Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՄԱՂԱՔԸ

Ա

Ու չլսուածը պատահեցաւ։

Գեղը կնիկ տուաւ քոքուրներուն ամէնէն վաւերականին, անոր՝ որ ամբողջ քառսուն տարիներ վռնտուած ապրեցաւ խելացիներուն, շնորհքովներուն շրջանակէն, որ ամէնէն յամառ ձեւով շարունակեց մնալ տեւական չաշխատողը, իր մշտապէս բոպիկ ոտքերուն անարժան գտնելով գեղին սալարկը եւ փողոցներուն ցեխը։

Կնիկը կու գար իրեն գեղին մօտիկ գեղէ մը։

Հարսնիքը ըրին թաղին մէջ նմանը չտեսնուած մեծվայելչութեամբ մը։ Կնքահայրն էր գեղին ու թաղին ամէնէն հարուստ աղաներէն մէկը, որ միշտ սիրած էր Մաղաքին հետ կատակել, անիկա յուսադրելով բերուելիք կնկան մը մասին, երբ քոքուրը խորունկ ձիւներէն հալածուած գեղ իջնար լեռնէն ու պառկելու գար աղային փարախներուն մէջ։

Այդ գիշերներէն կը սկսէր իրենց բարեկամութիւնը։ Հաստ պատին մէջ փորուած օճախին առջեւ՝ երբ ծառեր կը բռնկէին ճիւղերու տեղ, քոքուրը մերկ ու ձիւնէն ճեղք–ճեղք կիսուած ոտքերը կու տար բոցերուն ու կը ձգտէր ձայներուն է՛ն համովներէն մէկը, որ լսուած ըլլար գեղին մէջ։

Քոքուրները իրենց նկարագրին ու յատկութիւններուն մասնաւոր մէկ երեսովը կը տեւեն ամբոխին յիշողութեանը մէջ։ Մաղաք պզտիկութիւնը ապրած է ժողովուրդին մէջ, երբ անիկա արդէն արտաքսուած էր անկէ շատ կանուխ, իր ձայնին սրտառուչ քաղցրութեամբը։ Ան հակառակ աղքատներուն աղքատը ըլլալուն՝ անկարելի բախտը ունեցեր էր ժամուն մէջ Դանիէլի գիրքին մէկ հատուածը կարդալու բերնուց, քանի որ հակառակ իր վրան կոտրած կաղնիի փայտերու դէզին, օր մը օրանց չկրցաւ թակէն անդին անցնիլ։

Արդէն իր ձայնը եղաւ պատճառ, որ ինք դուրս ձգուի ընկերութենէն։ Զինքը մտիկ ընելու համար փողոցի գլուխներ, աղբիւրներուն առջեւ, սրճարաններու մէջ մարդիկ կեցուցին, ու երկիւղած հաճոյքով մը ականջ կախեցին անոր բերնէն։ Ու մուրացիկը ծնաւ, աշխատանքէն փախչող լակոտը, որ առաջ երթալու տեղ՝ ետ–ետ կը քալէ եւ որուն յատկութիւնները չգործածուած բոլոր բաներուն նման կը ժանգոտին ու օր մըն ալ փոշի եղած կը թափին նկարագիրէն դուրս։

Անիկա թափառեցաւ գեղէ գեղ, չափազանց պզտիկ իր գլուխը, սոխի մը պէս կախած իր վիզին վրայ, մանր աչուկներուն ծայրը միշտ քանի մը պուտ  արցունք որ եղանակները իւղոտելու  պաշտօնը ունէին։ Ու երբ լիճին շուրջի բոլոր գեղերը քանի մը հեղ լացին իր ձայնին տակ, նորութիւնը թռաւ իրմէն ու տղեկը բռնեց լերան ճամբան, հովիւներուն մօտ պատուակալ պաշտօններով, որոնք իր փորը կը կշտացնէին առանց փոխարէնը բան մը պահանջելու։

Ան ապրեցաւ լեռներու այդ կեանքը տարիներ ու տարիներ։ Հովիւներէն ետքը, որոնց վրայ նոր ժամանակներու շահամոլ ոգին քիչքիչ իր հակակշիռը դրաւ, ան անցաւ բուն անվարտիներուն, քոքուրներուն։ Անոնց հետ բաժնեց երկարատեւ ծոմերը, որոնք քանի մը լուսնկայ կը չափեն, մինչեւ որ ժում մը բան ձգեն, անոնց փորը։ Ու նորէն անոնց հետ կերաւ շքեղ խորոված գառնուկներ, գողցուած լերան ներսերէն։

Ու երբ մազերը ճերմկցան ու ծունկերը աղեղ բռնեցին, անիկա իր ծոցին գտաւ կնիկը, զոր մենծ աղայի մը քմայքը նուիրեր էր իրեն։

Բ

Գեղին մէջ Մաղաքին կնիկը տեսնալու խենթ չեղող մը չգտնուեցաւ։ Մեծ գեղին բոլոր հեռաւոր անկիւններէն շաբաթներով, կիներ ու աղջիկներ, ընդհանրապէս սափոր մը ջուր պատրուակելով, եկան տեսան, հիացան ու գլուխ թօթուելով գացին։

Անիկա պատուհանի նմանող ծակի մը առաջ նստած, երկու ձեռքերը ծնօտին երկու կողմերուն դրած, կը մնար ժամերով, նայելու անկարող արցունքին տակէն։

Հարսնութեան առաջին շաբաթը մէկը չեկաւ իրեն, փարախին վրայ բարձրացող իր մէկ հատիկ սենեակին այցելութիւն տալու։ Աղբիւրին նայող այդ սենեակին միակ ծակէն լոյս ու օդ կ’առնէր։

Երկու այծի մորթ կը գոցէին հողէ գետինը ու մէկ անկիւնը քուրջերէ կարկտուած անկողինին նման բան մը կը ծալուէր ինք իր վրայ։

Ու այդ աղքատութեան մէջ, այդ բիւրեղի պէս կնիկը, որուն միսերը լոյս կու տային, կը նստէր կուշտին սոխի գլուխով մարդուն, որուն մազերուն մէջ դժուար էր սեւին հետք գտնել եւ որուն երեսներէն խորշոմներուն հաստ–հաստ գիծերը ամէն կողմ կը վազէին, երկար ու յամառ զրկանքներուն իբրեւ յայտաբար հեռաւոր նշաններ։

Լեռներուն մէջ ապրող մարդը ամէնէն աւելի կը տուժէր իր լեզուէն։ Օրեր, նոյնիսկ շաբաթներ կը պատահէին, ուր քոքուրները քով քովի գալով կը ծուլանային լեզու փարտելու ու աչքով կը խօսէին։ Ատկէ՝ այն մեռելները յիշեցնող անշարժութիւնը ու անխօսութիւնը, զոր ունէր նոր փեսան կնկանը քովը։

Կը տառապէր Մաղաքը։ Ան չէր սորված մարդուն սովորական լեզուն ու անոր մտքին անկիւնն անգամ չէր այցելած կնիկ մը ունենալու երազը։ Ու երբ մեծ աղան պսակին գիշերը իրեն հետ գաղտնի քանի մը բառ փոխանակեց, ան առանց հասկնալու շարժեց իր գլուխը։

Ցերեկները չարչարանքէն փախչելու համար գործի գնաց դաշտերը։ Բայց այնքան դժուար էր իր ազազուն բազուկներուն համար հողին աշխատանքը, որ երկու բահէ ետքը հեւասպառ կ’իյնար գետին։

Ատկէ դուրս, կնիկը պահելու հարցը երեւան եկաւ։ Քառասունէ աւելի տարիներ իր փորը չկշտացնող մարդ մը հիմա հարկին տակն էր ուրիշի մըն ալ հաց ճարելու։ Դեռ փեսայութեան առջի օրերուն այդ փարձանքը թեթեւ էր, աղային տունէն ամէն իրիկուն երկու պնակ ուտելիք եւ երկու հաց կու գար։

Շաբաթ մը ետքը, հաճի աղան մեծ մուշտակին մէջ փաթթուած, խոշոր երեսներէն վար տուած մազի ամէն հետք, պեխերը սուր–սուր լարած, ուժով–ուժով հազալէն եկաւ անոնց սենեակը։

Համեստ մարդ մըն էր այս հարուստ աղան։ Դրամը շիներ էր այդ մարդամօտիկ խոնարհութենէն։ Ունէր ընդարձակ հարստութիւն, քանի մը տղայ ու թոռներ։ Կնիկը նոր էր մեռած ու անոր երեսներէն գինին կը կաթէր պուտ–պուտ, այնքան կարմիր էին անոնք։

Էրիկ–կնիկ ոտքի ելան ու կնիկը առանց աչքերը վերցնել համարձակելու, աղային տակ քշեց այծի մորթերէն մէկը։

Աղան չորս դին նայեցաւ, մտածեց ու դանակին կոթովը կամաց-կամաց զարնելով օճախին շեմին, ըսաւ.

Դուք հոգ մ’ընէք, Տէրն ողորմած է, ամէն բան կ’ըլլայ։

Յետոյ խօսեցաւ Մաղաքին հետ կատակին հին շեշտին վրայ.

–Տեսա՞ր, ըսածդ ըրի։

Սաղ ըլլաս, սաղլամ մնաս, աղա։

Այս բառերը արտաբերելու համար քրտնեցաւ ան։ Յետոյ՝ կնկան դառնալով.

Ոտքերը լուալիք, ջուրը խմելիք մարդ է։

Հաճի աղան խնդաց։ Յետոյ լրջանալով հանեց իր գօտեպատ մէջքէն ուլունքով հիւսուած հսկայ տոպրակ մը, ուր սահեցուց մասնաւոր հաճոյքով մը իր ձեռքը եւ երբ դուրս հանեց, քանի մը ճերմակ դրամներ կային։

Առէք, խաշլըխ ըրէք։ Մաղաքն ալ գործ կը գտնայ, կէչինմիշ կ’ըլլաք–կ’երթայ։

Կինը նայեցաւ բարի նայուածք մը հաճի աղային, որ մուշտակը ուսերուն վրայ տեղաւորելէն ելաւ դուրս։

Այր ու կին մնացին նորէն անխօս։

Մաղաքին համար ճերմակ դրամն ալ անձկութիւն բերաւ, չէր ճանչնար անոնց արժէքը։ (Իր կեանքին մէջ քառսուննոցը չէր անցած բան մը գտնելու համար)։ Տուաւ կնկանը, որ պահէ։

Իրիկունն ալ, շտկուած սեղան մը ուրախացուց իրենց երեսները։ Ան ալ կու գար աղայէն։

Գ

Մաղաք շաբաթ մը ետքը, գործի մտաւ աղային կալուածներուն մէջ։ Կնոջը խնդրանքով ան դրուեցաւ տունի աշխատանքին, ընթացիկ կեանքի վարժութիւնը առնելու համար։ Բայց իր աղաչանքին տեղի տուաւ աղան՝ զայն նորէն լեռ հանելով տասը կովի ետեւէն։

Ու կովերը տարաւ ան լերան համով տեղուանքը, ուր քոքուրները կը պառկին օրերով։

Անոնք զինքը ընդունեցին տարակարգ հետաքրքրութեամբ մը։ Այդ հաշիւով բառ հանող բերանները ջաղացի լիսեռին պէս պճլտուն դարձան։ Ամէնն ալ նոյն հարցումը ունէին։

Ինչպէ՞ս բան էր կարգուիլը։

Տեսակ մը ամօթի զգացում արգիլեց Մաղաքըն անոնց պատասխաններուն դէմ երթալէ։ Ան լուռ մնաց առջին նայելով։

Բայց խումբին մէջ կային օր տեսած մարդեր։ Մէկը մանաւանդ հերոս մըն էր իր մէկ հատիկ համբոյրովը, զոր գողցած էր գեղին ամէնէն աղուոր հարսէն.

Հէյ, օղլու՛մ, դուն նոր կը տեսնաս նէ՝ մենք հինցեր ենք ատ ճամբան։

Այս բառերը այնքան հեղինակութեամբ ու Մաղաքին վրայ այնքան արգահատական շեշտով մը եկան, որ խեղճ մարդը կարմրեցաւ։

Առաջին օրը կատակները չանցան պատշաճութենէն անդին, միայն կէսօրին մօտ տղաքը հաւաքուեցան անոր հարուստ մախաղին շուրջը։ Պզտիկ աչքերնին խենթերու պէս լարած էին գիտնալու, թէ Մաղաքին կնիկը ինչ էր դրած իր մարդուն։

Երբ ծրարները մէջտեղ եկան, ութ–տասը ձեռք մէկէն նետուեցան անոնց վրայ, ուժով ու բրտօրէն քաշքշելով.

Կեցէք, տղա՛ք, բզիկ–բզիկ կ’ընէք հիմա։

Մէկը անանկ վերէն չափեց Մաղաքը, որ ան արդէն մէկ կողմին հակած գլուխը աւելի փակցուց իր ուսին, գալիք շանթէ մը պատսպարելու բնազդով։

Ու սկսաւ կատակը։

Ամէն մէկ հաւկիթ ձեռքէ ձեռքէ անցաւ, վեր ու վար դարձուեցաւ։ Անոր վրայ կը փնտռէին կնկանը մատներուն կարելի հետքը։

Ան չէ ամա, անունը գիտե՞ս կնկանդ։ Մաղաքը նորէն լրջութեամբ.

–Բաբէթ է, Բաբէ՜թ։

Ինչանկ ալ միտքդ պահեր ես, հիչ ումմիշ չէի ըներ։

Ամէնքն ալ խնդացին, Մաղաքն ալ մէջը ըլլալով։

Յետոյ աւելի երիտասարդները անոր շուրջը առին վառեակներու պէս, առանց պառկած տեղերնուն ելլալու, ու ամէն մէկը անհամբեր, կարգը միւսներուն բերնէն առնելով՝ կրկնեց իր հարցումը.

Չըսե՞ս, ծօ՛, տահա ծոմ պահես պիտի մեզի։

Ի՛նչ ըսեմ, տղաք, ի՛նչ գիտնամ։

Ու իրաւ ալ չէր գիտեր, թէ տղաքը ինչ կ’ուզէին։

Բայց կամաց–կամաց բառերը իրենց լռութենէն զատուցան նման հողի այն առաջին կտորներուն, որոնք փլչելու մօտ հողաթումբի մը քայքայումը կը կանխեն։ Այդ բառերուն մէջ կային կաթի պէս բազուկներ, որոնք վիզիդ շուրջը գոցուած ատենը ճերմակ կրակներու պէս կ’այրէին մարդուն միսերը։ Կային կակուղ, լերան ամէնէն կակուղ մամուռներէն աւելի անուշ երեսներ, որոնք ճերմակ ըլլալուն զղջացած՝ կարծես մարմրեր էին։ Ու անկէ ետքը սկսաւ խոստովանութիւնը, բուռն, սարսռագին, զոր ըրաւ Մաղաք գրեթէ լալով։

Ու ան անոնց երեւակայութեան առջեւ գրկեց իր կինը, ամուր, ա՛յնքան՝ որ իր բազուկները եւ ողնասիւնը դղրդագին ձայն տուին ու իր չորցած, իր ոսկրոտ կուրծքին վրայ դրաւ անոր բոցի պէս թեթեւ մարմինը եւ տղաքը գացին անոր հետ, իրենց մտքովը, իրենց ամէնէն յամառ, ամէնէն յաճախադէպ երազին, վերմակներուն իրենց համար անթափանցելի խորհուրդին։

Անհուն ու ցաւագին յուզում մը փաթթեց տղաքը, որոնց աչքին մէջ նախանձէ աւելի՝ երախտապարտ համակրութիւն մը կար։

Ու անոնք հեգնեցին համբոյրին հերոսը, որ քովէն անգան չէր անցեր կնկան։

Ու կատակները, ակնարկութիւնները, տղայութիւնները բոլորն ալ վերջացան։ Մաղաքը նուիրական բան մըն էր ա՛լ անոնց աչքին։

Ու ամէն օր, առտուն կանուխ քոքուրները վար կ’իջնային լեռներէն, Մաղաքին ճամբան կը սպասէին գեղին անմիջապէս վերօք եւ անցնող ամէն իրիկուան հաշիւը կ’առնէին, մանրամասն, ու իրենց երեւակայութեան համար շօշափելի պատկերացումի մը մէջ։

Յետոյ, անզգայաբար, Բաբէթը դադրեցաւ իրական կին մը, Մաղաքին կնիկը ըլլալէ։ Անոնք քիչ–քիչ տէր եղան անոր, ամէն օր կտոր մը աւելի տարուած, քիչ մը աւելի խանդավառուած։ Եւ քանի մը շաբաթ ետքը անիկա, կինը, ամէնունն էր։

–Ի՞նչ կ’ընէ մերը։

Կ ’ըլլար առաջին հարցումը, երբ քոքուրները դիմաւորէին կովերուն ետեւէն դանդաղագին, չուզելով բարձրացող Մաղաքը։

Բարեւ կ’ընէ։

Այդ բարեւը, բարեւ չառած ու չտուած մարդերու խումբին մէջ, լացնելու չափ ուժով խանդաղատանք կը ստեղծէր ու հարցաքննութիւնը կը սկսէր, այնքան մանրամասն, այնքան խնամքով, որ լերան այդ ամայի հարթութեան վրայ կը ծաղկէր գեղին աղքատիկ հիւղակը, երկու այծերուն մորթովը, փլած օճախովը եւ անոր մէջ դարձող կնկան զմայլագին հրաշքովը։

Անոնց համար տառապանք մըն էր միշտ տեսնալ Բաբէթը, ծակին առջին, աչքերն արցունքով։  Առանց չարութեան  կը հասկնային տակաւին անոր ծիծերուն վրայ գոյութիւնը այն կապուտիկ գիծերուն, որոնք կաթի մէջ ինկած մանիշակի ցօղունին նմանցուցեր էր Մաղաքը։ Յետոյ շատ միամիտ ձեւով կ’ուզէին գիտնար, թէ իր հոն չեղած ատենը այդ բոցը չէ՞ր պաղեր։

Ու գորով, ու անսահման սէր ունէին անոնք Մաղաքին վրայ, որ իրիկունները, առջի ստուերներուն հետ, կը ծռէր գեղին դին։ Անոր երեսները, սոխի չափ հազիւ կլորցող գլխիկը, ձեռքերը, կռնակը մէկ–մէկ կը շոյէին։ Յետոյ յանձնարարութեան կարգը եկաւ։ Անոնք իրենց կողմէն Մաղաքին բերնովը կը պագնէին Բաբէթը այտերէն, մազերէն, ծիծերէն, ուրկէց որ հանդիպէր բառը իրենց շրթունքին վրայ։ Աւելի վերջը գրկեցին ալ զայն վերջալոյսներուն, սեղմեցին ալ, ամուր, փորձը ընելով մատղաշ ու կակուղ ոչխարի վրայ, որ ուշացած կ’ըլլար զառիթափին վրայ։ Ոչ մէկը խելք չըրաւ, կամ չուզեց գեղ իջնալ ու այդքան խանդավառութեամբ սիրուած կնիկը, գոնէ հեղ մը տեսնել իսկական աչքերով։ Քոքուրները չէին գիտեր ինչ բան զիրենք հեռու կը պահէր այդ մտածումէն։

Ապրելու այս ձեւը տեւեց ամբողջ ամառը։ Ու ամէն իրիկուն Մաղաք իր մախաղը լեցուց բոլոր անանուն բարիքներով, զոր լեռները կու տան զիրենք խորապէս ճանչցողին ու սիրողին, տանելու համար կնկանը, քոքուրներուն խնամոտ մատներովը հաւաքուած, որոնք ազնիւ մրցումի մը մէջ կ’աշխատէին գերազանցել զիրար։

Դ

Առաջին ամիսէն ետքը, Բաբէթ արդէն հասկցած էր, թէ ինչո՞ւ եւ որո՞ւ համար զինքը բերեր էին իր գեղէն։

Նախ դժնդակ երեւցաւ իրեն պառկիլ այդ մարդու ստուերին հետ, ուր գլուխը իր տարօրինակ փոքրութեամբը մօտէն կամ հեռուէն կապիկի մը պատկերին կը տանէր դիտողը։

Իրիկունները առանց լոյսի իրենց սենեակին մէջ անկողինը բաժնուեցաւ ու օր մըն ալ վերջապէս երկուքի վերածուեցաւ։

Մաղաքին պզտիկ ուղեղը հեռու էր ըմբռնելէ այդ անջատումին զսպանակը։ Ան աշխատեցաւ իր ձայնին բոլոր հուրքովը լուսաւորել այդ կնկան մռայլ հոգին, որ զինքը տեսնելուն պէս վայրի ծաղիկի մը նման իր թերթերը վրան կը քաշէր։

Ու երգեց։ Բոլոր հին ու նոր, ապրող ու մոռցուած եղանակները, որոնք պտտեցան ժողովուրդի կեանքին մէջ, անոր կոկորդէն դուրս եկան այն իրապէս թափանցող, մինչեւ սիրտը հասնող շեշտով, որ կը զատէ անմշակ արուեստագէտները հետեւակ տիրացուներէն։

Ու այդ ամայի սենեակին մէջ, պլպլուն կրակին առջեւ, անոր ձայնը քակուելով կամաց, քակուելով մեղմ, կը դիզուէր մութին վրայ, ոսկի թելի մը պէս, հիւսելու համար հոն ոստայնը բացակայ գորովին։

Իր կինը լացաւ յուզումէն։ Բայց ոչ մէկ գնով արտօնեց, որ երգի պահուն սենեակին մէջ լոյսի մը անգաղտնապահ խոստովանանքը տեւէ։  Ու  երբ ժողովուրդի  երգին մէջ բառերը կը դառնային համակ կրակ ու թրթռում, երբ անոնք գիրկեր ուրիշ գիրկերու մէջ կը կործէին գինիի գաւաթներու պէս, զուր տեղը Մաղաք կը բանար իր թեւերուն չորուկ աղեղը։ Անոնց մէջ երբեք չգոցեց իր կնկանը մէջքը, որ քոքուրներով երազող աչքերուն նկարուած էր առաձիգ ու տաք մարմարէ սիւնի մը շքեղութեանը տակ։

Մութին մէջէն ոտքի ձայներ աղբիւրին տակ ու անկէ վեր կը յայտնէին խռովքը, զոր այդ ողբը կ’արթնցնէր դուրսը։ Բայց ներսը անկիւն մը լացող կինը այդ մեղեդիին մէջ ինքզինքը կը զբահէր, ու փաթթուած այդ ձայնին կախարդանքին՝ միշտ ետ կ’ընէր աղաչանքը այդ չոր, այդ տառապահար բազուկներուն։

Գեղացին չէր գիտեր, թէ գիշերները ներսը ինչ տրամ կը պարզուէր։ Ան կը խօսէր հարուստ աղային մասին, որ իր ծերութեանը վրայ մէկէն երիտասարդի բախտ էր գտած ու կը պահէր այդ կնիկը աչքին լոյսին պէս, հասնելով անոր բոլոր պէտքերուն։

Բամբասա՞նք, թէ ստուգութիւն։ Չ’արժեր գիտնալ։ Բայց քոքուրները լսած էին ու կը ցաւէին հինգ ու վեց սիրտի միասնական կսկիծովը, որ իրենց ցերեկներուն զուարթութիւնը փոխեց մռայլութեան ու երբ Մաղաքն ալ կանչուեցաւ մասնակցելու անոնց ցաւին, տեսնուեցաւ, որ մարդուկը հեռու էր նախանձէ ու կասկածէ, եւ տեսնուեցաւ, որ մարդուկը անմխիթար տառապողն էր անոնց մէջ, ամէնէն զրկուածը եւ ամէնէն արգահատելին։

Այն ատեն տեղի ունեցան լերան անմարդի խորշերուն մէջ տառապանքի այն հաւաքոյթները, որոնք ամէն ցեղի ու տեղի մէջ նոյն են եղած։

Ամէն մէկը քոքուրներուն իրենց ազազուն ու կոշկոճուած մարմինները դրած մէյ-մէկ քարի վրայ, մէջտեղ առին նահատակուող իրենց ընկերը ու խորունկ, շատ խորունկ մտածումներու միջոցով աշխատեցան դարմանը գտնել։

Ու եղերապէս գեղեցիկ էր մարդոց այդ խորհուրդը, ուր իրենց մտքին տեղն անգամ մոռցած ծերունիները կը նայէին շեշտակի հեռուները, անջատելու համար արտաքին աշխարհէն, իջնալու համար կայանը այն ծանօթութեանց, զորս կեանքը պուտ-պուտ ամէն օր, առանց մեր գիտնալուն, մեր սիրտէն ներս կը վազցնէ ինչպէս կ’ըսէին իրենք պատկերով ու գեղջուկ իմաստասէրներու այդ ժողովը ամբողջ օրեր կրկնեց իր նիստերը։

Խօսք կամ բառ կը պակսէր իրենց։ Ամէն առտու, երբ Մաղաքը կը փրթէր ճերմակ ճամբէն, մէկը կը մօտենար անոր, վշտահար արտայայտութեամբ մը եւ միայն անոր աչքերուն նայելով կը գուշակէր ամէն ինչ։ Առանց բառ մը արտաբերելու, ինք ալ կ’երթար իր կարգին միւսներուն մօտ, որոնք նոյն ձեւով լրտեսելով անոր դիմագիծերը կը հասկնային, թէ տրամը կը շարունակէր անարգել, ու թէ իրենց հին–հին գլուխները դեռ չէին գտած մօտէն կամ հեռուէն լոյսի նշոյլ մը։

Օր մը արտակարգ խանդավառութեամբ լսուեցաւ ծերուկ քոքուր մը, որուն կեանքին առաջին շրջանը թուրքերու գեղ մը անցած էր։ Ան շաբաթներով չարչարուելէ ետք, գտաւ իր մտքին մէջ իր անցուցած կեանքի այդ գինը եւ կծիկը քակելով–քակելով երեւան հանեց հոճայի մը դէմքը, որ համբաւն ունէր էրիկ-կնկայ գործերը ջուրի պէս կարգադրելու։

Ամէնն  ալ ելան բերանը պագին։ Մէկ  քանի հոգի անոր գլուխին հաստատութիւնը երեսին զարկին. կարելի՞ բան էր այդքան խոշոր, այդքան կարեւոր միջոց մը այսքան օրեր միտքը չբերել։ Բայց ուրիշներ մէջ մտան ու վէճը գոցեցին այն որոշումով, որ անմիջապէս իրենցմէ մէկը պիտի երթար գտնելու հոճան ու անոր պատմելու ամէն բան։

Ու Մաղաքը երկու օր վերջը դողալով գօտին փաթթեց եռանկիւն ծալուած  ճերմակ թուղթ  մը։ Գիշերը յոգնած, ծեր մարդու  բոլոր ուժերը գործածեց կնկանը քունը լսելու, հակառակ ամէն անգամուան ու անոր բարձին տակը տեղաւորելու այդ թղթիկը, ուրկէ կախուած էր մարդերու խումբի մը ամբողջ երջանկութիւնը։

Այս ամէնուն հետ Մաղաքը մխիթարութիւն ունէր գոնէ գիշերէ գիշեր գալու իր տունը, կնկանը հետ ծածուկ ծունկ ծունկի նստելու, անոր ձայնը լսելու եւ ուտելու։ Ան կը տեսնար իր կնկանը այնքան ճերմակ ձեռքերը, որոնց ծայրը կաքաւները հաւկիթ էին ածած, այնքան անուշիկ ուռեցուորած էին մատներուն ծայրերը։

Ու նորէն ան կը լսէր մերկանալը իր կնկան, անոր՝ անձայն, ստուերի պէս վերմակը վերցնելը եւ անկողին մտնելը։ Յետոյ մտիկ կ’ընէր տախտակին մէկ–երկու փոքր հեծծիւնները, որոնք անոր մարմինէն կու գային ու հնհնուքը սիրտը կ’իջնար երբ մէջէն՝ գերեզմանի պէս հիմա գոցուած այդ անկողինը կը բանար միտքովը, փեսայութեան առջի շաբթուան իր ձեռքերովը եւ կու լար։

Լացը արգիլուած էր անոր, վասնզի տղու պէս ձայնով, որ վառած կոկորդի մը չափուած հեկեկանքովը դուրս կու գար, կինը սպառնացեր էր զինքը դուրս ընել, եթէ լսէր իր լացը։

Ու մարդուկը ակռաները սեղմած, բայց կոտրելու չափ սեղմած կը կղպէր իր շրթունքները եւ գունտի պէս բան մը կու գար թխմելու անցքը իր կոկորդին։ Ու աչքերը բոլոր ցաւը իրենց վրայ առած, նոյն ատեն մարմինին ալ բոլոր բեռը՝ կը թափեն անխօս՝ ամբողջ մարտիրոսութիւնը, անպատմելի վիշտը, որուն նմանը քիչերու վիճակուած էր իր կարծիքովը։

Քանի՜-քանի՜ գիշերներ ան գողունի ելած էր իր անկիւնէն ու շուքի մը պէս քաշած, անհնարին զգուշաւորութեանց մէջ իր մարմինը՝ դէպի անոր անկողինը։ Վերմակին կակուղութիւնը մութին մէջէն կը խնդար իր մատներուն։ Յետոյ աւելի առաջ կու գար, զգալու համար այն թեթեւ մը հեշտագին ջերմութիւնը, որ բնակուած անկողինէ մը կը բարձրանայ։ Այդ հոտէն ետքը անոր մէջ յուզումը կը քառապատկուէր, ու իր բեկբեկ մարմինին բոլոր կարողութիւնները կը գործածէր չխորտակուելու համար իր ցաւին ու գալարումին տակ։ Տրուեցաւ իրեն դպիլ անոր երեսներուն, այնքան կակուղ, այնքան տաք, որ կարծեց, թէ իր մատները կը հալէին...

Ե

Ինչ որ քոքուրները կասկածեր էին դեռ առջի օրերուն, իրականութիւն մըն էր հիմա Մաղաքը տուն չէր կրնար երթալ։

Յիսուն տարիներու պատկառոտ անցեալ մը, գեղէ գեղ պտտած համբաւի մը յարգանքը ու մանաւանդ սա ծերութեան վերահաս անկումին կսկիծը չէին յաջողած, որ քոքուր մը քանի մը տարի, քիչ–շատ կրակ ու լոյս ունեցող տեղ մը, կղմինտրի տակ հանգիստ ապրէր։

Իրենց ընկերը հարուածող այս ցաւը, գեղին կողմէ հեգնութեամբ ու անտարբերութեամբ ընդունուած, քոքուրները փաթթած էր շատ խորունկէն։

Ամառուան վերջին օրերն էին ու այգիներուն մէջ աղուէսի պէս պառկելով կուզերը մաքրելը եթէ չըլլար անոնք խմբովին գեղ պիտի գային, աւելի մօտիկ ըլլալու համար Բաբէթին, զոր հիմա կ’որակէին բառերուն ամէնէն թանձրներովը, հակառակ Մաղաքին, որուն լեզուն վայրկեան մը չար չեղաւ իր կնկանը համար։

Քոքուրները նորէն իրենց գողութիւններով տարուած, իրենց փորին տագնապովը ալեկոծ, շուտ կը մոռնային Բաբէթը եւ անոր կղպուած սենեակը։

Բայց Մաղաքը ամէն վայրկեան աչքի առջեւ ունէր այդ կնիկներուն կնիկը, որուն պէս ճերմակ տակաւին չէր ցաթած աղբիւրին մէջ, աղբիւր ըլլալէն ի վեր։

Ու երեւակայութեան մեծ ուժով մը, որ ամբողջովին գրաւած կը թուէր անոր արդէն քիչ ուղեղին նեղ խցիկը, վռնտելով անկէ դատողութեան ու մտքի միւս գործունէութեանց բոլոր աստուածը, Մաղաք կը քալէր գրեթէ իր կնկանը հետ, արտակարգ պրկումի մը մէջ մարմին հագցնելով անոր։

Հիմա կովերը առած էին իր առջեւէն եւ ինք պաշտօնապէս դարձած էր քոքուրներուն։ Անոնք, յարգելու համար իր սուգը, շաբաթներով արգիլեցին անոր որսի ելլալը, որ պատկերոտ բանաձեւ մըն էր իրենց համար, գողի այն անվնաս արհեստը յատկանշելու, իրենցը, որ կը կայանայ պէտք եղած չափով առնել ունեցողէն, ու ասիկա՝ առանց մէկէն տեսնուելու։

Յետոյ երբ խաղողները պակսեցան քիչ–քիչ ու իրիկունները զիրենք պատսպարող տերեւներուն մէջ հիւանդութիւն ու դեղնութիւն ինկան, քոքուրները կամաց–կամաց մօտեցան գեղին։ Այդ ելքը կամ էջքը՝ դաշտէն կամ լեռնէն տեղի կ’ունենար աւանդական արարողութիւններովը գաղթողներուն։ Հանգրուանները կը կազմէին ջաղացներ, որոնք օր մը անգամ չար չեղան այդ անօթիներուն։ Քոքուրները գաղթի շրջանին պատուական հիւրեր էին, հինգ–տասը օր կ’ուտէին ու կը պառկէին ամէն մէկ ջաղացի մէջ, մինչեւ որ ուրիշ մը անցնէին։ Անոնք մեծարուեցան լաւագոյն կերակուրներով, վասնզի Մաղաքին կնիկը, որ պիլլոր ճերմակութիւնովը իջած էր մինչեւ ծերուկ ջաղացպաններուն մենութիւնը։ Ու անոր տառապանքը ամէնէն շատ կը հասկնային այդ ծերունիները, շատոնց թաղած իրենց կնիկները, որը կանանչ–կանանչ, որն ալ բամպակ մազերով։

Բոլորն ալ մեղքնալով կը նայէին անոր ետեւէն ու գլուխ կը փարտէին իրարու.

Աստուած ողորմի, սիրտին չդնէ՜ր։

Բայց ժողովուրդին վախցածը մօտ էր ճշդութիւն դառնալու։ Մաղաքը կը հալէր։

Ամէնէն առաջ անոր ծնօտները կորսնցուցին իրենց նշանաւոր դիւրաթեքութիւնը, որով համբաւ էր առած ան։ Ակռաները կը ծուլանային աղալու ընդհանրապէս չոր հացերը կամ պտուղները, որոնք քոքուրներուն բաժին կ’իյնային։

Կամաց–կամաց արդէն յոգնաբեկ իր սրունքներուն վրայ բեռներ, անտես՝ բայց ծանր բեռներ կապուեցան ու անոր գնացքը եղաւ տաժանագին՝ ինչպէս իր հոգին։

Նայուածքին մէջ կեանքին կրակը տեսակ մը մոխիրով, մշուշով անթեղուեցաւ ու արդէն իր ջանքէ խուսափող թարթիչները քիչ–քիչ վարժուեցան գոցուելու։

Անոր ցաւը անլուր էր ու իր պառկած անկիւնէն իր գոց աչքերուն տակ բացուող անհուն տարածութեան վրայ իր կնիկը կ’ապրէր, աղուո՜ր՝ ինչպէս չէին եղած լերան ամէնէն անուշ մաքիները, ճերմա՜կ՝ ինչպէս չէին եղած ամէնէն անարատ ձիւները իրենց ծմակներուն։

Մինակ ապրէ՜ր։ Ան բարի էր այդ մենութիւններուն վրայ, ու անոր շրթունքը  տա՜ք ան կը համբուրէր  երկար, գորովով, իր կրցած երեսները եւ անոր գիրկը արեւ էր ինկած։ Յետոյ՝ գլուխ գլխի կը խօսէին  կամաց, իրիկուան  դէմ աղբիւրին  առջին, երբ ջրուորները հատնէին ու մեծ տունէն կտոր մը լուսնի պաստառ շղարշի պէս գար քողելու զայն։

Հետզհետէ մտապատկերները անոր մէջ փոխանորդեցին իրականութիւնը եւ արտաքին աշխարհէն դառնալու պէտք այնքան քիչ եղաւ, որ հարկ կ’ըլլար, գրեթէ բռնի զինքը անջատել իր երազանքէն։

Ներքին կեանքի այս ուժգնութիւնը քայքայուն ազդեցութիւն ունէր անոր մարմինին վրայ։ Աչքերէն նայուածքը կը փախչէր, աննպատակ, հալածուող։ Ոտքերը քալելու տեղ կը քաշքշուէին ու քոքուրներուն մօտ խիստ սակաւադէպ՝ փլատակ մը ժուռ բերելու ամօթը շատոնց ներուած էին իրեն։

Զինքը տեսան նորէն գիւղին մէջ, սրճարաններու առջին կամ աղբիւրներուն դիմաց, տարուած իր երազանքէն, այնքան՝ որ ամբոխին մէջ տեսակ մը արգահատանք ծայր տուաւ։

Պառաւ կին մը, որ հեռուէն հինցած կապ ունէր Մաղաքին ծնողքին հետ, օր մը թելադրեց իրեն՝ երթալ տէրտէրին։

Շատ քիչ տարիներ կը պատահի, որ քոքուրները ոտք նետեն ժամուն բակէն ներս։ Ընդհանրապէս իրենց մէկ ընկերը վերջին անգամ հոն բերելու ատեն կը տեսնուին անոնք եկեղեցիին ներսը։

Ու տարօինակ երեւցաւ բակի բոլոր ծերունիներուն, որոնք աղբիւրին առաջին կտոր մը շատախօսութիւն կու տան ու կ’առնեն մինչեւ  կոչնակին թափը, երբ տեղէ  մը գտնուած  խոշոր ոտիցները քարշ տալով, երկու ձեռքերը գօտիին փաթը լաւ մը սեղմած, գլուխը քիչ մը աւելի ուսին փակցուցած, մեծ վշտի մը բոլոր ծանրութեանը տակ քալելէ աւելի շարժտկող Մաղաքը մօտեցաւ աղբիւրին, ուր տէրտէրը իր այծի կաշիին վրայ տեղաւորած իր փորը՝ կը խնդար կատակէ մը, զոր փախցուցած էր իւղոտ ծերունիներէն մէկը ուրիշ աւելի աղքատիկի մը հասցէին։

Տեղ տուին մարդուկին, որ հակառակ իր բոլոր ճիգերուն ու ճամբան հազար անգամ կրկնելուն՝ մոռցած էր իր բարեւին բանաձեւը։

Օրհնեա տէր չըսե՞ս, ծօ, ըսաւ անդիէն բարկացած ձայն մը, սըրըխի պէս տնկուեցար այդ տեղ։

Մաղաք անձկալից ու աղաչական նայուածքով մը դիմաւորեց այդ նախատինքը ու մնաց անխօս։

Գրեթէ կը դողար, կռնակը տուած արիշի հաստ գերանին։ Բոլոր հոդ նստողները կը ճանչնար իրենց մանկութենէն, անոնց ամէնուն հարսնիքին իր ձայնը լաց ու ծիծաղ էր թափած։

Հիմա անոնք, աշխարհին տուած իրենց արիւնն ու աշխատանքը, անկէ կ’առնէին հանգիստի վերջին շրջանը, գերեզմանին սահմաններուն մօտիկ այն կէս-խաղաղութիւնը, որ գեղի ծերերուն համար մեծ գիշերին վերջալոյսը կը կազմէ, տեսակ մը քաւարան, ուր իրիկուն-առտու կոչնակին ձայնը կու գայ անոնց յիշեցնելու վերջին երգը, որ պիտի երկննայ իրենց ետեւէն։

Ու այն քանի մը աչքերը, որոնք գլուխներու այդ բազմութեան վրայ տակաւին լոյսի նմանող բան մը ունէին, տեսան, մեծ լարումով մը, ինչպէս եկողը պաղատագին նայուածքը չէր բաժներ տէրտէրին ամէն մէկ շարժումէն, մոռնալով, ուրանալով գրեթէ անգիտակցաբար միւսներուն գոյութիւնը, անոնց խորունկ հազերը, անէծքները ու հայհոյութիւնները։

Կոչնակը, աշնավերջի արեւին տակ, որ զանգակատան կատարին վրայ ոսկիի պէս կ’իյնար, տխուր ողբովը սկսաւ կոտտալ, երկինքին մէջ մեծ, վիրաւոր սրտի մը նման։ Անոր առաջին զանգերէն մահուան հեռաւոր դաշնակութիւն մը կ’արթննար ծերունիներուն ներսը, որոնք գրեթէ բնազդաբար մերկացուցին իրենց գլուխները եւ ծանր, խորհրդաւոր ձեռքով կնքեցին իրենց ճակատները եւ ուսերը։

Յետոյ առանց ու հոն նայելու, իրենց ոտքերուն աչքովը, շտկուեցան դէպի դուռը ժամուն, ուր շատ հինցած լուսարար մը մահուան հինցած սաղմոսի մը հատիկները կը թափէր, ընդհատ, նուաղուն, բայց այն չափով յստակ, որ անոր բառերը ճամբու ուղղութիւնը կու տային կոյրերու բանակին։

Ժամ մտիր, երկու ծունկ աղօթք ըրէ։ Աստուած մեծ է, զաւակս։

Ըսաւ տէրտէրը ամէնէն վերջ ոտքի ելլելով, երկու հեղ սաքուին զարկաւ այծի մորթը եւ Մաղաքին ցոյց տուաւ ժամուն դուռը։

Ընդարձակ եկեղեցին նոյնը կը մնար, ինչպէս եղած է ան Մաղաքին մանկութեան օրերուն։

Աղօթքը մոռցած էր ան. միտքը չէր գար արդէն որեւէ ատեն մը իր կեանքին մէջ, ուր շրթունքները շարժած ըլլային այդ ուղղութեամբ։

Բայց խաղաղ, թափանցող բան մը կար կէս մը սեւցած այդ տարածութեան վրայ, որուն վերի մասերուն մէջ արեւին լոյսը խուրձերու ձեւով կ’երկննար պատուհաններէն ու պատերուն վրայ, ջահերուն պրիսմակներուն մէջէն գոյներու անօրինակ պար մը կը վարէր։

Հոս ու հոն, սիւներուն աղօտ շուքին մէջ, ժամուորներ։ Աւելի թարմ կիներ, բոլորն ալ սեւով, բոլորն ալ պողով, որոնք, ծերունիներուն նման՝ կոչնակը չեն փախցեր։

Մաղաքը տեսաւ նաեւ աւելի թարմ կիներ, անոնցմէ, որոնց կուրծքերը պարեգօտին վրայ կը լեցուէին ու կ’ուռեցնեն զանոնք։ Անոնցմէ՝ որոնք երիտասարդութեան եւ պառաւութեան միջինքէն՝ կ’ունենան մսի հրապոյրներ, փնտռուած մարելու մօտ մարդերէն։

Չկրցաւ աղօթել։ Կիներու տարտամ ձեւերը շուտ մը, անտես լարերու միջոցով թափուեցան մայր պատկերին մէջ, որ իր ուղեղը բռնած էր  ամբողջովին եւ  տեսաւ  նորէն  իր կնիկը, հարսնութեան քողովը, մեծ խորանին առջին, երբ հաճի աղան խաչը բռնած էր անոր ու իր գլխուն վերեւ եւ դիտած էր, որ պզտիկ կտոր մը խաչէն հազիւ ինկած էր իր վրայ։ Շատը գացած էր կնկանը։

Պատկերները իրարու յաջորդեցին։ Ու քոքուրներուն բանաձեւած կասկածը մէկէն սուր  ասեղի մը պէս  պաղ–պաղ ծակեց սիրտը։ Բայց զսպեց իր լացը։

Ժամը աւարտած էր արդէն ու ծերունիները հատած բակէն։

Տէրտէրը զայն տարաւ ետեւի պարտէզը, ձիթենիի մը տակ, ուր երկու թռչուն մսելու պատրաստ գիշերուան համար փորձը կ’ընէին իրար տաքցնելու, իրարու փաթթուելով։ Անոնք գետինէն նետուեցան վեր, ճիւղէ մը կախուելով նոյն խաղին մէջ։

Գիտեմ, օղլու՛մ, գիտեմ, ես կ’ըսեմ անոր։

Աման, տէր պապա, վերը Աստուած, վարը՝ դուն։ Մեղք եմ. եկածը ձմեռ է։ Ես ինչա՞նկ տաքնամ մինաւորիկ։

Տէրտէրը շեշտ նայեցաւ, քթին տակէն խնդաց, ու՝

Այսքան տարի քեզ տաքցնող կա՞ր։

Չկար, չկար, հիմա ալըշմըշ եղայ, տէր պապա, անկէ դուրս հողք փորեցէք, ինծի ողջ-ողջ մէջը ձգեցէք։ Ասխտար կրնամ զրուցել, քիչէն շատ հասկցիր։

Տէրտէրը յուսադրեց, ճամբու դրաւ։ Բայց ոչինչ ըրաւ։ Չէր արժեր ատ քոքուրին համար գէշ ըլլալ հաճի աղային հետ։

Զ

Ձմեռը եկած էր, իր բոլոր ուժովը, վռնտելով լեռնէն տախտակ ու գերան հանողները, ածուխ այրողները եւ քոքուրները, որոնք դէմքերնին մթնցուցած, գեղին ամէնէն մօտիկ փողոցէն ալ դուրս էին հանուած ու հիմա կը հաւաքուէին կիսափուլ փուռի մը ներսը, որուն ծակած կամարին պարտէզին գողցուած փայտի կտորներ կարկտան էին ձգած ու ձիւնը փաթթեր էր ամէն դի։

Ձիւնը փաթթեր էր ամէն դի։ Փողոցները, թաղերուն բացուածքները, տուներուն պզտիկ լուսանցքները։ Ու ձիւն կար նորէն քոքուրներէն վեր, դէպի լեռը, մեծ, մաքուր, իր տակ առնելով բոլոր գաճաճ թթենիները, զարդարելով ու բիւրեղներ կախելով բոլոր մեծափառ ծառերուն ոսկորներէն։

Մեծ կրակին շուրջը, փուռին ներսիդին, քոքուրները լուռ՝ երկնչած էին։

Անոնց համար այդ գիշեր սեւ էր բացուէր։ Մաղաքը չէր ուզեր ու չէր կրնար տեղէն շարժիլ։

Անիկա յոյսը կտրած էր ա՛լ տէրտէրէն, որուն երկրորդ անգամ երթալու քաջութիւն ու երես չունեցաւ։ Անիկա յոյսը կտրած էր ալ քոքուրներուն միջամտութենէն, որ ամէն իրիկուն անգամ մը խօսքի նիւթ կ’ըլլար կրակին դուռը։ Անոնք, խօսքով, կ’երթային, երբեմն բիրտ, բռնի ու դուռը կը կտրէին այդ ամբարիշտ կնկան եւ Մաղաքը ներս կը նետէին, անոր անկողինին մէջ, վերմակը կը ձգէին վրան ու կը քաշուէին։ Երբեմն ալ իրենցմէ մէկը, ամէնէն բանիմացը, կը պարզէր անոր իր մարդուն վիճակը, կը խօսէր անոր գութին վրայ, վարձքին վրայ, որ բարիներուն կը սպասէ։ Բայց ոչ մէկ իրիկուն կրակին սահմանէն չելան այդ մտադրութիւնները գործի փոխելու համար։

Ու ցաւը Մաղաքին սիրտը զարկաւ։ Շաբաթ մը կար, պուկէն վար փշրանք չէր գլորած։ Ակռաները իրարու զարնելէն, կոկոկզելու անկարող, ոտքերը կամ գլուխը ժամերով տուած կրակին, մտքին մէջէն մշտապէս ապրելով իր կնկանը ստուերին հետ, կը սպասէր մէկուն, որ կ’ուշանար։

Ձայները քիչ–քիչ իրենց իմաստը եւ յստակութիւնը կը կորսնցնէին անոր ականջներուն։  Տեսակ մը հոգեկան անշարժութիւն աւելի ճիշդը՝ անկարութիւնը զգետնած էր զայն։ Արտաքին աշխարհէն իրեն գացող տպաւորութիւնները չէին կրնար իր ներսը փաթթող ցաւին քողը պատռել ու հասնիլ գիտակցութեան։ Իր կամքը դադրած էր ապրել եւ կեանքի սովորական գործունէութիւնը հիմնովին խանգարուած։

Քոքուրները, բնազդաբար, այդ փլատակին մէջ քիչ մը կրակ դնելու համար դիմեցին սուտին ու հնարքին։ Անոնք անփութօրէն իրարու կը պատմէին Բաբէթին բաղնիք երթալը, ժամ տեսնուիլը, հոս ու հոն երեւնալը։ Սովորաբար խօսքէ ժլատ այդ մթնոլորտին մէջ, որուն ամբողջ ծաւալը կիսափուլ փուռի մը կամարին գծած շրջանակն էր, հարուստ կրակէն գունաւորուած նուիրական բառը անմիջապէս կը հասնէր իր հասցէին ու խորունկի ստուերէն, գլխիկ մը վիզին ոսկորներուն վրայ ծխնիի պէս ճզրտալով կը բարձրանար։ Ու անկէ՝ փոսերուն մէջէն յարութիւն կ’առնէր անոր նայուածքը, մշուշոտ, պղտոր ու կիսատ, որ կը հատնէր նայելու ատենն անգամ։

Օրուան մէջ մէկ–երկու բառ։ Ցաւի հեծք մը, երբ մէկ կողմէն միւսը դարձնէր իր մարմինը նման տոպրակի մը, ոսկորով լեցուն, որ տեղէ մը ուրիշ տեղ կը նետուի եւ իր համաչափութիւնը վրայ կու տայ։ Երկու-երեք անգամ՝ չորցած կոկորդէ մը ջուրի խնդրանքը կ’ելլէր, սրտաճմլիկ ու եղերական, զոր լսողը չէր կրնար չյուզուիլ։

* * *

Մութը ինկած էր գեղին վրայ ու ամայի փողոցներուն մէջ անիկա աւելի թանձր դիզուած կը թուէր։ Ձիւնի պայծառութիւն մը գետիններուն վրայ, պատերն ի վար, տեղ-տեղ սեւի մը կամ հալած մասի մը շեշտ կաղապարովը։

Ճամբաներուն վրայ սառէ չորութիւն մը, որ քոքուրներուն ոտքերը կը սահէին քալելէ աւելի փաթթուած լաթի կտորներու մէջ։

Անոնք Մաղաքը կը տանէին իր կնկանը տունը։ Այս որոշումը ետ էր ղրկած հոգեվարքը, որ փուռին մօտեցեր էր քոքուրներուն կարծիքով։ Երբ Մաղաքը ելաւ ամէնէն հուժկու քոքուրին շալակը, իրեն այնպէս կու գար, որ իր ցաւերը քիչ–քիչ փախչէին իրմէն։ Երանութեան մօտ անդորրութիւնը վարագուրեց իր հոգին ու մութին մէջ, աստղերուն անուշ լոյսին տակ անոր խոռոչացեալ դէմքին վրայ ծագեցաւ ժպիտը, յոյսին ու երջանկութեան տարօրինակ ծաղիկը, որ գերեզմաններուն սրբութիւնն անգամ կը սիրէ արհամարհել։

Չէր կարելի որոշապէս ըսել, թէ այդ երկնային զուարթութիւնը, այդ պայծառութիւնը մահէ՞ն կու գար որ տղոցը կը հետեւէր քայլ-քայլ, թէ յոյսէն։

Իր սենեակին դուռին առջեւ վար դրին զինքը։

Շատ յստակ ու շատ զօրաւոր ձայնով մը խնդրեց, որ զինքը մինակ ձգեն, ու երթան հանգչին կրակին առջին։ Քոքուրները միայն ու միայն մտիկ ըրած են, երբ փորի վրայ չէ եղած հարցը։

Գիշերը կը քալէր ցուրտ։  Սանդուխներուն  վրայ սառի կտորներ տարտամ շողք մը կը ցրուէին ատեն-ատեն ու աստղեր կը կոտրտուէին բակին մէջ։

Մաղաքը կամացուկ մը դուռը զարկաւ։ Ոչ մէկ շշուկ ներսէն։

Հանգչեցաւ։ Այդ ճիգը կը ճնշէր իր վրան։ Մէկէն զգաց, որ ուժերը շուտ-շուտ կը հալէին, մարելու մօտ մոմին նման, որուն պատերը իրարու ետեւէ կը թափին բոցին մէջ։ Ոտքերը չէին բռներ։

Բայց տակաւին կը մնային ձեռքերը։ Գերագոյն պրկումով մը անոնք նետեց դուռին, ուր անոնց բախիւնը մեղմ հեծեծանքի պէս բան մը արթնցուց։

Կեցաւ։ Սիրտը կը զարնէր խիստ արագ։ Շարժումները մեռած էին իր մէջ, փորձեց իր մարմինը քաշել դէպի դուռը, չկրցաւ։

Բայց իր հոգին պայծառացաւ։ Ու կարողութեանց այդ ընկղմումին մէջ, որոնք մէկիկ-մէկիկ  կը լուծուին  մահուան  մեծ մութին  ծոցը, իրեն դեռ կը մնար ականջներուն արթնութիւնը։

Ու  անոր ականջները որոշապէս  լսեցին, յաւիտենապէս  գոցուելէ առաջ, սենեակին մէջ լուցկիի մը քսքսումը։ Աչքը չտեսաւ դուռին ճեղքերէն դուրս վազող լոյսին թեւերը։ Բայց նորէն ականջները կարծեցին լսել պզտիկ ճիչ մը, ճռինչն մը, որ այդ հանգող հոգիին մէջ ինկաւ, յստակ, շատ յայտնի իր ալիքին մէջ, իբր սկսում մը եւ որուն վախճանը անկարող եղաւ ճշդելու, քանի որ մեծ վարագոյրը քաշուած էր անոնց եւ դուռին մէջտեղը։

Է

Թաղեցին զայն մեծվայելուչ, այնպէս՝ ինչպէս պսակեր էին։

Գեղը անոր դագաղ տուաւ, ինչ որ չէր տուած ոչ մէկ քոքուրի։

 

1920