ՕՐՕՐ
5,
7.
Պատուհաններուս
վերեւ
ինչպէ՜ս
այս
գիշեր
Նոճերուն
հըզօր
սօսաւիւնը
կը
կոծի,
Եւ
ի՛նչպէս
կ’իշխէ
ամեն
նըւաստ
կսկիծի
Որմէ
խրոխտ
ու
մռայլ
այս
խիղճն
ի
զուր
կը
գարշէր:
Հանգչի՛մ
պահ
մը
հոս.
հեռո՜ւ
ինձմէ,
գձուձ
յուշեր.
Այս
ձայնը
խորունկ
դարման
ու
յոյս
է
ինծի.
ոնջ
միտքս
հեշտագին
կը
մարմըրի,
կ’առկայծի,
Կ’անդորրին
վախերն,
ու’
ամօթներն
ա՛լ
չեն
ճնշեր:
Գերեզմաննոցի
աղջամուղջէն
օրրավա՛ր
Մըրափե՛մ
ձեր
մօտ,
նո՜ճք
յամրածուփ
ու
խաւար,
Եւ
ձեր
շըշունջներն
ալ
քնարանիս
ցանկորդեն:
Կ’ուզեմ
ձեզ
լըսել,
ո՛վ
ջայլամարք
հաւաստի.
Եղերերգեցէ՛ք
այնպէս
իբրեւ
թէ
արդէն
Եկած
ըլլար
ժամս
հանգստեան
ու
կորուստի:
19
Յունիս
1907