Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Բ.

  Աղուընակ–Քարին լերան երեսը մայրիներու անտառ մը կը փռուի. ծառերը, որոնք դարերու ձիւնն են տեսած, հիմա ծերցեր, իրարու վրայ ինկեր են ալ։ Նոր բուսածները քիչ են հոն։ Միեւնոյն ժայռէ յատակին վրայ ինկեր են անոնք ու իրենց ասեղներն ու գագալոճները, որոնք ամէն գարունի կը մեռնին, ծածկեր են քարերը։ Ոչ հող կը տեսնես, ոչ ալ քար։ Չոր, կարմիրի վրայ ասեղտող գորգ մը կը քնանայ այդ ահաւրոտ անտառին մէջ, որուն ներքեւի մասը կ՚երթայ կորսուիլ, ահարկունալ անդունդին մէջ։

Անտառին վերին մասը աղուոր թուփերու, անուշ շուքերու խորհրդաւոր սարահարթ մըն է, ուր կանանչը չի մեռնիր։ Դեւին պալատին ցոլքը հալած ոսկիի պէս կ՚իջնայ այդ ստուերոտ մինակութիւններուն վրայ դիմացէն Աղուընակ–Քարը իր սպառնալիքը կը սարսռայ։ Կ՚ըսեն, թէ Սէրը պահ մը ապրած ըլլայ հոդ

* *  *

Ու ծառերը, մայրիի դարեր շալկած ծառերը, կը ծռին, կը տափակնան. հովն անոնց մէջ վախէն կ՚ոռնայ, Աղուընակ–Քարին կարկառները անդունդին վրայ կը թօթուեն իրենց սոսկումը, դեւին պալատէն ցոլքեր կը լուսցնեն անտառին վերի մասը, որո՜ւ հոգ, երկու հոգի պզտիկ վարդենիի մը տակ իրարու գիրկ՝ իրար կը պագնեն. իրենց բերանները ամո՜ւր են փակեր իրարու մէջ հալող իրենց աչքերուն առջեւ ոչինչ է մայրիներուն երկիւղած ալեկոծումը, իրարու հոգի մտիկ ընող իրենց ականջները չեն ազդուիր հովերու վայնասունէն, իրարու մէջ օրուող իրենց մարմինը չի զգար, թէ իրենց ներքին հոգը կը դողդողայ։ 

Ու քիչ մը ետքը դեւը կ՚անցնի, կը տեսնէ։ Վերէն ոսկի մը կը ձգէ, որ աղջկան ճիշդ ճակտին վրայ իյնալով կը սկսի վառիլ…։ Սիրողները կը սթափին ու սարսա՜փ… կը տեսնեն դեւը, որ անդունդը կը մտնէր… 

*  *  *

Ջուրի օրն է։

Ճերմակ աղջիկներուն պարը կը սպասէ վարդի պարտէզին մէջ

Մեծ վարդը դեռ չէ կարմրած աղջիկներուն վրայ. պալատէն սպառնացող լռութիւն մը կ՚ահաբեկէ միջոցը։

Եւ յանկարծ որոտումներու մէջէն դեւին ձայնը կը պոռայ.

Գացէ՛ք, գացէ՛ք. ոսկիով աղջիկը չի կայ. գացէ՛ք ան բերէք, թէ  չէ՝ ջուր չունիք, գեղն ալ պիտի փլեմ։

Աղջիկներուն խումբը դողէ զարնուած ետ կը դառնայ այս անգամ ամբողջ։ 

Մայրերը գերեզմերին մէջ դեռ կը սպասեն անոնց:

Ոսկիով աղջի՜կը։ 

Ո՞վ կրնայ ըլլալ, կը հարցնեն իրարու ու գեղ կը մտնեն փնտռելու։ Երկու սիրողները գեղին միւս ծայրը պահուած կը հետեւին եղածներուն. մայրերը կը տեսնեն զիրենք

Ու բռնուելու վախէն կը սկսին փախչիլ. լերան մութ շուքերուն մէջ պարապ տեղ ապաստան կը փնտռեն. աղջկան ետեւէն կը վազէ ոսկիին բոցը. այնքան շատ ու աղուոր, որ է՛ն սեւ շուքերն ալ կը լուսցնէ։

Հետապնդումը զանոնք կը հասցնէ Աղուընակ–Քարին օձէ ճամբան, ուրկէ վեր մարմարէ Վահանը կը տափակնայ։ 

Մայրերը կը պաղատին

Եկէ՛ք, եկէք, ծիծերնիս չորցաւ. տղոց բերանը կը գոցուի. ծառերն անջուր կը մեռնին, եկէ՛ք. եկէ՜ք. մե՜ղք է գեղին։ 

Սիրահարները կը շարունակեն իրենց ճամբան ու կը հասնին Վահանին բարձունքը

Հոն, պալատին լոյսերէն կ՚երեւնան անցնող աղջիկներուն տառապած հոգիները, որոնք բոցերուն վրայ կ՚աղուորնան վարէն անդունդը իր հմայքը կը մխայ ու եզերքէն երկու սիրողներ իրարմէ բաժնելու համար հեւքոտ ամբոխ մը կը ճգնի մագլցիլ

Բերէք, շո՛ւտ բերէք:

Կ՚որոտայ նորէն դեւը, որուն ձայնէն կրակներ կը թռին։ 

Մայրերը ճարահատ կը շարունակեն օձին ճամբէն ու կը հասնին քարին մօտիկը։ 

Երկու սիրողները, որ մինչեւ այդ պահը լուռ անդունդը կը դիտէին՝ ոտնաձայներէն վախցած, իրարու գիրկ՝ անդունդը կը նետուին… 

Մայրերը կը սառին քարին վրայ։ 

Ոսկիով աղջկան մայրը միայն կը ծռի անդունդն ի վար տեսնելու. քիչ մը ետք վարէն, անծանօթ անորոշութենէ մը, երկու աղուընակ վեր կ՚ելլեն իրարու մօտ, իրար գրկածի պէս։ 

Մայրերը կը փախչին սոսկումով. ոսկիով աղջկան մայրը հոն կը սպասէ, մինչեւ որ անոնք իր մօտ կու գան, կը թրթռան քիչ մը ու կտոր մը անդին կը թառին վերջին արեւին մէջ։ 

Ու պալատին տեղէն, որ յանկարծ կը փլի, խոշոր շոշորդ մը կ՚ուրուագծուի, որ օդին մէջ սեւ ծիածան մը գծելով, անդունդին վրայ կը կամարնայ։ Բոցերն ու շանթերը կը մեռնին գալարուն ամպերու մէջ, որոնց վրայէն դեւը դժոխք կը քաշուի։ 

Երբ մայրերը տուն կու գան, կը տեսնեն, որ աղուոր հեղուկը անարգել կը վազէր փողոցներուն մէջէն. աղբիւրները հարուստներ էին ա՛լ չաղքատնալու պայմանով ու երջանկութիւնը եկեր էր վերջապէս այդչափ տառապած գեղին վրայ

Դեւերն ալ կը նախանձին մարդերուն սէրէն, ո՜վ Աստուած։