց
ո՞ր
անունէն
ինծի
եկած
է
գէթ
Ծիածան
մը,
որ
դպրոցական
տղու
մը
խակութիւնները
պարզելով
հանդերձ,
կը
յայտնաբերէ
իրաւ
խառնուածք
մանաւանդ
անոր
արտայայտութեան
մէջ
որոշ
ինքնութիւն։
Թէ
Բարիզը,
Գահիրէն,
Պոսթընը,
Պէյրութը,
Հալէպը,
Երուսաղէմը
կեդրոններ
են,
իրենց
մաշեցնող,
ձուլող
բարեխառնութեամբը,
ընդունելի
առարկութիւն
մըն
է։
Բայց
մարդիկ
ի
վիճակի
էին
այդ
ձուլումն
իսկ
սեոեռելու։
Խորհրդային
Հայաստանի
յիսնեակ
մը
քերթողները
դժբախտ
են,
քանի
որ
իրենց
անձէն
զրկուած
տղաք
եղան։
Ինչո՞ւ
սփիւռքի
քերթողները
չեն
անդրադառնար
որ
իրաւ
ըսել,
խորունկ
ապրիլ,
մանաւանդ
ԲԱՌ
ՉԾԱԽԵԼ
բաւ
էին
իրենց
որպէսզի
քառորդ
դարու
ստեղծագործական
արդիւնքէ
մը
մէկ-երկու
իրաւ,
խորունկ,
անբառազարդ
տաղարաններ
իյնային
հասարակաց
ժառանգութեան
թանգարանին։
Չեմ
ըսեր
թէ
հիմնովին
ապարժէ
քերթողութիւն
մըն
է
ան
որ
կը
փորձուի
քսանըհինգ
տարիէ
ի
վեր
սփիւռքի
մէջ։
Բայց
կ՚ըսեմ.
այդ
քերթողութիւնը
աժան
ապրանք
է,
պզտիկ
եսի
մանրուք,
մեծ
երազներու
փշրանք,
յաջողակներու
մօտն
իսկ:
Գրել
սահուն
քերթուած
մը՝
հիմա
համազօր
է
բանաստեղծական
վարկի:
Ու
չենք
մտածել
որ
այդ
սահուն
քերթուածը
գրել
գիտէին
Մխիթարեան
բոլոր
վարդապետները,
թէկուզ…
գրաբարով։
Այդ
սահուն
քերթուածը
մենք
գտել
ենք
ամէն
տեղ
ու
ամէն
օր,
մինչեւ
սփիւռքին
սկիզբը
մեր
նոր
զոյգ
գրականութեանց
մէջ,
բայց
հազիւ
մէկ-երկու
բանաստեղծ,
Պէշիկթաշլեանէն
քանի
մը
քերթուած.
Դուրեանէն
փունջ
մը։
Մեծարենց
մը,
Վարուժան
մը։
Թէքէեան
մը։
Անդին՝
կտոր
փրթուճ
Թումանեան
մը,
Տէրեան
մը։
Ուրի՜շ։
Հարիւրներ
որոնք
մեղքեր
միայն
ունեցան
պուտիկ
մը
արժանիքները
խղդող։
Բանաստեղծ
մը՝
հրաշք
մը,
ու
նման
հրաշքին՝
զերծ
է
մեր
կապերէն։
Թող
գայ
բարի
ուրեմն։