ԿԱՆԱՆՉ–ԿԻՐԱԿԻ
Գ.
ԲԱՐՍԵՂԵԱՆԻՆ
Կիրամուտքէն
վերջ,
երբ
խնկածուխին
մէջ
կրակը
դադրի
նայելէ՝
մեռնող
աչքի
մը
պէս
խփուելով,
խունկին
հոտը
փախ
կու
տայ
առէքի
ճեղքերէն,
տուներուն
մէջ
լոյսերը
կամաց–կամաց
կը
նիհարնան,
օրորները
կը
նուաղին
կիներու
շրթունքին
վրայ,
նշանած
աղջիկներն
ու
քողով
հարսները
պառկելէ
առաջ
հեղ
մը
պատուհան
կ՚իյնան
դիտելու
երկնքին
չորս
պոչերը,
կ՚ուրախանան
լեռներու
գագաթին
մինակութիւնը
տեսնելով
ու
կը
քաշուին
իրենց
սենեակները։
Անոնց
գլխուն
վերեւ
կախ
կ՚ըլլայ
կանանչ
շալվարը,
ծածկուած
կարմիր,
արիւնի
պէս
վառող
շղարշէ
քողով.
բարձին
մօտիկ
կը
պառկի
մոմին
ճերմակ
մարմինը։
Անոնք
Աւազան
պիտի
երթան
Հայ–կանանչը
պարելու։
Ու
այդ
իրիկունը,
կը
պատմեն
մամերը,
կէս–գիշերին,
աքաղաղի
երգէն
առաջ,
երբ
մենէ
աղէկները
ճերմակ
հարսնիք
կը
բռնեն,
ծովը
կը
ճեղքուի,
ու
աղուոր
երեսով,
անուշ
աչքերով
երիտասարդ
մը
թեւաւոր
ձիու
վրայ
դուրս
կու
գայ
ճերմակած
ջուրերէն։
Երիտասարդը
կ՚անցնի
դաշտէն
իր
ձիով,
բարի,
արգասաբեր
փրփուր
մը
թօթուելով
ձիթենիներուն
ալեկոծ
կռնակն
ի
վար,
կը
քակէ
ցորեններուն
կապերը,
դաշտի
լերան
բոլոր
ծաղիկներուն
պորտը
մեղր
ու
կաթ
թափելով։
Կը
բանայ
հովերուն,
անուշ–անուշ
հովերուն
դուռները,
կը
դպի
մաքիներու
պտուկին
ու
գառներու
կռնակին,
կը
մտնէ
ծխաններէն
հովի
պէս
թեթեւ,
մատ
մը
կը
խաղցնէ
հարսներու
կուրծքին,
ափ
մը
սահ
կու
տայ
աղջիկներու
մազերուն,
գուրգուրանքով
կը
ծռի
օրաններուն
վրայ։
Ու
անոր
այցելած
տուներուն
մէջ
մազերը
ծո՜վ
կը
դառնան,
ծծկաններուն
ստինքը
կաթնաղբիւրի
կը
փոխուի։
Վա՛յ
ան
աղջիկներուն,
որոնց
սիրտը
պաղ
է
իրենց
նշանծուն
վրայ,
վա՜յ
ան
կնիկներուն,
որոնց
անկողինը
դեւ
է
պառկեր
երիտասարդը
զանոնք
կը
տանի
գիշերը
կէսին,
իր
ձիուն
քամակն
առած,
ու
Աւազանի
անտառին
մէջ
զանոնք
կաղնիի
կը
փոխէ։
Ու
երիտասարդը
իր
տօնը
ունի.
Կանանչ–Կիրակի
գիշեր։
*
*
*
–
Հա՛յ–Կանանչ,
կարմի՜ր–կանանչ,
Նստեր
եմ
կանչիդ
դիմաց։
Աղջիկներուն
պարն
է,
որ
Աւազանին
ճամբուն
վրայիր
ոսկի
ձայնը
ձգեր
է։
Լուսին–Աստղը
նոր
է
փրթած
Աղուընակ–Քարէն,
տարտամ
կէս–կարմիր
ճառագայթներու
սայ
մը
չորս
դին։
Գացող
լուսընկան
ամպի
պզտիկ
կտորներու
վրայ
ճերմակներ
է
վառեր։
Գարունի
հով
մը
ծովուն
բերնէն
տաքուկ
համեր
կը
բերէն.
–
Ալիքն
ալիքի
վրայ։
Կտաւն
աւազի
վրայ:
Ես
քեզ
գաղտուկ
սիրեցի
Կխծորի
ծառին
վրայ։
Հա՛յ–կանանչ,
կարմի՜ր–կանանչ
Նստեր
եմ
կանչիդ
դիմաց։
Կը
կրկնուի
երգը
անտառն
ի
վեր,
ու
կանուխ
արթնցող
պզտիկ
թռչուններ
անորոշ
անկիւնների
դուրս
կը
նետուին
վախկոտ
թեւեր
զարնելով։
Կանանչ–Կիրակին
պիտի
լուսնայ:
*
*
*
Գեղը
շրջապատող
տժգոյն
բլուրներու
կուշտին,
Աւազանին
բլուրը
խնդացող
պատկեր
մը
կը
բերէ
աչքի.
չոր,
կռնծած
հողերուն
միօրինակ
տխրութեանը
մէջ
Աւազանին
Անտառը
կը
կանչընայ
հոծ
ու
խատուտիկ
գոյներով:
Դարաւոր
հաւատք
մը
խնայած
է
զայն,
ու
գեղացին
չի
յիշեր
անոր
մէջ
տապարին
երգը:
Ծառերը
մեծ–մեծ,
աղբօր
պէս
իրարու
ճիտ
են
ինկեր։
Խոտերը
վախով
չեն
մեծնար
հոն։
Կայծակը
միայն
կուգայ
ատեն–ատեն
դարերով
կորաքամակ
ծառերը
մեռցնելու:
Ու
անոնց
ոսկորները
կը
մնան
տարիներ
ու
տարիներ,
անձրեւէն
ու
ձիւնէն,
արեւէն
ու
բուքէն
ծեծուելով
ու
հալելով
հոնկէ
ճեղ
մը
փայտ
վերցնողի
խշումի
(յանկարծական
հարուած
մենէ
աղէկներուն
կողմէն
կու
գայ։
Տարին
հեղ
մը,
Ապրիլ
ամսուն,
հովիւը
կու
գայ
իր
հօտը
ջրելու
Աւազանի
աղբիւրէն,
լաւագոյն
գառնուկին
արիւնը
վայելով
հոն։
Ու
հի՜ն-հի՜ն
աւանդութիւններով,
մութ-մութ
խորհուրդներով
քողուած
Անտառը
կը
մնայ
խաղաղ
ու
անարատ՝
մարդուն
քայքայող
հպումէն:
Հոն
ուխտով
կերթան։
*
*
*
-
Ծառնո՛ւկ,
ծառնո՛ւկ,
շուք
ըրէ.
Եարըս
եկաւ,
մութ
ըրէ.
Ծառնո՜ւկ,
ճիւղերուդ
մատա՛ղ,
Օրո՜վ,
ամսո՛վ
շուք
ըրէ:
Հա՜յ–կանանչ,
կարմի՜ր
կանանչ,
Եկեր
եմ
կանչիդ
վրայ։
Կիրակիին
կը
լուսնայ։
Արեւը
հինա
է
քաշեր
Սուրբի
սարին
կողերուն.
ծովէն
անդին
մուխը
կարմիր
է
կապեր.
անտառին
խորունկէն
մշուշի
կտորներ
լող
կու
գան
ծառերու
գիրկին
մէջ:
Ու
կարմիր–կանանչ
աղջիկները,
մոմը
ձեռքերնին,
երգը
շուրթերնին՝
կը
դիմեն
ուխտավայրը,
ու
անոնց
սիրտը
կը
նետէ
ամուր-ամուր։
Ահա
ջուրը
պզտիկ
կալի
մը
շրջապատով:
Եզերքին
բացուած
կակաչներ
իրենց
կարմիրը
կը
դիտեն
քնացող
ջուրին
մէջ։
Վայրի
վարդ
մը
իր
հովանոցը
բացեր
էր
ճերմկած
վարսակները
բարակ
հարսներու
պէս
իրենց
ժանեակներուն
վրայ
կը
խնդան:
Ու
երկու
նիհար
ուրդերէ,
երկու
ջուրի
թելեր
անընդհատ
կը
քակուին
ու
կը
քակուին
անոր
մէջ:
Աւազանէն
վեր
անտառը
կը
բարձրանայ
անակնկալ
արագութեամբ,
զառիթափին
վրայ
ծառերուն
շարքը
կը
ճշդուի,
կը
նեղնայ.
կարճ
թուփերը
անհետ
կ՚ըլլան
մէկէն,
խոտը
կը
մանրանայ,
գետնին
կը
փակի,
ու
մեծ
լերան
ոտքը
կազմող
նեղկուկ
սարահարթի
մը
վրայ
կ՚արձանանան
կաղնիները,
իրարու
մօտիկ,
բարձր
ու
նիհար
ոստերով։
Ծառերուն
տխրութիւնը
մէկէն
կը
զգացուի։
Անոնց
բուները
ձողիկ–ձողիկ
են
եղել։
Իրարու
շատ
մօտ
տնկուած
ըլլալնուն՝
ուժ
չեն
ունեցեր
հաստ
ճիւղեր
ճարելու։
Ճնշումի
սերունդ,
մեղքի
արձաններ՝
անոնք
կը
մնան
հոն,
իրար
անցած
մազերով,
կոտրտած
մէջքով,
չոր
բազուկներով։
Ու
անոնք
չեն
մեծնար.
Կանանչ–Կիրակիին
երիտասարդը
կարած
է
անոնց
արմատներուն
աչքերը
ու
կապած
անոնց
տերեւներուն
երակները,
ու
անոնք
շատ
ուշ
կը
մեռնին,
կանուխ
հանգիստը
անոնց
արգիլուած
ըլլալուն։
Ու
յոգնած,
վար
կախուած
թեւերնուն
վրայ
ժողովուրդին
հաւատքը
լաթ
ու
հուլուն
է
շարեր։
Ու
աղջիկները
լուռ,
մտամփոփ
շրջանը
կ՚ընեն
անոնց
ցաւաբեկ
իրաններուն:
Մեղքին
վկաներն
անոնք,
խեղճ
ծառեր,
որոնց
արմատին
տակ
տակաւին
կնկան
սիրտը
կը
զարնէ։
Պարողները
կը
պատռեն
իրենց
վրայէն
լաթի
կտոր
մը,
կը
կապեն
զայն
արդեն
ծանրաբեռնուած
շիւղերուն
վրայ։
Յետոյ
խաչ
անելով
կը
վառեն
մոմերը։
Խունկերը
կը
ճերմկնան,
մահուան
հոտ
մը,
գերեզմանի
տխրութիւն
մը
կամաց–կամաց
կը
նստի
ծառերուն
մէջն
ու
տակը:
Ու
երբ
մթնշաղը
մեռնի
բոլորովին,
ու
արեւի
կտորներ
ճիւղերուն
արանքներէն
գան
կարմրիլ
ու
խաղալ
գետնի
շաղերուն
վրայ,
աղջիկները
կ՚իջնան
վար,
Աւազանի
ափին
լուացուելու։ .
Կը
լուացուին
անոնք։
Ջուրը
կը
պագնէ
անոնց
երեսն
ու
սրունքները,
կուրծքն
ու
մազերը:
Հաւաքուած
ծաղիկները
կը
փետտուին
ու
կը
նետուին
Աւազանին
մէջ։
Երբ
մեղաւոր
ծառերուն
հոգուն
փակցուած
մոմերը
մարին,
աղջիկները
կը
պառկին
Աւազանին
մօտի
թաւ
կանանչին
վրայ
կը
գլորուին,
կը
գլորուին։
Խոտերը
իրենց
թաց
համբոյրը
կու
տան
անոնց
կարմիր
երեսներուն,
շաղին
զովութիւնը
սեւ
փայլ
մը
կը
նետէ
անոնց
մազերուն
վրայ,
ու
երգը,
պարերգը
կը
շարունակուի
հետզհետէ
ոգեւորուած,
տաքցած,
քաղցրացած.
–
Փրփրեր
է
կ՚երթայ
ծովը։
Եկուր
պագնեմ
բերնիդ
քովը…
Ու
գովացած
ու
կարմրած
անոնք
ոտքի
կելլան,
վերջին
նայուածք
մը
կը
նետեն
Սեւրի
զոհերուն
մռայլ
խումբին,
ու
պարելէն
ու
երգելէն
կը
բռնեն
գեղին
ճամբան։
Հովն
անոնց
հետ
կ՚իյնայ,
անոնց
մազերը
կը
ցրուէ
ու
պզտիկներուն
շրջազգեստը
գլուխնին
կ՚անցընէ։
–
Հա՜յ-Կանանչ
կարմի՜ր–կանանչ.
Ու
ձայնը
կերթայ
հեռուները
մեռնելու։