Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

Նոճերն են, սեւ, միշտ հոն կանգուն, թանձրերամ,

Վաղանցութեանց զառիվերին վրայ յետին,

Լոկ Անանցին անդրհայեցման մէջ յոտին,

Խունկ մորմոքովն իրենց առլի յարաժամ.

Կնդրըկաբոյր մռայլովն իրենց սաղարթին,

Ու ’անաշխարհիկ պըտուղներով ռետնահամ,

Ամբողջ կարօ՛տ եւ էովին համասպրա՛մ,

Բոլորանուէ՛ր աստեղազարդ Ճշմարտին:

Եւ Սըխալին ըսպանդներուն կորըստեան

Մինչ կը դիտեմ փշամած դարվերն, անբարբառ,

Ուր Օրէնքին կըրօնքն այսպէս կը յառնէ,

Ո՜հ, կ’ըմբռնեմ թէ Ի՜նքն է կեանքն յաւիտեան.

Ո՛վ անվախճան Ճշմարտութիւն աղջափառ,

Ծառայներուդ մէջ նաեւ զի՜ս ընդունէ:


21 Նոյ. 1906