Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ, ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՇԽԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳՆ

ԱՌ ՊԵՏՕ

Արեւէն առաջ արտերուն մէջն են. արեւէն առաջ ծովերուն վրայ. այնքա՛ն հոգւով փարած են հողին, այնքա՛ն խանդով յարած են ջուրին, որ, արտէն եւ ալեակէն հեռու, իրենց արդար հանգստեան սուղ ժամերուն մէջ` իրենց կարօտը կը քաշեն ալիք ու դալարիք։

Աքաղաղին հետ աչուընին կը բանան, Արշալոյսին հետ աչուընին կը լուան. եւ լուսոյ մկրտութիւնն իրենց աչուին եւ իրենց հոգին ամէն օր եւ ամենէն առաջ կ՚ընդունին։ Արեւը, որ արարածոց արարիչ երկնաւոր հօր կողմէն երկնքին մէջ կը պտըտի` հսկող եւ հոգացող մեր այս երկրագունտին, արեւն ամէն առաւօտ ամենէն առաջ կը տեսնէ դաշտի մարդն ու ծովու մարդը, եւ անոնց քրտնաջինջ անարատ ճակտին վրայ իր արու առողջարար համբոյրներուն խանդը կը սպառէ։

Գիշերը կանաչ դաշտին անսահմանութիւնն երազեց հողագործ մարդը. գիշերը կապոյտ դաշտին անսահմանութիւնը` նաւավար մարդը. եւ առաւօտուն, աչքը հողին մարդուն եւ աչքը ծովին մարդուն, երկինք նայելով երկնաւոր Հօրը բոցափայլ պատկերին, կ՚իջնեն կանաչ դաշտին ու կապոյտ դաշտին վրայ, ուր ոսկի ոգենորոգ շողոյն բիւրապատկութիւնն ալ կ՚իյնան աքաղաղին զարթնումէն մինչեւ աղաւնեկին թեւամփոփումը, մինչեւ Արուսեկին երեւումը։

Ցերեկը բոլոր, տուընջեան ժամերը բոլոր, հողուն ու ծովուն վրայ բոլորանուէր կ՚աշխատին բնութեան բարեաց այդ անդրանիկ պարգեւառուները։ Գոգցես իրե՛նց համար այնքան զուարթ է արեգակը, իրենց կանխազարթոյց սովորութեանը, իրենց անվհատ աշխատասիրութեանը, իրենց գոհութեանն ու գոհաբանութեանն համար. իր դալարն, իր արգասաւորութիւնը գոգցես իրենցմէ կ՚առնէ հողը. իր աղն, իր առուգութիւնը գոգցես իրենցմէ կ՚առնէ ծովը, մշակ մարդէն ու նաւազ մարդէն, ա՛յնքան Արեւին իրենց հաւատարմութեամբ` տիեզերաց կենդանապարգեւ աստղին հետ նոյնացած են անվթար մարդը հողուն, անվթար մարդը ծովուն։

Գրկաբացութեան պէս շարժում մը հողը, գրկաբացութեան պէս շարժում մը ծովը կ՚ունենայ, երբ մշակն արտին մէջ երեւայ, երբ նաւազն ալեաց վրայ երեւնայ, ա՛յնքան բնութիւնը կը սիրէ պարզ անվթար մարդը, ա՛յնքան բնութիւնը կը սիրէ աշխատութիւնը։

Հողը թունդ կ՚ելնէ, ծովը թունդ կ՚ելնէ, երբ արօրը կը թաւալի, երբ առագաստը կ՚ուռի։ Կը փորուի ու կը բարձրանայ ծովը, երբ մաճը կը շարժի եւ արօրը կը գլորի, երբ զոյգ թիակը թեւ ի թեւ կ՚երերայ ու միակ լայնարձակ առագաստի լաթն հեւ ի հեւ կ՚ուռենայ. բնութեան դնդերք` մարդկային մարմնոյն դնդերաց հետ` կը բարեվաստակին եզանին հերկի սիրուն սայլակին շարժմամբ, ու բնութեան լանջքը չէ՞ որ կը հեւայ կը բաբախէ լաթէ լեցուն ստինքին տակ, որ ցերեկն ի բուն գոգցես ցայգուն Ծիր-Կաթինին կաթը կը յօրինէ` գիշերն ալ գոգցես շրթունք ըլլալով Յարդգողին լուսեղէն կաթին։

Ամպերը կու գան երբեմն Արեւուն երեսը կը ծածկեն, եւ ահա ստուերը կանաչ ու կապոյտ դաշտին անսահմանութիւնը կը ծածկէ։ Հովն, ահագին աներեւակ օդային հաւու մը նման, իր լայնատարած թեւերը կը բանայ եւ արշաւակի կ՚ընթանայ հասկերուն վրայէն, որոնք կը տնկեն տտուննին։ Թուի, թէ բնութիւնը փորձել կ՚ուզէ մարդը, հողին մարդն ու ծովին մարդը։ Շոյելով բնութիւնը` մարդը կը մաքառի բնութեան դէմ, փոշին ու փրփուրը կը կլնէ, փայլակն ու փոթորիկն իր ճակտին ու կուրծքին վրայէն կը սահեցնէ. եւ թուի, թէ մարդոյն քրտամբք ոռոգուած երկնից անսահման դաշտն արեւը կամ աստղերը վերստին կը բուսցնէ. թուի, թէ փոթորկին յաջորդող պայծառաջինջ մթնոլորտն իր տխրամերժ հոգւոյն ցոլացումն է, հոգւոյն հողի մարդոյն ու ծովի մարդոյն։

Կինն ու լաճտիքն իրեն հետ են արտին մէջ` մշակին հետ. կինն ու լակոտիքն իրեն հետ են նաւազին հետ, կամ ծովափէն զինքը կը դիտեն` նաւազը։ Անոնց ալ պայմանն աշխատութիւնն է, անոնց ալ դնդերն ուժով է, անոնց ալ հոգեակը վճիտ անտրտում է։ Անոյշ կաթը կը խմեն, աղի հացը կ՚ուտեն. այրերն առանց վարանումի կին կ՚առնեն, մայրերն առանց ցաւի զաւակ կ՚ունենան, մանչերն առանց զգալու այր կ՚ըլլան, աղջկունք առանց դրամօժիտի հարս կ՚ըլլան, կամ պարկեշտութեան միակ դրամօժիտով` հողուն եւ ծովուն մարդոց աղջկունք հարս կ՚ըլլան։

Իրենց երգը խոտերուն եւ առուներուն ձայներէն իր եղանակը կ՚առնէ, կամ թէ ալիքներուն շոպշոպումէն կամ աւազին վրայ ալեաց կողկողանքէն. միօրինակ այլ սրտագին, սրտառուչ, պարզութեանը մէջ վսեմ է հողի ու ծովի մարդոյն երգը, զոր բնութիւնը տուն կու տայ եւ բնութիւնը մտիկ կ՚ընէ։

Եւ մշակն ու նաւազն Աստուծոյ ձայնը կը լսեն բնութեան ձայներուն մէջ, Աստուծոյ գոհաբանութիւն կ՚ընեն իրենց առաւօտի եւ իրիկուան աղօթքին մէջ, կ՚ապրին աշխատութեամբ ու հաւատքով եւ կը մեռնին առանց ոգեւարի, աչք ի յերկինս։

Այս եղաւ, Պետօ՛, այս առտուան իմ առաջին խօսքս. աշխատութեան ու երախտագիտութեան երգն է այն, զոր քեզ կը ձօնէ` իր ազատարարին`

Ե. ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ

***

ԱՌ Ա. ՍՈՒՐԷՆԵԱՆ

Սոյն առաջին խօսքս առաւօտեան` Պետօին հետ եւ Ձեզ կը ձօնեմ եւ Ձեր անձնուէր խնամասէր ազնիւ Տիկնոջ, որպէս եւ սիրելի հօրեղբօրորդւոյս` Լեւոն Տէմիրճիպաշեանին, եւ իր քեռց` սիրասուն իմ ալ քոյրերուս, որք սառած դողագին մարմինս կենսանորոգեցիք եւ իր սիրելի ազգին վերընծայեցիք Եղիան։

2 Յունիս, 1892, Գատըքէօյ։

(Ծաղիկ, 5 Յունիս 1893)