ԱՐՇԱԼՈՅՍ
Հառաչալիր
կանգնած
է
մռայլ
դարին
վրայ
Բազմակատար
մութը
մայրւոյն
ամբոխին,
Զի
լուրթ
շողեր
ցայգին
խորէն
կը
բղխին,
Եւ
կը
ծագի՜
կոյս
աւօտը
շափիրայ:
Վեհամրմունջ
աւիւնի
մ’պէս
կը
սուրայ
Սեւլիներուն
մէջ
մեղմ
հեւքը
սըղոխին.
Ա՜յգն
է,
կ’ըսէ,
խորհուրդին
քա՜ղցր
աղախին,
Ճաճանչագեղ
օրուան
անբիծ
ռահվիրայ:
Կարծես
աւօտն
այսօր
նըսեմ
այս
նոճեաց
Կ’աւետէ
գալն
այն
գերագոյն
տըւընջեան
Զոր
դոն,
ո՛վ
սիրտըս,
պիտի
զո՛ւր
տենչայիր:
Զի
անոնք
հե՛զ
են,
այս
հսկայք
ճգնազգեաց.
Եւ
իրենց
խոր
վերացման
մէջ
մշտնջեան՝
Ճշմարտութեան
գութին
վրայ
չեն
երկբայիր:
16
Դեկտ.
1906