Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶԲՕՍԱՎԱՅՐԸ

7, 5.

Երբ խաղալու կուգայինք այս նոճեաց մօտ նոյն,

Կը սիրէի ես զանոնք, դեռ տըղայ թէպէտ,

Իրենց մռայլէն յանըզգայս գըրաւուած յաւէտ,

Ինչպէս մարգն ալ կ’ըսքօղուէր մեծ շուքէն մայրւոյն:

Անո՛նք էին հորիզոնն, համր ու’ ամենագէտ.

Հոն կ’աւարտէր ամեն բան, մեր դաշտին հանգոյն.

Ի՜նչ վեհ էին. իրիկուան մէջ վարդոսկեգոյն՝

Հուր արեւն ալ իրենց ծո՛ցը կ’իջնէր անհետ:

Գորշ շիրիմներ անոնց տակ կային հոս հոն ցից,

Ու լըռութի՜ւն դաղձնաբոյր, եւ ըսպառնալից.

Եւ սեւլիներն ի՛նչ ահեղ եւ անդորր էին:

Եւ զի չէի այն ’տղոցմէն որք քար նետելով

Կը փորձէին գլել անոնց բարձունքն անխըռով,

Գուցէ կ’ըղձա՜ր սիրտս ելնել անոնց հոգիին:

4 Սեպտ. 1907