Լուռ ցաւեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հօրը մեռնելուն՝ Նիկողոս աղան քառասունը անցուկ էր արդէն, դպրոցական տղու մը հնազանդ ու կրաւորական դերին մէջ փճացած։ Մայրերն ու հայրերը «շնորհքով», «խօսք մտիկ ընող» զաւկի օրինակ ցոյց կուտային այս աղեբեկ մազերով մարդը, միշտ սեւ կամ մութ գոյն զգեստներ հագած, ամառ ձմեռ չհանելով կռնակէն բառտըսիւն զոր իր տարիքէն եղող մարդու մը համար անհրաժեշտ կը կարծէր։ Օձիքը վար դարձած ճերմակ շապիկին սեւ քրավաթը երբեք չէր փոխուեր։ Իր առուտուր ըրած խանութէն գիտէին անոր հաստատատիպ ճաշակը, ու ներս մտնելուն, սովորաբար Ծնունդէն կամ Զատկէն քանի մը օր առաջ, առանց հարցնելու կը պատրաստէին իր ուզածը, հոս իր զգեստները, հոն վեց ձեռք շապիկ, երկու քրավաթ, ձմեռը երեք հատ լաւ տեսակ բուրդէ ֆանելա եւ վեց հատ գուլպայ, ամառը բամբակէ։ Նոր լաթ հագնող տղու մը պէս կը հրճուէր այս ամենը գնելով, միակ ուրախութիւնը իր բովանդակ կեանքին որ անխափան կերպով տարին երկու անգամ կը կրկնուէր։

Գէորգ աղային մեռնելէն ի վեր, տանը մէջ անոր տեղը բռնելու կոչուելուն՝ նախ բոլորովին շուարեր մնացեր էր ու ապարդիւն ջանքեր ըրած էր իր հլու ու ծռած ողնաշարը շտկելու համար։

Միջոց մը կարգուելու գաղափարը մտքէն անցաւ։ Սօֆիկ հանըմ այնքա՜ն շատցուցեր էր թախանձանքը որ Նիկողոս աղան պահ մը համոզուեցաւ պսակուելու հետը։ Իր խոստովանահայրը՝ մաքուր ու պարզասիրտ քահանայ մը՝ ան ալ խրատեց Նիկողոս աղան։ Բայց տունը խօսքը բանալուն՝ ամեն բան տակնուվրայ եղաւ։

Նեկտար հանըմ մեղմ ու հեզ ձայնով մը զգացուց որ հօրը անէծքը պիտի հասնէր անոր վրան, թէ որ ատանկ բան մը ընէր. յետոյ, դեռ իր քոյրերը չկարգած ինքը կարգուելու ելլելը չտեսնուած բան մըն էր. միւս եղբայրը կարգուեր էր ահա եւ գլխուն եկածը տեսեր էին. նորէն ինքը գիտէր. հարկաւ կարգուելուն պէս՝ գալիք հարսը պիտի վռնտէր զիրենք տունէն եւ երկու խեղճերը պիտի մուրային կամ Հիւանդանոց պիտի երթային. բայց տանը մեծն էր ինքը եւ անոր հրամանին հնազանդելու պարտաւոր էին իրենք։

Նիկողոս աղան այս խօսքերուն դէմ պատասխանելու բան մը չկրցաւ գտնել. հօրը խոժոռ դէմքը պատկերացաւ իր աչքին առջեւ, հայրը նստած սա դէմի անկիւնը, ճիշդ դէմը. ու այս վերյուշումով չկրցաւ խոստովանիլ ոչ իր հին սէրը, ոչ իր զաւակներուն գոյութիւնը։ Ներսիդիէն իրաւունք տուաւ իր քրոջ ու՝ ամեն վարանամիտ մարդու պէս՝ յարմարագոյն ժամանակի մը թողուց այս անել վիճակին կարգադրութիւնը։

Նիկողոս աղային գործերը ա՛լ աւելի աղէկցեր էին հիմա. Չարշըին մէջ խույումճիներուն էն հարուստներէն մէկն էր. Լօնճայի մէջ անդամ, իր գեղին Թաղական Խորհուրդին մէջ գանձապետ էր։

Իր եղբօրորդին, չափահաս պատանի մը, իր առուտուրին մէջն էր։ Որքա՜ն երջանիկ պիտի ըլլար թէ որ իր բուն զաւակները, հիմա երկու հրեշտակի պէս տղաքներ, իր քովը ըլլային. բայց կը խորհէր որ բարոյականի դէմ պիտի ըլլար ասանկ բան մը ընելը։ Ու Նիկողոս աղան իր վարանումին մէջ մնաց։