Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Գ

Անանկ հսկայ տակաւին քաղաքը չէր ճանչցած։ Հազար տարի ապրողներուն սերունդն անգամ հիացաւ նոր եկողին արտակարգ հասակին վրայ։ Է՛ն մեծ սօսերուն քով շուք կու տար

Ու քաղաքը իրար անցաւ. Եօթը կտրիճներուն պապն էր եկողը։ Արիւնոտ մուխերը գացած անոր ըսած էին զարհուրելի ոճիրը ու պապը, իր աղիքներուն մէջ կտրուած՝ ճամբայ էր ինկեր վրէժի անդառնալի երդումով

Իր օրերը անցած էին։ Փիր մօրուքով այդ հսկան մոռցած ըլլալու էր կնկան մը երեսէն ցաթող բաներուն փափկութիւնը։ Կարմիր մուխերը անոր արիւնին մէջ այնքան բոց դրած էին, որ կարելի չէր ենթադրել, թէ կնիկէ մը բխող համն ու սարսուռները պիտի ցնցէին իր սիրտը:

Պապը լացաւ, երբ գետի ափին հեռուէն տեսաւ իր եօթը զաւկըներուն ճերմակ կմախքները. լացաւ ու իր աչքերէն առուներ ինկան գետին։ Իր սաստիկ ցաւին մէջ սակայն փորձութիւնը չունեցաւ գետէն անցնելու։ Աւելորդ յոգնութիւն մըն էր ատի

Ու վայրկենական կատաղութեան մը մէջ երկնցաւ լերան ծոցը խնդացող բլուրին, բռնեց տակի ժայռէն ու ցաւի սպաննող տագնապի մը մէջ փետտեց բլուրը եւ նետեց գետին մէջ

Գետը կեցաւ։ Ջուրերը ետ–ետ գացին։ Ափէն բարձրանալով՝ կոխեցին կանանչ պարտէզը եւ պալատին դուռը թրջեցին։ Աղջիկը պատը գամին վրայէն իր կապող ժպիտով կ՚ուզէր կախարդել այս խենթ վրիժառուն։

Բլուրը բաւական խոշոր էր, բայց գետն ալ հարուստ էր. պահ մը ետքը կեցող ջուրերը սկսան բլուրին կողերն ի վար իրենց աւազանը սողալ: Գետը քանի մը ժամէն կ՚ուտէր այդ բլուրը։ 

Հսկան աճապարեց, ուրիշ լեռ մըն ալ շալկելով բերաւ–դրաւ առաջինին քով. յետոյ երրորդ մըն ալ։ Ամբողջ գետը կապուած էր։ Ջուրերը առջեւէն շղթայուած՝ տարածուեցան դէպ ետ. քաղաքը օրուան մը մէջ թաղուեցաւ. ջուրը պալատին պատուհաններէն ալներս մտաւ:

Դեռ պատշգամին վրայ ահաբեկ աղջիկը իր դիւթանքը կը թափէր այդ ծերունի հօր վրայ, որ անտարբեր կը սպասէր պալատին կլլուելուն

Բայց Սողուճախը բարձր է ու պալատն ալ դեռ կէս տեղէն վեր զերծ էր ջուրէն։ 

Գետը բլուրներուն փէշերէն քամուիլ էր առեր։ Հսկան հասկցաւ ան։ Շուտով մը աւլեց լեռներուն վրայի կաղնիներն ու սօսիները, թութի ճիւղերու պէս կոտրտեց անոնց բուները, խոտերն ու տերեւները իրարու հիւսեց ու կոխեց բլուրներուն կողերուն վրայ։ Փխրուն լեռ մըն ալ թափթփելէն բերաւ կործեց անոնց վրայ

Ջուրը դանկի պէս կտրեցաւ։ Ու ջուրը լայնցաւ, լայնցաւ դէպ առաջ, յետոյ պոյին տուաւ. չափուեցաւ Սողուճախին հետ։ Հեռուն՝ Պաշ–Քիրազի ձիւնազարդ գագաթը կար։ Ու ջուրը ելաւ, ելաւ, պալատին պատշգամն ալ գտաւ, աղջիկը վերջին վայրկեան մըն ալ դողդողաց իր լոյսերուն մէջ, ետքէն ջուրերը գրկեցին անոր բոցէ միսը. մազերը լարուեցան փրփրած ալիքներուն վրայ ու կամաց–կամաց իջաւ վար դէպ կմախքներու պարտէզը

Քաղաքը կորած էր։ Բայց պալատն ալ աներեւոյթ եղած։ Ու երկու լեռներուն մէջտեղի բարի հովիտը դարձաւ հիմակուան աղուոր ծովը

Հսկան ինքն ալ մտաւ ջուրերուն տակ հանգիստ սիրտով պառկելու։