Նոճաստան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՑԱՒ

5, 7.

Ո՜հ, յաւէտ այսպէ՛ս են սեւ կարգերը նոճեաց,

Անշարժ ու մըթին, յուրաններու պէս պորփիւր.

Ո՛րքան խաղաղիկ են եւ որչափ անձընդիւր՝

Իրենց խստամբեր սեւեռման մէջ անդրհայեաց:

Սե՛ռն ու միատարր, եւ անխոտոր, անստերիւր,

Վեր կը կոթողին, դէպ անդրաշխարհ մ’աւետեաց.

Գերերկրեայ հոգիք, շըքեղօրէն այսրատեաց,

Կը վերաբերին մայր   աւարին լուսաղբիւր:

Ի զո՜ւր ես խորին թշուառութեամբ կը դառնամ

Նըկատել իրենց հըզօր աւիւնն անթառամ,

Ու վերամփոփման իրենց կորովը պըղինձ.

Զի մինչ կը սուզին նոճք Օրինա՜ց վիհն ի վեր՝

Ես, զո՛ւրկ նըսեհէն ընտրեալներուն երկնանուէր,

Կոյր սըխալներուն կալանաւորն եմ, վա՛յ ինձ:

12 Յունիս 1907