Քրոնիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԴԷՊԻ ԱՐԵՒԸ

Լեռնէ լեռ, թուփէ թուփ՝ ճանբան բոպիկ քայլելով, ճանբան բոպիկ ու շատ հեղ գլխիբաց գլուելով Արեւին ելեր կ՚երթայ ան, որ անգամ մըն ալ Արեւին ըսէ ըսելիքը ու պատասխանն ալ ուղղակի Արեւին բերանէն լսէ: Քովի մարդերը ծանօթ անծանօթ՝ ու հեռունը գտնուող անուն շինած իմաստուն հոյակապ հեղինակութիւններն անգամ իր լեզուէն չի հասկնալու տգիտութիւնով թեթեւ յոյս մըն ալ չեն կրցած ներշնչե՛լ իրեն, ամէնքն ալ, գրեթէ ամէնքն ալ՝ բայց ի հարկէ առանձինն հանդիպումներու պահուն, գնա՛, ըսեր են, գլխուդ ճարը գտիր, մենք ոչ ատ ցաւին տեսակէն կը հասկնանք, ոչ ալ բնականաբար անոր դեղ դարմանը գիտենք: Ու մարդը այսպէս վերջին նոր փորձ մը հետապնդելու կտրիճ յանձնառութիւնով այս նոր արշաւանքին տաժանքներուն ալ կը համակերպի: Հիմա ալ Արեւին է, որ կը տանի իր տարտերը: Արեւը մեծ իմաստուն մը, Արեւը մեծ Աստուած մը…

Վաղորդայնի պահերուն քալելու իր արտորքներով, բաւական զուարթ ըլլայ կարծես, իրիկնամուտին մտածկոտ ցաւին մռայլը կ՚ստուերոտէ իր դէմքը, գիշերամէջին կուլայ, տղու մը պէս կուլայ: Ո՛ւր կը հանդիպի, ո՛ւր որ գիշեր կ՚անցընէ, առտուն ետեւէն շատ մը տարակոյսներ կը խրկեն զինք հիւրընկալողները, թէեւ անոնց ոչ մէկուն յայտնած կ՚ըլլայ բան մը իր կեանքէն կամ իր հոգին սղոցող ցաւին որակէն ու չափէն: Շատեր խենդ մըն է, կ՚ըսեն, որ ելեր իր գերեզմանին փնտռտուքը կ՚ընէ. շատեր ալ պարզ մուրացիկ մը ճանչցեր են, որ քիչ մը սակայն տարբեր եղած ըլլայ սովորականէն. կան նաեւ ըսողներ, թէ հարստութիւնը ջուրն ի վար տուող աւանակ մըն է, որ հիմա ալ գինովը ամէն չարչրկանքի, իր կործանումին դարմանը կը բնտռէ, կարծիքներու տեսակ մըն ալ այն թէ՝ խեռ, խենդ զաւակներու հայր մը եղած ըլլայ ան, որ զաւակները իրեն հնազանդ ու համակերպած պահելու տըլըսումը կը հետապնդէ այս թափառկոտութիւնով: Տարակոյսներ՝ իբր թէ՝ բանտէն շղթայազերծուած փախստական մըն է, որ այս ճամբաներուն վրայ զինքը ու իր հետքը կորսնցնելու գիւտը կը ծրագրէ:

Ուրիշներ ուրիշ ասուլիսներու ծամոյք բերուընին ու աւելի չերեւակայուածները թերեւս դժբաղդ մարդ մըն է այն կ՚ըսեն, որ խորունկ վիշտ մը ունի կուրծքին տակ, որ չիշխեր, կը վախնայ յայտնել, նոյն իսկ իր մտերիմներուն ալ չի վստահիր, դեռ, այո՛ չէ ուզած անգամ իր կռնակին շապիկին ալ խոստովանիլ. քար մը կը բնտռէ, փայտ մը կը բնտռէ, որ անոնց խօսի ու գոնէ այս քարէն ու քարի պէս բաներէն լսէ արձագանգ մը:

Կրնայ կ՚ըսեն հոտուտ ջլդիկ կնկան մը հանդիպած անբաղդ ամուսին մը եղած ըլլալ, որ հեշտ ու վճռական հասկացողութիւնով ապահարզան տուող մը կ՚երազէ գտնալ ու այս կերպն է ընտրեր: Ահա այս ծպտանքին մէջ կը պտտցնէ ինքզինք, բայց քանի մը ուրիշներու համար ան եւս ճշմարիտ թէ՝ իր սիրած աղջիկէն բռնօրէն զատուած մը ըլլայ, որ կ՚ըսեն իր կրակուած սիրտին հրայրքը մարող ջուրի մը տեսակը ունենալու ցանկութիւնը կը հասկցնէ հանդիպածին: Շատեր ուրիշ մտածութիւնով մը, մի՛ գուցէ կ՚ըսեն, այլամերժ, եսապաշտ ունեւորի մը նկատմամբ, կ՚երթայ այն կողմը, որ Արեւին առաջքը դեռ բնաւ չըսուած չի լսուած ամբաստանութեան մը ծրարը քակէ. նոյն ատեն սակայն կայ ըսող թէ ինք՝ այս մէկը ազգը շահագործող յայտնուած սեւերես մը ըլլայ թերեւս, որ ճարը հատած՝ լոյսերուն աղբիւրը եղող Արեւէն ուղղակի իր ճակատը ուզէ ճերմկցնել:

Կարծիք մըն ալ, այն, որ կ՚ըսուի թէ՝ սուտ բարեկամութեան հետ կեղծիքով ծպտուած առաքինութեան դէմ գանգատ ու բողոք տանելու ճամբորդութիւնն է անոր ըրածը, տարօրինակ ձեռնարկ մը իրաւ որ, բայց աս կարծիքն ալ ո՞րքան ստոյգ կամ ի՛նչ չափով դրացի խելքի պառկելիք ճշմարտութիւն մը, իրա՞ւ է, որ աշխարհի մէջ բուսած հասունցած ըլլան մարդիկ, գոնէ մէկ հատ, մէկ հոգի, որ կեղծիքին պաշտանքին դէմ այսչափ ըմբոստ ինքնութիւն մը վեր առնեն ու քար արձկեն այդ կուռքին պատուանդանը համբուրողներու ուղղակի աչքերուն:

Այսպէս ահա շատ բան կ՚ըսեն, անոր մասին միտքերը շատ կասկածի ու կարծիքներու կը տարուին, բայց իրապէս անոնց ոչ մէկն է վաւերականը, ստոյգը: Մարդը գլուխը կախ ու մտածկոտ, հազիւ քիչ մը զուարթ ան ատեն որ արշալոյսին առաջին երանգները կը ծրագրուին, կը քալէ, միշտ կը քալէ, գիշերն ալ Արեւին ուշանալէն յուսահատ կուլայ տղու մը հեկեկանքով ու բան մըն ալ չըսեր իր քովիններուն. առտուն նորէն ոտքի վրայ, նորէն ճանբայ ու ճանբորդ, տարին ի բուն միշտ այս ուղղութեամբ միշտ արեւին կողմն է, որ կ՚առաջանայ:

Շատ կ՚երթայ, քիչ կ՚երթայ, տեղ մը ահա, ուր մարդիկ գրեթէ ամէնքն ալ վտիտ ու սմքած մարմիններով խեղճութիւններ, հող մոխիր ցանելով գլխընուն վրայ, իր անցքը տեսնալնուն, ժիր գոռոց մը կը հասցնեն իր ականջին ո՞վ անցորդ, բարի եղիր, մեր ցաւն ալ տար հետդ, կ՚ըսեն, պարզ է, որ դուն Արեւին կ՚երթաս, նոյնքան պարզ, որ մենք ալ հոս մեր ներսիդին այրող մրկող խոցեր ունինք, որ ալ հետզհետէ չի տարուելիքներ կ՚ըլլան ու մեր կեանքին կ’սպառնան…։ Ըսէք, տէ՜հ, շուտ ըսէք, թող ձեր պատմութիւնն ալ տանիմ, կը պատասխանէ անցորդը, դուք սակայն ի՞նչ ունենաք: Մենք ալ ամենքս դժբաղդ այն տարտերով, որ սա հողերուն երեսը ինչ որ ցանենք, ո՛րքան ալ խնամք տանինք, չի բուսնիր, բուսնի ալ, մեր բերանը չի հասնիր, լոպը, մրջիւնը, մարախը, ալ շատ աւելի մարախի թունչով ու սոված մարախի բազմութեամբ մարդերու տեսակներ յանկարծ մեր ցանքերուն վրայ կ՚իյնան, ու բան մը չեն ձգեր որ մերը ըլլայ, վերջին ցորենահատին հետ անոնք յարդի վերջին շիւղն անգամ իրենց ակռաներուն տակ կ՚աղան:

Ըսէ՛, ալ չենք կրնար համբերել, անձամբ պատմելու եղիր, ան օձերն ու ճագարները հոս մեզի դրացի, աւելի բաղդաւոր, աւելի երջանիկ արեւ մը կ՚ապրին. աչքերովդ տես ահա որ մեր վրայ չոր ոսկորէ ու կաշիէ մը զատ ա՛լ ոչինչ չի մնացեր: Կը մեռնի՜նք, կը մեռնի՜նք…

Խօսք կուտայ անցորդը ու ճանբան կը շարունակէ, անդին ցռուկնին կապուած եզներու խումբեր, որոնք միջօրէի տաքերուն իբր թէ իրենց հանգիստին ձգուած, բայց նոյն իրենց մեռուցիչ լուծերուն կապանքներուն տակ միշտ. ասոնք ալ հեռուէն իրենց ցաւերը կը պոռան. Է՜յ, ո՛վ մա՛րդ, կ՚ըսեն, պատմէ ան Արեւին, որ մենք անխոնջ աշխատաւորներ, մենք մեր տէրերէն աւելի քրտինք ու արիւն թափողներ աս դաշտերուն վրայ, բայց օր մըն ալ մեր հալալ վաստակին բաժինը տրուած չեղաւ մեզի: Սա ցորենի արտերը ու ան հաճարի բաժինները մեր ուժերովը հունձքի բերած ենք, բայց մենք անօթի անսուաղ մեր կաշին ու միայն մէկզմէկ լզուըռտելով կը բաւականանք, ըսէ, թող ան Արեւը քիչ մը մեզի ալ խորհէր, մենք ալ կեանք մ՚ունինք վերջապէս, որ սնունդով կրնայ ապրիլ միայն, մեզի մեր իրաւունքը գոնէ…

Անցորդը ասոնց ալ խօսք կուտայ կ՚անցնի անդին, կը տեսնայ ուրիշ բազմութիւն մը թշուառներու: Երկրին թագաւորը թունդ հրամաններ հաներ է որ այն լայն, ընդարձակ դաշտին կուրծքին հսկայ հողաբլուր մը շինեն իր գերիներուն անհամար շարքերը. պատուէրը այնպէս՝ որ անձնիւր բանւոր իր կրելիք հողին չափը ոչ ուրիշ միջոցով, այլ միայն իր զոյգ ափերուն մէջ բռնած պիտի փոխադրէ ցոյց տրուած տեղը. հրաման մը այնպէս որ շինաւելիք այդ հողէ բլուրը ամպերուն հասնող բարձրութիւն մը պիտի ունենայ եղեր, հրաման մըն ալ այլապէս, որ վերջը անոր ծայրին վրայ համակ միազանգուած ժայռով պալատի մը կառուցումը հնարաւորուի, այս վերջին պատուէրին մէկ ուրիշ ահաւոր մանրամասնութիւնն է թէ՝ հողը այն ինչ չափ հեռաւորութիւններէ փոխադրուելու ատեն, մէջը սա չափ քարի կամ մէկ աւազահատի հետքն անգամ չպիտի նշմարուի, հողը աչքի թարթիչներով պիտի մաղուի, ժայռն ալ ապա փորել կոփուելու պէտքով մը երկաթ մուրճին ու գչիրին տեղը ակռայ եղունգ պիտի գործածէ վարպետը: Հասկցա՞ր, ո՛վ անցորդ, հասկցա՞ր հիմա մեր ալ տառապանքին ահագնութիւնը, գնա՛, ըսէ ան Արեւին երկուք ըսէ, երեք ըսէ, վերջն ալ մեծ ձայնով մը պոռա ականջին, կը մեռնինք, մեռածներ ենք արդէն, դարերէ ի վեր ահա դեռ ոչ իսկ ան շինուելիքին հիմերը կրցած ենք պեղել, բայց արդէն այդ բացուածքներն ալ հազիւ մերիններուն գերեզմաններուն բացուեցին: Ու ո՛վ Արեւ, մտածէ որ բոլոր այս խոշտանգումները, բոլոր այս աժան զոհերը ու անիմաստ զոհաբերութիւնները հոն միայն մէկու մը հաճոյքին համար կը կատարուին, ըսէ՛, ա՛լ չենք կրնար համբերել: Մինչեւ հիմա տրտունջով չեղաւ բան մը, անէծքը չապահովեց յոյս մը, հայհոյութիւնով չի տեսանք փոփոխութիւն մը, այսօր կը բողոքենք ահա մեր ձայնին բոլոր ուժովը, վաղն ալ կարգը ուրիշ ձեռնարկի մը պիտի տանք, ան ատեն, վա՜յ անիրաւ ու անխիղճ գերեվարներուն…։

Անցորդը կը լսէ ասոնք ու իր մէջէն ալ լացող հոգիի մը մղմղանքը ունկնդրելով, ճանբան կը շարունակէ:

Մարդը այս նոր ճանբուն վրայ, սովորականէն աւելի թախծոտ ու յուսահատ կծկումի մը մէջ, բերան չի բանար երբեք, աջ ձախն ալ չի նայիր, կը քալէ առանց ամենեւին իր ոտքին տեղն ալ տեսնելու, իր ցաւը կամ իր հոգին հատցնող այն ինչ տեսակ վիշտերու ահագնութիւնը բաղդատելով հիմա իր տեսածներուն հետ, շատ պզտիկ կը գտնայ, պզտիկ ու նոյն իսկ հեգնոտ հանգամանքի մը մէջ, բայց կը քալէ, դեռ ատեն մըն ալ կը քալէ. անդին ահա նոր երեւոյթ, նոր մտմտուքներ: Անհուն ծաւալով աւերակ մը այս տեղը, ուր ծերուկ կին մը կռնակը կիսափուլ աշտարակի մը պատին տուած նստեր՝ աս ալ իր վայանքներուն մէջ կը ձէնոտի. մարդ մարդասանք չերեւնար իր շուրջը. ծունկերուն առաջքը կոտրտած բերանով կարմիր կուժ մը կայ միայն, որ պահ մը ճանբորդին մտածել կուտայ թէ՝ ջուրի սափոր մը պիտի ըլլայ, բայց ո՛վ գիտէ…։ Անցորդը ինքզինք քաշն ի քաշ այս կնկան կուշտին ձգելով, կը բարեւէ զայն մեղմով մը ու հալ խաթրը կը հարցնէ, կ՚ուզէ անոր ովն ու ինչը հասկնալ. այս անգամ ճամբորդը ինքն է, որ կը ցանկար իր այս հանդիպածովը հետաքրքրուիլ ու բաներ մըն ալ իր իսկ հարցումներովը առնելիք պատասխաններէն ըմբռնել, եթէ սակայն չի մերժուի անկէ, օ՜հ, չէ, ամենեւին, մօր շնորհքով ազնուական բան մը ունի ան, անուշ ընդունելութիւն մը նոյն իսկ, որուն շատը կարօտ, շատն ալ սիրազեղ գուրգուրանքի մը հոգեբանութիւնը կը պոռթկացնէ:

Դարերէ ի վեր ահա այս աւերակներուն փաթը, կ՚ըսէ, ես ալ այն քարերուն պէս քար մը եղած եմ, տղա՛ս, բայց իրաւ է նաեւ, որ ես ինքս ալ այն աշտարակին ու սա բերդերուն փլուածքովը գետնին հաւսրած աւերակ մը կը մնամ աս տեղը, այս ամայութիւներուն ծոցը, բայց ալ այնպէս կ՚երեւի, որ չպիտի կրնամ դիմանալ, հա՛, հարցումիդ կարճ պատասխան մը ահա, պիտի մեռնիմ վերջապէս, ես այլեւս անէծքի մը քարացումովը հոս չպիտի կրնամ մնալ ու մամռոտիլ. հաւատա, որ ես օր մը այն մայրն էի, որ բերան բացող աշխարհքը ինծի միայն երանութիւն կուտար ու պերճանքներս կ՚երգէր: Աստղերուն թիւովը զաւակներ ունէի, ծովի աւազներուն համրանքովը թոռներու ու թոռնորդիներու շարքեր մը մեծցուցի այս ծունկերուս վրայ: Անոնք ապա կտրիճ ժողովուրդի մը համբաւով դրացի ցեղերուն սարսափը եղան, այնպէս որ սա քաղաքին դուռներէն մանաւանդ մողէսն անգամ կարող չէր բնաւ համարձակ մուտք մը ընել: Տարիներ ու տարիներ համերաշխ միութիւն մը պահեցին մէկ մէկու հետ, մեծը մեծ, պզտիկը պզտիկ ճանչցան ու իրենց այս ընդարձակ բնակատեղին թշնամի ոտնձգութիւններէ ազատ պահելու արթուն խնամքով ու ջանքերով լեռներու ստուար թանձրութիւնով ամուր պարիսպի մը մէջ փակեցին: Ահագին բերդեր բարձրացուցին ամէն ուղղութեամբ, անոնց ամէն մէկուն մէջ սա չափ պատրաստ զօրք ու զօրապետներ տեղաւորելով, ես ինչե՜ր չունէի, ո՛վ անցորդ, սա աչքերս ի՞նչ փառքեր չտեսան, որոնք իմիններուս համբաւը աշխարհի հեռաւոր ծայրերը արձագանգ կը տանէին ու կեանքը ամէնուն համար ալ դրախտի համն ունէր: Բայց օր մըն ալ ահա, աշխարհք սա չափը շա՞տ մի տեսաւ ինծի ու իմիններուս համար, աս աւերակներուն մէջ բացի աչքերս, ու հարցո՛ւր թէ ի՛նչ ըլլար պատճառը պատճառը, իմ տղա՛ս, քեզի ալ ըսեմ, բայց կարճ պիտի ըսեմ, այս մեծ քայքայումին առաջին պատճառը ան միայն, որ երկու համարիւն աղբրտիք չուզեցին իրար հասկնալ. իրար բզքտելու կեցուածքի մը մէջ ծառացան իրարու դէմ, ան քովի գետը անոնց լերդ արիւնն էր, որ կը տանէր տարիներով, ելան ապա իրենք ձեռքերովը իրենց ամրաշէն, հոյակապ բերդերն ու դղեակները քակեցին, ու թողին որ մնացածը քովի բարբարոս ժողովուրդները լմնցնեն: Ան օրէն ի վեր չեմ գիտեր քանի՞ դարեր անցեր են. իմիններուս անմտութիւնն է, որ նստեր կուլամ: Շատերուն պատմեր եմ ցաւս, շատերուն շատ երկար ու մանրամասն պատմեր եմ: Հիմա քեզի ալ ահա, ո՛վ անցորդ, նայելով քու խոստովանութեանդ, Արեւին կ՚երթաս եղեր, գնա՛, տեսածը կորսնցնող կնկան մը տէրտերուն իրականութիւններէն ալ խօսիր ու հասկցիր թէ՝ դեռ վերջ չեկա՞ւ աս անողոք ճակատագրին, դեռ ի՛նչքան միս ու ոսկոր պիտի հալեցնէի հոգեհան այս սարսուռներուս մէջ: Այս քարերը անգամ մըն ալ իրարու վրայ չպիտի՞ դրուին, աւերակը ուշանա՞յ պիտի շինուելու, սա մեծ քաղաքը չպիտի՞ շէննայ, զաւակներուս ողջ մնացածները ցրուած աշխարհի չորս հովերուն՝ վերադարձ մը չպիտի՞ ընեն. լսէ՛, ես մայրն եմ ազնուական ցեղի մը, թող անգամ մըն ալ խնդայի, կը ներէի եղածին ու վերջը կը մեռնէի: Ես մայրն եմ ՀԱՅՈՒՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ, անունս ալ միտքդ պահէ: Իսկ այն սափորը որ կը տեսնաս հոն, անով ամէն օր արիւն-արցունք մը կը տանիմ կը խառնեմ մօտի այն գետի ջուրերուն: Այդ ջուրերն ալ Ախուրեանինը պիտի ըլլան, աս ալ միտքդ պահէ:

Անցորդը ա՛լ չկրնալով ինքզինք զսպել, կը փղձկի վայրկեան մը ու դժբաղդ այն մեծ մօրը հետ հրաժեշտի ողջագուրում կ՚ընէ, խօսք կուտայ, որ ինք աւելին խօսի ու պատմէ Արեւին, ինքն ալ որովհետեւ Հայ մըն էր ու արդէն իր Ազգին ցաւովն էր, որ Արեւելք կը ճամբորդէր:

«Մասիս», 1910։