Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Երբոր ներս կը մտնեմ սենեակին դուռնէն, ի՛նչ սուտ զուրցեմ, սիրտս ոյժով կը բաբախէ։

Իրաւ է որ տասը երկար տարիներ զիս այս տունէն կը բաժնեն, բայց երէկուան պէս աչքիս առջեւն է սա հեռաւոր անցեալը։ Բոլորը երկու ամսուան կեանք մը այս տունին շուրջը, բայց է՛ն տագնապեալը, է՛ն դժբաղդը որ անցուցած եմ պատանութեանս մէջ, է՛ն մեծ վրդովումը հիմակուան խաղաղութեանս ուղղուելէ առաջ։

Ու ահա այս տանը դուռը ոտք կոխելուս, մտովին ամբողջ վերադարձ մը կը կատարուի հոգիիս մէջ. կ՚երիտասարդանամ յանկարծ. կ՚զգամ որ հիմակուան գիրուկ ու կարճուկ մարդը չեմ, որուն խորշոմած ճակտին վրայ կեանքի պայքարները իրենց քով քովի շարուած զուգահեռականները ձգած ու գացած են, խղճամիտ ձեռքով ակօսուած արտի մը պէս, այլ երէկի տղան՝ նիհար, հպարտ ու ճչող. կերպով մը այլափոխումը Ֆաուսթին, որուն մէջ սատանան դուրսէն չէ՛, իմ յիշատակներս են միայն։

Թեթեւ քայլերով ուրեմն կը մտնեմ ներս, իբրեւ թէ այն մեծ ժամանակի անջրպետը յանկարծ բարձուած ըլլար մէջերնուս։

Ամեն ինչ, շուրջս, այս պատրանքս հաստատելու խօսք մէկ ըրած է կարծես։ Նորէն տասը տարուան առջի սրահն է, անփոփոխ, անայլայլ. մութ կարմիր թաւիշէ քանաբէն իր բազմոցներով, անկիւնը դրուած դաշնակը՝ բաց ձգուած ու չորս դին երաժշտութեան նօթաները ցիրուցան. պատերուն վրայ՝ իրենց ամեն ատենի տեղը հաստատ՝ նոյն պատկերները ու լուսանկարները որոնց ամենէն զմայլելին սա դաշնակին վրայ դրուածն է, երիտասարդ կնոջ մը դիմագիծը զոր քաջ կը ճանչնամ։

Այդ լուսանկարին իրականը դէմս է ահա։

Իր սովորական տեղն է՝ պատուհանին քովը, բազմոցին վրայ նստած, ու մեղմիւ ահա ոտքի կ՚ելլէ եւ քայլ մը առաջ կուգայ։

Ան է։

Տեսէ՛ք անգամ մը, իր աղուոր հասակը բնաւ փոխուած չէ. իր սեւ աչքերը առջի տրտում ու խորունկ նայուածքը ունին. իր ձեռքերը միշտ նոյն մանկական թաթիկներն են. իսկ մատուըները աւելի նրբացած են քիչ մը։

Բայց պզտիկ մը գիրցած է, տարիքի բերմունք. ու իր ածուքի կոտրուածքի պէս փայլոտ մազերուն մէջ ճերմակ թելեր սպրդած են. փայլակին գծած լուսաւոր շաւիղները մութ գիշերուան մը մէջ։

Իր երեսին վարդ գունաւորումը չէ մնացած. անոր տեղ փղոսկրին տժգոյն ճերմակութիւնը միօրինակ իր երեսին վրայ ծաւալած է, մեղրամոմի ճերմակութիւնը։

  Այս դէմքին լրջութիւնը աղէկ կը ճանչնամ, արձանի անխռով լրջութիւնը զոր աշխարհիս ամեն աղերսները ու պաղատանքները չեն կրցած երբեք այլայլել։

Խնդալ ու ժպտիլ չէր գիտեր այս կինը. իր անտարբեր երեսը օր մը անուշ ու զուարթ ճառագայթով մը չփայլեցաւ. իր կեանքի կանոնն էր աս։

Ու առջի յիշատակներս, առջի կսկիծներս քուներնուն կ՚ելլեն. ինչո՞ւ այս խռովիչ աղուորութիւնը եւ ինչո՞ւ այս խոժոռ ու անժպիտ դէմքը որ միեւնոյնն է տասը տարի վերջը. մարդկային տկարութիւններու գլուխ չդարձնող դիցուհիի վէսութիւնը, իր արհամարհոտ կնկան բոլոր սառնութիւնը, հո՛դ, յայտնի, ընթեռնելի կերպով գրուած են այդ դէմքին վրայ։

Ու ես կրկին փորձութիւնը կ՚զգամ սրտիս մէջ պոռալու իր երեսին.

Մէկդի դի՛ր այդ անտարբեր ու սրդողած երեսը, Աստուծոյ սիրոյն. անգամ մը գոնէ խնդա՛ ինծի, ո՜վ աղուոր կին։

Հազիւ երկու բառ փոխանակեր էինք, երբ իր աղջիկը ներս մտաւ. տասնըվեց տարու պարմանուհի մը, վարդէ ու լոյսէ խմորուած էակ մը, նազանքով ու ժպիտով մօտեցաւ ինծի։ Ու աղէկ մը չեմ գիտեր ի՛նչ խօսքի առթիւ կ՚երեւայ թէ կրցայ տիկինին հաճելի կամ զուարճալի բան մը ըսել իր սովորական անփոյթ ու նեղացած դէմքը մեղմացաւ, անուշցաւ, ու, զարմանալի՜ բան, թեթեւ ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ նախ, յետոյ հաստատուեցաւ այս աղուոր դէմքին վրայ, արշալոյսին ծագելուն պէս որ քիչ քիչ որոշ ու աննահանջելի առաւօտի մը կը վերածուի։

Որքա՜ն գեղեցիկ էր այսպէս. երբեք չէի գիտեր որ այսչափ պիտի աղուորնար. բայց ժպիտը աւելի շեշտուեցաւ, ու քիչ քիչ, կամացուկ մը խնդալ սկսաւ։

Աստուած իմ, առջի անգամ ահա ճշմարիտ կինը երեւան կուգար այս անզգայ աղուորութեան մէջ։ Կը խնդար, երջանիկ էր ուրեմն, եւ ես իրմով երջանիկ էի։

Ինքը՝ կը շարունակէր խնդալ, երթալով աւելի շատ եւ աւելի ոյժով, անվերջ քահքահ մը հիմակ, որով ձեղունը կը թնդար, մինչդեռ ես իր մէկ՝ ժպիտին ակնկալուն՝ ապշած զմայլած կը դիտէի զինքը եւ այս գեղեցիկ ուրախութիւնը, այսքան չնչին պատճառով մը։

Երեւակայեցէք դէմերնիդ կծծի ու ագահ էակ մը որ յանկարծ մէկ վայրկեանի մէջ, ամենէն մսխող ու շռայլ մարդը դառնայ։

Ու շուարումիս մէջ ան կը խնդար հիմա, այնքա՜ն սաստիկ որ քօռսէն նեղ կուգար իր հարուստ իրանին, ու բազմոցին կռնակին կը կռթնէր, չկրնալով ուղիղ նստիլ իր տեղը։

Հա՛, հա՛, հա՛

Այն ատեն աղջիկը մօտեցաւ ինծի ամչնալով, տրտմութեան քօղով մը դէմքը վարագուրուած, ու անուշ ձայնով մը՝

Ներեցէ՛ք, ըսաւ ինծի, այսպէս է ահա խեղճ մայրիկս իր վերջին հիւանդութենէն ի վեր, ոչինչ պատճառով մը կ՚սկսի խնդալ ժամերով. կ՚երեւայ որ ջղային բան մըն է։

Եւ իրօք, քահքահը՝ զուարթ, պոռչտող քահքահ մը՝ գրեթէ տգեղցնելով իր սիրուն դէմքը, անսովոր ու դառն ուրախութեամբ մը կը լեցնէր սենեակը, մինչդեռ աղջիկը՝ մօրը քով ծունկ չոքած՝ անոր ձեռքերը կը սեղմէր։

Խորհեցայ որ տասը տարի առաջ իմ փնտռածս այս աղուոր երեսին վրայ՝ սա պոռացող, անգիտակից ու անիմաստ խնդուքը չէր, այլ այն պզտիկ, գրեթէ աննշմարելի ժպիտը, այն խորհրդաւոր ու չնչին բանը, որ ամեն խոստումները ու ամեն վերապահումները, ամեն մերժումները ու ամեն անձնատուութիւնները, ամեն տարակոյսները ու ամեն յայտնութիւնները իր մէջը կը պահէ։

Խորհեցայ մանաւանդ տարօրինակ ճակատագրին այս կնկանը որ իր մէկ ժպիտը այնքա՜ն ժլատ, ագահ յամառութեամբ ամենուն զլանալէ ետքը, ահա զուր ու փուճ տեղը իր անսպառ խնդուքը կը թափէր իր շուրջը, առանց որ մէկը գտնուէր ու ծռէր զանոնք գետնէն ժողվելու համար։