Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ, ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔ

ԱՌ ՏԷՐ ՔԱՀԱՆԱՅ

Անցեալ օր, երբ ոտքս եկաք իմ խոստովանանքս լսելու համար, խնդրեցի յետաձգում` իմ անպատրաստութիւնս առարկելով։ Համարձակութիւն չունէի բերանացի խոստովանիլ ձեզ մեղքերս։ Ահա գրով կու գամ ձեզի ներկայացնել հոգւոյս վիճակն։

Եւ նախ ի ձէնջ կը խնդրեմ, ո՜ քահանայք, մի՛ այդքան նուաստանաք։ Դուք հաւատացելոց ոտքն այժմ կ՚երթաք, ու փոքր միւս եւս հաւատացելոց ոտքն ալ պիտի ծռիք համբուրէք. կասկած կու տաք մեզ, թէ քան զմեզ աւելի հասարակ մահկանացուներ էք, դո՛ւք, որք կը կոչուիք Բարձրելոյն պաշտօնեայք։

Եւ ահա կը սկսիմ խոստովանանքս։

Ա.

Մարդ մը սպաննեցի՜… Եւ այդ մարդն իմ ամուսինս էր… Եւ երբեք ոք իր կինն այնքան չէր սիրած, որքան ամուսինս զիս կը սիրէր…։ Հո՜ն է հիմայ, հողին տակ, որ իմ ճերմակ ծոցոյս չը տուած հանգիստն իմ ամուսնոյս ընդ միշտ պարգեւեց…։ Պէտք է, որ ես անձամբ, ուսիս վրայ կրելով, մահու բլուրն հանեմ տապանաքարն, որ ամուսնոյս ոսկերց վրայ պիտի բարձրանայ։ Պէտք է, որ այնուհետեւ ալ օր առ օր այդ տապանաքարն իմ զղջման արտասուքներովս հալեցնեմ…։ Ո՜հ, պէտք է՜ր, որ Ղովտայ կնոջ նման ես ալ քար կտրէի եւ ամուսնոյս իբրեւ շիրիմ ծառայէի…։

Զի ես դաշոյնի հարուածով մը` իւր անկողնոյն մէջ, իւր քնոյն մէջ, իւր հեշտագին երազոց հրեղէն թեւերուն մէջ, չը սպաննեցի իմ ամուսինս։ Մէ՛կ ձայնով չազատեցաւ նա` չը տեսնելով իսկ իւր սպանիչն։ Ո՛չ դաշոյն, ո՛չ թոյն, ո՛չ պարան, ո՛չ դարան. այլ յայտնապէս, համարձակապէս, յամրապէս սպաննեցի խե՜ղճ իմ ամուսինս…։

Ա՜յն առաջին օրն, երբ զիս տեսաւ, կարմրագոյն հանդերձ մը հագած էի։ Խորհրդաւոր ազդարարութիւն մ՚էր այդ, զոր չիմացաւ. հրեշտակ կարծեց զիս, որ պիտ՚ ըլլայի դահիճն այն զգայուն, սիրուն, զուարթուն երիտասարդին…։ Եւ որքա՜ն կը սիրէի զայն…։ Ինք սեւ զգեստ մը կը կրէր այն առաջին երանիկ օրն։ Ո՛րքան հակակիր էին մեր հանդերձից գոյներն, ա՛յնքան միմեանց համակրեցան մեր սիրալիր սրտերն։

Ափին մէջ խիճ մը կար (հանդիպեցանք նմա ծովափի մը վրայ, ուր կը ճեմէր առանձին). հասարակ քաղաքավարութեան պահանջմամբ` պարտէ՜ր յանզգայս ձեռքէն սահեցնել քարի կտորն։ Ո՛չ, ընկերութեան չը մատոյց այդ յարգանքն. ընդհակառակն, յաճախ կը նայէր խիճին, որպէս թէ քարացեալ այն ծովու փրփուրն` ըլլար ադամանդ կամ գոհար։ Եւ այդ խիճէն գոգցես կը ներշնչուէր, երբ բանար բերանն ու խօսէր։

Նոյն իսկ այդ խիճն, ուր ուրեմն եղաւ ընկերութեան համար խօսակցութեան նիւթ. իմաստասիրական վիճաբանութիւն մը բացուեցաւ, որովհետեւ ընկերութեան մէջ կային ուսեալ անձինք երկու սեռէ։ Նրբամիտ եւ աշխոյժ պատանի մը (Բարիզէն նոր վերադարձած) համարձակեցաւ կասկած յայտնել, թէ արդեօք համայնաստուածեան չէ՜ր այն համակրելի երիտասարդն, ոյր աչկունք երկիւղածօրէն յաճախ խիճին վրայ կը կասէին եւ որ գուցէ գաղտնի կ՚երկրպագանէր աւազին եւ ալեակին, աստեղց եւ այն աստղափառ Սեւազգեստ երիտասարդն ինձ նայեցաւ բնազդմամբ, եւ մեր աչկունք, իբրեւ կորուսեալ եղբարք, որք երկար տարիներէ յետոյ յանակնկալս զիրար կը գտնեն պատահմամբ, այնպէ՜ս ընդ միմեանս գրկախառնեցա՜ն…։ Պատանին, որ ներքին գոհունակութեամբ մը նշմարեց այս սիրավառ ակնարկներու փոխանակութիւնն, իւր աստղավառ ածականին բուն գոյականն անպատշաճ դատելով անշուշտ արտասանել` ապակիի կտոր մը նշմարեց, որ կը փողփողէր գետինն` աստղի մը նման, եւ լրացուց իւր խօսքն` ըսելով քմծիծաղով. «Եւ այս աստղավառ ապակիին»։ Հարմայ (այն վայրկենին իմ սէրս, իմ կեանքս, իմ ողջակէզս, իմ մահս) յուզեալ էր անբացատրելի կերպիւ. աւելորդ է ըսել։

Չարաճճի պատանին, որ իւր խօսակցութեանց մէջ հրախաղութիւններ ու մարմնամարզական ոստումներ կ՚ընէր, թողլով Հարմայն իւր անպատում յուզման մէջ, ներկայից առ հասարակ ուղղելով խօսքն` հետագայ կերպիւ շարունակեց. «Զարմանալի՜ բան. հասուն մարդկութեան դաւանանքն նոյն է՜ մանուկ մարդկութեան դաւանանքին հետ. նախնական մարդիկ կը պաշտէին նիւթն, եւ իննեւտասներորդ դարու զարգացեալ մարդն ալ կը պաշտէ նիւթն…»։ Ներշնչեալ կերպարանօք մանկամարդ տիկին մ՚ընդհատեց անհամբերութեամբ. «Կը ներէք, պարոն. ո՛չ նախնական մարդկութիւնն եղած է նիւթապաշտ, ո՛չ իննեւտասներորդ դարու մարդկութիւնն. որքան ալ յետս ընկրկինք ժամանակին մէջ, հանապազ կը գտնենք առ մարդիկ ոգիներու հաւատքն ու պաշտօնն. եւ որքան յառաջ ընթանանք ժամանակին մէջ, այնքան առաւել ի մեզ պիտի զօրանայ հոգւոյ անմահութեան հաւատքն…։ Նիւթ, հիւլէ. յաճախ կը յեղյեղենք այս անուններն, եւ իմաստասէր երիտասարդ մը գուցէ կ՚երազէ Հայոց մէջ նորոգել Ադոմական կամ Հիւլէական դպրոցն։ Այլ միթէ գիտե՞նք կատարելապէս` ի՞նչ է նիւթն, ի՞նչ է հիւլէն. վերլուծէ՛ նիւթն ու վերածէ՛. վերածէ զայն իւր փոքրագոյն մասանց ու մասնկաց. հուսկ ուրեմն ի՞նչ կը գտնես. միթէ կը գտնե՞ս ոչինչն։ Ո՞չ ապաքէն անծանօթն է, որ յետ ամենայն քննութեանց ու հետազօտութեանց կ՚ելնէ դէմդ, եւ ըզքեզ անբացատրելի կերպիւ կը յուզէ, եւ ըզքեզ այն դրից կը վերածէ, յորում սուրբ սեղանին առջեւ կը տեսնենք քահանայն` ահեղ խորհրդոյն կատարման ժամանակ…»։

Ինձ (եւ Հարմային) այնպէս թուեցաւ, թէ այդ կինն` ո՛չ նիւթապաշտ Բարիզեանին կարծիքն հերքելու համար կը խօսէր, քան երգելու համար մեր սրտերու փթթումն եւ որոշելու համար մեր սիրատենչ հոգւոց զմայլումն…։ Ամբողջ ընկերութիւնն ալ սքանչելի տպաւորութեան մը ներքեւ էր, բացի սիրուն պատանիէն, որ անշուշտ անզգայ չէ՛ր մնար հոգեպաշտ տիկնոջ պերճախօսական տաղանդին ու քնարերգական ձայնին, այլ որ Հարմայի ձեռաց խիճին կը նայէր ակնարկով մը, որ ըսել կ՚ուզէր. «Իմ համոզումս կարծր է նման այդ խիճին. եւ եթէ ելեքտրացուցիչ բանք ու մոգիչ ակնարկք կարենան իսկ զայն ի փոշի վերածել, այդ անջնելի փոշիներն իրար կը մագնիսեն եւ կը վերակազմեն իմ նիւթապաշտական դաւանանքս»։ Շարունակեց կինն նոյն եղանակաւ խօսիլ։ Անշուշտ քաղաքավարութեամբ` չը փորձեց Բարիզեան պատանին ընդդիմախօսութիւն ընել։ Ուրիշներն ալ խօսեցան` այլ հաստատելու համար այն բարձր հոգեպաշտութիւն, զոր ոչ միայն խանդավառ ջատագովութեամբ մը կը պաշտպանէր հիանալի կինն, այլ զոր կ՚անձնաւորէր գոգցե՜ս։

Օրն երեկոյացած էր. եւ ալիք մանրացած էին ու ծովափին վրայ կու գային մեղմիկ ու մելամաղձիկ կը մարէին. ստուերք հետզհետէ կը տարածուէին ու կը ստուարանային. Ֆէնէրի լապտերին լոյսն նշմարելի կ՚ըլլար։ Մագնիս ունէր այդ լապտերն Հարմայի սրտին համար ա՜լ. անքակտելի միութեանց խորհրդաւոր վկայ մ՚է գոգ այն անդնդոց լուսատուն։ Միութիւնն արդարեւ կատարեցաւ այն երեկոյ մեր կոյս սրտից միջեւ։ Եւ վեց ամիս յետոյ մեր գլուխք ալ նոյն պսակին ներքեւ պիտի միանային, վկայ` զԱստուած ունենալով եւ ըզմարդիկ, նաեւ այն հեշտագին ափանց ցայգալուսիկ պահապանն, որ փոթորկաց մէջ հանգրուան ցոյց կու տայ նաւուց, այլ որ, աւա՜ղ, անկարեկիր է հանդիսատես` մեր կենաց փոթորիկներուն…։

Բ.

Ա՜հ, մեր միութիւնն նոյն իսկ դու նուիրագործեցիր, ո՜ խոստովանահայր իմ։ Շրթամբքդ ու ձեռօքդ օրհնեցիր դու մեր պսակն. ու բարեբաստիկ ամաց վրայ մեզ խօսեցար. ըստ քոյդ մաղթանաց ու գուշակութեանց պիտի գայի՜ն բարեբաստիկ տարիներն, հեշտաբար իրարու պիտի յաջորդէին բարեբաստիկ աւուրք մինչեւ ի խոր ծերութիւն, ուր մեր ալեւոր գլխոց վրայ տակաւին թարմ պիտի թրթռար սիրոյ սուրբ պսակն։ Ահա՜ միութիւն, ահա՜ երանութիւն, ահա՜ խաղաղութիւն, ահա՜ խոր ծերութիւն։ Դեռ գլխոյս վրայ ճերմակ մազ մը չունիմ, եւ ամուսնոյս գլխուն վրայ քանի՜ սեւ մազ էր մնացած, Աստուած իմ, երբ նա փարեցա՜ւ սեւ հողին…։

Ի՞նչպէս չը գուշակեցիր այս կարճատեւ միութիւնն, այս եղերական վախճանն, այս անլուր մարդասպանութիւնն եւ սոսկալուր խոստովանութիւնն, որ ահա…։ Բժշկի կը բաղդատեն ըզձեզ, ո՜ քահանայք. եւ մեք այնպէս կը հաւատանք, որ, երբ պատարագէք, ընդ Աստուծոյ կը խօսիք. արդ, երբ ձեզ կը ներկայանան երկու ծաղկահասակ էակք` յաւիտեան միանալու համար, երկու հիւանդք են նոքա. դուք, հոգեւոր բժիշկք, ի՞նչպէս անկարող էք ճանաչել այդ ախտացելոց ախտն. ի՞նչպէս անկարող էք իմանալ իրենց ներքին տրամադրութիւնն ու գաղտնի դիտաւորութիւնն. ի՞նչպէս անկարող էք գիտնալ այդ երկու բնութեանց յարմարութիւնն եւ կամ անյարմարութիւնն. ի՞նչպէս անկարող էք մակաբերել այն միութեան հետեւութիւնն. ի՞նչպէս անկարող էք դեղ սահմանել իրենց ախտից, եւ ի՞նչպէս մանաւանդ անկարող էք նոցա տիրաբար պատուիրել. «Բժշկուեցէք, եւ ապա ամուսնացէք». կամ սաստել զնոսա. «Ձեր սէրն զգայական սէր մ՚է միայն. դուք երջանիկ ամոլ մը չպիտի կրնաք ըլլալ. դժբախտ պիտ՚ ըլլաք դուք ու դժբախտներ պիտի յաւելուք»։

Ո՜ քահանայք, դուք անկարող էք ճանաչել մեր ախտերն եւ դարմանել մեր վէրքերն. եւ այլեւս չեմ հաւատար ես որ Աստուած ընդ ձեզ կը խօսի։ Զի եթէ խօսէր Աստուած ընդ ձեզ, իր խորհրդոց գիտակ պիտ՚ ըլլայիք յաւէտ. ամենագէտ եւ ամենակալ Աստուածն ի ձեզ պիտի բարբառէր եւ ձեզ պիտ՚ ըսէր. «Մի՛ հաւանիք այդ միութեան. մի՛ կցէք այդ ճակատներն, որոց մին սառած է արդէն. մի՛ թողուք վրդովիլ ընտանեաց խաղաղութիւնն ընդհանուր աշխարհի»։ Ո՜հ, քանի որ կը խորհրդածեմ, սարսափելի խորհուրդներ մտացս մէջ կը խռնին ու կը խառնին, ո՜ խոստովանահայր իմ. կը յուսահատիմ ես աշխարհի խաղաղութենէն, կը յուսահատիմ մարդկութեան ապագայէն։ Կը զգամ նաեւ, որ անկարելին ի ձէնջ կը պահանջեմ…։

Կ՚անդրադառնամ, միւս կողմէն, ես իմ վրայ, եւ անգամ մ՚ալ ես ինձ կը հարցնեմ, թէ սիրա՞ծ եմ։ Այո՛, սիրած եմ. առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրն, այո՛, սիրած եմ ես իմ հէ՜գ ամուսինս։ Կը հարցնեմ ես ինձ, թէ լաւ ուսում առա՞ծ եմ։ Այո՛, կանոնաւոր ու հաստատուն կրթութիւն ստացած եմ։ Այդ հարցումներէս եւ այդ հաստատական պատասխաններէս կը հանեմ վերջին հարցումն։ Իմ սէրս եւ իմ կրթութիւնս ի՞նչպէս, ինչո՞ւ չարգիլեցին զիս` իմ ամուսինս սպանանելէ…։ Իր պատկերն ամէն օր ծոցս պահեցի վեց ամիս, եւ ամէն ժամ զայն համբուրեցի։ Եւ ի՜նչ համբուրելի ճակատ, ի՜նչ ազնուական կերպարան, ի՜նչ երազուն աչքեր, ի՜նչ ծանրախոհ միտք, ի՜նչ սրտազդեցիկ ձայն, ի՜նչ թափանցիկ սիրտ, ի՜նչ անթափանց հոգի. կը սիրէի զայն մարմնովս ու հոգւովս։ Վկայէ՛ դուն, ո՜ մարմար, որ ճակատուս հուրն եւ աչացս արտասուքն այնքա՜ն անգամ քաղած ու ծծած ես. վկայէ՛ դուն` ի՜նչ սէր ունէի, ի՜նչ տագնապներ կ՚անցունէի, երբ թեթեւ անհանգստութիւն մ՚իսկ ունենար հէգ Հարմաս…։

Այլ ընդէ՞ր չես դու պատասխաներ, ո՜ քահանայ. սէրս անհուն ու բոլոր իմ ուսումն ի՞նչպէս եւ ինչո՞ւ թողուցին, որ կաթիլ առ կաթիլ քամեմ Հարմային արիւնն, որ յաճիւն վերածեմ այն հուրն…։ Ըսէ՛, քահանա՛յ Բարձրելոյն, բարձր ձայնով ըսէ՛, որպէս զի բոլոր աշխարհ լսէ. ըսէ՛, թէ ես, ոյր մեղքերն այնքա՜ն թեթեւ կը գտնէիր, ի՞նչպէս կրցայ տիեզերաց ամենէն մեծ ոճրագործն ըլլալ, ես, զոր թերեւս երկրաւոր հրեշտակ մը կը նկատէիր. չունենալով զաւակ` կողակից ու զաւակ էր միանգամայն ինձ համար այն սիրոյ, գորովանաց եւ սքանչացման արժան էակն. եւ ես ամուսինս ու զաւակս սպաննեցի մէկ ձեռքով։ Օ՛ն, տուէ՛ք իմ քաջութեանս վարձքն. երկու կրծոցս վրայ շողան թո՛ղ պատուանիշ խաչք…։

Գ.

Բայց ես մոռցայ հարցում մ՚ալ ուղղել ինձ. հարցուցի` «Կը սիրէի՞» եւ «Ուսեա՞լ էի». եւ հաստատապէս «Այո՛» պատասխանեցի. չը հարցուցի, թէ կատարեալ դաստիարակութիւն ընդունա՞ծ էի…։ Ըզձեզ, ո՜ խոստովանահայր իմ, ամբաստանեցի. թերեւս զԱստուած իսկ ամբաստանեցի. հիմայ պէտք է, որ ամբաստանե՜մ կենացս հեղինակներն ալ, ծնողքս ալ…։ Որպէս զի խոստովանանքս ամբողջ ըլլայ, պարտիմ ամէն բան յայտնել, սիրտս լիովին աստանօր պարզել։

Մայրս, որ հաւատարիմ ամուսին մ՚էր եւ որ առաքինի կանանց դասուն մէջ կը դասուէր, մայրս… բնաւ փափկութեամբ չէր վարուեր հօրս հետ. կարծէր նա թէ իրաւունք ունէր յարգուելու, եւ պա՜րտք ունէր նախատելու. եւ նախատանաց կարկուտ կը տեղար հէգ հօրս գլխուն վրայ, ի ճահ կամ յանճահ. սովորութիւն ունէր ընդհանրապէս սեւ կոչել կաթն, երբ հայրս կը հիանար կաթին սպիտակութեան վրայ. կը յանդիմանէր հայրս, թէ մեծ հարստութիւն չէր դիզած` նոյն իսկ ապօրինի միջոցներով, որպէս յաջողին ընել ոմանք (չըսեմ բազումք). կը կշտամբէր հայրս, թէ չէր կրնար բազում լեզուներ խօսիլ եւ բազում պետական անձանց հետ տեսնուիլ. կը ստգտանէր հայրս, թէ բարեխառն կեանք կը վարէր, թղթախաղի ակումբներ չէր յաճախեր, ծխախոտի եւ օղիի չէր սովորեր. մայրս… սպասաւորաց առջեւ անմիտ, անզգայ կ՚անուանէր հայրս. կը հեգնէր զայն. անանուն էակաց կը բաղդատէր եւ կը հաւասարացնէր զայն։ Հայրս դուն ուրեք կը պաշտպանէր զինքն. այլ քանիցս իմացած եմ զայն` աղաղակել արտասուալից ձայնիւ. «Աղջկանդ չար օրինակ պիտ՚ ըլլաս, պիտի սպաննես Վարդուհին»։

Դ.

Հօրս երկիւղն իրացաւ. կատարուեցաւ, աւա՜ղ, բարի հօրս չար գուշակութիւնն։ Ուսուցիչներէս եւ ուսման գրքերէս գրական ծանօթութիւններ ուսայ. բնութենէն (կամ երկնքէն) սէ՜ր ուսայ, բայց մօրմէս անկրթութիւն ուսա՜յ. մօրմէս ուսայ նկատել ամուսինս իբրեւ գերի, քմահաճոյիցս խաղալիկ ընել զայն, խորտակել ու խաւարել իւր սիրտն. ա՛յնպէս վարուիլ Հարմայի հետ, որպէս թէ չըլլար նա տէրս, սէրս, գերագոյն բարիքս, գանձս, եւ պիտ՚ ըսէի` Աստուածս…։

Եւ երբ կը մտածեմ թէ ի՞նչպէս կարող էի խոշտանգել այն փափուկ էակն, որ իմ սիրտս իւր սիրոյն մեղրովն յարաժամ կը լցունէր, երբ կը մտածեմ, կը զարմանամ ու կը սոսկամ. եւ կը յիշեմ հէգ հօրս խօսքն. «Աղջիկդ պիտի սպաննես»։ Սխալ ըսիր, հայր իմ. մայրս իր փեսան պիտի սպանանէր, մայրս իմ ամուսինս պիտի սպանանէր…։

Այո՛, խոստովանահա՛յր իմ, մայրս սպաննեց իմ ամուսինս, իմ եղբայրս, իմ որդեակս, իմ Հարմա՜ս. երկամեայ կենակցութենէ մը յետոյ` բաժնուեցայ յաւէտ իմ անբաժանէ՜ս…։ Քաղցրահամբոյր էի մեղրալուսնոյն միջոցին. սակայն մայրս ընդհուպ յիս արթնցաւ. բնութիւնն անհամբեր էր գործունէութեան մէջ մտնել եւ ի գործ դնել մայրական կենդանի դասե՜րն։ Անգիտակցաբար, մեքենաբար կը գործէի. հակառակ այնքա՜ն գգուանաց ու գորովանաց, վէրքերը կը բանայի խորո՜ւնկ խորո՜ւնկ… սրտիդ մէջ, ո՜վ իմ սիրականս, ո՜վ իմ նահատակս…։ Ա՜հ, է՞ր ամուսնացար. կենաց դպրոցին մէջ ուսած սրտակից մէկ բարեկամդ կը գրէր քեզ հետագայն, զոր այս առաւօտ միայն կարդացի հին թղթոցդ ծրարին մէջ. «Զգայուն եւ փափուկ կազմուածքդ ճանչնալով` ամուսնութիւնը օգտակար չեմ դատեր քեզ համար»։ Ինչո՞ւ փորձառու բարեկամիդ չանսացիր. ինչո՞ւ զիս սիրեցիր. մեռնելո՞ւ համար… ծաղիկ հասակիդ մէջ…։ Բայց դուն այնքա՛ն զիս կը սիրէիր, որ եթէ քեզ անսուտ պատգամ մ՚իսկ զեկուցանէր, թէ մահուան հրեշտակն ե՛ս քեզ համար պիտ՚ ըլլայի (որպէս իրօք իսկ եղայ), դու չը պիտի վարանէիր երբեք ինձ միանալ ու ձեռօքս մահանալ։ Է՞ր զիս այդքան սիրեցիր, է՞ր զիս այդպէս սիրեցիր։ Հազար եւ բիւր կեանքի համարժէք էր կեանքդ, եւ ես զայն շիջուցի. բոլորովին սէր էիր, եւ դու միայն ինձ էիր. եւ ես մահուամբ հատուցի սէրդ…։

Եւ աշխարհ ահա նահատակէն աւելի դահիճին վրայ կը խղճա՜յ…։

Կու գան իմ արտասուացս գին կտրել. կու գան իմ երիտասարդութիւնս ինձ գովել…։ Նամակ մ՚իսկ ընդունեցայ մխիթարակա՜ն…։ Այն չա՜ր սատանան, այն նիւթապաշտ պատանին, որ ներկայ էր Հարմայի հետ առաջի՜ն տեսակցութեանս եւ որ առիթ տուաւ (կրնայ ըսուիլ) մեր սիրոյն արտայայտման, այն հայ Տօն Ժուանն, որ Հայ ընկերութեան ծոցոյն մէջ կը ծաւալէ բարիզեան վարդաբոյր ապականութիւնն, այն գեղադէմ ու նրբամիտ պատանին, որ կը դիւթէ կոյսերն ու կիներն… այն է, Տէ՛ր Հայր, որ կու գայ մխիթարե՛լ զիս…։

Հոգիս աննկարագրելի վիճակի մը մէջ կը գտնուի. կը զգամ, թէ բան մը կ՚աւելնայ յիս ու բան մը յինէ կը պակսի միշտ։ Ի՞նչ է այս մակընթացութիւնն ու տեղատուութիւնն, որ գրեթէ միանգամայն կը կատարուի, Տէր Հա՛յր. ի՞նչ է պակսածն, ի՞նչ է յաւելցածն…։ Հարմաս պիտի մօրմէս երթամ պահանջեմ. այդ Տօն Ժուանէն ալ պատիւս պիտի պահանջեմ. եւ քենէ, պաշտօնեա՛յդ Աստուծոյ, ներումս պիտի պահանջեմ։ Պիտի տա՜ս ինձ թողութիւն։ Եթէ մերժես, օր մը Սրբութիւն Սրբոցին վրայ պիտի տեսնես կնոջ ձեռք մը, որ կը դողայ եւ նուրբ երկաթ մը, որ կը շողայ. եւ այդ դողդոջուն ձեռքն, այո՛, պիտի դողացնէ բոլոր տաճարն…։

Եւ ահա կը կնքեմ խոստովանանքս. վերջին անգամ մ՚ալ կը խնդրեմ ներումդ, ո՜ Հայր, առանց սակայն յուսալու, թէ ներումն հոգիս պիտի խաղաղէ։ Միշտ բան մը կը մտնէ ներսիդիս, ու միշտ բան մը դուրս կ՚ելնէ ներսիդիէս. չը գիտեմ` ի՛նչ է մտածն ու չը գիտեմ` ի՛նչ` ելածն. ա՛յն միայն գիտեմ, թէ կեանքն ինձ համար անտանելի լուծ մը կը դառնայ…։ Կը մթննան աչքերս, եւ պատկեր մը կը տեսնեմ միայն։ Այդ պատկերին մէջ քովէ քով կը տեսնեմ մայրս` դաշոյն մ՚ի ձեռին, Հարմաս` ահագին խաչ մ՚ուսին վրայ, Տօն Ժուանն` նեկտարի բաժակ մ՚ափին մէջ, եւ Աստուած, որ ծալլած է թեւերն ու կը մտմտայ…։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ