ԶԲՕՍԱՎԱՅՐԸ
7,
5.
Երբ
խաղալու
կուգայինք
այս
նոճեաց
մօտ
նոյն,
Կը
սիրէի
ես
զանոնք,
դեռ
տըղայ
թէպէտ,
Իրենց
մռայլէն
յանըզգայս
գըրաւուած
յաւէտ,
Ինչպէս
մարգն
ալ
կ’ըսքօղուէր
մեծ
շուքէն
մայրւոյն:
Անո՛նք
էին
հորիզոնն,
համր
ու’
ամենագէտ.
Հոն
կ’աւարտէր
ամեն
բան,
մեր
դաշտին
հանգոյն.
Ի՜նչ
վեհ
էին.
իրիկուան
մէջ
վարդոսկեգոյն՝
Հուր
արեւն
ալ
իրենց
ծո՛ցը
կ’իջնէր
անհետ:
Գորշ
շիրիմներ
անոնց
տակ
կային
հոս
հոն
ցից,
Ու
լըռութի՜ւն
դաղձնաբոյր,
եւ
ըսպառնալից.
Եւ
սեւլիներն
ի՛նչ
ահեղ
եւ
անդորր
էին:
Եւ
զի
չէի
այն
’տղոցմէն
որք
քար
նետելով
Կը
փորձէին
գլել
անոնց
բարձունքն
անխըռով,
Գուցէ
կ’ըղձա՜ր
սիրտս
ելնել
անոնց
հոգիին:
4
Սեպտ.
1907