Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ, ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՑԱՒԸ

Ցաւն ու լացը կանուխէն կը սկսին։ Մարդուս հետ, մահկանացու մարդուն հետ կը ծնին ցաւն ու լացն այս աշխարհիս վրայ։

Արշալոյսն (եթէ երբեք զայն տեսնեմ) ինձ վարդագոյն թաշկինակ մը կը թուի կուսի, որ առաւօտուն երկնքին արցունքներն` աստղերը, կը սրբէ։

Ցաւն ու լացն առտուընէ կը սկսին, կենաց առաւօտէն` մահկանացու մարդուն համար։

Ո՛չ, առաւօտուն կը ջնջուին մեր արտասուքները, մայրական շրթամբք կամ հերօք. մեր մանկական լացը չէ բուն լացը։ Լացն որորանին, ճաթիկ-ճաթիկ լացն առաջին մանկութեան, լացը լոկ աչքի, լացն ու մանկամարդ մօր մը կարմիր շրթամբք եւ ոսկի հերօքը կը սրբուի, այն չէ ցաւին լացը։

Անկէ ետքի արցունքներն ալ, տղայութեան արցունքները` խաղալիքի կամ միրգի համար հեղուած, անոնք ալ մեր աչուըներուն արտաքին արտասուքներն են։ Սրտի լացը, չը գիտես ի՛նչպէս կու գայ, ո՛ւրկէ կու գայ անիկայ։ Թէ ե՞րբ կու գայ, գիտենք, ու մեր մօրմէն այն արտասուքը կը ծածկենք. մենք մենէ ալ զայն կը ծածկենք, ու կ՚երթայ կը թաղուի, մեր այտերն ակօսելով, մեր կուրծքին վրայ, մեր կուրծքին ետեւ, իրեն աղբիւրը։

Արտասուքն ուրեմն սիրոյ զաւակն է ու սիրոյ պսակը, սիրոյ հեղուկ ադամանդեայ թագը։ Տառապանքն ալ իր քոյրն է, սիրոյ արտասուքին քոյրը յաւիտեան սգազգեաց։ Եւ (զարմանալի՜ բան) սեռային սիրոյ անձուկ անձնասիրական զգացումէն կը ծնանի մեծն այն մարդասիրութիւնն, որ մեր ընտանիքէն, ըստ Ֆէնըլոնի, տոհմային ընդարձակագոյն ընտանիքէն կը տարածուի եւ անկէ համօրէն մարդկային մեծագոյն ընտանեաց, ուրկէ կ՚իջնէ խոնարհ արարածոց, կենդանեաց ու բուսոց։ Սիրով վառուած էակն ամէն արարած եւ ամէն ինչ կը սիրէ. համակ անձնուիրութիւն ու վեհանձնութիւն է։

Որքա՜ն կը հեռանայ մարդն, որ զգացում ունի, մարդն, որ զգացումներ ունի, մանուկէն, որ միմիայն զգայութիւններ ունի։ Անգիտակցութիւնն անզգայութիւն է, ենթագիտակցութիւնն զգայութիւններ կ՚ենթադրէ, իսկ գիտակցութեան կը համապատասխանէ զգացումն. եւ քանզի գիտակցութեան զարգացումը մտքի զարգացման հետ ուղիղ կը համեմատի, կրնանք ուրեմն ըսել վճռաբար, թէ մարդասիրական լայն զգացումը` սեռային անձուկ առանձնական սիրոյն ուղղակի ծնունդ, այնքան աւելի կը զօրանայ մարդոյն մէջ, որքան զօրանան մտաւոր կարողութիւնք։

Սակայն իմացականութեան զարգացման հետ ցաւին զգայութիւնն ալ եւս քան զեւս կ՚աճի կ՚աւելնայ։ Մարմնական ցաւը միայն ծանօթ էր մանկան. պատանեկութեան մէջ կը սկսի բուն ցաւը, ցաւն, որուն տեղը չես գիտեր, որուն տեղը մանաւանդ չես գիտեր ու մա՛րդ ալ չը գիտէ։ Սիրուած ես ու դարձեալ ցաւ ունիս. երջանկութեան մէջ անհանգստութիւն մ՚ունիս, տենչ մը, քաղց մը, ծարաւ մը անյագուրդ, որուն արտադրոյթն է ապերջանկութիւնը…։

Մարդասիրին ցաւը սակայն նոյն չէ սիրող երիտասարդին ցաւին հետ. անոր թշնամին իսկ է. եւ այն մարդն ամէնէն աւելի օգտակար կ՚ըլլայ մարդկութեան, որ այդ ցաւով ուր ուրեմն կը համակուի Տունէն սկսեալ մինչեւ տոհմային կրթական ու բարեսիրական տուներն, ամէն տեղ ցաւի առիթներ կը գտնէ մարդասէրն։ Ո՛չ միայն կը գտնէ այլեւ կը փնտռէ մարդասէրը ցաւի առիթներ, քանզի տառապանք, աղէտք, աղքատութիւն, տուայտանք, չարավաստակութիւն, անճիտում, ահա ասոնք պիտի սնուցանեն մարդասիրական ահագին անյագուրդ զգացումն, որ զմարդ իր ճակատագրին արժանի կը կացուցանէ, որ մարդն աստուածութեան կը բարձրացունէ։

Մարդասէրը ցաւ կը զգայ իր սպասաւորին համար, որ ուսմունք ու բարեկրթութիւն չունի. տունէն դուրս ալ բոլոր աշխատաւորաց համար, որոնք քրտինք ու բազուկ ունին, այլ սակայն թրջելու հող ու շարժելու քար չունին, ի մի բան` գործ չունին. հաւասարապէս ցաւ կը զգայ մարդասէրն այն աշխատաւորներուն համար, որոնք գործ կը գտնեն, իրենք զիրենք եւ զհեռաւոր կամ զմօտաւոր իւրայինն ապրեցնելու չափ ապրուստ կը գտնեն, այլ սակայն գինետուններու մէջ, տօնավաճառներու մէջ կը մսխեն իրենց արդար վաստակն, որ այդ կերպ սպասմամբ անարդար ըլլալու համարժէք կ՚ըլլայ ու ալ աւելի գէշ։ Մարդասէրը ցաւ կը զգայ աշխատաւոր դասերէն վեր գտնուած դասուց ալ համար, ուր մեծագոյն գումարներ կը մսխուին կերուխումի, թղթախաղի եւ այլ ամէն հաճոյքներու, զորոնք չեն պատուիրեր քրիստոնէական բարոյական եւ առողջ գեղեցկագիտութիւնը։ Մարդասէր հոգին կը տառապի, երբ ազգային հաստատութեանց հասոյթք չարաչար կը գործածուին, երբ կիրքը ժողովականները կը մոլորեցնէ, երբ տգիտութիւնն ապարդիւն կը կացուցանէ անդուլ անհնար աշխատութիւններ, զորս մարդիկ բնութեան կամ կենաց պայքարին մէջ կը կատարեն քրտնաջան, երբ տղայք դպրոցաց մէջ, բանաւոր ուղեցոյցէ մը զուրկ, դասագրքէ դասագիրք ու դասատուէ դասատու կ՚անցնին` ոսկի արժող ժամերու պղնձի արժէքն իսկ չը կրնալով տալ, չը գիտնալով, թէ այդ գիտութիւնները, զորս թութակօրէն կը սորվին, ի՛նչպէս ծնունդ առած ու բարեշրջած ու գործնական արդիւնքներ յառաջ բերած են քաղաքակրթութեան գործարանին մէջ, չը գիտնալով, թէ ի՛նչ պիտի ընեն բոլոր այդ ծանօթութիւնները, զորս կը լեցնեն գանկերնուն մէջ, ինչպէս որ լուբիան տոպրակին մէջ, գրեթէ ոչինչ տեսելով իրական աշխարհէն, որուն օրէնքներն ու գաղտնիքները կ՚ուսուցուին իրենց։ Ցաւելով կը ցաւի մարդասէրն, երբ հիւանդն հիւանդանոցին մէջ բաւական ընդարձակ տեղ չունի իր մահճին համար, երբ յիմարն յիմարանոցին մէջ բաւական զբօսանք չունի իր խանգարեալ ուղեղին եւ իր չարչարեալ ջիղերուն համար, երբ մեր ազգային պաշտօնատանց մէջ պաշտօնեայն յոյս չունենար յառաջացման, երբ ուսման նուիրուած աղքատ երիտասարդութիւնը կը յուսահատի ունեցած փանաքի միջոցներովն իր մտաւոր մեծութեան երազներն իրացնելու, եւայլն, եւայլն, եւայլն։

Ահա այս ցաւերն են, որ մարդասէրին սիրտը կը համակեն, որ մարդասէրին բարոյական գոյութեան, թուի թէ, էական պայմաններն են։ Մարդասէր մարդուն արտասուքներն երբեմն ի գործ կը թարգմանուին, տաք-տաք արտասուքները դեղ դարման կ՚ըլլան ընկերային մարմնոյն վիրաց, եւ ընկերային ցաւոց վիճակին մէջ եւ ազգային հաստատութեանց կացութեան մէջ կերպարանափոխութիւն մը յառաջ կու գայ յանզգայս, քանզի մարդասէրը տեսաւ ու ցաւ զգաց ու դարման խորհեցաւ, դարման խորհեցաւ ու դարման ընել կարողացաւ. եւ այդ զգացման մէջ, այդ մտածման մէջ, այդ գործողութեան մէջ ինքզինքն աւելի մեծ գտաւ, քան զոր էրն յառաջագոյն։

Ու նոր վէրքեր ընկերային մարմնոյն վրայ, ու նոր ցաւեր մարդասէրին սրտին մէջ, ու նոր կերպարանափոխութիւն արտաքին աշխարհի վրայ, ու նոր ոգեւորութիւն մարդասէր հոգւոյն մէջ։ Եւ կեանքն այս չէ՞ միթէ իր բարձրագոյն նշանակութեամբ. յառաջդիմութեան անհրաժեշտ պայմանը չէ՞ միթէ ցաւը` դուստր սիրոյ, քոյր արտասուաց, երկնից անտարակոյս գերագոյն պարգեւն առ մարդն։

(Ծաղիկ, 11 Յունիս 1893)