Նոճաստան

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԵՐԵԿՈՅ

7, 5.

Արեւն իջեր է արդէն նոճերուն ետին.

Կը ծաւալի վերն անբիծ իրիկունն աղւոր.

Եւ հիր ու հուր իր փաղփումն այնքան սուրբ է որ

Լոյսին թախիծն է կարծես, ու ժպիտը մութին:

Մըթնշաղը կը տիրէ նոճեաց սաղարթին.

Եւ ոպսիտէ կոներնուն ծալքերն հեշտոլոր

Կը յեռու նսեմ զմրուխտով մը խորհրդաւոր,

Մինչ աւելի կը սեւնան վիհերը չորս դին:

Հրաժե՛շտ այլ եւս տըւընջեան եւ ցայգին ողջո՛յն.

Ան է որ դաշն իր խաւարն ահա կը հեղու

Միաւորելու ամեն յոյզ անդորրին մէջ նոյն:

Ո՛հ, գա՛ր այսպէս մեծ գիշերն ալ երանաւէտ,

Գաղափարաց անթարշամ կեանքն ինձ շնորհելու,

Նոյնացնելով զիս ընդմիշտ Խղճմըտանքին հետ:

1 Յուլիս 1907