Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ, ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՄՈՆԱԶՆ

ԱՌ ՎԱՀՐԱՄ ՍԸՎԱՃԵԱՆ [1]

Փողփողմանց մէջ կո՜յր է, փոթորկաց մէջ` խո՜ւլ։

Եւ անզգայ` կատուիկին լեզուին, որ կը լզէ, զգայամոլ կատուիկին հոտարբոյց, որ կաթնաթուրմ լեզուով կը լզէ մշկահոտ ձեռքն առեղծուածային էակին։

Աջ ձեռքն յուլակի պատուհանէն վար կախուած ու հանըմ-էլիի գանգրագեղ ոստոց մէջ հեշտօրէն մոլորած, ձախ ձեռքն ի համբոյր երկնցուցած սեւագէս, սեւագլուխ, ձիւնաթոյր կատուին, մոնազն` ակնապիշ կէտի մը վրայ, որ գարիի հատիկ մ՚է գետնաքարշ գօս տերեւիկի մը թեւին ներքեւ ապաստանած, կը խորհի՜։

Դէմքն (առաւօտ է եւ դեռ ջուրն անդոհական երազոց հետքն երեսին վրայ ջնջած չէ), դէմքն ա՛յնքան տժգոյն է, դիմագծերն ա՛յնքան անողոքաբար հաստատուն, եւ աչքերն ա՛յնքան անկենդանօրէն սեւեռուն, մինչ զի մտածումն, իբր շիջուցեալ աստղի մ՚ինքնիշխան ճառագայթն, արդէն թողած ըլլալ կը թուի միայնակեցին գանկատուփն եւ փոխադրուած աչաց սեւեռակէտին վրայ, եթէ ոչ աւելի՜ հեռու, եթէ ոչ փոխադրուած ան տեսա՜կ ձեռքին վրայ, որոյ մատանց ծայրէն բարեբաստիկ զինչ մարգարտեայ իմն հատիկ` գլորած-ինկած է վար գարիի հատիկն ու վառեակէն անտես մնացած` որպէս անտես այժմ գարեբաշխ թաթիկն. կամ մանաւանդ մտածումն այն սիրամոլ խորհրդազգած էակին հողահայեաց` պտուտակած ծակած է հողն, հողագնտոյս տեսլական տրամագիծն ընդգրկած, եւ` անծայր գծին ի ծայր` լայնատարած բացա՜ծ է թեւերն, եւ, լոգանալով ծիր կաթինին լուսալեաց մէջ ու խորտակելով աստեղատանց լուսապակիներն, իւր կաթնարիւնաթոր տենդարշաւ վերասլացումն յառաջ մղած է մինչեւ անկշռելի եթերին աներեւակայելի բնագաւառներն, յորս առ յաւէտ թրթռացող միգամածային լուսոյն ու մանրախազային երկնօձահանգէտ վէտվէտմանց վրայ կ՚ոլորի` թեւ համակ կամ համակ թմրութիւն…։

***

Աննշմարելի՜ շարժմունք առանձնակեացին դիմաց վրայ։ Երկրորդ զարթնումն է սթափո՜ւմն ի բացակնեայ քնոյն։

Կատուն` հրաշալի գլաուն, գետնէն ծնգաց վրայ նետուած է մենակեացին, ծունգէն ուսն, նռնռերգակ օդապա՜ր ոստում. ուսէն վերջահոլով իջած է գիրկն, անդի վերստին նետուած է գետին. ու, տարաշխարհիկ կենդանածաղկի մը հանգունակ, իւր առաձիգ գալարուն լեզուն ազնուապետական յամրութեամբ մը վերստին յածեցուցած է կաթին յախճապակեայ ամանին եզերքն, ու վերստին լզած է մշկահոտ ձեռքն եւ երե՛սն իսկ մոնազին, որ գունաթափ է ցմահ` անյա՜գ ու վայրա՜գ ծծմամբն անրջային իգաշուրթն համբուրից։

Սակայն կատուիկին թաւշոտնեայ թեթեւ մարմնամարզութիւնք ու հեշտալեզու հեղուկ մարմնալիզութիւնք, իւր ձեռնածութիւնք ու ձայնարկութիւնք չե՛ն այնքան ոյք վրդոված են միանձին մտահայեցութիւնն։ Զգացումն պարտականութեան եւ աննահանջ հացի կռուոյն մղումն ինքնաշարժական` որոշեալ ժամուն` սկսած են շարժել կամքն, որ յարաճուն յամառ զօրութեամբ մ՚ահա կը վարէր սմսեղուկ խուլ պայքարն ընդդէմ բնազօր ճախրատենչիկ ձգտմանցն հոգւոյն։ Ու կը թուլանայ տակաւ աչաց սեւեռումն ու դիմագծերու կարկամութիւնն։

Նուաղեալի մը նման, որ կը սթափի, միայնակեացն իւր շուրջ կը նայի, դատարկայա՜ծ հայեացք հիւանդի։ Հայեացքն երկրորդ պտոյտ մ՚ալ կ՚ընէ շուրջանակի, սակայն բացատրութեամբ մը (կամ շեշտեալ բացատրութեամբ մը) այս անգամ, ի թիկո՜ւնս կոչելու բացատրութեամբ։

Բնութեան ժպիտն անշարժութեան խրախոյս մ՚է առ մոնազն. այլ կը շարունակէ կամքն հակագործել։ Ճիգ յոտն կանգնելու։ Անյաջողութի՜ւն։ Այդ ճիգն զգրգռութիւն մը կու տայ կամքին զօրութեան. ակնթարթի մը մէջ իր իշխանութեան ներքեւ կը մտնեն զգայարանք ու գործարանք համայն. եւ, որպէս ոգեգտոյ խից մը, զոր կը պայթեցնեն, մոնազն ընդոստ հեռացած է աթոռէն. վե՜րջապէս ոտքի վրայ է դասատուն։ Կամքին առվայրեայ դլացմանէն օգուտ քաղելով` նախանձու ակնարկ մը կը ձգէ շեղակի կատուիկին վրայ, բիւրաբաստի՜կ արարած, որ չէ հարկադրուած աշխատիլ, որոյ գորովակաթ ձեռօք կը հոգացուի յար ուտեստն առաւօտ եւ երեկոյ։ Եւ թողլով անասնիկն, որ թարմաշող արփւոյն փայփայիչ ջերմութեան տակ յարդուզարդն ընէ պատուհանին մէջ, տաղտկատատան քայլերով կը յառաջանայ լռին աշխատութեան սենեակն։

Այսօր ի՞նչ դաս պիտի տայ։ Դժնդակ նայուածք մը կը նետէ գրենոյն վրայ, ոյք կը շրջապատեն իր նստարանն, իր սեղանն, իր գրասեղանն, իր մահճակալն. գրենոյն վրայ, ոյք ամէն տեղ են իր սենեկին մէջ, իր հնգեկին սենեկաց մէջ, իր բովանդակ տան մէջ. գրեանն, զորս ունենալու համար լացած էր երբեմն` որպէս կու լայ երիտասարդն` ունենալու համար սիրանոյշ ա՜յն աղջիկն, եւ որոնք (գիրք եւ աղջիկ) ա՛յլապէս կը լացունեն զմեզ, դա՛ռնապէս կը լացունեն զմեզ, երբ ունենանք զանոնք կամ զմե՛զ ունենան անոնք։

Ո՛չ, չը պիտի բանար այն գրքերն, այսօր դաս չը պիտի պատրաստէր։ Չէր ուզեր խօսիլ դասագրքերէն, այլ սրտէ՜ն. ուսանողք աւելի յօժարութեամբ պիտ՚ ունկնդրէին. եւ գրականութեան համար լաւագոյն դասերն անոնք չե՞ն միթէ, ա՛յն դասերն, յորս յատուկ անուանք չեն երբեք յիշուիր ու բանք հասարակ չեն արտաբերուիր. թեւաւո՜ր դասերն, ոյք յիշատակի մը բոյնէն կը թռանին, արտասուաց բաբախուն մակընթացութիւնն իրենց բոցավառ թեւերուն մագնիսականութեամբ կը համբառնան կը տանին յիմանալի բնագաւառս տեսլականին։

Որոշումն ըրա՛ւ չը պատրաստելու դասն։ Եւ համակուած տղու մ՚ուրախութեամբ, որու թոյլ կու տայ մայրիկն այն օր դպրոց չերթալու կամ թէ կը խոստանայ սակառն ամենասիրական կերակուր մը դնելու, մոնազն երգել կը սկսի, եւ կը պտսկէ՜։ Պարտէզ կը վազէ՜. կատուն արդէն հոն է, որ տիրոջն ընդ առաջ կու գայ եւ նոյնպէս կ՚երգէ նըռ նըռ նա՜ու. նըռ նա՜ու, կորելով, որ կարկառելով (իբր մանրադիտական սպիտակ Եունֆռաու կուսալեռ մը ձեւացնելով) իր ձիւնաթոյր քամակն, եւ իւր աղուառնգական ձայնին մոլոր ոլորմանց հետ փոխելով ու փոփոխելով հեգնաշարժ ագւոյն գալարմանց քմահաճոյքներն։

Այդ մնջկատակախառն տարօրինակ զուգերգն ախորժանք, որքան զարմանք կ՚ազդէ դրացուհեաց, որք ցարդ անկարող եղած են լուծել առեղծուածն։ Այդպիսի դասատու չէին տեսած. այդպիսի մարդու չէին հանդըպած։ Աշխարհ կը ճանչնայ զինքն, ինք չուզեր ճանչնալ զաշխարհ։ Անյաղթելի՜ առանձնամոլութիւն. դա՜ռն տենդագին ջանադրութիւն մը` ժամանակն սպաննելու. մանկան պայծառաջի՜նջ զուարթութիւն մը, որ հոգւոյ նաւաբեկեալի մ՚աղտաղտուկ արտասուաց տարափին վրայ կը ծածանի. հառաչանաց հրեղէ՜ն շղթայ մը, որոյ վերջին օղակն է մերթ Աստուծոյ անունն` անկեաց անզգաց էակի մ՚անխռով անգծելի ձայնովն արտասանուած։ Դրացուհեաց մին, ոգազգեաց ահազգաց Յոյն կին մը, ոյր ամուսինն, նոյնպէս ուսուցիչ, անձնասպան եղաւ անցեալ ամ, նա՛ իսկ ոչինչ կարող է գուշակել այդ եզական էակին անցելոյն եւ ապագային վրայ։

Բոլոր դրացուհիք ալ միմեանց հետ կը մրցին հաճոյ թուելու համար մոնազին, որ ամէնուն ալ կը ժպտի, մանաւանդ անո՛ր, որոյ թաթիկէն (այժմ անտեսիկ) գլորեցաւ ինկաւ գարիի հատիկն, որ անտես մնաց վառեակէն` ստորաքարշ գօս տերեւի մը թեւին ներքեւ ապաստանած։

***

Կատուն մինակ մնաց պարտիզին մէջ, մէկ կողին վրայ տարածուած` Լուի Ժագօլիօի ճանապարհորդութեանց հատորներուն մէջ նկարուած հնդիկ հեշտաւէտ կանանց նման, ձետով ծեծելով փոխ առ փոխ կողն ու հողն, եւ նազանաց ու հտպտանաց, գեղեցկութեան ու ռնգաձայնութեան համար ասպարէզ կարդալով գոգցես Յոյն աղջիկներուն, ոյց կը յանկուցանէ նախանձաբե՜կ նամէտ ակնարկներն։

Տէրն յամր-յամր, որպէս պատժապարտն, որ դատարանի մը սանդուխէն վեր կ՚ելնէ, կ՚ելնէ վերի յարկն։ Իբր մտախտաւոր (phrénopathe) անտարակոյս օր մը դատարանաց սանդուղներէն վեր իրօք պիտ՚ ելնէր վայրենազն մոնազն, եթէ մտախտաբանական անլուր պարագայ մը չը լինէր իւրն. որովհետեւ ո՛չ առարկայ կամ անձ մ՚եւեթ բնաջինջ ընելու տենդովն է վառեալ, այլ կամէ՜ր իսպառ ջնջել`  տիեզե՜րքն…։

Աչօք փակելովք կը մտնէ գրասենեակն, ակամայ, այո՛։ Բայց աչքերն ահա մեծ-մեծ ու կարօտայեղց կը բանայ։ Չուզե՜ր տեսնել, բո՜ւհ, գրքերն. այլ գրասենեակին մէջ չը կան միայն գրքեր. կայ հոն… Գի՛րքն, հոն է Սուրբ Գի՜րքն ալ, այո՛, բազմահատոր, բազմազգեան, Եբրայական, Չինական, Հնդիկ ու Զանդիկ։ Ստուերի մը ծանրութեամբ կը մօտենայ դարուց ստուերներուն ներքեւ մշտաշող այն նուիրական մատեաններուն. իւրաքանչիւրն երկիւղած եռանդնայրեաց շրթամբք կը համբուրէ. եւ յետս` անձնիւր համբոյրէ յետոյ` կ՚ընկրկի, եւ վերստին անձնիւր հատորի վրայ կ՚իյնայ կը տարածուի` մարմնոյն բովանդակ տարածութեամբ` թանձրաստուար այն հատորներուն վրայ, եւ` բժշկուելու հաւատքով Խաչին Աւետարանին փարող քրիստոնեայ հաւատացելոյն նման` իւր թեւոց բովանդակ զօրութեամբ իւրաքանչիւր հատորի կը փարի։

Իրօք կը տենչա՞յ բժշկուիլ բարոյական հիւանդութենէն, որով վարակեալ է եւ կը վարակէ. կը միտի՞ հեռանալ երբեք առանձնակեացն իր առանձնոցէն։ Երբե՜ք, երբե՜ք։

Բոլոր այդ սուրբ գրոց դիւցազուններուն մէջէն միոյն ամենէն աւելի կը համակրի, քաջատոհմիկ ու խռովատանջ Քիու-Քինկ-Եուանին, որ լուսնին հինգերորդ օրն, իր թախիծն եւ իր թաղծութեան երգերն` անմահ Լի-Սաօի պատառներն` յածեցուց, գերագո՜յն թափառերգակ, հեղեղատէ հեղեղատ, եւ հեղեղատաց մէջէն ընտրեց Միւլօն, որոյ ջուրն նուազ դառն կը հաւատար, քան աշխարհիս իրեն մատռուակած քաղցրագոյն օշարակներն։ Քիու-Քինկ-Եուան գրած էր. «Գոռոզ ու քաջարի թռչունք չեն յաւէտ յերամ միանար»։ Ո՛չ, մոնազն ալ իր առանձնարանէն չը պիտի հեռանար, մուտ յաւէտ նա մարդկային ընկերութեան մէջ չը պիտ՚ ունենար։ Եւ իր վշտաց մէջ պիտի մշտնջենաւորէր, իր վիշտերն յաւէտ երգել պիտի սիրէր, Լի-Սաօի եղերգն աղեխորով յաւէտ պիտի ձայներգէր, դառներգէր. «Վշտաչարչա՜ր, ամենէն անագորոյն մտատանջութեանց մատնուած, թափառական գնամ աննպատակ անդուլ անդադար»։

***

Սուրբ գրքերուն հաւասար ա՛յլ սիրելի առարկաներ ունի մոնազն իւր շուրջ, որոց վրայ կը նետէ կերպիւ իւիք մսեղէն ակնարկներ։

Հրատենչ, գրկաբաց, մագլասուր, արիւնախանձ, լլկամիտ լափիչ ակնարկներ` նախ այն Հարբըրս Ուիքլիէ կտրուած էջին վրայ, որ ամենաթեթեւ շունչով մը պատին վրայ կ՚երերայ, եւ ուր սիրատարփ աղջիկ մը` գլուխն ետին ու կը ձգէ կիսամերկ թեւերն ալ առ նամակաբեր աղաւնին։ Միանձին միայնախուցին մեծագոյն զարդն է թրթռուն այդ էջն օրագրի, որ իրեն հետ թաղէ թաղ կը պատի, եւ որ, եթէ հնար ըլլար, պիտի կտակէր մոնազն, որ իր տապանին վրայ ալ տատանի, ծառի մ՚ոստէն կախուած, շնչոց ընդմէջ մահուան եւ կենա՜ց։

Պօննայի Յոբին վրայ, որդնոտ գորտ ի գուճս, մոնազին նայուածք` գանկոտ ու գթոտ, կը տարածուին յամր յակամայս։ Սակայն սոսկալի՜ կերպիւ այդ պատկերն յանկուցիչ է մոնազին հոգւոյն համար։ Ապա ե՛ւ իւր նայուածքն յանզգայս թանձրութիւն եւ արագութիւն եւ թափանցողութիւն կը ստանայ. եւ` ոտքին բթամատէն մինչեւ որդնաբոյն քթին երկնապիշ ծայրն` իր բոլոր կեղերուն ու բոլոր կոճերուն, ու բոլոր ծակերուն ու բոլոր ծալքերուն, ու բոլոր անկիւնացումներուն ու բոլոր կքումներուն, եւ աչաց վերասլացիկ նուաղումներուն եւ ռնգանց նեխատանջ ծամածռումներուն մէջ կը շօշափէ, կը հալածէ որբոյն որդնեռաց մերկանդամ մարմինն եւ զայն կը թափանցէ` ծծելով վէրքերն ի դիմաց եւ ի թիկանց, մոնազին նայուածքն, որ ապա, յետս-յետս թաւալելով պատկառոտ, արտասուաց աւազանին մէջ կ՚երթայ մխրճել ու մաքրել ինքզինքն։

Պատկերակալ մ՚իւր զոյգ թեւերուն վրայ կը կրէ Պայրըն ու մայրն, ոչ Պայրընին, այլ միայնակեացին մայրն։ Այդ երկու անձինք ամենէն աւելի խորին ազդեցութիւնն ի գործ դրած են իր սրտին վրայ, մայրն իբրեւ յօրինիչ, Պայրըն իբրեւ յօշոտիչ այդ սրտին։ Միմեանց անծանօթ այդ կրկին էակներն, ոյք` դեղին-ճերմակ-կարմիր-կապոյտ ու նրբամիտ ու մտատանջ, միմեանց քոյր եւ եղբայր լինել կը թուէին, ետ ընդ ետ իրարու տուած եւ իրարմէ խլած էին այդ տառապանաց նախասահմանեալ սիրտն, որ հուսկ ուրեմն բանաստեղծի՛ն ձեռաց մէջ էր մնացած. եւ հո՛ն ցարդ, այն ձեռաց մէջ, զորս կը վարդագունէին արեւելահուր շրթանց վարազատենդ համբոյրք եւ զորս կ՚արիւնապիսակէին անկեալ հրեշտակի պայքարք ընդդէմ երկնից, այն ձեռաց մէջ, որ Ս. Ղազարու վանուց սրբայեռ հատորներուն խնկահոտութեամբն էր օծեալ, հոն` այն ձեռաց մէջ, կը մնար ցարդ մոնազին սիրտն, որոյ թաքուն խորութեանց մէջ, սակայն, կ՚առկայծէր ամենէն առաքինի կնոջ` իր մօր գորովագին ու մտատանջիկ նայուածքն։ Նոյն պատկերակալին թեւոց ետեւի կողմն ալ կան զուգեակ կենդանագիրք. մօրն ետեւ մոնազին մարմնաւոր կրտսեր եղբայրն է վաղամեռ` Պօղոսիկ. եւ Պայրընին ետեւ մոնազին մտաւոր կրտսեր եղբայրն անմահ` Արշակ Չօպանեան։ Մայր ու զաւակ, հայր ու զաւակ։ Պատկերակալ մը դատարկ` առ նոյն պատկերակալին` երկար ժամանակէ հետէ կը սպասէ. որո՞ւ պատկերին, ո՜ Բաշալեան։

***

Միշտ վար ձգուած են միայնակեացին գրասենեակի վարագոյրներն. եւ երեսն ա՛յդ փակ պատուհաններուն դարձուցած կը նստի միայնակեացն իր գրասենեակին մէջ։ Միշտ գուշակել, քան ակնյանդիման տեսնել սիրած է նա։

Մտածնային երեւոյթներ կ՚առնուն արտաքին իրերն այդ վարագուրեալ պատուհաններուն ետեւէն։ Տարածութիւնն հրեշտակադիմակ աստղերով կը շողշողացնէ մոնազն, ու պարանցիկ թռչնոց թեւօք կը թրթռացնէ զայն։ Կը հաւատա՜յ, թէ պատուհանին ետեւ թղթաբեր աղաւնւոյ մը գրապահակ թեւերն իր մատանց պտղամբք ակօսուելու, իր շրթանց խտղմամբք փայփայուելու եւ հուսկ ապա իրենց տրոփուն բեռնէն թեթեւնալու կը սպասեն անձկայրեաց։

Երբ իր խցիկէն դուրս այսպիսի աշխարհ մը կ՚երազէ, ի ներքս ի խցեկին յանզգայս կը կրէ Երազի մը ձգողականութիւնն։ Եւ ետին կը դառնայ յափշտակեալ աչօք դիտել Օպէռի Երազն կամ Անրջախոհութիւնն (Rêverie), զոր ոսկեծիր պատկերակալի մը մէջ գրքատան բանալիէն վար կախած է` իբր մարմնաւորումն գրքատան բանաստեղծական հատորներուն հիւթոյն։ Ծանօթ է ձեզ այդ հրաշակերտն. առ ծովուն եզերբ ապառաժի մը ծայր նստած կին մ՚է տեռազգեաց, միակ միակտուր հանդերձ եզրածիրանի, առիգածէ մ՚աւելի թափանցիկ, որ կ՚արտափայլեցնէ առնակազմ այն իգադիմակ մարմնոյն անփայլ ոսկւոյ շողիւնն անրջատո՜ւ։ Մոնազն յաճախ ետին կարօտակէզ ակնարկներ կ՚արձակէ այդ կնոջ վրայ. եւ աչքերն, նորա մերկ ու մանր ոտքերէն մինչեւ մերկ ու մկանուռոյց ուսն ու մահկաձեւ պարանոցն, ուր մարգարտայեռ մանեակ մը կը գալարի, ռնգնավար կը գգուեն արձանատիպ մարմինն` իւր ձուաձեւ դողդոջո՜ւն կորնթարդին բովանդակ տարածութեան մէջ, արագ եւ անյա՜գ` որպէս ձկնորսին ձեռքն, որ ծովէն կը քաշէ ծանրաբեռնեալ ուռկանն։ Եւ մոնազին աչկունք կ՚ընկղմին ուր ուրեմն Անրջանոյշին աչաց մէջ, ոյք իրենց ընկլուզած աչաց հետ կ՚երթան խորասուզիլ կամ բարձրասուզիլ ո՞ր ովկէանին մէջ ո՞ գիտէ…։

Պէթոֆընի պատկեր մը կը տիրապետէ պատկերաց այս թանգարանին մէջ, ուր մոնազն իր անշարժութեան եւ իր անդրայածութեան մէջ իրաւունք ունի մերթ ինքզինքն ալ պատկեր մը համարելու։ Հին տեւտոնեան յոյր հսկայ դիւցազն մ՚է գոգցես վսեմ նուագահանն, որ իր թանձրաստուար բաշովն հողմածածան` ու նուաճայաղթ արձանագործական ձեռքերովն, ոյք յառաջկոյս կը կարկառին ամփոփեալ, առիւծի մը ներկայութեան զգայութիւնն յառաջ կը բերէ՜ դիտողին վրայ։ Առիւծային մեծապայծառութիւն մ՚ու փոթորկային մթութիւն մը` վեհատիպ այդ կերպարանին վրայ վայրագ կռիւ մը կը մղեն։ Աստուածային անխռո՜վ վեհափառութիւն մը. խփէ՛ աչքերդ, նորէն բա՛ց. մրրկայոյզ մթութեան ահաբեկիչ տիրապետութիւնն։ Այդ վերջին տպաւորութիւնն ուր ուրեմն` գոնէ միայնակեացին համար` կը պնդատեւէ։ Հնոյն Գերմանիոյ անտառաց նման թանձրախիտ եւ անսահման այն խուռնարձակ գիսակին ստուերաց ներքեւ, ոյք կը մթնշաղեն սենեկին բոլոր սպիտակութիւններն արական եւ իգական, նո՛յն իսկ Յոբայ մօրուքին սպիտակութիւնն, զոր վիշտն յարաժամ կը լուսավրձնէ եւ Սրբոյն արտասուք յարաժամ կը լուանան, մոնազն` դանդիռի ու սարսուռի զգայութեանց մոլի` կը փակէ աչքերն ամրապինդ եւ…

***

Եւ կ՚ունկնդրէ Պէթոֆընի Փոթորկին…։

***

Իր ներքնահայեաց աչքերն յայնժամ պտոյտներ կ՚ընեն մարմնոյն երակաց մէջ, յորս արեան գնտակք կը մանրին ընդհանուր զգայնութեան այդ սաստկայոյզ խռովութեան մէջ։ Փոթորկին ցանցառ լայն թանձր մութ-ճերմակ կայլակներուն տակ աւելի մութ կ՚երեւին իւր արեան ոլոռունք. խիտ կարմիր մանրադիտական հոսանուտ մարգարիտք, զորս մոնազն` երեւակայութեան աներեւակ ունելիովն երակներէն դուրս կը հանէ, ոսկի թելեր անոնց մէջէն կ՚անցընէ կամ ոսկի օղակաց վրայ զանոնք կը շարէ. գինդ, մատնի, մանեակ, ապարանջան կը շինէ։ Եւ դագաղին մէջ, ուր յանզգայս փոխադրած է զայն արեան սպառումն, դատարկերակ ու դեղնորակ, կը կանչէ, վերապահեալ արեան միակ խտացեալ ոլռան մը գերմարդկային ուժով, զղջկունս զոյս սիրած է, եւ կը նուիրէ միոյն մատնին արիւնէ, միւսոյն մանեակն արիւնէ, այլ ուրեմն ապարանջանն արիւնէ, եւ… կ՚ունկնդրէ Պէթոֆընի Մահուան քայլերգին։

Իսկ վերապահեալ արեան գնտակն, առ ո՞ զայն պիտի նուիրէ. Ա՜յն աղջկան… լո՛ւռ, լո՛ւռ. չը ներեր այլում անուանել այդ աղջիկն։ Իր Սահման սրտին բանաստեղծութեան մէջ Տանդէ Կապռիէլ Ռօսէդդի կ՚անուանէ, ո՛չ, կը նկարագրէ այդ աղջիկն։

***

Լո՜ւռ, լո՜ւռ, լո՜ւռ է միայնակեացին սենեակն։ Իր տունն համօրէն լուռ է գերեզմանատան մը նման։

Երեւակայեցէք այդ լռութեան եւ այդ մտասուզութեան մէջ իր սարսռումն, երբ կը հնչէ ժամն, դասի ժամն, մեկնման ժամն…։

Առանձնակեացին համար յաւէտ մահուան ժամն է ա՛յն, որ ի գործ եւ ի կեանս կը հրաւիրէ զայն։

Կը հագնի վերարկուն. վար կ՚իջնէ. կը բանայ դուռն…։ Ի՜նչ. ձա՜յն մը վերի յարկէն, ամայի տան մէջ, ուր բացարձակօրէն միայնակ է մոնազն. «Եղիա՛, բանալին չը մոռնայիր առնելու»։ Ա՜խ, մօրն է ձայնն…։

Իրօք մոռցած էր առնել դրան բանալին։ Վեր կ՚ելնէ սրտայոյզ. հրաջերմ արցունքի կաթիլ մը կը սահի փականքն ի վար…։

Եւ դուռնէն դուրս կ՚ելնէ մոնազն, ի վարժարան տանող սալարկաց եւ ալեաց անվախճա՜ն ուղւոյն մէկ ծայրէն միւսն յիշելով մայրն, եւ երազելով` ա՜յն աղջկան։

18 Փետրուար 1892
Գատըքէօյ
(Արեւելք, 29 Փետրուար 1892)


[1] Որ ինձ նուագեց Պէթոֆընի Մահաքայլերգն ։