Արձակ էջեր, նամակներ, քերթուածներ, ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՐՑԱՆԱԿԸ
(ՁԵԱՆ ՆԵՐՇՆՉՄՈՒՆՔ)

Արփենի Ճառագայթն ու Ձեան Հատիկը կը խօսակցէին. Երկնային Կաճառն եթէ գեղեցկութեան մրցանակ մը հաստատէր, ո՞րն առաջին մրցանակը պիտի ստանար։

Ճառագայթը կ՚ըսէր.

Ես դեղին եմ ոսկիին նման, ցորենի հասկին նման, քանարիկ թռչնոյն նման։

Ես ճերմակ եմ, կ՚ըսէր Ձեան Հատիկը, կուճին նման, շուշանին նման, գառին նման, կաթին նման, աղօթքի՜ն նման, անմեղութեա՜ն նման։

Երկինքէն ես ուղիղ կ՚իջնեմ երկրաչափական գծի մը պէս։

Երկնքէն ես պարելով կ՚իջնեմ ճայիկի մը պէս։

Ես մազի կը նմանիմ, մետաքսային կնոջ սրմա մազին։

Ես մասի կը նմանիմ. սուրբ պատարագի միջոցին հաւատացելոց բաժնուած մասին։

Ծիածա՛նը կը յօրինեմ ես։

Այլ անձրեւի՛ն օժանդակութեամբ։

Հողը կը բեղմնաւորեմ ես։

Սակայն տղմի՛ն օժանդակութեամբ։

Ծովին մակերեւոյթն ես արծաթի հանքի կը հանգունակեմ։

Հողին մակերեւոյթն ես` արծաթեայ գորգի։

Ես ադամանդը կը շողացնեմ։

Իսկ ես` սեւ ածուխը։

Սեւ ածուխին ծառն ե՛ս կը բուսցնեմ կը բարձրացնեմ։

Լերան ճերմակ պսակն ե՛ս կը բոլորեմ կը բարձրացնեմ։

Ծառն ես` գարնան` կը ծաղկեցնեմ ձիւնագոյն։

Ծառն ես` ձմեռը` մեղրամոմի կը կացուցանեմ հանգոյն։

Ճամբան ես ճերմակ կարապին կը հանդիպիմ։

Ճամբան ես ագռաւին կը հանդիպիմ։

Ես հրաշէկ հնոցէ մը կը ծնանիմ։

Ես հրաշէկ հնոցներ կը ծնիմ։

Ոսկի անձրեւն ես եմ։

Արծաթ տարափն ես եմ։

Ես կը հալիմ, այնքա՜ն զգայուն եմ ես-, աւելցուց Ձեան Հատիկն, որ արտասուաց ծուէն մ՚եղաւ աւելի` այս խօսքին հետ։

Եւ երկնից Կաճառապետին ձեռքը մրցանակը փայլեցաւ. այլ ձեռքն անշարժ մնաց։ Արփենի Ճաճանչը շարունակեց.

Սոխակին բերանն ե՛ս կը բանամ։

Իսկ ես նուագահանդէսի՜ն դուռները։

Տնանկն ածխոյ մուրացկանութենէ ե՛ս կ՚ազատեմ։

Նուագահանդէսին հասո՜յթը…։

Կաճառապետն երկնից` բերկրաշող` խօսք առաւ յայնժամ. «Բարի՛ն է գերագոյն գեղեցիկն, եւ աղքատասիրի՛նն է յաւէտ առաջին մրցանակն։ Երկուքդ ալ հաւասարապէս արժանի էք պսակի»։

Եւ աստղերու անթառամ ծաղկօք համաստեղեալ ձեռաց շրջանակի կէսն Արփենի Ճառագայթին ու միւս կէսն ընծայեց Ձեան Հատիկին։

(Թէոդիկ. - Ամէնուն Տարեցոյցը, 1907, էջ 73)