Քրոնիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՀԱՅ ԳԻՐԻՆ ԶՈՅԳ ՄԵԾ ՏՕՆԵՐՈԻՆ
ԱՄԱՌԻՆ ՆՈՐ ԱՐՄԱՂԱՆԸ
*

Մեր փոքրիկ ակնավճիտ ծովակին արեւելակողմը, Մաստառի սլացիկ կատարին ու կողքերուն վրայ մեծ, շատ մեծ բազմութիւն մը մարդկային ամէն հասակէ ու դասակարգէ, ու ոտքի վրայ ամէնքը:

Ոտքի վրայ, սեղմ, իրարու հետ մէկացած զանգուած մը այնպէս, ինչպէս ծառի մը կամ քարաժայռի մը ծայրը դատող մեղուախմբին խիտ միաձոյլ կացքը:

Բազմութեան մէջ նշմարելի են դուրսեցի Հայեր ալ արտասահմանի իրենց տարազներով եւ շատ ուշագրաւ:

Ի՞նչ ըլլար այսպէս Նաւասարդի տօ՞ն մը արդեօք չեմ գիտեր. Հայ գիրին հարիւրամեակի, հազարամեակի հանդէսը՞ կարծէք չգիտցուիր. Դեղփեան կամ Սինայական պատգամներու նոր հռչակո՞ւմ գուցէ ո՛վ գիտէ:

Հայեր, ամէնքն ալ Հայեր եւ յիմարներ թերեւս, որ ամէն կողմերէ հոն հաւաքուած եկած են, կամ ծովը նետուելու յուսահատ իրենց երազներէն, կամ նոր համերաշխ գործակցութեան մը ամրապինդ ուխտովը ու երդումովը լերան ու արեւին վրայ, միտքերնին դրած ըլլան որ աշխարհ դղրդեցնող շրջում մը կատարեն նոր կեանքին վերջնական ձեւը ստեղծելով:

Այսպէ՞ս ուրեմն. օ՜հ, ես նորէն չեմ գիտեր բան մը, գուցէ ինքս ալ յիմար զառանցող մը, մտիկ ընենք, ձայն մը այն կողմէն որ… Ամառն Արեւն է խօսողը.

«Լսեցէ՛ք, լսեցէ՛ք.

Անգամ մը տարիներ առաջ, անգամ մըն ալ այսպէս մոռցայ, մթնցուցի ետեւս անապատ ու աշխարհ, այս մաքուր բարձրութիւններուն վրայ ձեզի հետ եղայ պահ մը, ձեզի իմ ծրագրած հարցումներս ըրի, կոչ ընելով, որ ուզողը դուրս գայ համարձակ ու ինծի որոշ ու վաւերական գիծերով իր գործած որեւէ մէկ բարութեան մասին իր ինքնարտահայտութիւնը ընէ:

Ան առաջին այցելութիւնովս յուսախաբուած մը չեղայ. էն վերջին առիթով գիւղացի խեղճ կին մըն էր յայտնուողը, հաւնեցայ անոր միայն, ու անմիջապէս խնամքը ունեցայ այդ մէկ հատիկ բարի գեղջկուհիին տալ ի՛նչ ունէի ձեռքս, ու անձկոտ շտապանքով ձեզմէ բաժանումս ըրի, երկար չկրնալով սպասել. ուզէի ալ, չպիտի կրնայի: Չպիտի կրնայի, որովհետեւ դուք ան օրերը ձեր բերաններուն հետ ձեր գրպաններն ալ կղպած՝ դուրս չէիք կրնար ելլալ, կամ թէ որ ելլայիք ալ, հազիւ ձեր ոտնամատերուն ծայրերը կրնայիք նշմարել, կամ՝ տեսնալ կապարէ այն ապարանջանը միայն որ օրուան անէծք կառավարութիւնը հայրենիք դարձողներու դաստակներուն կապկապած ու կնքած ալ, զանոնք անգամ մըն ալ, որպէս ոճրագործներ, այդ նշաններով երկրէն վտարելու բռնական կամք մը հռչակեր էր:

Այսպէս էին ան օրերը, տեսայ, ի՛նչ սեւ իրականութիւններ տակաւին, հիմա պէտք չունիմ վերյիշելու. դուք աւելին գիտէիք արդէն, միայն թէ այս անգամ ալ ինծի համար պակաս տխրեցուցիչ չեղաւ այն որ աս նոր ճամբորդութեանս ընթացքին, երբեք միտքէս չանցածն էր որ տեսայ:

Ճամբուս վրայ, այս անգամ, անշունչ, անլեզու բաներն ալ իրենց մտահոգութեան ու սեւ թախիծին մէջ, մարդու պէս ու ճիշտ մարդերու ցաւոտ շեշտերով սիրտ բզքտող պատմութիւններ կախեցին ականջիս, որ չի կրցաւ չի լսել. ես բնական է որ ոտքերու տակ ապրող պզտիկ խեղճութիւններուն ալ իմ հոգիէս տաքուկ գորով մը բաժներ եմ միշտ:

Չի լսէի՞, չի լսէի՞, երբ փոքրիկ մրջիւններ պոռացին եւտեւէս. «Աս ի՛նչ ցաւ, աս ի՛նչ տնաւեր աղէտ, քանի՛ քանի՛ տարի կայ որ չորս եղանակներն իսկապէս սառ ձմեռ կ՚անցնին մեր բոյներուն վրայէն: Ալ մեր շուրջը արօրը չի ճռնչեր, բանուոր մշակին երգը չի լսուիր հիմա: Երբէ՞ն ի վեր է որ լքուած անմշակ արտերուն կուրծքին փշուր մը հացհատին կարօտովը կ՚աղնծուինք, Տէր Աստուած:

Դաշտին վերը վարը սրափուշն ու տատասկը բռներ են, ասոնց հետ դեռ կաղչնան ու բողկէկն ալ տեղ գրաւած մեզի մեր սովորական հունձքը չի տալէ զատ, միշտ ալ մեր աշխատութեան ու թափառումներու պահուն, մեր ոտքերը կը բզկտեն։

Եւ իրաւ որ սա աչքերովս տեսայ թէ՝ անոնց բոյներուն քովերը ի՛նչպէս շատ մը անօթի մեռածներ իրենց հլունիկ գլուխնին կուրծքերնուն ծալլած, պարոյկի մը ձեւին մէջ, անսնունդ թփչորուած տերեւներու մղեղներով ծածկուեր էին: Իսկ ողջերն ալ անոնց արանքը ու հեռուները նոյնչափ արգահատելի իրենց կարկամ ու թաւալգլոր շարժումներով, զբաղուեր էին մեռած ընկերներու մարմինները բոյնին խորքը փոխադրելու:

Երբեմնի իրենց հաւաքական խանդավառ ջանքերը ցեղին գոյութեան սիրով, հիմակ բոլորովին թողեր, եւ ճարահատ՝ թաղմանական գործի մը հետ փոխանակեր էին:

Խե՛ղճ, խե՛ղճ…

Խեղճ նաեւ դաշտամէջի առուակը, որ իր նիհար մկաններով, ա՛լ յոգնած յուսահատ ճամբորդ մը՝ ամէն քայլափոխի կը կանչէր ետեւէս. «Կամ տէրս տուէք, կամ տեղս ըսեք»:

Կ՚անդրադառնամ, եւ շա՛տ արագ, հոս աս առուակը, այն կողմ իրեն պէս ուրիշները կորսնցուցած շատոնցուընէ իրենց ճշգրիտ տեղերն ու տէրերը, խնամոտ բարի հողամշակը, ու արտերը բեղուն՝ արգաւանդ ծոցերով, հոս անմիջապէս աւազունքներէն կը հատնին, կը կմախանան, հոն կ՚երթան կորդ խրամներու լայն պատառուածքներուն խորքը թաղել իրենց աղկաղկ հեգութիւնը, խե՛ղճ, այո՛, առուակին, աղբիւրներուն վիճակն ալ խեղճ:

Կը քալե՜մ, կը քալե՜մ: Դէպի հարաւ անտառուտ լեռան մը ստորոտը գեղին պատանի նախրորդը առջեւս յանկարծ: Մենաւոր նշենիի մը ստուերին տակ նստեր ինքն ու ինքը միայն, աջ սրունքին վրայ մինչեւ ոտքին վերջածայրը կանանչ ջղախոտի տերեւներ վիրակապ կը յարմարցնէ՝ թթենիի կեղեւն ալ չուանի ծառայութեան մէջ դրած: Վիրաւորուեր է. արին, արին վրայ գլուխը, ու դեռ գետնին երեսն ալ շառայլ ցատքեր, փոքրիկ խճաքարերը կիսկռտուած ստեպղիններու գոյնովը երանգուած են. եթէ կ՚ըսես, արընէ անձրեւ մը չէ հոս տարափուածը, անպատճառ եզ մը կամ գոմէշ մը մորթուած ըլլալու է: Նախրորդը անկասկած որ Հայու ձագ մըն էր, զիս երբ իր դէմը տեսաւ, կ՚աղաչեմ, օգնէ, հծծեց, վրաս յարձակողները երկուք էին, ես չի կրցայ դիմադրել, զէնքերս տունը մոռցած, աս առտու լոկ ճոկանով մըն էի դուրս ելեր, ու ահա հետեւանքը անհոգութեանս:

Բայց է՛հ, այո՛, աւելցուց, գիտեմ ինչ կ՚ըսես. նա դէմի գեղէն էին, կրնամ անուններն ալ ըսել, աջ սրունքէս մինչեւ ոտքիս ծայրերը դանակի հարուածներով կծկծելէ յետոյ, մէկը ոչխարներս քշեց տարաւ, միւսն ալ՝ ինչ վրաս ունէի:

Հացիս ծրարին հետ գտակս ու տրեխս ալ տարին, ճիշդ ճիշդ կաղամբ կեղուեցին տարին: Մնացածը վրաս, ինչպէս կը տեսնաս, սա արնաթաթախ շապիկը ու շապկընկերը մինակ:

Անօրէննե՛րը, իմ գոնէ թանկագին սրինգս ձգէին ինծի, ես ձեռքովս էի շիներ, բերանամասին վրայ ալ նշանածիս անունը փորագրած: Ըսէ, ո՛վ Արեւ, յարեց վերջին մըն ալ, դուն որ էն վերեւի երկնուց ելեր կը ճամբորդես, խապար մը, խապրիկ մը ինծի, Աստուած կա՞յ հոն, ի՛նչպէս է, կ՚ըսեն հիմա անորն ալ մեր Տէր Ղուկասին պպճած աչքերն են եղեր, կը նային ու չեն տեսնար:

Հոս կ՚ուզեմ որ պահ մը իմ աչքերս ալ չտեսնան: Կը քալեմ, քիչ մը աւելի արագ փարտելով ոտքերս. կը փոխուի տեսարանը:

Եփրատի եզերքներէն ոչ շատ հեռու, գետնէն հազիւ թիզ ու կէս վեր դեռ փլփլուկ հողզանգուածներ որ հայ գեղի մը տուները պիտի ըլլան, տիրական դրացնութիւնովը այն միւսներուն՝ պէկին ու ղօլամին խօնախներուն, որ գեղին վերօքը հոյակապ բարձրութեան մը մէջ, իրենց անանուն գերիներու շարքերէն պաշտուելու լիրբ կեցուածք մը կը խորհրդաւորէին, ես՝ այդ անանուն գերին ու պաշտուող տէրերն ալ քով քովի աս աչքերովս տեսայ:

Հայ խրճիթներու անմիջապէս առաջքը պտղատու հաստաբուն ծառներ արմատներէն խլուած, գետին նետուած էին. դեռ կանանչ ու թարմ ոստերով ամէնքը, գրեթէ ամէնքը, որ բռնօրէն խողխողուած մարդերու պէս եղերավերջ ճգնաժամի մը մէջ կը հեւային կը հռնտային փչող հովերուն ու թուրք լամուկներուն. ի՛նչ ալ ըլլայ այսպէս, կը հարցնեմ անոնց մօտը ու մէջերը թափառկոտող կնկան մը, որ սեւերու մէջ ծուարուն՝ իր քովէն քնարէն կախուած քուրջի կտորներն ալ նոյնքան անհամար՝ ու ինկած ծառներուն տերեւներէն ալ շատ, աչքը անոնցմէ չէր զատեր, կը նայէր մէյ մը սպաննուած ծառներուն, մէյ մըն ալ գող հաւին ու թուրք լակոտներուն վայրագ ապշոպումներուն:

«Ի՞նչ այսպէս էտ ծառները, իմ աղբա՛ր, պատասխանեց կինը, եւ՝ ուրիշներ տակաւին, որ ձգուած պիտի գտնաք բոլոր տուներուն առաջքը, ամէնքն ալ մեզի պէս տնուորներու կերը սնունդը հայթայթող մեր բանուոր տղաքը ըսել էին. հոս իմս են սըւոնք, այն միւսներն ալ ուրիշներու կը վերաբերին: Տարիներու արիւն քրտինքներով ժմնցուած Հայուն մալ ամէնքը, որ այսպէս կը կտրուին, կը ջարդուին ափաշկարա տաճիկ պէկերու կողմէ, երբ ատոնք ալ հիմա իրենց բոլորտիքը ջարդելիք ջնջելիք Հայ չեն գտնար:

Շատը իրենք կերան հատցուցին, շատերն ալ բոպիկ գլխիբաց ելան հովերն ու ծովերը փախան. զիս շատ մի՛ խօսեցներ. դուն միայն ան ըսէ, թէ՝ Աստուած կա՞յ վերը, մեզի կը հաւտցնեն որ էս զալըմ անօրէնները վերի Աստուածն ալ զարկեր մեռուցեր են, շիտա՞կ է էսի, դուն ալ կ՚ըսե՞ս էսպէս»: Այս կինը երկար չի լսելու համար իսկոյն կը գոցեմ ականջս ու շուտով մը ճանբաս ափ կ՚առնեմ:

Կը քալեմ, ու դեռ ինչե՛ր, ու ովքե՛ր այսպէս, որ լացը պուկերնին՝ ընդոստ ինծի կ՚ընդառաջէին իրենցմէ անպատճառ, իրենց դեռ բնաւ արեւ ու աշխարհ չի լսած կրակ ցաւերու նոր տեսակները նետելով ականջիս:

Խոստովանիմ թէ՝ այս անգամ ես ինքս ալ չի կրցայ զսպուիլ, լացի, բայց որպէս զի իմ արցունքներէս ալ նոր կրակ ու կայծեր չի տարափուին անոնց մեռած արդէն յոյսերուն վրայ, մտայ մութ ամպերու ետեւը, գոռուն բարկաճայթ մեծ լացեր մը ըրի պոռացի, ճչացի ու իրաւամբ այսպէս որ՝ էն կուրցած Աստուածը կամ ականջովը հիմա լսէ օրհասուած այս երկրին կողկողանքները եւ կամ թէ որ միտքը իրաւ մեռնիլ դրած է, վար գայ անպատճառ ու հոս հայ գերեզմաննոցի խորքը ամնուի, ինք քիչ մըն ալ անձամբ հասկնալով թէ՝ հոս այս ծաւալուն տարածութիւններուն վրայ ինկող մեռնողները մարդկային փշրուած ոսկորներէ զատ ալ ինչո՛վ է որ կը ծածկուին ու իրենց գերեզմանները կը շինեն: Սպանդանոց մը ամբողջ երկիրը իր շառայլ երեսովը, որ ալ կաթիլ մը իսկ արիւն չի վերցներ:

Ու տակաւին աս չէ ամէնը: Նոր ի՛նչ պատահած ըլլայ: Այսպէս, խօսք մըն ալ այս անգամ, իմ գիշերային աղբօրս՝ լուսնակին ուղղեցի: Մի՛ հետաքրքրուիր, ըսաւ, չեմ կրնար յայտնուիլ, ես ալ կը մտածեմ այդ վարիններուն ու միշտ ամէն օր սեւ յուսահատութիւնը կ՚ըլլայ մէջս խորացածը: Երբ օր մը մտերիմ ժպիտ մը երեսս անոնց տանիքներէն կ՚անցնէի, ասկէ անկէ մինչեւ նոյն իսկ դեռատի աղուոր աղջիկներուն խբուած անկողիններուն ծալքերէն հազար ու մէկ գաղտ երազ ու անրջանքներ ծրարելով ճամբաս կ՚երթայի: Անոնք ու այնպէսները ինծի միայն կը վստահէին ինչ ունէին իրենց կուրծքին տակ, ես այդ բոլորին ալ հաւատարմօրէն ծառայելու իմ անպայման գորովիս մէջ, չէի մոռնար եւ այն մայրերը մասնաւորապէս, որոնք իրենց խարիպ զաւկներուն ըսելիք ապսպրելիք խօսք մը կ՚ունենային, կամ որոնք իրենց մէկ անխոստովանելի տէրտին լուռ լացը ընելով անկողիններու տակ, զայն տեղ հասցնելու միջոցը կը փնտռէին ու չէին գտնար, իսկ հիմա՛, հիմա՛

Հիմա ամայացած այն դաշտերուն չափ ու աւելի հայ տուներն ու տանիքն է, որ մէկացեր են յաւիտենօրէն քնացող ու լռող գերեզմաններուն հետ. հիմա հոն շէն օրաններու ճռինչն ու զուարթ ճլուըլտիւնները ամայասէր ծղրիթներուն հեղձիկ հեծքերուն հետ փոխանակուած՝ պահ պահ միայն ծերերու տնքոցներն են արձագանգուողները մեռնելու արձկուած անտէր գամբռերու անիծող կաղկանձներուն: Հիմա՜… մի՛ հարցներ, ճանբադ գնա, եղաւ վերջին խօսքը լուսնակ աղբօրս, ու ես բոլորովին վարանած, տրտում, իմ կրած հոգիիս մենութիւնը քաշեցի ետեւէս ճանբուն երկայնքին. բայց դեռ քիչ մըն ալ մտիկ տուէք:

Ես երբեմն խորապէս համոզուած մըն էի թէ՝ այս ցեղը, որ ՀԱՅ կ՚անուանուի, ինծի հետ ծնած ու ինծի հաւասար անմեռ արեւ մը պիտի ապրի. ա՛խ, հիմա ի՛նչ յիմար շեղում այսպէս, որ մնալով արդէն նշաւակ մը երկրի ամենակերպ չարիքներուն, խոշոր վճռական քայլով մըն ալ հիմա ինք ելեր կը դիմաւորէ իր անկումն իր իսկ ձեռքովը, ու ազգովին անձնասպանուելով հիմա:

Ճանբուս ընթացքին, ես բնաւ չի տեսայ որ երկու հոգի իրարու հետ աղբար ու ազգական խօսէին կամ համտէրտ դրացիներ համբուրէին մէկզմէկ. չի տեսայ ո՛չ գեղը, ո՛չ քաղաքամէջը ընտանիքներ, որ իրարու ընդդէմ դաւաճան լարուածքին վերջ տուած՝ մէկուն ձեռքը միւսինին մէջ տաքնար, կամ մէկը միւսին տեղն է որ վազեր առաջ կախաղանին, անձնուիրութեան սխրանքէն խելայեղուած: Չի տեսա՛յ, չի տեսա՛յ:

Դուք աւելին կ՚ընէք ձեզի ու տարօրինակը, որ ձեր օճախները մրեղցնելու կարմիր տենչանքէն տարուած՝ խորամանկ սպասանքներու մէջ կ՚ըլլաք, որ այն կողմէ հիւսիսակը փչէ ուժգնօրէն ու անմիջապէս հովերուն հրարծարծ շունչին տակ բռնկցնէք ձեր կրակները, դո՛ւք: Բայց՝ իրա՞ւ հաւատալ որ ամբողջ ցեղ մը այս խելառ ջղագար յիմարութիւնը բաժնած ըլլայ իր մէջ, որ ինքզինք բիւրաւորներ արժեցնելու իր գերազօր ճիգերուն թափովը ասպետ խոյանք մը կատարէր դուրսէն թէ ներսէն ապերասանուած այս կոյր ու յամառ մոլուցքներուն յաճախանքը կասեցնելով:

Չիկա՞ր այնպէս մը, կ՚աղաչե՛մ, պահ մը դուք արտայայտուեցէք ու ես ըլլամ լսողը: Ես ինծի ամենեւին թոյլատու չէի ըլլար՝ հաւտալու թէ պատմական մեծ ժողովուրդ մը կ՚ապրի տակաւին, եւ՝ որուն ինքս ալ դարեր ու դարեր անբաժան սիրահար մը եղայ՝ նայելով իր ազնուական ծնունդին հետ եւ իր պողպատ, ամրաշէն կազմին, ու այն եզական գիտակցութիւններուն մանաւանդ որ միայն իրենը եղան ու պիտի մնան մինչեւ վերջին աստղիկին անհետացումը, մեծ ժողովուրդ մը այսպէս, ինքն իր մէջը վերջնական ոճրադաւ համաձայնութեան զիջումը ըրած ըլլայ որոշումով որ ինքն իր ճակատագրին հետ տղայ խաղայ, ճիւաղ սատկի, ու սեւ անէծք մը քարանայ:

Օ՛ն, ուրեմն, ձեր մէջէն մէկը հիմա, որ շուտով ինծի կարելիութիւնը տայ հասկնալու, թէ տակաւին ի՛նչ միջոց ու հնարաւորութիւններ կան որ այս ազգը փրկելով միասին դուրսէն ներսէն ծայրայեղուած չարիքներու զահանդելի սպառնանքէն, անոր նոր կեանքի կամ նոր երջանիկ վերածնունդի մը յաջողութիւնը ապահովէին:

Դուրս եկէ՛ք, կը սիրէի լսել անգամ մըն ալ, դուք ի՛նչ ունիք. ի՛նչ հայեացք, ի՛նչ համոզում, կամ՝ նոր ի՛նչ հերոսական առաքինութեան մը ձեւը, որ ցանկացուածը կարելիացնելու դեռ վերջին հրաշքը ըլլար ու մխիթարէր զիս ալ որ կ՚ըսէի թէ՝ այս ցեղին հետ կարճ յաւիտենութիւն մը չէ որ ապրեցայ փոխադարձօրէն պաշտուած երկու սիրահարներու հրայրքոտ մտերմութեան մէջ: Ըսէ՛ք, ըսէ՛ք, ես իմ այս անգամի անգին Արմաղանս անոր ոտքերուն պիտի նետէի իսկոյն, որ պատիւը ընէր ինծի նոր ու աննախընթաց խելք ու անձնուիրութեան մը հաւաստիքը տալ, ու մէկ հոգին բաւական էր ու շատ արդէն, քանի որ գիտէք պատմութեան մէկ սագն իսկ ազգ մը փրկեց: